Jump to content

Օրագիր


Johannes

Recommended Posts

Իսկ նրանք որ գրել են “Երերւանի Սիրուն Աղջիկ, Ունքերդ կամար”??

Արդեօք տեսէլ են նրանց կամար կոնքերը?

:oops: Did I lower my eyes from the “ունքեր”

Edited by Arpa
Link to comment
Share on other sites

  • 4 weeks later...

Սուրիանիները, մանաւանդ անոնք որ ուրֆացի պապեր ունին, եւ հայերէն կը զրուցեն, երբ հայերու հանդիպին, իրենք իրենց անվարան հայ կը սեպեն եւ այդպէս ալ կը յայտնեն:

 

Սուրիանիները ասորիներն են: Ասորիները հայ գրականութեան մէջ յիշատակուած ժողովուրդ են, Ասորիքի՝ այսինքն հին Սուրիայի բնակիչներն են: Ուրֆան աշխարհագրականօրէն Ասորիքի կը պատկանի: Հին Օսրոյենէ երկրի գլխաւոր քաղաքն է, եւ Հայոց Միջագէտքի հարաւը կը գտնուի: Հինէն խառն բնակչութիւն ունեցած է: Քրիստոսի ժամանակ յիշատակուած Աբգար թագաւորը թէ հայերու եւ թէ ասորիներու կողմէ ճանչցուած է, որպէս սեպհական ազգի թագաւոր: Իրողապէս Աբգար Արշակունի արքա էր: Սակայն անոր ազգութիւնը՝ մեկ ինք, մէկ ալ սատանան գիտէ: Սա, եթէ այդ ժամանակուայ ազգութեան գաղափարը, եւ մեր ժամանակներուն հասկցուած գաղափարը նոյնն է: Թերեւս Աբգար պահալաւերէն կը խօսէր: Բայց այն իրականութիւնը, որ Ուրֆան առաջին քրիստոնեայ պետութիւնն է եղած, կասկած չկայ:

 

Խաչակիրներու ժամանակ, քաղաքի հայ բնակիչներու տեսակարար կշիռը աւելցած է:

 

Ցեղերը, ժողովուրդները այնքան խառնուած են իրար, որ դժար է ցեղային յատկանիշներուն նայելով գիտնալ ազգութիւնը: Յաճախ սպիտակամորթ ու շիկահեր ասորիներու հանդիպած եմ:

 

***

Վերջին մի քանի Եւրատեսիլի մրցոյթներուն, Հայաստանի Հանրապետութիւնը թուրքիայէն ստացաւ ամբողջ նիշ՝ 12: Անցեալ տարի, կեղծանուն Ատրպայճան առաջին անգամ մասնակցեցաւ Եւրոպայի յետադիմող երաժշտական ճաշակի դիւախնջոյքին, եւ մեծ եղբայր թուրքիայէն ստացաւ ամբողջ նիշ: Յաջորդեց Հայաստան, թուրքիայէն ստանալով 10 նիշ:

 

Իրաքի պատերազմի ընթացքին, այդ ու այլ պատճառներով, Երկրիս հանդէպ ահաւոր ճնշում կար, «Միջազգային Ընտանիք» կոչուած վերացական անիրական հասկացութեան անունով խօսող, միջազգային պետական ահաբեկչութիւն իրականացնողներու կողմէ: Այդ ճնշման անխուսափելի հետեւանքն էր, թուրքիոյ հանդէպ բարի դրացիական ու բաց քաղաքականութեան կիրարկումը: Արդիւնքը չուշացաւ: Հիմա, որեւէ երկրէ աւելի մտերիմ ենք թուրքիոյ հետ:

 

***

Երեք թուրքեր եկան, տեղացի հայի մը հետ: Հայը՝ կարճահասակ թուխ եւ հաստաբեխ էր: Թուրքերը՝ մինչ այս, մեզի եկած թուրքերու նման թուրքեր էին: Որեւէ կասկած չունէի անոնց թրքութեան հանդէպ: Երբեմն, եկող թուրքերը, ժամանակ մը ետք, իրար հետ կը սկսին արաբերէն կամ քրդերէն խօսիլ, ինչ որ կը մատնանշէ իւրեանց «հին ազգութիւնը»:

 

Թուխ եւ հաստաբեխ հայը, կողմնակի, հայերէն ըսաւ, թէ քրիստոնէութեան դարձած նախկին հայեր են մեր յաճախորդները:

 

Առաջին անգամ թուրքիոյ արեւելեան նահանգներէն եկած հայի կը հանդիպէի:

 

Ուրֆացի ասորիներու հայերէնը հայկական դպրոց չէ տեսած, ու տակաւին իր մէջ կը պարունակէ բարբառային տարրեր: Ինչպէս համշէնցի կանայք միայն հայերէն գիտէին, այնպէս ալ ուրֆացի սուրիանի կանայք միայն հայերէն գիտէին անցեալին:

 

Հիմա ես այս երեք յաճախորդներուն կը նայիմ, ոչ մեկը նման է հայի: Մանաւանդ հայերէն խօսող հալեպցիս, տիպիկ սեմացի է: Խօսքը չերկարեմ, ետքը հասկցայ որ պապը ուրֆացի ասորի է, իսկ երեք թուրքերէն մին՝ ծագումով հայ, մնացեալ երկուքը՝ երեւի ցեղասպանութեան տարիներուն հայ կանանց հետ ամուսնացած քրդերու թոռներ կամ ծոռներ:

 

Առեւտուրի ընթացքին, կը ջանայի որսալ ինձ հետաքրքրող ցեղաբանական ու պատմական տեղեկանք: Երկու երեք անձ միաժամանակ կը խօսէին: Բարի եւ համեստ մարդիկ կերեւէին:

 

-Ասոնք Ադըյամանցի են, ժամանակին բռնի իսլամացած են, կոտորածէ փրկուելու համար, իսկ հիմա ամբողջ գերդաստանով քրիստոնեայ մկրտուեցան...

 

Վերոյիշեալ նախադասութիւնը լսելէ ետք, քիչ մը աւելի պիտի յարգէինք: Յարգեցի, ու առիթ փնտռեցի յաւելեալ հարցեր տալու համար, անուղղակի նիւթեր ստեղծելով:

 

Մենք գիտենք՝ Արփայի հետ զրուցած ենք այն մասին, թէ երբ թուրքերն առաջին անգամ եկան Հայաստան (պատմական), իրենց լեզուով տգեղ իմաստ ունեցող տեղանունները վերանուանեցին Ադըյաման անունով, որ նշանակէ «տխեղծ անուն»

 

Ըսի.-Ադըյամանը Ուրֆայի եւ Մալաթիայի միջեւ է, այնտեղ Նեմրութ լեռը կայ:

 

-Նեմրութը ճիշտ մեր քաղաքի քովն է, Նեմրութը մերն է... :Մեր քաղաքը կը կոչուի Քեախտա: Բնակիչները ջարդի տարիներուն իսլամացած հայեր են, ու թէեւ գիտեն իրենց ծագումը, սակայն, ահա ռամազանը առջեւնիս է, իսլամի պէս ծոմ պիտի բռնեն ու նամազ կատարեն:

 

Այս եւ նման նիւթերը, ինչպէս միշտ, պայթուցիքի պատրոյգի ազդեցութիւն գործեցին, ու միւս երկուքը, որք քիւրդ են ու իսլամ, խօսքին խառնուելով սկսան պատմել բաներ մը, թէ ինչպէս կին մը (իր տատը՞) Սեբաստիայէն եկած է վեց զաւակներով, ու անոնց ճանապարհին թուղուցելով ամուսնացած է տեղացի քիւրդի հետ:

 

Քրիստոնեայ մկրտուածս թէ.

 

-Պապս այնթապցի հայ եղած է, Ստեփանենցմէ (Ստիփանլարդան), նախ՝ փախած է Ուրֆա, ետքը եկած է Քեախտա, ու ամուսնացած տեղացիներու հետ: Մայրս ծագումով ասորի է: Մեր Քեախտան 110 հազար բնակիչ ունի, որոնց 70 հազարէն աւելին իսլամացած հայեր են…

 

Այն հարցիս թէ.«Ներկայ վարչակարգը լա՞ւ է քրիստոնեաներուն համար» (Հարցս արդարացուցի ըսելով, թէ այդպէս կը նկատեմ): Պատասխանեց «ո'չ»:

 

Հետագային երբ Հայաստանէն բերածս քարտէսներուն մէջ փնտռեցի Քեախտան, միայն մեկ քարտէսի մէջ գտայ զայն: 16-րդէ դարու վիճակ մը պատկերող քարտէսի մէջ, երբ Քեախտան դեռ օսմանեան երկիր չէ: Ինչպէս միշտ, հիմա ալ Աշխարհացոյցի չափանիշով նկարագրեմ տեղանքը: Փոքր Հայքի Երկրորդ Հայք գաւառին մէջ է Քեախտան, անմիջական դրացնութեամբ արեւելքէն՝ Մեծ Հայքի Աղձնիքի նահանգի Անգեղ Տունով, հարաւէն՝ Կոմմագենէով: Միացած Եփրատի աջ աւազանին մէջ կը գտնուի, ու Մալաթիայի հարաւը: Իրեն շատ մօտ է Հիսն ի Մասնուր, Կարկառ բերդերը եւ պատմական Սամոսատ քաղաքը: Այլ տեղ մը՝ «Ուրարտերէն» անուն շարանին մէջ վերլուծեցին «կար» բառը, որմէ Կարկառ՝ հայեըրէն կը նշանակէ բերդ, ամրոց, ինչպէս Արցախի Կարկառ բերդը եւ իր անունով կոչուած գետանունը: Ուղեցոյց Ջորջն ըսաւ թէ, Քեախտայի մօտ գտնուող Նարինջա աւանի լրիւ բնակիչները մահմետականացած հայեր են: Ու սկսաւ գովել Մալաթիայի Ասորի առաջնորդի քաջութիւնը, «չեթէ» մականունով «օծելով» զայն, թէ ի՜նչ համարձակութեամբ կը մտնէ վալիի (նահանգապետի) գրասենեակը, քրիստոնեայ մկրտելու արտօնութիւն ձեռքբերելու այնպիսիներու համար, որք դժուարութիւն կը գտնեն օրինական կարգով քրիստոնեայ դառնալու, այսինքն՝ ազգութեան դառնալու:

 

Արդարեւ ան, սեպհական նախաձեռնութեամբ ճանապարհորդած է թուրքիա:, ազգականներ գտնելու յոյսով, քանզի լսած է իր մեծերէն, թէ այնտեղ մնացեր են իր տոհմէն անձեր: Կապադովկիոյ մէջ տօնուող Պօղոս-Պետրոսի կրօնական փառատօնին գտած է Ուրֆացի ու Ադըյամանցի ասորիներ, անոնց հետ կապ հաստատելով գացած է անոնց բնակավայրերը, ու պրպտումներով գտած է կրօնափոխ ազգականները:

 

Այս ընթացքին, հասկցայ որ՝ եղածը հայութեան յաղթանակը չէ, բան մը որ, Ջորջը բացէ ի բաց չէր ըսած:

 

Ժամանակին, թուրքական հեռատեսլային կայանէ մը, ունկնդրեցի տեղեկագրի նման բան մը, ուր կըսուէր թէ Յունաստան պետական ծրագրով ծագումով յոյն պոնտացի մահմետականեր կը բերէ Յունաստան ու ձրի ուսում կը ջամբէ անոնց, նաեւ եթէ կուզէն՝ քրիստոնեայ կը մկրտէ անոնց:

 

Այս «Օրագիր» անուն շարանին մէջ տեսանք, թէ վրացիք ինչպէս իրենցը կը համարեն ու պիտի նորոգեն հայ քաղկեդոնիկ Աշունքի վանքը: Թերեւս, հետագային, քարոզչական աշխատանք ալ տանին, տեղացի՝ Արդուինցի մահմետական վրացիները (թերեւս ծագումով քաղկեդոնիկ Հայ) վրաց եկեղեցի դարձնելու համար:

 

 

Ասորի ժողովուրդը, Հայկական Ցեղասպանութեան տարիներուն ահաւոր վնասներ կրեց, ցեղասպանուեցաւ, սակայն, ակնյայտօրէն, պետական հրաման չկար ասորի ժողովուրդը ի սպառ վերացնելու: Այդ պատճառով, մինչեւ այսօր, Պատմական Հայաստանի հարաւը գտնուող ասորաբնակ գաւառներուն մէջ մնացին ասորական եկեղեցիներ, ու վանքեր (Մարդին, Թուր-Աբդին, Մալաթիա, Միդիատ):

 

Մինչեւ այսօր, իսլամացած հայերու մօտ առաքելական ծառայութիւն մատուցող միայն աւետարանական Հրանդ Գիւզելեանի մասին լսեցինք, որն իր կարգին Հրանդ Դինկի կնոջ՝ Ռաքելի պատկանած հայկական Վարդո ցեղի մասին լսած էր, դարձեալ ասորի քահանայէ մը, ու անոնց Պոլիս բերելով քրիստոնեայ արձանագրած էր պետութեան մօտ: Այս մասին գրեցինք այլ տեղ մը:

 

Աչքիս առջեւ այլ ձեւի ուծացում մը տեսայ. Հայ ծագումով մարդը իր կրօնին կը վերադառնար, քանզի գիտէր ծագումով հայ է, բայց քանի որ հայ եկեղեցի չկար, ու ասորի եկեղեցին է գործողը, այդ եկեղեցւոյ մէջ մկրտուած է, ու աստուած գիտէ քանի սերունդ ետք, իր ծոռները պիտի մոռնան հայկական ծագումնին,- արդէն հայերէնն ալ չեն գիտեր,- ու պիտի գոյատեւեն որպէս քրիստոնեայ ասորիներ:

 

Յիշեցի Արտակ Մովսէսեանի հաղորդումը, ուր ան կը պատմէ դէպի Նեմրութ իր կատարած պատմագիտական արշաւը, երբ իրեն մօտեցած են քրդախօս տեղացիք, յայտնելով թէ հայեր են:

 

 

Ջորջը նաեւ դերասան է, եւ իր թաւ բեխով, եւ տիպիկ մերձաւորասիական տեսքով, ուշքը գրաւած է արաբական աշխարհի տարածքին հռչակ ստացած սուրիացի բեմադրիչներուն: Իր ստացած բոլոր դերերուն մէջ ալ, գրեթէ, ստանձնած է ոսմանցի ասկեարի կերպարը: Հպարտութեամբ ցոյց տուաւ իր բջիջայինի մէջ արձանագրուած նկարները: Վերջին տասնհինգ տարիներու ընթացքին շատ էին պատմական թեմաներով շարանային շարժանկարները: Օսմանցիներու գործած վայրագութիւններիը պատկերող բազմաթիւ շարանային (serial) ֆիլմեր արտադրուեցան: Ամենազգայացունցը սուրիացի չերքեզ Նաջդատ Անզօրի բեմնադրած «Հողի եղբայրներ»ն էր, որտեղ դեր ստացած է նաեւ մեր նոր ծանօթացած Ջորջը: Երեւի ոչ այնքան կարեւոր դերեր ստացած է, քանի որ զինք չճանցայ որպէս դերասան, երբ առաջին անգամ տեսայ, այլ՝ որպէս ծանօթ դէմք միայն:

 

Կատակով ըսի.

 

-Վարպե'տ Ջորջ, երեւի շատ կը սիրես ստացածդ դերերու կերպարները...

 

 

Edited by Johannes
Link to comment
Share on other sites

Ծիծաղաշարժ եւ ծիծաղելի : Ironic.

Երբ Հալէպի Հայերը մեծավ մասամբ թուրքերէն խօսէին , Սուրիանիները իրանց Ուրհա/Եդեսիա(Edessa), Տիգրանակերտ(Diarbekir) բառբարով Հայերէն խօսէին, եւ մենք նրանց ծաղրէինք երբ Սուրիանի Արբերտը ԱՄՊը արտասաներ իբր AMP ոչ թէ ԱՄԲ/AMB, Barekam ասեր, ոչ Paregam:

Տես Պատուելի Peter Doghramji, Սուրիանի հայր, Հայ մայր եւ Հայ (կին) ամուսին (Պետիկեան) Phd Theology, այլ նաեւ հայագէտ, Հայ Աւետարանական եկեղեցվոյ հովիվ:

http://www.highbeam.com/doc/1P1-93039303.html

Edited by Arpa
Link to comment
Share on other sites

  • 3 weeks later...

Այսօր հայ ժողովուրդի ադրենալինը բարձր է, հայ-թուրք պետութիւններու մարզական ու քաղաքական հանդիպման առթիւ:

 

Կանցնի երկու-երեք տարի, ու այսպիսի հանդիպումները նոյն խանդը չեն ստեղծեր այլեւս: Այդ ժամ, արդէն սովորական կը դառնայ նմանօրինակ ձեռնարկներ, ինչպէս հիմայ սովորական դարձած է անկախ Հայաստանի անուան յիշատակումը՝ միջազգային բեմերէ:

 

Այն ինչ որ առաջին անգամ կը պատահի, կամ երկար ժամանակէ ի վեր առաջին անգամ. խանդավառութիւն, հետաքրքրութիւն կը ստեղծէ:

 

Հակաթուրք դաստիարակութիւն ստացած սփիւռքահայիս, տարօրինակ անզգայութիւն ու ազգադաւութիւն կը թուէր, կարգ մը հայաստանաբնակ հայերու գաղափարները, հայ-թուրք յարաբերութեանց վերաբերեալ: Վիճաբանութեանց երկար շարք ունիմ նման թեմաներով: Մի ոմն տիկնոջ կը հետաքրքրեր կանացի արդ ու զարդի աժան գնով ներածումը: Մի ուրիշին կը հետաքրքրեր տարածաշրջանի տնտեսական ծրագիրներուն շաղախուիլը (չեմ սիրեր օտար բառերուն «ինտեգրուել» , այդպիսիները անտարակոյս պիտի արտագրուին):

 

Նմանները, կը մտածէին թէ հայերն են մեղաւորը՝ ինչպէս հայկական ցեղասպանութեան պատահման, այնպէս ալ հայ-թուրք սահմանի փակման մէջ:

 

Քանիցս հարցուցի(նք) թէ՝ ի՞նչպէս բանալ սահմանը, երբ պայմաններ կը թելադրեն: Ի՞նչպէս բարելաւել յարաբերանքը, առանց Արցախէն հրաժարելու:

 

Ժամանակ անց, նկատեցի, որ նմանապէս մտածողները, Հայաստանի ազատական ուժերու համակիրներն են: Ազգային ուժ համարուող Հանրապետական կուսակցութեան նախագահ, նախագահութեան թեկնածու, եւ ապա հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ ի բնէ պիտի հակադրուէր. ներազգային քաղաքական մրցակից, Լեւոն Տէր Պետրոսեանին, փաստեց որ վերջինիս ուսմունքի հարազատ ներկայացուցիչն է: Ուրեմն, ինչո՞ւ են ձախն ու աջը, սոցիալիստն ու լիբերալը, շատ ձախ գացածն ու քիչ մը ներս մտած աջը, ու չեմ գիտեր ի՜նչ անուանումներ ունեցող ու քաղաքական դերասանութեամբ զբաղող տարբեր կոյսերը: Ի դէպ՝ կոյս=կողմ, կուսակցութիւն=կողմակցութիւն:

 

Ինչեւէ, ահա հաջի Գիւլն է ի Երեւան: Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Գիւլին ընդունելով, իր քաղաքական հակառակորդներուն հնչեցուցած մեղադրանքէն գոնէ մեկը պակսեցուց: Յիշեցնեմ, ինչպէս վերեւ ըսի, Քոչարեան (նախագահ)-Սարգսեան(վարչապետ) իշխանութիւնը կը մեղադրուէր հայ-թուրք յարաբերութեան վատ ըլլալու կապակցութեամբ: Շնորհակալութիւն Հայաստանի արմատական ընդդիմութեան, իշխող վարչակարգի մտածելակերպի փոփոխութեան առթիւ: Յաղթեց փերեզակային (չարչիական) մտածելակերպը՝ սկզբունքայնութեան: Առաջին չարչիութիւնը որ տեսանք՝ Մասիս սարի ուրուագծի արգելումն էր:

 

Առաջ Հայաստան, դէպի փայլուն ապագայ:

 

Պաշտելի Հայրենիք, կանցնի 5 տարի, ու վիճակագիրներդ կը հաշուեն թուրք-հայ սահմանի բացման շնորհիւ, Հայաստանի տնտեսութեան վաստկած (կամ վնասած) կոպեկ-ղուրուշները: Այսքան: Չեմ կարծեր ուրիշ բան փոխուի:

 

Հայաստանը աւելի ապահով պիտի չի դառնայ, իբր բարեկամ, թուրքիոյ դրացնութեամբ:

 

 

Link to comment
Share on other sites

Ես արդեն գրել եմ սա ստրուկային հոգեբանք երեւոյթի մասին: Սա գրել է մի Հնդիկ:

There is a concept of ‘dhimmitude:’ an extension of the Oslo syndrome where a hostage develops an unreasoning attachment to the captors, much like what happened to Patty Hearst some years ago. See Bat Ye’or’s book at www.dhimmi.org or Sohail Ahmad Banglori’s article. This afflicts some section of India’s soi-distant ‘intellectuals’. They are in thrall to the Islamic idea of superiority, and they accept Islamic prejudice that non-Muslims have no rights, and that they live at the whim and sufferance of the Muslims. Many of India’s ‘secular’ ‘progressives’ suffer from self-imposed dhimmitude.

