Jump to content

Pablo Coelho Comes To Armenia!

Armen

Recommended Posts

That I didn´t know...and I should have known...Armenian translation of Paulo (Boghos) Coelho...I never read his books, not my cup of tea, but of course he is immensely popular (France gave him the Legion D´honneur, go figure)...but this book I am going to get.
Link to comment
Share on other sites

Coelho's ideas are very simple and do not excite brain. However, I like the images that he creates. It's like "painting" with words. Same with Milorad Pavic's "Dictionary of the Khazars". If you start going deep into his ideas, it's a total abracadabra. But his images are beautiful.
Link to comment
Share on other sites

Boghos Nabastak...funny guy...member of the Brazilian Academy, I am getting the Armenian translation, that I guess is coming after Icelandic and Estonian, just for the fun of it. Like I have Dadrian´s book in Furkish. Edited by Boghos
Link to comment
Share on other sites

Boghos, do you know where Minas Gerais is?

Minas Cheraz ,(1852-1929) born to a bankrupt family of amiras in village of Cheraz of Akn. A writer, public commenetator, teacher, master of several European languages, acted as translator at the Berlin Congress.

Read all about it here;

http://groong.usc.edu/tcc/tcc-20021230.html

Raffi was not an isolated critic of the Armenian establishment. When sections of the Istanbul-Bolis elite celebrated the 1876 National Constitution, men like Krikor Ardzrouni and Minas Cheraz joined Raffi in dismissing claims by conservatives arguing that `those living under the (Ottoman) flag were (with the Constitution) beginning to enjoy full human freedoms.' Cheraz, a western Armenian activist, noting the absence of proper representation for the people from the homelands condemned the Constitution as an `injury to our brothers in the provinces' and `tantamount to their exploitation.' (Vartanian, p38) Ardzrouni argued that despite the Constitution the regime continued to `rob, beat, exploit and humiliate'. `Where', he demanded to know was `the Constitution that will defend' the Armenians? (Vartanian, p37)

Link to comment
Share on other sites

Boghos, is he popular in Brazil?

style_images/master/snapback.png

Very popular but with type same type of readers that he is popular everywhere else. He is a phenomenon in the sense that he went from a near-hippy song writer to almost disappearance to very popular international writer. Nobody takes him seriously, though.

Link to comment
Share on other sites

Boghos, do you know where Minas Gerais is?

Minas Cheraz ,(1852-1929) born to a bankrupt family of amiras in village of Cheraz of Akn. A writer, public commenetator, teacher, master of several European languages, acted as translator at the Berlin Congress.

Read all about it here;

http://groong.usc.edu/tcc/tcc-20021230.html

Raffi was not an isolated critic of the Armenian establishment. When sections of the Istanbul-Bolis elite celebrated the 1876 National Constitution, men like Krikor Ardzrouni and Minas Cheraz joined Raffi in dismissing claims by conservatives arguing that `those living under the (Ottoman) flag were (with the Constitution) beginning to enjoy full human freedoms.' Cheraz, a western Armenian activist, noting the absence of proper representation for the people from the homelands condemned the Constitution as an `injury to our brothers in the provinces' and `tantamount to their exploitation.' (Vartanian, p38) Ardzrouni argued that despite the Constitution the regime continued to `rob, beat, exploit and humiliate'. `Where', he demanded to know was `the Constitution that will defend' the Armenians? (Vartanian, p37)

style_images/master/snapback.png

Vay Arpaaaaaaaaaaaaa, now you have me puzzled...naturally I do know where Minas Gerais (Minas Geraes, old), I have been there many times, everywhere except for the North...now, should I ask about Mr. Cheraz or Minas Gerais ?

Incidentally many Brazilians, even Armenian-Brazilians, pronounce Minas (as in a person´s name) with an accent in the "i", same as in Minas Gerais.

Link to comment
Share on other sites

  • 9 years later...

See Minas Cheraz at # 12 above

===

http://www.yerakouyn.com/?p=59775

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան կը գրէ.

