Jump to content

Inter խառնարան


Johannes

Recommended Posts

Վաշինգտոնին կը մտահոգէ Երեվանի եւ Թեհրանի յարաբերութեանց զարգացումը

 

Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Անտոն Գոդփրի կոչեցեալը յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ մտահոգուած են Հայաստանի եւ Իրանի յարաբերութեան ընդլայնումով: Ըստ Գոդփրիի՝ «Միացեալ նահանգներ տեղեկացուցած են Հայաստանի իշխանութիւնը այն մասին, որ այդ փաստը կը մտահոգէ մեզ»:

 

Ան նկատած է, որ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն աշխատիլ այն ուղիով, որ Հայաստանի իշխանութիւննները «դրդեն Իրանը կատարելու միջազգային հանրութեան առջեւ իր ստանձնած պարտաւորութիւնները»:

 

Կարծիք 1.-Միացեալ նահանգներ այնքա՞ն խեղճացած են Իրանի հարցով, որ փոքրիկն Հայաստանի աջակցութեան կարիքն ունին:

 

Կարծիք 2.-Միթէ՞ Գաբալայի* հարցով Պուտինի հետ հասարակ յայտարարի հասնելով. Միացեալ Նահանգներ աւելի համարձակ դարձած են Հայաստանի հանդէպ:

 

Կարծիք 3.-Արդեօ՞ք Հայաստանը Իրանի հետ գաղտնի սիրային յարաբերութիւն ունեցած է (գազի խողովակ եւայլն), մինչ Ա.Մ.Ն. եւ Ռուսաստանը այս խողովակի դէմ են:

 

Կարծիք 4.- Գոդփրի կոչեցեալը ամառնային արձակուրդէ առաջ, բան մը ըրած ըլլալու համար. բան մը ըսած է, իսկ մենք՝ սովորական մարդիկս, իրար կ'անցնինք անտեղիօրէն:

 

*«Գաբալա»ն պատմական Աղուանքի «Կապաղակ» անունով մայրաքաղաքն է:

 

 

Link to comment
Share on other sites

  • 2 weeks later...
  • Replies 222
  • Created
  • Last Reply

Top Posters In This Topic

Top Posters In This Topic

Posted Images

Անգլերէն յօդուածներ տեղադրուեցան ուղղագրութեան մասին:

 

Մինչ զբաղ էի գործովս. միտս անկաւ կարդացածս, որն իր կարգին ինձ տարաւ այն օրերը, երբ սփիւռքահայ հայրենասէր երիտասարդներ, կը թակէին դռները «առաջդիմական» անձերու եւ ակումբներու, Սովետական Հայաստանի մէջ ուսանելու աղերսանքով:

 

Արդարեւ, Ս. Հայաստանի պետութիւնը ամէն դպրոցէ աշակերտ չէր ընդուներ այդ օրերուն:

 

Խորհրդային Հայաստանի 70 տարուայ զատողական վարմունքի պատճառով. Սփիւռքի տարածքին (առնուազն գաղութէս ներս) մեծ է թիւը «առաջդիմական» կամ «ոչ դաշնակցական» վարժարաններ աւարտած եւ Հայաստանէն վկայեալ բժիշկներուն, ճարտարապետներուն:

 

Կրնային գտնուիլ այնպիսիք, որոնք աւարտելով «ազգային» իմա՝ դաշնակցական վարժարաններ, եւ ուսանելով Հայաստանի մէջ. մեծ ներդրում ունենային ազգային մշակոյթի բնագաւառէն ներս: Սակայն անոնց զլացուեցաւ հայեցի բարձրագոյն ուսումը:

 

Գիտէ՛ք՝ ոչ բոլորը կարող էին բարձրագոյն ուսում ստանալ. ծախսելով անձնական գրպանէ:

 

Այսպիսով, սփիւռքահայ «հայաստանասէր» ջոջերու արժան-անարժան զաւակներ, գացին Հայաստան, ուսանեցան, կերան, խմեցին, վայելեցին Սովետ. Հայաստանի ամենալաւ օրերը, 5 տարին 8 տարիէն աւարտեցին եւ դարձան իւրանց ծննդավայրերը, արդէն որպէս մտաւորական, զարգացած, «ինտելիգենտ»: Նման անձինք, ճիշտ կամ սխալ, պիտի ընկալէին Հայաստանէն ստացածնին: Չէ՞ որ իրենք «մարդ» դարձան Հայաստանի շնորհիւ:

 

Չեմ գիտեր ինչու, Սովետ ուղղագրութիւնը գովերգող սոխակները, վերեւ նկարագրածիս տարին զիս:

Edited by Johannes
Link to comment
Share on other sites

  • 3 weeks later...

