Johannes Posted May 5, 2007 Report Share Posted May 5, 2007 Ստորեւ ներկայացուած տողերը կը պատկանին հայերէնի ուսուցիչիս՝ Յակոբ Չոլաքեանին: Ան, ամէն շաբաթ հայերէն լեզուի վերաբերեալ յօդուած մը կը գրէ, Հալէպի «Գանձասար» անուամբ շաբաթաթերթին մէջ-Յովհաննէս: «... Բայց մեր հայերէնը կորսնցուցած է եւ օր աւուր կը կորսնցնէ իր բառամթերքի կարեւոր մէկ բաժինը: Չենք ակնարկեր այն բառերուն, որոնք կեանքի պայմաններուն փոփոխութեամբ մեր կեանքէն դուրս մղուած են, ինչպէս՝ երկրագործական հին գործիքներու անունները՝ արօր, լուծ, մանգաղ, մաճ, կամ, հոսելի եւ այլն: Այս բառերը այլեւս տեղ չունին մեր կեանքին մէջ. Անոնցմէ ո՛վ գիտէ քանին կորսուած են անհետ, իսկ ուրիշներ պառկած են գիրքերու եւ բառարաններու մէջ: Բանաստեղծութեան մէջ անոնք կը կենդանանան մեզի համար միայն բառարաններու միջնորդութեամբ: Ես նկատի ունիմ անոնք, որ ամէն օր մեզի հետ պէտք է ըլլային: Բառեր, որոնք խօսքի կազմութեան մէջ շատ անհրաժեշտ են: Կը բաւէ հիւանդտեսի մը երթաք՝ հաստատելու համար, որ մեր լեզուէն կը չքանայ մարդակազմութեան վերաբերող բառամթերքը առհասարակ, ինչպէս՝ թոք, լեարդ, գեղձ, երիկամ, շնչափող, որկոր, արեան կարմիր գնդիկ եւայլն, ոսկրաբանութիւնէն՝ կմախք, փէճ, կոճ, ող, ողնահար, կողոսկր, յօդ եւ այլն, հիւանդութիւններէն եւ յարակից մարզերէն՝ քաղցկեղ, կաթուած, ճողուածք, հարբուխ, մահաքուն, ատեան տկարութիւն, արեան ճնշում, վարակ, ախտաճանաչում...: Այս բառերը, որոնք այնքան կենսական են մեր խօսքին համար, կը փոխարինուին օտար բառերով: Հայերէնը կը կորսնցնէ իր կենսունակութիւնը. այդ ըսել է՝ չի կրնար քայլ պահել կեանքի զարգացման հետ եւ բան մըն ալ նահանջ կ'արձանագրէ: Մենք իբր հայերէն կը խօսինք, բայց մեր խօսքը առանց անդրադառնալու կը կազմենք երբեմն գերազանցապէս օտար բառերով: Հիմա պիտի հարցնէք, թէ ինչո՛ւ համար եղած են մեր դասագիրքերը, ուր իւրաքանչիւր դասի տակ «բառեր եւ բացատրութիւններ» բաժինով չբաւարարուելով դեռ ընթերցանութեան մէկ-երկու էջէն սիւնակներով հոմանիշներ ալ կը հանենք ու կը դնենք աշակերտին առջեւ: Անոնցմէ քանի մը դասական օրինակներ բերենք. «հով, զեփիւռ, հովիկ, քամի, սիւք, հողմ, սղոխ, խորշակ» «երեկոյ, իրիկուն, վերջալոյս, արեւմար, իրիկնամուտ» «արշալոյս, արեւածագ, առաւօտ, առտու, այգ, այգաբաց»: Խնդրեմ, մենք բոլորս, մեր առօրեայ խօսակցութեան մէջ «հով» կ'ըսենք կը վերջացնենք, կամ կ'ըսենք՝ «տաք հով», «մեղմ հով», «չոր հով». «իրիկուն» եւ «առտու» կ'ըսենք՝ կը բաւարարուինք. միւսերուն գերազանցապէս գրականութեան մէջ կը հանդիպինք. սորվինք, սորվեցնենք՝ գէշ չ'ըլլար, մանաւանդ քիչ մը գեղարուեստական գրականութիւն վայելելու համար, բայց շատ, շատ գէշ կ'ըլլայ, երբ ելեկտրագէտը, որ ձեր նախկին աշակերտն է, ձեր տունը գայ նորոգութեան մը համար եւ ձեզի հայերէնով դիմէ. - Սթէզ, քահրապայի շրիթդ շըպըր մը ուասլէ եւ երկու ֆիշ կ'ուզէ, մէկը ընթայէ, միւսը տաքար, պա'ս: Ահա քեզի հայերէնի դասագիրք, ահա քեզի հայերէն: Կ'ուզեմ այս հայերէնը թարգմանել հայերէնի. պիտի յաջողի՞մ արդեօք. « Պարո՛ն, ելեկտրական թելդ թիզ մը կցան կ'ուզէ, երկու կոճակ, մէկը՝ էգ, միւսը՝ արու, միայն»: Հասկցա՞ք: 1950ական թուականներէն ետք հայերէնով դասաւանդուած բոլոր գիտութիւնները տեղ-տեղ անցան պաատմութեան գիրկը, իսկ ուրիշ տեղ, երկրի պայմաններուն յարմարելու թելադրանքով մե՛նք կամաց-կամաց ջնջեցինք զանոնք, կամ անոնց յատկացուցինք չափազանց աննշան բաժին մը միայն մեր դպրոցական կեանքին մէջ: Ու ահա այսօր, երեք-չորս տասնամեակ ետք, մենք իրօք կենսունակութենէ զրկուած լեզուի մը ժառանգորդներն ենք, ու ամէն օր նահանջ մըն ալ կ'արձանագրենք անոր հաշուին: Կրնայի՞նք այդ կորուստին առաջքը առնել...Կրնա՞նք... Մենք ուշացանք կորսուող բառամթերքը մեր նախակրթարաններու դասագիրքերուն մէջ ներմուծելու աշխատանքին մէջ (1990ականներ), կ'ուշանանք տակաւին մեր միջնակարգի եւ երկրորդականի դպրոցականները ազատելու գերազանցապէս գրականութեան ու գրականութեան պատմութեան դասագիրքերէն, մինչ անոնք շատոնց պէտք է ըլլային, էապէս ու ամբողջապէս, ԼԵԶՈՒԻ դասագիրքեր, որոնք կազմուած պէտք է ըլլային արդի հայերէնին անհրաժեշտ բոլոր բնագաւառներու արտայայտչական միջոցներուն եւ բառամթերքին հիմնական բաժինը ներառելու ջանադրութեամբ ու ծրագրով: Ներկայիս անդունդ մը ստեղծուած է խօսակցական եւ գրական հայերէնին միջեւ: Մեր երկրորդական վարժարաններէն շրջանաւարտութեան կաարեւոր մէկ տոկոսը գիտական հանրամատչելի յօդուած մը կարդալ չի փափաքիր, որովհետեւ չի հասկնար: Կարծես նոյնիսկ անտէր դարձած մեր մամուլի կնոջական, մարզական, խոհանոցի, բժշկական, գիտական էջերը, ինչու՞, երբ գիտենք, թէ կարդան պատահական օտար թերթի մը նոյն էջերը... Որովհետեւ արդէն չհասկնալու վախէ կը տառապին շատը (մինչ մեր թերթերը չհասկցուելու վախէն այնքան հեռու են, որքան հանրագըտարանները): Ըլլալիքը պարզ է, ընելիքը՝ աւելի պարզ: Շարժի՛լ:» Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Arpa Posted May 5, 2007 Report Share Posted May 5, 2007 (edited) Մեծ ցաւով իմանամ թէ քո ամէնասիրելի ուսուսիչներէն մին տակավին կռէ մականուն մը այդ անիծեալ լեզուէն ուր, Չոլախ նշանակի հաշմանդամ: Վստահ եմ քո ուսուչից Յագոբ-ը այդ Հալեպցի Զեյթունցի/Մարաշցի նշանսվոր, գուցէ առաջին լուսանկարիչ Սամուէլ Չոլաքեան- ի շարավիղէն չէ որուն որդիներէն մին, իմ սիրելի ընկերներէն մին, Վիլմա/ Ւիլման, մի ժամանակ Հայկազեան Գոլէճ ի բարձր պաշտոնեայ էր: Edited May 5, 2007 by Arpa Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Johannes Posted May 5, 2007 Author Report Share Posted May 5, 2007 (edited) Ան քեսապցի է...