Takoush Posted April 15, 2007 Report Share Posted April 15, 2007 (edited) ԱՆԳԻՆԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ-ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ Ծնած է Երուսաղէմ եւ վկայուած նոյն քաղաքի երաժըշտանոցէն — դաշնակ եւ երգ — ապա կատարելագործած երգը՝ անուանի եւրոպացի երաժիշտներու մօտ: Հրապարակային ելոյթներ եւ երգահանդէսներ ունեցած է Միչին Արեւելքի շատ մը քաղաքներու մէչ: Կիպրոսի ռատիոկայանի C.B.S.-ի մնայուն երգչուհին եղած է, ունենալով իր շաբաթական յայտագիրները: Շրչան մը վարած է «Հայկական Ժամը»՝ գրական, երաժշտական, մանկական յայտագիրներ համադրելով եւ նաեւ երգելով: Ամերիկա հաստատուելէ ետք, օբերայի եւ բեմադրութեան դասընթացքներու կը հետեւի U.C.L.A., որմէ ետք կը հետեւի California State University-ի Մանկական երաժշտական կրթութեան, վկայուելով որպէս ղեկավար մանկավարժ: Այժմ կը պաշտօնավարէ Ալեք Բիլիպոս ազգային վարժարանին մէչ եւ կ՚աշխատակցի հայ մամուլին, երաժշտական յօդուածներով: -------------------------------------------------------------------------------------------------------- ՀԱՅ ԿԻՆԸ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ՄԷՉ ԱՆԳԻՆԷ ՄՈՒՐԱՏԷԱՆ Ա . ԴԱՐԷՆ 20-ՐԴ ԴԱՐ «Հայ նշանաւոր կին երաժիշտներ» սկիզբէն մինչեւ մեր օրերը շատ ընդարձակ թեմա ըլլալուն, կարելի չէր բոլոր երեսները միաժամանակ ներկայացնել այս սահմանաբակ ժամանակի եւ էչերուն մէչ: Հաւակնութիւնը չունինք ըսելու որ այս ուսումնասիրութիւնը, լրիւ կատարեալ եւ ամբողչական ձեւով ներկայացուած է: Համառօտակի միայն աշխատած ենք ներկայացնել «Հայ երաժիշտ կնոչ կեանքը եւ գործունէութիւնը», Ա. դարէն մինչեւ 20-րդ դարու 70-ական թուականները: Սբիւռքի Հայը, եղեռնէն վերչ, մոխիրներէն ազատած, կարճ ժամանակուան ընթաձքին թօթաբեց վրայէն մոխիրները եւ սկսաւ ստեղծագործել: Ականատես ենք այդ «Հրաշալի Յարութեան»: Ամերիկա եւ Եւրոպա ունին հարուստ մշակութային պատմութիւն մը, որուն պիտի անդրադառնանք ուրիշ առիթով մը: ԻՐԱՆԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՏԻԿՆԱՆՑ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ Edited April 15, 2007 by Anahid Takouhi Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Takoush Posted April 15, 2007 Author Report Share Posted April 15, 2007 (edited) Քրիստոնէութեան տարածումէն յետոյ Հայաստանի մէչ ստեղծուեցաւ Քրիստոնէական եկեղեցւոյ երաժըշտութեան արուեստ: Կազմաւորման շրչանը տեւեց 300 տարի: -Մեսրոպ Մաշտոց, Սահակ Կաթողիկոս- եղան առաչին հոգեւոր երգերու հեղինակները: Կարեւոր դեր խաղաց -ստեբբաննոս