«Տեղահանութիւնն ու ջարդը անապատի ու գերեզմանատան փոխեցին Տաճկահայաստանը, սակայն հայութեան մոխիրներուն մէջէն Ռուսահայաստանը** ծնաւ իբր փիւնիկ: Այժմ ալ հոն է մեր մխիթարութեան աղբիւրը, մեր յոյսերուն խարիսխը: Օգնենք այդ երկրին, ի՛նչ վարչաձեւի տակ ալ ըլլայ: Վարչաձեւը առօրեայ է, հայրենիքը՝ յաւիտեան»:

1926ին Փարիզի մէջ արտասանուած այս խօսքը վերջին պատգամն ու քաղաքական կտակը եղաւ Հայկական Հարցի անձնուէր պաշտպաններէն Մինաս Չերազի, որուն ծննդեան 162րդ տարեդարձը կը նշենք Յուլիս 15ի այս օրը։

Մինաս Չերազի անունը առաջին անգամ հռչակուեցաւ 1878ին, երբ իբրեւ քարտուղար ու թարգման՝ ան 26 տարեկանին մաս կազմեց Պերլինի Վեհաժողովին ներկայացած Հայկական Պատուիրակութեան, որ կը գլխաւորուէր Խրիմեան Հայրիկի կողմէ։

Մինչեւ Պերլինի Վեհաժողովը, 1876ին արդէն, Մինաս Չերազ ընտրուած էր օրուան Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ներսէս Վարժապետեանի կողմէ, որպէսզի Հայաստանի եւ հայութեան պահանջատիրական ձայնը լսելի դարձնէ եւրոպական մեծ տէրութեանց դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն մօտ։

Քաղաքական եւ մտաւորական լայն պատրաստութեան տէր, հայերէնի եւ օսմաներէնի կողքին՝ անգլերէնի ու ֆրանսերէնի քաջատեղեակ երիտասարդ գործիչը այնուհետեւ իր ամբողջ կեանքն ու գործունէութիւնը նուիրաբերեց Հայկական Հարցի միջազգային ճանաչումին եւ պաշտպանութեան։

Իր այդ հարուստ կենսափորձին վրայ հիմնուելով էր, որ 1926ին, երբ Փարիզի մէջ կը տօնուէր իր ազգային¬քաղաքական ծառայութեան յիսնամեակը, ցմրուր ըմպելէ ետք մեծապետական դիւանագիտութեան խարդաւանքին դառնագոյն բաժակը Լօզանի մէջ, Մինաս Չերազ տարագիր հայութեան պատգամեց Հայրենիքին անշեղօրէն կառչելու հանգանակը։

Արեւմտահայաստանի կործանումէն եւ Կիլիկիոյ հայաթափումէն ետք, ի տես հայ ժողովուրդի արդար դատին կռնակ դարձնելու ատենի Դաշնակից Ուժերու պիղատոսեան ձեռնթափութեան եւ ուրացումին, Հայ Դատի պաշտպան զինուորներու այս նախակարապետը եղաւ առաջիններէն, որոնք մազապուրծ փրկուած Արեւելահայաստանին կառչելու եւ անոր մէջ վաղուան Միացեալ Հայաստանի նուաճման անփոխարինելի կռուանը տեսնելու ազգային իմաստութիւնը կտակեցին վերապրող հայութեան։

Տարի մը ետք, 1927ին, Գահիրէի մէջ տպագրուած «Մինաս Չերազ. իր կեանքը եւ գործը» 368 էջնոց գիրքի հեղինակ Արշակ Ալպոյաճեանը գրեց իր յառաջաբանին մէջ, թէ Պերլինի Վեհաժողովին հայ ժողովուրդի ապրած առաջին մեծ յուսախաբութենէն ետք, «Չերազ, սակայն, անվհատ շարունակեց իր սկսած գործը՝ Եւրոպային ծանօթացնելով հայը եւ իր պահանջները, յուսալով, որ Եւրոպա յանուն գթութեան կամ քրիստոնէական մարդասիրութեան պիտի հաճի օգնութեան հասնիլ եւ փրկել հայ ազգը թրքական լուծէն: Այս պատրանքը ունեցեր էին Ներսէս Վարժապետեան (Պոլսոյ պատրիարք) եւ իր շուրջինները, որոնցմէ մէկն ալ Մինաս Չերազն էր, որ առաջին օրէն գործակից գտնուած էր Հայկական Խնդիրը ստեղծող խմբակին եւ գործօն դեր կատարեր էր նուիրաբերելով իր ջանքերը եւ աշխատութիւնները «սուրբ գործին»:

«Չերազ պահեց այդ միամիտ հաւատքը, թերեւս մինչեւ Լօզանի դաշնագիրը, որ վերջ կու տար մեր բոլոր միամտութեանց եւ քար ու քանդ կþընէր ամէն բան, բայց մանաւանդ օտար աջակցութեամբ հայ անկախ հայրենիք մը ունենալու հաւատքը»:

Ո՛չ. հայ ազգային-ազատագրական պայքարը նախապատրաստած սերունդը նման պատրանքներ չէր սնուցաներ Եւրոպայէն։ Այլ՝ խորապէս ունէր թրքական պետութեան կողմէ ստոյգ կործանման դատապարտուած Հայաստանի բողոքը աշխարհով մէկ լսելի դարձնելու յանձնառութիւնը, որպէսզի Յեղափոխական Հայութեան մղած իրաւատիրական պայքարը չխեղդուէր ահաւասար ուժերով կռուի աւազուտքին մէջ եւ շարժման մէջ դնէր Իրաւունքի եւ Արդարութեան համար պայքարող յառաջադէմ ուժերը։

Այդուհանդերձ՝ նման թիւր ընկալման ու արժեւորման ենթարկուեցաւ Մինաս Չերազ երկար տասնամեակներ, Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին պարտադրուած խորհրդային տիրապետութեան ամբողջ ժամանակաշրջանին։

Հայկական Հարցը միջազգայնացնելու ամբողջ սերունդի մը քաղաքական վարքագիծը այդպէս՝ խորհրդային պաշտօնական քարոզչութեան պարտադրանքով, մեր ժողովուրդին ներկայացուեցաւ իբրեւ Եւրոպայէն ու Արեւմուտքէն «Հայ անկախ հայրենիք մը» մուրալու թիւրահաւատութիւն ու միամտութիւն։

Հայ քաղաքական մտքի միայն Դաշնակցական թեւն էր, որ ծառացաւ Հայկական Հարցը «խորհրդային մեծ քաղաքականութեան» խաղալիքը դարձնելու այդօրինակ սադրանքներուն դէմ։

Եւ միայն 1970ականներուն էր, որ Սփիւռքի տարածքին աստիճանաբար լսելի դարձան համարձակ ձայներ, յատկապէս այսպէս կոչուած «Հայաստանասէր»՝ իմա՛ հակադաշնակցական ճակատի մտածողներուն կողմէ, որոնք Հայ Դատի միջազգայնացման ու հետապնդման հարիւրամեայ պայքարը փորձեցին դուրս բերել խորհրդային գաղափարախօսութեան ու պատմական նենգափոխումի պրիսմակէն՝ ընդգծելու համար, որ բուն թիւրահատութիւնն ու միամտութիւնը կը կայանային նոյնինքն այն մտայնութեան մէջ, թէ «Խորհրդային Հայրենիք»ի հաստատումով իր «արդար» եւ «վերջնական» լուծումը գտած էր Հայկական Հարցը

Դժբախտաբար միեւնոյն թիւրահաւատութիւնն ու միամտութիւնը տարբեր եզրերով շարունակուեցան նաեւ Խորհրդային Դարաշրջանի վախճանէն ետք, երբ վերանկախացեալ Հայաստանի ազգային զարթօնքին անունով գտնուեցան նորայայտ գաղափարախօսներ, որոնք Մինաս Չերազին մէջ չուզեցին տեսնել ազգային¬ազատագրական պայքարին յանձնառու գործիչը՝ Հայաստանին կառչելու անոր գաղափարական կտակը համարելով վերանորոգ միամտութիւն մը, օտարէն անկախ հայրենիք աղերսելու «լացակումած» վարքագիծ մը։