եւ գիրքերու հեղինակ Edited May 5, 2007 by Johannes Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Arpa Posted May 5, 2007 Report Share Posted May 5, 2007 թոք, լեարդ, գեղձ, երիկամ, շնչափող, որկոր, արեան կարմիր գնդիկ եւայլն, ոսկրաբանութիւնէն կմախք, փէճ, կոճ, ող, ողնահար, կողոսկր, յօդ [/b]եւ այլն, հիւանդութիւններէն եւ յարակից մարզերէն՝ քաղցկեղ Յովաննէս ցավըդ տանեմ, այսինքն ցավըդ տանեմ: Վերեվի քո բոլոր ասածները ցավալի իրողանք են: Բայց ինչպէս բացատրել երբ նոյնիսկ Աճառեանը մեկնաբանե թէ այդ անիծեալ ախտին Հաեերէնը քաղցկեղ է երբ մենք քաջ գիեենք որ քաղց նշանակի անոթութիւն, սով եւ կեղ նշանակի վերք, այսինքն կեղ իբր արդիւնք սովի, ստամոքսային վերք, Peptic ulcer: Արդեօք չպիտի լիներ խեչաբար, խլիրդ as in cancer/crab? There is a reason why that disease was called “cancer”, as pathologically speaking it looks like the tentacles/claws of a crab. Look up and see what “cancer“ in the signs of Zodiac means., or in such terms of “tropic of Cancer(crab)“ and “tropic of Capricorn(goat)” mean.. Do we call that sign of Zodiac Հասարակաց քաղցկեղի? Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
vartahoor Posted May 6, 2007 Report Share Posted May 6, 2007 Ստորեւ ներկայացուած տողերը կը պատկանին հայերէնի ուսուցիչիս՝ Յակոբ Չոլաքեանին: Ան, ամէն շաբաթ հայերէն լեզուի վերաբերեալ յօդուած մը կը գրէ, Հալէպի «Գանձասար» անուամբ շաբաթաթերթին մէջ-Յովհաննէս: «... Բայց մեր հայերէնը կորսնցուցած է եւ օր աւուր կը կորսնցնէ իր բառամթերքի կարեւոր մէկ բաժինը: Չենք ակնարկեր այն բառերուն, որոնք կեանքի պայմաններուն փոփոխութեամբ մեր կեանքէն դուրս մղուած են, ինչպէս՝ երկրագործական հին գործիքներու անունները՝ արօր, լուծ, մանգաղ, մաճ, կամ, հոսելի եւ այլն: Այս բառերը այլեւս տեղ չունին մեր կեանքին մէջ. Անոնցմէ ո՛վ գիտէ քանին կորսուած են անհետ, իսկ ուրիշներ պառկած են գիրքերու եւ բառարաններու մէջ: Բանաստեղծութեան մէջ անոնք կը կենդանանան մեզի համար միայն բառարաններու միջնորդութեամբ: Ես նկատի ունիմ անոնք, որ ամէն օր մեզի հետ պէտք է ըլլային: Բառեր, որոնք խօսքի կազմութեան մէջ շատ անհրաժեշտ են: Կը բաւէ հիւանդտեսի մը երթաք՝ հաստատելու համար, որ մեր լեզուէն կը չքանայ մարդակազմութեան վերաբերող բառամթերքը առհասարակ, ինչպէս՝ թոք, լեարդ, գեղձ, երիկամ, շնչափող, որկոր, արեան կարմիր գնդիկ եւայլն, ոսկրաբանութիւնէն՝ կմախք, փէճ, կոճ, ող, ողնահար, կողոսկր, յօդ եւ այլն, հիւանդութիւններէն եւ յարակից մարզերէն՝ քաղցկեղ, կաթուած, ճողուածք, հարբուխ, մահաքուն, ատեան տկարութիւն, արեան ճնշում, վարակ, ախտաճանաչում...: Այս բառերը, որոնք այնքան կենսական են մեր խօսքին համար, կը փոխարինուին օտար բառերով: Հայերէնը կը կորսնցնէ իր կենսունակութիւնը. այդ ըսել է՝ չի կրնար քայլ պահել կեանքի զարգացման հետ եւ բան մըն ալ նահանջ կ'արձանագրէ: Մենք իբր հայերէն կը խօսինք, բայց մեր խօսքը առանց անդրադառնալու կը կազմենք երբեմն գերազանցապէս օտար բառերով: Հիմա պիտի հարցնէք, թէ ինչո՛ւ համար եղած են մեր դասագիրքերը, ուր իւրաքանչիւր դասի տակ «բառեր եւ բացատրութիւններ» բաժինով չբաւարարուելով դեռ ընթերցանութեան մէկ-երկու էջէն սիւնակներով հոմանիշներ ալ կը հանենք ու կը դնենք աշակերտին առջեւ: Անոնցմէ քանի մը դասական օրինակներ բերենք. «հով, զեփիւռ, հովիկ, քամի, սիւք, հողմ, սղոխ, խորշակ» «երեկոյ, իրիկուն, վերջալոյս, արեւմար, իրիկնամուտ» «արշալոյս, արեւածագ, առաւօտ, առտու, այգ, այգաբաց»: Խնդրեմ, մենք բոլորս, մեր առօրեայ խօսակցութեան մէջ «հով» կ'ըսենք կը վերջացնենք, կամ կ'ըսենք՝ «տաք հով», «մեղմ հով», «չոր հով». «իրիկուն» եւ «առտու» կ'ըսենք՝ կը բաւարարուինք. միւսերուն գերազանցապէս գրականութեան մէջ կը հանդիպինք. սորվինք, սորվեցնենք՝ գէշ չ'ըլլար, մանաւանդ քիչ մը գեղարուեստական գրականութիւն վայելելու համար, բայց շատ, շատ գէշ կ'ըլլայ, երբ ելեկտրագէտը, որ ձեր նախկին աշակերտն է, ձեր տունը գայ նորոգութեան մը համար եւ ձեզի հայերէնով դիմէ. - Սթէզ, քահրապայի շրիթդ շըպըր մը ուասլէ եւ երկու ֆիշ կ'ուզէ, մէկը ընթայէ, միւսը տաքար, պա'ս: Ահա քեզի հայերէնի դասագիրք, ահա քեզի հայերէն: Կ'ուզեմ այս հայերէնը թարգմանել հայերէնի. պիտի յաջողի՞մ արդեօք. « Պարո՛ն, ելեկտրական թելդ թիզ մը կցան կ'ուզէ, երկու կոճակ, մէկը՝ էգ, միւսը՝ արու, միայն»: Հասկցա՞ք: 1950ական թուականներէն ետք հայերէնով դասաւանդուած բոլոր գիտութիւնները տեղ-տեղ անցան պաատմութեան գիրկը, իսկ ուրիշ տեղ, երկրի պայմաններուն յարմարելու թելադրանքով մե՛նք կամաց-կամաց ջնջեցինք զանոնք, կամ անոնց յատկացուցինք չափազանց աննշան բաժին մը միայն մեր դպրոցական կեանքին մէջ: Ու ահա այսօր, երեք-չորս տասնամեակ ետք, մենք իրօք կենսունակութենէ զրկուած լեզուի մը ժառանգորդներն ենք, ու ամէն օր նահանջ մըն ալ կ'արձանագրենք անոր հաշուին: Կրնայի՞նք այդ կորուստին առաջքը առնել...