Jump to content

Neshandouk yev Harsanik


Takoush

Armenian History Topics  

9 members have voted

You do not have permission to vote in this poll, or see the poll results. Please sign in or register to vote in this poll.

Recommended Posts

ՆՇԱՆՏՈՒՔ ԵՒ ՀԱՐՍԱՆԻՔ

 

(1895-ական թուականներէն առաչ Բարձր Հայքի շրջան)

 

 

Հին ժամանակներէ ի վեր, նահապետական տիրող սովորոյթի մը համաձայն, գիւղացիներուն մէջ, ծնողքը կ՚ընտրէ իր հարսնցուն կամ փեսացուն: Ամուսնութեան տարիքը, անոնց մէջ, քսանէն պակաս պէտք է ըլլայ մանչերուն համար, իսկ աղջիկներուն համար 14 կամ առ առաւելն 15, ատկէ աւելին, աղջկան համար գովելի սովորութենէ դուրս է:

Երբ ընտրութիւնը կատարուի ծնողաց կողմէ, մանչն ու աղջիկը առարկութիւն չեն կրնար ընել. հարկաւ՝ ծնողքները իրենց համար գէշ բան չեն կամենար իրենց ամուսնութեան ընտրութեան մէջ ըսելով կը համակերպին ամենայն հնազանդութեամբ: Երկու կողմերու ծնողաց հաւանութենէն ու վերջնական համաձայնութենէն յետոյ, խոսքկապը կը տրուի, որ արծաթէ մատանի մըն է, կամ զոյգ մը օղ եւ կամ մահմուտիէ ոսկի մը: (Օսմանեան հին զարդոսկի մը որուն արժէքը մերձաւորապէս օսմանեան արծաթ դրամով 60 դահեկան է): Պաշտօնական նշան օրհնել չեն տար քահանային խօսք կապի ատեն, այլ կը թողուն զայն հարաւի օրհնութեան ժամանակ. բայց նշանտուքը նշանտուք է, երկու կողմերն ալ աչքի լոյսի գացողները կ՚ընդունին, զայն իբրեւ կատարուած իրողութիւն համարելով: Գիւղացիներուն օրուան խօսուըռտուքի նիւթը կ՚ըլլայ խօսկապը, «շատ լաւ ընտրութիւն մը, տղան ըլ աղջիկն ըլ յարմար էն: Աստուած խէրլի ընէ, շէն ըլլի, Աստուած թամամին հասցնէ» եւայլն. մաղթանքներ կ՚ընեն: Աղջիկը այլեւս իր համարձակութիւնը կը կորսնցնէ, ալ չի կրնար հոս ու հոն երթալ առանձին: Զգուշանք կ՚ընէ ամէն մէկ քայլափոխին, նշանածին չ հանդիպելու համար, կը տափի անկէ (պահուտիլ) նոյնպէս կը տափի կեսրայրէն, կեսուրէն եւ անոնց տունին բոլոր անդամներէն: Ինչպէս որ ոտքերը զսպած է ամէն տեղ չերթալու համար, նոյնպէս ալ՝ լեզուն չի խօսիր անոնց առջեւ. մանչուն կողմէն ով որ երթալու ըլլայ աղջկան տունը, ինք ամենեւին երեւան չ ՚ելներ, կը պահուըտի տունին մէկ անկիւնը, եւ երբ զինքը ստիպեն, այն ատեն երեսին վրայ քող մը առնելով՝ կ՚երթայ ակամայ, եկողներուն ձեռք պագնելու արարողութիւնը կ՚ընէ ծա՜նր, ծա՜նր ծռելով: Ասիկա երկար կը տեւէ, եւ կը նկատուի համեստութեան եւ պարկեշտութեան արտայայտութիւն. աչքերն ալ կը զսպէ. այսինքն, չի նայիր վեր կամ դիմացը կամ կողմնակի այլ միշտ վար, գլուխը կախ իբրեւ պայման ամօթխածութեան: Երբ դաշտ կ՚երթայ, կամ պարտէզ, այգի, կալ եւ կամ աղբիւր՝ ջուր բերելու, այս երեւոյթը կ՚առնէ: Բայց առանց տեսանելի ընելու չարաճճի նայուածք մը կը նետէ դէպի նշանածին տունը, հոն թերեւս տեսնելու համար նշանածը, փնտռտուք մը կ՚ընէ կէս գոց, կէս բաց աչքի նայուածքով, կամ անոր տան դրան առջեւ, կամ չարտախին մէջ, կամ տանիքին մեծ բուխերիկին ետին եւ կամ գէր ու խոշոր գոմէշները աղբիւրը լոգցնելու տարած ատեն կ՚ուզէ երեւնալ նշանածին եւ նշանածն ալ՝ իրեն, երբեմն ալ ազատութիւնը կ՚ունենայ այդ պարագային մեղմ ու ամօթխած հազ մը ստեղծել կոկորդին մէջ նշանածին ուշադրութիւնը իրեն վրայ դարձնելու. այս անմեղ հետապնդումները երկու կողմէն ալ կ՚ըլլան եթէ զիրենք լրտեսողներ չունենան, հակառակ այդ զգուշութիւններուն, մերթ կը մատնուին եւ կ՚ընդունին չախեր իրենց ծնողներէն, մանաւանդ աղջիկը, այդ չախերէն գետնէ գետին կը մտնէ:

Link to comment
Share on other sites

Ուրեմն շարունակութիւնը։

 

Երբեմն նշանուած կը մնան տարիներ, տարին երկու մեծ տաղաւարներուն երկու անգամ "փայ" (բաժին) կը տանին տղուն կողմէ աղջիկին տունը, հոն գացողներուն թիւը պարագային համեմատ, կը հասնի քսանէն մինչեւ 40 հոգիի, տարուած "փայ"ին գլխաւոր նիւթը կը կազմեն թոնիրին մէջ խորոված ոչխար մը, լայն ու խոշոր ափսէի մը վրայ լաւ պատրաստուած անուշեղէն մը, որուն մէջտեղը մեծկակ նուռ մը կամ խնձոր մը դրուած. ասկէ վերջ հարսնցուին տրուելիք հագուստներուն ծրարը տօնական օրերը հագնելու համար. հագուստներն են զանազան գոյներով կերպասներ, թաշկինակ, սեւ մետաքսէ փուշիներ, մատանիներ, արծաթեայ ապարանջաններ, եւայլն, եւայլն։ Նոյնը կը կրկնուի յաջորդ տաղաւարին, տղուն կողմէ գացող բոլոր հիւրերը հարսնցուին նուէրներ կուտան, իւրաքանչիւրը իր կարողութեան համեմատ, քսաննոց ոսկիէն (օսմ. ղազի) պակաս չկայ, անկէ վեր տուողներ շատ կ՚ըլլան. բնականաբար տղուն հայրն ու մայրը աւելի արժէքաւոր նուէրներով կ՚օժտեն իրենց ապագայ հարսը։ Այս "փայ"ը կը կրկնուի տարին երկու անգամ անոր համար որ հարսնցուն իրենց տունին մէկ անդամը սեպելով, պարտաւոր են բաժին հանելու անոր։ Վերջապէս հարսնիքին օրը կ՚որոշուի աղջիկին հօրմեն վերջին խօսքը առնելէն եւ անոր ձեռքը իբրեւ պաշլըխ (գլխագին) 10-15 օսմ. ոսկի դնելէն յետոյ։