Արցախածին Սերժը, Րոբէրտը , եւ նոյնիսկ Հալէպածին Լեւոնը, որոնք բոլորն ալթուրքի լէզուին ծանօթ են, մեծ հրճուանքով պիտի ընդունեն Գիւլին եւ նարան հետ թուրքերէն զրուցեն: Արդեոք գիւլը Հայերէն գիտէ? Ինչու չէ?

Մի բիրտ խօսք:

Էշը էշին մոտ կապիր…. Թէ բնոյթեն եւ թէ ջուրեն(կ'ազդեցի):

 

Edited by Arpa
Link to comment
Share on other sites

Թո'ղ ըլլայ խաղաղութիւն, բայց աչալուրջ հետեւինք...

 

Երեկ, ուշ ի ուշով դիտեցի, այն հեռուստային ալիքը, որք խօսք բացին թուրք նախագահի Հայաստան այցի առթիւ:

 

Մինչ այդ, Հ1 ալին չափազանց ժուժկալ էր, թուրքական այցին առնչուող տեղեկատուութեանց հաղորդումին մէջ: Կարծես կ'ամչնար եւ իր ամօթը ցուցադրել չէր ուզեր: Բայց սխալ է, կ'ուզէի Հ1-ի մեկնաբանումները դիտել, ունկնդրել: Օրինակ՝ Գիւլի էջքը Զուարթնոց եւ այլ պատկերներ ցոյց չտուաւ Հ1-ը: Սոյն պատկերները Տեսանք թուրքական ալիքէ:

 

Մարզական յայտագիրներու կիրակնօրեայ մեկնաբանները, իրենց իսկ խոստովանութեամբ, քաղաքական մեկնաբաններ դարձեր էին:

 

Պետական առաջին ալին, Գիւլի այցը բողոքող մի քանի տասնեակ հայերը «ծայրայեղ աջակողմեան» որակեց, իսկ անոնց պահանջքի՝ թուրքիոյ կողմէ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումի առթիւ, չվարանեցաւ հայոց վիշտը անարգել sözde (so called) բառը նախադրելով Հայոց Ցեղասպանութիւն բառակապակցութեան: Բողոքողներու շարքին տեսայ հալեպցի ծանօթներս: Ծայրայեղ աջակողմեան կամ ֆաշիստ ըլլալէ շատ հեռու մարդիկ են:

 

Սովորական մարդկային պահանջք մըն էր անոնց կատարածը:

 

Պետական ալին չմոռցաւ շեշտել այցի կարեւորութիւնը, եւ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութեանց բարելաւման ցանկութիւնը՝ հաւասարապէս, երկու ժողովուրդներուն կողմէ:

 

Համարեայ բոլոր մեկնաբանները, չմոռցան յիշեցնել, իրենց հանրութեան, թէ միակ անհամութիւնը որ պատահեցաւ Հայաստանի մէջ, թուրքիոյ քայլերգի ընթացքին հնչած սուլոցներն էին: Թուրքիոյ քայլերգի «հիմն» հեղինակը հայ է եղեր, ու հայեր, այսպէս վարուելով, իբր անարգած կ'ըլլան թուրք պետութեան մաս կազմած ու այդ պետութեան կազմաւորման մէջ մեծ դեր խաղցած հայերը:

 

Քննադատուեցաւ թուրք ազգային խումբի մարզիչ՝ ֆ.տ.-ի հարցազրոյցէ հեռանալը, բջիջային հեռախօսի զանգի պատճառաւ: Ան անուշ-անուշ կը խօսեր, նոյն ժամանակ պահանջեց թարգմանիչէն, որ ըսէ թէ՝ պէտք է անջատուին բջիջայինները, այլապէս՝ պիտի հեռանայ: Թարգմանիչը չթարգմանեց ֆ.տ.-ի հեռանալու սպառնալիքը: Նոյն պահին զանգ մը հնչեց, ու ֆ.տ. անմիջապէս հեռացաւ, արդարանալով՝ որ նախապէս ազդարարած էր:

 

Չեմ գիտեր, որքան ճիշտ է, սակայն ըսուեցաւ թէ, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի լոյսերու անջատումը մեծ ժեստ մը էր, թուրք պատուիրակութեան հանդէպ:

 

Եթէ ճիշտ է ըսուածը, ուրեմն այս մեր հայկական իշխանութեան ո'չ լոյս վառելուն, ո'չ ալ լոյս մարելուն պէտք է հաւատանք այլեւս, քանի որ, անկեղծութիւն չի ներշնչեր: Եթէ մենք թուրքին պիտի յարգենք, ան ալ մեզ պիտի յարգէ, ուստի, ինչո՞ւ է աւելորդ քծնանքը:

 

Show հեռ. ալիքի մարզական լուրերու յայտագրի հիւր մը, յայտնի ֆուտբոլի մարզիչ մը, խանդավառ իր հայ ազգականներով ու ամենամտերիմ ընկերոջմով, որ հայ է, հայասիրութեան հովեր փչեցուց: Անդիէն տրապիզոնցի մը (դարձեալ մարզական լուրերու մեկնաբան), ըսաւ. «Չէ եղբայր, աշխարհի բոլոր հայերը եղբայրներս չեն, այլ՝ միայն թուրքիոյ հայերը»...Չմոռնալով աւելցնել նահատակ Դինկի պարագան թէ. «Ինչո՞ւ բոլորս հայ ենք ըսուեցաւ, երբ Դինկ սպանուեցաւ, մինչ՝ «բոլորս թուրք ենք» լուզունգը չբարձրացուցինք, երբ թուրք մտաւորական մը սպանուեցաւ»:

 

Վերջինիս քովը նստող մը ըսաւ. «Ցեղասպանութեան ամբաստանութիւնը սուտ է, քանզի Իստանբուլի հայոց մազին չդպան այդ տարիներուն»:

 

Այս «հանճարեղ» միտքէն ետք, որ անգիտակից խոստովանութիւն մըն էր՝ ցեղասպանութեան ճշմարտացիութեան վերաբերեալ, մարզական լուրերու միւս մեկնաբանները, որք աւելի խելօք էին, իրար անցան, ըսելով թէ մեր սահմանը չէ «մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ չէ» (haddimiz deyil) այսպիսի նիւթեր զրուցելը: Վերջը, իրենք իրենց նուաստացուցած չըլլալու համար, սրբագրեցին իրենց խօսքը, ըսելով թէ. «մենք կարող ենք քաղաքական հարցերու մասին խօսիլ, բայց մեր գործը չէ»:

 

Ինչպէս միշտ, այս անգամ ալ չմոռցան թուրքերը «մեղքանալ» Հայաստանին, ու ըսին. «Հայաստան փոքր երկիր է, ընդամենը 1.7 միլիոն բնակչութեամբ: Հայաստանի բնակիչները թուրքիոյ հետ բարեկամանալ կ'ուզեն, միակ խանգարողները սփիւռքի ղեկավարներն են, որոնք նստած՝ Պարիզ, Մարսէլ եւ Լոս Անջելես, չեն ալ մտածեր գալ եւ հաստատուիլ Հայաստանի մէջ»: Տրապիզոնցին ուղղեց սփիւռքի ղեկավարները մեղադրողին թէ.«Չէ կ'ուգան, բայց քանի որ Հայսատանը շրջափակեալ է, առեւտուրի դուռ չունի, չեն գար, իսկ երբ որ այդ դուռը բացուի, ամենն ալ կու գան»:

 

Մեկնաբաններու մեծ մասը գոհ չէր թուրքիոյ ազգային խումբի խաղէն, պատճառաբանելով, թէ անհարմար միջավայրի մէջ էր խաղը, շրջանի առաջին խաղն էր, ու ճնշումը մեծ էր իրենց վրայ: Տրապիզոնցին պաշտպանեց հայոց ֆուտբոլի խումբը, առարկելով թէ՝ հայերուն ալ վիճակը դժուար էր, պատմութենէն եկած պոչի ցաւ ունէին, ու անպայման յաղթելու պարտադրանքին մէջն էին, ու այդ պատճառով ճնշուած հոգեվիճակով խաղցան:

 

Անդին, փտածութեամբ ամբաստանուող Ռեջեբ Տայյիբ Երդողանը, իրեն հանդէպ հնչած զրպարտանքը չքմեղելու ճառի ընթացքին, ըսաւ. «Ես կ'ուղարկեմ արտաքին գործոց նախարարս: Բոլոր խնդիրները սեղանի վրայ կը լուծուին: Մենք խնդիրներ լուծող ենք, եւ ոչ ստեղծող: Այս է տարբերանքը. մեր եւ անոնց (ընդդիմադիր թուրք կուսակցութիւններ) միջեւ: Թուրքիան՝ դադրեցուցինք երեք կողմէն ծովով, ու չորս թշնամաբար տրամադրուած դրացի երկիրներով շրջապատուած ըլլալէ, խնդիրներ լուծող ու բարեկամներով շրջապատուած երկիր դարձնելով զայն»:

 

Թուրքիոյ եւ Հայաստանի վարչակարգերը ընդհանուր հարազատութիւն մը ունին, որ է՝ սեփական ժողովուրդէն հեռու ըլլալու իրականութիւնը: Այս է երեւի զիրենք իրար մօտեցնողը: Գուցէ սխալ եմ: Աստուած տայ յաջողին ու խաղաղութիւն հաստատեն:

 

Այսպիսի վարկած մը ինկաւ միտքս: Չ'ըլլա՞յ թէ, Մոսկովի պահանջն էր այս ամենը, երբ յարգարժան նախագահը այնտեղէն բարբառեց հրաւէրն Գիւլի: Կանխատեսելով Վրաստանի հետ յարաբերութեանց ու սահմանային առեւտուրի վատացումը, ու սիրաշահելու համար թուրքիան, մոսկուացիք դրդրեցին Սարգսեանին. անյապաղ ձեռնարկելու թուրքիոյ հետ բարեկամութեան ծրագիրներ, այլապէս՝ Հայաստանի շրջափակումը քառակողմ պիտի դառնար: Միայն Վրաստանի Սեւծովեան նաւահանգիստները, -եթէ բաց մնան,- ու Մեղրի անցքը բաց պիտի մնար Հայաստանի տնտեսական զարկերակին արիւն մատակարարելու համար:

 

Այս ամենը՝ լաւ, Ծիծեռնակաբերդի լոյսի անջատումը՝ լաւ, Մասիսի ուրուագծի ջնջումը՝ լաւ, բայց, եթէ Արցախի հայացումը կասկածի տակ դրուի...շատ վատ:

 

Մինչ այդ, ո'չ մենք, ո'չ ալ աշխարհը կրնայ ջնջել պատմութեան էջերուն վրայ գրուածը, ու մեր պատմական երկիրը, ու այդ երկրի նահատակ ժողովուրդը, անջնջելիօրէն դաջուած է մեր յիշողութեան մէջ: Թո'ղ քաղաքական գործիչները խաղան իրենց խաղը, ժամանակն ալ իր խաղը:

 

Ցաւօք, իրաւունք պահանջելը բաւարար չէ: Պահանջատէրը նաեւ ուժեղ պիտի ըլլայ:

 

Մեր բոլորի փափաքն է՝ տեսնել ուժեղ Հայաստան, բայց առանց զիջելու. մարդկային, ազգային, ցեղային ու մշակութային հայկեան դիմագիծէն: Հայաստանի զօրութիւնը իր հողին մէջն է, գիւղին մէջ: Հայաստա՞ն կ'ուզէք. ապրեցուցէ'ք հայ գիւղը:

Edited by Johannes
Link to comment
Share on other sites

Վերեւ, խօսեցինք թուրք նախագահի այցի առթիւ, Հայաստանում տեղի ունեցած տարօրինակ նորութեանց վերաբերեալ: Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի լոյսի անջատում, Մասիս սարի ուրանկարի անհետացում ազգային խումբի մարզիկների տարազից: Սրանք կատարուել են, հաւանաբար, Հայաստանի կառավարութեան կարգադրութեամբ: Հապա՞ եթէ թուրքերից գար առաջարկ-հրահանգը: Պիտի տեսնե՞նք այնպիսի օրեր, ինչպէս երբեմնի հզօր Մոսկովի ժամանակները, երբ Հայաստանում մի մատ իսկ չէր թափահարւում. առանց կենտրոնից հրահանգ ստանալու: Հայաստանը ունենալո՞ւ է, ազատ իր կամքից՝ կամայ-ակամայ, նոր կենտրոն, բայց ոչ այնքան հեռւում, այլ մի քիչ արեւմուտքում:

 

 

Երեկ՝ առաւօտից երեկոյ, Հ1 հեռուստաալիքում որոնածս չտեսայ: Հայութեան, Հայաստանի, Անդրկովկասի համար յոյժ կարեւոր իրադարձութիւններ էին տեղի ունենում, իսկ Հայաստանի պետական հեռուստակայանը, որ սնւում է քաղաքացիների տուրքով, ցուցադրում էր Աւետ Բարսեղեանը, ու նրա նման՝ նոր սերնդին պատկանող մշակութային հերոսներ: Չկարողացայ հաւանել հայկական ռեպը: Էմմիի ելոյթը կապ չուներ որոնածիս հետ, ոչ էլ սովետահայ ժամանակի արտադրութիւն պատմական ֆիլմը: Ֆիլմը սկսեց երբ տնից դուրս չէի գնացել: Վերադարձայ՝ ու դեռ ցուցադրւում էր:

 

Ու այսպէս, եկայ այն համոզման, որ Հայաստանի հանրային հեռուստացոյցի տնօրինութիւնը, գերքաղաքականացած հայ քաղաքացիները հեռու պահելու համար քաղաքականութիւնից. որոշած է բթացնել նրանց՝ հեռու պահելով քաղաքական թեմաներից, ու սրսկելով դեբիլիզացուած վայմշակոյթ:

 

Բայց, ըստ իս, հիւանդութիւնից ազատելու համար, գուցէ պէտք է գնալ հիւանդութեան, ու սրսկել մանրէներ, որպէս պատուաստ, առողջ մարմնին...

 

Այսինքն, այնպէս որ ամբողջ աշխարհի հեռուստաալիքները ցոյց են տալիս քաղաքական թեմաներով հարցազրոյցներ, «կլոր սեղաններ», ճառեր, լսարաններ. այնպէս էլ, Սփիւռքի տարածքում հեռարձակւող միակ եւ պետական ալիքը պէտք է ցուցադրի քաղաքական թեմաներով նախագծեր: Պէտք ունենք լսելու. քաղաքական գործիչների պատգամները, տեսնելով նրանց դէմքի արտայայտութիւնները:

 

Երբ դեռ երեկ, դէմ առ դէմ կարողանում էին բանավիճել, այսօր չեն էլ կարողանում իրար դէմքներին նայել: Այսօր, հայ քաղաքական միտքը պէտք է բիւրեղանայ. կատարուող եւ կատարուելիք իրադարձութիւնների վերաբերեալ, մինչ տեղի ունեցածը յաւելեալ տարանջատումներ են:

 

Իւրաքանչիւրն իր էշն է քշում..

 

Հայ թուրք հաշտութիւնից առաջ, հայ-հայ հաշտութիւն է պէտք: Թուրքը հայից ներողութիւն հայցելուց առաջ, Հայաստանում ոճիր գործողները պէտք է ներողութիւն խնդրեն ժողովրդից: Այլապէս, եթէ ներազգային ճակատում համախոհութիւն չլինի, հազիւ թէ նոր արցախներ ունենանք:

 

Այսօր, քաղաքական պատգամ փոխանցող, մեկ հատ իսկ առաջնորդ չեմ տեսնում հայկական քաղաքական դաշտում: Ամեն ոք, իր պապայից ինչ որ սովորել է. ասում-ասել է: Ժողովուրդը յոգնել է կմկմացող, ակնյայտօրէն կեղծաւոր քաղաքական գործիչներից: Իսկ իրանք, քաղաքական գործիչները, հիանալի գիտակցում են, որ ճարտասան չեն, ու իրենց բանաւոր ապրանքը վաղուց փճացած ու ժամանակավրէպ է դարձել: Ու իրենք չեն կարող առանց կենտրոններից ազդանշան ստանալու մի բան որոշել, էլ ուր մնաց՝ ասեն: Անմիջական կապ է պէտք:

 

Ներազգային ճակատի քայքայման նպաստեցին բոլորը, դիմադիր, ընդդիմադիր ու անդէմ քաղաքական գործիչները հաւասարապէս: Հայաստան բերդը դրսից գրաւել չկարողացողները, սկսեցին բերդը ներսից գրաւելու աշխատանքին, ու հզօր քարոզչութեամբ, դէպքերի ընթացքից օգտուելով, կարողացան խոշոր հիասթափութիւն ու հաւատքի անկում պատճառել համայն հայութեան շարքերում:

 

Այսօր ես զարմանում եմ, երբ հայկական ֆորումներում խօսւում է համարեա ամեն ինչի մասին, սկսած կոյս լինել-չլինելուց, մինչեւ ֆուտբոլ, բայց չի խօսւում, ու առանձնակի հպարտութեամբ չի նշւում այն խոշոր, յիրաւի աննման յաղթանակը, որ տարաւ հայ ժողովուրդը Արցախում:

 

Արցախի յաղթանակը՝ տարուած հակահայ քարոզչութեամբ, արժէզրկուեց, նախ՝ արժէզրկելով արցախցին, ու յետոյ այդ յաղթանակում, իր քիչ-շատ լուման ներդրած ու այժմ քաղաքական գործիչ դարձածներին արժէզրկելով:

 

Արժէզրկուեցին ազգային գաղափարները, խորհրդանիշ-սիմվոլները, ազգային հերոսները, տասնեակ տարիներ տարուած Հայ Դատի պայքարը, մայր հողը, Հայոց բանակը:

 

Այսօր, հայկական ֆորումներում, հայոց բանակը գովերգող թեմա չէք գտնի:

 

Չգիտեմ, եթէ երբէք այս ամենը կատարւում է գիտակցուած, կազմակերպուած, ու մի կենտրոնի կողմից, բայց այն որ կատարւում է, ու շարունակաբար, ու բոլորի մասնակցութեամբ ու օգնութեամբ, կասկածից վեր է:

 

Ազրբեջան կոչուած ստանուն երկրի վարչակարգը, աւելի լաւ դաշնակից չի գտնի, քան՝ նոյնինքն, իր երբեմնի ղեկավարին, ու Արցախում այսպէս կամ այնպէս մարտնչածին, Հաագայի դատարան յանձնել ուզողներից:

 

Միթէ՞ ժողովրդավարութեան ճանապարհը Հաագայից է անցում: Տեսանք այդ ճանապարհից անցնողներին, Օսիայիում, Կոսովոյում:

 

 

Link to comment
Share on other sites

Երբ որեւէ երկրի իշխանութիւն, իր ոյժը չի ստանում հիմքից՝ ժողովրդային խաւերից, իշխանութիւնը իր ձեռքում պահելու համար, որոնում է հովանաւորներ, դաշնակիցներ:

 

Հայաստանում պէտք է իշխի հայ ժողովրդի ժողովրդավարութիւնը: Այսինքն՝ այն կարգի ժողովրդավարութիւն, որ բխում է ողջ հայ ժողովրդի շահերից, ի մասնաւորի՝ ՀՀ, Արցախի ու Ջաւախքի բնակիչների շահերից:

 

Կան յիմարներ, որոնք դեռ հաւատում են թէ՝ Արցախը Հայաստան չէ: Նրանց համար, մի ոմն Յոսիփ Ստալին կոչուածի, աշխատաւոր արեւելքով հմայուածի մոլագարութեան պահին գրիչի հպումները, աւելի սուրբ են եւ անխորտակելի, քան Հայաստան երկրի ու Հայաստան ժողովուրդի հեռակայ ու մօտակայ ռազմավարական (ստրատեգիական) շահերը:

 

Այսպիսիք, յիմարաբար հաւատում են, թէ, Հայաստանի բոլոր տնտեսական խնդիրները կլուծուեն, եթէ վերջնական խաղաղութիւն հաստատի:

 

Մի քիչ կարկինը լայն բանալով, կարելի է տեսնել, բաղդատել, աշխարհում գտնուող բազում երկրներ, ուր չկան արցախներ, բայց կայ գործազրկութիւն, ու ընկերային անարդարութիւն:

 

Զարմանում եմ, երբ պահանջւում է ժողովրդավարութիւն, գող-աւազակ-ոճրագործների դատապարտում, նոյն ժամանակ՝ ու նոյն պահաջատէրերը, սատարում են, յղփացնում, շոյում, պանծացնելով հերոսացնում են ուրիշ գող-աւազակ-ոճրագործների:

 

Մաղթեմ՝ հայ ժողովուրդը վերջնականապէս ձեռքազատուի նախապաշարումներից, քաղաքական խաղերի վարպետ դերակատարներից, ու որոնի՝ ճշմարիտ ժողովրդավարութեան, ազատութեան ու ապագայ հզօր Հայաստանի ճանապարհը:

 

 

Link to comment
Share on other sites

Եւ կարաւանը Աբու Մեհմետի (Լալայի) Աղբիւրի նման մԵղմ կարկաջելով…..

Շունը հաչէ, կարաւանը քշէ

Միայն թէ այս անգամ կողմերը շրջուած են, հաչող (անյաջող) շունը մենք ենք իսկ բիւրակնի, (բինկէօլ)աղբիւրի նման կարաւանը նրանք:

Զաւեշտը շարունակուի աւելի եւս մեծ եւ ծիծաղելի թափովմինչ մենք զուարճանանք եւ քրհչինք:

Ուր են մեր պատմագէտները?