Հ1 կայանէն քաղաքական լուրերու մեկաբան եւ լրագրող Հայկարամ Նահապետեանի զրոյցը ունկնդրեցի: Ան կը զրուցեր Արցախի նախագահական ընտրութիւնները քննադատած պետութեանց մասին: Հասկանալի էր այսպէս կոչուած՝ «թուրքիոյ», «ազրբաջինիստան»ի եւ կարգ մը «անաչառ» եւ «խաղաղարար» երկիրներու քնադատանքը: Յայտնի լրագրողի համար հասկանալի էին բազում երկիրներու վարմունքը, բայց անհասկանալի էին Սերբիոյ յայտը: Ան զարմացած էր թէ նմանօրինակ կեցուածք համահունչ չէ Սլովենիոյ, Խորվատիոյ, Բոսնիոյ, Մակեդոնիոյ անկախութիւն տուած նախկին Յուգոսլավ (հարաւսլավ) հանրապետութեան ժառանգ երկրին, որ մօտ ապագային Կոսովոյին ալ անկախ կարգավիճակ պիտի շնորհէ:

 

*-*-*

 

Անկեղծօրէն ասեմ, զարմացայ ի տես հասուն լրագրողի քաղաքագիտական խակութեան (եթէ ճիշտ հասկացայ իր խօսքը, առաւօտեան քնատ վիճակիս): Տիար Հ.Ն.ի կարծեօք, Սերբ ժողովուրդը եւ Սերբիան հաշտուած են նախկին Հարաւսլաւիոյ տարանջատման, հաշտուած են եւ Սերբիոյ մաս կազմող Կոսովոյի անջատման գաղափարին:

 

Սերբասիրահար չլինելով հանդերձ, չեմ կարող չարձանագրել պատմական ան մեծ խայտառակութեան, երբ ոչ ուղղափառ երկիրներ հաւաքաբար բզկտեցին հայաստանի ճակատագրակից երկրին:

 

Այլ ձեւ կարելի չէր սպասել Սերբիայից, երբ յարգելի տիար Ոսկանեանը անդուլ ջանասիրութեամբ վէրջին ամիսներին կը հոլովեր Կոսովոյի հաւանական անկախութեան առաջադրանքը, որ օրինակ պիտի լիներ Արցախի անկախութեան:

 

-Արցախը Կոսովոյին նմանեցնելը, ո՞րքանով ճիշտ էր տիար Ոսկանեան:

 

-Արցախի անկախութեան համար ինչու՞ թուրքերի պատմական սեւ արարքը (բալկանեան տարածքի իսլամացումը, ալբանացումը) օրինակ պիտի ծառայի:

 

-Հ.Հ.ի ռազմավարական դաշնակից Ռ.Դ.ը դէմ է Կոսովոյի անկախացման եւ «veto»-ի իր իրաւունքը պիտի գործածի:

 

-Արցախի անկախութիւնը իրական է, միջազգային ճանաչման համար մնում են Սերբիոյ նման բարեկամ երկիրների աջակցութիւնը:

 

-Քաղաքականութիւնը, դիւանագիտութիւնը պոռնկապար է, այնպէս որ չենք կարող հիւսիսային Կիպրոսի թուրքերի անջատական ձգտումն ալ օրինակ ծառայեցնելով Արցախի անկախութեան ճանաչումը աշխարհից պահանջել:

 

-Արցախի պարագան իւրօրինակ է, նրա անկախութիւնը պաշտպանելու համար նախորդող օրինակներ ցոյց տալու կարիքը չունենք:

 

Ի վերջոյ, ու՞մ ճիւերին, թէ սա կամ նա ճանաչել է կամ ոչ: Եթէ չեն ճանաչում, դեռեւս չի նշանակում պիտի գան բանակներով, եւ պիտ ի վերադարձնեն պատառիկ մը հողը. հայ ժողովուրդի դահիճներին:

 

Այս ամառ պիտի գնանք Հայաստան, պիտի անցնենք սահմանն Արցախի եւ պիտի մուծենք 30ական դոլար անցագրի վճար, ի հեճուկս այդ ճանաչող չճանաչողներին:

 

 

Edited by Johannes
Link to comment
Share on other sites

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի Եգիպտոս կատարած վերջին այցի առիթով՝ Հայաստան-Եգիպտոս յարաբերանքը սերտացած կը թուին ըլլալ:

 

Մշակութային ծիրով, Երեկ Երեւանի պետական պատկերասրահի սրահներէն մէկուն մէջ խումբ մը թմբկահար նուբիացիներ, ներկայացուցին հին Եգիպտոսէն մնացած այս ուրոյն ժողովուրդի Ափրիկեան կշռոյթները: Հայաստանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան տիկին Աբլան խանդավառուած էր հարաւային Եգիպտոսի բնիկներու հարուածային երաժշտութիւնէն: Ան իր գլուխը կ'օրօրէր. գոհունակ ժպիտով մը:

 

Տարիներ առաջ հայ զբօսնող մը այցելած էր Ասուանի ջրամբար: Զարմանալով հայոց եռագոյնն ի տես՝ ծփացող մարդատար նաւակի մը վրայ, հարց տուած է թէ՝ «սա ի՞նչ է բարեկամ»: Նաւավարը պատասխանած է թէ՝ «մեք ճակատագրակից ժողովուրդներ ենք» եւայլն:

 

Նուբացիներըի կը զրուցեն առանձին լեզւով: Սեւամորթ չեն ցեղային իմաստով: Եթովպիացիներու նման կը պատկանին Սեմաքամեան ժողովուրդներու Քամեան ընտանիքին:

 

Բայց՝ ու՞ր է Նուբիան, ու՞ր է Եգիպտոսը, ու՞ր է Ափրիկէն: Միթէ՞ աշխարհագրութեան խնդիր ունենք սիրելի Հ1-ի խօսնակներ, լրաբերներ:

 