 

Հարսանիքին որոշումը տրուելուն պէս, կ՚սկսին պատրաստութիւններ տեսնել. այդ առթիւ, բացառիկ ծախքի նախահաշիւը այդ տարուան պիւտճէին մէջ անցուած է արդէն. պսակի արարողութենէն շաբաթ մը առաջ, եթէ ունեւոր են հարսնիքի տէրերը տաւուլն ու զուռնան կը բերեն, եւ կ՚սկսին իրենց աւանդական հաճելի եղանակները հնչեցնել, տալու համար ազդարար նշանը գիւղացիներուն թէ հարսնիքը սկսած է։ Ալ հո՛ն են գիւղին երիտասարդները, չափահաս կամ անչափահաս աղջիկները, մեծ, պզտիկ հոն են, ամենեւին ինչո՞ւ են եկեր ըսող չկայ, հարսնիք է որովհետեւ, ամօթ կ՚ըլլայ իրենց համար եթէ մէկը ոեւէ պարագայի տակ վշտանալով հեռանայ հարսնետունէն, զայն հարսնետուն բերելով կրկին, հազար ներողութիւն կը խնդրեն անկէ։ Գիշեր ու ցերեկ տաւուլին ու զուռնային ձայնը չի դադրիր. ամէն մէկ անգամին երկու կամ երեք աղջիկներ, կամ կիներ եւ կամ հարսներ կը պարեն առանց իրարու ձեռք բռնելու, ձեռքերնին մէկ մէկ թաշկինակ բռնած կը խաղան վարժ ու ճկուն շարժումներով։ Նոյնը՝ հարսին տունը, բայց ոչ ամէն օր, այլ միայն վերջին իրիկունն ու առավօտը։ Այդ իրիկունը հարսը հագցնելու, իր երեսին քողը ձգելու եւ ձեռքերը հինայելու կ՚երթան տաւուլով ու զուռնայով, այդ միջոցին, ամենէն յուզիչ եւ արցունք խլող եղանակները կը նուագուին զուռնաճիին վարժ մատներուն տակ. ան կը լացնէ հարսն ալ, անոր ծնողքն ալ եւ ազգականներն ալ։ Յետոյ հարսին թեւերէն բռնած ոտքի կը հանեն զայն, ըստ սովորութեան որպէս զի պարէ, վերջապէս, այդ հարկադրանքին տակ թէ կուլայ, թէ կը պարէ հարսնեւորներուն նէննիներուն եւ ծափերուն միջեւ, վերջը կարգը կը տրուի զուռնաճիին, որուն փչելու եռանդը կ՚ելէքտրականանայ այդ պահուն, կարծես թէ մեռելներուն անգամ պարել կուտայ, ինչպէս կ՚ըսեն գիւղացիները։ Հարսը հագցնելէն վերջը, կը վերադառնան փեսին տունը, ուր փեսա-մանուկները կեցած իրենց կ՚ըսպասեն, որպէսզի փեսան հագցնեն, նախ զայն գաղջ ջուրով կը լոգցնեն, ու յետոյ ճերմակէղէնները հագցնելով, անոր թեւերէն բռնած կը բերեն զինքը հոն, ուր քահանան եւ հարսնեւորները նստած են, արդէն առաջուընէ հալաւը օրհնուած ըլլալով զգեստները իրարու վրայ կարգով սեղանի մը վրայ քահանային առջեւ են։ Փեսան եւ բեսա մանուկները ոտքի կը կենան որպէսզի զայն զգեստաւորեն օրհնուած հագուստներով։ Քահանան, լուսարարը, կամ վարժապետը «Խորհուրդ խորին»ով կ՚սկսին, առաջին տունը միայն կ՚երգեն, վերջը հագցուելիք հագուստներէն հատ հատ կ՚առնեն կը գովեն եղանակներով ու կուտան փեսայ մանուկներուն, որոնք իրենց կարգին հագուստին անունը տալով կը գովեն այսպէս.

 

«Ըսէք շնաֆոր, վայլէ շնաֆոր,

Ըս մեր թագւորին ելակ (բաճկոն) շնաֆոր,

Ըսէք շնաֆոր, հագնի շնաֆոր,

Ըս մեր թագւորին չորապ շնաֆոր։»

 

 

Շարունակելի։

 

Link to comment
Share on other sites

Եւ այսպէս կը շարունակեն երգելը մինչեւ փեսին գուլպաներու, կօշինկներու հագնիլը: Փեսան հագուստներով զարդարուելէն յետոյ սիւնի մը կռթնած կը կենայ ոտքի, կնքահայրը փեսայ մանուկներու հետ, նոյն ատեն ծառ մը կը բերէ (զոր նախապէս պատրաստած կ՚ըլլան) մէկ ու կէս մէթր բարձրութեամբ, որուն գագաթը եօթը ճիւղեր պիտի ունենայ ճկոյթի մը չափ հաստ: Ատոնց վրայ կը շարեն խնձորներ, տանձեր, չամիչի շարոցներ, ու յետոյ ճիւղերուն բոլոր ծայրերը միացնելով վրան կ՚անցնեն մեծկակ նուռ մը զարդարուած ժապաւէններով, բամպակէ ոլորուած ճերմակ պատրոյգներով, այս ծառը որպէս թէ փեսին ու հարսին ապագայ բարգաւաճումը կը խորհրդանշէ, ինչպէս որ այդ պահուն, նոյնիմաստ երգով ծառը կը գովեն այսպէս.

 

Էթամ բերիմ զոգ մը կաքաւ,

որ գայ գովը ծառնը ծաղկեր:

Հարս ու փեսան ծառ տնկեցին,

եկէք գովինք ծառն ը ծաղկեր:

 

եւլն. յետոյ կ՚սկին փեսան գովել, դարձեալ եղանակներով, այսպէս.

 

Թագւոր ի՜նչ բերիմ քու նման,

քու կանանչ արեւուդ նման.

թէ օր բերիմ կարմիր վարդեր,

չեն նմանիր թուշիդ կարմիր,

թէ օր բերիմ ջորի ու ձի.

չեն նմանիր պօյիդ էրկան.

թէ օր բերիմ հարս մը աղկէկ (աղուոր)

ան պիտ նմանի սրտիդ թագւոր:

 

ու երբ այս գովասանքի արարողութիւնները կը վերջանան, հալաւին հետ միասին, օրհնուած թուրը կուտան փեսին իբրեւ թագաւորի որ անով պաշտպանէ իր թագուհիին պատիւը, յետոյ մետաքսեայ թաշկինակի մը մէջ ծրարուած կարմիր, հոտաւէտ խնձոր մըն ալ կուտան փեսին իբրեւ որդեծնութեան նշանակ, ասոր հետ կը տրուի նաեւ Աւետարան մը, երբ փեսան կարդալ գրել գիտէ, երբ պսակուելու կ՚երթայ, պսակէն վերջ, Աւետարանը կ՚առնեն անկէ. բայց թաշկինակով խնձորը՝ ո՛չ. զայն քիթէն չպիտի հեռացնէ, մինչեւ հարսնիքին աւարտումը:

 

Նոյն ատեն՝ պարագլուխներէն մէկը որ աւելի փորձառութիւն ունի, իր բոլոր ուժովը կը պոռայ.

