Jump to content

Baruyr Sevag


Takoush

Recommended Posts

ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ

 

 

ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

 

 

Պարոյր Սեւակ, (ծագումով պարսկահայ) իր բուն անունով Պարոյր Ղազարեան, ծնած է 1924-ին Երեւանէն 100 քլմ. հեռու գտնւող ՉԱՆԱԽՉԻ գիւղը (այժմ Սեւակաշէն):

 

Գիւղացի ընտանիքի զաւակ, Պարոյր իր տարրական եւ երկրորդական ուսումը կը ստանայ ծննդավայրին մէջ, որմէ ետք կ՚անցնի Երեւանի պետական համալսարանը հետեւելու համար բանասիրական գիտութեանց:

 

1945-ին, իր ուսման ընթացքը աւարտելով կ՚ընդունուի գիտութիւններու կաճառի գրական բաժինը, ուր իր պրպտումները շարունակելով հանդերձ կ՚աշխատակցի «ԱՒԱՆԳԱՐԴ» եւ «ԳՐԱԿԱՆ ԹԵՐԹ» շաբաթաթերթերուն:

 

Գրականութեան հանդէպ պաշտամունքի հասնող իր սէրը կը ծնի մանկութեան օրերուն, երբ 11 տարեկանին կը գրէ իր առաջին բանաստեղծութիւնները, իսկ 1942-ին, Ռուբէն Զարեանի թելադրութեամբ եւ քաջալերանքով կը հրատարակէ երեք բանաստեղծութիւններ:

 

1948-ին լոյս կ՚ընծայի բանաստեղծութիւններու 60 էջնոց հաւաքածոյ մը, «ԱՆՄԱՀՆԵՐԸ ՀՐԱՄԱՅՈՒՄ ԵՆ», ուր հաւաքուած քերթւածները բաւական դրական տպաւորութիւն կը թողուն ընթերցողներուն վրայ, իբրեւ արտայայտչական նորութիւն եւ դժնդակ տարիներու, պատերազմի ահաւորութենէն ծնած մարդկայնական տագնապներ

 

1951-ին կը մեկնի Մոսկւա, ուր Մաքսիմ Գորկիի անւան գրականութեան բաժնին մէջ կը շարունակէ իր ուսումը ապա աւարտելով կը հրաւիրւի նոյն բաժնին դասախօսի պաշտօնին:

 

1953-ին «ԱՆՀԱՇՏ ՄՏԵՐՄՈՒԹԻՒՆ» խորագրով քերթւածներու նոր շարք մը լոյս կ՚ընծայէ, այս անգամ 140 էջերէ բաղկացեալ:

 

Տարի մը վերջ, 1954-ին «ՍԻՐՈՅ ՃԱՆԱՊԱՐՀ» 134 էջնոց հաւաքածոն որոշ տրամադրութիւն կը ստեղծէ բանաստեղծի անւան շուրջ: Այնտեղ կերպարանք կը ստանան իր երիտասարդական հոգիին մէջ թաքնւած հայրենասիրական ապրումները: Այս ոգին ամբողջութեամբ զինք յատկանշող, այնուհետեւ իր ամբողջ ստեղծագործութեան տիրապետող թեման պիտի դառնար:

 

1957 թւական ճակատագրական կ՚ըլլայ իրեն համար, որովհետեւ «ՆՈՐԻՑ ՔԵԶ ՀԵՏ» 158 էջնոց բանաստեղծական հատորով վերջ կը գտնեն բանաստեղծին գրական խարխափումները: Արդէն կազմւած է

Սեւակի ինքնուրոյն դիմագիծը:

 

Այս չորս հատորները անվարան բանաստեղծական տաղանդի ցոլքեր կը պարունակեն իրենց մէջ, բայց այդ տաղանդին ամբողջական եւ տարերային յայտնութեան համար պիտի սպասէինք մինչեւ 1959, «ԱՆԼՌԵԼԻ ԶԱՆԳԱԿԱՏԱՆ» հրատարակութեան թւականը:

Վերջնականօրէն Հայաստան հաստատ ւելով, 1963 էն մինչեւ իր եղերական մահը կ՚աշխատի իբրեւ գիտաշխատող գիտութիւններու կաճառի գրական բաժանմունքին մէջ:

 

Պատանեկան խանդավառ տարիքէն իր գլխաւոր երազը կ՚ըլլայ գրական բացառիկ գործ մը երկնել, «Եօթերորդ դասարանում ես որոշեցի մի չտեսնւած գործ կատարել, հայ ժողովրդի պատմութիւնը չափածոյ շարադրել, եւ սկսեցի լրջօրէն գրել: Դպրոցից յետոյ համալսարան ընդունւեցի, որ այդ «ազգային սխրագործութիւնը» իրագործեմ բայց ինչպէս եւ պէտք էր սպասել դրանից ոչինչ չստացւեց եւ գրածս այրեցի»:

 

Այդ երազը կ՚իրականանայ 1950-ին եւ իսկապէս կը դառնայ «ԱԶԳԱՅԻՆ ՍԽՐԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ» կոչւելով «ԱՆԼՌԵԼԻ ԶԱՆԳԱԿԱՏՈՒՆ» որ ինք անջատելով իր գրչեղբայրներէն, առանձինն կը կանգնեցնէ հայ բանաստեղծութեան առաջին գծին վրաը, իր առաջադրած նորութիւններով, ոճային առանձնայատկութիւններով, լեզւական աննախընթաց աշխուժութեամբ եւ գիւտերով: «Մեր սերնդի բանաստեղծների մէջ ամենից կրտսերն էր նա, բայց առաջագոյնն էր վաստակի ու հանճարի առումով», պիտի ըսէր Հ. Սահեան:

 

1963-ին լոյս կ՚ընծայէ բանաստեղծութիւններու նոր շարք մը՝ «ՄԱՐԴԸ ԱՓԻ ՄԷՋ», ինքնատիպ խորագրով:

Այնուհետեւ ամեն տեղ է Սեւակ. գրակա՜ն, ազգայի՜ն, հրապարակագրակա՜ն, բանասիրակա՜ն եւ այլ ասպարէզներու մէջ, արձանագրելով նորանոր նւաճումներ եւ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծելով հայ մեծանուն դէմքերուն նւիրած իր գրական-հրապարակագրական յօդւածներով:

Ա րդէն պայծառացած էր դէմքը մեծ բանաստեղծին եւ մտաւորականին:

 

1966-ին կ՚ընտրւի Հայաստանի Գրողներու Միութեան քարտուղար, ասիկա իրեն համար պաշտօնէ աւելի տիտղոս մըն էր, զոր կը պահէ ակամայ՝ մինչեւ իր մահը:

 

1969-ին լոյս կ՚ընծայէ իր տոքտորայի պաշտպանութեան աշխատասիրութիւնը, բանասիրական եւ գեղարւեստական վերլուծման կոթողական աշխատասիրութիւն մը, նւիրւած «ՍԱՅԵԱԹ ՆՈՎԱ »յի: Սեւակ 500 էջերու մէջ կը ներկայացնէ հայ մեծագոյն բանաստեղծին կեանքն ու ստեղծագործութիւնը, բանասիրական աննման փաստարկութիւններով եւ գեղարւեստական եզակի վերլուծումներով: Այս հատորը ինքնին բաւարար պիտի ըլլար հայ մշակոյթի պատմութեան մէջ անմահացնելու Սեւակը:

 

1969-ին երեւանի մէջ կ՚աւարտի տպագրութիւնը իր բանաստեղծութիւններու վերջին հաւաքածոյին, «ԵՂԻՑԻ ԼՈՅՍ» խորագրով: Սովետ գրադատները կ՚արգիլեն անոր լոյս ընծայումը: Տպագրուած հատորները մինչեւ այսօր կը մնան տպարանի մթերանոցին մէջ, բարեբախտաբար, սակայն, Սեւան հրատարակչատունը կը յաջողի Երեւանէն ձեռք ձգւած օրինակի մը շնորհիւ լոյս ընծայել զայն Պէյրութի մէջ:

 