Արդարեւ, Հ1 հեռուստակայանը նուբիական այս ժողովրդային համոյթի երաժշտութիւնը նկարագրեց, որպէս «արեւելեան կշռոյթ»: Երբուանի՞ց Ափրիկէն արեւելք է: Թէ՞ արեւելք ասելով նկատի ունէք իսլամը: Եթէ այդպէս է՝ Մարո՞քն էլ, կամ մարոքեան երգն ու պա՞րն էլ արեւելեան է: Աշխարհագրական եւ մշակութային եզրաբանութիւնները այսպիսով աղաւաղման ենթարկւում են:

 

Բարին ընդ ձեզ

Edited by Johannes
Link to comment
Share on other sites

Հովհաննէս եղբայր, կը հարցնէիր թէ ինչո՞ւ մարդիկ կը սիրեն գեղեցկութիւնները տգեղացնել (վերաբերելով մեր կարգ մը Հայերու մեր Հայրենիքի ծառերը կտրելու ու հոշոտելու իրենց չառագործութեամբ):

 

 

Որովհետեւ դժբախտաբար ատակ են չառագործութեան, ատակ են եսսասերութեան ու ատակ են բառամոլութեան: Տրա համար:

 

 

Edited by Anahid Takouhi
Link to comment
Share on other sites

Անգլերէն յօդուածներ տեղադրուեցան ուղղագրութեան մասին:

 

Մինչ զբաղ էի գործովս. միտս անկաւ կարդացածս, որն իր կարգին ինձ տարաւ այն օրերը, երբ սփիւռքահայ հայրենասէր երիտասարդներ, կը թակէին դռները «առաջդիմական» անձերու եւ ակումբներու, Սովետական Հայաստանի մէջ ուսանելու աղերսանքով:

 

Արդարեւ, Ս. Հայաստանի պետութիւնը ամէն դպրոցէ աշակերտ չէր ընդուներ այդ օրերուն:

 

Խորհրդային Հայաստանի 70 տարուայ զատողական վարմունքի պատճառով. Սփիւռքի տարածքին (առնուազն գաղութէս ներս) մեծ է թիւը «առաջդիմական» կամ «ոչ դաշնակցական» վարժարաններ աւարտած եւ Հայաստանէն վկայեալ բժիշկներուն, ճարտարապետներուն:

 

Կրնային գտնուիլ այնպիսիք, որոնք աւարտելով «ազգային» իմա՝ դաշնակցական վարժարաններ, եւ ուսանելով Հայաստանի մէջ. մեծ ներդրում ունենային ազգային մշակոյթի բնագաւառէն ներս: Սակայն անոնց զլացուեցաւ հայեցի բարձրագոյն ուսումը:

 

Գիտէ՛ք՝ ոչ բոլորը կարող էին բարձրագոյն ուսում ստանալ. ծախսելով անձնական գրպանէ:

 

Այսպիսով, սփիւռքահայ «հայաստանասէր» ջոջերու արժան-անարժան զաւակներ, գացին Հայաստան, ուսանեցան, կերան, խմեցին, վայելեցին Սովետ. Հայաստանի ամենալաւ օրերը, 5 տարին 8 տարիէն աւարտեցին եւ դարձան իւրանց ծննդավայրերը, արդէն որպէս մտաւորական, զարգացած, «ինտելիգենտ»: Նման անձինք, ճիշտ կամ սխալ, պիտի ընկալէին Հայաստանէն ստացածնին: Չէ՞ որ իրենք «մարդ» դարձան Հայաստանի շնորհիւ:

 

Չեմ գիտեր ինչու, Սովետ ուղղագրութիւնը գովերգող սոխակները, վերեւ նկարագրածիս տարին զիս:

 

 

Հովհաննէս ճան; քաւ լիցի, որոնք պէտք է ըլլան ատոնք որ քեզ պիտի որագրեն թէ դուն երբեւիցէ անարժան կրնաս ըլլալ: Անոնք բաձարցակապէս կը սխալին:

 

Ո՛չ ո՛չ երբէք, եւ կրկին երբէք: Քու զգայուն եւ Հայասէր զգացումներդ ու ի վերչոյ քու հայեցի ազնիւ հոգիդ որ կը նուիրես այս Ֆորումին չէ կարելի որ անարժան ըլլայ: Դուն միայն ատակ ես բարիին, լաւին, ազնիւին ու արժանաւայելին: Ատիկա կատարելապէս յստակ է:

 

 

Edited by Anahid Takouhi
Link to comment
Share on other sites

Սիրելի քոյր, միշտ ուշքս գրաւած է ընտրածդ avatarները: Իսկապէս բնութենապաշտ ես (բնութեան սիրահար): Կը ցանկամ տարին 6 ամիս անձրեւ գայ, որպէսզի մեր երկրի անապատները կանաչնան, ծաղկին, անտառներ աճին: Ցաւօք անցեալ ամիս Քեսապի անտառները այրեցան: Հրաշք տեղեր կան քեսապի ճամբուն վրայ: Տաքը, կամ ելեկտրական խանգարում մը պատճառ դարձաւ հրաշք անտառի ածխացման: Փչող քամին դժուարացուց մարեցման գործը:

 

 

Link to comment
Share on other sites

Հովհաննէս ճան; քաւ լիցի, որոնք պէտք է ըլլան ատոնք որ քեզ պիտի որագրեն թէ դուն երբեւիցէ անարժան կրնաս ըլլալ: Անոնք բաձարցակապէս կը սխալին:

 

Ո՛չ ո՛չ երբէք, եւ կրկին երբէք: Քու զգայուն եւ Հայասէր զգացումներդ ու ի վերչոյ քու հայեցի ազնիւ հոգիդ որ կը նուիրես այս Ֆորումին չէ կարելի որ անարժան ըլլայ: Դուն միայն ատակ ես բարիին, լաւին, ազնիւին ու արժանաւայելին: Ատիկա կատարելապէս յստակ է:

 

Սիրելի Անահիտ Թագուհի,

Այսքան գովասանքի տակէն ինչպէ՞ս պիտի ելլեմ: Մէջբերածդ գրութիւնս անպայմանօրէն իմ մասին չէր, այլ՝ ընդհանուրի պատկերն էր: Հայերէնի ուուցչուհիս (Լալա Մինասեան, կը համբուրեմ իր ձեռքը) Հայաստանցի էր ծնունդով (բոլորս Հայաստանցի ենք ծագումով): Ան կը գանգատէր Սովետ Հայաստանի Սփիւռքեան քաղաքականութիւնը: Ան մեր մէջ կը գտնէր արժանիներ, որոնց պիտի չի տրուէր նախապատւութիւնը երթալու Հայաստան, եւ ուսանելու այնտեղ: Հայաստանն անկախացաւ եւ ամէն ինչ փոխուեցաւ: Մեր գրածն ալ պատմութեան կը վերաբերի:

Link to comment
Share on other sites

Մակի մէջ Ամերիկայի Դեսպան Զալման Խալիլ Զադ Սաուդական Արաբիոյ պոչին կոխեց: Ան կը գանգատէր Իրաքի մէջ Սաուդական Արաբիոյ խանգարիչ գործունէութիւնէն:

Օրիորդ Բրինձի միջին արեւելեան այցը կանխող ամերիկեան այս յայտը շատ բան կըսէ:

 

 

Link to comment
Share on other sites

Սիրելի քոյր, միշտ ուշքս գրաւած է ընտրածդ avatarները: Իսկապէս բնութենապաշտ ես (բնութեան սիրահար): Կը ցանկամ տարին 6 ամիս անձրեւ գայ, որպէսզի մեր երկրի անապատները կանաչնան, ծաղկին, անտառներ աճին: Ցաւօք անցեալ ամիս Քեսապի անտառները այրեցան: Հրաշք տեղեր կան քեսապի ճամբուն վրայ: Տաքը, կամ ելեկտրական խանգարում մը պատճառ դարձաւ հրաշք անտառի ածխացման: Փչող քամին դժուարացուց մարեցման գործը:

Այո Հովհաննէս եղբայր; շատ կը սիրեմ բնութիւնը; Կը հաւատամ որ բնութենէն աւելի լաւ բան չկայ աշխարհի վրայ: Ի բաձառութեամբ մէկու մը սէռը:

 

Իրաւունք ունիս սիրելու ձեր քեսապի ծառերը: Այնքան կը սիրեմ ամառ ատեն երդամ մաքլցիմ լեռ մը, նստիմ շքատու ծառի մը տակ, եւ անուշ զով օդը բչէ վրաս: Ծառին անուշ շուքին տակ նստած իմ ամենասիրած գիրքս կարդամ:

 

Շատ կը ցաւիմ ձեզ համար որ Քեսապի գեղեցիկ եւ օգտաշատ ծառերը բճացեր են: Մի յուսահատիր սակայն, անոնք կրկին կը ծաղկին, եւ տակաւ դուն կը տեսնես անոնց գեղեցիկ կանանչութիւնները եւ կը վայելես զանոնք:

 

Link to comment
Share on other sites

Ճիշտ ես, անոնք վերստին կը կանաչնան, բայց ընդհանուր կլիմայի ջերմացումը կը մտահոգէ զիս: 50 տարի ետք ըմպելի քաղցր ջուրի աղբիւրները պիտի պակսին: Մարդիկ ծառաւէ պիտի տառապին: Աշխարհը կը փոխուի, տաքը մարդոց կը խեղդէ, բայց եկ եւ տես. գործարանատէրերը, մեծ դրամատէրերը եւ աշխարհի ղեկավարները կուրցած կը շարունակեն եսասէր ընթացքնին: «Ինձմէ ետք աշխարհը թող քանդուի» հոգեբանութեամբ ուր պիտի հասնինք:

Աստուած սիրողը բնութիւնն ալ կը սիրէ, եւ հակառակը: Աստուած կը ճանչնանք, Հայրենիք կը սիրենք գեղեցիկ բնութեամբ նաեւ:

 

 

Link to comment
Share on other sites

Այո Հովհաննէս եղբայր; շատ կը սիրեմ բնութիւնը; Կը հաւատամ որ բնութենէն աւելի լաւ բան չկայ աշխարհի վրայ: Ի բաձառութեամբ մէկու մը սէռը:

 

Իրաւունք ունիս սիրելու ձեր քեսապի ծառերը: Այնքան կը սիրեմ ամառ ատեն երդամ մաքլցիմ լեռ մը, նստիմ շքատու ծառի մը տակ, եւ անուշ զով օդը բչէ վրաս: Ծառին անուշ շուքին տակ նստած իմ ամենասիրած գիրքս կարդամ:

 