—Փեսա՛յ մանկտի՜ք...

—Հրամեցէ՛ք.

—Ըսէ՛ք. «Թուրը կտրո՜ւկ թագաւորի՜ն»:

Նոյնը կ՚ըսեն փեսայ մանուկները:

—Աստղը պայծա՜ռ թագաւորի՜ն, բաղդը բանո՜ւկ թագաւորի՜ն, շատ տարիներ թագաւորի՜ն, շնաֆոր, հա՜, շնաֆոր..., կը կրկնեն ամէնքն ալ մէկ բերան:

 

Ընդհանրապէս, շատ մը գիւղերու մէջ, հարսնիքներու նախօրեակը կը կատարուի կիրակի իրիկուն, թէ փեսին եւ թէ հարսին տուներուն մէջ, հագցնելով անոնց պսակի հագուստները՚: Երկու կողմն ալ, մանաւանդ փեսին կողմը, մեծ ու պզտիկ, առանց քնանալու, խաղալով, պարելով, կերուխումով կը զուարճանան մինչեւ առտու:

Արշալոյսէն քիչ վերջ, արդէն պատրաստած են փեսին ու հարսին ձիերը անոնց դռներուն առջեւ, զանոնք եկեղեցի տանելու համար: Ձիերով պսակի տանիլը՝ սակայն, ամէն տեղերու համար չէ, այլ գիւղերուն համար որոնց եկեղեցիները գիւղէն դուրս կը գտնուին շատ հին դարերէ ի վեր. անշուշտ նախապէս գիւղը բազմամարդ եղած է եւ տարածուած եկեղեցիին շուրջը, յետոյ հալածանքներու կամ տնտեսական այլ պատճառներով ան կոտորակուած է, եւ եկեղեցիին շուրջը գտնուող տուները քանդուած են այս կերպով ան գիւղէն հեռու մնացած է:

 

Նախ հարսը առնելու կ՚երթան տաւուլով ու զուռնայով: Հարսին փոքր եղբայրներէն մին (հարսնաղբարը) նախապէս ձին կը հեծցնեն: Իբրեւ թէ ան չուզեր որ իր տունէն բաժնուի: Բայց յետոյ անոր նուէր տալով կը հաւանեցնեն ու ձիէն վար առնելէ վերջ, հարսը կը հեծցնեն: Այդ ատեն գիւղին բնակիչներու մեծ մասը դուրս կը թափուի, տանիքներու ցուիքներուն վրայ, փեսին ու հարսին անցքը դիտելու համար: Փեսան առջեւէն, հարսը անոր ետեւն կը տարուին եկեղեցի: Հոն, դրան առջեւը, վար կ՚առնեն զանոնք ձիերէն ու կը տանին սեղանին առջեւ ուր քահանան կ՚սպասէ իրենց, կատարելու համար պսակի Ս. խորհուրդը:

Պսակի ձեւը նոյնն է ամէն տեղ: Փեսային բռնած թուրը կնքահայրը կ՚առնէ, խաչին հետ միասին կը դնէ փեսին եւ հարսին միացած գլուխներուն վրայ. աս ալ շատ խորհրդաւոր իմաստ մ՚ունի իր մէջ... մեկնութիւնը ընթերցողին կը թողում:

 

Պսակը կատարուելէն յետոյ, նորէն հեծած, կուգան հարսն ու փեսան դէպի փեսին տունը: Տաւուլն ու զուռնան լեռ ու ձոր կը թնդացնեն իրենց բամբ ու հնչեղ ձայներով, բայց այս անգամ ոչ թէ յուզիչ ու տխուր եղանակներ կը հնչեցնեն, այլ յաղթական բանակի մը քայլերգը կարծես: Այդ միջոցին վարժ ու փորձ վահան խաղացողները կը խաղան այդ հին, բայց դիւցազնական հետաքրքրաշարժ խաղը:

 

 

Շարունակելի...

Link to comment
Share on other sites

Տղուն ծնողքը, մանաւանդ մայրը կ՚սպասէ փեսան ու հարսը ընդունելու համար, տան դրան առջեւ, ուր անոնք վար կ՚առնուին ձիերէն: Փեսին ծնողքը անոնց ճակատները համբուրելէն վերջը, գառնուկ մը կամ ուլ մը փեսին բոլորտիքը դարձնելով կը մորթեն զայն դրան սեմին վրայ, որուն վրայ կոխելով պիտի անցնին հարսն ու փեսան ու երթան իրենց յատկացուած տեղը ոտքի վրայ կենալու: Նստիլ չկայ երբեք, ժամերով ոտքի կը պահեն զանոնք իբր պատիժ. այն իմաստով որ անգամ մըն ալ չ՚ամուսնանան (վաղաժամ մահ չունենան): Այդ օրը մինչեւ իրիկուն հարսնիքին հանդիսաւորութեան էն գեղեցիկ օրը կըըլլայ: Մինչեւ երեքշաբթի կէսօր հարսնիքը կը տեւէ ամենէն տաք խրախճանութիւններով՝ նոյն օրը, կէս օրուան ատեն պսակի նարօտը վար կ՚առնուի: Անկէ յետոյ փեսան անմիջապէս պարելու կը հանեն. կը պարէ հարսին ներկայութեան եւ փոխադարձաբար՝ հարսը: Այդ պարելով վերջապէս հարսնիքը կը փակուի տաւուլն ու զուռնան այս անգամ թոյլ ու կէս սրտով կը հնչեցնեն թափթփուկ եղանակներ, փեսան կնքահօրը տունը փախցնելու համար, ուր պիտի մնայ մինչեւ ուրբաթ օրը, այսինքն՝ չորս օր:

Փեսան ու կնքահայրը, փեսա մանուկներուն հետ միասին, հարսնետունէն դուրս կը հանուին եւ շիտակ կ՚երթան կալերը, ջրաղացներու առուներէն կամ աղբիւրէն քարընկեցի մը չափ հեռու կը կենան, ուրկէ փեսան ու կնքահարը կը վազեն արագութեամբ դէպի այն առուն, զայն երկու մասի բաժնելու համար՝ փեսան իր թուրովը, իսկ կնքահայրը՝ այդ թուրին պատեանովը, որպէս թագաւոր եւ թիկնապահ: Անկէ վերջը կ՚երթան կնքահօր տունը եւ պզտիկ ուրախութիւն մըն ալ հոն կ՚ընեն հարսնիքը կը վերջանայ:

 

