Takoush Posted April 12, 2007 Report Share Posted April 12, 2007 (edited) Ա. ՆՊԱՍՏԻ ՕՐ ՄԸ Առաւօտուն կանուխէն, գրեթէ արշալոյսին, ամբոխը լեցուած էր եկեղեցիին բակը, ու մենք երբ աչքերնիս բացինք, կը լսէինք իրենց խուլ աղմուկը, անսահմանելի աղմուկ, նման բոթորկոտ ծովու հեռաւոր շշունչին...: Հիմա նոյն ամբոխը մեզ կը շրչապատէր, երբեմն սպառնագին կը բարձրանար մինչեւ Առաչնորդարանի սանդուղներէն վեր, երբեմն կը գոռար ու երբեմն կը հեծեծէր: Օրերէ, ամիսներէ ի վեր այնքան զրկուած ապրեր էին, պահանչքը այնքան ստիպողական եւ մեծ եղած էր, որ իրենց բութկոտութեան մէչ տենդագին շուարում մը կար. երբեմն առաչ անցնելու տենչանքով զիրար կը կոխոտէին, տղայք կը ճչէին, ու սրտագին աղաղակներ մեզ կը ցնցէին ցաւագինօրէն: Կարգապահութիւն պահել անկարելի էր, մենք յոսահատած էինք. Ամբոխին մէկ տասանորդն իսկ գոհացնելու իրեղէն չունէինք ու ստիպուած էինք մնացածին թիւեր ու բուսուլաներ տալ, որպէսզի յառաչիկայ անգամներուն երբ խոստացուած ու յուսացուած զգեստեղէնները գային, իրենց բաժինը ստանային: Բայց թէ ի՛նչպէս ընտրել անոնք՝ որ այսօր պիտի առնէյին զգեստները... ի՛նչ դասաւորում կատարել, ի՛նչ հիման վրայ ընդունիլ մէկը եւ մերժել միւսը, կամ պարզապէս յետաձգել դիմումը: Յուսահատած ու շուարած էինք ու քանի՜ ամբոխը իր պահանչքը կը յայտնէր՝ այդ սարսաբելի եւ խուլ աղմուկով, մենք տժգունած ու խորապէս յուզուած, իրարու երես կը նայէինք: - Պէտք է ամենէն դժբախտները, ամենէն շատ վշտացածները, պէտք է ծերերը, կոյրերը, հիւանդները ընտրել... կամ բազմաթիւ տղաք ունեցողները, ըսաւ մեզմէ մէկը...: Բայց ամէնքն ալ նոյն աստիճանով դժբախտ ու կարօտ էին ու որքան որ հաւատացած էինք այդ ընտրութեան ձեւին անբաւականութեան վրայ՝ մտանք ամբոխին մէչ, նախ կոյրերը բնտռելու: Աղտեղութեան ու քրտինքի բարկ հոտ մը մթնոլորտը անշնչելի կը դարձնէր. բազմութիւնը այնքան հոծ էր որ գրեթէ իրարու հպած էին ու մենք քանիցս կորսուեցանք իրենց խիտ շարքերուն մէչ. երբ ձեռքս կը դնէի իրենց մարմնին, ճամբայ բանալու համար, — կասկածելի խոնաւութիւն մը զիս կը կասեցնէր. բայց անմիչապէս շուրչի ահաւոր թշուառութիւնը քաչութիւն ու սիրտ կու տար մեզի ու մենք աւելի խոր կը թաբանցէինք ամբոխին մէչ: Պէտք էր ընտրել կոյրերը, անոնք որ անտէր ու նոյնիսկ զրկուած գաւազանէ՝ կը դեդեւէին իրենց անհաստատ սրունքներու վրայ ու տարուած ամբոխի շարժումներէն՝ մէկ մը ասդին կը նետուէին, մէկ մը անդին...: Բազմութիւնը կազմուած էր մեծ մասամբ կիներէ. այրերու բացակայութիւնը աչքի կը զարնէր, բայց կոյրերուն մէչ կային նաեւ ծերունի այրեր ու իրենց երեւոյթը ահաւոր էր: Մէկիկ մէկիկ իրենց ձեռքերէն բռնած՝ առաչնորդեցինք զիրենք. ճամբուն վրայ ամբոխը զայրոյթէն կը մռնչէր. ոմանք կը հայհոյէին, ուրիշներ կը սպառնային. իւրաքանչիւր ոք տարուած իր անհատական դժբախտութեան մեծութենէն՝ կը բաբաքէր որ միմիայն իրմով զբաղէինք. կին մը մեր աչքերուն առաչքը յոսահատութենէն ցնցոտիները կը պատռէր. մազերը կը բետտէր ու իր բոլոր ցաւը կ՚աղաղակէր այնպիսի ձայնով մը՝ որուն պատռտող շեշտէն կը ցնցուէին ամէնքը, ու պահ մը լռած ամբոխին վրայէն սարսուռ մը կ՚անցնէր: Ուրիշներ կը կառչէին մեզի, բռնի կը կեցնէին, կ՚աղերսէին, իրենց արցունքով կը թրչէին մեր ձեռքերը. հակառակ մեր բացատրութիւններուն՝ չէին համոզուեր, չէին ուզեր սպասել ու մեր անկարողուդիւնը կը տանչէր մեզ: Դարձեալ միչոց մը հեռացած ամբոխէն այն սրահին մէչ՝ ուր հագուստները շարուած էին, զբաղեցանք բաժնելու: Կոյրերը մէկը միւսին ետեւէն կը յառաչանային. իրենց թխացած եւ տժգոյն դէմքին վրայ լոյսէ զուրկ ու մեռած աչքերը կը սեւեռէին մեր ուղղութեամբ. անոնք կը հետեւէին մեր ձայնին ու անձկութեամբ կը սպասէին մեր հրաւէրին. առ հասարակ լուռ էին. շատ չէին խօսեր անոնք. իրենց մէչ ամբոբուած՝ ոմանք նոյնիսկ կարծես դեռ չէին հասկցած պատահածը: Երկու օր առաչ տեսեր էի պառաւ մը՝ որ անընդհատ հանդիպողին կը հարցնէր թէ ի՞նչ եղաւ. ոչ ոք բացատրեր էր իրականութիւնը իր մանրամասնութիւններուն մէչ. ամէնքն ալ իրենց առանձին հոգերով գրաւուած էին. պառաւը լսեր էր միայն աղմուկը, լսեր էր վայնասուններ, լսեր էր հրդեհի ճարճատումները, խլացեր էր հրացաններու ձայնէն, — զգացեր էր բոցերու չերմութիւնը կռնակին վրայ ու տարուած բախստական ամբոխի մը հոսանքէն, օր մը հոս, օր մը հոն քշուեր էր անգիտակցաբար, ու օրերով, շաբաթներով տեղեկութիւն էր մուրացեր, կառչելով մէկ խումբին, աղերսելով իր շուրչը գտնուողներուն, — ոչ ոք դեռ բարութիւնը ունեցեր էր իրեն պատմելու թէ ի՜նչ պատահեցաւ: Այս պատճառով էր որ դէմքը առեր էր սարսաբի, անորոշութեան ու կասկածի արտայայտութիւն մը ու մտքին մէչ սեւեռուած էին կցկտուր տեղեկութիւններ: Հիմա իմ դէմս ունէի երիտասարդ կին մը. մէկ աչքը կորսուած ակնակապիճներուն խորութիանը մէչ ու միւսը ընդհակառակը ցցուած, ուռած, բիբի տեղ կրելով ճերմակ կոճակի պէս կարծրութիւն մը. այդ աչքը անհանգիստ ու թագուն կենդանութիւն մը ունէր, բանտարկուած կը թուէր ու կարծես պոռթկալու կը միտէր. յարաշարժ ու ցայտուն՝ երկչոտութիւն ու անհանգստութիւն կը պատճառէր միանգամայն ու կը նայէր մեր նայուածքէն տարբեր նայուածքով մը: Առանց խօսելու, ընտրեցինք մեր հագուստները, բայց վերչապէս հարկադրուեցանք հարցնել. - Քանի՞ հոգի էք: Պահ մը լուռ կեցաւ. կարծեցինք թէ չէր հասկցած. իր ճերմակ բիբը անշարժացաւ. շրթունքը թոթովեցին: Ու սկսաւ հեծկլտալ անվերչ. ո՞վ գիտէ ի՛նչ կը տեսնէր իր կուրութեան մշտնչենական մթութեանը մէչ: Շատ անգամ կը պատահէր ասիկա. մեր հարցումը իրենց կը յիշեցնէր թէ այլեւս