Երբ նրանք հրաւէր կարդան պատմագէտներուն, անշուշտ արտենգիտեն արդիէնքը:

Վերջինիս քովը նստող մը ըսաւ. «Ցեղասպանութեան ամբաստանութիւնը սուտ է, քանզի Իստանբուլի հայոց մազին չդպան այդ տարիներուն»:

Ստամբուլում Հայոց մազին չի դպան?

Նայիր սա անկատար ցանկին, մեր ազգի ընտրանի գլուխները որոնք բոլորն ալ, եւ այլ հարիւրներ Պոլիսում ձերփակալուեցան եւ փճացուեցան:

Պատւոյ Ցանկ Honor Roll

Մեզմէ քանին, մեր պատմագէտներէն քանին գիտէն այդ բոլոր, աւելի քան 400 նահատակ ազգային չոչերի անոէննէերը?

http://hyeforum.com/index.php?showtopic=11693

ՈՒՐ ԵՆ ՄԵՐ ՊԱՏՄԱԳԷՏՆԵԵՐԸ???

Միթէ նրանք գիտեն որ մենք միջազգային առումով պատմագէտներ չունենք եւ մեր պատումքը հիմնուած է մեր պապերի ըսի ըսաւների վերայ??

Այսօր, քաղաքական պատգամ փոխանցող, մեկ հատ իսկ առաջնորդ չեմ տեսնում հայկական քաղաքական դաշտում: Ամեն ոք, իր պապայից ինչ որ սովորել է. ասում-ասել է: Ժողովուրդը յոգնել է կմկմացող, ակնյայտօրէն կեղծաւոր քաղաքական գործիչներից: Իսկ իրանք, քաղաքական գործիչները, հիանալի գիտակցում են, որ ճարտասան չեն, ու իրենց բանաւոր ապրանքը վաղուց փճացած ու ժամանակավրէպ է դարձել: Ու իրենք չեն կարող առանց կենտրոններից ազդանշան ստանալու մի բան որոշել, էլ ուր մնաց՝ ասեն: Անմիջական կապ է պէտք:

Յաւելուած:

Տեսնենք որտեղ է ճշմարիտը:

Ով է ստախոսը?

Ինչպէս Եղեռնի օրերին , երբ մեր անհաւաստի աղբիւրները պնդէին թէ Փոքր Ասիոյ Հայ բնակչութիւնը աւելի քան 2 միլիոն էր, մինչ այլք պնդեն թէ այդ 1 միլիոնից պակաս էր: Որ մէկին հաւատալ? Նմանապէս, այսօր Հայաստանի պաշտոնական թիւը, սառեցուած Սովետական օրերի 3.2 միլիոնի վերայ, այսինքն ոչ մի հոգի աւելուած կամ նուազած??? Ուր են նորածիննեէը, վախճանեալները, չխօսինք արտագաղթները!!! Միթէ Արցախցիները Նորք են գաղթում թէ Նիւ Եորք? Միթէ Նորքեցիները Բերձոր(Լաչին)են գաղթում թէԲերլին?

Ինչպէս միշտ, այս անգամ ալ չմոռցան թուրքերը «մեղքանալ» Հայաստանին, ու ըսին. «Հայաստան փոքր երկիր է, ընդամենը 1.7 միլիոն բնակչութեամբ: Հայաստանի բնակիչները թուրքիոյ հետ բարեկամանալ կ'ուզեն, միակ խանգարողները սփիւռքի ղեկավարներն են, որոնք նստած՝ Պարիզ, Մարսէլ եւ Լոս Անջելես, չեն ալ մտածեր գալ եւ հաստատուիլ Հայաստանի մէջ»: Տրապիզոնցին ուղղեց սփիւռքի ղեկավարները մեղադրողին թէ.«Չէ կ'ուգան, բայց քանի որ Հայսատանը շրջափակեալ է, առեւտուրի դուռ չունի, չեն գար, իսկ երբ որ այդ դուռը բացուի, ամենն ալ կու գան»:
Edited by Arpa
Link to comment
Share on other sites

Չեմ հասկանում մի շարք հայերի կեցուածքը, ՀՅԴ-ի կազմակերպած բողոքի առթիւ: Ըստ երեւոյթին, նմանների համար, Հայաստանի կառավարութեան դէմ կարելի է բողոք կազմակերպել (արդարացի), բայց չի կարելի բողոք ցոյց կազմակերպել Հայոց Ցեղասպանութիւնը կազմակերպած երկրի ժառանգորդ երկրի նախագահի դէմ, որ դեռ եւս չի ճանաչել Հայ ժողովուրդը հայրենազուրկ ու կենազուրկ դարձնող ահաւոր այդ եղեռնը, ու պաշտօնապէս ու գործնականապէս շարունակում է իր հակահայկական քաղաքականութիւնը՝ Արցախի ճանաչման եւ հայ մշակութային ժառանգութեան պահպանման առնչութեամբ մի կողմից, եւ՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը շրջափակելու առնչութեամբ միւս կողմից:

 

ՀՅԴ-ի բողոքը սահմանի բացման, ու հայ-թուրք յարաբերութեան կարգաւորման դէմ չէ, ընդհակառակը՝ այդ կարգաւորումը առողջ եւ ամուր հիմի վրայ կը դրուի, երբ թուրքիան յարգի հայ ժողովուրդի վէրքը, հասկանայ նրա պահանջքը, ու եթէ իր մէջ բաւարար ուժ գտնի, որոշ չափով հատուցելու համար:

 

Գիւլի դէմ պարզուած պաստառներում, Մեծ Եղեռնի ճանաչման պահանջք կար: Ի՞նչն է անհանգստացնում հայ «ազատական-դեմոկրատներին» չեմ հասկանում:

 

Արդեօ՞ք «բան չկայ», «խնդիր չկայ»-ի պէս, պիտի ընկալուէր թուրք նախագահի այցը: Եթէ Գիւլը եւ իր համախոհները, թուրքիայում, իսկապէս մտադիր են բարելաւել Հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի հետ կապերը, ապա պէտք է օգնենք նրանց, քաղաքակիրթ ձեւով հասկացնելով նրանց. Հայ ժողովուրդի պահանջքը:

 

Եթէ հայ ժողովուրդը, իր ազնիւ զաւակներով, բողոք ու պահանջք չարտայայտի, այն պահին թուրքն ինք կը հաւատայ որ իսկապէս խնդիր չկայ, տալիք չունի:

 

Հաւատում եմ, որ թուրքիայում, հայերի հանդէպ մտածելակերպի հսկայ փոփոխութիւն է տեղի ունենում: Դրան նպաստեցին հայ ժողովրդեան տարիներ տեւող պայքարը՝ ներսում թէ դրսում: Օրին մեծ ցնցնում առաջացրած Հրանդ Դինկի գաղափարները դաւանում են այժմ թուրք մտաւորականների ստուած մի զանգուած:

 

Հայաստանի կառավարութեան ու Ռուսաստանի պետութեան առաջ, ստրուկային «ոչխարային» պահուածքն ընդունելը մերժող հայ «ազատական դեմոկրատները», պիտի մերժեն նոյն ստրուկի պահուածքը ընդունել. նոր-նոր «բարեկամացող» թուրք պետութեան ու նրա նախագահի առջեւ:

 

 

Link to comment
Share on other sites

Եթէ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու կառավարութիւնը, իր աշխարհագրական դիրքի գերին է, ու պիտի չի կարենայ կարգին պաշտպանել Հայ Դատը, ի մասնաւորի՝ կազմուելիք պատմաբաններու յանձնաժողովին մէջ, ու եթէ այդ եւ նման յանձնաժողովները. հայկական իրաւունքի գերեզման պիտի ըլլան, ապա աւելի լաւ է Հայ Դատի հետապնդումը վստահուի վտարանդի աշխարհասփիւռ հայութեան, որպէս նախկին օսմանեան պետութեան ոչնչացուած քաղաքացիներու փրկուած մասի անիրաւուած եւ ուղղակի ժառանգորդ:

 

Այլապէս, անգամ մը որ հրաժարեցանք, այլեւս ո'չ մենք, ո'չ ալ որեւէ այլազգի մարդ կրնայ հաւատալ մեր հաստատակամութեան, հետեւողականութեան ու իրաւացիութեան, եթէ երկար դադարէ ետք վերադառնանք Հայ Դատի հետապնդումին, ու երբ վերջ գտնէ դեռ եւս չսկսած հայ-թուրք մեղրալուսինը: Կրնայ ըլլալ, օր գայ, եւ վաղուայ թուրքիան, եւ անոր վարչակարգը նոյնը չըլլան, կամ ալ առնելիքնին Հայաստանէն առած ըլլան, ու վերադառնան հայահալած քաղաքականութեան:

 

Հիմայ, որ չմեղադրուինք օտար տէրութիւններուն ապաւինելու «նամարդութեամբ», դիմենք ուղղակի թուրքիոյ դեսպանութիւններուն, եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն, որոնց անդամակցած է թուրքիան:

 

Եթէ անկեղծ են իրենց խաղաղասիրութեան մէջ, ապա՝ կը ցաւակցին վտարանդի հայութեան, ու կը հատուցեն:

 

 

Link to comment
Share on other sites

Հայկական քաղաքական զրոյցներում, Հայաստանի արմատական ընդդիմութեան համակիրները, յօժարութեամբ են խօսում, թուրքիոյ նախագահի այցի առթիւ, չմոռանալով զարմանալ, իշխանութեան քաղաքական հայեացքի շրջադարձի վրայ: Թուրքիիոյ հետ բարի դրացիական այարաբերութեան գաղափարը եւ իրագործում սեփականաշնորհուած էին համարում: Այս ընթացքում, կրակ ու բոց են թափում, ՀՅԴ-ի դէմ, կազմակերպած բողոք ցոյցի կապակցութեամբ: Ու թէեւ վերջինիս բողոք ցոյցը, այնքան էլ մարդաշատ ու զգայացունց չէր, այդուհանդերձ ոմանց աչքին փուշ է դարձել:

 

Զարմանալի է, երբ Գիւլի այցը դիտարկւում է լոկ առեւտրի հաւանական զարգացման բովանդակում: Չի խօսւում, Արցախի խնդրում տեղի ունենալիք բացասական կամ դրական շարժերի կապակցութեամբ: Գաղտնիք չէ, որ ոմանց համար եւ բացայայտօրէն քանիցս յայտարարուած, թէ՝ Արցախի հայկական վերահսկողութիւնը գլխացաւանք է Հայաստանի համար: Է՜հ ինչ ասենք, խօսքի ազատութեան դարում ենք ապրում:

 