Կրնա՞նք... Մենք ուշացանք կորսուող բառամթերքը մեր նախակրթարաններու դասագիրքերուն մէջ ներմուծելու աշխատանքին մէջ (1990ականներ), կ'ուշանանք տակաւին մեր միջնակարգի եւ երկրորդականի դպրոցականները ազատելու գերազանցապէս գրականութեան ու գրականութեան պատմութեան դասագիրքերէն, մինչ անոնք շատոնց պէտք է ըլլային, էապէս ու ամբողջապէս, ԼԵԶՈՒԻ դասագիրքեր, որոնք կազմուած պէտք է ըլլային արդի հայերէնին անհրաժեշտ բոլոր բնագաւառներու արտայայտչական միջոցներուն եւ բառամթերքին հիմնական բաժինը ներառելու ջանադրութեամբ ու ծրագրով: Ներկայիս անդունդ մը ստեղծուած է խօսակցական եւ գրական հայերէնին միջեւ: Մեր երկրորդական վարժարաններէն շրջանաւարտութեան կաարեւոր մէկ տոկոսը գիտական հանրամատչելի յօդուած մը կարդալ չի փափաքիր, որովհետեւ չի հասկնար: Կարծես նոյնիսկ անտէր դարձած մեր մամուլի կնոջական, մարզական, խոհանոցի, բժշկական, գիտական էջերը, ինչու՞, երբ գիտենք, թէ կարդան պատահական օտար թերթի մը նոյն էջերը... Որովհետեւ արդէն չհասկնալու վախէ կը տառապին շատը (մինչ մեր թերթերը չհասկցուելու վախէն այնքան հեռու են, որքան հանրագըտարանները): Ըլլալիքը պարզ է, ընելիքը՝ աւելի պարզ: Շարժի՛լ:» Յարգելի Ջոհաննէս, Շնորհակալութիւն այս գեղեցիկ յօդւածի համար որը ես և կինս երեք անգամ հրճւանքով ընթերցեցինք: Ահա´, սա է այն արևմտահայերէնը որ ես եմ սովորած և կարդացած, և ոչ թէ աղաւաղւած և անհասկանալի սփիւռքում գործածւող արևմտահայերէնը: Չափազանց որախ եմ զգում ինձ տեսնելով որ Սուրիայում այդպիսի արժէքաւոր անձինք դեռ գոյութիւն ունեն: Հայրս միշտ ասում էր որ արևմտահայ գաղութներից ամենալավը Սուրիոյ գաղութն է եղած, հետագային հայութեան կենտրոնը փոխադրւել է Եգիպտոս (Գահիրէ), և վերջապէս քաղաքական պատճառներով վերջինս տեղափոխւել է մասամբ, Մոնթրէալ և մասամբ էլ Լիբանան: Գահիրէում կար հայերէն լեզվին լաւատեղեակ մի անձ Բ. Թաշեան անունով որը շարունակ «Հայրենիք Օրաթերթ»-ի խմբագիր Մինաս Թէլէօլեանի հետ վիճաբանութեան մէջ էր մտնում և միշտ էլ յաղթական էր դուրս գալիս իր տրամաբանութեամբ և լեզւագիտական օրէնքներին ծանօթ լինելու պատճառով: Ինչպէս անցեալում գրել էի նրա «ԹԻՒՐՆ ՈՒ ԹԵՐԻՆ» գիրքը յաճախ եմ կարդում (Բեյրութ 1968), թէպէտ արդէն բազմիցս անգամ կարդացել եմ և ամէն անգամ էլ հիացել: Նրա «Լսարան Հայ Լեզւի» դասագրքերի շարքը իմ կարծիքով ամենալաւն են: Քո ուսուցիչ Յակոբ Չոլաքեանն ինձ Բ. Թաշեանին յիշեցրեց, երանի նրանց նմանները մեր մէջ շատ լինէին: Բ. Թաշեանը գրում է.-Ես միշտ այն տեսակէտը պաշտպանած եմ անձնական խօսակցութիւննրու ատեն, թէ պէտք է ունենանք մէկ լեզու, նախընտրաբար անշուշտ արեւլահայերէնը, որ հիմա դարձած է պետական լեզու. բայց զգուշացած եմ նոյն տեսակէտը պաշպտպանելէ նաեւ հրապարակով, նախ՝ որովհետեւ կը վախնայի, որ ինծի դէմ պիտի ունենայի հանգուցեալ«արխատաշ»ս՝ Շաւարշ Միսաքեանը, ծանօթ՝ իբրեւ մոլեռանդ պաշտպանը արեւմտահայերէնի: Կրնար կարծուիլ, միւս կողմէ, թէ ես բարոյական ազդեցութեանը տակն եմ «արեւելահայ» Վ. նաւասարդեանի, որ, ի դէպ արեւմտահայերէնը կը պաշտպանէր արեւելահայ լեզուաբաններու դէմ: Հիմա երկուքն ալ հող դարձած են. Շաւարշ Միսաքեանի հետ վէճի բռնուելու վախը չունիմ, իսկ Վ. Նաւասարդեանի «բարոյական ազդեցութեան» խօսք չի կրնար ըլլալ այլեւս: ՆԵՐԱԾՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ, էջ 17, 1961, Տպարան «Յուսաբեր» Գահիրէ: - Այս կայքէջում երկար վիճաբանութեան նիւթ է դարձած, արևմտահաերէնի սխալ առոգանութիւնը: Որոշ անհատներ պնդում են թէ արևելահերէնն է որ սխալ հնչիւնաբանութեան հիմքերի վրայ է դրւած և ոչ մի կերպ չեն ուզում ընդունել որ իրենք են սխալւողները: Վստահ եմ որ դուք և ձեր ուսուցիչը պիտի չը համաձայնւէիք այդ տեսակէտին և ընդունէիք ճիշտը: Նորից թոյլ տւէք խորին շնորհակալութիւնս յայտնել ձեր այդ գեղեցիկ նիւթի մասին, Յարգանօք, Հրաչ Վարդանեան Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Shahan Araradian Posted May 6, 2007 Report Share Posted May 6, 2007 (edited) Այս կայքէջում երկար վիճաբանութեան նիւթ է դարձած, արևմտահաերէնի սխալ առոգանութիւնը: Որոշ անհատներ պնդում են թէ արևելահերէնն է որ սխալ հնչիւնաբանութեան հիմքերի վրայ է դրւած և ոչ մի կերպ չեն ուզում ընդունել որ իրենք են սխալւողները: Indeed a misunderstadning and/or deliberate misreading and/or arrogance... Once again. I am claiming that BOTH Western Armenian AND Eastern Armenian phonology is not in tune with Classical Armenian phonology. 1) Western Armenian for: a. its sound shifts (e.g. /b/ (բ) to /p/, /p/ (պ) to /b/, etc.) b. and everything under #3 2) Eastern Armenian for: a. Introducing a NEW sound in Armenian: namely ejective sounds (e.g. /p/ (պ) to /p'/ and /k/ (կ) to /k'/ -- note ejectives) b. and everything under #3 3) Common to both Western Armenian and Eastern Armenian are: a. losing the TRUE pronunciation of certain aspirated consonants as փ (not /pʰ/ but really phi -- as in philosophy -- փիլիսոփայութիւն) and թ (not /tʰ/ but really "th" as in theta and Thaddeus -- Թադէօս) b. losing the TRUE pronunciation of ղ (really a soft 'l') c. losing some other diphthongs like աւ YOU SEE, IT'S NOT ONLY WESTERN ARMENIAN THAT'S BEEN TAINTED SINCE CLASSICAL ARMENIAN. Anyways, I've wasted enough time and energy explaining the same thing 11 ways. The discerning mind should be able to understand these points. But the emotional mind will see this as an Eastern vs. Western game and choose sides. Edited May 6, 2007 by Shahan Araradian Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Gor-Gor Posted May 6, 2007 Report Share Posted May 6, 2007 (edited) Indeed a misunderstadning and/or deliberate misreading and/or arrogance... Once again. I am claiming that BOTH Western Armenian AND Eastern Armenian phonology is not in tune with Classical Armenian phonology. 1) Western Armenian for: a. its sound shifts (e.g. /b/ (բ) to /p/, /p/ (պ) to /b/, etc.) b. and everything under #3 2) Eastern Armenian for: a. Introducing a NEW sound in Armenian: namely ejective sounds (e.g. /p/ (պ) to /p'/ and /k/ (կ) to /k'/ -- note ejectives) b. and everything under #3 3) Common to both Western Armenian and Eastern Armenian are: a. losing the TRUE pronunciation of certain aspirated consonants as փ (not /pʰ/ but really phi -- as in philosophy -- փիլիսոփայութիւն) and թ (not /tʰ/ but really "th" as in theta and Thaddeus -- Թադէօս) b. losing the TRUE pronunciation of ղ (really a soft 'l') c. losing some other diphthongs like աւ YOU SEE, IT'S NOT ONLY WESTERN ARMENIAN THAT'S BEEN TAINTED SINCE CLASSICAL ARMENIAN. Anyways, I've wasted enough time and energy explaining the same thing 11 ways. The discerning mind should be able to understand these points. But the emotional mind will see this as an Eastern vs. Western game and choose sides. You might as well be typing in Chinese. Մոռցի՛ր այլեւս...յոյս չկայ։ Edited May 6, 2007 by Gor-Gor Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Zartonk Posted May 6, 2007 Report Share Posted May 6, 2007 YOU SEE, IT'S NOT ONLY WESTERN ARMENIAN THAT'S BEEN TAINTED SINCE CLASSICAL ARMENIAN. Anyways, I've wasted enough time and energy explaining the same thing 11 ways. The discerning mind should be able to understand these points. But the emotional mind will see this as an Eastern vs. Western game and choose sides. Shahan jan, you are honestly doing more to keep the game alive when you respond to the emotional takes on our dialectal dilemma. Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
SAS Posted May 7, 2007 Report Share Posted May 7, 2007 (edited) Բայց ինչպէս բացատրել երբ նոյնիսկ Աճառեանը մեկնաբանե թէ այդ անիծեալ ախտին Հաեերէնը քաղցկեղ է երբ մենք քաջ գիեենք որ քաղց նշանակի անոթութիւն, սով եւ կեղ նշանակի վերք, այսինքն կեղ իբր արդիւնք սովի, ստամոքսային վերք, Peptic ulcer: Արդեօք չպիտի լիներ խեչաբար, խլիրդ as in cancer/crab? Սիրելի Արփա, մի տարի առաջ քաղցկեղից մահացավ իմ աշխատանքային ընկերներից մեկը: Երիտասրադ, հաղթանդամ ռուս էր, հասակը՝ 1,9 մետր, քաշը՝ 110 կիլոգրամ: Երբ մահից մի քանի օր առաջ տեսության գնացի՝ կմախք էր դարձել:Սոսկալի մի պատկեր էր. շենշող մարմնի փոխարեն՝ ոսկորների պարկ: Հայերենում կա «ցավից մաշվել» արտահայտությունը՝ նիհարել իմաստով:Քանի որ քաղցկեղի հետևանքով մարդն այնքան է մաշվում-նիհարում, որ կարծես թե երկար ժամանկ սովի են մատնել, քաղցով կեղեքել (կեղեքել՝ նշանակում է նաև տանջել), ապա քաղցկեղ բառը փոխաբերական իմաստով նշանակում է cancer/crab: Ի միջի այլոց, ռուսները վերցրել են cancer/crab-ի երկրորդ մասը, թարգմանել ու ստացել ՌԱԿ: Քանի որ ՌԱԿ-ը շատ կարճ բառ է, ապա անբնական-բնական է, որ հայերը քաղցկեղի փոխարեն ասեն ՌԱԿ = (բառացի)խաչափառ-խեչաբար-խեցգետին: Հ.Գ. Երբ Մոսկվա գաս, կգնանք Սևանի ՌԱԿ(խեցգետին) ուտելու: Edited May 7, 2007 by SAS Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Johannes Posted May 7, 2007 Author Report Share Posted May 7, 2007 Արփան գրեց՝Յովhաննէս` ցաւդ տանեմ Վերեւի քո բոլոր ասածները ցաւալի իրողանք են: Բայց ինչպէս բացատրել երբ նոյնիսկ Աճառեանը մեկնաբանէ թէ` այդ անիծեալ ախտին Հաերերէնը քաղցկեղ է երբ մենք քաջ գիետենք. որ քաղց նշանակի անոթութիւն, սով եւ կեղ նշանակի վերք, այսինքն կեղ իբր արդիւնք սովի, ստամոքսային վերք, Peptic ulcer: Արդեօք չպիտի լիներ խեչափար, խլիրդ as in cancer/crab? There is a reason why that disease was called cancer, as pathologically speaking it looks like the tentacles/claws of a crab. Look up and see what cancer in the signs of Zodiac means., or in such terms of tropic of Cancer(crab) and tropic of Capricorn(goat) mean.. Do we call that sign of Zodiac Հասարակաց քաղցկեղի? Սիրելի Արփա, Արմատական Բառարանի մէջ, որքան որ կը յիշեմ, գրած է թէ. «քաղցկեղ» անուան ծագումը «քարծկեղ» է, սակայն եղափոխման ենթարկուելով դարձած է՝ «քաղցկեղ»: Վարդահուրը գրեց,Յարգելի Ջոհաննէս,... տեսակէտին և ընդունէիք ճիշտը... Յարգելի բժիշկ, խնդրեմ. իմ անունը Ջոն, Իվան կամ Ժան չէ: Կարգ մը ստրկամիտ հայեր, իրանց անունները այդպէս կը դարձնեն: Եթէ հայրս ինձ Մնացական, Մացակ, Տօնական, Ցոլակ, Զատիկ կամ Սիրական անունը տար, դարձեալ պիտի պնդէի այդպէս կոչուել: Իմ տղայի անունը Գէորգ է, բայց ոչ Ջորջ, Յորգո, Ջրջի, Ժորա կամ Ժորժ... Յարգելի բժիշկ, դուք ասում էք. Աւանդական սփիւռքի տարածքում արեւելահայերէնը եւ արեւելահայ մշակոյթը աղաւաղուել է, հալածուել է (գուցէ ինքներդ հալածանքի ենթարկուել եք. 40-50 տարի առաջ), բայց յուրախութիւն ձեզ, ասեմ. որ մենք սովորում էինք արեւելահայ գրականութիւն նոյնքան շատ, որքան որ բախտ ունենում էինք ուսանելու արեւմտահայ գրականութիւն: Արեւելահայ գրողների գրածը երբ վերածում են արեւմտահայերէնի. կեղծ է հնչում (մեր բոլորի ականջին), սակայն նոյնքան կեղծ պէտք է հնչի (կամ՝ երեւի ձեր աչքին) աւանդական ուղղագրութեամբ կրթուած Ձեր անձին, աւանդական ուղղագրութեամբ ստեղծագործած արեւելահայ բանաստեղծների, վիպագիրների գրութեանց աբեղեանի ուղղագրութեամբ մատուցումը... Արեւելահայերէ՞նը պիտի լինի հայութեան միասնական լեզուն, թո՛ղ լինի, բայց խնդրեմ. Տէրեանի, Մուրացանի, Րաֆֆու արեւելահայերէնը թո՛ղ լինի, բայց ոչ Աբովեանի թուրքախառն բարբառը կամ Երեվանի փողոցայինը: Իսկ Արեւմտահայերէնը, բաւարար հարուած չի՞ ստացել 1915 թուին, որ կրկին հարուածենք զայն՝ մէկդի նետելով (սա, որպէս մարդկային եւ զգացական ենթահողի վրայ գրեցի): Բարեկամիս խնդրանքին անսալով, հրաժարուեցի ուղղագրութեան վերաբերեալ պնդումներիցս: Սա իմ խնդիրը չի, ով ինչ ձեւով ուզում է, այդպէս էլ թո՛ղ գրի: Հայ ժողովուրդը ինքը պէտք է տէր կանգնի իր լեզուին, մշակոյթին: Որքանո՞վ նպատակահարմար գտնում էք www.akumb.am ում տեղադրուած ձեր գրութեանց պահը: Նկատի ունեմ, «Կիկոսի Մահը» եւ նման նիւթերի ներկայացումը: Առանց այն էլ, Սփիւռքից անտեղեակ մատղաշ հայաստանցիների, երիտասարդների մտքերը չի՞ պղտորելու նման թեմաների ներկայացումը: Ինչեւէ, Ձեզ պիտի չի խանգարեմ այդտեղ, բայց ասեմ, որ ժամանակավրէպ է Ձեր գրածը, որովհետեւ արեւմտահայերէնը, ցաւօք սրտի, մահանալու ընթացքի մէջ գտնւում է: Հենց այդ պատճառով. Ձեր կատարած հալածանքը անիմաստ եւ ժամանակավրէպ է: Շնորհակալ եմ գովասանքի համար (յօդուածի տեղադրման վերաբերեալ), Ողջոյնս փոխանցէ՛ք ձեր յարգելի Տիկնոջը: Թէլէօլեանի Պոլսահայ Թէօլէօլեանը Հալէպում ուսուցանել է հայերէն: Միշտ խորհել եմ, թէ ինչպէ՞ս՝ է+օ (աւ) ձայնաւորները իրար յաջորդել են. «Թէօլէօլեան» (Theauleaulean ?) եւ նման ազգանուների պարագայում: Հայերէնում պէտք է մերժուի նման դէպք: Սա Ֆրանսաբանութիւն է EAU: Բարբառներում կային այդպիսի հնչոյթներ, օրինակ KÖR կոյր, PÖÇ պոչ, բայց գրական հայերէնը չի ունեցել այդպիսինը... Այս կայքէջում երկար վիճաբանութեան նիւթ է դարձած, արևմտահաերէնի սխալ առոգանութիւնը: Որոշ անհատներ պնդում են թէ արևելահերէնն է որ սխալ հնչիւնաբանութեան հիմքերի վրայ է դրւած և ոչ մի կերպ չեն ուզում ընդունել որ իրենք են սխալւողները: Վստահ եմ որ դուք և ձեր ուսուցիչը պիտի չը համաձայնւէիք այդ տեսակէտին և ընդունէիք ճիշտը: Իմ ուսուցիչը վաղուց է ի վեր չեմ տեսել: Նրա գրութիւնը տեղադրում եմ այստեղ, առանց նրա գիտակցութեանը (կարծում եմ չի նեղանալու, եթէ իմանա): Սրանից մի 20 տարի առաջ երբ ուսանող էի, նկատում էի, որ նա, հայերէն «դ» տառը դժուարութեամբ արտասանում էր T, նրա բերանից Dի նման հնչում էր այդ տառը: Այմնումենայիւ, ոչ նա, ոչ էլ ես համարձակութիւնը չունէինք նման թեմաների արծարծումը. համատարած տգիտութեան մթնոլորտում...մարդակային արժանապատւութիւնը ճշմարտութիւնը քարոզելուց գերիվեր դասում եմ: Յարգանօք՝ Յովհաննէս ... Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Arpa Posted May 7, 2007 Report Share Posted May 7, 2007 (edited) Թէլէօլեանի Պոլսահայ Թէօլէօլեանը Հալէպում ուսուցանել է հայերէն: Միշտ խորհել եմ, թէ ինչպէ՞ս՝ է+օ (աւ) ձայնաւորները իրար յաջորդել են. «Թէօլէօլեան» (Theauleaulean ?) եւ նման ազգանուների պարագայում: Հայերէնում պէտք է մերժուի նման դէպք: Սա Ֆրանսաբանութիւն է EAU: Բարբառներում կային այդպիսի հնչոյթներ, օրինակ KÖR կոյր, PÖÇ պոչ, բայց գրական հայերէնը չի ունեցել այդպիսինը... Այդ երեվի թրքական ազդ է: Թէեւ ես հավատամ թէ մենք մի ժամանակ ֆրանսական U -ի ձայնը ունեցել ենք Իւ որ այժմ ոմանք հնչեն ՅՈՒ, բայց կասկածիմ որ մենք ԷՕ ունէցած էնք ինչպէս դու ասիր ՊՈՉ/ ՓԷՕՉ եւլն թուրքերը մեր շատ մը բառերը իւրացուցած են Օ-ն ԷՕ -ի վէրածելով ինչպէս ՕՐԻՆԱԿ բառը : Նաէւ մեր Ա-ն ծռեն E-ի , Տես “oernek”: Մենք ալ յաճախ թուրքերէն բառերը առած եւ ԷՕռն ն Օ- ի վէրածելով ինչպէս GOECHER -Ը ՔՈՉԱՐ- Ի: Ահա քեզի մի ուրիշ “պարապ վախտի խաղալիք”: ՔՈՒՉԱԿ բառը համոզիչ մէկնաբանութիւն չունի, ոմնաք ասեն թէ թրքերէն Kuchuk-փոքր - էն սեռած է: Մի անհատ առաջարկէ թէ այդ եկած է KOECHEK -են այսինքն երգող պարող, որ Արաբները կոչեն RAGGAS- RAGGASA: Edited May 7, 2007 by Arpa Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Johannes Posted May 7, 2007 Author Report Share Posted May 7, 2007 Աղէկ հասկցար միտքս եւ լաւ մեկնաբանեցիր: Սիրելի Արփա «թրքերէն» «քիւչիւկ»ի ծագումը դարձեալ պահլաւ-հայերէն է: Նկատէ հայերէն՝ «քիչ» բառը, որ թերեւս նշանակէ՝ փոքր, «քիչ» իմաստի հետ միատեղ: Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Arpa Posted May 7, 2007 Report Share Posted May 7, 2007 Աղէկ հասկցար միտքս եւ լաւ մեկնաբանեցիր: Սիրելի Արփա «թրքերէն» «քիւչիւկ»ի ծագումը դարձեալ պահլաւ-հայերէն է: Նկատէ հայերէն՝ «քիչ» բառը, որ թերեւս նշանակէ՝ փոքր, «քիչ» իմաստի հետ միատեղ: Այո իրաւ է Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
SAS Posted May 8, 2007 Report Share Posted May 8, 2007 Քուչակ = Գուշակ Այս իմ մեկնաբանությունը շատ հավանական է, որովհետև բանաստեղծները նաև գուշակ են: Հիշենք թեկուզ Գիյոմ Ապոլիների «Բլուրներ» բանաստեղծության տողերը. Կան որոշ մարդիկ, որ բլրի նման Բարձրանում են վեր մյուս մարդկանց միջև Եվ տեսնում հեռվում ամբողջ ապագան Ավելի պայծառ, քան իրենց ներկան, Ավելի հստակ, քան անցյալն իրենց: ևն Հ.Գ. Քոչարի պարն էլ ոչ մի կապ չունի «քոչ» բառի հետ: Գոչիր\կոչիր\կանչիր և արի = գոչարի\կոչարի, որ, ուրիշներին կապկելու-դուր գալու հին հայկական սովորության համաձայն, դարձել է քոչարի... Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Johannes Posted May 8, 2007 Author Report Share Posted May 8, 2007 Յովհաննէս Պլուզ Երզնկացի, Նահապետ Քուչակ Երկուսն էլ (պլուզ, քուչակ) մանկութեան տարիներից յիշատակ մնացած ածականներ կարող են լինել: Քրդերէնով` «քուչըկ»= փոքր/պուճուր «քաչըկ» = աղջիկ «քաքո» = եղբայր Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Arpa Posted May 11, 2007 Report Share Posted May 11, 2007 (edited) Յովհաննէս Պլուզ Երզնկացի, Նահապետ Քուչակ Երկուսն էլ (պլուզ, քուչակ) մանկութեան տարիներից յիշատակ մնացած ածականներ կարող են լինել: Քրդերէնով` «քուչըկ»= փոքր/պուճուր «քաչըկ» = աղջիկ «քաքո» = եղբայր Յովաննէս վստահ եմ գիտես թէ ՊԼՈՒԶ բառը որտեղէն կուգայ http://hyeforum.com/index.php?showtopic=42...ulos&st=120 QUOTE(Boghos @ Oct 10 2006, 12:49 PM)  Պողոս Paolo, you already know that Poghos, Paulos means small from the Greek. Hence the word polos/պոլոզ in the Marash dialect that means (small) child and the "poulos" ending of Greek family names to mean the "child of..." Where did these