Փեսան չորս օր կնքահօր տունը կը մնայ փեսայութեան հագուստներով, կնքահօր հետ միասին այցելութիւններ կուտայ իր եւ կնքահօր ազգականներուն եւ բարեկամներուն, միշտ կերուխումով զուարճանալով, երբ անոնց մեկնելու պահը կուգայ զիրենք պատուասիրող տուներէն, ատոնց տանտիկինները փեսին գլուխը կը զարդարեն բամպակէ ճերմակ պատրոյգներով, այնպէս որ ան նոր ծաղկած նշենիի մը երեւոյթը կ՛առնէ: Ուրբաթ իրիկուն մթնշաղին, ուր այլեւս ամէն ոք իր տունը կը քաշուի, ու դուրսը մարդ մարդասանք չի տեսնուիր, կնքահայրը փեսան առնելով կը տանի փեսին տունը, ուր արդէն պատրաստութիւն տեսնուած կ՚սպասեն անոնց: Փեսին ծնողքը, տանը բոլոր անդամները փեսին ու կնքահօր հետ կ՚ուրախանան, կը զուարճանան ուտելով ու խմելով: Ամէնքը ցնծութեան մէջն են այդ իրիկուն, միայն նոր հարսը մէջտեղը չկայ, երեւան չ՛ելլեր ան այդ միջոցին, անկիւն մը կծկտած է. կ՚սպասէ այդ խրախճանութեան վերջանալուն...: Արդէն այդ իրիկուն կնքահայրը փափկանկատօրէն շատ չի նստիր հոն. շուտ կը մեկնի փեսին տունէն:

 

Հարսանիքը վերջացած է: :)

 

Link to comment
Share on other sites

Խե՜ղճ տղա...Երևում է «կարմիր խնձոր» հեչ չես կերել ու չգիտես, թե ինչի մասին է խոսքը: :P

 

Մյուս կողմից էլ, էդ վերանա Ամերիկայում «կարմիր խնձոր» կա՞, որ իմանաս ինչն-ինչոց է: :D :D

Edited by SAS
Link to comment
Share on other sites

Կարմիր խնձոր

 

Երեկոյան` հյուրերի գնալուց հետո, քահանան իր կապած կարմիր-կանաչ թելերն արձակում էր նորապսակների ձեռքերից (արդեն նշված նպատակով): Այդ պատասխանատու արարողության ժամանակ քավորը նրանց գլխավերեւում պահում էր թուր ու վահան: Նորապսակների համար անկողին պատրաստում էր հարսնաքույրը: Ամուսնական անկողնու կողքին դնում էրն կարմիր գինի, մրգեր, մեղր, քաղցրավենիք: Հայաստանի հայերի մոտ այդ գիշեր տանը ոչ ոք չէր մնում: Տնեցիները գիշերում էին ազգականների, կամ հարեւանների մոտ: Վաղ առավոտյան տղան, ամաչելով երեւալ ծնողների աչքերին, գնում էր ազգականներից մեկի տուն: Բարեկամները ուշ երեկոյան ամաչկոտ տղային հայրական օջախ էին վերադարձնում, ուր նա համբուրում էր ծնողների ձեռքերը:

 

Պայթյունավտանգ իրավիճակ կամ կարմիր խնձոր

 

Դժվար է ասել, թե որ ժամանակներից սկսած են հայերը պահպանում "կարմիր խնձորի" գաղափարը: Հայաստանում միշտ չէ, որ ունեցել են "կարմիր խնձորի" ավանդույթը: Հայտի է, որ հեթանոսական Հայաստանում աղջիկներն իրենց անմեղությունը Աստղիկ աստվածուհու պաշտամունքի օրը զոհաբերում էին աստվածուհու անունը կրող տաճարում. զոհաբերում էին պատահական անցորդներին, օտարականներին, այլ խոսքերով ասած` տուրիստներին: Հետագայում այդ աղջիկները դառնում էին ամենացանկալի հարսնացուները, քանզի նրանց գեղեցկությունը հովանավորվում էր անձամբ Աստղիկի կողմից: Չարժե քննարկել, առավել ևս քննադատել մեր նախապապերի բարքերը, քանզի արժեքային համակարգերը բազմաթիվ փոփոխություններ են կրել մինչ մեզ հասնելը: Ակնհայտ է սակայն, որ "կարմիր խնձորի" գաղափարը, դարերի ընթացքում մի ծայրահեղությունից մյուսը անցնելով, այնուամենայնիվ, եկել-հասել է մեզ:

 

Պահպանողական հասարակարգում այդ խնձորը աղջկա անմեղության սուրբ վկայությունն էր: Հատուկ արարողություն էր "կարմիր խնձորի" առկայության ստուգումը: Հավաքվում էին հեռու-մոտիկ ազգականներ, հարեւաններ, բամբասկոտ կանայք (որոնց բերանը փակելը ծայրահեղ անհրաժեշտություն էր) եւ ստուգումներ անցկացնում: Հաճախ բանը հասնում էր այնպիսի ծայրահեղության, որ սկեսուրը առաջին գիշերվա սպիտակեղենը ընկնում էր դռնեդուռ բոլորին ի ցույց: Տխուր տրամադրություն չառաջացնելու համար կխուսափենք նկարագրել այն ամենը, ինչ տեղի էր ունենում հարսի հետ "կարմիր խնձորի" բացակայության ժամանակ: Ավելացնենք միայն, որ աղջկա դրությունը աննախանձելի էր լինում, արժանի խորին ցավակցության: Այնուամենայնիվ, դրական արդյունքի դեպքում փեսայի մայրը, հորաքույրը, մորաքույրը եւ այլ կինարմատ ազգականներ, սկուտեղի մեջ դրած իսկական կարմիր խնձոր, ուղեւորվում էին հարսի տուն` աչքալուսանքի: Հարսի տանը, սեղանը գցած, արդեն սպասում էին նրանց:

Edited by Ashot
Link to comment
Share on other sites

Sas jan, indz mot hajax e stacvum dzer qagaq@ aycelelu. Aveli konkret, Moskvan im disneylandn e isk rusner@ heqiatayin ashxarhi antev hrestakner@ :)

Արատտա,

 

ես քեզ հետ համամիտ եմ, որ ռուս կանայք «փեշից մի քիչ թույլ են», :) բայց Մոսկվայում «կարմիր խնձոր» չիք:

 

Շան լակոտները խակ-խակ, ցոգոլ-ցոգոլ ուտում են, չեն թողնում որ հասնի... :D :P

Edited by SAS
Link to comment
Share on other sites

Արատտա,

 

ես քեզ հետ համամիտ եմ, որ ռուս կանայք «փեշից մի քիչ թույլ են», :) բայց Մոսկվայում «կարմիր խնձոր» չիք:

 

Շան լակոտները խակ-խակ, ցոգոլ-ցոգոլ ուտում են, չեն թողնում որ հասնի... :D :P

 

Այսինքն՝ տէրտէրներին գործ չի մնում. օրհնելու կապակցութեամբ:

Link to comment
Share on other sites

Isk karogheq asel vorne tarberutsyun@ Hary Rus yev Amerikatsi axchikneri mech???

 

 

Lav petq che shat tanjvel ~ Amerikatsu het qneluts heto aravotsyan verkanumes na asume hajoghutsyun yev gnum... Rusi het qnumes aravotsyan hamarne talis yev gnum... Hayi het qnelu hajort aravotsyan verkanumes yev na qez asume - De sirelis herustatsuyts@ kd@nenq aystegh, seghan@ ayntegh!!! :P

 

Nuyn hajoghutsyamp Sas jan qo asatsne, Rusasstan@ vonts karmir x@ndzor unena?

Link to comment
Share on other sites

kyanq tesats mard es Sas jan. Indzanic lav gites vor karmir xndzor@ kam cogol@ der amen inch che...

Du Los Angeles ari ktesnes vor Yerevanyan tund draman tegapoxvel e esteg. :) Dzez mot tekuz cogol-cogol utum en, bayc eli 'hoqov' menum en karmir xndzori vijaki mej. Knoj@ vochinch etqan chi zardarum inchqan kanaci qaxr jpit@ u hoquc poxancvats jermutyun@. Du vor dran sovores es :) Amerikayum djvar te mek amis avel dimanas.- :) daje yete Washingtoni bolor karmier xndzoner@ qez tan :)

Link to comment
Share on other sites

Այսինքն՝ տէրտէրներին գործ չի մնում. օրհնելու կապակցութեամբ:

 

Ari qez mi hetaqrqir ban patmem Johannes jan. Moskvayum Amerikyan Marriott hyuranoc ka vortegh jam@ 2-ic heto bar@ pakvum a. Gisherva et jamin yerb qnel cheinq uzum, qaylelov gnum einq karmir hraparaki moti Rissiya hyuranoc(vor@ him chka) vortegh bar@ amboghj gisher bac er. Inchqan vor tarorinak yereva, gisherva et jamin es barum amen tasak mardik ein havqvum. Gortsararer, mtavorakan(jzarmanas), turistner, hayastani karavarutyuan andamner, nuynisk hancavor ashxarhi narkayacucichner, fulboli yerkpagunner, marmanavajarner... Mi angam marmnavajar axchikneric mek@ terteri asec 'indz hamar agotir vor gortsers hajogh lini'. Terter@ vor arden gitakcel el sra ov linel@ asec 'kagotem qez hamar chnayats vor marmanavajar es'.

 

Rusastan@ misht yegel u mnalu e contrastneri yerkir. Nuynisk marmnavajar@ u mardaspan@ terterneric orhunutyn es aknkalum.

Link to comment
Share on other sites

Թագուհու հրաշալի թեման փչացրինք: Տիկին Թագուհի, ներիր մեզ բոլորիս ու մեր զավզակությունները անխնա ջնջիր՝ «ավլեմ - թափեմ փոշին երգելով»: :)

 

Իսկ թեման, իսկապես, հրաշալի է: Խնդրում եմ շարունակիր և մի զլանա նշել աղբյուրը(հեղինակի, գրքի անունը ևն ): Չարաճճիություն չեմ անում, լուրջ եմ խնդրում: :P

Link to comment
Share on other sites

Քրիստոնէութիւնը քարոզում է ՍԷՐ եւ ՆԵՐՈՂԱՄՏՈՒԹԻՒՆ, որն ամենաշատ մարմնավաճառներին է դուր գալիս:

 

Հաւատացեալներ. կրօնի օրէնքը ձգախեժի (կաւչուկ) նման հարմարեցնում են իւրեանց պէտքին:

 

Մարմնավաճառներին չեմ մեղադրում, եթէ կան մարմնավաճառ կանայք, ուրեմն կան այդ կարգավիճակին հասցնող այրեր, գուցէ հայր, եղբայր, ամուսին կամ իշխանութիւն լինեն: Ուզում եմ կնոջ տեսնել սրբութեան գահին բազմած, թէկուզ եւ մարմնավաճառին, քանզի նա կեանք է բաշխում, նրանից աշխարհ է ծնում:

 

Արդի մարդու կենցաղը է այնպիսին, երբ մարմնավաճառը ոչ մարմնավաճառից զանազանւում է՝ փող առնելու պահով, սիրոյ ընկեր փոխելու յաճախականութեամբ: Կանայք ճանաչում են մէկից աւելի տղամարդ, իսկ տղամարդիկ՝ արդէն «ի վերուստ» ունեն այդ իրաւունքը (խօսքս մասնաւոր չէ, այլ ընդհանրապէս մարդկութեան մասին է): Սրբակենցաղ մարդիկ ի չիք համարելու չափ քիչ են, այդուհանդերձ՝ մարմին վաճառելուց աւելի ահաւոր է հոգիի վաճառքը: Մարդիկ իրենց հոգին չեն ապրում, այլ ճորտացնում են պատրաստի կաղապար-գաղափարներին: Մարդը ձեւանում է երջանիկ, իբրեւ այդպիսին է, քանզի ապրում է հասարակութեան, մի ուրիշի, իրեն նման մի ախմախի, հաստատած օրէնքով: Այդպիսով՝ նա ձերբազատւում է իր հոգիի կանչով ապրելու պատասխանատւութիւնից: Ուղեղը եւ հոգին, մշտական պայքարի մէջ են լինում, որից կեանքն է մաշւում: Հոգին ձգտում է սիրած էակին, գուցէ լինի մարմնավաճառ, եթովպիացի, չինացի, այշա, մինչ ուղեղը՝ ուզում է «պաշտպանել» իրեն կրողին. հասարակութեան դատապարտումից: Ազգեր գոյատեւել են, իրենց հասարակութիւնների հաստատած օրէնքներով, դրանում չկասկածել, այլապէս՝ հասարակութիւնը, նոյնինքն ազգը, ազգ լինելուց դադարում, եւ տարբաղադրուելով վերածւում անձերի: Երանի նրան, ով կարողանում է համապատասխանեցնել իր հոգու եւ ուղեղի կանչերը, մնալով հասարակութեան օրէնքի մէջ. ապրում իր հոգին:

 

Ժամանակին, երբ դեռ տաքարիւն երիտասարդ էի, ընդվզում էի այս կարգի՝ արտաամուսնական սեռային ընկերային երեւոյթներից, հիմա համոզուել եմ, որ եղել են, կան, ու դեռ պիտի լինեն, յաւիտեանս յաւիտենից:

 

Ուզում էի ձաղկել տէրտէրների շահասիրութիւնը, որ առիթը բաց չի թողնում օրհնանքի: Վերեւում, արձանագրուել է փեսայի ներքնաշորերը օրհնելու պահը: Մնում է օրհնել բուն հերոսը...: Չգիտեմ պատմական Հայաստանում ինչպէս եղել է, բայց այստեղ՝ միայն փեսայի արտաքին տարազն են օրհնում:

 

Ինչպէս քաղաքական գործիչը, նոյնպէս եւ կղերը, շահագործում է քաղաքացու ու հաւատացեալի, ազնուագոյն ու միամիտ զգացմունքը:

 

Աղօթում են աւելի շատ իրենց գրպանի լիութեան, քան հոգու անմահութեան համար:

 

Փոքրաքանակ վաճառում են. Աստծուց ձրիօրէն վերցրած մեծաքանակ օրհնանքը:

 

Արդար լինելու համար ասեմ՝ կը գտնուեն եկեղեցւոյ իսկական ծառաներ, թէեւ 100 ի վրայ 1 տոկոսով, բայց այդպիսիք էլ կը հալածուեն. մեծամասնութեան կողմից: Նոյնն է պարագան այն պաշտօնեային, որ նշանակուելով պետական մի փտած հաստատութիւնում, աշխատում է ճիշտ ու անկաշառ, եւ վնասում իր գործընկերների «գործին»:

 

Եթէ նկատել էք, տաս տեսակ միտք յայտնեցի, մէկը միւսին հակասող, սակայն լրացնող, վասնզի այս է կեանքը. հակասութիւնների համանուագ:

 

Ոճրագործ են բոլոր հայրերը, քանզի ծնում են իրենց նմաններին, ու լքելով թողնում ենթակայ՝ կեանքի ճիրանին: Աստուած, կամ բնութիւնը, հրահանգեց հայրութիւնը: Ոճրագործ է բնութիւնը, կեանքը՝ վայրի: Մարդկութեան նորագոյն օրէնքները, շպարուած նոյն օրէնքներն են նախամարդուն:

 

Յետ գրութիւն.

