Jump to content

Unnecessary Linguistic Arguments


Էլիա

Recommended Posts

Երկար ժամանակի ընթացքին, լեզուի կարգին մէջ, շատ անպէտք ու կրկնուած կռիւներ պատահած են: Մօտաւորապէս իւրաքանչիւր «փոստ»ը կռիւի մը կը վերածուի: Պէտք ունի՞նք շարունակել այս խամաճիկութիւնը, երբ պարզութեամբ կրնանք կեցնել՝ կէտի մը համաձայնելով, ատելի նախատինքներ չգործածելով, եւ եթէ բնաւ չենք կրնար համաձայնիլ՝ համաձայնելով, որ մենք չենք կրնար համաձայնիլ: Հաճիս, այս լուծումները գործածենք, որպէսզի հաճելի ու օգտակար խօսակցութիւններ ունենանք: Շնորհակալ եմ: :)

 

For a long time, there have been many useless and repetitive arguments, in the Language category. Almost every post becomes a fight. Must we continue this silliness, when we could simply stop it, by comprimising at some point, not using hateful insults, and if we can't agree at all, by agreeing to disagree. Please, let us use these solutions, so that we could have interesting and useful conversations. Thank you. :)

Link to comment
Share on other sites

եւ եթէ բնաւ չենք կրնար համաձայնի…հաճելի ու օգտակար խօսակցութիւններ ունենանք: Շնորհակալ եմ:

 

Ողջո՜յն Եղիայ, անձնապէս գոհ եմ պնդաճակատներու բախումէն, քանզի բախման ընթացքին փայլատակումները կը լուսաւորեն շուքին մէջ մնացած շատ մը կէտեր:

 

Եթէ կը սիրենք մեր հայերէնը, ապա կը բախուինք անոր սիրոյն:

 

Իսկապէս շատ բան սորվեցանք այսպիսի զրոյցներէ: Գրելու եւ կարդալու ընթացքին յանկարծակի գաղափարներ ծագեցան եւ մինչ այդ մեր չմտածած ձեւով սկսանք մտածել:

 

Եթէ ամէն մարդ, նախապէս համաձայնուած գաղափարներով ներկայանայ, եւ բոլորին կողմէ ընդունուածը շարադրէ. ո՛չ զրոյց, ո՛չ ալ ջանասիրութիւն կը մնայ:

 

 

Link to comment
Share on other sites

Համաձայն եմ Էլիա քու եւ Յովհաննէսին ակնարկներուն: Համաձայն եմ որ վիճաբանութիւնը կը նշանակէ թէ այս նիւթով հետաքրքրուող անձեր կան, թէեւ համաձայն եմ նաեւ Էլիային հետ որ կատարուած վիճաբանութիւնը շատ անգամ «աղուոր» ձեւով վերջ չէր գտներ, այլ անտեղի պատասխաններով: (Ես միշտ ալ Յովհաննէսին հանդէպ յատուկ յարգանք ունեցած եմ իր բարձր մակարդակի հաղորդակցութեան համար, թէ իր լեզուով, յարգանքով, եւ որակաւոր տուեալներով): Էլիա, քու մօտեցումդ ալ կը գնահատեմ, մանաւանդ պատրաստակամութիւնդ մտիկ ընելու, սորվելու ու վերլուծելու:

 

Վիճաբանութիւնը եւ հաղորդակցութիւնը ցոյց կու տան որ հայ լեզուով անտարբեր չեն, ինչ որ կը նշանակէ թէ հայ լեզուն կը գոյատեւէ: Սակայն ուշադիր ըլլանք որ չզզուեցնենք անոնց որոնք հայ լեզուին մէջ խորացած չեն: Շատ անգամ վերջ չգտնող եւ անձնականի վերածուող նիւթերը զզուելի կը դառնան ու անուղղակը ձեւով կրնան ժխտական ազդեցութիւն ունենալ անոնց վրայ որոնք կ՛ուզէն աւելի սորվիլ հայ լեզուին մասին:

Link to comment
Share on other sites

Join the conversation

You can post now and register later. If you have an account, sign in now to post with your account.

Guest
Reply to this topic...

×   Pasted as rich text.   Paste as plain text instead

  Only 75 emoji are allowed.

×   Your link has been automatically embedded.   Display as a link instead

×   Your previous content has been restored.   Clear editor

×   You cannot paste images directly. Upload or insert images from URL.

Loading...
×
×
  • Create New...