Այնքան թմբկահարուած ու զանգահարուած Գիւլի Հայաստան այցին յաջորդեց, կեղծանուն Ադրբէջան կատարած այցը: Այնտեղ, Գիւլն Ալիեւ կրտսեր եղբօր հանգստացուց հետեւեալ վերահաստատուած խօսքով. «Թուրքիան ճանաչում է Ադրբէջանի հողային ամբողջականութիւնը: Արցախի խնդրի խաղաղ լուծման համար, հայկական ուժերը պէտք է հեռանան Ադրբէջանի գրաւեալ տարածքներէն»:

 

Բոլորս գիտենք, որ Ադրբէջանի մէջ երբ խօսուի գրաւեալ տարածքի մասին, հասկացւում է նախկին ԼՂԻՄ-ի տարածքը եւ յարակից շրջապատը:

 

Իրողապէս, Մինսկի խումբի համանախագահ Ռուսիան էլ ճանաչում է կեղծանուն Ադրբէջանի հողային ամբողջականութիւնը, ու ըստ վերջին լրատւութեան, Գիւլի Հայաստան այցի ընթացքում, թուրքական կողմը հայկական կողմին առաջարկել է միջնորդել կեղծանուն Ադրբէջանի հետ Հայաստանի բանակցութիւնում:

 

Հոյակապ: Այրդեօ՞ք մերոնք գիտեն ինչ են անում:

 

Հայաստան ընդունած է թուրքիոյ առաջարկը: Թուրքիան եւ Ռուսիան միասնաբար միջնորդելու են Հայաստանի եւ Ադրբէջանի միջեւ: Անհեթեթութեան եւ դառը երգիծանքի ծայրագոյն դրսեւորումն է սա:

 

Նկատելի է՝ թուրքիոյ ձգտումը, խաղաղարար դիմագիծով պետութիւն լինելու առնչութեամբ: Արաբ-իսրաէլեան խաղաղարար միջնորդութիւնից, մինչեւ Իրանի միջուկային թղթածրարի տագնապը, ու ահա՛՝ Անդրկովկասում, հարաւօսական պատերազմի նման մի խելառութիւն բացառելու համար ստեղծուելիք Կովկասեան ուխտը: Չի գիտեմ, եթէ երբէք թուրքիոյ ղեկավարները վերացապաշտ են, ուտոպիստ, կամ ձեւամոլ, բայց որ՝ միջնորդի առաքելութիւն չի սազում թուրքիային, երկմտելու չէ, մանաւանդ Հայաստանի պարագայում, ուր Թուրքիան, բացայայտ եւ տեւողապէս կողմ է խնդրում: Նախ ինք չմաքրուած, ու իր անաչառութիւնն ու անկողմնակալութիւնն չապացուցած, ինչի՞ է «սոթթում թեւերը», ու խաղարար միջնորդ դեր վերապահում իրեն:

 

Հայաստանի դիւանագիտութեան դիրքը իր ֆուտբոլի նման խղճալի է:

 

Երեկ տրամադիր չէի թուրքական հեռ. ալի դիտելու: Պատահաբար, «Ուլուսալ» անուն կայանից լսեցի «Արտաքին գործոց քննչարան» անուն նախագծի զրուցավարի մէջբերումը, իբր հայ լրագրողներից. «Հայ լրագրող մեր բարեկամները ասում են, «դուք ցեղասպանութեան ենթարկեցիք մեզ ֆուտբոլում»»: Եթէ իսկապէս այսպէս են ասել հայ լրագրողները, ուրեմն Հայկական Ցեղասպանութիւնը կատակի ու ծաղրի առարկայ թեմա է հայ լրագրողների մօտ, իսկ եթէ զրպարտանք է վերոյիշեալ խօսքը, ապա նոյնպէս՝ կատակի ու կծու հեգնանքի առարկայ է հայոց Ցեղասպանութեան թեման թուրք լրագրողի մօտ:

 

Իրկու երեք բրդուճ խօսք էլ լսեցի հանգստեան կոչուած մի թուրք սպայից: Դարձեալ Ցեղասպանութեան թեման էր, ու թուրք սպան ասում էր, թէ հայերը ամբողջ տասնամեակներ փաստեր են հաւաքել, ամփոփել, արխիւագրել, իսկ թուրքերը նոյն գործը չեն կատարել: Եւ որպէս օրինակ, մէջբերեց Երեւանի պարագան, ուր մինչեւ 1978 տարեթիւ, բնակչութեան 77 տոկոսը միայն հայ էր, մնացեալը թուրք, իսկ շրջակայքում կային բազում թուրքական գիւղեր, ասաց նա:

 

Ինքնաբերաբար հայի մտքին գալիս են, Բագուի եւ ողջ կեղծանուն Ատրպայջանի տարածքում ապրող հայերի թուաքանակը, կալուածքը, ունեցուածքը, որոնք լքուեցին թուրքին, խուճապահար փախչող հայերի կողմից:

 

«Հայաստան թուրքիային ելեկտրաեներգիա պիտի վաճառի», ասել է ուժանիւթի հայ նախարարը: Թո'ղ վաճառի: Մեր բոլորի փափաքն է Հայաստանի բարգաւաճումը, որը չի կարող գոյանալ առանց անվտանգութեան, ու Արցախի հետ միատեղ Հայաստանի հողային ամբողջականութեան: Արցախը Հայաստանի համար ուժեղ պատուար է: Ուժեղներն են հարստանում եւ/կամ հարուստներն են ուժեղանում:

 

 

Link to comment
Share on other sites

Այսօր Սեպտեմբեր 11-ի ահաբեկչութեան տարելիցն է: Խօսքին բացը, պիտի չի յիշէի ալ, սակայն ամերիկեան ձայնասփիւռ կունկնդրէի՝ յիշեցի: Ամերիկեան ձայնասփիւռը արաբերէն երգեր կը սփռէ: Տասնեակ տարիներէ ի վեր, գաղութարար ծագումով Բրիտանիա, իր BBC-ով արաբերէն կը սփռէ: Անոր յաջորդեց, Ամերիկան ու Սովետ Միութիւնը:

 

Ի՞նչ փոխուեցաւ Նիւ Յորկեան ահաբեկչութեան օրէն մինչ այսօր: Ո՞վ եղաւ շահաւորը:

 

Աշխարհի տարածքին խաղաղութիւն կրնան հաստատել միայն ուժեղ պետութիւնները, ի մասնաւորի Գերպետութիւնները: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, աշխարհի տարածքին խաղաղութիւն հաստատելու համար ունէր ոսկեայ բացառիկ առիթ մը, ամբողջ տասնամեակ մը, երբ միանձնեայ կիշխէր գրեթէ աշխահին: Արդարութիւն հաստատելով, ու իր նախկին պաղպատերազմեան ճատրակի խաղէն հրաժարելով, պիտի կարգաւորեր փոքր պետութիւններու միջեւ եղած խնդիրները:

 

Ռուսաստանը ծունկի եկած էր, ու բռնած՝ Ամերիկեան ոճի ժողովրդավարութեան ու արժէքներու ճամբան: Ռուսաստանը, եւ մեք բոլորս, պահ մը հաւատացինք, որ վերջապէս կանգ առած է այլեւս զինարշաւը, ու նախկին Վարշաւայի Ուխտի անդամ երկիրներուն մէջ յաղթանակած ամերիկեան ժողովրդավարութիւնը, մեզ բոլորիս պիտի բերէ խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում, ինչո՞ւ չէ նաեւ՝ ազգերու ինքնորոշման իրագործում:

 

Այս չէ՞ր, ամբողջ տասնամեակներ շարունակ, Ամերիկայի Ձայնի, ու Ազատութիւն ռադիոկայանի քարոզչանքը, մեզի, հետամնաց երրորդ աշխարհի երկիրներու քաղաքացիներուս:

 

Բայց մենք տեսանք, որ ինքնորոշման իրաւունքը գործադրելի է Կոսովոյի մէջ, բայց ո'չ այլ տեղ: Մենք տեսանք նոր զինարշաւ եւ նոր դիրքերու գրաւում՝ Արաբական Ծոցէն մինչեւ Լեհաստան (Վարշաւա), ու մինչեւ Կեդրոնական Ասիա:

 

Զգացինք, որ Ամերիկեան ժողովրդավարութիւն մեզ կը խաբէ: Խաբած էր: Ու մինչեւ հոս տանելի է լկտիութիւնը. Սպիտակ Տան երկերեսանի գործիչներուն: Եւ երբ անոնցն ձեռքը հասաւ մինչեւ այնտեղ, ո'ւր արջի բունն է, ու ներսը թմրեցուած գազանը...Չափը անցաւ:

 

Գազանը արթնցաւ, ու քալեց, ընթացքին տրորելով թաթատակի ցախի շիւղերը: Արջը գոռաց, ու կանչեց. «Սա իմ տարածքն է, ես եմ այս աղբանոցի խորոզը, ու միայն ես պիտի կանչեմ այստեղ»:

 

Աւելի լաւ չէ՞ր, եթէ այդ քնացած արջը մնար իր ձմեռնային քունին մէջ, ու ոտքի ելլելով չփակէր Հայաստանի ճանապարհները:

 

Կը դիտեմ՝ ամերիկեան ժողովուրդին պարտադրուած. երկու նախագահական թեկնածուներու ժողովրդավարական բեմադրումները՝ շքեղ սրահներու մէջ, որ կը յիշեցնեն երբեմնի հռովմէական արենաները «հրապարակները»: Ի՜նչ լոյսի շողեր, ի՜նչ մարգարտանման ժպտացող ատամնաշարեր, ու գոհունակ դէմքեր: Գոհ են ամենը, աշխարհին Ամերիկայի շնորհած ժողովրդավարութեան եւ իրագործուած մարդկային իրաւունքի առթիւ: Հանգած են տագնապները, լուծուած են կեսնոլորտի խնդիրները, իրականացած է բարգաւաճում:

 

 

Link to comment
Share on other sites

Վերեւ, վկայեցի Հայաստանի ուժանիւթի նախարարի տեղեկանքը, թուրքիոյ ելեկտրա վաճառելու կապակցութեամբ:

 

Թուրքիան, իր փոքր գրպանի քառորդ պարունակութեամբ, կրնայ «գնել» ողջ Հայաստանը:

 

Մենք գիտենք, ականատես եղանք անցնող տասնամեակներու ընթացքին, թէ ի՜նչ շանթաժներու սեղմումներու ենթարկեց թուրքիան, այն երկիրները, որոնք ընդունեցին, կամ ընդունելու ընթացքին մէջն էին. Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:

 

Վաղը, եթէ բազմանայ թուրքիոյ ներդրումը Հայաստան տնտեսութեան մէջ, շատ դիւրաւ կրնայ ճնշել Հայաստանի կառավարութեան վրայ, ամենապարզ խնդրէն՝ ամենախրթին խնդիրի կայացման մէջ: Կրնայ փակել տալ կուսակցութիւններ, արգիլել՝ գիտական հետազոտութիւններ, խափանել՝ հրատարակութիւններ: Կեանքը ցոյց տուաւ. հայրենի գործիչներու կոռումպացուածութիւնը: Դեռ ծովը չտեսած մերկացան. ջնջելով Մասիսի պատկերը հայ մարզիկի տարազէն:

 

Կանխակալ չմեղադրեմ: Սպասենք. կը տեսնենք: Մինչ այդ արեւմտեան մեր «սիրասուն» դրացիները թո'ղ դիտեն կիրակնօրեայ «Զինուժ» նախագծի արցախեան ազատամարտի կադրերը, գուցէ ծանօթ դէմքեր տեսնեն...Այնտեղ կարմիրով գծուած է...

