Jump to content

Sempad Shahaziz


Takoush

Recommended Posts

ՍՄԲԱՏ ՇԱՀԱԶԻԶ

 

 

ԿԵԱՆՔԸ

 

Շահազիզ ծնած է Աշտարակ գիւղին մէջ 1841ին։ Հայրը քահանայ էր եւ ինք վեց եղբայրներու կրտսերն էր. 10ը տարեկանին կ՚ուղարկուի Մոսկուայի Լազարեան Ճեմարանը, որուն ընթացքը կ՚աւարտէ 1862ին։ Շատ փայլուն ուսանող մը կ՚ըլլայ եւ իր անունը միշտ կը գրուի դպրոցի պատուոյ տախտակին վրայ։ Երբ կ՚աւարտէ՝ դպրոցի վարչութիւնը զինք կը պահէ իբրեւ ուսուցիչ։

 

Սմբատ Շահազիզ ուսանողական տարիներուն իսկ գրական փորձեր կ՚ընէ, ներշնչուելով Պատկանեանի բանաստեղծութիւններէն եւ Խ. Աբովեանի նոր լոյս տեսած «Վէրք Հայաստանի»էն։

 

Ինքնաշխատութեամբ պատրաստուելով՝ քննութիւն կ՚անցնէ Փեթերսպուրկի համալսարանի արեւելագիտական ճիւղէն եւ կը ստանայ գիտական աստիճան։ Այս վկայականը իրեն իրաւունք կու տայ Լազարեան Ճեմարանի բարձր դասարաններուն մէջ ալ դասախօսելու, գլխաւորաբար հայերէն (գրաբար եւ աշխարհաբար)։ Ամբողջ 35 տարի (1862-1897) անդադար կը պաշտօնավարէ Ճեմարանի մէջ, խաղաղ կեանք մը ապրելով։

 

Նոյն ատեն կ՚աշխատակցէր «Հիւսիսափայլ»ին, որուն մէջ տպուած իր գրութիւնները հետզհետէ որոշ ժողովրդականութիւն ապահովեցին իր անունին։

 

Ս. Շահազիզ ունեցաւ նաեւ հասարակական գործունէութիւն։ Այսպէս, դարձաւ նախագահը «Որբախնամ Ընկերութեան», որուն պարտականութիւնն էր օգնութեան հասնիլ Համիտեան կոտորածներէն ազատած եւ իբրեւ գաղթական Հայաստան ապաստանած որբերուն։ Անշուշտ Շահազիզ այս գործին գլուխը անցաւ լազարեան Ճեմարանը ձգելէն ետք, այսինքն 1898էն ետք։

 

Մեռաւ 1907ին, Մոսկուայի մէջ, եւ հոն ալ թաղուեցաւ իր սիրելի բարեկամ Ս. Նազարեանցի կողքին։

 

 

ԳՈՐԾԵՐԸ

 

Արձակներ եւ բանաստեղծութիւններ։

1. ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ «Ազատութեան Ժամեր» (1860, Մոսկուա)։ Կը պարունակէ 15 աշխարհաբար եւ 8 գրաբար ոտանաւորներ։

 

2. «Լեւոնի Վիշտը»՝ ընդարձակ պոէմա մը, բաժնուած չորս մասերու (1865, Մոսկուա)։

 

ԱՐՁԱԿ ԷՋԵՐ.— Այս շարքին մէջ կը գտնենք հրապարակախօսական յօդուածներ, ազգային տօներու առթիւ գրուացքներ եւ նամակներ։

 

 

ԳՐԱԿԱՆ ՅԱՏԿԱՆԻՇԵՐ

 

Մանկավարժ, հանրային գործիչ, հրապարակագիր եւ բանաստեղծ։ Անշուշտ ամենէն աւելի Շահազիզ կը յիշուի իբրեւ բանաստեղծ, որ արեւելահայ գրականութեան մէջ գրեց առաջին մաքուր աշխարհաբար բանաստեղծութիւնները, ամբողջապէս զերծ գրաբարի ազդեցութենէն։

 

 

Edited by Takoush
Link to comment
Share on other sites

Ե Ր Ա Զ

 

 

Ես լըսեցի մի անոյշ ձայն, —

Իմ ծերացած մօր մօտ էր —

Փայլեց նըշոյլ ուրախութեան,

Բայց ափսո՜ս, որ երազ էր։

 

Կարկաչահոս աղբիւրն այնտեղ

Թաւալում էր մարգարիտ, —

Նա յստակ էր որպէս բիւրեղ,

Այն երա՜զ էր ցնորամիտ։

 

Եւ մեղեդին տխուր, մայրենի

Յիշեց մանկութեան օրեր.

Մօրըս համբոյրն ես ըզգացի

Ա՜խ, ափսո՜ս, որ երազ էր։

 

Կուրծքին սեղմեց կարօտագին,

Աչքերս սրբեց — շատ թաց էր, —

Բայց արտասուքս գընում էին...

Ա՜խ, այդ ինչո՜ւ երազ էր։

 

 

ՍՄԲԱՏ ՇԱՀԱԶԻԶ

 

 

Edited by Takoush
Link to comment
Share on other sites

Join the conversation

You can post now and register later. If you have an account, sign in now to post with your account.

Guest
Reply to this topic...

×   Pasted as rich text.   Paste as plain text instead

  Only 75 emoji are allowed.

×   Your link has been automatically embedded.   Display as a link instead

×   Your previous content has been restored.   Clear editor

×   You cannot paste images directly. Upload or insert images from URL.

Loading...
×
×
  • Create New...