self appointed “linguists” get the idea that “paulos” means chosen/ընտրեալ? First off the name is spelled Պօղոս, not ՊՈղոս as in Paulos/Պաւղոս. This is where we lose all connection to our heritage with that buffoonerial Abeghian “orthography/vor-to-graphy”. where “AU/ԱՒ” was converted to “O”, which consequently was reconverted to “Ո”. ՊՈՂՈ, հուն. Paulos անունն է , որ փոխառություն է լատ. Paulus անունից:Պողոս ստուգաբանվում է ՝”ընտրյալ”, “զարմանալի”: Հայերի մեջ տարաժված անուն է :Սրանից՝ Պողոսյան ազգանունը: http://armenian.name/index.php?a=list&...t&w1=%D5%8A In the Marash dialect “poloz/պօլոզ “ means “child/տղայ” , the Zeituntsis pronounce it “poulouz//պուլուզ, when they say “ պլոզտէքը եոր կոն/ պուլոըզտէքը եոի կոն”,? to mean “Տղայքը ուր էն/Where are the children“? You will see that the Zeitintsis elide their R-s to Y. And as to how the Marash dialect is connected to other Kilikians. Hi Mosjan, see my next post. Edited May 13, 2007 by Arpa Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
SAS Posted May 11, 2007 Report Share Posted May 11, 2007 Մոռացել եք գյումրեցի հայտնի Պոլոզ Մուկուչին, որի գերեզմանին շիրմաքար է դրել Ավ.Իսահակյանը: Հովհաննես Շիրազն էլ նույն հայտնի Պոլոզից ծեծ է կերել, երբ դեռ բանաստեղծ չէր և խուժանություն էր անում: Շիրակում «պոլոզ»՝ նշանակում է երկար...Հայատանում Պոլոզ Մուկուչն ու Ծիթրոյի Ալեքը անեկդոտների հայտնի հերոսներ են: Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Arpa Posted May 11, 2007 Report Share Posted May 11, 2007 (edited) Մոռացել եք գյումրեցի հայտնի Պոլոզ Մուկուչին, որի գերեզմանին շիրմաքար է դրել Ավ.Իսահակյանը: Հովհաննես Շիրազն էլ նույն հայտնի Պոլոզից ծեծ է կերել, երբ դեռ բանաստեղծ չէր և խուժանություն էր անում: Շիրակում «պոլոզ»՝ նշանակում է երկար...Հայատանում Պոլոզ Մուկուչն ու Ծիթրոյի Ալեքը անեկդոտների հայտնի հերոսներ են: Սիրելի SAS տես թէ “Պոլոզ” ինչ նշանակի; ==== -Մուկուչ ախպե՞ր, տղա ունեցա, անունն ի՞նչ դնեմ: -Մուկուչ դիր: -Իյաաաա, հը բը եղա՞վ: Ըդիկ քո անունն է: -Բան չկա: Ես համ Պոլոզ եմ, համ էլ Մուկուչ: Ընիգ հեչ անուն չունի: === Ուրիշ “Պոլոզ” անեկդոտներ տեսնել սա տեղ; http://www.akumb.am/showthread.php?p=262821 Կամ “Պոլոզ” փնտռիր Google Am -ով. Յ.Գ. Երբ ես գրեցի վերեվի տողերը չգիտէի թէ Պոլոզ Կուկուչը իրական անձ է, Մկրտիչ Ղազարոսի Մերքոնեան 1881-1931 Գիւմրի Երեվի դու գիւմրեցի ես: Խնդրեմ գրիր նրայ մասին եւ իր սրախօսմունքը: Edited May 11, 2007 by Arpa Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Johannes Posted May 12, 2007 Author Report Share Posted May 12, 2007 Arpa wroteՅովաննէս վստահ եմ գիտես թէ ՊԼՈՒԶ բառը որտեղէն կուգայ http://hyeforum.com/index.php?showtopic=4242&hl=poulos&st=120 QUOTE(Boghos @ Oct 10 2006, 12:49 PM)  Պողոս Paolo, you already know that Poghos, Paulos means small from the Greek. Hence the word polos/պոլոզ in the Marash dialect that means (small) child and the "poulos" ending of Greek family names to mean the "child of..." Where did these self appointed “linguists” get the idea that “paulos” means chosen/ընտրեալ? First off the name is spelled Պօղոս, not ՊՈղոս as in Paulos/Պաւղոս. This is where we lose all connection to our heritage with that marqunats Abeghian “orthography/vor-to-graphy”. where “AU/ԱՒ” was converted to “O”, which consequently was reconverted to “Ո”. ՊՈՂՈ, հուն. Paulos անունն է , որ փոխառություն է լատ. Paulus անունից:Պողոս ստուգաբանվում է ՝”ընտրյալ”, “զարմանալի”: Հայերի մեջ տարաժված անուն է :Սրանից՝ Պողոսյան ազգանունը: http://armenian.name/index.php?a=list&...t&w1=%D5%8A In the Marash dialect “poloz/պօլոզ “ means “child/տղայ” , the Zeituntsis pronounce it “poulouz//պուլուզ, when they say “ պլոզտէքը եոր կոն/ պուլոըզտէքը եոի կոն”,? to mean “Տղայքը ուր էն/Where are the children“? You will see that the Zeitintsis elide their R-s to Y. And as to how the Marash dialect is connected to other Kilikians. Hi Mosjan, see my next post. Սիրելի Արփա, «something about language» վերնագիրով իմ առաջին յղումին մէջ գրած էի թէ՝ կը կարդամ hyeforumի լեզուական բաժինի բոլոր շարանները: Պարտք կզգամ դարձեալ յիշեցնելու ամէնուն, որ դու այս զրուցարանի լեզուական-մշակութային բաժիններու հոգին ես: Եթէ այստեղ չ'ըլլայիր, հաւանաբար շա՜տ աղքատ եւ պակաս համով պիտի ըլլար այս ամէնը, որ ունինք հիմա: Դու քո գրածներովը ինձ սիրտ տուիր եւ վերականգնեցիր հայ մշակոյթի եւ լեզուի հանդէպ ունեցածս սէրը, որ տակաւ առ տակաւ խամրելու ընթացքին մէջ կը գտնուէր. կեանքի դժուարութեանց եւ առօրեայ պարտականութեանց պատկճառով: Շատ ուրախ եմ՝ ի քեզ ծանօթանալուս համար: Եթէ պահ մը՝ աչք պտուտեցնենք հայադրոշմ շարաններուն, պիտի նկատենք, որ բոլորի մէջ դու ներդրում ունիս, ուստի պարտիմք քեզ սիրելի Արփա, մնացիր այնպէս որ կաս, ականջ կախ մի տուր աջէն ձախէն փչած լուտանքին... Not only in Marash dialect, but also in Armeian language it means little child. Հայերէն՝ տեքը, դաքը, դէքը (ճիշտ ուղղագրանքը չեմ գիտեր) յոգնակերտ մասնիկը, բախտ չէ ունեցած աշխարհաբար գրական դառնալու: Լսած եմ. «սիրյանդաքը-ասորիները, աղջնդաքը-աղջիկները) «Դաք»ը արտասանել Dak ձեւով եւ ոչ Duck ձեւով: Կը կարծեմ որ հին ձեւը դայք/տայք ըլլալու է: Ուրեմն ուլնեցիք օգնութեան կ'ուգան եւ հայերէն «պզտիկ» բառը կը ստուգաբանենք այսպէս.