Arpa Posted November 3, 2008 Author Report Share Posted November 3, 2008 Oh! Ben Zi Dor! Օհաննէս, գուշակեցիր նրայ իմաստը? Սա Հալէպա- Արաբ Անգլիերէն է: Յաջորդիւ կը պատմեմ: Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Johannes Posted November 3, 2008 Report Share Posted November 3, 2008 Oh! Ben Zi Dor! Օհաննէս, գուշակեցիր նրայ իմաստը? Սա Հալէպա- Արաբ Անգլիերէն է: Յաջորդիւ կը պատմեմ: Bayn «միջեւ» the door ? Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Arpa Posted November 3, 2008 Author Report Share Posted November 3, 2008 (edited) Bayn «միջեւ» the door ? Լաւ գուշակեցիր: === Այս առաւոտ երբ իմ տան մարգագետնի խոտերն էի սափրում, մի խօսք էր սավառնում իմ գլխին: Այսօր Նոյ 3 մի քիչ ուշ է խոտ սափրել մեր աշխարհին, ընդհանրապէս մենք պիտի ձիւն բահէինք: Մարգը ծածկուած էր աշնանային տերեւներով: Պատշաճ կերպը, այդ տերեւները հաւաքել եւ տոպրակի մէջ զետեղել, բայց ես որոշեցի իմ խոտ սափրելիք մեքենան գործ ածէլ, քանի իմ կեամքը աւելի թանգ է քան այդ մեքենայի արժեքը: Եւ մի խօսք պտտուեց իմ գլխին: “Մամը քունի մեքենայ“!! Պատմեմ: Մի ժամանակ, Հլէպցի Իսլամ Արաբ յառաջասէր Նուրի ն, որ երկայնահասակ, խարտեաշ եւ պերճ երեւոյթ ունէր, որոշել էր լուսանկարչական արուեստը սովորել: Անշուշտ, այն օրուայ բոլոր դաստիարակները Հայ էին, եւ ի միջ այլոց Հայերէնլէզուն սովորել: Բանականօրէն նա պիտ սկսեր այդ արուեստի յատակին, Սեբիլի սիւրպրիզ նկարիչ, paparazzi , որտեղ նաեւ սովորում էր Հայերէն: Նրայ առաջին խօսքն էր “Մղրատըն տուր Մկրատը տուր” եւ ինչպէս մենք բոլորսսովորինք այ լեզուներին ամենաստորին ը “Մամը քունի մեքենայ” : Երեւի մի օր նա կանատես էր եղել երկու paparazzi ների վէճին եր մին իր լուսանկարչական մեքենան շարժել է զարկել միւսին, եւ երբ մին ասել է “Մեքենային մարը քունեցիր”, Միւսը պատասխանել է “Մամը քունի մեքէնայ” It took me a while to decipher it…. “OH! Ben Zi Dor” Is the Arabo_English way of saying “ Open the door”. As there is no P in the Arabic and the TH (as in THE) is lazily pronounced as Z, just as those idiots pronounce the name Qaddafi of Lybya as Ghazzafi.. Edited November 3, 2008 by Arpa Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Arpa Posted November 3, 2008 Author Report Share Posted November 3, 2008 (edited) Bayn «միջեւ» the door ? Այո, բայց այս պարագային նա պիտի լիներ "Open the door". Միաժամանակ Նուրին փորձում էր Անգլիէրէն սովորել իր Արաբախոս ուսուցիչներէն որք չգիտէին P ի եւ B, կամ TH ի եւ Z ի միջեւ: Քանի Արաբերէնում P չգոյ է, այլ B. Is that why in the Armenian some will say Parev and others Barev instead of BareW V instead of W as there is no W in either Arabic, Persian or furkish.? Is there W in the Armenian language? You bet! How about Douwin/Դուին instead of Dvin/ Դւին/Դվին? Edited November 3, 2008 by Arpa Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Johannes Posted November 3, 2008 Report Share Posted November 3, 2008 Քաղաքակից արաբներս, երբեմն կը սիրեն ԱԽԲԱՐ «եղբայր» բառով դիմել մեզ, դիւրահունչ է, քանզի արաբերէն իմաստ ունի («լուրեր», "news"): Բայց ընդհանրապէս. դիմելաձեւը Baron "mister" բառով է... վատ չէ: Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Johannes Posted November 3, 2008 Report Share Posted November 3, 2008 (edited) Is there W in the Armenian language? You bet! How about Douwin/Դուին instead of Dvin/ Դւին/Դվին? Անշո'ւշտ գիտես. մեր նախնիք ունեցած են: Եթէ մեր չարտասանած տառերը ջնջենք Այբուբեբէն, 20 տառի կ'իջնէ գումարը (օրինակի համար): ՅԳ.- Արփա՛, խօսքը մեր միջեւ, կարօտե՞ր ես ծննդավայրդ: Եկո'ւր: Edited November 3, 2008 by Johannes Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Arpa Posted November 3, 2008 Author Report Share Posted November 3, 2008 (edited) Քաղաքակից արաբներս, երբեմն կը սիրեն ԱԽԲԱՐ «եղբայր» բառով դիմել մեզ, դիւրահունչ է, քանզի արաբերէն իմաստ ունի («լուրեր», "news"): Բայց ընդհանրապէս. դիմելաձեւը Baron "mister" բառով է... վատ չէ: Ինչ պատահեց Քրտո -Արաբերէն ԽԱՅՅՈ / իմ/ քո/նրան եղբայր բառին? Այո, նաեւ յիշեմ որ տեղացինէրը նրանց Հայ բարեկամներին ԲԱՐՈՆ/Պարօն/Baron կոչէին: Edited November 3, 2008 by Arpa Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Johannes Posted November 3, 2008 Report Share Posted November 3, 2008 (edited) Ինչ պատահեց Քրտո -Արաբերէն ԽԱՅՅՈ / իմ/ քո/նրան եղբայր բառին? Այո, նաեւ յիշեմ որ տեղացինէրը նրանց Հայ բարեկամներին ԲԱՐՈՆ/Baron կոչէին: Ամենասովորական բառն է խայյո-ն, որ հալեպցիները զանազանէ մնացեալ սուրիացիներէն: Ներսի թաղերու հալեպցիները այդ բառը խաայ կ'արտասանեն, լիբանանցիները՝ խայյի: Ուրֆացի հայերը «պապ» բառով կը դիմէին, որ հիմա կարծես ընդհանրացաւ մեր մէջ: «Ինչպէ՞ս ես պապ» խօսքով որեւէ մեկուն (արական սեռի) կարելի է դիմել: Հիմա եթէ գրեմ պիտի ջղայնանաս... մոդա է փաշա բառը: Ես ալ կ'անհանգստանամ: Արաբները՝ «Մարհաբա բաշա», հայերը՝ «բարեւ փաշաս» ձեւով կը դիմեն այժմ: Edited November 3, 2008 by Johannes Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Arpa Posted November 3, 2008 Author Report Share Posted November 3, 2008 (edited) Անշո'ւշտ գիտես. մեր նախնիք ունեցած են: Եթէ մեր չարտասանած տառերը ջնջենք Այբուբեբէն, 20 տառի կ'իջնէ գումարը (օրինակի համար): ՅԳ.- Արփա՛, խօսքը մեր միջեւ, կարօտե՞ր ես ծննդավայրդ: Եկո'ւր: Ոչ: Չեմ կարող,եւ ոչ ալ փափաքիմ, ոչ թէ միայն որ ես ալ սրտակից ազգակից չունեմ այդ տեղ, եւ իմ ծննդավայրը աւերացուել եւ անճանաչելի է դարձել, նաեւ որ ես Նասերական "Ուահտայ" ի փախստական եմ: Edited November 3, 2008 by Arpa Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Johannes Posted November 15, 2008 Report Share Posted November 15, 2008 (edited) Անսալով Արփայի խնդրանքին. նշանաւոր հալեպահայերու վերաբերեալ տեղեկանք տալուն, կ'արձանագրեմ ներքոյիշեալ յօդուածը, որ կը վերաբերի գրող եւ ուսուցիչ Արմէն Անոյշին: Հպարտութեամբ կը կրենք մեր ազգի հանդէպ գործուած ոճիրը, որ անպայման կը դառնայ ապագայի յաղթանակներու խթանիչ ազդակ: Յովհաննէս «ԱՐԵԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՎ» Վիգէն՝ որդի Արմէն Անոյշ Մարաշլեանի, գեղեցիկ գաղափարը յղացած է իր հօր«Արեան Ճանապարհով» յուշագրութիւնը հրատարակութեան տալ երկրորդ անգամ ու իր եղբօրը հետ ու հարազատին այս հատորին հրատարակութիւնը նուիրած է Սուրիահայութեան, ոգեկոչելով անթառամ յիշատակը իրենց հօր՝ Արմէն Անոյշին, մօր՝ Ժորժէթ Մարաշլեանին, որ օրերս կնքեց իր մահկանացուն 83 տարեկան հասակին եւ վաղամեռիկ արկածահար քրոջը՝ Նորային, որ բժշկուհի էր։ Իր այս նախաձեռնութեամբ, Վիգէնը որպէս բանաստեղծ եւ արձակագիր իր հօր, գնահատելի գործ մը կատարած է։ Այս տողերը գրողը Արմէն Անոյշը մօտէն չէ ճանչցած, բայց իր նախակըրթական ուսման օրերուն, երբ կ՚ուղղուէր դէպի Հալէպի Ճտէյտիէ թաղամասի Կիւլպէնկեան Վարժարանը, յաճախ կը հանդիպէր անոր, երբ ուսուցիչ Արմէն Անոյշը կանգ առնելով Հայկազեան Վարժարանի դրան առջեւ, կը զրուցէր իր աշակերտներուն հետ. այս էջը ստորագրողը հետեւելով ուսուցիչին խօսակցութիւններուն կը հաստատէր, որ բարեմոյն մարդ մըն է այս կարճահասակ ակնոցաւոր պարոնը, որ բարոյական ու հայրենասիրական ոգեշունչ խօսքեր կ՚արտասանէր իր աշակերտներուն՝ զինավարելու համար զանոնք ազգային ոգիով։ Արմէն Անոյշը ծնած էր Ուրֆայի մէջ 1907 թուականին ու մահացած վաղաժամօրէն 1958-ին, Հալէպի մէջ։ Վաղազրու կեանք մը, որ եղած է ամբողջական նուիրում հայ դպրոցին ու հայ մշակոյթին, որուն ծառայած է իր ողջ ունեցածովը որպէս բանաստեղծ ու արձակագիր։ Կը յիշեմ կարդացած ըլլալս Արմէն Անոյշի «Այրուած Քաղաքի Մը Պատմութիւնը» վէպը, նուիրուած՝ Ուրֆայի հերոսամարտին, ուրկէ կը փայլէին հերոսական դէմքերը Մկրտիչ Եօթնեղբայրեաններու, Յարութիւն Ռասթկէլէնեաններու եւ Մարոներու իրաւ հերոսութեան մղելով այդ օրերու, ինչու ոչ նաեւ մեր օրերու սերունդները։ Իր երկրորդ կեանքին կոչուած այս հատորը՝ «Արեան Ճանապարհով», նորութիւն մը չէր ինծի համար ու վերստին ընթերցում մը ցանկալի մանաւանդ որ գիրքը կը բացուէր բանաստեղծ Մուշեղ Իշխանի յառաջաբանովը, գրող մը, որ ինչպէս Արմէն Անոյշը, իր կեանքին կարեւոր տարիները անցուցած էր Սուրիոյ մայրաքաղաք՝ Դամասկոսին մէջ։ Մուշեղ Իշխանը Դամասկոսէն կը մեկնէր Կիպրոս, իր հայեցի դաստիարակութիւնը շարունակելու համար Նիկոսիոյ Մելքոնեան Կրթական հաստատութեան մէջ, իսկ Արմէն Անոյշը կու գար Դամասկոս, դառնալու համար տնօրէնը Ազգային Միացեալ վարժարանին։ Ահա Մուշեղ Իշխանին վկայութիւնը վերի վերնագիրին տակ երեւցող գիրքին առաջին հրատարակութեան առիթով, ստորագրուած 28 Մայիս 1959-ին։ -« Արմէն Անոյշի «Արիւնի ճամբան» պատկերացնող այդ յուշագրութիւնը Արմէնի լաւագոյն գործը կարելի է համարել թէ՛ իբրեւ գրական իրագործում, թէ իբրեւ մեծ եղեռնի ամէնէն սրտառուչ վաւերաթուղթերէն մէկը»։ Յիրաւի, փաստաթղթային արժեւորումի հասնող սարսափի գիրք մըն է ինքնակենսագրական