Շատ կը ցաւիմ ձեզ համար որ Քեսապի գեղեցիկ եւ օգտաշատ ծառերը բճացեր են: Մի յուսահատիր սակայն, անոնք կրկին կը ծաղկին, եւ տակաւ դուն կը տեսնես անոնց գեղեցիկ կանանչութիւնները եւ կը վայելես զանոնք:

 

 

Մանկութեանս ամառները անցուցած եմ այնտեղ: Կը ցաւիմ երբ կը տեսնեմ ինչպէս կածիլեն բլուրները, լեռները. կառուցելու համար շէնքեր, այո 10 յարկանի շէնքեր: Դրամը ամէն ինչ չէ ժողովուրդ: Պիտի հարստանան ի հաշիւ հարստութեան աղբիւր այդ բնութեան փճացումին: Ամառանոցներու տուները ամէնաշատ 2 յարկանի պէտք է ըլլան: Այստեղ բնութեան հետ սերտ կամ հաշտ ապրելու նրբութեան ծանօթ չէ ժողովուրդը:

 

Edited by Johannes
Link to comment
Share on other sites

Կը դիտէի «օտարալեզու հայ գրողներու» Երեվանեան հանդիպման մասին հաղորդում մը: Իսկապէս շնորհալի գրողներ էին, եւ ոմանք թեթեւօրէն վիրաւոր կը զգային «օտարալեզու» մակդիրի համար, քանզի անոնք լաւապէս հայերէն գիտէին, հայերէն գիրքեր ալ գրած են, սակայն օտար լեզւով աւելի շատ ընթերցող ունեցած են: Ինչեւէ, մասնակիցներէն մին, գրող հայուհի մը, կը մեկնաբաներ համդիպման օրակարգի մէջ տեղ գտած նոր ուղղագրութեան մասին զրոյց մը: Խօսակիցները նշած են թէ՝ բնական է երկու ուղղագրութիւնը ունենալը, վասնզի երկու լեզու ունինք: Սա Հայաստանի մէջ «օտարալեզու հայ գրողներու» հանդիպման ընթացքին արծարծուած կարծիք է:

 

Ուրիշներ գրեցին «արեւելահայ» այբուբենի մասին: Նախքան համացանցի մոլի թերթատող դառնալս չէի գիտեր այդպիսի երեւոյթի մը մասին, թէ կան առանձին այբուբեններ. Հայաստանեան եւ Սփիւռքեան: Չէի զգար հալէպցի ըլլալս, քանզի մեր մօտ «հալէպցի» մակդիրը ջուջու ալլուսներուն կուտանք: Ովքե՞ր են ջուջու ալլուսները: Վաղուց ազգ ըլլալէ դադրած կրօնական համայնքով մը, կամ աւելի ճիշդ կրօնով իրենք իրենց ներկայացնող ջորջեր եւ իլիասներ, ամին ջումայելներ:

 

Երբ գրած եմ Ջուղհայի մասին, այնպէս մը գրած եմ, որ իմ ազգի մասին կու գրեմ: Նմանապէս երբ գրած եմ Արցախի, Սասունի, Պոլիսի մասին: Սակայն մարդիկ կան, որոնց մտքերուն մէջ ամրօրէն դաջուած է հայի տեղայնական պատկերնին:

 

Երբէք չեմ նշած այնթապցիութիւն: Հայ ժողովուրդը եփած է թեթեւ մոմի կրակի վրայ դրուած կաթսայի մէջ, կազմուելով Հալիսէն Կուր, Ճորոխէն Զաբի միջեւ բնակած ցեղերէ:

 

Ինքս ինձ միշտ Հայաստանցի համարած եմ, կամ Հայաստանի ծնունդ: Այնթապը, Ջուղհան, Պոլիսը, Փարիզը, Թիֆլիսը, Բագուիսը մեր երկրորդական հայրենիքներն են եղած: այժմ՝ կու բնակիմք մեր երրորդական չորրորդական քառասունհինգերրորդական հայրենիքներու մէջ եւ կու պաշտպանեմք մեր տեղայնական փորացաւը:

 

Վիճեցանք եւ հասանք այնպիսի եզրի, որ սփիւռքահայ զանգուածները թիւր արտասանած են հայոց բառն ու բանը, քանզի պոլսեցի «տգէտ» հայագէտներ այդպէս վարժեցուցած են ծնողազուրկ հաւաքածուին հայոց մնացորդի: Այո՛ տեսանք: Թերեւս այդպէս չէ: Թերեւս իսկապէս մեր արեւմտահայ նախահայրերը այդպէս խօսած են: Ահա Սասը կըսէ ջաւախեցի (կարնեցի-Բարձր հայեցի) հայութեան լեզուի մասին: Ահա մշեցոց, վանեցոց լեզուն խօսողները: Բայց Մեսրոպ...եւ իր ժամանակները...

 

Մեսրոպէն 1000 տարի ետք, մեզնէ 700 տարի առաջ ծնած գործած գրած Յովհաննէս Երզնկացին ինչպէս ճանչցած է հայոց բառն ու այբուբենը....ինչպէս տառադարձած է օտար բառերը...պիտի տեսնենք:

 

Թերեւս տարօնեցի Մեսրոպ Մաշտոցն ալ մեզի պէս արտասանած է հայերէն բառերը...