ոչ ոք չունէին, կը յիշեցնէր իրենց բոլոր անոնք որ անդարձ կորսուած էին ու մենք յանցաւորի պէս չէինք գիտեր ի՛նչպէս ամոքել զիրենք: Երբեմն խնայելու համար, բոխանակ հարցնելու թէ «քանի՞ հոգի էք», կը դնէինք դէզ մը հագուստ ու կ՚ըսէինք. - Այսչաբը կը բաւէ՞: - Ինչո՞ւ չպիտի բաւէ. ո՜վ է մնացեր... իմ չոր գլուխս է մնացեր, ինչո՜ւ չպիտի բաւէ, ա՜խ... Ու անխուսաբելի կերպով հետեւանքը նոյնը կ՚ըլլար. դարձեալ լաց, դարձեալ հեծկլտանք: Ուրիշներ մեր ձեռքերէն կը քաշէին գեղեցիկ հագուստ մը, մէկ կողմ կը նետէին ու կը բողոքէին: — Կռնակս առանց շապիկի է մնացեր, հոգե՛րդ առնեմ, բան մը տուէք ծածկուիմ, ա՛լ կը բաւէ՛, սգաւոր գլխիս գեղեցիկ հագո՞ստն է պակաս: Ու կը պահանչեն սեւ, միշտ սեւ. իրենց նայուածքը կը բնտռէ դեզերուն մէչէն սեւը ու սգաւորի հակուստները: Կոյրերու շարքը կ՚անցնէր մեր առչեւէն. կային որ վիրաւորուած արտեւանունքներ ունէին եւ երբ լային՝ սարսաբելի էր. արցունքի հետ արիւն կը հոսէր այտերնուն վրայ. ծայրայեղ զգուշաւորութիւններ կ՚ընէինք՝ իրենց ցաւը չգրգռելու, իրենց զգայնութիւնները չարթնցնելու եւ դեռ առանց մեր ձայնը լսելու՝ կապ մը կայ, որով անմիչապէս հաղորդակցութեան մէչ կ՚ըլլանք իրենց հոգեկան վիճակին հետ: — Ցաւերդ առնեմ, քո՜յրս, քեզի չըսենք, որո՞ւ ըսենք. օ՞վ մեր տարտը կը հասկնայ. օտարին սիրտը քարի պէս կարծր է: Ու մէկ հոգի մը կարող էր ամբողչ աշխարհ մը թշուառութիւն ներկայացնել միայն, իր պատմութիւնը ընելով: Դուրսը միշտ ամբոխը կը մռնչէր...: Քանի սպասման ժամերը կ՚անցնէին, այնքան անհամբերութիւնը կը մեծնար... երբեմն մէկը, աւելի ճարպիկ, կամ մտրակուած պահանչին ստիպողականութենէն՝ արգելքներուն չանսալով ու ամբոխը ճեղքելով կը հասնէր մինչեւ մեզի. ընդհանրապէս մայրերը այս կերպով կու գային մեր մօտը: Այսպէսով էր որ յանկարծ դուռը բացուեցաւ կռնակին վրայ ու խելայեղ կին մը նետուեցաւ ներս. կոյրերը ահաբեկ, խարխաբելով իրարու զարնուեցան եւ ուրիշներ բնազդով ճամբայ տուին: Երիտասարդ կին մըն էր. բաւական շնորհքով կը կրէր իր լայն շալվարը ու բազմաթիւ ծամեր կը կախուէին կռնակն ի վար. գլուխը ծածկած էր ճերմակ քօղով, որուն ծայրը կը ծածկէր նաեւ իր կզակը: - Ա՛լ դիմանալու աստիճանը անցեր է ինծի համար... գինովի ու խենթի պէս եմ... խղճացէք ինծի: - Քանի՞ ամսու է այս տղան: - Վեց ամսու, պատասխանեց մայրը...: Մանկիկը իր հիւանդ տղու սրտմտած ու տխուր աչքերովը կը նայէր մեզի. երբեմն լոյսէն շլացած՝ կը քթթէր անոնք ու իր կապկային դիմագիծերը կը ծամածռէր. ամբողչ մարմինը մնացեր էր այնպէս, ինչպէս էր ծնած օրը, թերեւս աւելի նուազեր էր. բորը գոգաւոր ու պարապ կը թուէր. ու թեւերը ինչպէս սրունքները՝ բարակ ձողերու պէս նիհար էին: Կինը իր անյաչող մայրութեան մէչ վիրաւորուած, կ՚արտասուէր ու յաճախակի