այս գործը ու վկայութիւնը նաեւ իր բոլոր սերնդակիցներու կեանքին, որոնք անցան արիւնի այս ճամբաներէն։ Խօսողը նոր ժամանած հազիւ պատանեակ մըն է, որ անկեղծ շեշտաւորութեամբ կը պատմէ նահատակութիւնը հարազատներու, որոնք թուրք ճանտարմաներու վերահսկողութեամբ, ենթակայ եաթաղանով, կացինով ու թուրով ոչնչանալու, վերապրելու տենչով կը քալեն ու կը քալեն անօթի ու ծարաւ հանդիպելով յափշտակիչներու թունալից վերաբերմունքին իրենց անցած ճամբուն վրայ, ճամբաներ որոնք մերթ կը բարձրանան բլուրներ, մերթ կը սուզուին կիրճերու մէջ միշտ հանդիպելով արհեստով ոճրագործ վոհմակներու։ Ամբողջ երկու օր Արմէն Անոյշին հետ, անոր կողքին ես անցայ այդ սարսափի ճամբաներէն, որոնցմէ օրինակներ պիտի ներկայացնեմ ձեզի. «Ու դեռ տեսայ կիներ ու այրեր, որոնք թէեւ անապատի դրոշմ ունէին իրենց դէմքերուն վրայ, բայց անոնց աչքերուն մէջ կը վառէր մեր ժողովուրդին իմացականութիւնը եւ անոնց կուրծքին տակ կը տրոփէր հայու անպարփակ սիրտը, որ կը բաբախէ բոլոր դժբախտ ու զրկուած մարդոց համար»։ Այնքան մահեր կային տարագրութեան ճամբաներուն վրայ, անգերեզման մնացած մահեր, որ երբ հեղինակին մայրը կը մահանայ 1955-ի Յունիսին ու զայն Առաքելական Հայոց շարականներով կը տանին գերեզմանատուն, Արմէն Անոյշը կը գրէ. «երբ հողին յանձնեցինք իր սպառած մարմինը, «բախտաւոր կին» հեծեցին շրթունքներս, «տոկացիր, դիմացար, որպէսզի քու միջոցովդ գերեզման մը ունենայի ես, որովհետեւ մեռելներ շատ ունիմ, բայց գերեզման՝ երբեք»։ Խորունկ անկեղծութեամբ գրուած գիրք մըն է այս խաչի ճամբան, ուր ամէն օր, ամէն ժամ քստմնելի ոճրագործութիւններու զոհեր կը դառնան մանուկ ու ծեր, աղջիկ թէ տղայ, միշտ անխնայ վայրագութեամբ։ Կը շարժի կարաւանը մերթ շաչող խարազանի հարուածներուն տակ արագ, մերթ դանդաղ քալելէ ուժասպառ վիճակով եւ բոլոր անոնք, որոնք անկարող են քալել, կ՚իյնան ճամբուն վրայ մահ տենչալով։ Այս ճամբուն վրայ կը գրէ Արմէն Անոյշ.- «Մեր մանկութիւնը կանգ առաւ յանկարծ, շրջուեցաւ, ու մենք մէկ օրէն միւսը գիտակից տղաք դարձանք»։ Շուտով Արմէն Անոյշը կը կորսնցընէ իր հայրը, երբ վերջին անգամ, հայրը կը մօտենայ իրեն եւ «հօրս մատները մազերէս վար սահեցան, յանկարծ ոտքի ելաւ, բռնեց գլուխս, ուժով համբուրեց եւ արագ հեռացաւ։ Այլեւս չտեսայ հայրիկս, իմ անժըպիտ, բայց բարի հայրիկս»։ Ու կ՚աւելցընէ, որ իրենք դուրս ելան տունէն, այն տունէն, ուր ծնած էին իր հայրը, ինք, իր քոյրերն ու եղբայրները, իր մեծ հայրը, եւ «հօրենական տունս չտեսայ այլեւս։ Թշնամին կողոպտեց զայն ու քանդեց, տարաւ ամէն ինչ, նոյնիսկ յղկուած մարմարեայ գեղեցիկ քարերը»։ Քիչ էր այդքանը, տակաւին. «Առին՝ ինչ որ ունէինք եւ կացիններով սպաննեցին տասէն-տասներկու տարեկան բոլոր տղաքը»։ «Խելագարներու թիւը օրէ օր կը շատնար»։ Այս ընթերցումով մենք ո՛չ միայն դժոխքի մը այլ բազմանուն դժոխքներէ կ՚անցնէինք նահատակուողներու նման հեւալով, քրտնակալած, յոգնաբեկ կամ աւելի ճիշդը՝ ուժասպառ։ Արմէն Անոյշը կու տայ քահանայի մը տխուր մահը. «Տարիներ անցան։ Իմ արիւնոտ մանկութենէն վերջ ապրեցայ մթին պատանութիւնը մեր սերունդին, ճանչցայ մարդիկ, բարի ու չար, վեհանձն ու փոքրոգի, ճանչցայ գիրքերն ու անոնց ողբերգութիւնը, բայց երբե՛ք ես չկրցայ մոռնալ մագաղաթներէն յարեալ այդ ծերունի քահանան, անոր դողդոջուն շրթունքները, անոր սառած անկենդան նայուածքը, անոր խանձուած մօրուքը»։ Այս Ցեղասպանութեան մէջ խիզախ ձայներ եւս լսելի են. «Մեր ետեւէն՝ կանացի խրոխտ ձայն մը բացագանչեց յանկարծ. Թո՛ղ փլի թագաւորին թախթը, թո՛ղ աւերակ դառնայ անոր տունը, թո՛ղ... Վերջին բառերը խեղդուեցան յանդուգն հայուհիին կոկորդին մէջ, որովհետեւ սուրի հարուած մը երկուքի կիսեց անոր գանկը»։ Այդպէս էր։ Խանձուած երկու թթենիներ կը տեսնէ Արմէն Անոյշ. «Որոնց տերեւները վաղուց թափած էին, եւ մերկացած ճիւղերը կը դողդղային իրիկուան հովին առջեւ, ճիշդ մեզի նման»։ Հեղինակը կ՚աւելցնէ.- «Հարազատը չէր կրնար օգնութեան հասնիլ իր հարազատին։ Մայրիկը կը մոռնար իր զաւակը, ու բոլորը, բոլորը կը մոռնային զիրար»։ Արդեօք Դանթէի դժո՞խքն էր աւելի գեհենային, թէ հայոց պարտադրուած դժոխքը...։ Խոր դժբախտութեան մէջ մարդիկ երջանկանալ կ՚ուզեն.«Մենք քարայրի նման տեղ մը գտանք։ Խորէնը ջուր բերաւ։ Մայրիկը գիւղացիներէն ալիւր գնեց, շաղեց։ Քոյրս կրակ վառեց։ Խորէնը թիթեղի կտոր մը գտաւ։ Ու այպէս՝ մենք, Դեկտեմբերի այդ ցուրտ իրիկունը աշխարհի ամէնէն համեղ հացը կերանք»։ Համատարած դժբախտութեան մէջ բացառիկ դէպք։ Հեղինակին քոյրը ծանր հիւանդ է, մաշած, ոսկրացած.«Աստուա՛ծ, Աստուա՛ծ,- ըսաւ կրկին քոյրս,- ինչո՞ւ դեռ կը պահես զիս, կ՚ուզեմ հանգստանալ, հանգստանալ... Բայց մայրիկը ամուր գրկած էր զինքը»։ «Ես մահը տեսայ ու դուրս փախայ»։ Ու տակաւին.«Անձրեւոտ օր մը մեկնելու կարգը մեզի եկաւ։ Մեր կարաւանը հազիւ հարիւր հոգիէ կը բաղկանար։ Միայն հինգ էրիկ մարդ կար մեզի հետ, մնացեալները կիներ էին ու տասը տարեկանէն վար մանուկներ։ Հինգ այր մարդիկը նախապէս զատած են եւ, հեռուն, ծառին կապելով, ոչխարներու նման մորթած են, մանուկները թխմած են քարայրին մէջ եւ ծուխով խեղդամահ ըրած»։ նաեւ.«Անօթի եմ։ Ի՞նչ ընէ խեղճ մայրիկս։ Անշուշտ ինքն ալ անօթի է ինծի պէս, ինքն ալ անկարող է քալել, բայց կը քալէ զիս ալ քաշքշելով ետեւէն...»։ Ներսէսը մօր մը 12 զաւաներէն ողջ մնացողներէն միակն է, որ Արմէնին ձեռքէն կը խլէ հացը եւ բերանը կը լեցընէ։ Արմէնը կը յարձակի վրան, բայց երկուստէք մայրերու խորհուրդով կը համբուրուին, կը հաշտուին, խեղճը օրերէ ի վեր անօթի էր։ Մեռնող մայր մը կ՛ըսէ Արմէնին եւ իր մօրը.«Ես պիտի մեռնիմ, առ փոքրիկին համար (դրամ է) ու ցոյց տալով սափոր մը ու թաս մը։ Առէ՛ք, պէտք կ՚ըլլայ»։ Մահամերձի մը վերջին խընդրանքն էր այս։ Ներսէսն ու Արմէնը իրենց ճամբուն վրայ երեխայի մը դիակին վրայէն կը քալեն, երբ կը ստուգեն եղածը, կը շալկեն զայն ու փոսի մը մէջ կը թաղեն։ Ամբողջ շրջանը հայու դիակներով լեցուած էր։ Երբ պիտի բաժնուէին իրարմէ, Ներսէսը Արմէնին ըսաւ.«Դուն քու մայրիկիդ պիտի երթաս, ես մէկը չունիմ, ո՞ւր պիտի երթամ...» Արմէն Անոյշը կ՚ըսէ.«Պիտի չմեռնիմ, պիտի չմեռնիմ...»։ Պահեր կան, որոնց հաւատալ անկարելի է։ Արմէնին ձեռքը հաց մը կ՚անցնի։ Մօրը այն հարցումին թէ՝ ձեռքինդ հա՞ց է.«Գլուխս շարժեցի որպէս պատասխան եւ արագ-արագ սկսայ ուտել՝ վախնալով որ մայրիկս մէկ մասը կ՚առնէ ձեռքէս»։ Ի՜նչ ահաւոր երեւոյթ։ Ուրիշ անգամ մը.«Ես առի մայրիկիս հացն ու պանիրը, բայց իմ հացիս կէսը տուի իրեն։ Մայրիկս խնդաց ու կերաւ իր կէս բաժինը»։ Շատ էին նման դէպքերը։ Անօթին մօրը բաժինն ալ կ՚ուտէր, մինչ ան կը ժպտէր... Վերջապէս անվերջանալի այս դժոխքին մէջ բարի մարդոց ալ կը հանդիպին, որոնք անապատին մէջ աղայի մը ծառայութեան մէջ մտած հայ կիներ են։ Անոնք կ՚օգնեն Արմէնին ու հայ կառապան մը զինք անապատէն կը փոխադրէ Հալէպ։ Զինք Աքրամ կոչած էին։ Հայ կառապանը՝ Եղիան, կ՚ըսէ.«Աթնցի՛ր, Աքրամ, տե՛ս, դիմացդ Հալէպի հնօրեայ բերդն է»։ Աչքերս բացի։ Արեւի առաջին ճառագայթներուն տակ, հեռուն ցցուած էր քարէ վիթխարի զանգուած մը։ Մանկութեանս գիրքը կը փակուէր։ Կը վերջանար հին ճանապարհը, եւ իմ առջեւս կը բացուէր նոր ճամբայ մը»։ Վերջացա՞ւ արիւնոտ այս պատմութիւնը։ Շուտով հարիւր տարին իր լրումին կը հասնի, բայց այդ պատմութիւնը կը շարունակէ կոտտալ ամբողջ ժողովուրդի մը հոգիին մէջ։ Ես միայն երկու օր եղայ Արմէն Անոյշի գիրքին հետ, լոկ կարդացի, բայց ինքը՝ գիրքին հեղինակը տարօրէն ու տառապանքով ապրեցաւ եղեռնի այդ օրերը։ Այո՛, ուրիշ է լսելը, այլ է Ապրիլը... Բայց մենք պարտաւոր ենք երդնուլ՝ չմոռնա՛լ ինչ որ մեր մամիկներն ու պապիկները պատմեցին մեզի։ Ու չի բաւեր միայն չմոռնալը, երդնո՛ւլ, որ գուցէ ուշ, մենք, որպէս պահանջատէր, ընելու ենք մեր անկարելին, հասնելու համար մեր իրաւունքներու ձեռքբերումին՝ Արցախի օրինակով։ Վերահրատարակելով իր հօր գործը, Վիգէն Մարաշլեանը առիթ տուաւ բոլորիս, որ վերանորոգենք մեր պահանջատէրի ուխտը։ http://www.periotem.com/modules.php?op=modload&name=Subjects&file=index&req=viewpageext&pageid=3744 Edited November 15, 2008 by Johannes Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Arpa Posted November 16, 2008 Author Report Share Posted November 16, 2008 (edited) Please allow me to cross post the following Specifically see the story of Grigor Zohrab as told by Erwand Otian. http://hyeforum.com/index.php?showtopic=18547&hl http://hyeforum.com/index.php?showtopic=18078&hl --- See the rest here. http://mrzine.monthlyreview.org/zisser151108.html The opening lines of the book review, relevant to us, where the Baron Hotel is prominently featured. Too bad the author does not go into details of how the Armenian community of Aleppo contributed to the emancipation of the city, be it in education, the arts and the crafts and westernization in general. Also note that , perhaps the reason this review has made the news media maybe because it was written by someone connected to the TelAviv U. The author forgets that Agatha Christie of the Orient Express fame also slept at the Hotel. Keith David Watenpaugh. Being