Սիւնեցի- կաթողիկոսը շարականներու զարգացման մէչ: 8-րդ դարու Հայ մշակոյթի պատմութեան մէչ, նշանաւոր եւ բացառիկ երեւոյթ մըն է հմայիչ Հայուհիի մը անունը, որ իր գեղարուեստական գործունէութեան ընթացքին մէկ նպատակ ունեցեր է - նպաստել ժողովուրդի երաժշտական դաստիարակութեան վեհ գործին: Դուինի կաթողիկոսարանի աւագերէց -Սահակի աղչիկը,- եւ նշանաւոր գիտնական շարականագիր -Ստեբբաննոս Սիւնեցի Կաթողիկոսի- քոյրը՝ -Սահակադուխտն- է, առաչին Հայ բանաստեղծուհին ու երաժիշտը որ ամբողչ էութեամբ նուիրուած է իր ժամանակի հայ երաժշտութեան զարգացմանը, միաժամանակ դաստիարակելով ամբողչ երաժշտասէր սերունդ մը: 8-րդ դարու պատմագիր -Ստեբբաննոս Օրբէլեանի- վկայութեամբ -Սահակադուխտ- կոյս քոյրը, Գառնիի ձորի քարայրի մը մէչ, մենաւոր ապրեր հմտացեր է երաժշտական եւ բանաստեղծական արուեստին. վարագոյրի ետեւ նստած երգի դասեր տուած է: Գրած է եկեղեցական քաղցր կցուրդներ եւ մեղեդիներ: Ամէն կողմէ մարդիկ կու գային իր սքանչելի երգերը լսելու համար: -Սահակադուխտ, առաչին բանաստեղծուհին եւ երաժիշտն է,- որ Հայ գրականութեան մէչ կը յիշուի: Յիշենք նաեւ որ ան -առողչապահութեան- գործին նուիրուած է եւ որոշ հիւանդութիւններ բուժած երաժշտական գործիքներով: Հայ բժշկական պատմութեան մէչ ուշագրաւ երեւողթ է: 8-րդ դարուն ուրիշ Հայուհիի մը անունին կը հանդիպինք: -Խոսրովիդուխտ՝- Գողթն գաւառի նախարար -Խոսրովի- աղ չիկը եւ քոյրը -Նահատակ Վահան Գողթնեցիի:- Այս ազնիւ, տիպար եւ տաղանդաւոր Հայուհին, իր մտաւոր լուրչ պատրաստութեամբ եւ գեղարուեստական յատկանիշերով պատիւ կը բերէ Հայութեան: Իր ժամանակի հասարակութենէն կը սիրուի եւ կը հարգուի ո՛չ միայն որպէս հմուտ երգահան, այլեւ լաւագոյն բանաստեղծուհի: Հեղինակ է շատ մը շարականներու եւ երգերու, Չրօրհնէքի հրաշալի «Ով Զարմանալի» շարականը իրեն կը վերագրեն: Եղբօր նահատակութեան առիթով յօրինած է «Զարմանալի է ինձ» ողբը: --------------------------------------------------------------------------------------------------------- ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹ (1-9 ԴԱՐ) Տիգրան Բ.ի դագաւորութեան շրչանին, Հայաստան Մերձաւոր Արեւելքի հզօր պետութիւններէն մէկն էր: Սակայն 69 թուին Հայաստանը դարձաւ Հռովմէական յարձակումներու զոհը եւ մօտ 100 տարի յամառօրէն պայքարեցաւ իր պետական անկախութիւնը վերականգնելու համար: Հռովմայեցիներուն յաղթելէն յետոյ Արշակունեաց Թագաւորութիւնը հիմնուեցաւ, որ եղաւ -Աւատապետական- (Ֆէոտալական) պետութեան կազմաւորումը (63-428): Այս շրչանը կարելի է երեք ենթաշրչաններու բաժնել: 1-3 դարերու ընթացքին հելլենական մշակոյթի ազդեցութեան