կը կրկնէր. — Հինգ զաւկի մայր եմ, ոչ մէկը ասանկ չէ եղած: Շատ անգամ տեսեր էինք սակայն այս երեւոյթով տղաքներ՝ մայրերու գիրկը. բոլոր նորածինները դէպքին եւ յաչորդող օրերուն մէչ, շարունակական թշուառութեան ենթարկուած՝ վերածուեր էին հրէշներու. մեռնողներու թիւը շատ մեծ էր, բայց անոնք որ դեռ կ՚ուշանային մեռնելու՝ կը ներկայացնէին նոյն պատկերը: — Մեր ցաւը մէկ տեսակ չէ, մեր տարտը մէկ տեսակ չէ, կը կրկնէր միօրինակ եւ երգող ձայնով մը, դժբախտ մայրը, կարծես արձագանգ դառնալով մեր մտածումներուն: Երբ զինքը գոհացնելէ ետքը՝ մեր կոյրերուն դարձանք, ամբոխը հասած էր արդէն մինչեւ մեր սենեակին դուռը: Կոյրերը սարսաբած այդ տարօրինակ աղմուկէն՝ կը շտապէին. իրենց գլուխները բարձր բռնած, սրունքները դեդեւուն, կու գային դէպի մեզ ու երբեմն իրարու կը կրթնէին՝ յառաչանալու համար... այդ վիրաւորուած ու արիւնոտ աչքերը, այդ ճերմակ մշուշով ծածկուած բիբերը, թարախէն մաշած արտեւանունքներով՝ մեզի թէ՛ գթութիւն, թէ՛ վախ կը ներշնչէին. ու կային որ ունէին այնպիսի բակ աչքեր՝ որ անկարելի էր երեւակայել թէ ատեն մը նայուածքի լոյսը ճաճանչած է այդ ցամքած ու ողորկ խորութիւններէն. մորթը ճակատէն կ՚իչնէր այդ բոսերուն մէչ՝ առանց նոյնիսկ ծալք մը կազմելու արտեւանունքի միացած գծին վրայ...: Ամէնքն ալ անտէր էին ու առանձին. ու ոմանք չէին գիտեր թէ ի՛նչ են եղեր իրենց ընտանիքին անդամները. մեռա՞ծ էին թէ թաբառական, թէ բանտարկուած...: Այս հարցումն էր որ կը յաճախէր իրենց տժգոյն շրթունքներուն վրայ. — Հոս եկողներէն մէկը չըսա՞ւ թէ կոյր հայր մը ունէի...: Մեզի դժուար էր պատասխանել. աւելի դժուար էր իրենց տկար ու դողդոչուն յոյսը մարել. շատերը այդ յոյսովն է միայն որ կ՚առաչնորդուէին կեանքի դժնդակ ճամբուն վրայ: «Աւերակներու մէչ» Զապէլ Եսայեան Edited April 13, 2007 by Anahid Takouhi Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Takoush Posted April 13, 2007 Author Report Share Posted April 13, 2007 (edited) Բ. ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՀՈԳԻՆ Մարդիկ՝ այր թէ կին՝ ընդհանրապէս այն չեն ներկայացներ ինչ որ են իրապէս. ու այն կեղծ հանդերձանքը, որ կը ստանան յաճախ, անգիտակցութեամբ է, բայց այդ այդպէս է. դեր մը կ՚ ընտրեն կեանքի մէչ ու այդ դերը կը կատարեն. դերը կ՚ ըտրեն երբեմն իրենք իրենց համար, որովհետեւ ատիկա գեղեցիկ կը գտնեն, բայց եւ յաճախ կ՚ ընտրեն այն դերը, զոր ուրիշներ գեղեցիկ կը համարեն: Մարդկային հոգին, զոր ամէն մարդ իր հետ աշխարհ կը բերէ, այսպէսով կը խեղանդամուի մանկութեան ժամանակէն իսկ. հոգին չի մեռնիր ի հարկէ. բայց անիկա խրտչտած կը պահուըտի անկիւն մը ու այլեւս երբե՛ք չի համարձակիր յայտնուելու: Մարդիկ կան, որոնց կեանքին այս կամ այն ժամուն հոգին յայտնուած