Modern in the Middle East: Revolution, Nationalism, Colonialism, and the Arab Middle Class. Princeton: Princeton University Press, 2006. xi + 325 pp. $37.95 (cloth), ISBN 978-0-691-12169-7. One of the great modern landmarks of the city of Aleppo is the Baron Hotel. The Mazloumians, a wealthy Armenian family of hoteliers, established this fixture on the city's main street at the beginning of the twentieth century. The story of the hotel from the time of its founding is, to a large extent, the story of the city of Aleppo in the twentieth century, as many of the period's most significant events occurred in or were otherwise connected to the hotel and its guests. It can, in fact, be viewed as a silent witness to Syria's transition from Ottoman rule to the French Mandate to Syrian independence and, finally, to the long rule of Hafiz al-Asad. Among the dignitaries who stayed at the Baron Hotel were Mustafa Kemal (Atatürk), who housed his staff in the hotel during the Ottoman Army's retreat from Syria, and Gen. Edmund Allenby, who took rooms in the hotel immediately after the British Army entered Aleppo in October 1918. Both Faysal I (during his brief reign as king of Syria) and T. E. Lawrence "of Arabia" resided in the Baron Hotel. Many other famous figures were its guests as well. Some years later, the presidents of Syria adopted the custom of staying at the hotel whenever they visited the north of the country. Al-Asad followed this custom during his first official visit to Aleppo as president of Syria. Thus, it is quite appropriate that Keith David Watenpaugh's Being Modern in the Middle East mentions the Baron Hotel in connection with several major junctures in the modernization of Aleppo and the emergence of that city's middle class, topics that stand at the book's thematic center. For example, Watenpaugh relates the story of a meeting between Gertrude Lowthian Bell and the Christian banker Nicola Homsi in 1905, shortly after the hotel's opening. According to Bell's own testimony, the Greek Catholic archbishop of Aleppo also joined the meeting. When Bell asked the two men what lay in store for their country, the archbishop replied, "I do not know. I have thought deeply on the subject and I can see no future for Syria, whichever way I turn."1 Watenpaugh also relates the story of Lutfi Fikri Bey, a deputy in the Ottoman parliament of Dersim and a supporter of those forces (the liberal entente) opposing the Young Turks' Committee of Union and Progress (CUP). During the parliamentary election campaign of 1912, Bey came to Aleppo, where he was greeted by a stormy demonstration organized by local CUP supporters. As a result, he took refuge in none other than the Baron Hotel. Edited November 16, 2008 by Arpa Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Johannes Posted January 29, 2009 Report Share Posted January 29, 2009 (edited) Ծանօթ.- Ստորեւ թարգմանաբար տրուած հայանպաստ այս յօդուածը կը պատկանի Սուրիոյ Մշակոյթի նախարար, Մեծայարգ Տիար դոկտ. Ռիադ Նաասան Աղայի գրիչին։ Հարազատ ու սրտաբուխ ոճով գրուած այս յօդուածը իր շահեկանութեանը համար կը ներկայացնենք ընթերցողներուն։ Նախարարական բարձր դիրքէ հնչող այս խօսքերը անկասկած մեր սրտերը հպարտութեամբ կը լեցնեն, մինչ մեր շրթները կը շշնչեն շնորհակալութեան եւ երախտիքի խօսքեր...։«Գանձասար» Հայերը իմ դրացիներս էին, երբ երկրորդականի ուսումնառութեանս շրջանին կը բնակէի Հալէպի Մէդան (Նոր-Գիւղ) թաղամասին մէջ։ Ես մեծ հիացմունք կը զգայի իրենց հանդէպ, կը հասկնայի եւ կը կարեկցէի իրենց ապրած մարդկային ողբերգութիւնը, որ նման էր Պաղեստինի ժողովուրդին ողբերգութեան։ Անոնք կոտորածներէ փախած ապաստանած էին Սուրիա, քսաներորդ դարու սկիզբը։ Սուրիացի ժողովուրդը ընդունեց զիրենք սիրով եւ հոգատարութեամբ եւ իրենց տուաւ ապահովութիւն, խաղաղութիւն եւ կայունութիւն։ Սկըզբնաւորութեան ապրեցան տխուր ու թշուառ կեանք մը, բայց շուտո՛վ վերականգնեցին իրենց կենցաղային եւ ապրուստի մակարդակը, շնորհիւ իրենց արհեստի մէջ ունեցած ճարտարութեան, այն աստիճան որ Հալէպի ժողովուրդը կը նախընտրէր հայ մեքենագէտը՝ ուրիշներէ։ Տեղին է յիշել՝ որ անոնք փայլուն էին բոլոր արհեստներու, նաեւ գիտական մարզի մէջ։ Մենք իրենց շնորհիւ ճանչցանք բժիշկներ, եւ անուանի ճարտարապետներ, ինչպէս նաեւ մեծ արուեստագէտներ եւ գրագէտներ։ Արաբական գաղթաշխարհի մէջ հայերու ունեցած դերը ուսումնասիրողը պիտի նկատէ, որ անոնք ուժեղ կերպով մասնակցեցան մեր ընկերային, գրական ընդհանուր զարթօնքին։ Անոնք հիմնեցին բազմաթիւ միութիւններ, ակումբներ եւ ստեղծեցին երգչախումբեր, թատերախումբեր։ Բնական է, անոնք Սուրիացի քաղաքացիներ են, եւ մեզի նման կը վայելեն քաղաքացիական բոլոր իրաւունքները։ Անոնք ներկայացուած են Սուրիական խորհրդարանին մէջ եւ իրենց զինուորական պարտականութիւնը կը կատարեն զինուորագրուելով Սուրիական զինեալ ուժերու մէջ։ Արաբական այս սրտբաց բարեացակամութիւնը ոչ արաբ համայնքներու հանդէպ՝ առանց զգայնոտութեան նորութիւն մը չէ, ոչ ալ մենաշնորհն է միայն Սուրիոյ։ Որովհետեւ մենք պատմութենէն կը յիշենք որ Եգիպտոսի մէջ առաջին վարչապետը հայ մըն էր, յանձինն Պօղոս Նուպար Իշխանի, Մուհամմադ Ալիի իշխանութեան շրջանին։ 19-րդ դարու վերջերուն, Պօղոս Նուպար Իշխանն երեք անգամ լիազօրուեցաւ եգիպտական կառավարութիւնը կազմելու։ Հակառակ անոր որ հայերը խիստ կերպով կը պահեն իրենց առանձնայատկութիւնները մշակութային, լեզուական եւ կրօնական, առանց որ մէկը այպանէ իրենց կառչածութիւնը հանդէպ իրենց ազգին եւ կրօնքին, նորէն ալ իրենց մշակոյթը դարձաւ մաս մը ընկերային այն գունազարդ ու պճնագեղ հիւսուածքին, որ կը ցոլացնէ եւ կ՚արտայայտէ այլազանութեան հարստութիւնը Սուրիոյ մէջ։ Հետաքրքրական է, որ հալէպեան երգերու (Կդուդ Հալաբէի) գահին բազմած Սաբահ Ֆախրիին յաջորդելու կը ձգտի հայ արուեստագէտ մը՝ Շադի Ջամիլ անունով ճանչցուած։ Այսօր Սուրիոյ մէջ ուժեղ ներկայութիւն են հայկական երաժշտական խումբերը, որոնք կը վայելեն պաշտօնական նեցուկ եւ ժողովրդային համակրանք եւ զօրակցութիւն։ Հայ եւ արաբ այս եզակի յարաբերութիւնները քաջալերեցին մեզ զայն պահելու եւ զարգացնելու Հայաստանի Հանրապետութեան նորահաս սերունդներուն հետ։ Հետեւաբար, մենք հրաւիրեցինք Հայաստանի Մշակութային Նախարարուհին, տիկ. Յասմիկ Պօղոսեանը, որ ազնուօրէն ընդառաջեց մեր հրաւէրին եւ բարձրամակարդակ մշակութային պատուիրակութիւն մը գլխաւորած, 2008-ի Նոյեմբեր ամսու վերջերուն՝ մասնակցելու «Դամասկոս, արաբական մշակոյթի մայրաքաղաք» հռչակումի առիթով տեղի ունեցող շքեղ տօնակատարութեանց։ Մեր բարեկամը՝ Դամասկոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մեծարգոյ դեսպանը՝ տոքթ. Արշակ Փօլատեան, որ հայ-Սուրիացի մըն է եւ բանասէր, որուն հետ ծանօթացած էին Աբու Դաբիի մէջ քանի մը տարի առաջ, երբ երկուքս ալ որպէս դեսպան, կը ներկայացնէինք մեր երկիրները, Սուրիական Մշակութային նախարարութեան համար պատրաստած էր գողտրիկ գիրք մը, որուն մէջ շատ ամփոփ ձեւով վաւերականօրէն ներկայացուած էր Հայ-Արաբ բարեկամութիւնը դարերու ընթացքին։ Արդէն իսկ այդ օրերուն ցուցադրութեան դըրուած հնագիտական իրերը, մանաւանդ Հայաստանի մէջ հատանուած Արաբ, Օմմայեան իշխանութեան յատուկ մետաղեայ դրամները, ինչպէս նաեւ «Հիջրի» թուականէն պահուած հազուագիւտ մագաղաթներ, մատեաններ։ Այս բոլորը վերյիշում մը եղան դարաւոր ջերմ բարեկամութեան, հայ եւ արաբ ժողովուրդներու միջեւ։ Քրիստոսի ծնունդէն դար մը առաջ, հայոց աշխարհակալ Մեծն Տիգրանի Կայսրութիւնը հասաւ մինչեւ Սուրիա եւ Պաղեստին։ Ապա Հռոմէացի զօրավար Պոմպէոս գրաւեց Հայաստանը եւ ենթարկեց իր իշխանութեան։ Արաբական-իսլամական արշաւանքները 850թ. (ք.