տակ կը զարգանայ Հայկական մշակոյթը: (Գառնիի ամրոցը ամէնէն ուշագրաւն է): 4-7 դարերուն, ինքնատիպ Հայկական մշակոյթը մեծ վերելք կ՚ապրի: 8-9 դարերուն, Արաբներուն տիրապետութեան շրչանին, Հայաստանը կորսնցնելով իր պետականութիւնը, մշակոյթը անկումի կ՚ենթարկուի: 4-րդ դարու սկիզբը, 301-ին, Քրիստոնէութիւնը պետական կրօնք յայտարարուեցաւ, զարգացաւ ազգային մշակոյթը: Գրերու գիւտը մեծ դեր ունեցաւ լուսաւորութեան տարածման եւ ինքնագիտակցութեան ամրապնդման մէչ: Թէեւ մեզի չեն հասած այդ շրչանի աշխարհիկ երգերու նմուշներ, սակայն 5-րդ դարու պատմիչներու, մանաւանդ -Խորենացիի- աշխատութիւնները կը վկայեն ժողովրդական արուեստի բազմազանութեան մասին: Պալատներու, դղեակներու, քաղաքային կենցաղին մէչ տարածուած էր գործիքային երաժ շտութիւyնը: 1949-ին -Դուինի- մէչ պեղումներու ժամանակ -պարկապզուկի- ոսկորէ մասը գտնուած է, իսկ 1955-ին, Գառնիի մէչ -սրինկ- մը: {Սիրելի ընթերցողներ; նկատի առէք որ այս յոդուածի սկզբնաւորութիւնը վարը երկրորդ բաժնէն կ՚զգսի - Շnորհակալութիւն}: Edited April 16, 2007 by Anahid Takouhi Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Takoush Posted April 18, 2007 Author Report Share Posted April 18, 2007 (edited) ԶԱՐԳԱՑԱԾ ԱՒԱՏԱՊԵՏԱԿԱՆ ՇՐՉԱՆ (9-13 Դար) 4-6րդ դարերուն Հայ ժողովուրդի մշակութային կեանքի մեծ վերելքը, 7-րդ դարու կէսին ընդհատուեցաւ, արաբական արշաւանքներու հետեւանքով: Այդպէս շարունակուեցաւ գրեթէ մինչեւ 13-րդ դար: Սելճուկներու արշաւանքները աւերեցին, քանդեցին Հայաստանը: Ժողովուրդի մէկ մասը ստիպուած եղաւ գաղթել տարբեր երկիրներ: 11-րդ դարու 80-ական թուականներուն Կիլիկիոյ իշխանութիւնը ստեղծուեցաւ որ կապուելով Արեւմուտքի՝ Եւրոպայի հետ, դարձաւ եւրոպայի առաչնորդը Ասիոյ մէչ: Այդ ժամանակաշրչանի աշխարհիկ մշակոյթը վերածնունդ ունեցաւ: Առաչին անգամ գրականութեան եւ արուեստի կեդրոնական թեման մարդու հարուստ ներաշխարհը դարձաւ: Գուսանները կարեւոր դեր խաղցան երգերու սատարման կործին մէչ: Նարեկացին, որպէս հոգեւոր, առաչինը եղաւ նորը, աշխարհիկը գրելու, գովերգեց կնոչ գեղեցկութիւնը, բնութիւնը եւ իրական կեանքը: Ներսէս Շորհալին մտքի եւ ձեւի կատարելութեամբ միչնադարի ամենաբարձր մտածողներէն եղաւ. բանաստեղծ եւ երաժիշտ էր: Հոգեւոր եւ աշխարհիկ ժողովրդական երաժշտութեան մէչ նոր ձեւեր եւ սեռեր կեանք առին, հիմք ունենալով ժողովրդական ստեղ ծագործութիւնները: 9-13-րդ դարերուն Հայ մշակոյթի զարգացման, աշխարհիկ եւ հոգեւոր արուեստի ծաղկման շրչանը եղաւ: Երաժշտական արուեստը թեմատիկ սեռի (ժանր) բազմազանութեամբ եւ արտայայտչական միչոցներու հարստութեամբ հասաւ իր բարձրակէտին: Հայկական միչնադարի երաժշտական մշակոյթը կը նմանի հսկայ ծառի մը, որուն բունը աշխատաւոր գիւղացիութեան երաժշտութիւնն է. ճիւղերը՝ քաղաքի ժողովրդական, գուսանական, եկեղեցական, աշուղական երաժշտութիւնն ու տաղերն են: Դարերու ընթացքին զարգանալով, ներկայացուցած է ժողովուրդի տարբեր բազմազան վիճակները եւ հասած են մեզի: Այս շրչանին (9-19 դար) երաժշտութեան տարածման նուիրուած կիներու չենք հանդիպիր: Edited April 18, 2007 by Anahid Takouhi Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Takoush Posted April 20, 2007 Author Report Share Posted April 20, 2007 (edited) ՆՈՐ ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՉԱՆ (19-րդ Դար) 19-րդ դարը Հայ ժողովուրդի հարոստ հոգեւոր կարողութիւններու զարթօնքի դարաշրդչանն էր: Գաղթօճախներ ստեղ ծուեցան, որոնք ամէն կերպ աշխատեցան լեզուն եւ մշակոյթը պահպանել: Աշխուժութիւն մը կը նկատուի: Երաժշտական արուեստը կը շարունակուի զարգանալ, ժողովրդական, հոգեւոր, աշուղական երաժշտութեան հուներով: Կազմակերպուած երաժշտահամերգային կեանք չկար, արհեստավարժ երաժիշտ կատարողներ չկային: Հայ ժողովուրդը բաժան-բաժան եղած կ՚ապրէր շատ ծանր եւ ստորնացուցիչ կեանք մը. խանական Պարսկաստանի եւ սուլթանական Թուրքիոյ իշխանութեան տակ: Ռուսիոյ յաղթանակէն վերչ, մօտ 90 հազար Հայեր Ռուսաստան գաղթեցին: Արեւելեան հայաստանի միացումն ալ Ռուսաստանին, հայ ժողովուրդի միայն մէկ հատուածին համար աւելի նպաստաւոր տնտեսական եւ մշակութային կեանք ապահովեց: Արեւմտահայ հատուածը, մեծ մասը գաւառներու գիւղացիներ ըլլալով, անոնց վիճակը աւելի վատթարացաւ: Ժողովուրդը ազգային-ազատագրական պայքարի սկսաւ թուրք բռնակալութեան դէմ: Կառավարութիւնը 19րդ դարու կէսին հաստատեց ,«Ազգային Սահմանադրութիւնը», ու Պոլսոյ մէդչ Հայ մշակոյթը սկսաւ զարգանալ, ինքնուրոյն մշակոյթ մը ուռճացնել: Պոլիս կը հանդիսանայ արեւմտահայերու տնտեսական, քաղաքական ու մշակութային կեանքի ամենախոշոր կեդրոնը: Թիֆլիս ըլլալով Կովկասի կեդրոնը, ազգային մշակոյթի զարգացման կարեւոր դեր խաղաց արեւելեան հատուածին, համախմբեց բոլոր նշանաւոր մշակութային հիմնարկները: Բաքու, Աստրախան, Նախիդչեւան, Ալեքսանդրապոլ (բուն Հայաստան) նաեւ կարեւոր օճախներ եղած են: Ժողովուրդի արտակարգ ցրուածութիւնը, երաժշտական կեանքը դարձուց բազմազան: Ազգային ժողովրդական, գեղդչկական, աշուղական, միչնադարեան, ռուսական, արեւմտաեւրոպական երաժշտութեան ազդեցութեամբ նոր քաղաքային արուեստ ունեցանք: Քաղաքային Ֆոքլորը հարստացաւ ազգային Հայրենասիրական երգերով, որոնք ազգային ինքնագիտակցութեան հասած