 

Բայց, մեծ բայց մը կայ այստեղ: Այդ բայցը հայոց պետութիւնն էր, պետականութիւնը:

 

Ո՞ւր էր պետութիւնը, ինչպէ՞ս կը խօսուեր արքունիքի մէջ: Այդ էր կարեւորը: Կարեւորը սիրտն էր, մնացեալը պէտք է հետեւէին սիրտի զարկերուն: Սիրտը Արարատն էր, Արաքսի միջին հովիտը, որ հիւրընկալած է հայոց մայրաքաղաքները: Մաշտոց գետունն ու հսկայ պետական գործիչը, ազգասէր հայրենասէրը չէր կրնար տեղայնական ըլլալ: Ապա թէ ոչ՝ այժմ պիտի ունենայինք առանձին լեզուներ.- տարօներէն, աղձներէն, ռշտուներէն, անձիթերէն, արցախերէն եւայլն:

 

Ահա այս պետական ազգային միասնական մտածողութեան կերպը կը պակսի մեզմէ, եւ կը նստինք երկու լեզու կը հնարենք մէկ հիմնական բառապաշար ունեցող լեզուէն:

 

Ետայսու գրաբար պիտի գրեմ, որպէս բողոք երկու ազգ ըլլալնուս:

Edited by Johannes
Link to comment
Share on other sites

  • 2 weeks later...

Քիթ

 

«Քիթդ ամէն ինչի մէջ մի՛ մտցներ»

 

Ականատես եղած եմ բազմաթիւ քիթերու փճացումին: Միտքիս մէջ «ափսոս եղեր է» ըսած եմ, բայց առերես «լաւ է» ըսելով փորձած եմ հանգստացնել քիթի գեղագիտական գործողութեան ենթարկուած անձը:

 

Խօսքը քիթի յաջողած գեղագիտական գործողութեանց մասին է: Ի՞նչ է հարցը: Հարցը ան է, որ ոմանք (արք, կանայք) թերարժէքութեան զգացումէ կը տառապին: Համոզուած են, որ իրենց քիթերը ահռելի տգեղ եւ խոշոր են:

 

Նուրբ քիթերու թշնամի չեմ, իրենց դէմքին այդ է ճիշտը: Բայց ամէն դէմքի նուրբ քիթ չի վայելեր: Նուրբ քիթ ըսելով, նկատի չունիմ վերէն ներքեւ ուղիղ գիծով, ոսկրոտ եւ ձեւաւոր քիթը, այլ՝ կաղանդ պապուկի (ձմեռ պապի) շնային քիթը: Գնդիկ մը միս, երկու ծակով:

 

Հիւսիս եւրոպացիները, այդպիսի քիթեր ունին: Սեւամորթներու եւ հարաւ արեւելեան ասիացիները նոյն անոսկոր քիթերը ունին, սակայն լայնքի տուած կերպով:

 

Barbey տիկնիկներու տարածումը, եւ առհասարակ անգլոսաքսոն քաղաքակրթութեան տիրապետումը՝ համաշխարհային գեղարուեստի շուկային մէջ, թերարժէքութեան զգացում արթած է աշխարհի մնացեալ ժողովուրդներու մօտ:

 

Ոսկրոտ քիթ ըսելով ալ նկատի չունիմ չափազանց կեռ արծուաքիթը, որ իսկապէս չի վայելեր աղջիկներուն: Աստուածային նախախնամութեամբ նոյն ընտանիքի պատկանող այրերը, երբ այդպէս քիթեր ունենան, աղջիկներունը աւելի նուրբ եւ պակաս ոսկրոտ եւ կեռ կըլլայ:

 

Ոմանք կը պատրուակեն թէ շնչարգելութեամբ կը տառապին, կամ ծուռ է քթամէջի պատը: Բժշկական գործողութեան պատռուակով կամ առիթով. իրենց քիթերը կը շնայնացնեն:

 

Ուրեմն պիտի խօսիմ բնական, ոչ կեռ, բայց նաեւ ոչ շնային-կապիկային քիթի մասին:

 

Դասընկերս ուներ հայկական քիթ, որն եթէ ես ունենայի, ամէնայն հպարտութեամբ կը կրէի, որէս շքանշան դէմքիս վրայ: Գեղագիտական (estethic) գործողութեան ենթարկեց երկու անգամ: Հայկական ոսկորը ճզմուեցաւ, փոսն ընկաւ լայնացնելով քիթի հորիզոնական հեռաւորութիւնը: Կը յիշեմ անոր առաջուայ քիթը, որքա՜ն բնական էր:

 

Շուկայի դրացիիս ընտանիքի այր անդամները բոլորն ալ երկար հասակաւոր են, եւ երկար դէմքեր ունին: Հոբարները, հոբարորդիները, բոլորն ալ երկար քիթեր ունին երկար դէմքերու վրայ, այսինքն ամէն ինչ բնական: Այս տղան իր քիթը շնայնացուց, կամ եթէ կուզէք Barbyացուց: Ահագին տարածք դէմքին վրայ պարապ է այժմ: Չեմ գիտեր եթէ ուրախ է ան, սակայն այդ երկար դէմքին վրայ «նուրբ» եւ կարճ քիթը շատ այլանդակեց դէմքը անոր:

 

Օրիորդներ եւ տիկիններ, որոնց քիթային յատկանիշները դոյզն իսկ կասկած չէին ստեղծած մէջս ապագայի գեղագիտական գործողութեան ենթարկուելու գծով. գործողութեան ենթարկուեցան եւ այնքան գեղեցիկ հայկական բայց նաեւ իգական դէմքի զարդերը շնայնացուցին: Նմանեցան Janette Jacksonներու... թէ՞ եղբօրը:

 

Խնդրեմ հայ ժողովուրդ, եթէ շատ կարեւոր չէ, անհրաժեշտ չէ. մի՛ կոտրէք ձեր ոսկորները:

 

Քիթի գեղագիտական գործողութեան ենթարկուած անձը շատ շուտ կը բացայայտեմ, ըլլան անոնք երգչուհի, տարազ ցուցադրող կամ խօսնակ: Դիտողը պիտի մտածէ՝ «արդեօք որքա՜ն կոշտ էր նախքին քիթը, որ գործողութեան ենթարկուած է»: Ուստի, երբ յոյժ կարեւոր չէ, դուք ձեզի մի՛ կեղծէք:

 

Աշխարհի տարածքին, հիւսիսէն-հարաւ, արեւելքէն-արեւմուտք շատ յայտնի անձեր, այրեր եւ կիներ, երաժիշտներ եւ արուեստի այլ բնագաւառներու մէջ աշխատողներ, հռչակ շահած եւ սիրուած են իրենց արիական քիթերով:

 

Կարիքը կա՞յ օրինակներ տալու: Ո՞վ չի ճանչնար նշանաւոր իտալացիները, ֆրանսացիները, սպանացիները, յոյները, հայերը եւ անոնց Ամերիկա գաղթած ցեղակիցները:

 

Շնային քիթը գեղեցկութեան չափանիշ պէտք չէ ըլլայ: Այդպէս է մեր մօտ, սակայն չեմ կարծեր, այդպէս է եւրոպացիներու մօտ: Մենք մերինը գնահատել չենք գիտեր:

 

Առած մը կայ, որ կըսէ. «Այն ինչ որ բնական է. բարոյական է»:

Մենք հայ ենք: Մեր ոսկորները հաստ են: Մենք ըմբշամարտի, կռփամարտի մարզին մէջ (նաեւ ճատրակի) կը փայլինք: Չենք փայլիր թեթեւ մարզաձեւերուն մէջ (ատլետ, լող եւայլն): Մեր դէմքի ոսկորը՝ գանկը, մարմնի մնացեալ ոսկորներուն նման հաստ է: Մեզի հայկական քիթ պէտք է: Այլապէս՝ շալվարի վրայ փողկապ հագած անձին կը նմանինք:

Edited by Johannes
Link to comment
Share on other sites

  • 2 weeks later...

Կովկասեան ընձառիւծի պահպանման միամսեակ

 

Բնութեան համաշխարհային հիմնադրամի հայաստանեան մասնաճիւղը (WWF Հայաստան) եւ «Արմենիա Մարիոթ» պանդոկը 2007ի Սեպտեմբեր 1էն պիտի գործադրեն Կովկասեան ընձառիւծի պահպանման քարոզարշաւ, որուն նպատակն է հզօրացնել կովկասեան ընձառիւծի որսագողութեան դէմ մղւող պայքարը եւ առաւել արդիւնաւետ դարձնել ընձառիւծի բնական ապրելավայրի հսկումը:

 

Ի դէպ, կովկասեան ընձառիւծը կովկասի ամէնավտանգուած կենդանիներէն է: Ըստ WWF-ի նախնական տուեալներու՝ Հայաստանի մէջ մնացած է 5-8 ընձառիւծ:

 

 

Ընձառիւծ = Leopard

 

caucasian_leopard_46841.gif

Link to comment
Share on other sites

Մերկութիւն

 

Ոռբացութեան մասին շարան մը կը բանի վերեւի տողերուն մէջ:

 

«Ճի՞շտ է թէ սխալ» կը վիճին: Իրապէս ճիշտի եւ սխալի սահմանազատը աղոտ կերեւի այլեւս: Այլեւս դժուար դարձած է մարդկութեան համոզելը թէ՝ «ոռ բանալով փողոցին մէջ քալելը սխալ է, կամ ոչ քաղաքակիրթ է»:

 

Այո անյպիսի օրերու մէջ կը գտնուինք, երբ ամէն ինչ ազատութեամբ կը պատճառաբանուի: Լա՛ւ, ոռ շատ տեսանք. հասարակ (սովորական) դարձաւ այլեւս մերկութիւնը, եւ կիսամերկութիւնը...ուրիշ ի՞նչ մնաց բանալիք...

 

Որոշ մեկնաբաններ ըսած են. «Այն ինչ որ թաքուն է. ցանկալի եւ արժէքաւոր է»:

 

Ուրիշներ. «Եթէ հիմա չվայլեմ երիտասարդութիւնս, հապա երբ պիտի վայլեմ»:

 

Հիմա չխօսինք տաք, կիզիչ Ափրիկէի մասին, որ կը պարտադրէ իւր բնակչութեան անծածկ մնալ: Նաեւ չխօսինք այդ անծածկութեան արտածումը ի Եւրոպա, յատկապէս երբ կը հետեւինք այդ ցամաքամասի պատմութեան. կը նկատենք դատարկ լողափեր մինչեւ 19րդ դար: Ծովն ու լողը ձկնորսներու բաժինն էին միայն:

 