վ.) մտան Հայաստան։ Այդ օրերու իսլամ ղեկավարները չստիպեցին հայերուն կրօնափոխ ըլլալ, այլ՝ յարգանքով եւ հասկացողութեամբ մօտեցան հայերուն եւ կապերը եւ ջերմ յարաբերութիւնը այն աստիճանի հասան, որ ըստ Պատմաբան պրոֆ. Վլադիմիր Պետրոսեանի, իսլամ արաբները աջակցեցան հայերուն եւ միասնաբար հիմնեցին հայկական թագաւորութիւնը (Բագրատունեաց Հարստութիւն)։ Դարերու խորքին ցանուած այս բարեկամութեան հունտերը կը բացայայտեն մինչեւ օրս երկարող հայ-արաբ բարեկամութեան եւ բարի կամեցողութեան պատմական ենթահողը։ Արաբ ժողովուրդի բարի վարքը քաջալերած է հայերը, որ հարազատ եւ սիրալիր կապեր ունենան Սուրիոյ եւ արաբական աշխարհի հետ։ Կ՚ենթադրեմ որ նոր սերունդի պարտականութիւնն է անցեալէ՛ն աւելի բացուիլ շրջապատի աշխարհին, որպէսզի աւելիով ջերմանան երկու բարեկամ ժողովուրդներու յարաբերութիւնները։ «Շուրուֆաթ» 29/12/2008 Արուեստի եւ Մշակոյթի կիսամեայ հրատարակութիւն Սուրիոյ Մշակութային Նախարարութեան։ Դամասկոս։ Թարգմանեց՝ Յակոբ Պէքեարեան http://www.periotem.com/modules.php?op=modload&name=Subjects&file=index&req=viewpageext&pageid=3900 Edited January 29, 2009 by Johannes Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Arpa Posted February 1, 2009 Author Report Share Posted February 1, 2009 Շատ հետաքրքիր եւ շահեկան գիր: Ես ոչ մի կասկած ունեմ նրայ անկեղծութեան: Հայերը իմ դրացիներս էին, երբ երկրորդականի ուսումնառութեանս շրջանին կը բնակէի Հալէպի Մէդան (Նոր-Գիւղ) թաղամասին մէջ։ Ես մեծ հիացմունք կը զգայի իրենց հանդէպ, կը հասկնայի եւ կը կարեկցէի իրենց ապրած մարդկային ողբերգութիւնը, որ նման էր Պաղեստինի ժողովուրդին ողբերգութեան։ Անոնք կոտորածներէ փախած ապաստանած էին Սուրիա, քսաներորդ դարու սկիզբը: Զարմանք? Զարմանք թէ մի «այլազգի» ապրել եւ մեծացել է Հայ Թաղ Նոր գիւղում? Ոչ! Արդեն իմ օրերին, Նոր Գիւղի հարաւային մուտքին, մի քանի մետր Սբ. Սահակ եկեղեցիէն մզկիթ կերտուեցաւ: Իմա, Նոր Գիւղի եւ Ճաբրիէի միջեւ, (մի այլ Քրիստոնեայ գիւղ/արուարձան), երեւի բաւական Իսլամներ արդեն կային: Քանի մզկիթներ կան նախկին Հայկական հիւղաւաններում? Չի մոռանալՍուլէյմանիէ** որ նախկին Հայ Թիթեղաւանն է: Ծիծաղելի: Երբ Նոր Գիւղ(եր)ի Հայերը շտապէին դէպի քաղաք (հանգիստ կեանք) չուել «քաղաք» ի Իսլամները շտապէին դէպի բաց եւ օդասուն (Հայկական) արուարձաններ: Վերի յօդուածում յապաւուած է սա: Ինչու? Օհաննէս, միթէ դու ալ կասկած ունես նրայ ծագման? «Հետաքրքրական է նաեւ որ Տորրետ Լահհամի ամենանշանաւոր երգը զոր երգեց իր սիրուհիին որուն մէջ կսէ «Ֆաթթում Ֆաթթումէ» , առնուած Հայերէն երգէ մը»:]/quote] Այդ երգը «Գարուն, Գարուն ,Գարուն է» ն է: Ցաւոք: Մի տասնեակ տարի առաջ, մեր դրացի համալսարաններու մի ռադիո յայտագրի ընթացքին թուրք գործիչը զայն ներկայացրեց եւ նուագեց իբր ազերի երգ, ազերի թուրք բառերով : Մի այլ ժամանակ ես հեռատեսում տեսայ մի իսրայելացի հրեայ նուագէ զայն իբր հրեական եղանակ* Ճշմարիտը որտեղ է? *Տեսթէ այդ երգի բառերը զուտ Երեւանեան չեն: Այլ Ստամբոլա-Հալէպա- Բեյրութա- Երեւանեան խառնուրդ: Շատ նման իմ«Հայերէն»ին: **Միթէ ժամանակ չէ որ այդ թաղամասը վերակոչուի մի Սուրիացի կամ Հայ հերոսի անուամբ քան թէ այդ օսման սուլէյմանին? ՅԳ: Լաւ չի հասկացայ Եգիպտական շարժապատկերի դերասաններուն նշումը: Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Johannes Posted February 2, 2009 Report Share Posted February 2, 2009 (edited) Ողջո՜յն, Ս. Սահակ եկեղեցւոյ մասին չեմ լսած: Այժմ Նորգիւղը (Մէդան) եւ Ջաբրիէն քաղաքի մէջն են: Նորգիւղ ուրիշ մզկիթ չկայ, իսկ Սուլէմանիէ՝ երբէ'ք: Ինձի կը թուի «Սուլէմանիէ» անունը տրուած է, ի յիշատակ «Սուլէման Ալ-Հալաբի»ի: Վերի յօդուածը կրճատեցի, քանզի «ֆաթթում ֆաթթումէ» երգէն աւելի շատ է մեծ ու տարողունակ է հայկական աւանդը: Իրողապէս անհանգիստ կզգամ, երբ մեր մշակոյթը կը ծանուցուի նման... Ա(ւե)տիս Հարմանտեանին պիտի հարցընել «գարուն-գարուն» երգի վերաբերեալ: Լիբանանցի Նելլին եւ մանաւանդ անոր մօրաքրոջ դուստր Լուբլուբա-ն, Եգիպտական շարժապատկերի աստղեր են: Edited February 2, 2009 by Johannes Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Arpa Posted February 5, 2009 Author Report Share Posted February 5, 2009 Ոմանք սա հնչեն Ջալալպինո եւ այլք, Իսպանախօսները - Հալապինյո Jalapeno http://www.northrup.org/Photos/fruit/low/jalapeno.jpg Aleppo pepper-Կարմիր Պղպեղ/ Պիպէր.This is what our mothers would fill or mouths with when we uttered taboo words. http://www.globalpalate.com/i/gp1205/tn_aleppo3can1.JPG In the English speaking world all of them are referred to as “pepper”, red pepper, green pepper, bell pepper, hot pepper, chili pepper etc. which, linguistically speaking is wrong as te “pepper” is the “black pepper”, biber/բիբէր, piper /(սեւ)պիպէր: Hot pepper-Տաքդեղ Literally- “hot herb/տաք խոտ, daele=դեղ= herb=medicine”. http://studio.neverside.com/download/15/Hot_Pepper.jpg http://www.evolvingappetites.com/assets/im...li_pepper_2.gif http://tinyfarmblog.com/wp-content/uploads...e_long_slim.jpg Solanacea- All the way from Tomato to tobacco , (not to forget Atropa Beladonna, Deadly nightshade)-Մորմազգիներ. How many of the following do we know the Armenian names? Սրանց քանիին Հայերէն անունները գիտենք? http://www.fotosearch.com/photos-images/solanaceae.html Մորմազգիներ Մահամորմ**, բանգի, հազազ, տաքդեղ, լոլլիկ, արջընկոյզ, կարտոֆիլ, ծխախոտ… **Տես Belladonna, եւ թէ ինչու այդ բոյսը այսպէս է կոչուել: ՅԳ Սիրելի Օհան, կարող ես սա ամբողջ կամ մասամբ զետեղել սա տեղ http://hyeforum.com/index.php?showtopic=18521 Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Arpa Posted March 8, 2009 Author Report Share Posted March 8, 2009 (edited) ՍԻՒԼԷՅՄԱՆԻՅԷ ՍԱԼԻՊԷ ՃԱՄԻԼԻԷ Գրադարանըս կը խառնշտէի, այնտեղ հանդիպեցի մի գրքի որ բոլորովին մոռացէլ էի, չեմ յիշեր ուր եւ երբ ունեցած եմ: Ռուբէն Քիւլխանճեանի “ՀՐԱՇԱԳՈՐԾ ԲՈՅՍԵՐ եւ ԿԷՆՍԱՆԻՒԹԵՐ” Սիփան տպարան Պէյրութ, 1998, գեղեցիկ գունաւոր պատկերազարդ: ** Հեղինակը երեւութապէս հալէպածին է թէեւ այժմ Պէյրութաբնակ, եւ երեւի ֆրանսախօս համալսարանի շրջանաւարտ, քանի բոյսերու անունները Հայերէն Լատիներէն եւ Ֆրասներէն են: Հետաքրքիր են Հայերէն անունները: Արժէ իր ուրոյն շարանը: Գուցէ անեմ յատկապէս: Գրքի "ՁՈՆ" ին Հեղինակը ասէ թէ իր հայր Սրեփանը Մալաթիա էր ծնուել ինչպէս նաեւ իր մայրը Սաթենիկ (ծնեալ Գալուստեան): Հեղինակը ասէ թէ իր հայրը արթուկիչի խանութ ունէր Ճամիլիէ, շնորհիւ այն օրուայ ածուխով տաքացուած արթուկի եւ իր «Տադլի Սէրդ» ծխագլանիկի վերջի օրերին թոքային ախտ «էնֆիզեմա /շնչահեղց» ունէր: Իսկ մայրը, որ ծնուել էր Կաթոլիկ տան մէջ, լիովին ընդունած էր Առաքելական համայնքը եւ ամեն Կիրակի պիտի անպայման քալեր Սիւլէյմանիյէն մինչեւ Սալիպէ (Քառասնից Մանկանց), եւ քանի նէ , մի արկածով խորտակած էր ներա ծունկի կափարիչը պիտի հենէր իր զաւկի թեվ թիկունքին: ** Հեղինակը բոլորովին մոռացել եւ անտեսել է Հայկական ամենաբոյժ Լօշտակը-Bryonia Alba: ՅԳ: Յովհան, միթէ Սալիբէ ի Հայերէնը "Խաչաթաղ" է? Edited March 8, 2009 by Arpa Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Johannes Posted March 9, 2009 Report Share Posted March 9, 2009 صليبة Սալիբէ՝ բառացի կը նշանակէ «խաչուհի», բայց հաւանաբար ժողովրդական արտասանութեամբ եղափոխուած բառ է: Պէտք է ըլլայ Սալիբի صليبي, որ կուտայ՝ «խաչակիր, խաչապաշտ, crusader» իմաստը, այսինքն այս պարագային՝ խաչաթաղ: Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Johannes Posted March 9, 2009 Report Share Posted March 9, 2009 Պաշտպանական նկատառումով, Մերձաւոր Արեւելեան քաղաքներու հին թաղամասերու փողոցները նեղ եւ դարձդարձիկ կառուցած են: Փողոցներու նեղութեան հակառակ՝ տուները ընդարձակ, ապրելու համարաւետ առանձնատուներ են: Այդպիսի տուն մը՝ Բեթ Ղազալէ, մեր նախակրթարանի շէնքն էր: Սալիբէ թաղամասի անմիջական դրացնութեամբ՝ նեղ անցքերէ հասանելի Ջըդեյդէ (Jedeide-Gedaydeh) թաղին մէջ կը գտնուէր դպրոցս՝ Հայկազեան վարժարանը: Ջըդեյդէ եւ Սալիբէ, ինչպէս նաեւ այլ թաղամասեր, հին հալեպի, քրիստոնէաբնակ թաղամասերն են: Տակաւին եւրոպական քաղաքաշինութեան կերպին չանցած, ու տակաւին Ջամիլիէ, Սուլէմանիէ, Համիդիէ, Ջաբրիէ թաղամասերը չկառուցուած (Օսմանեան վերջին ու ֆրանսական ժամանակաշրջաններուն (?)), այս նեղ թաղերուն մէջ կը բնակէին հին հալեպցի քրիստոնեաները: Երթեւեկը՝ այս հին փողոցներէն այժմ, տաժանք է, մեր մանկութեան ժամանակն ալ այդպէս էր, քանզի մարդոց երթեւեկի համար կառուցուած նեղ փողոցները գրաւուելով ինքնաշարժներով, վտանգաւոր է դպրոց յաճախող երեխաներուն համար: «Մայթ» հասկացողութիւնը պայմանական է: Autocar-ները, կը հանգրուանէին «Սահեթ-Ֆարհաթ» հրապարակը, որ Սալիբէ թաղամասին կը պատկանէր: Այդ հրապարակ կը մտնէին մեզ փոխադրող կառքերը, ինչպէս շիշի վիզէն կը մտնէ, հազիւ անոր փորին մէջ բաւած առարկայ մը: «Սահեթ-ֆարհաթ» հրապարակը տարբեր համայքներու պատանող մայր տաճարներու (cathedral) դիմաց կը գտնուի: Օրինակ ճակատինը՝ մարոնիներու մայր տաճարն է: Ու նեղ, կղկղանքի ու մէզի գարշահոտով յագեցած սալապատ փողոցներէն անցնելով, շարք-շարք կ’ուղղուէինք Ջդեյդէ, դէպի մեր դպրոցը: Այժմ պետութիւնը աւելի խնամք կը տանի, ու ջանք կը թափէ՝ տարածքը զբօսաշրջիկներու համար ցանկալի վայր դարձնելու համար: Խանութներու հին փայտեայ դուռերը եւ անոնց փեղկերը, վերի քիւերը նոյնութեամբ կը վերականգնին: Հին տուները ճաշարաններու կը վերածուին: Եւրոպացիք մեծ բաւարարութիւն կը ստանան այս ճաշարաններն այցելելով ու վայելելով՝ հալեպեան համադամ ճաշերը, ունկնդրելով արաբական երաժշտութիւն՝ ուդի, քանոնի եւ ջութակի նուագածութեամբ: Ի դէպ՝ արեւելեան կլկլակը անխուսափելի զբաղմունք է, ճաշարան յաճախող արանց եւ կանանց: Նախապէս կանայք կը խուսափէին եւ անպատշաճ կը համարէին կլկլակ ծխելը: Կարծեմ այս սարքը Հայաստանի մէջ կը կոչուի չալաղաջ, որ արեւելաթուրքերէն բառ է, եւ կը նշանակէ՝ թփածառ: Սալիբէն դէպի Ջդեյդէ անցք-փողոցներէն մեկուն վրայ կը գտնուի Կիլիկեան վարժարանները (նախակրթարան եւ երկրորդական), Ազգային Որբանոցը: Նոյնինքն