ազատագրական շարժման արդիւնքն էին: 19-րդ դարու Բ. կէսին քաղաքներու մէդչ դաշնակ եւ չութակ մուտք կը գործեն (միայն ունեւոր խաւերու տուները - Թիֆլիս եւ Պաքու): Քնարական բնոյթի երգեր (ռոմանս), պարեր կը սկսին տարածուիլ, սինֆոնիք համերգներ տեղի կ՚ունենան ռուսական եւ եւրոպական երաժշտահաններու գործերով: Երաժշտական ուսումնարանի հիմնադրումը 1884-ին, երիտասարդներուն կրթութեան կը նպաստէ: Դաշնակահարներ, չութակահարներ, երգիչներ եւ երգահաններ երաժշտական մշակոյթը կը հարստացնեն: Չաբ՚ազանց դ ժուար էր մասնագիտութիւն ձեռք բերել. նիւթական մեծ ծախս եւ զոհողութիւն կը պահանչէր: Չնայած այս դժուարութիւններուն, շատերը բախտը ունեցած են կատարելագործելու իրենց գիտութիւնը մեծ ոստաններու մէդչ, ապա մասնագիտանալէ ետք, օժանդակած՝ ազգային երաժշտական մշակոյթի մակարդակը բարձրացնելու: Անուանի երաժիշտներու կողքին կը հանդիպինք առադչին կին երաժիշտներու, որոնք կատարողական արուեստը գնահատուած է Ռուսաստանի եւ Եւրոպայի երաժշտասէրներու եւ քննադատներու կողմէ: Ղորղանեան ընտանիքի վեց զաւակները աչքի զարկած են որպէս առադչնակարգ երաժիշտներ: Երեք աղդչիկները, Նունէ, Հեղինէ եւ Մարիա, միդչազգային համբաւ ունեցող եւ սիրուած երգչուհիները, իրենց ժամանակի ամէնէն զարգացած ու կրթուած հայուհիները եղած են (1850-1896): 60-ական թուականներուն Թիֆլիսի մէդչ ստեղծուած երաժշտական նշանաւոր սալոններէն մէկը Յովսեբ՚ Ղորղանեանի ընտանեկան օճախն էր, ու հաճելի հաւաքատեղի էր արուեստի սիրահար, հայ, վրացի եւ ռուս մտաւորականներու համար: Նունէ՝ Նինա Դարիալի անունով ծանօթ, ունեցած է գեղեցիկ թեմպր եւ մեծ ուժի մեցցօ-սօբրանօ ձայն: Եօթը լեզուներու տիրապետած զարգացած երգչուհի մը եղած է: Երգած Եւրոպայի օբ՚երայի թատրոններու մէդչ, համերգային շրդչապտոյտներ ունեցած, ամենուրեք գնահատուած իր կատարողական բարձր արուեստն ու ձայնը: 1885-ին ծանր հիւանդութեան պատճառաւ ստիպուած բեմէն քաշուած է եւ զբաղած մանկաւարժութեամբ: Մօսկուա, Պետրոս Ադամեանի եւ հօր՝ Յովսէբ՚ Ղորղանեանի անունով թոշակներ հաստատած, ձրիաբար դաս տուած տաղանդաւոր աշակերտներու: Լաւագոյն երգի ուսուցիչներէն մէկը եղած է ու անուանի երգիչներ հասցուցած: Ղորղանեան միւս երկու քոյրերը եւս, Հեղինէ Տէրեան եւ Մարիա Սվետադէն երաժշտական հիմնական կրթութիւն ստացած երգչուհիներ եղած են. 20 տարի շարունակ Ռուսաստանի, Իտալիոյ, Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի օբերայի թատրոններու մէդչ մեծ յադչողութիւններ ունեցեր է Հեղինէ Տէրեան-Ղորղանեանը: Ձայնային իր արտակարգ ընդարձակ տիաբազոնը թոյլ տուած է իրեն նոյն յադչողութեամբ կատարելու սօբրանոյի եւ մեցցոյի համար գրուած դերերգեր: Հիանալի ձայնի հետ միասին ունեցած է գեղեցիկ արտաքին եւ բեմական շնորհքներ: Մօտ 10 տարի Իտալիոյ թատրոններ աշխատելէ ետք վերադարձած է Ռուսիա, մեծ հռչակ հանելով: Ժամանակակիցները բարձր գնահատած են իր արտակարգ երաժշտականութիւնը, երգարուեստը, կատարման մեծ արտայայտչականութիւնը եւ անթերի առոգանութիւնը: Արդիստական գործունէութեան 25ամեակը տօնելէ յետոյ Մօսկուա, բ՚առքի բ՚այլուն շրդչանին, հազիւ 44 տարեկանին կ՚որոշէ ընդմիշտ հեռանալ բեմէն, բարձր պահելով հռչակն ու ժողովրդականութիւնը, եւ կը նուիրուի երաժշտական մանկաւարժութեան: Ըսած է. «Աւելի լաւ է մի քանի տարի շուտ, քան գոնէ մէկ րոպէ ուշ»: Այնուհետեւ Ղորղանեան Հեղինէ դարձաւ Ռուսաստանի ամենալաւ ճանչցուած ձայնի ուսուցիչը ու բ՚այլուն յայտնի աստղեր տուաւ երգաշխարհին: Մարիա Սվետադեւ եղած է օբերայի եւ համերգային երգչուհի: Կարճ ժամանակ արտասահմանեան թատրոններու մէդչ երգած, ապա վերադարձած Ռուսաստան եւ շարունակած իր ելոյթները: 1905-ին բեմէն հեռանալով Թիֆլիս բացած է ձայնավարժութեան դասընթացքներ եւ մանկավարժութեամբ զբաղած: 80-ական թուականներուն Բեդերպուրկ երաժշտանոց ուսանելու բախտ ունեցած են կին երաժիշտներ՝ Նատեժտա Պապայեանը, Մագթաղինէ Գենդչեանը, Ելիժավետա Զավրեանը: Ուսանողական շրդչանին արդէն աչքի կը զարնեն որպէս յադչող իրենց ձայնով եւ ընդունակութեամբ: Մագթաղինէ Գենդչեան (1864-1960) տակաւին երաժշտանոցի աշակերտ, յայտնաբերած է կատարողական շնորհքը, եւ սէր ու յարգանք շահած բոլորէն: Համերգներէն մէկուն Յովհաննէս Այվազովսքի հմայուելով երգչուհիին գեղեցիկ ձայնով, Ռուպինսթայնէն խնդրած է որ լաւ հոգ տանին իր հայրենակից հրաշալի «թռչնակին»: Պատկանեաններու տոհմի երաժիշտներէն վերդչինը՝ Ռաֆայէլ Պատկանեանի Սոֆիա քրոդչը աղդչիկը Մագթաղինէ Գենդչեան ծնած է 1865-ին Ստավրապոլ: 1892-ին հայ երաժշտական կեանքի կարեւոր նորութիւն էր «Ֆաուստ»ի հայերէն բեմադրութիւնը. Գենդչեան որպէս Մարգարիտ, կը գրաւէ բոլորին համակրութիւնը իր հաճելի ձայնովը եւ խաղարկութեամբ: Թիֆլիսի մէդչ առադչին անգամ հայերէն լեզուով ներկայացուած «Ֆաուստ»ի յադչողութիւնը մեծապէս նպաստած են Գենդչեանը եւ Իբոլիտով Իվանովը: Յետագային զբաղած է մանկավարժական գործունէութեամբ: 1927-ին երաժիշտ Անուշաւան Տէր-Ղեւոնդեանի հրաւէրով նորաբաց Երեւանի երաժշտանոցը կը դասաւանդէ որպէս ձայնամշակման ամպիոնի բրօֆէսօր: Մինչեւ կեանքի վերդչին օրերը հայրենանուէր գործունէութեամբ ու բ՚առքով կը պսակէ իր տաղանդաւոր տոհմի անունը: Շատ նշանաւոր զօրաւոր թեքնիքով եւ ճաշակաւոր սաներ հասցուցած է: Հայ երաժշտական կատարողական մշակոյթը անցեալ դարու