 

Արցախ ունես, էլ ի՞նչ ես ուզում հա'յ պատանի...

 

 

Link to comment
Share on other sites

Երեկ, դարձեալ ունկնդրեցի թուրք լրագրողներու քաղաքական մեկնաբանումները: Իրողապէս, աշխարհաքաղաքական զարգացումներու՝ յատկապէս նորագոյն Ռուս-Ամերիկեան մրցակցումի վերաբերեալ շատ ժողովուրդներ, ի թիւս՝ հայեր եւ թուրքեր, համակարծիք են: Օրինակ՝ հայեր եւ թուրքեր (մեծամասնը), համակարծիք են՝ տարածքին մէջ նոր պատերազմներ չպայթելու կապակցութեամբ: Թուրքեր մտավախ են՝ ամերիկեան «ժողովրդավարութեան» արտածումէն, Ուկրաինա, Վրաստան եւ այլուր:

 

Հայաստանի կողմէ թուրքիոյ ելեկտրաուժ վաճառելու առնչութեամբ.

 

Հայկական ընկերութիւնը կը պատկանի ռուսական ընկերութեան մը, որ թուրքիոյ մէջ ներկայացուած է ինչ-որ ընկերութեամբ մը: Գիւլի Երեւան այցէն առաջ իսկ, վերոյիշեալ ռուս-թուրքական ընկերութիւնը, յայտ ներկայացուցած է թուրք ուժանիւթի նախարարութեան, հայկական ելեկտրաուժը թուրքիոյ վաճառելու կապակցութեամբ: Երեւանի մէջ, ստորագրուած է համաձայնագիրը:

 

Հասուն լրագրողը երիտասարդ լրագրողին.

 

  • Ձեր կարծիքով, հայ-թուրք սահմանի բացում պիտի իրականանա՞յ
-Ինչպէս գիտենք, թուրքիան 4 նախապայման որոշած է սահմանը բանալու համար: Կողմերէն մեկը ետքայլ պէտք է ընէ: Կիպրոսի մէջ 13 քայլ ետեւ ըրինք, ու ահա հիւսիսի թուրքերն ու հարաւի յոյները համաձայնելու վրայ են:

 

Այստեղ, թէ ո'վ ետքայլ պիտի ընէ, թուրք լրագրողը չ'ըսաւ: Սակայն, կարծեմ, թուրքիային մատնանշեց, քանզի բոլորն ալ գիտեն, թուրքիոյ նախապայմանները, ի մասնաւորի՝ Արցախի խնդրին մէջ 100% կեղծանուն երկրի՝ Ատրպայճանական դիրքորոշում ունենալը, չափազանցուած ու անընդունելի է հայկական կողմին համար:

 

 

Link to comment
Share on other sites

Վերջերս բազմացել են, դէպ ի Արեւմտեան Հայաստան, Կիլիկիա ու յարակից նախկին հայաբնակ տարածք կատարուած սփիւռքահայերի ուղեւորումները: Մերոնք, թուրքիոյ արեւելեան նահանգները, երբեմն անուանում են Արեւմտեան Հայաստան: Սոյն գրութեանս պատճառը, հայկական մի պարբերաթերթում ընթերցածս յօդուածի առթիւ է:

 

Յօդուածագիրը՝ նշանաւոր գրականագէտ, յօդուածագիր, բժիշկ, Հայաստանի գրողներու Միութեան անդամ, բազմաթիւ գրքերի մեկենաս. հրատարակիչ ու ցրուիչ, հօրս սերնդակից ու բարեկամ, յարգելի Թորոս Թորանեանն է:

 

Զարմանալի աւիւն, հայրենապաշտում, ազգի մշակոյթի լեզուի ու գիրի հանդէպ նուիրում ունի. հին հալեպահայ սերունդի գրասէր տիպարի այս վերջին մոհիկանը: Երկար եւ առողջ կեանք քեզ դոկտոր:

 

Այս եւ նման ուղեւորային յուշեր շատ կարդացել եմ: Փորձեմ բաղդատել՝ Արեւելեան հայաբնակ Հայաստան (Հայաստանի Հանրապետութիւն) եւ Արեւմտեան այլազգաբնակ Հայաստան (թուրքիա), կատարուած ուղեւորութեանց յուշագրումների զգացական, մարդկային ու ազգային իրավիճակների բացայայտումները:

 

Նախ՝ մոռացել ենք Երկրի տեղանունները, ու մեղանչելով՝ յաճախ Արեւմտեան Հայաստանի աշխարհագրական տեղանքը տեսնում ենք Անատոլիայի տարածքում: Ու դեռ՝ անվարան արտասանում եւ գրում ենք թուրքական ձեւով՝ Անատոլու: Թուրքերէն անադոլու. նշանակում է մայրաշատ, բառացի՝ լիքը մայր: Մինչ Անատոլիան արեւելքում, վերջանում է այնտեղ, ուր սկսում է Հայկական Բարձավանդակը, որն առանձին աշխարհագրական միաւոր է, ու դեռ հնուց հանրաճանաչ բոլորի կողմից: Պատմական հայրենիք գնացողը,-որն ընդհանրապէս անտեղեակ է. բնիկ հայրենիքի աշխարհագրական տեղանուններից,- հարցնում այժմու բնակիչին . «Այս ի՞նչ գետ է», ու ստանում պատասխանը՝ «Բու Մուրադ սու-սա Մուրադ ջուրն է», ու ուխտաւոր հայը, վերադարնալուց ետք, իր յուշագրում գրում է գետի անունը «Մուրադ սու», ոչ աւել ոչ պակաս: Հայոց մկրտարան Արածանին (Արեւելեան Եփրատ) տեղ չունի այլեւս հայկական ենթագիտակցութեան մէջ: Հաղորդւում ենք պատմական հայրենիքին, այնպէս որ մեզ ներկայացւում է այնտեղ, կիսագրագէտ թուրք-քուրդ գեղականցոց կողմից: Դէպի Երկիր ուխտարշաւ կազմակերպող մեր մշակութային հայրենակցական միութիւնները. չունեն այլեւս հայրենաճանաչ անդամներ: Գրասէր չենք, տեսասէր ենք ու սպառող, ու պատրաստ ընկալելու ուրիշի եփածը:

 

Բաղդատեմ.-

 

1.-Արեւմտեան Հայաստան Կիլիկիա եւ յարակից տարածք (իրողապէս՝ թուրքիա)

 

-Չես կարող հարցնել, թէ ո՛րտեղ են վաճառւում հայկական գրքեր:

 

-Չես կարող գնալ թանգարան ու դիտել մշակութային գանձեր, մակագրուած հայկական պատմական ժամանակաշրջանների ճշգրիտ անուանումներով:

 

-Չես կարող ասել .«Բարեւ ձեզ» ու ստանալ նմանօրինակ պատասխան:

 

-Չես կարող զգալ՝ յաղթած հայ, կզգաս նուաստացած, պարտուած ու մեռած այս հողի վրայ:

 

-Կնշմարես հայկական հետքեր, բայց սրանք հայկական դիակի մնացուկ են, որմով սնւում է պատմական հայրենիքիդ այժմու բնակիչը:

 

-Հայրենիքի կարօտից ա՜խ կքաշես, վախ կասես, բայց երկրի տէրը լինելու զգացումը չես կարող ունեալ: Դու զբօսաշրջիկ ես, ու յարգուած՝ այնքան ժամանակ որ զբօսաշրջիկ ես:

 

-Չես կարող մտքիդ ծայրից էլ անցնել, պատմական Հայրենիքում հող-տուն առնելու մասին, քանզի յիշողութեանդ ծալքերում արձանագրուել է. փողոցում թուրքից ծեծ ուտող ու լալով տուն վազող գեավուրի զաւակի պատկերը:

 

-Չես կարող խնամիանալ Արեւմտեան Հայաստանի այժմու բնակիչի հետ:

 

2.-Արեւելեան Հայաստան (Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Արցախ)

 

Վերոյիշեալ իրադրութեան հակապատկերը...

 

 

Link to comment
Share on other sites

«Մեր էշը իր ճամբան ճիշդ կերթայ, բայց ուրիշին փիճը չի թողուր..»

 

ժողովրդական առակ

Առակներ, ասացուածք, առածներ՝ ժողովրդային բազմադարեայ կեանքի փորձով իմաստնացած: Այժմ եկած են նոր-եփուկ նոր-ելուկ հայեր, ու հայ-թուրք բազմադարեայ յարաբերութեանց կեանքի փորձը գաւաթ մը ջուրին մէջ հալեցնելով կը խմեն:

 

Շա՜տ դիւրին է ըսել .«Մեր պապերը սխալ ըրին, պէտք էր այսպէս (?) վարուէին»

 

Պատանի ուղեղի ընդվզում է այս, որ բոլորս ալ ունեցած ենք: Թուրքը միշտ դաժան եղած է, ու պետականազուրկ հայը, ի'նչ որ կատարած է, սեփական որոշումով կատարած է:

 

«Անցուկը մոռցուկ է, մեր ներկան անցեալով չբեռնաւորենք» ըսող ալ կայ: Շատ լաւ, բայց անցեալի փորձառութիւնը ինչո՞ւ սրբենք մեր յիշողութենէն: Չէ՞ որ փորձառութեամբ կառք կը վարենք, ճաշ կեփենք, արհեստնիս կը կիրարկենք... եւայլն:

 

Հիմա «էշը» ճամբէն շեղած է: Ամէն ինչին հաշուարկը սկիզբէն պիտի սկսկի: Ամեն ինչ պիտի փոխուի:

 

Հայաստան ունի՞ այնքան ուժեղ պետականութիւն, որ չցնցնուի թուրքիոյ կիրարկելիք հաւանական ազդեցութենէն: Երանի ունենար, յուսամ ունի, որպէսզի չցնցուի սահմանի բացումէն: Բոլորս կուզենք հայրենի ժողովուրդի բարգաւաճումը: Հայրենի մեր ժողովուրդի մեծամասնը, շատ ճշտօրէն կամ քիչ ճշտօրէն, իր բարգաւաճումը կապած է հայ-թուրք (նաեւ ազերաթուրք) յարաբերութեանց բարելաւումէն:

 