Սահեթ-Ֆարհաթի հրապարակի վրայ էր Թեքէեանը ակումբը: Երբեմն կը յաճախէինք այդ ակումբը, սեղանի թենիս կամ baby-food խաղալու, ու անխուսափելի հարցմանց կը հանդիպէինք, թէ՝ ո՞ր դպրոցը կը յաճախենք: Այս թաղերուն մէջ կը գտնուէին ոսկերիչներու, արծաթագործներու, եւ ընդհանրապէս գոհարեղէնի հայ վաճառականներուն խանութներն ու գործատեղիները: Այժմ ալ այդպէս է, սակայն հայերու գաղթի պատճառով՝ այլազգիներու ներկայութիւնը աւելցած է: Ջդեյդէի ներսի փողոցները գիւղատնտեսական արդիւնքի վաճառման շուկայ է: Ձուկի, մսի, պանիրի եւ իւղի մեծաքանակ վաճառք տեղի կունենայ անդ: Կային հայ նպարավաճառներ, որոնցմէ աղացած ու համեմուած սիսեռի փոշի կը գնէինք: Երեխաներս, մեկս միւսին նայելով՝ այդպիսի աննպաստ ուտելիքներ կը գնէինք: Սալիբէէն անցք կայ դէպի բաուաբեթ ալ-կասաբ, դէպի Հայոց Ազգային առաջնորդարան ու հնադարեայ Ս. Քառասնից մանկանց եկեղեցին, որու շրջափակին մէջ կը գտնուի հին Ս. Աստուածածին եկեղեցին. այժմ թանգարան: Սալիբէէն դէպի Առաջնորդարան տանող ճամբուն վրայ կը գտնուէր Հայկազեանի «աղջկանց» բաժին նախակրթարանը, որու արական սեռի անդամ ուսանող երեխաները, հինգերորդ դասարան չանցած, կը փոխանցուէին մեր դպրոցը՝ Հայկազեանի տղոց բաժին, կամ՝ իսկական տղամարդոց դպրոցը: (Huh) Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Johannes Posted March 9, 2009 Report Share Posted March 9, 2009 Դպրոցիս շէնքը, մեր մանկական երեւակայութեանց ահագին զարկ տուող մուսա էր: Շէնքի հնութիւնը ակնյայտ էր. ոտքի կոխան սալաքարերու մաշումի չափէն: Բակը, զբօսանքին, որեւէ պահուն կրնայիր ենթարկուիլ Լիւանը արեւէն պաշպանող հսկայ քիւէն ինկած փայտի բեկորի մը: Հետաքրքիր էր ամէն ինչ, պատուհաններու ճաղերէն, վեցանկիւն աստղերէն մինչեւ դասասենեակներու փայտեայ գունաւոր arabesque ոճով զրադանախշերը: Առաստաղը գերաններուն յենած էր, որոնց վրայ, եւ առաստաղի անկիւնները, արաբերէն լեզուով ոսկեջնարակ գրութիւններ կային: Կը յիշեմ՝ հատուած մը կը պատմէր «Խոսրով» (خسرو) անունով անձի մը մասին, մենք ալ կ’ուրախանայինք, մտածելով որ հայի մասին է խօսքը: Աշակերտները, երբեմն, պատին մէջ բացուած պահարաններու փեղկերէն կը հանէին երկրաչափական ձեւեր ունեցող փայտի բեկորներ.. սիրտս ցաւեցնելով: Դեռ այդ տարիքիս գիտակից էի հնապահպանութեան կարեւորութեան: Միջանկեալ՝ անգամ մը դպրոցով գացինք Հալեպի Բերդի թագաւորական պալատը, այնտեղ ալ դասընկերներս կաւիճով ու սուր առարկաներով գծեցին խծբծեցին նրբաշխատ կահոյքի վրայ: Մեր դպրոցը այն ժամանակ հնապահպանութեան վարչութեան (Մշակոյթի Նախարարութիւն) հովանիին ներքեւ էր, ստեպ-ստեպ կը հանդիպէին ու կը յանձնարարէին լաւ վարուիլ հնութեան հանդէպ: Եւրոպացի, արեւելաասիացի, հարաւամերիկացի զբօսաշրջիկներ շատ կու գային մեր դպրոց: Դասարաններէն կը դիտէինք զանոնք, հպարտանալով՝ մեր դպրոցի կարեւորութենէն ու արժէքէն դրդուած: Հայ զբօսաշրջիկներ ալ շատ կու գային, դէպի Քառասնից Մանկանց հնադարեայ մայր տաճարի ճամբուն վրայ հանդիպելով մեզի: Արժանթինէն (արգենտինայէն) հայեր շատ կու գային: Դպրոցը քառակուսի եւ ընդարձակ բակով կառոյց էր: Բակին մէջտեղը ջրաւազան՝ չ’աշխատող շատրուանային յարմարանքով: Դիմացը բարձր քար էր (բարձր քար կը խաղայինք), որ բաց սենեակ էր, նոյնինքն եռակմբանոցի հասկացողութեամբ, որու մասին բացած եմ առանձին շարան (տե'ս «Ակումբ»): Բակին շուրջը երկհարկանի շէնք էր, բազմաթիւ սենեակներով: Բակին մեկ անկիւնը բաղնիք տանող ճանապարհն էր: Բաղնիքի դուռը, երբեմն բաց ըլլալով, հետաքրքիր մանուկներս կը գրաւէր իր մէջ, ու մենք՝ բաղնիքի սիւներուն, գուռերուն ու տանիքին մէջ զետեղուած ապակեայ լուսատու անցքերուն նայելով. զօր կուտայինք երեւայական պատումներու. հին թագաւորներու իշխան-իշխանուհիներու վերաբերեալ: Յաճախ կը լսէինք հարամլըք («կանանոց») եւ զալամլըք («այրերու բնակավայր») բառերը, որոնք կրնային ըլլալ (չեմ յիշեր)՝ ուսուցչանոցը կամ ուրիշ բաժին մը տունէն: Իրողապէս՝ քրիստոնեայ բնակիչներ ունենալով հանդերձ, Բեթ Ղազալէն, իր կառուցուածքով տարբեր չէր հին քաղաքի մնացեալ իսլամական բնակելի կառոյցներէն: Բակին միւս անկիւնը «խոհանոցն» էր, որ խոհանոց չէր: Այդպէս կ’անուանէինք: Երկու անջատ արտաքնոցներ ունէր եւ խմելու ջուրի ծորակներ: «Խոհանոց»ին մէջ կար շատ հետաքրքրական «բան» մը: Զրոյցներ կը պտտէր աշակերտութեան մէջ, որ այդ «բանը», հին քաղաքի տուները իրար կապող, եւ բերդ տանող անցքերու լաբիրինթ մըն է, որ տակաւին չէ հետազոտուած: Իբր՝ կային գանձեր, հնադարեան զէնքեր. սուր, զրահ, վահան, տէգ եւ մարդկային կմախքներ: Մարդկայինը չեմ գիտեր, բայց հաստատ առնէտներու եւ կատուներու ոսկորներ կային, որովհետեւ միշտ գարշելի հոտեր կու գար, դէպի ներքեւ իջնող աստիճանները փակող փայտէ կափարիչի կոտրտած անցքերէն: Աշակերտները երբեմն այդ կափարիչին վրայէն դէպի բակ կը ցատկռտէին, արժանանալով ուսուցչի պատիժին (եթէ նկատէր): Մեր պատիժները... Տէր-թոդիկեան պատիժներու բարեփոխուած տեսակներն էին: Ուսուցիչ մը ունէինք, որ միշտ մոխրագոյն կը հագուէր, մազն ալ մոխրագոյն էր, երեսը միշտ սափրուած: Այս մարդը ամուրի էր այն ժամանակ, ու մեզ (ինձի) համար, կը խորհրդանշէր... Մեծ Եղեռնը: Թո'ղ ընթերցողը ներողամիտ գտնուի, մանկական միտքիս արդած տրամաբանութենէն: Մեզի կը տանէին ջարդի տեսարաններ ու լուսանկարներ պատկերող ցուցահանդէսներ, որոնք կը կազմակերպէին Թիլելի «ՀՄԸՄ»ի ակումբին մէջ: Ապրիլ 24ի նախօրէին, նաեւ տարբեր առիթներով՝ կը դասախօսէին ջարդերու վկայ ուսուցիչներ ու դաստիարակներ: Ուստի՝ այդ տարիքի մարդը (թէեւ ուսուցիչս համեմատաբար երիտասարդ էր) անապատէն դժուար փախած, ու Եղեռնի ամբողջ խստութիւնն ու դաժանութիւնը իր հետ բերած անձ մը կը ներկաացնէր ինձի համար: Մատիտը մատներուն մէջի բացութեան յատակը դնելով՝ մատները իրար մօտեցնել, ականջը արագ-արագ շփել մինչեւ կարմրի, ականջին առջեւ աճած մազերէն բռնելով աշակերտը օդ բարձրացնել, գանակահարում՝ գանակի սուր կողմով ափին վրայ, նաեւ ձեռքի երեսի կողմը: Ես շատ չէի պատժուէր, սակայն սարսափով կը դիտէի ընկերներուս պատժուիլը: Թող չի զարմանայ ընթերցողը, եթէ ըսեմ, որ տողերուս հեղինակը այդպիսի գանակահարման ենթարկուած է... մանկապարտէզի տարիներուն իսկ: Հիմա չկան այսպիսի մեթոդներ, մեր դպրոցներուն մէջ, կը կարծեմ: Մեր դպրոցը տատրակներու եւ ծիծեռնակներու բնակավայր էր: Ամէն յարմար քարի վրայ, քիւերու մէջ, թռչունի բոյն մը կար: Հայաստանի հնադարեայ վանքերուն պէս՝ մեր դպրոցի պատերուն եւ քարերուն վրայ աճած էին թուփեր եւ խոտեր, որոնք գարնան այնպէ՜ս վառ գոյներով կը ծաղկէին: Կը զարմանայի, մտածելով՝ այս բոյսերը ո՞րտեղէն կը ստանան իրենց սնունդը, կամ՝ արմատները ո՞ւր մխրճուած են, որ կը սնանեն ծաղկող տերեւները: Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Arpa Posted March 10, 2009 Author Report Share Posted March 10, 2009 (edited) صليبة Սալիբէ՝ բառացի կը նշանակէ «խաչուհի», բայց հաւանաբար ժողովրդական արտասանութեամբ եղափոխուած բառ է: Պէտք է ըլլայ Սալիբի صليبي, որ կուտայ՝ «խաչակիր, խաչապաշտ, crusader» իմաստը, այսինքն այս պարագային՝ խաչաթաղ: Միթէ այդ թաղամասը որ ընդհանրապէս Քրիստոնեայ էր, եւ Հին Հալէպցի Հայերու թաղամաս, աւելի ճիշդ արտասանուի Սալիբի- է, ինչպէս Համիտի- յէ, Ճաբրի- յէ, Ազիզի- յէ, Ճամիլի-յէ, Սուլէյմանի- յէ? Իմա, տեղ, թաղամաս: հակառակ որ հրեաների թաղը Եահուդի- յէչեր կոչուեր այլ Հարթ ալ Եահուդ: Միթէ «ի-յէ» «ի-յա» վերջածանցը նշնակի տեղ, համայնք, եւ կամ «պատկան» նման Արմեն- իյա, Իտա լ-իյա , Արաբ- իյա եւլն:? Սալիբէն դէպի Ջդեյդէ անցք-փողոցներէն մեկուն վրայ կը գտնուի Կիլիկեան վարժարանները (նախակրթարան եւ երկրորդական), Ազգային Որբանոցը: Նոյնինքն Սահեթ-Ֆարհաթի հրապարակի վրայ էր Թեքէեանը ակումբը: Երբեմն կը յաճախէինք այդ ակումբը, սեղանի թենիս կամ baby-food խաղալու, ու անխուսափելի հարցմանց կը հանդիպէինք, թէ՝ ո՞ր դպրոցը կը յաճախենք: Մենք ալ սեղանի գնդակ խայայինք ՀՄԸՄ ի ակումբումշ թէեւ ես ոչ ՀՄԸՄ ական կամ ՀՄՄ ական չեմ եղել բայց մենք անխտիր բարեկամներ ունէինք այդ բոլոր վայրերում: Ես Ջդեյգէն լաւ գիտեմ, քանի իմ հայրը այնրեղ գործեր: Ոչ, նա կօշկար չէր: Այդ թաղի կողքին կար Թադրիբէ փողոցը որ ծայրէ ծայր, երկողմանի կօշկարներու շուկայ էր որոնց մեծ մասը Հայ արհեստաւորներ էին: Իսկ ինչ վերաբերի Ջդեյդէ ի բանճարի եւ մսի կենդրոն: Խնդրեմ շտկիր ինձ: Թէ Իսլմական մշակոյթում շունը անմաքուր է իս կատուն արժանաի պաշտպանումի, եւ նոյնիսկ պաշտամունքի? Այնտեղ մի մարդ կար «փիսիկջի» « մալէք էլ քըտտա» մակդիրովոր հաւաքեր մսատուներու աւելուքը, եւ երբ նա երեւար հազարաւոր կատուներ հաւաքուէին իր շուրջ: Այո, ես գիտեմ Ճիդէյդէն, եւ գիտեմ երբ այդ շունշանորդիներըշ իբր իսլամական մշակոյթ, միզէին ընդթեմ պատին, եւ իբր թէ առողջապահական շարժ, կանքէիին այդ պատին իրանց անդամը քսել, իբր վերջին կաթիլը չորացնել, եւ երբեմն մեզ պատուէին այդ տեսարանով: ՊԺԳԱԼԻ, DISGUSTING!!! Միթէ զարմանպւմ ես թէ ինչու ես թողեցի այդ երկիրը? Թէեւ ես գիտեմ Հայկազեանը յստակ չյիշեմ մանրամսնը: Թիլելէն Սալիբիէ մուտքին եւ ՀՄԸՄ ի ակումբի միչեւ նաեւ կար Հայ ԿաթոթիկլՔոյրերի Անառատ Յղութիւն աղջկանց ճեմարանը որտեղ, արձակման ժամուն Հայ պատանիները հաւաքուէին դիտել անբասիր հագուածՀայ (երբեմն կէս կամ ոչ Հայ)գեղեցիկ աղջիկներին: Թո'ղ ընթերցողը ներողամիտ գտնուի, մանկական միտքիս արդած տրամաբանութենէն: Մեզի կը տանէին ջարդի տեսարաններ ու լուսանկարներ պատկերող ցուցահանդէսներ, որոնք կը կազմակերպէին Թիլելի «ՀՄԸՄ»ի ակումբին մէջ: Ապրիլ 24ի նախօրէին, նաեւ տարբեր առիթներով՝ կը դասախօսէին ջարդերու վկայ ուսուցիչներ ու դաստիարակներ: Մեր պատիժները... Տէր-թոդիկեան պատիժներու բարեփոխուած տեսակներն էին: ------ Ես շատ չէի պատժուէր, սակայն սարսափով կը դիտէի ընկերներուս պատժուիլը: Թող չի զարմանայ ընթերցողը, եթէ ըսեմ, որ տողերուս հեղինակը այդպիսի գանակահարման ենթարկուած է... մանկապարտէզի տարիներուն իսկ: Ես ալ չեմ ենթարկուած Տէր Թոթիկեան պատիժների, քանի ես ընդհանրապէս տիպար աշակերտ էի, բացի դասանանի բառախաղիչ մանկլաւիկ: Մեր տղաքը յաճախ գողանային եւ փշրւին ուսուցչի քանակը, բայց մեն նաեւ ունէինք մի դասընկերուհի որ խիստ մտաւորական չէր, բայց ներայ եղբայրը ատախծագործ էր եւ ամեն մի կոտրած քանակի դէմ բերէր աւելի հաստատ փայտով շինուած նոր քանակ իբր կաշառ: Երբ մեր տղաքը չարչարէին մեր ուսուցիչնեը, մանաւանդ Արաբերէնի դաստիարակներըշ եւ նրանց արցունք պատճառել, ես ալ նրանց հետ կարտասուէի: Այդ իսկ պատճառաւ մերԱրաբերէնի ուսոէցիչներե ինձ նկայէին բարեկամ: Մինչ այսօր տակաւին կարտասուեմ մե անգամ որ յիշեմ այդ խեղճ արաբախօս Հայ աղջիճկների պատկերը: Ես լաւ Արաբերէն գիտէի (թէեւ հիմա լման մոռացել եմ) այդ իսկ պատճառաւ շրջանաւարտ հանդէսներուն Արաբերէն պատգամը պիտի ես ուղղէի, Յաճախ սա խրդրոյ առարկայ ըլլար թէ ես Անգլիերէն կամ Արաբերէն խօսէի, Հայերէնըս ալ աղքատիկ չէր: ՅԳ, Խարասուն Մանկանց տաճառի ձախ կողքի թաղին Զարեհ Կաթողիկոսի եղբայր Վարդան Փայասլեանը (որ հաշմնդամ էր) պահեր մի տպարան գրատուն: Զարեհ Կաթողիկոսի կրտսեր եղբայ (վաղամեռ, միթէ սրտի ախտը նրանց տոհմային ժառանգ էր?) Վահանըամերիկայում ամուսնացաւ իմ հեռաւոր հօրեղբորորդի Մադլենին որ նոր էր վերադաձել այդ («դժողք») սովետ երկրից: Երբ ասեմ «վերադարձ», Մադլենըներգաղթած(երկար եւ տխուր պատում) հալէպածին է: Edited March 10, 2009 by Arpa Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Johannes Posted March 10, 2009 Report Share Posted March 10, 2009 (edited) Ազիզիա (կամ՝ Ազիզիէ) բառի մէջ, -իա վերջածանցը, իր լեզուական իմաստով, կարծես թէ, աւելի շատ կը յարմարի հայերէն –ական վերջածանցին, որ նաեւ գործածուած է տեղանուններու մէջ, ինչպէս՝ Վասպուրական («ազնիւ արիւն ունեցողներու երկիր» եթէ ճիշտ կը յիշեմ), Մարդպետական (Մարդպետ ցեղի բնակավայր) եւն: Իսկ Հարեթ-ալ-Յահուդ («հրեաներու թաղ») կարելի էր անուանել նաեւ Ալ-Յահուդիա: Շունը եւ կատուն, իսլամական մշակոյթի մէջ պաշտամունքի կամ անարգանքի ենթակայ չեն: Ես ալ շատ տեսած եմ մսավաճառներ, որոնք կը հանդուրժեն իրենց խանութներուն առջեւ սպասող կատուները: Արդարեւ՝ մեր մսավաճառները պատրաստ, փաթեթաւոր միս չեն ծախեր, այլ՝ յաճախորդի աչքին առջեւ կը կտրեն միսը. յետոյ կը ծախեն: «Ջուր թափելու» կապակցութեամբ պատկերածդ ճիշդ է: «Անարատ Յղութեան Քոյրերու վարժարան»ը տարբեր է Հայ Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդարանի եւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողքը գտնուող վարժարանէն, որոնք կը գտնուին Թիլելէն դէպի Սալիբէի ճամբուն վրայ, բայց «ՀՄԸՄ» կողմէն չէ, միւս կողմէն: Այժմ «Անարատ Յղութեան Քոյրերու Վարժարան»ը կը գտնուի Ազիզիէ թաղամասի բարձունքին, «ՀԲԸՄ»ի կեդրոնին մօտ: Տիար Վարդան Փայասեանը ճանչնամ, թէեւ կաղ, բայց առողջ կ’երեւի: Գրատուներու մասին պիտի գրէի... Մանուկ տարիքիս, երբ կը քալէի այդ կողմերը, շատ կը հանդիպէի գրավաճառի, կազմարարի եւ հրատարակիչի գործով զբաղողներուն, որոնք բոլորն ալ իրենց ապրուստը կը վաստկէին Հայ գիրի շուկայէն: Հայ Առաքելական Համայնքի Առաջնորդարանի շէնքին տակը կար Կիւլեսէրին գրատունը: Անոր զաւակը ուրիշ գործի հետեւեցաւ, իսկ հօր թանկագին գիրքերը, չեմ գիտեր այժմ ուր տարտղնուած են: Edited March 10, 2009 by Johannes Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Johannes Posted March 11, 2009 Report Share Posted March 11, 2009 (edited) Սկսայ գրելու, պէտք է աւարտին հասցնեմ՝ այնքա՜ն անձնական յոյզերս, յիշատակներս ու անկարեւոր մանրամասնութիւնները: Գրած էի ստորգետնեայ ուղիներու մասին: Արդարեւ, տարիներ ետք, երբ համանման հին տուներ այցելեցի, որոնք ճաշարաններու վերածուած էին, նկատեցի թէ, այդ ստորգետնեայ ուղիներ կարծուածը իրողապէս տուներու նկուղներն են, որոնք կրնան մինչեւ երկու-երեք յարկ ըլլայ. գետնէն վար: Այնքա՜ն զով կ'ըլլան այդ նկուղները, ամռան տաքին: Ահա այդ նկուղներ են, որոնք կը պահեն իրենց զովութեան մէջ, տան տնտեսութեան պաշարը: Նոր շէնքերը այսպիսի բարիք ունենալէ զուրկ են. յարկաբաժիններէ բաղկացած շէնքերու ջեռուցիչներու տաքութիւնը եւ վառելանիւթի ծուխը խանգարիչ են: Դառնամ դպրոցիս: Բակի միւս անկիւնը նեղ անցք մը կար, որ կը տանէր առանձնատան երկրորդ եւ փոքր բակը: Այս բակին երկու կողմերը դարձեալ դասարան էր, միւս երկու կողմերը առանձնատան պարիսպներն էին, որոնց ետեւէն կը լսուէր փողոցներէն անցնող շրջուն վաճառորդներուն ձայները: Պարիսպը ունէր դուռներ՝ ամուր, մեխապատ: Կար կիտրոնազգիի ծառ մը, kabbat, որուն պտուղներուն կնճռոտած կեղեւը մեր դպրոցին պէս «ծեր» կը թուար, իսկ քովի լեմոնի ծառի մատղաշ տերեւները, շատ համով կը հոտէին, մանաւանդ երբ շօշափէինք զանոնք: Փոքր բակի եզրին, դասարանին տակ, բարոն Ռուբէնի «տուն»ն էր: Բարոն Ռուբէնը առեղծուած մնաց: Մեր ժամանակ, հաւանաբար, ութսուն տարին ապրած էր արդէն: Հայրս կը պատմէր, որ իրենց ժամանակ ալ այս մարդը նոյն թաղը կ'ապրէր էր, կատարելով նոյն գործը: Երեւի՝ «Ազգ»ը գնահատելով բարոն Ռուբէնի ծառայութիւնները, սենեակ մը տրամադրած էր մեր դպրոցին մէջ, որ բնակի: Անխօս, դանդաղաշարժ ու ալեհեր այս մարդը, մեր այլեւայլ գրենական պիտոյքի մատակարար էր: Դպրոցէն մայր դռնէն դուրս, չորս-հինգ մետր անդին, բարոն Ռուբէնի խանութն էր, յար եւ նման Հալեպեան հին շուկաներու խանութներուն, որոնք հազիւ մեկ անձ կրնան պարփակել իրենց մէջ: Մինակ կ'ապրեր, գիտէինք, լսած էինք Կամաւորական Բանակի զինուոր եղած է, նկարն ալ կար խանութին պատին փակցուած, բայց թէ ի՞նչ Կամաւորական Բանակ է՝ չեմ գիտեր: Կրնար ըլլալ՝ Դաշնակից բանակի մաս կազմող Հայկական Փաղանգը, կամ ալ, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը նախորդող Հայ Կամաւորական Բանակը: Ունէինք ուսուցիչներ եւ ուսուցչուհիներ, որոնք նոյնիսկ մեր ծնողներուն եւ անոնց սերնդակիցներուն դասատու եղած են: Օրիորդ Լուսինը շատ լացաւ, երբ վառեցին Փոքր Բակի դասարանի պահարանին մէջ ծննդաբերած կատուի ձագերը: Ոչնչացուցին, որպէսզի անգամն ալ չգան, քանզի, իբր, կենդանին իր ծնած տեղը միշտ կուզէ գալ: Կը յոգնէի(նք) միօրինակ, –ռութին-, առօրեայէն, դպրոցական ծանր պարտականութիւններէն, բոլորովին անծանօթ լեզուով մը գիտական առարկաներ ուսանելէն, դաստիարակներուն հրահանգներէն, անխախտ կարգով շարք-շարք երթալ գալէն: Ու այս միօրինակ, միապաղաղ առօրեան շրջող ամէն իրադարձութիւն, որ մեզի կը տանի պարտադիր արձակուրդի, հաճոյքով կ'ընդունուէր մեզնէ: Այս իրադարձութիւնները, կամ դէպքերը, կրնային ողբերգական ըլլալ, բայց անպատասխանատու մանուկներուս ի՜նչ փոյթն էր: ...Ուսուցիչի մահ, հրաձգութիւն... Մեր դպրոցներուն մէջ ծառայող տնտեսվարները կամ պահակները, աշակերտութեան կողմէ կը կոչուին «մայրիկ», «հայրիկ»: Այս երեւոյթը առաջ եկած է այն օրերէն, երբ աշակերտութիւնը ընդհանրապէս բաղկացած էր որբերէ, իսկ դպրոցները՝ որբանոցներ եղած են: Եղեռնի ժամանակները շատոնց անցած էին, կոտորածի հետեւանք ծնողազուրկ երեխաներ չկային: Մեր դպրոցը, կարծեմ, միակն էր Հալեպի հայկական դպրոցներուն մէջ, որ շատ որբ երեխաներու ուսում կը ջամբէր: Այդպէս էր, որովհետեւ Որբանոցը մօտ էր մեր դպրոցին: Որբանոցի սաները, ընդհանրապէս, ամուսնալուծուած ծնողներու զաւակներ էին (կը կարծեմ): Ըսելիքս այն է՝ մայրիկը ամէն օր, առաջին զբօսանքին, տաք կարկանդակ կը բերեր Բերղութեանի փուռէն: Կային քաղցր, աղոտ, շուշմայով տեսակ-տեսակ կարկանդակներ: Անյագ ախորժակով կը «լափէինք» զանոնք, մանաւանդ երբ, կաթով շաղախուած թխուածքի բուրմունքը կը գրգռէր ուտելու մեր ցանկութիւնը: «Մայրիկ»ը՝ ցանցառ մազով, հաստ ապակէ ակնոցով պառաւ մ'էր, թէպետ իր կարկանդակները շատ թարմ ու համեղ էին: Կաղանդի նախօրէին, մեզմէ կը պահանջուէր ձեռային աշխատանքներ եւն, զարդարելու համար դասարանները: Նոր հագուստներով կու գայինք դպրոց, արդէն զուարթ տրամադրութեամբ: Մեզի կը տանէին եկեղեցի, նախքան նուէրներ բաժնելը, որպէսզի ստանայինք Ս. Հաղորդութիւն: Չեմ մոռնար այդ տառապանքը. ժամեր շարունակ խորանին առջեւ ծունկի կու գայինք, մինչեւ արարողութիւնը աւարտի: Մայր Տաճարի աթոռները յատկացուած էին այն հաւանական հաւատացեալներուն, որոնք պիտի գային, կամ եկած են արդէն: Edited March 11, 2009 by Johannes Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Johannes Posted March 19, 2009 Report Share Posted March 19, 2009 ՀԱԼԷՊՑԻՆԵՐՈՒ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԻՒՆԸ ՆԱՀԱՆԳԱՊԵՏ ԽՈՐՇԻՏ ՓԱՇԱՅԻՆ ԴԷՄ 1819-1820 ԱԲՐԱՀԱՄ ԱՐՔ. ՔԻՒՓԷԼԵԱՆԻ ՕՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄՈՒՏՔ. Հալէպի հայ կաթողիկէ առաջնորդարանի հրատարակութիւնը եղող նորատիպ 240 էջանի այս գիրքը հրատարակութեան պատրաստած եւ ուսումնասիրած են Հալէպի հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Պետրոս արք. Միրաթեան եւ բանասէր Միհրան Մինասեան։ Գիրքը ականատեսի ձեռագիր օրագրութիւնն է 19-րդ դարասկիզբին ապրած Հալէպի հայ կաթողիկէ եկեղեցականներէն Աբրահամ արք. Քիւփէլեանի։ Գիրքին հեղինակները իրենց յառաջաբանին ընդմէջէն մեզի ներկայացուցած են տուեալ ապստամբութեան պատմութիւնը իր 101 օրով՝ շաբաթ, 23 հոկտեմբեր 1819-էն մինչեւ երկուշաբթի, 31 յունուար 1820։ Անոնք մեզի կը ծանօթացնեն պատմական այն աղբիւրները, որոնք անդրադարձած են տուեալ ապստամբութեան եւ 47 էջերու ընդմէջէն կու տան հեղինակին կենսագրութիւնը, ձեռագրին նկարագրութիւնը եւ կը բացատրեն, թէ իրենք ի՛նչ սկզբունքներու հետեւած են ձեռագրի հրատարակութեան ժամանակ։ Ուսումնասիրողները նախ հայերէնէ արաբերէնի թարգմանած են այն երեք էջերը, որոնք կ՚ընդգրկեն ապստամբութեան առաջին 18 օրերու դէպքերը, ապա անցած են հեղինակին արաբերէնով շարունակած բաժինին, որ կ՚աւարտի ապստամբութեան 104-րդ օրով։ ԲԾԱԽՆԴԻՐ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ Ուսումնասիրողները ձեռագիրը ընթերցողին կը մատուցեն համապարփակ, խղճամիտ ու իսկապէս բծախնդիր աշխատանքով։ Անոնք ծանօթագրած են այդ շրջանին գործածուած ժողովրդային ըսելաձեւերը, գիրքին մէջ յիշուած անձնանուններն ու տեղանունները, բազմաթիւ օտար բառերն ու ասոյթները, նաեւ ստուգած ու բաղդատած են այս ձեռագրով տրուած տեղեկութիւնները՝ 24 այլ աղբիւրներու հետ, որոնց մէջ յիշուած է այս ապստամբութիւնը՝ զանազանելով ականատեսի վկայութիւնը եւ լսովի կամ բանաւոր փոխանցուածը։ Այս գիրքը մեծապէս կ՚արժեւորէ նաեւ էջատակի ծանօթագրութիւններու լայնահուն եւ խորազնին աշխատանքը. 1060 կարեւոր ծանօթագրութիւններ, օրինակ՝ Ապտալլահ Տալլալի, բանաստեղծ Նասր Ալլա Թարապլուսիի եւ այլոց մասին, նաեւ ընթերցում կատարելով սկզբնաղբիւրներուն՝ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար։ Երկու ուսումնասիրողները կը տեղեկացնեն, որ իրենց աշխատանքին համար օգտագործած են 77 աղբիւրներ եւ թերթերու ու հանդէսներու մէջ լոյս տեսած այլեւայլ յօդուածներ՝ արաբերէն, օսմաներէն, անգլերէն, ֆրանսերէն ու հայերէն լեզուներով։ Անոնք յոգնութիւնը յանձն առած են նաեւ տալու բաղդատական ցանկ մը իսլամական հիժրի եւ քրիստոնէական հին ու նոր տոմարներու ապստամբութեան իւրաքանչիւր օրուան համար։ Գիրքին մէջ կը գտնենք ինը յաւելուածներ, ուր կան Զմմառի վանքին պատասխանատուներուն եւ հեղինակին միջեւ փոխանակուած նամակներէ հատուածներ, որոնք գրուած են ապստամբութեան ընթացքին ու կը խօսին պատահած դէպքերուն մասին։ Հատորի աւարտին տրուած են արաբերէն եւ հայերէն օրագրութիւններէն լուսապատճէններ, Հալէպի բերդին 1757 թ.ի գծանկարը (Տրոմոնտի), օսմանցի կառավարիչներու Հալէպի կեդրոնատեղիին՝ Շէյխ Ապուլ Պաքըր Ուաֆայիի աղօթատեղիին լուսանկարը, Հալէպի 1818 թ.ի յատակագիծը (գործ՝ Ռուսսոյի), 1819-ինը (գործ՝ կոմս Ռեզովսկիի) եւ բախումներու վայրերուն յատակագիծը (Քասթալ Մըշըթ, Քասթալ Հարամի, Զուքաք Թաուիլ, Ժըտէյտէ), նաեւ նկարներ՝ օսմանեան բանակի եւ այդ օրերու կառավարական անձնաւորութիւններուն՝ իրենց շքեղագոյն տարազներով, գլխարկներով ու շքանշաններով։ Պատմական ուսումնասիրութեան այս հոյակապ հատորին քաղցր աւարտը կը հանդիսանայ 40 էջանի բաժին մը, ուր երկու բանասէրները ցանկագրած են գիրքին մէջ ծանօթագրուած բոլոր բառերը՝ տեղանուն, անձնանուն, օտար բառեր, եզրեր եւ այլն եւ տուած՝ անոնց էջաթիւերն ու ծանօթագրութեանց թիւերը՝ որպէս դիւրութիւն ընթերցողին։ Իսկապէս առաւելութիւն մը, որմէ ընդհանրապէս զուրկ են մեր պատմական գիրքերը։ ՕՐԱԳՐԻՆ ՀԵՂԻՆԱԿԸ Օրագրութեան հեղինակն է հայ կաթողիկէ համայնքի երբեմնի առաջնորդ Աբրահամ արք. Քիւփէլեան։ Ան ծնած է Քիլիս, 8 յունուար 1786 թուականին, հայկական տոմարով՝ 1235 թուականին։ Փոքր տարիքէն կորսնցուցած է հայրը, եւ մայրը զինք բերած է Հալէպ, ապա ուղարկած Լիբանանի Զմմառու վանքը՝ կրօնական ուսում ստանալու։ 1809-ին կը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ եւ կրօնական առաքելութեամբ 1810-ին կ՚ուղարկուի Հալէպ եւ շուտով կը դառնայ պատրիարքական փոխանորդ, ապա մեծաւոր՝ 1814 թուականին։ Այդ միջոցին ականատես կ՚ըլլայ Խորշիտ փաշայի դէմ շղթայազերծուած հալէպցիներու ապստամբութեան։ 1823 թուականի յուլիսի 23-ին պաշտօնական արարողութեամբ կ՚օծուի առաջնորդ Հալէպի հայ կաթողիկէ համայնքին ու կը մնայ Լիբանան՝ հոնկէ վարելու առաջնորդական իր պարտաւորութիւնները՝ ըստ այդ օրերու ընկալեալ սովորութեան։ 1824-ին կը վերադառնայ Հալէպ, համայնքի մեծամեծներէն՝ Եուհաննա Պալիթի մահուան պատճառով եւ հոնկէ կը վարէ համայնքային գործերը։ 1825-ին իր կարգ մը քահանաներուն չարախօսութիւններուն պատճառով պաշտօնազուրկ կ՚ըլլայ ու կը վերադառնայ Զմմառու վանք, բայց 1828-ին, իր անմեղութիւնը փաստուած ըլլալով, Հռոմի կարգադրութեամբ դարձեալ կը դառնայ Հալէպի իր հօտին, եւ երբ օսմանեան պետութիւնը կը ճանչնայ կաթողիկէ համայնքներու գոյութիւնը իր երկրին մէջ, եւ կ՚արտօնուի անոնց եկեղեցիներ կառուցել, Քիւփէլեան կը գնէ Գարա Ալիներու ապարանքը եւ զայն եկեղեցիի կը վերածէ, որ այժմու Հալէպի հայ կաթողիկէ համայնքի աթոռանիստ եկեղեցին է Թիլել պողոտային վրայ, բայց առաջնորդ Աբրահամ արք. Քիւփէլեան կը վախճանի 27 յուլիս 1832-ին՝ վարակուած ըլլալով Իպրահիմ փաշայի զինուորներուն միջոցով Հալէպ հասած քոլերայի համաճարակով։ Նախ կը թաղուի Հալէպի պարիսպներէն դուրս, ապա 1840-ին անոր աճիւնները կ՚ամփոփուին իր իսկ կառուցած եկեղեցիին եկեղեցականներու յատուկ դամբարանին մէջ, Ս. Յիսուսի խորանին ետին։ Ա. Քիւփէլեան բարձր զարգացում ունեցող անձնաւորութիւն մըն էր, որ կը տիրապետէր քանի մը լեզուներու։ Ունի բազմաթիւ ինքնագիր եւ թարգմանական գործեր՝ հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով։ Ընդօրինակած է քանի մը աղօթագիրքեր։ Աւանդ ձգած է իր օրագրութիւնը, ուր, ի շարս այլոց, կայ նաեւ հալէպցիներու կողմէ կուսակալ Խորշիտ փաշային դէմ շղթայազերծուած ապստամութեան օրագրութիւնը։ ՀԱԼԷՊՑԻՆԵՐՈՒ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԻՒՆԸ ԿՈՒՍԱԿԱԼ ԽՈՐՇԻՏ ՓԱՇԱՅԻՆ ԴԷՄ Ստորեւ կու տամ հակիրճ ու հպանցիկ ակնարկ մը՝ ապստամբութեան դրդապատճառներուն մասին, քաջ գիտնալով, որ այս մէկը չի կրնար փոխարինել գիրքին ամբողջական ընթերցումն ու անոր հարուստ ծանօթագրութիւններուն ըմբոշխնումը։ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ԱՆՈՒՂՂԱԿԻ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ Ժողովուրդը յոգնած էր բազմապիսի տուրքերէն եւ տնտեսական վատ ու դժուար պայմաններէն, որոնք պատճառ դարձած էին ապրուստի սղութեան։ Կային նաեւ դժգոհութեան այլ պատճառներ եւս՝ Հալէպէն զինուորական տարիքի երիտասարդներ կամայականօրէն հաւաքելն ու զանոնք այլ վայրերու մէջ ծագած ապստամբական շարժումները ընկճելու համար այլուր ուղարկելը, եւ ենիչերիներու զայրոյթը՝ ծագած նախկին կուսակալ Իպն Ժապպարի օրերէն, որ փորձած էր ոչնչացնել զանոնք։ Պատճառներէն մէկն ալ Խորշիտ փաշային կողմէ 11 քրիստոնեաներու գլխատումն էր՝ ուղղափառ եւ կաթողիկէ վէճերու որպէս հետեւանք։ Այս բոլորը պատրաստած էին ենթահողը հալէպցիներու յեղափոխութեան։ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԵԱՆ ԳԼԽԱՒՈՐ ՊԱՏՃԱՌԸ Խորշիտ փաշա տարեկան դրութեամբ սալիան անունով ծանօթ կալուածատուրք մը կը սահմանէ հալէպցիներուն վրայ։ Ան այս տուրքը հաստատած էր Սաժուր գետի ջուրերը ջրուղիներու միջոցով Քուէյք գետ հասցնելու նպատակով, որովհետեւ Քուէյքի ջուրերը սկսած էին նուազիլ։ Փաշան 40-70 դահեկան տուրք մը նշանակած էր իւրաքանչիւր տան համար, մինչ կային տուներ, որոնք նուազ արժէք ունէին, քան՝ հաստատուած տարեկան տուրքը։ Օր մը, երբ Խորշիտ փաշա Սաժուր գացած էր, Հալէպի աւագանին մեծ հաւաք մը կազմակերպելով՝ կը մերժէ տուրքը վճարել ու ըմբոստութիւն կը յայտարարէ՝ պահանջելով կուսակալի փոխանորդին պաշտօնազրկումը։ Յեղափոխութիւնը կը սկսի շաբաթ, 23 հոկտեմբեր 1819-ին, որուն կը մասնակցին քաղաքին ազնուականները, երեւելի անձնաւորութիւնները եւ փաշայէն զայրացած ու անկէ հետապնդուած ենիչերիները։ Առաջին քայլով հալէպցիները կը յարձակին փոխկուսակալին՝ Սուլէյման պէկի տան վրայ եւ շատ մը զինուորներու հետ կը սպաննեն նաեւ զայն։ Խորշիտ փաշա կը մերժէ ապստամբներուն պահանջներուն ենթարկուիլ ու կը հրամայէ պաշարել քաղաքը, ռմբակոծել զայն, ջուրերը կտրել անկէ, սննդամթերքի քաղաք մուտքը արգիլել եւ այլն, եւ այլն, ու կը փորձէ ձերբակալել ապստամբները։ Ժողովուրդը միահամուռ հերոսաբար կը դիմադրէ՝ մէկ սիրտ մէկ հոգի եղած։ Յեղափոխութիւնը կը տեւէ 101 օր։ Այդ միջոցին ժողովուրդը կ՚ենթարկուի զրկանքի, անօթութեան ու տառապանքի։ Հրոյ ճարակ կը դառնան բազմաթիւ տուներ ու ճոխ շուկաներ, եւ կը նահատակուին շատեր։ Վերջաւորութեան յեղափոխականները երկու մասի կը բաժնուին. անոնցմէ առաջինները կ՚ուզեն շարունակել պայքարը, իսկ երկրորդները