- Պլոզտէքը, չլոզտէքը, պլոզտէքը, պլոզտէքը, պզտէքը, պզտէքը, պզտէքը, պզտէքը, պզտիկ Բառերը անընդհատ հոլովելէն, եղափոխման ենթարկուած կրնան ըլլալ: Մենք գիտենք թէ՝ հայերէն լեզզւով for kid we use երախայ, մանուկ, ձագ (սասունցիք կը գործածէին՝ ձգուկ), լաճ, պլուզ եւ պլոզտէք-պզտիկ(ք): Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Johannes Posted May 12, 2007 Author Report Share Posted May 12, 2007 Sas wroteՄոռացել եք գյումրեցի հայտնի Պոլոզ Մուկուչին, որի գերեզմանին շիրմաքար է դրել Ավ.Իսահակյանը: Հովհաննես Շիրազն էլ նույն հայտնի Պոլոզից ծեծ է կերել, երբ դեռ բանաստեղծ չէր և խուժանություն էր անում: Շիրակում «պոլոզ»՝ նշանակում է երկար...Հայատանում Պոլոզ Մուկուչն ու Ծիթրոյի Ալեքը անեկդոտների հայտնի հերոսներ են: Այո մոռացել ենք: Ես նրա պատկերք էլ տեսել եմ, Զուարթնոցում (L.A.) գիւմրեցիների կողմից հատարակւող «Համայնապատկեր» անուանբ պարբերականում: Սիրելի Արփա, Սասը ջաւախեցի է, չկարդացի՞ր իր գրածը ջաւախքի լիճերու մէջ լողացող համեղ ձուկերու մասին: Ջաւախեցիներու, գիւմրեցիներու եւ կարսեցիներու կէսէն աւելին Կարին-բասեն -բաբերդեան ծագում ունին: Այս ժողովուրդը(ոչ ազգ իմաստով), որուն կը պատկանի Սասը իմ նշած արեւմտահայ ժողովուրդն է, որուն բարբառը նկատի չէ առնուած արեւմտահայ գրական լեզուն (որ նոյնպէս ազնիւ լեզու է) մշակողներուն կողմէ: Այնպէս որ գրած եմ ''something about our language''ի մէջ, եթէ երբէք հայ ժողովուրդի ընտրանին, Պոլիս գաղթելու չպարտադրուեր քաղաքական ընկերային պատճառներով, հաւանաբար Կարսը, Անին, Կարինը, Վաղարշակերտը, կամ Վանը պիտի ըլլար արեւմտահայ գրական լեզուի մշակման վայրը, եւ այդ լեզուն այդքան ալ տարբեր պիտի չի հնչեր (բաղաձայնները) արեւելահայ գրական լեզուէն: Ամէնայն հաւանականութեամբ երկու գրական լեզու ալ պիտի չի մշակուէր, այլ գրաբարի զարգացած մէկ տարբերակը, որ պիտի գոհացնէր բոլորին: Վերի տողերս կարդացած ատեննիդ «եթէ» բառը կարդացէք մեծատառ: Խնդրեմ, արեւմտահայերէնի պաշտպաններ, գացէք Գիւմրի եւ Ախալքալաք (նորաշէն) եւ ունկնդրեցէք արեւմտահայերէն լեզուն իր հարազատ միջավայրին մէջ: Մենք գրասեղաններու վրայ սորված ենք արեւմտահայերէնը, իսկ անոնք ժառանգած են պապերնէն: Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Johannes Posted May 12, 2007 Author Report Share Posted May 12, 2007 Յանուն կենսունակ լեզուի մը 2 ------------------------------------ Տարբեր առիթներով խնդրեր եմ, որ մեր վարժարաններուն մէջ երբեք, երբեք թիւրիմացաբար օտարախօս ուսուցիչ չնշանակուի գծագրութեան, մարզանքի, երգի, համակարգիչի համար, օտարախօսներ թող չզբաղեցնեն մեր դպրոցական կեանքի որոշ պաշտօններ, թող անոնք եւ դաստիարակը, ընդհանուր հսկիչը, քարտուղարը, հաշուապահը, գրադարանավարը, տարրալուծարանի պատասխանատուն, նոյնիսկ ծառայողներն ու վարորդները, լա՛ւ հայախօսներ ըլլան, որովհետեւ անոնց հետ աշակերտներու շփումը հրաշալի առիթներ են ո՛չ միայն մեր տղոց հայերէնը բարելաւելու եւ հարստացնելու համար, այլ նաեւ՝ ազգային դաստիարակութեան նպատակներ հետապնդելու տեսակէտէն: Թող դպրոցի իւրաքանչիւր պաշտօնեայ պահ մը մտածէ, ամէն ոք, որ հայերէն կը դիմէ աշակերտներուն, թէ իր վարած գործին հիմնական բառամթերքը, ըսենք ՝ մասնագիտութեան բառարանը, քանի՞ բառ ունի: Առնենք հաշուապահը օրինակ՝ կրթաթոշակ, այլեւայլ ծախսեր, նպաստ, սան, բարերար, մասնավճար, ստացագիր, տուրք, կտրօն, հերթական վճարում, հաշուեփակ...Թող նկարիչն ալ օրինակ ըլլայ՝ բնորդ, բնանկար, դիմանկար, արձան, քանդակ, պաստառ, ճեպանկաար, շրջանակ, վրձին, երանգապանակ, մանրանկար... Կարիք չկայ շարունակելու: Բոլորդ հասկցաք ի՜նչ ըսել ուզածս: Եթէ այս բառամթերքը մենք չտանք՝ աշակերտը անոր օտար ձեւը պիտի իւրացնէ արդէն: Արդեօք տուեալ պաշտօնեային եւ ուսուցիչին գերագոյն հաճոյք պիտի չըլլա՞յ իրեն դիմող աշակերտներուն սեփականութիւնը դարձնել այդ բառերը: Ազգայի՜ն պարտականութիւնը: Բայց կայ աւելի տխուր կողմը, որ մենք իբր հայերէն կը խօսինք մեր աշակերտներուն, բայց տուեալ նիւթի բոլոր բառերուն օտար ձեւերը կը գործածենք: Չափազանց ծիծաղելի ըլլալով մէկտեղ, չափազանց վտանգաւոր է հայերէնի համար, երբ, ըսենք՝ քարտուղարը, աշակերտներուն աւելի հասկնալի ըլլալու ճիգով մը այսպէս կը դիմէ անոնց (վարի շեշտագիր բառերուն օտար հոմանիշները գործածելով): -Վաղը ինծի կը բերէք ձեր անձնաթուղթի պատճէնը, ձեր ընտանեկան տետրակը, երկու անձնական լուսանկար, որպէսզի ամբիողջանան ձեր թղթածրարին փաստաթուղթերը... Ու բողոքելով որ այս քանիերորդ անգամն է, որ նոյնը կը պահանջէ՝ կ'աւելցնէ. -Դուք հայերէն չե՞ք հասկնար: Ի՛նչ հասկցանք, երբ աշակերտը ուսուցիչին հայերէնին մէջ երբեք պիտի չլսէ վերի շեշտագիր բառերը: Հարցը ատով չի վերջանար: Նոր սերունդին համար բնական երեւոյթ կը դառնայ բառերուն մէջ ընտրութիւն չկատարելը: Եւ ո՛չ մէկ ատեն եւ ո՛չ մէկ տեղ: Դեռ աւելի՛ն, ես կը հաւատամ, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը անփոխարինելի դեր ունի իր մարզին հայկական բովանդակութիւնը փոխանցելու աշակերտին: Պատկերացուցէ՛ք նկարչութեան ուսուցիչը, որ իբրեւ բնորդ կը ներկայացնէ մզկիթի մը կամ Հալէպի հին թաղերէն մէկուն լուսանկարը, աշակերտը երբեք առիթ պիտի չունենայ հայ եկեղեցական կոթող մը նկարելու, քանի մը անուն սորվելու՝ Ս.