է ու տէր դարձած կացութեան. բայց եւ այնքա՜ն մարդիկ կան, որոնց հոգին միշտ ընդարմացած մնացած է ու երբեք զարթնումի ժամը չէ հնչած իրենց համար: Եթէ արտասովոր պարագայ, մեծ յուզում մը, մեծ զգացում մը, կամ մանաւանդ՝ մեծ ցաւ մը թաբանցէ մինչեւ հոգին, ու անիկա, եթէ նոյնիսկ զարթնումի տարտամ շարժումներ գործէ, մարդիկ, անհանգիստ՝ կ՚ օրօրեն զայն, կը քնացնեն, որովհետեւ նոյնիսկ իրենց սեբական հոգիին զարթնումը կը սարսաբեցնէ զիրենք: Մարդիկ իրենք իրենց անծանօթ են եւ պիտի չհամարձակէին իրենց հոգիին անսահմանութեանը նայիլ. ու կը շարունակեն ապրիլ բոխ առնուած զգացումներով, բոխ առնուած սկզբունքներով, դուրսէն ստացած ձեւերով ու կերպերով. բայց ոչինչ չի բխիր իրենց ներքին աշխարհէն, իրենց էութենէն, իրենց հոգիէն: Այսպէս է որ մարդիկ կ՚ըսեն. պատշաճ է այս ինչ բանը, այն ինչ բանը. լաւ պիտի ըլլար այս ինչ պարագային այս կերպ վարուիլ, այն կերպ վարուիլ: Ու կը դատեն ու կը դատապարտեն ուրիշները, որովհետեւ այսինչ վարմունքը այնինչ պարագային մէչ համաձայն չէր վարուելու ընդունուած ձեւի մը: Ոչ ոք կ՚ըսէ. ի՞նչ ներքին եւ անդիմադրելի դրդումի հպատակեցաւ: Ոչ ոք կ՚ըսէ. ի՞նչ կ՚ուզէ իմ հոգիս, ինչ նուիրական եւ առանձին օրէնքներ կը թելադրէ իմ սեբական էութիւնս: Այս եղանակով է որ կը խորհին ամուսնութեան եւ նոյն իսկ սիրոյ վրայ. իրենց ընտրութիւնը կ՚ ընեն հաշուով, կանխակալ զգացումներով եւ որոշ պայմաններով: Բայց ինչ որ զարմանալի է, այն է որ ուրիշներու կարծիքը նոյնիսկ այդ բոլորովին անձնական գործին մէչ յաճախ գերակշիռ է: Պէտք է որ ուրիշներ հիանան, զարմանան, հաւանութիւն յայտնեն եղած ընտրուդեան վրայ. ու այն ատեն ամէն ինչ պատշաճ կերպով կատարուած կ՚ըլլայ: Այսպէս է, որ մարդիկ կը տեսնեն թէ ճշմարիտ մարդեր չեն. զգացումներու կը ծանօթանանք՝ որոնք ճշմարիտ զգացումներ չեն. ու կը տեսնենք որ մարդիկ մէկ հոգ մը ունին.— ո՛չ թէ ապրիլ եւ կեանքի բոլոր ժպիտները վայելել բնութեան իրենց ընծայած հնարաւորութիւններուն ամբողչական լիութեամբ, այլ առաւել կամ նուազ լաւ կատարել իրենց ստանձնած կամ ուրիշներէն իրենց տրուած դերը: Եւ կեանքը տխուր է, անշահեկան ու ձանձրալի, ինչպէս անտաղանդ թատերագիրի մը կատակերգութիւնը: Հազուադէպ կերպով մարդիկ կան, որ զանազան բարեբախտ դիպուածներու հետեւանքով կամ թերեւս անձնական բացառիկ ընդունակութիւններով կը թօթաբեն իրենց տրուած աշխարհիկ եւ կեղծ դաստիարակութեան պատեանը եւ կը բնտռեն ինքզինքնին, իրենց հոգին ու կը յանձնուին անոր: Այդպիսիները չեն ձանձրանար, երբ առանձին են, երբ մտիկ կ՚ ընեն իրենց հոգւոյն երգերն ու վէպերը: Անշուշտ, մշուշներ կը շրչապատեն զիրենք, իրենք ալ յաճախ դեր մը կը կատարեն, բայց տարբերութիւնը այն է, որ երբեմն կը սթաբին եւ կը գտնեն իրենց սեբական հոգին: Անոնք որ երբեք առանձին չեն իրենք իրենց հետ, անոնք որ նոյնիսկ կը սոսկան առանձնութենէ, ի՞նչպէս պիտի գտնէին իրենց հոգին: Կեանքը կ'անցնի շատերուն համար աղմուկի, մրցակցութիւններու եւ իրենց էութեան խորթ նպատակներու հետապնդման մէչ: Ժամանակ չունին սթաբելու, որովհետեւ իրենց խճողուած կեանքին մէչ առանձնութիւն չունին: Այլ հազուադէպ մարդիկ, որ բացառապէս կ'ապրին իրենց հոգիով, անմիչապէս կը ճանչցուին իրենց գործերուն, զգացումներուն, շարժումներուն ինքնաբուխ, միամիտ եւ յստակ պարզութեամբը: Անոնց հոգին կը շողշողայ իրենց դէմքին վրայ, կը ճառագայթէ իրենց անձէն դուրս, կ՚ երգէ ու կը ժպտի եւ մարդ անասունը կը բարձրացնէ իր բարձրագոյն ոլորտին. թեւեր կու տայ անոր ու կարծես անզգալի կը դարձնէ մարդկային ստորնաքարշ պայմաններու ճակատագրական նուաստութիւնը: Ի՜նչ բոյթ այն ատեն, որ անհամար դիպուածներու դասաւորում մը զայն դրած է այսինչ կամ այնինչ ընկերական դիրքին մէչ. ի՜նչ բոյթ թէ ֆիզիքական ի՞նչ կերպարանքով մարմնացած է անիկա: Աստուած իր մատը դրած է անոր ճակատին վրայ. անիկա ճշմարիտ ընտրեալներէն մէկն է ու կ՚ապրի, կ՚անհետանայ այս աշխարհէն, լուսաւոր հետք մը ձգելով իր ճամբուն վրայ: «Վերչին Բաժակ» Զապէլ Եսայեան Edited April 13, 2007 by Anahid Takouhi Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Takoush Posted April 18, 2007 Author Report Share Posted April 18, 2007 Գ. ՏՈՒՆԸ Տունը, որ ծնած եմ, երկյարկանի, բ՚այտաշէն եւ կարմիր ներկուած սովորական տուն մըն էր՚ որուն բ՚ողոցի վրայ նայող պատուհաններուն վարագոյրները գրեթէ միշտ բ՚ակ կ՚ըլլային, որովհետեւ ճիշդ մեր տան դիմաց կար յոյն նպարավաճառի խանութ մը, որ միեւնոյն ատեն գինետուն էր: Մեր տնեցիները օրը կ՚անցընէին տանը ետեւի սենեակները, որոնց պատուհանները կը բացուէին իրարու յադչորդող այգիներու վրայ: Այգիներէն անդին, թրքական թաղերն էին իրենց հոյակապ մզկիթներով, որոնց սլացիկ եւ ճերմակ մինարէները կ՚ընկերանային սեւ նոճիներու: Հեռուէն կ՚երեւէր նաեւ Վոսբ՚որի կապոյտ եւ բ՚ալբ՚լուն ժապաւէնը, ուրկէ անդին Սթանպուլի սիլուէթը, որ առաւօտները վարդագոյն, օրուան մէդչ ոսկեգոյն եւ իրիկունները կապտորակ մշուշի մէդչ շղարշուած, կը թուէր յարաբոբոխ, երանգաւոր ու երազային երկիր մը: Իմ մանկական աչքերս շլացեր են այն ճաճանչներէն, որոնք մզկիթներու ոսկեզօծ գմբէթներուն վրայ իյնալով լոյսի հրդեհներ կը վառէին. իմ առադչին տեսողական տպաւորութիւններս կրեր եմ այդ գունագեղ եւ միեւնոյն ատեն նրբօրէն երանգաւոր շրդչանկարէն, որ խոր ազդեցութիւն գործեր է իմ վրաս: Դեռ անգիտակից եւ անբարբառ՝ լացեր կամ խնդացեր եմ կրած տպաւորութիւններուս սաթած ուժգին յուզումով: Կը յիշեմ գարնան առաւօտները, երբ այդ այգիները, Սիլիհտարի պարտէզները, կը դառնային