Arpa Posted December 1, 2014 Report Share Posted December 1, 2014 (edited) WRITERS UNION ԳՐՈՂՆԵՐԻ ՄԻՈՒԹԻՒՆ Սուրիահայ Գրողներ Հայրենիքի Մէջ The prevailing dangerously precarious conditions in Syria has brought the Syrian Armenian writers and intellectuals to the Armenian Writer-s Union in the Homeland. Some highlights from below. Also please allow me to reproduce the entire article as these URL s vanish in time. Սուրիոյ մէջ տիրող պայմաններուն որպէս հետեւանք շատեր ձեռք առին գաղթականի ցուպը, անցան այլ ցամաքամասեր Ոմանք նախընտրեցին հայրենիքը երբեմն ժամանակաւոր կեցութեան, երբեմն տեւական հաստատութեան համար: Հայրենիքը սակայն պատահական գաղթավայր չէր, այլ` հայ մարդու դարերու երազանքը. բնականաբար հայրենի հողին վրայ կեցութիւն հաստատեցին նաեւ սուրիահայ գրողներ եւ մտաւորականներ: Անոնք, որպէս անդամ Հայաստանի Գրողներու Միութեան, մասնակից դարձան քաղաքին մէջ տիրող գրական բեղուն եռուզեռին, ==== The opening remarks by the president of the Union Mr. Militonian, where he invokes many names and expresses his wonder that, even during these most difficult times there still are writers and intellectuals in Syria, Պրն. Միլիտոնեան բացման խօսքին մէջ ներկայացուց սուրիահայ գրողները.- Յակոբ Չոլաքեան, Յակոբ Միքայէլեան, Մարուշ Երամեան, Պերճուհի Աւետեան, Տիգրան Գաբոյեան եւ Միհրան Մինասեան, նշելով, որ այս հանդիպման նպատակը Երեւանի մէջ գտնուող սուրիահայերու մտահոգութիւններուն եւ խնդիրներուն ծանօթանալն է: Ան քաջալերեց սուրիահայ գրողներու բեղուն գործունէութիւնը: Զարմանք յայտնեց, թէ նման դժուարին պայմաններուն մէջ, տակաւին «Գանձասար» շաբաթաթերթը անխափան կերպով կը գործէ: Ակնարկելով Պերճուհի Աւետեանի կողմէ լոյս ընծայուած մանկական շարքի նոր====== This is the most revealing by our Kessabtsi friend Hacob Cholakian. We know him, we have seen him before. Our friend Johannes knows him personally.** We build churches, schools and other institutions ( in foreign lands), we place a stone on another and in the end we abandon them and walk away. Have we built 1001 churches yet? His message. As immensely grateful to the likes of Syria, Lebanon, Paris, New York, LA, Bolis etc. OUR HOME IS YEREVAN Գրականագէտ Յակոբ Չոլաքեան պատմական ակնարկով ներկայացուց անցնող հարիւրամեակի ընթացքին տեղի ունեցած գաղթերը, եզրակացնելով, թէ Սփիւռքի մէջ երբ դպրոց կամ եկեղեցի կը կառուցենք, ոչ թէ մեր վաղուան օրը կ՛ապահովենք, այլ` քար մը կը դնենք ու կը հեռանանք: «Կը ցանկամ, որ հայրենի եւ սփիւռքահայ գրողները կեանքը տեսնեն ընդհանուր գիծերու մէջ եւ իրենց գրականութեան մէջ վեր հանեն այս հիմնականը, որ իսկապէս մեր ապագայի հետ առնչութիւն ունի», ըսաւ ան:** http://hyeforum.com/index.php?showtopic=15913 Above I promised to show the entire Article Here it is http://www.yerakouyn.com/?p=67222 Edited December 1, 2014 by Arpa Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Arpa Posted December 1, 2014 Author Report Share Posted December 1, 2014 Here Սուրիոյ մէջ տիրող պայմաններուն որպէս հետեւանք շատեր ձեռք առին գաղթականի ցուպը, անցան այլ ցամաքամասեր Ոմանք նախընտրեցին հայրենիքը երբեմն ժամանակաւոր կեցութեան, երբեմն տեւական հաստատութեան համար: Հայրենիքը սակայն պատահական