 

Աշոտ ջան, հայ աղջիկները համեմատելով ռուս ու ամերիկացի աղջիկներին, իրականում գովասանում ես, եւ վկայում հայի շինարար էութիւնը: Մինչ ամերիկացին անհետ կորչում է, ռուսը մի պուճուր հետք թողնում, հայը աշխատում է, մտածում ու յաւերժանում:

 

 

Link to comment
Share on other sites

Ուզում եմ կնոջ տեսնել սրբութեան գահին բազմած, թէկուզ եւ մարմնավաճառին, քանզի նա կեանք է բաշխում, նրանից աշխարհ է ծնում:

 

harqanqs qez barekam. sranic lav yes chei karogh asel. qez het amboghjovin hamadzayn em.

 

 

 

«Կտոր մ՛ երկինք» @ hishum es?

 

http://www.youtube.com/watch?v=cbffV8zRDD4

 

 

 

 

 

Link to comment
Share on other sites

իրականում գովասանում ես, եւ վկայում հայի շինարար էութիւնը: Մինչ ամերիկացին անհետ կորչում է, ռուսը մի պուճուր հետք թողնում, հայը աշխատում է, մտածում ու յաւերժանում:

 

Johannes jan, der mi qani angam yes het em galu vor noric kardam qo es grats@. Chzarmanas yete noric anradarnam qo gratsin. Isk es vorjin togher@ espes kmknabanei...

 

Kyanqi @nker @ntrelu harcum payman e vor kogakicd iren eutyamb lini shinarar-aysinqn karuchogh ujh... Hakarak depqum vochinch chi stacvi. Patahakan chi vor asvum e knoj qandats@ astvats chi gandi, -knoj sarqats@ astavats chi sarqi. Dranum yerku kartsiq linel chi karogh linel. Bayc qandel sarqel aselov payman e nayev usahdrutyun dardznel andzi kogmic ir kogakci nerashxarhi vra toghats hetevanqneri masin. Mer irakanutyan mej es harci vra bacarapes ushadrutyun chi darcvum. Cavoq, shat depqerum mardik irenc kogakcin tesnum en miayn u miayn vorpes mijoc... aysinqn, arjeqn u mijoc@ nuyn hardutyan vra en dnum dranov darcnelov irenc amushnutyun@ orinakancvats pornkutyun. Anhajogh amusnutyunneri himnakan padjar@ nranum e vor kogmeric mek@ sharunak talov sparvum e-hoqepes u zgacmunqnerov. Hamozvats em du inqd shat shat orinkner gites yerb mardik irenc :shinarar eutyamb" tvum e te amen inch hasel en bayc tarapalic kyanq unen? Ardyoq da cuyc chi talis vor andz@ ir eutyam aynqan el shinarar che inchqan da artaqnapes yerevum e?

 

 

Link to comment
Share on other sites

Johannes jan, der mi qani angam yes het em galu vor noric kardam qo es grats@. Chzarmanas yete noric anradarnam qo gratsin. Isk es vorjin togher@ espes kmknabanei...

 

Kyanqi @nker @ntrelu harcum payman e vor kogakicd iren eutyamb lini shinarar-aysinqn karuchogh ujh... Hakarak depqum vochinch chi stacvi. Patahakan chi vor asvum e knoj qandats@ astvats chi gandi, -knoj sarqats@ astavats chi sarqi. Dranum yerku kartsiq linel chi karogh linel. Bayc qandel sarqel aselov payman e nayev usahdrutyun dardznel andzi kogmic ir kogakci nerashxarhi vra toghats hetevanqneri masin. Mer irakanutyan mej es harci vra bacarapes ushadrutyun chi darcvum. Cavoq, shat depqerum mardik irenc kogakcin tesnum en miayn u miayn vorpes mijoc... aysinqn, arjeqn u mijoc@ nuyn hardutyan vra en dnum dranov darcnelov irenc amushnutyun@ orinakancvats pornkutyun. Anhajogh amusnutyunneri himnakan padjar@ nranum e vor kogmeric mek@ sharunak talov sparvum e-hoqepes u zgacmunqnerov. Hamozvats em du inqd shat shat orinkner gites yerb mardik irenc :shinarar eutyamb" tvum e te amen inch hasel en bayc tarapalic kyanq unen? Ardyoq da cuyc chi talis vor andz@ ir eutyam aynqan el shinarar che inchqan da artaqnapes yerevum e?

 

 

 

Aratta, amousyutyan mech yerp toursen miyayn ge tides enthanrabes ches gernar tadel megin gam musin. Vorovhedev amousnutyun me hachoghoutyun ge tarna miyayn yerp yergoukn al martavari yev sirov varvin irar hed, kan te okoud kaghe amousin me zororinag ir genoche meghm, azniv, paryatsagam yev anoush penavoroutyunen. Yerp amousin me shad azniv tsutaperoutyun gounena ashxarhin hanteb payts miyayn ir genoche hanteb pird yev anazniv ge varvi arants ket ser tsoutsaperelou, ayn jamanag penagan (normal) e vor ginn al ir amousnuyn vera aylyeves harkank chounena. Yerp yergou amousinner sorvin martavari, azniv yev artar varvil irar hed yev arachnahert tenen irants amousinnere ayt jamanag ashxarhi amousnutyunnere shad shad aveli hachogh vidjag garnen. Vorov gin me yev amousin me arachin hertin (kedsin) vera bedk e tene ir zouyke. Shad martig ays ashxarhi vera shad aveli lav genen yerp penav chamousdanan kan te amousdanalov ourishi gyanke xordagen.

 

 

Edited by Takoush
Link to comment
Share on other sites

Takoush jan, es inch xelaci ban asecir. "Shad martig ays ashxarhi vera shad aveli lav genen yerp penav chamousdanan kan te amousdanalov ourishi gyanke gordsanen." Kan mardik ovqer aydqan@ haskanalov, amusnaum en porcelov aravelaguyn@ trcnel dimacinic-naxapes gitenalov vor irenc amusnakan kyanq@ yerkar chi tevelu. Andzamb yes yerbeq amushancats chem yegel, bayc shat orinakner gitem yerb amusnutyun@ dardzel e mimianc oktagortselu mijoc.