Մարդկութիւնը անցած է բազում քաղաքակրթական օղակներէ: Հաւաքական ընտանիք, մայրիշխանութիւն, հայրիշխանութիւն, բազմակնութիւն, միակնութիւն, բարձր մշակոյթ, հոգեւոր արժէքի կուտակում եւ...այժմեան պատկերը:

 

Կարծէք թէ քաղաքակրթութիւնը հասած է իւր զենիթին (գագաթին)՝ աւելին չկայ, յետեւաբար մարդկութիւնը սկսած է յետդարձ կատարել դէպի անձաւային մշակոյթ –ոռբացութիւն:

 

Այդ ժամանակ չկային բաւարար հիւսածեղեն, եւ հազիւ հազ կը ծածկէին իրենց մէջքէն վար մինչեւ ծունկերը գազաններու կաշիով:

 

Այդ ձեւագծողները stylist ո՞վք են, որ պիտի որոշեն իմ գործածելիք արեւի ակնոցի կերպը, կամ իմ հագուելիք հագուստի գոյնը, գիծերը, օձիքի լայնքը եւայլն: Միթէ՞ ճաշակ կը պակսի ինձի, որ դիմեմ այդպիսիներուն:

 

Արդէն հագուստ կապուստ ծախողները ինքնաբերաբար նորարար հագուստներ կը ծախեն, բայց յանուն մարդկային հանգստութեան. այդքան կուրօրէն չյետեւիլը, չշահագործուիլը արդար է:

 

Այժմ մեր քաղաքի մէջ նորոյթ է արանց (տղամարդկանց) տնկուկ մազը: Վարդան մամիկոնեանի խոյրին պէս դէպի վեր յարդարուած եւ Սալեմի վհուկներու աւելին պէս թել-թել թափթփուկ մազ մը: Հը.. ինչ ասեմ.. ճաշակ է:

 

Գեղեցիկին ամէն ինչ կը վայլէ:

 

 

Link to comment
Share on other sites

Օր մը ծեր պապուկ մը, որ լողալ չի գիտեր լաւ, լիճին մէջ կը լոգնայ: Ամօթ չէ ըսելը՝ քաքը կուգայ: Կընէ ընելիքը, եւ կը տեսնէ քաքը կը ծփայ ջուրին վրայ: Կէս կատակ կէս լուրջ կը բացականչէ. «տակաւին հիմա ելար ոռէս. եւ ինձի լողա՞լ կը սորվեցնես»:

 

Ինձի այս դրուագը կը յիշեցնէ բազում սուրիահայեր, որոնք 2 օրով Լիբանան կերթան, 1,5 օր Լիբանանի օդը կը շնչեն, 0,5 օր ալ ջուրը կը խմեն եւ կսկսին Սուրիան քննադատել. «Դուք սուրիացիներդ այսպէս էք, Ձեր Սուրիան այսպէս է» եւայլն: Götliebener

 

Այսպէս տակաւին նոր եւրպացի դարձած երեկուայ միջին արեւելցին չի հաւնիր միջին արեւելեան վարքն ու բարքը, աւանդոյթը: Ամազոնի անտառներու որսորդ եւ մերկ հաւաքականութեանց «մշակոյթին» կը հակադրէն Տալիբանեան կամ Վահաբական «մշակոյթը»: Ա՞յս է գիտցածնին: Չկա՞ն ուրիշ քաղաքակրթութիւններ: Արեւելեան քրիստոնեայ մշակոյթները, Եւրոպական մշակոյթները, արեւելասիական մշակոյթները ինչո՞ւ կանտեսուին, երբ կը զրուցուի թռուցիկով (ներքնազգեստով) փողոցով պտտելու մասին: Կամ Տալիբան (այդ Աֆղանիստանը) կամ ալ Ամազոն:

 

 

Link to comment
Share on other sites

Այսպէս տակաւին նոր եւրպացի դարձած երեկուայ միջին արեւելցին չի հաւնիր միջին արեւելեան վարքն ու բարքը, աւանդոյթը: Ամազոնի անտառներու որսորդ եւ մերկ հաւաքականութեանց «մշակոյթին» կը հակադրէն Տալիբանեան կամ Վահաբական «մշակոյթը»: Ա՞յս է գիտցածնին: Չկա՞ն ուրիշ քաղաքակրթութիւններ: Արեւելեան քրիստոնեայ մշակոյթները, Եւրոպական մշակոյթները, արեւելասիական մշակոյթները ինչո՞ւ կանտեսուին, երբ կը զրուցուի թռուցիկով (ներքնազգեստով) փողոցով պտտելու մասին: Կամ Տալիբան (այդ Աֆղանիստանը) կամ ալ Ամազոն:

Այդ բառին բուն աղբիւրը Մարաշի բարբառով ԴԸՐԸՇՈԿ : Տեսնեմ թէ պիտի գուշակես ինչ նշանակի: :P :)

Link to comment
Share on other sites

Որովհետեւ «դրօշակ» նշանակէ լաթ, կերպաս:

Այո

Տես սա տեղ

http://www.brockport.edu/womensctr/clothesline%20Project.GIF

Եւ սա տեղ

http://www.news.utoronto.ca/images5/clothesline.jpg

Ինչպէս նաեւ այս տեղ

http://hyeforum.com/index.php?showtopic=9226&hl=draush

 

:P :)

Edited by Arpa
Link to comment
Share on other sites

Guest
This topic is now closed to further replies.

×
×
  • Create New...