Jump to content

ALEPPO ՀԱԼԷՊ


Arpa

Recommended Posts

ԱՐԱԲ ԲՈՒՆԱՐ

ARAB BUNAR -AYN EL ARAB/ ԱՐԱԲ ԱԿ Arab Eye?

Խաչատուր Ա. Քհնյ. Պօղոսեան

Fr. Khachatur Qahana Boghosian writes.=

INever crossed my mind that my place of birth would today be the focus of World News.

As a child I always thought that Arab Bunar, We don-t see where his paternal family was from, were they from Urfa/Edessa/ Karmou(N)j/ Կարմունջ/Kamurj Կաուրջ/Bridge?*** like his mother-s family was from the village Azez, another suburb or Aleppo) was the world- furthest place, and I wondered why we were ther, compared to the luminous, modern metropolis of Aleppo.?

I always wished that some day we would load all of our posessions onto a truck and move to Aleppo.

 

Կեանքիս մէջ օր մը մտքէս չէի անցուցած որ ծննդավայրս կրնար աշխարհի լրատուական լուսարձակներուն կեդրոնը գտնուիլ, բայց եղաւ, ինչպէս երբեմն եղաւ մօրս ծնողաց բնակած Ազեզը, որ Արաբ Բունարի պէս աննշան վայր մըն էր Հալէպէն ոչ շատ հեռու, Թուրքիոյ սահմանին մօտ:

Երբ փոքր էի, կը կարծէի, որ Արաբ Բունարը աշխարհի ամէնէն հեռաւոր վայրին մէջ կորսուած աննշան տեղ մըն էր, ուր ես ծնած էի` բախտէս:

Ջարդերէն մազապուրծ ազատած մեծ ծնողքս նախ Հալէպ հաստատուած էին եւ յետոյ, չեմ գիտեր` ինչո՞ւ, Արաբ Բունար եկած էին: Երբ փոքր էի, մտքէս կ՛ըսէի` «մարդ աշխարհի ամէնէն մեծ ու գեղեցիկ Հալէպ քաղաքը կը ձգէ ու հոս կու գա՞յ»: Անկարելի բա՛ն մըն է, որ մեր տուները բեռնակառքի մը կամ հանրակառքի մը վրայ բեռցնեն եւ Հալէպ փոխադրեն:

Edessa, Urhay, Urfa

*** http://en.wikipedia.org/wiki/Edessa

Edessa (/ɪ'dɛsə/; Ancient Greek: Ἔδεσσα; Classical Syriac: ܐܘܪܗܝ Urhay; Armenian: Եդեսիա) is the historical name of an ancient town in upper Mesopotamia (modern-day Turkey), refounded on an ancient site by Seleucus I Nicator. In modern times, the city is known as Şanlıurfa.

http://hyeforum.com/index.php?showtopic=37722&page=1&&do=findComment&comment=319402

http://news.am/eng/news/83780.html

http://www.yerakouyn.com/?p=65230

http://www.yerakouyn.com/wp-content/uploads/2014/10/arapunar.jpg

Խաչատուր Ա. Քհնյ. Պօղոսեան կը գրէ

Կեանքիս մէջ օր մը մտքէս չէի անցուցած որ ծննդավայրս կրնար աշխարհի լրատուական լուսարձակներուն կեդրոնը գտնուիլ, բայց եղաւ, ինչպէս երբեմն եղաւ մօրս ծնողաց բնակած Ազեզը, որ Արաբ Բունարի պէս աննշան վայր մըն էր Հալէպէն ոչ շատ հեռու, Թուրքիոյ սահմանին մօտ:

Երբ փոքր էի, կը կարծէի, որ Արաբ Բունարը աշխարհի ամէնէն հեռաւոր վայրին մէջ կորսուած աննշան տեղ մըն էր, ուր ես ծնած էի` բախտէս:

Ջարդերէն մազապուրծ ազատած մեծ ծնողքս նախ Հալէպ հաստատուած էին եւ յետոյ, չեմ գիտեր` ինչո՞ւ, Արաբ Բունար եկած էին: Երբ փոքր էի, մտքէս կ՛ըսէի` «մարդ աշխարհի ամէնէն մեծ ու գեղեցիկ Հալէպ քաղաքը կը ձգէ ու հոս կու գա՞յ»: Անկարելի բա՛ն մըն է, որ մեր տուները բեռնակառքի մը կամ հանրակառքի մը վրայ բեռցնեն եւ Հալէպ փոխադրեն:

Մեր գիւղաքաղաքին մէջ երկու մզկիթ կար եւ անոնց քիւրտ սիւննի եւ շիի հաւատացեալները երբեմն ուրբաթ օրուան աղօթքի քարոզէն ետքը իրարու դէմ բուռն կռիւներ կ՛ունենային:

Անունը Արաբ Բունար էր, բայց այնտեղի արաբները, իմ կարծիքով, միայն քաղաքին կառավարական պաշտօնեաներն ու իրենց ընտանիքներն էին` քաղաքապետ, դատաւոր, ոստիկան, դպրոցի տնօրէն, ուսուցիչներ բանտապահներ, եւ` քանի մը սահմանապահ զինուորներ, մնացեալը` քիւրտեր էին մեծաւ մասամբ, եւ հայեր` իրենց առաքելական եւ կաթողիկէ եկեղեցիներով, եւ` հայախօս սուրիանիներ` իրենց եկեղեցիով, ու քանի մը թուրքմեն, զազա ու չերքեզ ընտանիքներ:

Արաբ Բունարը ունէր երկու մասեր` «ջուրէն ասդին եւ ջուրէն անդին». գետակ մը կ՛անցնէր մէջտեղի կամուրջին տակէն:

Թուրքիան մեր տունէն հազիւ 200 քայլ անդին էր, եւ միջոցին` կար մաքսատունը եւ դաշտ մը ուր դպրոցէն արձակուելէ ետք զանազան խաղեր կը խաղայինք, եւ երբեմն, երբ մեր մէջ հայկական արիւնը եռար, թուրք տղոց վրայ պարսատիկով քար կը նետէինք, իրենք ալ մեր վրան: Մեր սահմանին վրան միայն քանի մը սուրիացի զինուորներ կային, մինչդեռ թրքական կողմի զինուորականներուն թիւը անհամեմատ կերպով աւելի մեծ էր, եւ այդ էր գլխաւոր պատճառը իմ հոն ապրիլ չուզելուս: Կ՛ուզէի հեռու ըլլալ թուրքերէն, որովհետեւ անոնք մեծ ծնողներուս հարազատները սպաննած էին եւ բռնագրաւեր էին անոնց տուներն ու կալուածները, որոնց փաստաթուղթերը մեծ հօրս տան խոշոր սնտուկին մէջն էին:

Սկիզբը Արաբ Բունարի բոլոր վաճառականները, արհեստաւորները, բժիշկներն ու մարզիկները հայեր էին, վերջը քիւրտերն ալ սկսան: Ունէինք երկու ակումբ` ՀՄԸՄ եւ ՀԲԸՄ, / ՀԵԸ, իրենց սկաուտական կազմերով փողերախումբերով եւ ֆութպոլի խումբերով, որոնք կը մասնակցէին Հալէպի մէջ Սուրբ Զատկին տեղի ունեցող տարեկան միջմասնաճիւղային զոյգ մրցումներուն ու տողանցքներուն: Հայերը առաւելաբար Ուրֆա Կարմուճի եւ Տիգրանակերտի բարբառներով կը խօսէին իրարու հետ:

Երբ որ ծնայ, Արաբ Բունարի ժողովուրդին

 

 

բարբառներով կը խօսէին իրարու հետ:

Երբ որ ծնայ, Արաբ Բունարի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը քիւրտ էր: Հայերն ալ շատ էին, այնքան շատ, որ ունէին երկու դպրոց Խրիմեան Ազգային նախակրթարան վարժարանը, ուր կը յաճախէին քոյր-եղբայրներս եւ ես, կար նաեւ Բարեգործականի Աւետիս Սարաֆեան նախակրթարան վարժարանը: Տարեվերջերուն փառաւոր դպրոցական հանդէսներ կ՛ունենայինք, ու ես հարմոնիքա եւ ձեռնադաշնակ կը նուագէի, ունէինք նաեւ թատերախումբեր: Մեր գիւղաքաղաքի հայերուն մեծամասնութիւնը Ուրֆացի/ Կարմուճցիներ էին, յետոյ` տիգրանակերտցիներ որոնց մեծամասնութիւնը իրարու ազգականներ էին եւ ջուրէն ասդին կը բնակէին` Թուրքիոյ սահմանին մօտ: Կային նաեւ պերեճիկցի հայ ընտանիքներ:

Բայց տարուէ տարի հայոց թիւը նօսրացաւ, տէր հայր եւ հայ ուսուցիչներ հեռացան, այնքան ատեն որ հայրս հոն էր, եկեղեցին բաց մնաց, Խրիմեան վարժարանը փակուեցաւ, հայոց կալուածները յանձնուեցան Հալէպի առաջնորդարանին: Բարեգործական դպրոցը բաւական ատեն բաց մնաց, եւ հոն յաճախող աշակերտներէն ոմանք կիրակի օրերը հօրս հետ սուրբ պատարագի շարականները երգեցին տարիներով: Մեր ակումբները փակուեցան, վաճառատուներն ու տուները ծախուեցան, մնացին միայն մէկ ձեռքի վրայ հաշուուող հայեր` բժիշկ եւ դեղագործ:

Ունէինք գեղեցիկ լիճ մը, ուր պտոյտի կ՛երթայի՛նք, բայց դժբախտ օր մը անակնկալ հեղեղին քշած տիղմը անոր ակին աչքերը չորցուց եւ զայն խաղադաշտի վերածեց: Կար նաեւ Պըզ Պըզ ջուրը, որուն ջուրը շատ համով, թեթեւ ու մարսողական էր: Հայերը ունէին ֆութպոլի երկու դաշտեր: Բլուր մը ունէինք, որուն գագաթին սրբատեղի մը կար ԶԻԱՐԱԹ անունով: Տարուան մէջ քանի մը անգամ հոն ուխտի կ՛երթայինք` աղօթքի ու մոմ վառելու, անծանօթ սուրբին գերեզմանին: Մեծ հօրս գերեզմանը հիմա այնտեղերն է: Հայերը գերեզմանատուն մը ունէին քաղաքապետարանէն քիչ մը անդին, որ երբեմն կը սրբապղծուէր քիւրտերուն կողմէ: Քառասուն տարի է, որ չեմ գացած հոն:

Հիմա քաղաքին տէրերը քիւրտերն են, որոնք իրենց կեանքերը փրկելու համար Թուրքիա փախած են, եւ երիտասարդ կամաւորներէն ոմանք իրենց ընտանիքը հոն ձգած, կը վերադառնան իրենց քաղաքը` ամրակուռ շարքերով կռուելով փրկելու համար Սուրիոյ երեք ամէնէն աւելի քիւրտերով բնակուած քաղաքներէն մէկը` ծննդավայրս` Արաբ Բունար, Այն Արապ Արաբ Բունարին

:

http://en.wikipedia.org/wiki/Kobanê

Kobani (Kurdish: Kobanê), (Sorani Kurdish: کۆبانێ) or Ayn al-Arab (Arabic: عين العرب‎) is a city in Aleppo Governorate in northern Syria. It is inhabited by Kurds, Arabs, Turkmen, and Armenians according to a 2013 estimate.[1] According to the Syria Central Bureau of Statistics (CBS), Kobani had a population of 44,821 in the 2004 census.[2]

===

Ironically the furks call Ayn El Arab- Arab Bunar -Արաբ Բունար-Արաբ Ակ -Arab Spring **

** http://en.wikipedia.org/wiki/Arab_Spring

Edessa, Urhay, Urfa

*** http://en.wikipedia.org/wiki/Edessa

Edessa (/ɪ'dɛsə/; Ancient Greek: Ἔδεσσα; Classical Syriac: ܐܘܪܗܝ Urhay; Armenian: Եդեսիա) is the historical name of an ancient town in upper Mesopotamia (modern-day Turkey), refounded on an ancient site by Seleucus I Nicator. In modern times, the city is known as Şanlıurfa.