 

Link to comment
Share on other sites

Takoush jan, es inch xelaci ban asecir. "Shad martig ays ashxarhi vera shad aveli lav genen yerp penav chamousdanan kan te amousdanalov ourishi gyanke gordsanen." Kan mardik ovqer aydqan@ haskanalov, amusnaum en porcelov aravelaguyn@ trcnel dimacinic-naxapes gitenalov vor irenc amusnakan kyanq@ yerkar chi tevelu. Andzamb yes yerbeq amushancats chem yegel, bayc shat orinakner gitem yerb amusnutyun@ dardzel e mimianc oktagortselu mijoc.

Ayo Aratta, gan martig yev yerpemen al giner vor arachouts kidnalov te yergar chen amousdanalou tartsyal amousdanoum en vadapar. Ayt hamaroum em yes vojrakordsoutyun. Vorovhedev irants ayt vad yev shenagan varmounkov charachar ge kordsadsen yev ge xordagen ourishi me gyanke. Nayev amousdanalou chen ayn martige vor chbidi siren irants ginere yev anazniv yev vad ou pird ge varvin irants anoush gineroun hanteb. Gan al vor gamousdanan miyayn zavag ounenalou hamar. Ayt al vodjrakordsoutyan bes pan mene. Vorovhedev timatsine ge xape ayt marte, voroun xeghj gine gamousdana hede gardselov vor zinke ge sire ir hed amousdnatsogh marte.

 

Hin jamanagnere iver inchbes vereve debakrads em mer hin Haygagan pari sovoroutyan meche gese te zouykerou dsenoxknere ge zadeyin irants zavagneroun hamar giner yev gam amousinner. Hok che ayt al lave payts i medi ounenalov vor azniv, pari yev ser tsoutsaperen ayt genoche yev gam ayt amousinin hanteb. Shad jamanag al sere ge dsenvi irants mech yerp anonk sirov yev anoushoutyamp poxatartsoren ge varvin irar hanteb.

 

Tejpaxtapar sagayn shad me Hay amousinner penav lav chen varvir irants Hay genoche hanteb vorovhedev chen vaxnar anontsme yev antsnaseroren (selfishly) vad yev pird ge varvin irants genoche hed vorovhedev gernan. Yev shad aveli Hay giner aveli meghm, hamesd yev paryatsagam ge varvin irants amousinneroun hanteb sagayn avagh amousinnere chen poxatartser irants ginerou aznevoutyunneroun. Payts amousnutyun me aytbes bedk che ella. Esd is amousnoutyun me bedk e siro yev poxatarts aznevoutyuan ou zohaperoutyan mech bedke gayana. Yev voch te okoud kaghelou yev gam pirdoren dirabedelou mech.

 

Asdoudso Avedarani arachin echin vera gese Asdvads martoun. "Himag tseke kou hayret yev mayret yev kena ou zouyk yeghir kou genochet hed". Inchou gese adiga Asdvads? vorbeszi marte ir genoche arachin kedsi vera tenelov yev ginn al anshoushd anor hanteb hamesdoutyun tsoutsaperelov, amousnoutyune hachogh entatsk arne irants polor gyankin mech.

 

Yes ge gardsem te zouyk me amousdanalnen arach lav genen shinich yev lav kirker gartalov anonk aveli lavoren lousapanvin te inch gesbasvi irentsme iprev lav amousinner, yev vorbeszi anonk garenan hachogh yev sirov amousnoutyun ounenal yev bahel.

 

 

Edited by Takoush
Link to comment
Share on other sites

Երբ կինն ապահով զգայ, այն ժամ կառուցողի իր յատկանիշները կը զարգանան ու կը գործեն: Հայ կանայք, աւանդաբար ճանաչուած են հիւրասիրութեամբ, զոհողութեամբ: Մենակ ենք թողնել կանանց տղամարդիկս ընդհանրապէս, եւ հայ տղամարդիկ մասնաւորապէս. դժուարին ժամանակներում: Հլու հնազանդ, թողել ենք կին ու հոգեհատոր երեխայ ու հետեւել ասկեարի հրահանգին: Հայ կանայք առանձին կրել են Ցեղասպանութեան տառապանքը, ամուսինների բացակայութեան:

 

Հայրը ընտանիքի տէրն ու պահապանն է, նաեւ մասնակիցը. երեխաների խնամքի ու դաստիարակութեան: Երբ թերանում կամ չքանում է հօր դերը, այնժամ կինն ստիպուած իր վրայ է վերցնում այր մարդու պարտականութիւնը, ինչ որ այլանդակում է՝ գոնէ կանացի հոգեկան քնքշութիւնն ու գեղեցկութիւնը:

 

Երջանիկ է նա, ով ամուսնանում է իր ընկերուհու հետ, պահելով ընկերական կապը ամուսնութեան ընթացքին եւս: Կեանքի ընկեր, ահա ճիշտ բառը որ տեսնում եմ ամուսինների համար: Միասնաբար որոշելով եւ ընդհանուր նախասիրութիւններում գործելով. պահւում է ընկերութիւնը: Ընկերվար-ժողովրդավար կենցաղը ընտանիքից է սկսւում, ու յետոյ տարածւում ողջ հասարակութեան: Չվարուել երբէք, այնպէս որ կողակիցդ գրպանումդ է, վաստկել ես նրան վերջնականապէս, այլ՝ անձդ պահել այնպէս, որ պահեցիր օրերն առաջին:

 

aysinqn, arjeqn u mijoc@ nuyn hardutyan vra en dnum dranov darcnelov irenc amushnutyun@ orinakancvats pornkutyun

 

Ծանր եւ ուժեղ խօսք է: Հասարակութիւնը առաջնորդուել է, ու առաջնորդւում նիւթական եւ ոչ հոգեկան չափանիշներով: Այսինքն՝ ընտրութիւնը կատարւում է (ընդհանրապէս) նիւթի եւ ոչ հոգու պահանջի չափանիշով, ինչ որ ոճիր է՝ առաջինը հենց ընտրողների համար:

 

Կնոջ դէմքին ծաղկած իսկ ժպիտը, այր մարդու ճիշտ վաստակն է: Ով չի կարողանում դա անել, դադարել է ի դերից:

 

Anhajogh amusnutyunneri himnakan padjar@ nranum e vor kogmeric mek@ sharunak talov sparvum e-hoqepes u zgacmunqnerov.

 

Դա արդէն ամուսնութիւն չէ, այլ շահագործում եսապաշտ կողակցի կողմից:

 

հamozvats em du inqd shat shat orinkner gites yerb mardik irenc :shinarar eutyamb" tvum e te amen inch hasel en bayc tarapalic kyanq unen? Ardyoq da cuyc chi talis vor andz@ ir eutyam aynqan el shinarar che inchqan da artaqnapes yerevum e?