վերդչին տասնամեակին եւ 20-րդ դարու սկիզբին նոր բարձունքներ նուաճեց շնորհիւ մի քանի արուեստագէտներու, որոնք տարիներ հիացուցած են օտար խոշոր քաղաքներու արուեստասէրները: Ասոնց մէդչ ամենաբ՚այլունը Նատեժտա Պապայեանն էր (1868-1906), որու հիանալի երաժշտական տուեալները, արտակարգ գեղեցիկ ձայնը, գեղարուեստական նուրբ ճաշակը, եւ կատարողական վարպետութիւնը, ամէնուրեք բոլորին հիացում պատճառած է: Բնիկ Աստրախանցի, Բեդերպուրկ, Միլան, Բ՚արիզ կատարելագործած իր երգարուեստը: Կովկաս իր առադչին համերգները կ՚արժանանան բացառիկ ընդունելութեան: Իր օբերայի "debut"ն, Թիֆլիս, Ֆաուստ օբ՚երայի մէդչ ուշադրութիւն կը գրաւէ դերակատարութիւնը, խաղընկեր ունենալով Շալիապինը: Համերգներով կը շրդչագայի Եւրոպայի գրեթէ բոլոր մայրաքաղաքները, գրաւելով երաժշտասէրները իր հաճելի մշակուած ձայնով, եւ անկաշկանդ բեմական շարժուձեւով: Երեք տարեշրդչան կ՚երգէ Բեդերպուրկի ամենանշանաւոր կայսերական «Մարինեան» թատրոնը, հաւասարապէս յադչողութեամբ կը կատարէ տրամաթիկական եւ գոլորաթուրայի դերերգերը: Առադչին շրդչանին 14 ելոյթներ ունեցած է, հաւասար իրաւունք ունենալով ռուս առադչատար երգիչներու հետ: Դժբախտաբար իր դէմ «էնթրիքներ» կըլլան, թատրոնի կառավարիչ Տելիակովսկի անբարեացակամ վերաբերմունք կ՚ունենայ հայ ճանչցուած արտիստուհիի նկատմամբ: Չուզելով այլեւս աշխատիլ այդպիսի անբարենպաստ միդչավայրի մէդչ, կը հեռանայ «Մարինեան» Թատրոնէն: Կ՚որոշէ վերդչնականապէս բ՚ոխադրուիլ Բ՚արիզ, սակայն դժբախտաբար զոհ կ՚երթայ կողոպուտի մը իր տան մէդչ, Աստրախան, աւազակներու յարձակման կ՚ենթարկուի, գլխէն ծանր վիրաւորուելով: Ու այսպէսով 1906-ին Նատեժտա Պապայեանի ողբերգական մահը կ՚ընդհատէ մեծ երգչուհիին կատարողական գործունէութիւնը, արուեստի ծաղկման ամենաբայլուն շրչանին (38 տարեկան): Երգած է 50-է աւելի օբերայի կերպարներ եւ տակաւին տարիներ կրնար բ՚այլիլ երաժշտական աշխարհին մէդչ: Ան միաժամանակ հիանալի համերգային երգչուհի եղած է, ու միշտ սիրով իր հարազատ ժողովուրդի երգերն ու ստեղծագործութիւնները կատարած Եւրոպական եւ Ռուսական բեմերէն: (Կռունկ, Սիրուհիս, Կիլիկիա, Ո՜հ ինչ անուշ): Նատեժտա Պապայեանը 19-րդ դարու վերդչին քառորդի ամենանշանաւոր Հայ արուեստագէտ երգչուհին էր. բեմական արուեստի խոշորագոյն ներկայացուցիչը, հասած երգարուեստի կատարողական անկրկնելի բարձրագոյն վարպետութեան: Edited April 20, 2007 by Anahid Takouhi Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Recommended Posts
Join the conversation
You can post now and register later. If you have an account, sign in now to post with your account.