Հայրենաբնակ մեր ժողովուրդը չի յիշեր՝ ընդամէնը երկուք ու կէս տարի տեւած Հայաստանի առաջին անկախութեան տարիները, ու Հայաստանի լաւ իրավիճակը, ըստ իրեն, Սովետ Միութեան կազմի մէջ իր ապրած լաւ օրերն են, ի մասնաւորի 70-ականները:

 

Հայրենաբնակ մեր ժողովուրդը այդ օրերը կը փնտրէ...Սակայն չկայ Սովետ Միութիւնը, չկայ անծայրածիր ու միաձոյլ տնտեսութեամբ ապրող այդ հսկայ ու փառահեղ կայսրութիւնը:

 

Ներկան է Անկախ Հայաստանի իրական պատկերը:

 

 

Link to comment
Share on other sites

Ռուս Ամերիկեան մուկ ու կատուի խաղը տաքցաւ: Հիմայ պայքարը գաղափարական չէ, այլ՝ աշխարհին միաբեւեռ իշխելու նկրտում ունեցողի դէմ նոր ձեւաւորուող ընդդիմութիւն: Կարծեմ 1925-ին, Սեւ Ծովի վրայ նաւարկութեան պայմանագիր ստորագրուած է, որ կը կոչուի Մոնթրոյի պայմանագիր: Այս պայմանագրի հիմամբ, Ռուսիան, Վրաստանին չեմ-գիտեր-ի'նչ օգնութիւն բերող ռազմանաւերէն պահանջեց հեռանալ Սեւ Ծովի ջուրէն: 4 Ռազմանաւ հեռացաւ ի Մարմարա: Ըստ նոյն պայմանագրին, 4 օր ետք, նոյն ռազմանաւերը կրնան ետ վերադառնալ, սակա'յն միայն 21 օր իրաւունք ունին մնալու... եւ այսպէս շարունակ:

 

Այսօրուայ լուրը. ռուսական ռմբակոծիչ օդանաւեր հասած են Հուգո-Չաւեզիստան: Ըստ լրաբերի, սաւառնումի ողջ ընթացքին, ռուսական օդանաւերուն ընկերակցած են նատոյի օդանաւերը: 21-րդ դարու ամենահռչակաւոր կարմիրը, հաւակնութիւն ունի՞ դառնալու Ֆիդել Կաստրո...

 

Պապա մը ըլլար, երկու ապտակ զարներ ասոնց ըսելով. «Ծո խելքերնիդ գլուխնիդ հաւաքեցէք»: (Աշխարհի պապաները ասոնք են)

 

\*/ *-*-* /*\

Գիւլը Բագուի մէջ թուրք քաղաքական ուղեգիծին հաւատարիմ յայտարարութիւններ կատարեց: Վստահութիւն ունենալով հանդերձ, յարգարժան նախագահնիս, պիտի պատասխանէ՞ Գիւլի յայտարարութեանց, թէ՞՝ լուռ մնալ ալ քաղաքականութեան հիմնական գործօններէն մեկն է:

 

/*'*\

«Հայաստանի եւ թուրքիոյ միջեւ լաւ յարաբերութիւններու պարագային Ցեղասպանութեան բանաձեւեր պիտի չընդունուին» կ'ըսէ Ալի Բաբաջան:

 

Ա՞յս է բովանդակ հայ ժողովուրդին ուզածը, կամ՝ ա՞յս կը պահանջէ բովանդակ հայ ժողովուրդին ու Հայաստանին շահը:

 

???

Հարաւային Օսիան, կամ Ալանիան, կը ծրագրէ միանալ Ռուսիոյ: Եթէ այդպէս շուտ կրնայ հրաժարիլ իր անկախութենէն, ինչո՞ւ այսքան տարի պայքարեցաւ անոր համար: Ահա թէ ինչ կը նշանակէ հզօր գերտէրութեան մը կողմէ պաշտպանուիլը: Յաւիտեանս ստրկացում: Ռուսիան լաւ տպաւորում թողած էր օսական պատերազմին: Պէտք է պահէ իր լաւ դիմագիծը, ու մերժէ Օսիայի միացման պահանջը:

Edited by Johannes
Link to comment
Share on other sites

Դէպի Երկիր ուխտարշաւ կազմակերպող մեր մշակութային հայրենակցական միութիւնները. չունեն այլեւս հայրենաճանաչ անդամներ: Գրասէր չենք, տեսասէր ենք ու սպառող, ու պատրաստ ընկալելու ուրիշի եփածը:

Ուխտարշաւ թէ ՈՂԲԱՐՇԱՒ?

Զարմանալի աւիւն, հայրենապաշտում, ազգի մշակոյթի լեզուի ու գիրի հանդէպ նուիրում ունի. հին հալեպահայ սերունդի գրասէր տիպարի այս վերջին մոհիկանը: Երկար եւ առողջ կեանք քեզ դոկտոր:

Այս նահանջ տարուայ Փետր. 29 ին տօնեցինք Թօրոսի քսաներորդ դարեդարձը (80 տարեկան): իմացայ որ նա արկածի է ենթարկուել տանը հոգսալից:

Դէպի Երկիր ուխտարշաւ կազմակերպող մեր մշակութային հայրենակցական միութիւնները. չունեն այլեւս հայրենաճանաչ անդամներ: Գրասէր չենք, տեսասէր ենք ու սպառող, ու պատրաստ ընկալելու ուրիշի եփածը:

Երբ Սեբաստացին այսօր Սիվազլը- եան է, Վանեցին Վանլը- եան, Այնթապցին Այնթապլը- եանեւ Մարաշցին Մարաշլը- եան???

Երբ Երեւանցի դառնայ Իրիվանլը???

-Չես կարող մտքիդ ծայրից էլ անցնել, պատմական Հայրենիքում հող-տուն առնելու մասին, քանզի յիշողութեանդ ծալքերում արձանագրուել է. փողոցում թուրքից ծեծ ուտող ու լալով տուն վազող գեավուրի զաւակի պատկերը:

ԴԵՐԵՆԻԿԸ

Դանիէլ Վաոււժան

 

Դուռը կը բացուի. Դերեենիկն ահով,

Իբրեւ թէ այծեամ մ’ըլլար նետահար,

Մօրը թեւերուն մէջ կ’իյնայ լալով:

-“Ինչ ունիս, տըղաս… ըսէ շուտ… մի լար.

Օձը քեզ խածաւ, թէ աքացեց ձին:”?

“Գլուխըս պատռեց դըրացի Ալին…”

 

Եւ ան ցոյց կուտայ սեւ գագգուրներուն

Ներքեւ վէրք մ’ուրկէ բըխելով արիւնն

Հայ գըլխիկն այդ` թուրք ոսոխ կը թըրջէ:

Քաջ մօրն հոգւոյն մէջ վիհեր կը բացուին

Լեցուած ամօթով.- Գըգուել կըրթիչն է?

Սըրտի վրայ` յաղթուած ճակատն երկչոտին:

 

Պահ` մ’իր գութին խուլ` կը մըղէ ի բաց

Կուրծքէն գըլուխն այդ իր փոքրիկ վատին.

Եւ կը գոռայ. -“Դուրս… մինչեւ որ յաղթած`

Արիւններդ անոր արեամբ չըմաքրին1

Այսօր տուն չես գար: Մատնի`չ խնամքներուս,

Միթէ վարսակի հացով սընար…? Դուրս“!:

 

Տըղան ամօթէն շիկնած` կ’առարկէ.

“Բայց , մայրիկ, Ալին Թուրքի զաւակ է.

Աչքին մէջ հեռ կայ եւ մէջքը փալա:”

-“Իսկ դու ալ Հայ ես, եւ մէջքիդ ըլլա`յ

Թող իմ մկրատս, իլս, ինչ որ կուցես… Դուրս“!:

 

Դերենիկն այպէն գետին նայելով

Կը մեկնի անձայն….: Հոն ծառի մը քով

Զինքը կը տեսնէմ լոյսով լուսնակի.-

Մեծ քար մը ձերքին, ջլաձիգ, դալկահար,

(Մինչ արիւնն այտէն վար կը կայլակի)

Թըշնամւոյն շեմին կը սպասէ, երկա՜ր…

For those ArmText challenged, her is my rendition in English.

DERENIK

By Daniel. Varouzhan (1884-1915)

(Note: All these works in re to the Armenian suffering, as well as those by Siamanto and others were written before "the big one", i.e. before 1915)

 

The door opens wide, Derenik with awe,

Like a wounded deer hit by an arrow,

Falls in mother's arms, weeping.

"What happened, my son... tell me quick.. don't cry,

Did the snake bite you, or the horse you kick"?

"My head tore open, our next door Ali!"

 

And he bares open, under those black curls

That gashing wound with blood streaking down

That little Armenian head, hit with Turkish vengeance.

Deep gorges open in brave mother's soul

Full of shame... is it right to caress

On her heart- head of a defeated coward?

 

In a moment, deaf to her mercy, she ponders

From her chest the head of that little wretch,

And she roars,- "Out!... until you triumph

His blood you cleanse with your own

Don't come today. You betrayed my care,

Did I nourish you with bread made of oats?... Out!!!"

 

The boy turned scarlet with shame protests,

"But mommy, Ali is a son of Turk,

There's fire in his eyes and pala on his back."

"And you're Armenian, and let at your waist be

My scissors, my spinner, whatever you want...Out!!!"

 

Derenik with shame, looking at the ground

Leaves in deep silence... There under a tree

Is seen by moonlight,

A big stone in hand, nervous and pale

(While down his cheek blood dripping down)

At the doorstep of foe, he waits and waits long…

Edited by Arpa
Link to comment
Share on other sites

Պարտիմ քեզ Արփա, հենց այս քերթուածն է մտքինս:

Գուցէ դու չգիտես թէ մեր Մարաշցի նախնիքը գործ ածէին այդ “ՀԵՆՑ/ԼՈԿ” բառը իբր “ՀԻՆՑ-Ի“, ինչպէս, “Հինցի հաց” -առանց պանիրի,, “հինցի փիլաւ”- առանց մսի: Եւ, մինչ այսօր Մարաշցի մամիկները յիշեն այդ բառը: Ինձ երկար ժամանակ առաւ տեսնէլ “ՀԷՆՑ”** եւ “ՀԻՆՑ”

բառերի կապը:

**Վերեւ ես գրեցի ՀԷՆՑ- Է- ով, տես թէ ինչպէս նա դառնայ Ի :

 

 

Link to comment
Share on other sites

Արմատականում չգտայ, գուցէ հառանց է բառը, ու մի շարք բարբառներում եղածի պէս, r հնչիւնը կորած կամ յ դարձած: Այսպէս.

 

հենց (առանց այն էլ, առանց գիտակցելու) այս քերթուածն էր մտքինս:

 

Հինցի հաց=առանց պանիրի հաց ?

 

Link to comment
Share on other sites

×
×
  • Create New...