 

 

Աշոտի անեկդոտը իրական հիմք ունէր, պատասխանն իմ ծիծաղ եւ նոյն պահին փառաբանում միտէր:

 

Կեանքն ընդհանրապէս տառապանք է, չկասկածել: Ընկերանում ենք միասնաբար տառապելու եւ ոչ առանձին: Միասնութեամբ մեր հոգսերը թեթեւանում են: Ամուսնական իրավիճակում գտնւողները. միմիանց ամոքելով, վշտակցելով ու սատարելով, աւելի հեզասահ ապրում են, ու տանում՝ ցաւերն աշխարհի, սա՝ եթէ իսկապէս կեանքի ընկեր ամուսիններ են: Չտառապող մարդ գիտե՞ս, եթէ գիտես. հաստատ մարդ չէ, կամ՝ վարպետօրէն թաքցնում է իր տառապանքը, բայց ոչ ծանօթին:

 

 

Link to comment
Share on other sites

Երբ կինն ապահով զգայ, այն ժամ կառուցողի իր յատկանիշները կը զարգանան ու կը գործեն: Հայ կանայք, աւանդաբար ճանաչուած են հիւրասիրութեամբ, զոհողութեամբ: Մենակ ենք թողնել կանանց տղամարդիկս ընդհանրապէս, եւ հայ տղամարդիկ մասնաւորապէս. դժուարին ժամանակներում: Հլու հնազանդ, թողել ենք կին ու հոգեհատոր երեխայ ու հետեւել ասկեարի հրահանգին: Հայ կանայք առանձին կրել են Ցեղասպանութեան տառապանքը, ամուսինների բացակայութեան:

 

Հայրը ընտանիքի տէրն ու պահապանն է, նաեւ մասնակիցը. երեխաների խնամքի ու դաստիարակութեան: Երբ թերանում կամ չքանում է հօր դերը, այնժամ կինն ստիպուած իր վրայ է վերցնում այր մարդու պարտականութիւնը, ինչ որ այլանդակում է՝ գոնէ կանացի հոգեկան քնքշութիւնն ու գեղեցկութիւնը:

 

Երջանիկ է նա, ով ամուսնանում է իր ընկերուհու հետ, պահելով ընկերական կապը ամուսնութեան ընթացքին եւս: Կեանքի ընկեր, ահա ճիշտ բառը որ տեսնում եմ ամուսինների համար: Միասնաբար որոշելով եւ ընդհանուր նախասիրութիւններում գործելով. պահւում է ընկերութիւնը: Ընկերվար-ժողովրդավար կենցաղը ընտանիքից է սկսւում, ու յետոյ տարածւում ողջ հասարակութեան: Չվարուել երբէք, այնպէս որ կողակիցդ գրպանումդ է, վաստկել ես նրան վերջնականապէս, այլ՝ անձդ պահել այնպէս, որ պահեցիր օրերն առաջին:

 

[/size]

 

Ծանր եւ ուժեղ խօսք է: Հասարակութիւնը առաջնորդուել է, ու առաջնորդւում նիւթական եւ ոչ հոգեկան չափանիշներով: Այսինքն՝ ընտրութիւնը կատարւում է (ընդհանրապէս) նիւթի եւ ոչ հոգու պահանջի չափանիշով, ինչ որ ոճիր է՝ առաջինը հենց ընտրողների համար:

 

Կնոջ դէմքին ծաղկած իսկ ժպիտը, այր մարդու ճիշտ վաստակն է: Ով չի կարողանում դա անել, դադարել է ի դերից:

 

 

Դա արդէն ամուսնութիւն չէ, այլ շահագործում եսապաշտ կողակցի կողմից:

 

 

Աշոտի անեկդոտը իրական հիմք ունէր, պատասխանն իմ ծիծաղ եւ նոյն պահին փառաբանում միտէր:

 

Կեանքն ընդհանրապէս տառապանք է, չկասկածել: Ընկերանում ենք միասնաբար տառապելու եւ ոչ առանձին: Միասնութեամբ մեր հոգսերը թեթեւանում են: Ամուսնական իրավիճակում գտնւողները. միմիանց ամոքելով, վշտակցելով ու սատարելով, աւելի հեզասահ ապրում են, ու տանում՝ ցաւերն աշխարհի, սա՝ եթէ իսկապէս կեանքի ընկեր ամուսիններ են: Չտառապող մարդ գիտե՞ս, եթէ գիտես. հաստատ մարդ չէ, կամ՝ վարպետօրէն թաքցնում է իր տառապանքը, բայց ոչ ծանօթին:

Այո ծիշդ է Յովհաննէս։ Կան ամուսիններ որ կը գնան երուխեռի այսինքն Bar-երը իրենց գործէն վերջ իրենց բարեկամներով երբ երեխան փոքր է եւ ձգում են բոլոր հոգսը եւ տունը մինակ ձգելով առանձին կնոջ վրայ։ Կինը պէտք է բանտարկուի տանը տասի տարիով մինակը ընդհանրապէս հլու հնազանդ. եւ բայց միթէ խեղճ Հայ կինն ալ մարդ արարած չէ՞, արդեոք անալ հոգի չունի՞ միթէ՞։ Հապա ասանկ բաներ կան աշխարհի վրայ Հովհաննէս եղբայր, եւ այս տեսակ բաներուն կըսեն խեղճ կնոջը լքուած վիճակի մէջ թողնել "to abandon the poor wife": Ի վերջոյ լքուած վիճակի մէջ թողնել լրիւ տառապանք է կնոջը համար, մինակ, տկլոր ու տխուր։

 

Ինչպէս քու երրորդ նախադասութեանդ մէջ կըսես թէ երջանիկ է այն կինը որ կ՚ունենայ գիտակից եւ լաւ ամուսին որը չի լքէր իր կողակիցը տանը մինակը եւ իր անձին մասին միայն մտածելով իր ուզածին պէս իր ամուրիի կյանքը չի շարունակէր ապրիլ առանց իսկ մտածելու թէ այլեւս ինք ամուսնացած զաւակներու հայր է եւ պէտք է ո՛չ միայն կիսէ իր կնոջը հետ տանը գործերը այլ զաւակներու հոգսերն ալ պէտք e ան կիսէ իր կնոջը հետ, եւ ամուսիններ տանը շարունակ պէտք չէ ձգեն իրենց խեղճ կիներուն, որովհետեւ կինն ալ մարդ արարած է եւ ան ալ կուզէ քիչ մը կեանք տեսնել եւ կյանքը ապրիլ։

 

Ընդհանրապէս օտար կիներ անմիջապէս կամուսնալուծուին եւ վերջ կը դնեն անօրէն վարուող ամուսիններու, սակայն մենք Հայ կիներս այդ բանը չենք ուզեր ընել, որովհետեւ իբր Հայ հոգածու մայր մենք կուզենք մեր զաւակներուն բարերար եւ ընտանեկան հիմքը պահել մեր զաւակներուն օգտին համար։ Հոգալով եւ մեխքնալով մեր զաւակներուն վրայ։ Ահա այդ է տարբերութիւնը օտար եւ Հայ կնոջ մէջ։

 

 

Edited by Takoush
Link to comment
Share on other sites

Join the conversation

You can post now and register later. If you have an account, sign in now to post with your account.

Guest
Reply to this topic...

×   Pasted as rich text.   Paste as plain text instead

  Only 75 emoji are allowed.

×   Your link has been automatically embedded.   Display as a link instead

×   Your previous content has been restored.   Clear editor

×   You cannot paste images directly. Upload or insert images from URL.

Loading...
×
×
  • Create New...