Hi Harut Marut! :happyface:

http://hyeforum.com/index.php?showtopic=37722&page=1&&do=findComment&comment=319402

http://news.am/eng/news/83780.html

http://www.yerakouyn.com/?p=65230

http://www.yerakouyn.com/wp-content/uploads/2014/10/arapunar.jpg

Link to comment
Share on other sites

We have spoken about turkified-kurdified Armenians, now let us see the

ARABIZED ARMENIANS

Above we saw the story of Ayn el Arab, Arab Bunar, Kobani

By Fr. Khachatur Boghosian

Խաչատուր Ա. Քհնյ. Պօղոսեան

Just as Ayn el Arab is in the greater Aleppo province, so is Deir el Zor.

This time, through the Lens of Paghtik Kuyumian (no furkish JI)

http://www.yerakouyn.com/?p=65454

Տէր Զօրի Եւ Սուրիոյ Արաբացած Հայերը` Լուսանկարիչ Պաղտիկ Գույումճեանի Ոսպնեակով

See other pictures.

http://www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2014/10/SA_Talal.jpg

http://www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2014/10/SA_Talal.jpg

 

Սոնիա Աճեմեան կը գրէ.

Լուսանկարիչ Պաղտիկ Գույումճեանը կը պատմէ, թէ պատանի տարիքին խորապէս ազդուելով իր մեծ հօր ու մեծ մօր ապրած Ցեղասպանութեան արհաւիրքի սարսափազդու յիշողութենէն, 1980-ական թուականներէն սկսեալ կը նուիրուի լուսանկարչական արուեստին, արխիւագրելու` հայկական գաղութներու մէջ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներու ընթացքին տեղի ունեցող արդարութեան եւ Հայ դատին նուիրուած բողոքի ժողովրդային հաւաքները: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, սակայն, պատճառ կը հանդիսանայ, որ հեռանայ իր ծննդավայրէն եւ հաստատուի Փարիզ: Վկայուելէ ետք «Նիւ Եորք ֆոթոկրաֆի արթ ինսթիթիուտ»-էն ամբողջովին կը նուիրուի լուսանկարչութեան: 2005-ին, Եղեռնի 90-ամեակին առիթով, լրագրող Քրիսթին Սիմէոնի հետ կը հրատարակէ «Deir-es-Zor» գիրքը, որուն նախաբանը կը գրէ հանրածանօթ պատմաբան Իվ Թեռնոնը: Գիրքը կը հրատարակէ ֆրանսական ծանօթ «Աքթ սիւտ» հրատարակչատունը, հովանաւորութեամբ Ֆրանսայի ամենանշանաւոր ձայնասփիւռի կայանին` «Ֆրանս ինթեր»-ին: «Deir-es Zor»-ը կը բաղկանայ 125 էջերէ, որոնք լուսանկարներու եւ իւրայատուկ պատմողական ոճով գրուած բնագրով կը ներկայացնեն Հայոց ցեղասպանութեան զանազան վերապրողներ, ըլլան անոնք Տէր Զօրի անապատին, Հալէպի կամ Պուրճ Համուտի հայկական ծերանոցին մէջ: Այս տարի, Պաղտիկ Գույումճեան, պահելով Քրիսթին Սիմէոնի բնագիրը, լուսանկարներու յաւելումով Մոնրէալի մէջ կը վերահրատարակէ «Deir-Zor»-ը` անգլերէն թարգմանութեամբ, որ կը բաղկանայ 143 էջերէ:

Պաղտիկ կը պատմէ, թէ ինչպէս տարիներ առաջ, երբ խոստումին համաձայն, իր հայրը Տէր Զօր կը տանի, որպէսզի ան անապատին մէջ հաղորդուի իր նահատակ մեծ հօր ու հարազատներուն խորհուրդով, կ՛որոշէ յայտնաբերել ոչ թէ Ցեղասպանութեան ընթացքին զոհուածները, այլ` Եղեռնը վերապրողները:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ի՞նչ կը փնտռէիր Տէր Զօրի անապատին մէջ եւ ինչո՞ւ:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ցեղասպանութիւնը ինքնութեանս կազմաւորման մէջ մեծ դեր ունեցած է: Ցեղասպանութիւնը թէեւ ծնողներուս կողմէ ինծի փոխանցուած յիշողութիւն մըն էր, սակայն Ցեղասպանութեան որպէս հետեւանք` օտար երկրի մը մէջ ծնած ըլլալս մեծ դեր խաղացած է կեանքիս մէջ, որպէսզի ժամանակին մէջ ետ երթամ ու որոնեմ Ցեղասպանութեան մնացորդացը` որպէս շօշափելի եւ տեսանելի դաշտ իմ ինքնութիւնս բացատրելու, փրկելու այն, ինչ որ տակաւին կը մնայ որպէս փաստ Ցեղասպանութենէն, եւ զայն փոխանցելու յաջորդ սերունդներուն, որպէսզի լաւապէս կարենան ըմբռնել, թէ իսկապէս ի՛նչ էր Տէր Զօրը: Կ՛ուզէի Տէր Զօրի անապատին մէջ գտնել եւ փրկել յիշողութիւնը այն վերապրողներուն, որպէսզի լուսանկարներու միջոցով կարենամ տեսողական եւ շօշափելի օրինակներ արխիւագրել յառաջիկայ սերունդին համար, անկախ պատմական այն գիրքերէն, որոնք ամբողջ պատմութիւն մը կը փոխանցեն ջարդի եւ տեղահանութեան: Իմ նպատակս ջարդը ներկայացնելը չէր, այլ ջարդին որպէս հետեւանք` անապատին մէջ տակաւին յամեցող հետքերը: Իմ լուսանկարչական արխիւագրումս հետքերու արխիւագրում մըն է, որպէսզի օտարին ներկայացնեմ իրողութեան վաւերական փաստերը:

Հ.- Ինչպէ՞ս կը պատկերացնէիր Տէր Զօրը եւ ի՞նչ յայտնաբերեցիր հոն:

Պ.- Տէր Զօրը կը պատկերացնէի հսկայ անապատ մը, ուր տեղի ունեցած է 1915-ի Եղեռնը: Որոշեցի երթալ եւ յայտնաբերել այն բոլոր վայրերը, ուր տեղի ունեցած է մեծ սպանդը եւ որոնել մեզ չարչարող մեծ տագնապը բացատրող շօշափելի փաստեր եւ փրկել զանոնք կորուստէ: Ինչո՞ւ այս մէկը կը շեշտեմ: Որովհետեւ հայերս չունինք Օշուիցի նման պահպանուած շրջան մը, որ ժամանակին դիմաց որպէս վաւերականութիւն կրնայ դիմանալ: Օրինակի համար, Շետտետէն, ուր ջարդ տեղի ունեցած է եւ ժամանակին մինչեւ Մարկատէի յայտնաբերումը եղած է ուխտատեղի, այսօր կորուստի առջեւ կը գտնուի, որովհետեւ հոն յայտաբերուած են քարիւղի հանքեր եւ շրջանը վերածուած է զինուորական գօտիի: Բնակիչներէն միայն ծերերը գիտեն իսկական ջարդի վայրերը, որոնց մահէն ետք հաւանաբար այդ յիշողութիւնն ալ անհետանայ: Ուստի այդ յիշողութիւնը լուսանկարելը ու ջարդի վայրերուն ճգրիտ տեղերը պատմութեան յանձնելն ու զանոնք կորուստէ փրկելը իմ արուեստիս գլխաւոր հրամայականը դարձաւ, որպէսզի նաեւ այս ուղղութեամբ հրաւիրեմ մարդոց ուշադրութիւնն ու գիտակցութիւնը:

Հ.- Այս աշխատանքը հսկայ աշխատանք մըն է, ուրկէ՞ սկսար:

Պ.- Պէյրութ ապրած տարիներուս արդէն կը նկարէի ոգեկոչման հանդիսութիւններ եւ վերապրողներ: Սակայն Ֆրանսա հաստատուելէս ետք միայն իսկապէս հասկցայ, թէ ի՛նչն էր զիս մղողը այդ աշխատանքը կատարելու, ուստի 1996-97 թուականներուն կատարեցի զանազան ճամբորդութիւններ դէպի հայկական գաղութներ` լուսանկարելու վերապրողները եւ ապրիլեան ձեռնարկներ, որպէսզի Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին հրատարակեմ ալպոմ մը, համագաղութային փանորամա մը, որ ցոյց տայ, թէ Ցեղասպանութենէն մէկ դար ետք հայերը ինչպէ՛ս կ՛ապրին եւ ի՛նչ մնացած է Ցեղասպանութենէն ու ինչպէ՛ս կը կատարուի անոր փոխանցումը: Իսկ 2001-էն ետք ձեռնարկեցի Տէր Զօր ճամբորդութիւններս, ուր զանազան շրջաններու մէջ գտայ իսլամացած վերապրողներ, որոնք տակաւին կը գիտակցէին իրենց հայ ըլլալուն: Լուսանկարեցի զանոնք ու անոնց յիշողութիւնը ներկայացուցի գրքիս մէջ, որուն առաջին տարբերակը լոյս տեսաւ 2005-ին: Ծննդավայրիս մէջ միշտ օտար զգացած եմ եւ այդ օտարութեան զգացումը եկած է Ցեղասպանութենէն, ու հաւանաբար այդ էր, որ մղեց զիս, որ չյոգնիմ որոնելէ, չդադրիմ փնտռելէ ինքնութեանս մաս կազմող կորսուող իրականութիւնը:

Հ.- Տէր Զօրի մէջ քու հանդիպած բազմաթիւ վերապրողներու պատմութիւններէն ի՞նչ կրնաս մեզի պատմել.

Պ.- Անապատին մէջ հանդիպեցայ Ապտալլա Թալալ անունով վերապրողի մը, որուն իսկական անունը Յակոբ Տողրամաճեան էր եւ բնիկ ուրֆացի էր: Ցեղասպանութեան ընթացքին Յակոբին մայրը վախնալով, որ զաւակը պիտի չդիմանայ անապատի չարչարանքին, զայն կը յանձնէ արաբ ընտանիքի մը: Տարիներ ետք Յակոբին ողջ մնացած մայրը, իր յամառ փնտռտուքին շնորհիւ կը գտնէ իր զաւակը, սակայն ուշ էր ուշ էր այն իմաստով, որ Յակոբ իսլամացած էր եւ արդէն` ամուսնացած: Մայր եւ զաւակ կը շարունակեն իրենց յարաբերութիւնները եւ Յակոբ իր զաւակներէն մէկուն խնամատարութիւնը կը յանձնէ իր խորթ եղբօր, որպէսզի իր շառաւիղներէն առնուազն մէկը հայ մեծնայ:

Հետաքրքրականը այն է սակայն, որ երբ այս պատմութիւնը համացանցին վրայ տեղադրեցի, Հալէպի մէջ բնակող երիտասարդ մը` Յակոբ Տողրամաճեան անունով, կապուեցաւ հետս ու ի յայտ եկաւ, որ նոյնինքն Յակոբ Տողրամաճեանի եղբօր թոռն էր:

 

Հ.- Պաղտի՛կ, կատարած այս ճամբորդութիւններէդ եւ գրքի հրատարակութենէն ետք ի՞նչ ահազանգ կ՛ուզես հնչեցնել:

Պ.- Գիտէք, իւրաքանչիւր ապրիլ ամսուան ընթացքին, զանազան ուխտագնացութիւններ կը կատարուին այս վայրերը: Դժբախտաբար այդ ուխտագնացութիւնները չեն վերածուիր աճիւններուն նկատմամբ գործնական նախաքայլեր առնելու առիթներու: Այս մէկը կը նշեմ` մեկնած այն իրողութենէն, որ շրջանի բնակիչները եկամուտի եւ շահի աղբիւրի վերածած են յայտնաբերուած ոսկորները եւ զանոնք կը վաճառեն զանազան այցելուներու: Արդեօք պէտք չէ՞ մտահոգուինք այս երեւոյթով: Չէ՞ որ անոնք աճիւններն են մեր պապերուն: Կը կարծեմ, որ յատուկ հաւաքական գիտակցութեամբ պէտք է փրկենք զանոնք կորուստէ ու պահպանենք որպէս վաւերական փաստերը Ցեղասպանութեան: Այս բոլորէն անկախ, զիս տագնապեցնողը իսլամացած վերապրողներու հարցն է, որոնցմէ շատերը կը գիտակցին իրենց ինքնութեան: Այս վերապրողներէն շատերը իրենց բնակավայրերուն մէջ մերժուած են իրենց շրջապատէն, իսկ մեր կողմէ ալ կը մնան անծանօթ: Ինչպէ՞ս վարուիլ այս մարդոց հետ: Ի՞նչ ընել: Արդեօք կրօնը որպէս մեզ անջատող պատնէ՞շ պէտք է ընդունինք ու մերժենք զանոնք, թէ՞ պէտք է տէր կանգնինք անոնց ողբերգական ճակատագրին ու առնուազն չմերժենք ու գիտակցինք անոնց գոյութեան:

Լուսանկարիչ Պաղտիկ Գույումճեանին հետ մեր զրոյցը կ՛աւարտի` զանազան տագնապալից հարցերու առջեւ դնելով մեզ, սակայն անոր «Deir es Zor»-ը կը մնայ վաւերական փաստը անապատին, որուն աւազին վրայ տակաւին դրոշմուած կը մնան Ցեղասպանութեան անժխտելի փաստերը:

=====

To not forget these arabized women

http://www.genocide-museum.am/eng/online_exhibition_2.php

http://hyeforum.com/index.php?showtopic=21754&hl=

====

Other Armenian villages in the environs of Aleppo. Many in Aleppo had family and friends in those villages and visited often,

http://www.al-monitor.com/pulse/originals/2014/04/turkey-syrian-conflict-armenian-genocide-kassab-propaganda.html

From what I remember there was talk about the genocide and there was talk about inhumane violence, but there was also a sense of pride in that Kassab along with a few other Armenian villages Aramo, Ghnemieh and Yacoubieh continued to be inhabited by Armenians after the genocide, Bezjian told Al-Monitor.

Read more: http://www.al-monitor.com/pulse/originals/2014/04/turkey-syrian-conflict-armenian-genocide-kassab-propaganda.html#ixzz3HjbLCYCx

Link to comment
Share on other sites

Never mind the turkifying JI

According to my miniscule furkish dictionary

Dog(h)rama/Doghramji(ji) is a carpenter who cuts (the wood) into pieces ??

Rev Dr. Peter Doghramji. He is half Armenian and half Assyrian

Father ?? Mother ??? Wife- Mary Bedigian. At the present Rev. Doghramji is an authority in the Armenian Culture and Language. He was my teacher at Aleppo College where I first heard about Gilgamesh by him.

http://www.highbeam.com/doc/1P1-93039303.html

Link to comment
Share on other sites

Join the conversation

You can post now and register later. If you have an account, sign in now to post with your account.

Guest
Reply to this topic...

×   Pasted as rich text.   Paste as plain text instead

  Only 75 emoji are allowed.

×   Your link has been automatically embedded.   Display as a link instead

×   Your previous content has been restored.   Clear editor

×   You cannot paste images directly. Upload or insert images from URL.

Loading...
×
×
  • Create New...