գաղթավայր չէր, այլ` հայ մարդու դարերու երազանքը. բնականաբար հայրենի հողին վրայ կեցութիւն հաստատեցին նաեւ սուրիահայ գրողներ եւ մտաւորականներ: Անոնք, որպէս անդամ Հայաստանի Գրողներու Միութեան, մասնակից դարձան քաղաքին մէջ տիրող գրական բեղուն եռուզեռին, իրենց յօդուածներով հանդէս եկան Երեւանի մէջ լոյս տեսնող թերթերուն մէջՊրն. Միլիտոնեան բացման խօսքին մէջ ներկայացուց սուրիահայ գրողները. Յակոբ Չոլաքեան, ՅակոբՄիքայէլեան, Մարուշ Երամեան, Պերճուհի Աւետեան, Տիգրան Գաբոյեան եւ Միհրան Մինասեան, նշելով, որ այս հանդիպման նպատակը Երեւանի մէջ գտնուող սուրիահայերու մտահոգութիւններուն եւ խնդիրներուն ծանօթանալն է: Ան քաջալերեց սուրիահայ գրողներու բեղուն գործունէութիւնը: Զարմանք յայտնեց, թէ նման դժուարին պայմաններուն մէջ, տակաւին «Գանձասար» շաբաթաթերթը անխափան կերպով կը գործէ: Ակնարկելով Պերճուհի Աւետեանի կողմէ լոյս ընծայուած մանկական շարքին====== This is the most revealing by our Kessabtsi friend Hacob Cholakian. We know him, we have seen him before. Our friend Johannes knows him personally.** We build churches, schools and other institutions ( in foreign lands), we place a stone on another and in the end we abandon them and walk away. Have we built 1001 churches yet? His message. As immensely grateful to the likes of Syria, Lebanon, Paris, New York, LA, Bolis etc. OUR HOME IS YEREVAN ** http://hyeforum.com/index.php?showtopic=15913 The entireArticle here it is, as in time those URLs vanish Սուրիոյ մէջ տիրող պայմաններուն որպէս հետեւանք շատեր ձեռք առին գաղթականի ցուպը, անցան այլ ցամաքամասեր Ոմանք նախընտրեցին հայրենիքը երբեմն ժամանակաւոր կեցութեան, երբեմն տեւական հաստատութեան համար: Հայրենիքը սակայն պատահական գաղթավայր չէր, այլ` հայ մարդու դարերու երազանքը. բնականաբար հայրենի հողին վրայ կեցութիւն հաստատեցին նաեւ սուրիահայ գրողներ եւ մտաւորականներ: Անոնք, որպէս անդամ Հայաստանի Գրողներու Միութեան, մասնակից դարձան քաղաքին մէջ տիրող գրական բեղուն եռուզեռին, իրենց յօդուածներով հանդէս եկան Երեւանի մէջ լոյս տեսնող թերթերուն մէջ: Այս ներկայութիւնը առիթ ստեղծեց, որ Հայաստանի Գրողներու Միութեան նախագահ Էտուարտ Միլիտոնեան Չորեքշաբթի, 5 Նոյեմբեր 2014-ին, միութեան կլոր սրահին մէջ Սուրիահայ Գրողներու Համախմբումի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպում մը կազմակերպէ ու հովանաւորէ զայն: Այս մասին կը հաղորդէ Գանձասար-ը: Պրն. Միլիտոնեան բացման խօսքին մէջ ներկայացուց սուրիահայ գրողները.- Յակոբ Չոլաքեան, Յակոբ Միքայէլեան, Մարուշ Երամեան, Պերճուհի Աւետեան, Տիգրան Գաբոյեան եւ Միհրան Մինասեան, նշելով, որ այս հանդիպման նպատակը Երեւանի մէջ գտնուող սուրիահայերու մտահոգութիւններուն եւ խնդիրներուն ծանօթանալն է: Ան քաջալերեց սուրիահայ գրողներու բեղուն գործունէութիւնը: Զարմանք յայտնեց, թէ նման դժուարին պայմաններուն մէջ, տակաւին «Գանձասար» շաբաթաթերթը անխափան կերպով կը գործէ: Ակնարկելով Պերճուհի Աւետեանի կողմէ լոյս ընծայուած մանկական շարքի նոր հրատարակութեան, ան գնահատանքի խօսք արձանագրեց: Ան պարզաբանեց նաեւ զոհուած բանաստեղծներու գործերը տարբեր լեզուներով, համայնագիտարաններով լոյս ընծայելու Հայաստանի Գրողներու Միութեան կողմէ տարուած աշխատանքը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ Տիգրան Գաբոյեան: Բանաստեղծ Գաբոյեան նշեց, թէ սրահին մէջ ներկայ սուրիահայ գրողները հաստատուած են Երեւանի մէջ, այս հանդիպումը հնարաւորութիւն կու տայ հակիրճ ձեւով ծանօթանալու անոնց գրական գործունէութեան եւ ծրագիրներուն: Ապա, անդրադառնալով Սուրիահայ Գրողներու Համախմբումի մթնոլորտին, ցանկութիւն յայտնեց, որ այդ մթնոլորտը շարունակուի Հայաստանի մէջ եւ ստեղծուի միացեալ հայ գրականութիւն Գրականագէտ Յակոբ Չոլաքեան պատմական ակնարկով ներկայացուց անցնող հարիւրամեակի ընթացքին տեղի ունեցած գաղթերը, եզրակացնելով, թէ Սփիւռքի մէջ երբ դպրոց կամ եկեղեցի կը կառուցենք, ոչ թէ մեր վաղուան օրը կ՛ապահովենք, այլ` քար մը կը դնենք ու կը հեռանանք: «Կը ցանկամ, որ հայրենի եւ սփիւռքահայ գրողները կեանքը տեսնեն ընդհանուր գիծերու մէջ եւ իրենց գրականութեան մէջ վեր հանեն այս հիմնականը, որ իսկապէս մեր ապագայի հետ առնչութիւն ունի», ըսաւ ան: Բանաստեղծուհի, արձակագիր Մարուշ Երամեան փորձեց ստեղծըւած իրավիճակին դրական կողմը տեսնել. ան յայտնեց, թէ Հալէպի մէջ տիրող իրավիճակը արդէն անդրադարձ գտած է կարգ մը գրողներու ստեղծագործութիւններուն մէջ, անոնք գրած են իրենց պատերազմական առօրեան նկարագրող օրագրութիւններ: «Դրականը այն է, որ ի վերջոյ հասկցանք, որ վերջնական կեցութիւնը հայրենիքի մէջ է, ինչ ալ ըլլայ հայրենիքի վիճակը ան մերն է իր լաւով ու վատով, նոյնիսկ եթէ պիտի տառապինք, թող այս հողին վրայ տառպինք, ոչ թէ օտարի հողին վրայ», եզրափակեց ան: Արձակագիր Պերճուհի Աւետեան ամփոփ գիծերով ներկայացուց Սուրիահայ Գրողներու Համախըմբումի գործունէութիւնը, հովանաորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանին: Ան յայտնեց, թէ «Սուրիան որպէս ծննդավայր սիրելի էր բոլորիս, ունէինք բարգաւաճ գաղութ եւ բեղուն գործունէութիւն, իսկ անոր կողքին հայրենիքը ունի իր որոյն տեղը»: Կրթական մշակ, արձակագիր Յ. Միքայէլեան եւս խօսեցաւ սուրիահայը յուզող խնդիրներուն եւ անոր հայրենի հողին հետ ունեցած անքակտեի կապին մասին: Բանահաւաք Միհրան Մինասեան հայրենիքի մէջ իր տարած գործունէութեան մասին խսեցաւ ու հաստատեց, թէ հայ մտաւորականին տեղը իր հայրենիքն է: Հայրենի արձակագիր Ալիս Յովհաննէսեան անդրադարձաւ սուրիահայ գրողներու գործերուն` գնահատելով Սուրիահայ Գրողներու Համախմբումին կողմէ հրատարակուած «Երթ» տարեգիրքին երեւոյթը: Բանաստեղծ Արտեմ Յարութիւնեան կարեւորեց սուրիահայ գրողներուն հայրենի հողին վրայ բնակութիւն հաստատելու երեւոյթը: Տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում, ելոյթ ունեցողները մտահոգութիւն յայտնեցին սփիւռքահայ գաղութներու հայաթափման, դպրոցներու եւ հայկական կեդրոններու փակման գծով: Անոնք կարեւորութեամբ նշեցին, որ նման պայմաններու մէջ հայրենիքը պատրաստ պէտք է ըլլայ ընդունելու սփիւռքահայութիւնը, մանաւանդ աջակցելու ծանր պայմաններու մէջ յայտնուած սուրիահայերուն, որպէսզի անոնք վերադառնան հայրենիք ու չբռնեն ուծացման ճանապարհը: Սուրիահայութեան եւ մասնաւորապէս սուրիահայ գրողին հանդէպ ցուցաբերուած այս հոգատարութիւնը խթան մըն է գրողին` շարունակելու ստեղծագործական իր աշխատանքը: Ծննդավայրը կարօտով պարուրուած հեքիաթային տունն է, իսկ հայրենիքը հոգեհարազատ բոյնը իւրաքանչիւր հայու Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Recommended Posts
Join the conversation
You can post now and register later. If you have an account, sign in now to post with your account.