Հռիփսիմէ, Կարմրաւոր, Հովիւի եկեղեցի, հաւանաբար անոնց հետ կապուած աւանդութիւն մը լսելու, ճարտարապետի անուն մը գիտնալու, սորվելու կարգ մը բառեր՝ գմբեթ, գաւիթ, նախագաւիթ, զանգակատուն, խաչքար, քանդակ, արձանագրութիւն... Կամ պատկերացուցէ՛ք ձեռայինի ուսուցչուհին, որ բան չունի տալիք հայ կնոջ ձեռային արուեստներէն ու անոր հետ կապուած տեղի անուններէն (Այնթապի, Ուրֆայի, Մարաշի, Վանի գործեր) եւ այլն: Հայ դպրոցը միայն հայերէնի համար սահմանուած չորս պահերուն համար չէ, այլ հայաշունչ ու հայաբարբառ այն մթնոլորտին համար, որուն դերակատարները ընտրելու մէջ չափազանց անփոյթ կը գտնուինք երբեմն: Այդ պաշտօնէութեան, բոլորին անխտիր, նոյնիսկ այլ լեզուներու եւ այլ նիւթերու ուսուցիչներուն ճիտին պարտքն է, հայերէնով դիմելու պարագային, օգտագործել ճիշտ ու մաքուր հայերէն, ուղղել աշակերտներու խօսակցական վրէպները եւ խուլ ականջ չանցնիլ անոնց օտար բառերով խճողուած խօսքին մօտէն: Տեսչութեան պարտականութիւնն է բոլոր ուսուցիչներէն պահանջել հայերէնի հանդէպ բծախնդիր մօտեցում: Մեր դպրոցներէն ներս, ամէն տարի, ինչու՞ համար չկազմակերպել «Մաքուր խօսինք», «հայերէն հոմանիշները օգտագործենք» լոզունգներով միամսեայ արշաւներ, եւ ատիկա կազմակերպել, ծրագրել բոլոր հայախօս ուսուցիչներու գործակցութեամբ, նոյնիսկ զբօսանքի ժամերուն, բացօթեայ: Ինծի համար գոհունակութեան հաճելի պահ է, երբ դպրոցական մարզադաշտին մէջ մարզիչ ուսուցիչը կը բացականչէ. «Իրաւարա՛ր, գործդ կատարէ...տուգանային հարուած...բերդապա՛հ, արթուն կեցիր...Յետսապա՛հ...Յարձակո՛ղ...անկիւնային հարուած...»: Հայերէնը բոլորիս կը պատկանի ու մանաւանդ հոս Սփիւռքի մէջ, չկայ այլ բան, որ «այսքան մերը լինի»: Եւ բոլորս՝ մա՜նաւանդ նոր սերունդին հետ գործ ունեցողներս, գիտենք ատիկա ու համօրէն կը տագնապինք նորեկներու, տարապայմանօրէն նաեւ հիներու շրթներուն անոր այնքան այլանդակ դրսեւորումներուն ի տես: Գրեց՝ Յակոբ Չոլաքեան Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Johannes Posted May 12, 2007 Author Report Share Posted May 12, 2007 Քաղաքիս տարիքոտ հայերը, աւելի լաւ հայերէն կը խօսէին, որովհետեւ դպրոցական ծարագիրները, գիտական ուղղութեամբ դասերը հայերէնով էին: Երկրիս անկախութիւնէն եւ ազգայնական կրթական համակարգի պարտադրումէն ետք, հայերէնը ամփոփուեցաւ սոսկ հա՛յերէն դասապահի (ազգային լեզուի դասապահերը հայ ժողովուրդի, որպէս շփացած փոքրամասնութեան. առանձնաշնորհումը եղաւ տարիներով, մեզնէ տասնապատիկ աւելի շատ քանակ ունեցող քուրդերը, չունին այդ իրաւունքը) եւ նախակրթարանի կրօնի դասերով: Որոշ ժամանակէ ի վեր կրթական անկախութեան հով մը կը փչէ (ես տեղեակ չեմ, սակայն այդպէս նկատեցի ուսուցիչի գրածէն) գերմանական, ֆրանսական, անգլական թեքումով նախակրթարաններ, համալսարաններ կը բացուին: Սակայն, ակնյայտօրէն ծնողներ եւ դպրոցներ պիտի չուզեն հրաժարիլ կրթութեան պետական ծրագրէն, այլապէս հայ ուսանողը ինչպէ՞ս պիտի շարունակէ պետական համալսարանական իր ուսմունքը, եթէ կարգին չի տիրապետեր արաբերէնի, կամ անգլերէնի, կամ մնացեալ լեզուներուն, որոնցմով դասաւանդող համալսարաններ կան շրջակայքը: Գալով հայ վարժարաններու մէջ լաւ հայախօս ուսուցիչներու պաշտօնավարման խնդրին, որուն կ'ակնարկեր ուսուցիչս, ըսեմ.- ի զուր կը գրես սիրելի ուսուցիչ, որովհետեւ...քաղաքիս ղեկավարներուն ծանօթ եմ, գիտեմ ինչպէս կը մտածեն, ինչ կը մտածեն, ինչ կարգի մարդիկ են, ի՞նչ կը գրես սիրելի ուսուցիչ, ինչ կը փնտրես սիրելի ուսուցիչ... Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
RemainFaithful Posted May 13, 2007 Report Share Posted May 13, 2007 I just want to add here that yours (Johannes) and Arpa's presence in this forum add a lot to the Armenian Language posts/topics. The intellectual posts and the arguments based on references are found rarely in the other known Armenian Forums. Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
RemainFaithful Posted May 13, 2007 Report Share Posted May 13, 2007 Մեծ ցաւով իմանամ թէ քո ամէնասիրելի ուսուսիչներէն մին տակավին կռէ մականուն մը այդ անիծեալ լեզուէն ուր, Չոլախ նշանակի հաշմանդամ: Վստահ եմ քո ուսուչից Յագոբ-ը այդ Հալեպցի Զեյթունցի/Մարաշցի նշանսվոր, գուցէ առաջին լուսանկարիչ Սամուէլ Չոլաքեան- ի շարավիղէն չէ որուն որդիներէն մին, իմ սիրելի ընկերներէն մին, Վիլմա/ Ւիլման, մի ժամանակ Հայկազեան Գոլէճ ի բարձր պաշտոնեայ էր: Օրդ. Վիլմա Չոլաքեան որ Լիբանանեան պատերազմի շրջանին, երբ տնօրէն նոյնիսկ չկար, շալկեց բեռը՝ Հայկազեան Համալսարանը (այդ ժամանակ Գոլէճ) բաց պահելու: Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Arpa Posted May 13, 2007 Report Share Posted May 13, 2007 (edited) I just want to add here that yours (Johannes) and Arpa's presence in this forum add a lot to the Armenian Language posts/topics. The intellectual posts and the arguments based on references are found rarely in the other known Armenian Forums. Thank you. You will notice that, neither me nor Johannes participate in that disgusting debate about “Eurovision“, whatever the h*** Rabiz/Rubbish that may be. Whatever happened to Komitas, Armenak Shahmuratian, Avag Petrosian of ANUSH fame, Pavel Lisitsian, Gohar Gasparian and Ara Berberian ? Not to mention Zara Dulukhanian, Lusineh Zakarian, Hovannes Badalian and others. Last year, we watched with utter disgust when that alto-soprano-tenora-baritone andro-gynous Andre, with his androgynous voice girated his androgynous, ambi-sexual vorik ala Micheal Jackson and that other “vortu” Zeki Muren. How much do we have to “shake our boody” to get recognized? How much lower can we bend to compete witth the likes of "goet veren" Zeki Muren? Edited May 13, 2007 by Arpa Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Recommended Posts
Join the conversation
You can post now and register later. If you have an account, sign in now to post with your account.