բոցավառ վարդաստաններ: Այդ վարդերը կը խուժէին տուներէ ներս, կը զարդարէին անզարդ սենեակները, բուրում եւ երանգ կը բերէին ճերմակութիւնով պատած սենեակներու մեդչ, կը դառնային խաղալիք երեխաներու ձեռքին եւ անոնց թերթիկները կ՚անձրեւէին ամենուն եւ ամէն բանի վրայ: Կը յիշեմ տենդագին եւ գաղդչ իրիկունները, գորտերու կռկռոցը աւազաններու մէդչ, կայծոռիկներու ոստումները եւ արտեզեան հորերու անվերչ ճռինչը, որ մինչեւ իմ հիւանդոտ երեխայի խռոված քունիս մէդչ կ՚ընկերանար իմ երազներուս: Երբեմն ալ հովիւի սրինգ մը, Րումելիի տաբ՚աստաններէն գաղթած պարտիզպանի մը ձեռքին, հեռաւոր եւ հայրենաբաղձ մեղեդի մը կ՚երգէր: Կը յիշեմ տառապանքս այդ բազմերես բնութեան գեղեցկութեան առադչ, անզօր բաղձանքս ընդգրկելու, իւրացնելու ինչ որ ցրիւ բուրմունք էր, երանգ, լոյս եւ երազ... Կը սիրէի ակնապիշ նայիլ երկնքին, ու ոսկեծիր ճերմակ ամպեր մեղմօրէն կը ձեւաբ՚ոխուէին: Երբեմն ամպի ծուէն մը կ՚անդչատուէր եւ կը սուրար աւելի արագ կապոյտ երկնակամարին վրայ: Այդ բոլորը շունչ եւ կեանք կ՚առնէին իմ աչքերուս տակ, իմ մանկական հասկացողութեամբ իմաստ կու տայի այդ շարժումներուն եւ ձեւաբ՚ոխութիւններուն, երբ աչքերս կը սեւեռէին արեւմուտքի բօցավառ հորիզինին եւ անոր վերեւ գծուող շէկ երիզներուն: Կը յիշեմ մայիսեան զով անձրեւը, որ կը տեղար հապճեպ մրմունդչով, պապակած բոյսերու եւ կարմիր կղմինտրներով ծածկուած տանիքներու վրայ: Դչրդոններէն անձրեւաչուրը ուղխօրէն կը հոսէր եւ թաց ու բ՚խրուն գետնին վրայ իրեն համար ճամբայ կը բանար բազմաճիւղ առուակներ կազմելով: Բաց պատուհաններէն զովացած օդի թարմ շունչը կը խուժէր ներս: Պարտէզներէն եւ այգիներէն հերկուած եւ պարարտ հողի եւ թրչուած կանաչի հոտը կը բռնէր մթնոլորտը: Եւ այգուն անձրեւներով յագեցած պարտէզները իրենց ցօղաթուրմ ծաղիկներով կը ժպտէին: Կը յիշեմ ինքզինքս մեր պարտէզի արահետներուն մէդչ, տոտիկ-տոտիկ քալելով լոյսի արատներու վրայ, որ կը դողդղային երերուն ճիւղերու թողած շուքին մէդչ: Կը յիշեմ անորոշ մտատանդչութիւնը, որ յանկարծ կը գրաւէր ինձ, երբ ուշադիր կը լսէի ծառերու սօսաւիւնը եւ առուակներու խոխոչը: Այդ պարտէզներու մէդչ արքայական ծիրանենիներ իրենց ոսկեգոյն պտուղները կարկառած են ինձ, ծաղկեալ վարդենիներ իրենց քաղցր բուրմունքներով օծած են իմ մանկութիւնս եւ վարդեր կարմիր, վարդեր ճերմակ իրենց գեղեցկութեան գերագոյն լրումին մէդչ բ՚ոխանակ թառամելու, անհամար թերթիկներով, իմ զգայուն մատներուս թեթեւ հպումով, ինկած են ոտքերուս առադչ: «Սիլիհտարի Պարտէզներ» Զապէլ Եսայեան Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Recommended Posts
Join the conversation
You can post now and register later. If you have an account, sign in now to post with your account.