կ՚ուզեն բանակցիլ ու հաշտուիլ փաշային հետ։ Ի վերջոյ հաշտութեան կողմնակիցները կը պարտադրեն իրենց կամքը։ Խորշիտ փաշայի զօրքերը կը մտնեն քաղաք, կը ձերբակալեն ու կը սպաննեն բազմաթիւ հերոս ազգային ղեկավարներ, որոնցմէ էին Մոհամետ Քըժժեն ու 12 այլ հրամանատարներ ու ազնուականներ։ Զինուորները կը մտնեն նաեւ բանաստեղծ Թարապլուսիի տունը, որովհետեւ ան իր հայրենասիրական բանաստեղծութիւններով խանդավառած եւ ոգեւորած էր յեղափոխականները։ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՀԱՇՈՒԵԿՇԻՌԸ Կեդրոնէն եկած օժանդակ գունդերով Խորշիտ փաշայի օսմանեան բանակին թիւն էր 12,000, մեծ մասամբ՝ հեծեալներ, իսկ հալէպցի զինեալներուն թիւը՝ 30,000։ Ճակատամարտերու ընթացքին նահատակուած էին 3000-4000 հալէպցիներ, իսկ օսմանեան բանակէն՝ 1500 զինուորներ։ Հալէպի վրայ արձակուած էր 25000-31000 հրետանիի եւ 2000 պարզ ռումբեր։ Ըստ պատմաբան Անտրէ Ռայմոնի հաշւումներուն, այդ շրջանին Հալէպի բնակչութեան թիւը եղած էր 120 հազար։ Այս բոլորին մէջ մեծագոյն զոհը եղած է պարզ ժողովուրդը, որ միշտ կեղեքուած է ծանր տուրքերով. քանդուած են անոր տուներն ու հրկիզուած են շուկաները։ Ընթերցողին կը թողունք հալէպցիներուն եւ կուսակալի զինուորներուն միջեւ տեղի ունեցած բախումներուն մանրամասնութեանց մէջ մտնելը, բախումներ, որոնք տեղի ունեցած են Քասթալ Հարամիի, Զոքաք Թաուիլի, Քասթալ Մուշթի եւ այլ թաղերու մէջ։ ՈՐՊԷՍ ՎԵՐՋԱԲԱՆ Ձեռագրին այսպիսի անթերի ձեւով հրատարակումը, որուն կը փափաքինք, որ հետեւին ձեռագիրներ հրատարակութեան պատրաստող այլ բանասէրներ եւս, մեծարժէք աղբիւր կը հանդիսանայ Հալէպի ազնիւ ու բարի ժողովուրդի տարբեր խաւերուն՝ օսմանցի բռնակալ իշխանաւորին դէմ ծառացումին պատմութեամբ զբաղողներուն։ Գիրքի ծանօթագրութիւններուն մէջ կան տեղեկութիւններ յեղափոխութեան մասնակցած անձնաւորութիւններու, քաղաքի զանազան թաղամասերու եւ այդ օրերուն գործածուած բարբառային բառերու մասին։ Միով բանիւ՝ գիրքը չցամքող աղբիւր է պատմական, ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական կարեւոր տուեալներու մասին։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ երկու ուսումնասիրողներուն՝ իրենց կատարած անգնահատելի զոհողութեանց եւ ջանադիր աշխատանքին համար ու կը մաղթեմ նորանոր յաջողութիւններ։ ԱՊՏԱԼԼԱՀ ՀԱԺԺԱՐ Թարգմանեց՝ «Ժամահիր» հալէպեան օրաթերթ ՅԱԿՈԲ ՊԷՔԵԱՐԵԱՆ http://www.aztagdaily.com/DisplayNews.php?ID=19801 Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Arpa Posted April 10, 2009 Author Report Share Posted April 10, 2009 Սիրելի Օհան, խնդրեմ լուսավորիր մեզ: Ինչ է պատահել? Սրբանկարները ինչ են արել? Յուսամ Ապրիլ 1- ի խաղ չէ: English http://www.armenianorthodoxchurch.org/v04/...visitseng.htm#2 Հայերէն http://www.armenianorthodoxchurch.org/v04/doc/visits.htm#2 Մասնակի մէջբերում- 04/02/2009 Հինգշաբթի 2 Ապրիլ 2009-ի երեկոյեան, Հալէպի հայութիւնը հոգեւոր խանդավառութեան եզակի պահեր ապրեցաւ երբ բազմահազար հայորդիներ ողջունեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ժամանումը Հալէպ: Արդարեւ, մի քանի ժամով եւ յատուկ օդանաւով Վեհափառ Հայրապետը այցելութիւն մը տուաւ Հալէպ, ընկերակցութեամբ Լիբանանի թեմի Առաջնորդ Սրբազանին եւ խումբ մը միաբաններու: Այցելութեան նպատակը, ինչպէս Վեհափառը ինք բնորոշեց իր պատգամին մէջ, հովուապետական այցելութիւն մը չէր, այլ ան կու գար մասնակից դառնալու Հալէպի հայութեան հոգեւոր վերազարթնումին ու վկան դառնալու մեր ժողովուրդի զաւակներուն հաւատքի շօշափելի արտայայտութեան: Վերջին մի քանի օրերուն, Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց դարաւոր եկեղեցւոյ մէջ գտնուող սրբանկարներէն սկսած են, Առաջնորդ Սրբազանին, հոգեւոր դասուն ու ժողովուրդի վկայութեամբ, զարմանալի նշաններ յայտնուիլ: Եւ այս անսովոր երեւոյթին դիմաց մեր ժողովուրդի զաւակները ներքին բնական ընդառաջումով հաւատքի իրենց ամուր կապուածութիւնը սկսած են արտայայտել մեր եկեղեցւոյ նկատմամբ: Եւ այսպէս, հազարաւոր հայորդիներ, ամբողջ օրը Սուրիոյ բոլոր անկիւններէն, նոյնիսկ քրիստոնէական այլ համայնքներու զաւակներ եւ նաեւ իսլամ կրօնի հետեւորդներ, անդադար այցելութիւններ կու տան Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցի եւ իրենց ուխտը կը կատարեն սրբանկարներուն առջեւ: …. ========== Եւ, քանի խօսքը Հալէպի մասին է, նաեւ տես սա: http://www.azgdaily.com/AM/2009041117 AZG Daily #065, 04/11/2009 ՅԱԿՈՒԲԻԵ՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳՅՈՒՂ ՍԻՐԻԱՅՈՒՄ Առավոտյան ժամը 7.30 է: Հիսուն լիրա վճարեցի ու միկրոավտոբուս նստեցի: Հինգ րոպե անց ուղեւորներն սկսեցին հավաքվել կայարանում: Ժամը 8.30 շարժվեցինք դեպի Յակուբիե` Սիրիայի հյուսիս-արեւմուտքում, ծովի մակերեւույթից 480մ բարձրություն ունեցող, թուրքական սահմանի հարեւանությամբ գտնվող հայկական գյուղը: Բժիշկ Աբրահամ Երիցյանը Սիրիայի հայկական գյուղերի մասին գրքում նշում է, որ դեռեւս 12-րդ դարից այս տարածաշրջանում հայեր են ապրում, որոնք այսօր արաբացել են, ու մնացել է 3 հայկական գյուղ` Յակուբիեն, Քեսապը եւ Ղինեմիեն: 30-ական թվականներին Յակուբիեն միատարր հայկական գյուղ էր: Հեղինակի հաշվարկների համաձայն, այսօր Յակուբիեի բնակչության 60 տոկոսը կաթոլիկ է: ֆրանսիացիները, օգտվելով գյուղացիների ծանր վիճակից, շատերին կարողացել են կաթոլիկ դարձնել, 80 տարեկան Փանոս պապիկը hիշում Է. «Ֆրանսիացիները միայն կաթոլիկ ընտանիքներին էին ալյուր բաժնում, ուստի եւ մարդիկ գոյատեւելու համար ստիպված դավանափոխ էին լինում»: Հարեւան Կիննայե գյուղի ամբողջ բնակչությունն է կաթոլիկ: Դավանափոխ լինելուց հետո հայերը սկսեցին իրենց լատին ժողովուրդ համարել: Յակուբիեի նոր սերունդը` հայ ու լատինը, անցյալի ծանր բեռը անտեսնելով, այօր համերաշխ են ապրում: Յակուբիեում 1929-ին ՀԲԸՄ-ի եւ Հալեպի Հայկական առաքելական եկեղեցու առաջնորդարանի հովանավորությամբ կառուցվել է հայկական դպրոց, որտեղ արաբերենին զուգահեռ դասավանդվում են հայոց լեզու եւ կրոն: Տասը տարի առաջ հայոց լեզվի ուսուցիչները Հալեպ քաղաքից էին գալիս, իսկ այսօր դպրոցում աշխատում են Յակուբիեի երիտասարդ ուսուցիչները: Յակուբիեն ունի նաեւ երկու հայկական առաքելական եկեղեցի` Սբ Աննա եւ Սբ Հռիփսիմե: Վերջինս կառուցված է Էջմիածնի Սբ Հռիփսիմե եկեղեցու օրինակով: Գյուղում կաթոլիկ եկեղեցի էլ կա: Սբ Աննա եկեղեցու տոնը նշվում է օգոստոսի վերջին կիրակի օրը: Սիրիայի տարբեր քաղաքներից հայերը գալիս են ուխտի: Ուխտավորների շարքերում կան նաեւ ասորիներ, հույներ, արաբ քրիստոնյաներ ու մահմեդականներ: Մարդիկ այստեղ են գալիս` մտքում նվիրական ցանկություններ պահած, ինչպես նաեւ բուժվելու հավատով: Մեր ավտոբուսը մարդաշատ է: Կողքիս երիտասարդը քնել է, վարորդին ընկերակցող երկու յակուբիեցիները դժգոհում են այս տարվա ձիթապտղի անորակ բերքից: Յակուբիեն հայտնի է իր ձիթապտղի այգիներով. միջերկրական մեղմ կլիման այս ծառատեսակի համար հարմար պայմաններ է ապահովում: Բացի ձիթապտղից, հայտնի են նաեւ Յակուբիեի նուռը, ընկույզը , խաղողը, ծիրանը, խնձորը, նարինջը եւ սալորը: «Եղբա՛յր, Յակուբիե հասա՞նք», լսում եմ կողքիս նստած երիտասարդի ձայնը: Մինչ հասնելը մտաբերում եմ` ինչպես էինք փոքր ժամանակ ընկերներով բարձրանում Սբ Աննա եկեղեցի խաղալու: Եկեղեցին երկու բակ ունի: Մեծ բակում գնդակ էինք խաղում, մեկ-մեկ երգում ու պարում, բայց միշտ ուշադիր էինք, որ մյուս բակ չգնանք, որտեղ սեւ թթի մեծ ծառ կար: Տեր Բաբկենը մեզ զգուշացնում էր, որ վնաս չտանք թթենուն: Սբ Աննայի տոնին նույն բակում քահանան օրհնում է ուխտավորների ոչխարներին: Բակի հարավային մասում խոհանոց կա, որը հատուկ նպատակի է ծառայում. մատաղի մսով յոթ կաթսաների մեջ հարիսա են եփում այդ օրը: Ստացված եկամուտը գնում է եկեղեցու ֆոնդին: Բոլորը վերադառնում են իրենց հարազատ գյուղ՝ տոնը ծնողների հետ նշելու համար: Երիտասարդները գնում են Հալեպ` Սիրիայի 2-րդ քաղաքը, կամ Լաթաքիա` երկրի ամենամեծ ծովափնյա քաղաքը, աշխատելու կամ սովորելու, հաստատվում են, ամուսնանում եւ տարվա ընթացքում մեկ այց կատարում իրենց գյուղ: Հայաստանում սովորող յակուբիեցիների մի մասը, ավարտելով համալսարանները, հաստատվում է Երեւանում: Յակուբիեցիները իրենց եկամուտի հիմնական մասը ստանում են ձիթապտղի այգիները մշակելուց: Այսօր գյուղում կով ու ոչխար այլեւս չես տեսնի. գյուղտեխնիկա են օգտագործում: Նույնիսկ առանց պոչի նշանավոր էշը կորավ, երեւի հոգնեց մարդկանց հետ ապրելուց... Յակուբիեն շատ է փոխվել. երկհարկանի շենքեր են կառուցվում, ճանապարհները ասֆալտապատվել են, կարծես լքված «քաղաք» լինի, բայց երբ տոներին զավակները վերադառնում են, Յակուբիեն հայ երգի ու պարի հանգրվան է դառնում: ՄՈՎՍԵՍ ԽԵՉՈ © AZG Daily, 2004 Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Johannes Posted April 11, 2009 Report Share Posted April 11, 2009 Սիրելի Օհան, խնդրեմ լուսավորիր մեզ: Չգացի, չտեսայ: Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Recommended Posts
Join the conversation
You can post now and register later. If you have an account, sign in now to post with your account.