1971, Յունիս 17-ին, ինքնաշարժի արկածի մը զոհ կ՚երթայ բազմաշնորհ գրագէտը, կէս ձգելով իր գործը, ծառայելու իր պաշտելի ազգին եւ մարդկութեան:

 

 

 

 

ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆԸ

 

 

Պարոյր Սեւակ հայ գրականութեան մէջ այն քիչերէն է, որոնք իրենց ստեղծագործական վաստակը կ՚իմաստաւորեն գաղափարական կեանքէն գոյացած աշխարհայեացքով եւ մարդկութեան ծառայելու որոշ առաքելութեան ինքնապարտադրումով:

 

«ԱՆԼՌԵԼԻ ԶԱՆԳԱԿԱՏՈՒՆ»-ի մէջ կազմաւորւած, Սեւակ զարգացուց եւ զօրացուց իր իմաստասիրութիւնը «ՄԱՐԴԸ ԱՓԻ ՄԷՋ» եւ «ԵՂԻՑԻ ԼՈՅՍ» հատորներով:

 

Իբրեւ սովետական քաղաքացի, ըմբռնելով հանդերձ ընկերային գործիչի մը, ժողովրդային եւ մտաւորական առաջնորդի մը առաքելութիւնը՝ կրցաւ իր մտքի աշխարհը կառուցանել արեւմտեան մտածումի եւ իր ինքնադրոշմ ոճի շաղախով: Կրցաւ մնալ իմացական հարուստ քաղաքակրթութեան մտերմութեան մէջ անկախ ու ինքնատիպ, ծնունդ տալով Սեւակեան ոգիին եւ ոճին:

 

Իր աշխարհը եղաւ Տանթէական դժոխք մը, ուր սակայն շողաց արշալոյսը: Վերածնունդի այս ճիգով թաթաւուն են Սեւակի բոլոր էջերը, ուր Հայոց պատմութիւնը իր ահաւոր հոլովոյթով ներկայ ըլլալով հանդերձ՝ չի ընկճեր բանաստեղծը, որ չի պարտւիր այդ ահաւորութեան տակ: Կը պատմէ, կը նկարագրէ մեզի բաժին ինկած դժոխքը, բայց կը մնայ վերջին յաղթանակով՝ հպարտ:

 

Յուզումէն մեկնելով կը բանականացնէ ողբերգութիւնը եւ մտքի տիրապետութեան տակ առնելով հայ կեանքի եւ առհասարակ կեանքի բոլոր դաժանութիւնները, զանոնք կը հակակշռէ յաւերժականութեան հաւատքով: հաւատք մը, որ չի բխիր բնազանցական ժառանգութենէն, այլ կը բանւի օրերու շիկացած պայքարի փայլատակումներէն, կը դառնայ համոզում՝ փորձառական զօրութեամբ:

Այս ճամբով Սեւակ կը յաջողի նաեւ հակակշռել ճակատագիրը: Կանգնիլ հպարտ դարերու խօսքին դիմաց եւ աւաղումի փոխարէն՝ խրոխտալ, տկարացումի փոխարէն՝ հերոսանալ: Հերոսանալ՝ ազգային եւ մարդկային արժանիքներու բարձր առաքելութեան հաւատքով:

 

Անիմաստ ու անհեթեթ է իրեն համար տիեզերք կոչւող ամբողջականութիւնը, զայն մարդն է որ կ՚իմաստաւորէ, անոր շունչ ու արժէք կուտայ:

 

Պ. Սեւակ միտքը կեանքին հետ համադրողն է, օրերուն իմացականութիւն տւող, իմացականութիւնը մարդկայնացնող, գիտութեան եւ ուղեղային նւաճումները զգայնացնող:

 

Համայնագիտարան մըն է գրականութեան, գիտութեան, արւեստներու, մանաւանդ հայ հին ու նոր պատմութեան: Իմաստասիրական արեւմտեան մտքի բոլոր նւաճումներուն ոչ միայն ծանօթ է, այլ եւ զանոնք իր ստեղծագործութեան մէջ կիրարկող, անոնց յարուցած վէճերուն մասնակից, մասնակից՝ սին վէճերէն վեր, անոնց էութիւններու ընկալումով, զանոնք ենթարկելով մեր պատմութեան ու ժողովուրդի կեանքի փայլատակումի փորձառութեան:

 

Առաքեալ մը, ոչ միայն միսթիք եւ հոգեւոր պատգամներու փոխադրիչ, այլ մեր օրերում ոգեղէնի կերտման դաստիարակ, իր հմտութեամբ հորիզոնական եւ նոյնքան ուղղահայեաց պատրաստութեամբ ճշմարտութիւնը գեղեցկութեան հասցուց, իսկ գեղեցկութիւնները ճշմարտութեամբ ապացուցանեց:

 

Սեւակ այն բանաստեղծն էր, որ զգացումները մտքով կ՚երգէր, իր վաստակը մտքին երգն էր:

 

Մտաւորական քննադատ մըն է, իր իսկ հոգիին քննադատը. անիկա մեր հոգիներուն կը բերէ այն աղերը, որոնք մարդոց հետ ունեցած մեր անծանօթի զգացումները կը լուծեն, մեզ կ՚օժտեն նոյն գեղեցկութիւններով հմայող ժպիտներով, նոյն տառապանքի արցունքները կու տան մեզի:

Այսօրւան անհեթեթ գրականութիւնը մարդը լաւ հասկցած ըլլալու յաւակնութիւններով, արհամարհելով երեւութապէս անոր բնական թւող ընթացքը, զայն կը հռչակէ իր հոգիին մէջ խենթ, ցնորած: Սեւակ նոյն ճիգով տարբեր արդիւնքի հասաւ: Մարդուն հոգիին խորը երթալով անիկա ներքնաթափանց իր աչքերով այնտեղ տեսաւ լոկ բարութիւն, ծառայասիրութիւն, բայց զանոնք գտաւ կորսւած ընկերային մոլութիւններու մէջ, տիրապետւած աշխարհի ծուռ եւ մթագնած «բաներով»: Ա յդ կալանքէն բարի մարդը ազատելու փորձ մըն է իր գրականութիւնը, այնպէս՝ ինչպէս ճամբայ ելաւ բնապաշտ եւ մարդասէր իմաստասէր — գրողը՝ Ռուսօն, բայց կորսւեցաւ իր ստեղծած բաւիղներուն մէջ:

 

Ընդհակառակը Պարոյր Սեւակ հաստատ քալեց եւ իր առողջ առաջադրութիւններով այնքան խորացաւ մարդկային տագնապներու վերլուծման մէջ, որ «ՄԱՐԴԸ ԱՓԻ ՄԷՋ» առնելու համարձակութիւնը ունեցաւ. առարկայականօրէն քննել փորձեց մարդը, անոր ընկերային եւ իմացական գոյութեան բարդութիւնները բացատրեց: Ասպարէզ իջաւ պայքարելու կեղծ բարոյականութեան դէմ, կեղծիքին, մարդը ստրուկ դարձնող գաղափարին դէմ, եւ այս պայքարը նկատեց իր մտաւորականի գլխաւոր պարտաւորութիւնը:

 

 

 

Edited by Anahid Takouhi
Link to comment
Share on other sites

*Շարունակութիւն Պարոյր Սեւակի Կեանքին ու գործին մասին (Սեւակ մարդը եւ գործը)

 

 

Բ Ա Ն Ա Ս Տ Ե Ղ Ծ Ը

 

------------------------------------------------------------------------Արմէն Տօնոյեան

 

 

Պարոյր Սեւակի բանաստեղծութիւնը պոռթկում մըն է, որուն դրսեւորումով հոգիին մէջ անորոշ կերպարներով գոյութիւն ունեցող զգացողութիւնն ու մտածումը կը դառնան բառ, տող եւ քերթւած: Հոգեկանէն առարկայականի այս փոխանցումը կարելի կը դառնայ հասունութիւն մը բոլորելէ ետք միայն: Իսկ հասունութեան այդ գործընթացը միայն ժամանակի հետ կապ չունի, այլ բանասդեղծը գաղափարական կապակցութեամբ կը հասնի դէպքի մը, դէմքի մը, երգի փշուրի մը, կանացի ժպիտի մը, զրոյցի ընթացքին յայտնաբերւած դիտումի մը, որոնք յանկարծ կը փշրեն հոգիի խորը ամբարւած անոնց արմատները զսպող շղթան եւ դուրս կուգան դառնալու բանաստեղծութիւն:

 

Այսպէս է մասնաւորաբար Պ. Սեւակի պարագան: Ինքը, բանաստեղծը կը կատարէ այդ խոստովանութիւնը՝ «Ես շատ բանաստեղծութիւններ ունեմ, որոնք ձեւ ու կերպարանք են ստացել իրենց առաջին տողերի ծնունդից տասնըհինգ-քսան տարի յետոյ»:

 

Հայ եւ միջազգային գրականութիւնը առատ է նման ապացոյցներով, բայց կրկնակի հանգամանքով պերճախօս է «Անլռելի Զանգակատան» ծնունդը: Սեւակ քսան տարի շարունակ «ազգային սխրագործութեան» այս գլուխ գործոցը որոճալէ ետք, յանկարծ կը ծնի Կոմիտասեան երգի մը եղանակի անսպասելի ընկալումով:

 

Այս ծնունդները սակայն կը ժայթքեն հարուստ հանքերէն միայն, իսկ Սեւակ իր բանաստեղծութեան զտարաններն ու ելեկտրական կառաժները զետեղած էր տարիներու տքնաջան աշխատանքով իրագործւած անսպառ հանքերու վրայ:

 

Մասնաւոր արարողութեամբ կը մօտենայ ան բանաստեղծութեան: Բանաստեղծութիւնը ամբողջութիւն մըն է իրեն համար: Խորագիրը պատահականութենէն չի բխիր, այլ բացայայտիչն է քերթւածի պարունակին: Անով յայտնւած ճշմարտութիւնը կը զարգանայ, կը մշակւի, տեսակէտ ու բանավէճ կը դառնայ քերթւածով, գիւտ ու հաստատում կը դառնայ յաջորդող տուներուն մէջ: Քերթւածը կը վերջանայ, ընթերցողը մտքով ու երեւակայական որոշ ճիգով մը կը միացնէ բոլոր տարրերը՝ ստեղծելով սեւակեան տիեզերականացած ԲԱՆԸ: Ըսի՜նք, կ՚ուզենք շեշտե՛լ տիեզերականը, որովհետեւ բանաստեղծը ինք մեկնաբանն է, արտայայտիչն է մարդկութեան խոսքին:

 

Պ. Սեւակ իր տողերուն մէջ կը լուծէ իր եսը, կը դառնայ պատմական եսի մը պատգամախօսը, կը դառնայ հաւաքական եսի մը արժանաւոր ներկայացուցիջը:

 

Կը խօսի այդ ինքնավստահութեամբ: Կը մրճահարէ դեսպանական պարտականութեան գիտակցութեան հպարտութեամբ:

 

Ուրեմն՝ զինւած խօսքով, մարդկութեան իր ըսելիքը կ՚ուզէ շեփորել իր իսկ ստեղծած նւագարանով, որ ըլլայ իր խազերուն հարազատագոյն արտայայտիչը: Իր խօսքը նոր դարու մարդուն խօսքն է, դարու ճաշակին եւ պահանջներուն համապատասխան նորութեան շունչ, ինքնութիւն է ու ինքնատպութիւն:

 

Իր մէջ այդ ինքնատպութիւնը կուգայ յաջող քերթւածներուն մէջ այնքան աղւոր հաւասարակշռութենէ մը, ստեղծւած յուզումի, զգացումի, իրապաշտութեան եւ մտաւոր տրամապաշտութեան միջեւ:

 

Բանաստեղծութիւնը իրեն համար աժան լաց ու կոծ չէ, արցունք ու զգացում չէ, այլ այս բոլորին թաքուն իմաստն է, այս բոլորին բանաստեղծութիւնն է: Կը ստեղծէ մեծ յուզումներ, մանաւանդ մեծ պաստառով քերթւածներուն մէջ, ուր կը տեսնենք գիշերներու տքնանքի շունչէն բխաց յաղթանակներ՝ յուզումները գերակշռող, բանաստեղծական թռիչքն ու ապրումները իմաստասիրութեամբ պայմանաւորող:

 

Իմաստասիրական արդիական ձգտումները իր մօտ ջերմութիւն, բարոյական մթնոլորտ կը ստեղծեն:

 

Զարմանալի կերպով իր մտածումը ենթակայական է, իսկ զգացումը՝ հաւաքական: Երբ միտքը ազգային ջիղով կը փորձէ պրկել, քերթւածներով, ազգային առողջ դատումներով, որովհետեւ ան կը կանգնի մեր գրականութեան մէջ իբրեւ ախոյեան ազգային մտածողութեան եւ ժողովրդական անբռնաբարելի զգացողութեան:

 

Հաւանաբար երէկւայ իր կարգ մը քերթւածները կքին գրական խիստ քննադատութեան տակ. հաւանաբար խանտավառութեան յորձանքին մէջ թաւալող կարգ մը տեղեր կը կաղան մտածումի խոպանութենէն, կամ կը մնան անաւարտ իբրեւ կառոյց եւ յղացում, բայց մեծ յղացումներով, բարձր նւաճումներով եւ իրաւ խորքով, յեղափոխաշունչ երթով իր վաստակը միայն պատկառանք կրնայ պարտադրել հայ բանաստեղծութեան տաճարին խնկարկելու եկող բոլոր ուխտաւորներուն:

 

Իսկ այդ բանաստեղծութեան սահմանումին մէջ կեանքը ըմբռնելու եւ զայն վերծանելու իր տեսակէտները կը պարզէ յստակութեամբ՝

 

«Եթէ նրանք՝ գիտնականները, ուզում են ԱՇԽԱՐՀԸ ԲԱՑԱՏՐԵԼ, բանաստեղծն ուզում է ԱՇԽԱՐՀԸ ԳՆԱՀԱՏԵԼ: Իսկ գնահատելու մի չափ ու կշիռ կայ՝ ճշմարտութիւնը, որ չի կարող լինել յաւերժական, եւ, փառք Աստուծոյ, յաւերժական չէ, թէ չէ կեանքը վաղուց մեռած կը լինէր: Ճշմարտութիւնը չի կարող լինել ոչ պաշտօնական, ոչ կանխորոշեալ, ոչ քարացած: Այո՛, բանաստեղծը ճշմարտութիւնը որոնող է, եւ դա վաղուց է ասւած, բայց եւ աւելին. ոչ միայն որոնող, որ կրաւորականութիւն է ենթադրում, այլեւ դարբնող, որ կեանքին նւիրաբերում է պարտադրում: Առանց դրա բանաստեղծը ոչ եղել է, ոչ էլ կը լինի: Վկայ՝ համաշխարհային գրականութիւնը»:

 

Վկայ՝ իր գրական վաստակը, ուր կայ այդ ճշմարտութեան որոնումը, մեր դարու, իր դարու ճշմարտութիւնը. դատապարտւեցաւ, իր գրականութիւնը քննադատւեցաւ, որովհետեւ մերժեց իրեն պարտադրւած ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ, ԿԱՆԽՈՐՈՇԵԱԼ ԵՒ ՔԱՐԱՑԱԾ ճշմարտութիւնները եւ անոնց փոխարէն զետեղեց ԻՐԸ, իր դարուն պահանջը, եւ ոչ միայն գտաւ զայն այլ եւ դարբնեց:

 

 

 

 

 

 

 

Edited by Anahid Takouhi
Link to comment
Share on other sites

Join the conversation

You can post now and register later. If you have an account, sign in now to post with your account.

Guest
Reply to this topic...

×   Pasted as rich text.   Paste as plain text instead

  Only 75 emoji are allowed.

×   Your link has been automatically embedded.   Display as a link instead

×   Your previous content has been restored.   Clear editor

×   You cannot paste images directly. Upload or insert images from URL.

Loading...
×
×
  • Create New...