Արդէն ուշացած ենք, ազգովին, արժանին մատուցելու 15 Յուլիս 1852ին Պոլիս ծնած Մինաս Չերազ անուն հայ գրողին, խմբագրին, թարգմանիչին, հասարական գործիչին եւ հայրենասէրին, որ իր քաղաքական կենսափորձը ժառանգ ձգած է մեր ժողովուրդին՝ հայերէն, ֆրանսերէն թէ անգլերէն լեզուներով իր հրատարակած հինգ գիրքերով, ինչպէս նաեւ մամուլի էջերուն լոյս տեսած զեկոյցներով, առաջնորդող յօդուածներով եւ ուսումնասիրութիւններով։

Մինաս Չերազի ծնողքը Ակնի Չերազ գիւղէն էին, որոնք ժամանակի պանդխտութեան հոսանքին հետ եկած ու հաստատուած էին Պոլիս։ Մինասի պատանութեան մասին շատ բան չունին կենսագիրները։ Իր անունին առաջին յիշատակութեան կը հանդիպինք Ներսէս Վարժապետեան Պատրիարքի նախաձեռնած Հայկական Գաւառներուն մէջ Բարենորոգումներ իրագործելու դիւանագիտական արշաւին առիթով։ Յատկապէս Պերլինի Վեհաժողովէն ետք, երբ Խրիմեան Հայրիկ մեր ժողովուրդին յորդորեց «Երկաթէ Շերեփ» ձեռք ձգելու քաղաքական իմաստութիւնը, Մինաս Չերազ իր վրայ վերցուց Հայկական Հարցին շուրջ զօրակցութեան մթնոլորտը ընդարձակելու առաքելութիւնը։

Սոսկ Քրիստոնեայ Եւրոպայի գութը շարժելու ուղղութիւն չունէր Չերազ։ Ան գործօն մասնակիցներէն եղաւ 1880ականներուն հայ յեղափոխական շարժումներու խմորման աշխատանքին։ Ազատախոհ մտածողութեան դրօշակիր մը չէր, բայց թէ՛ Արմենական եւ թէ Հնչակեան կուսակցութեանց հիմնադիրներուն հետ գործակից էր։ Գաղափարական առումով մտերիմն էր յատկապէս Արփիար Արփիարեանի, որուն հետ 1880ին հիմնեց եւ ղեկավարեց Կ. Պոլսոյ «Միացեալ ընկերութիւնք հայոց» բարեգործական՝ դպրոցաշինական կազմակերպութիւնը:

Մինաս Չերազի կեանքին մէջ դարձակէտ հանդիսացաւ 1889 թուականը, երբ 37 տարեկանին, համիտեան հետապնդումներէն խոյս տալով, ան մեկնեցաւ Լոնտոն, ուր հիմնեց միաժամանակ անգլերէնով ու ֆրանսերէնով լոյս տեսնող «ԼþԱրմենի» թերթը: 1890ականներուն հաստատուեցաւ Ֆրանսա, ուր եւ ապրեցաւ ու գործեց մինչեւ մահ։

Չերազ Խրիմեան Հայրիկի հետ այցելած էր եւրոպական շարք մը երկիրներ՝ դիւանագիտական ճանապարհով Հայկական Հարցի լուծման ի նպաստ ենթահող ստեղծելու նպատակով: Այդ ճամբով իր հաստատած ծանօթութեանց վրայ հիմնուելով, իր «ԼþԱրմենի» գրական¬քաղաքական թերթի հրատարակութիւնը ան ծառայեցուց հայ մշակոյթը օտարներուն ներկայացնելու եւ Հայոց Դատի պաշտպանութեան համար Եւրոպայի տարածքին բարենպաստ հանրային կարծիք ստեղծելու նպատակին: Որոշակի իմաստով՝ Հայկական Լոպիինկի նախակարապետներէն եղաւ Չերազ։

1890ին, Լոնտոնի Քինկզ Քոլէճին մէջ յաջողեցաւ հիմնել ու ղեկավարել Հայկական Ամպիոն մը։ Փարիզ հաստատուելէ ետք, շարունակելով «ԼþԱրմենի» թերթի հրատարակութիւնը, Չերազ ընդարձակեց Հայկական հարցի դատապաշտպանութեան իր հայրենանուէր գործունէութիւնը: Ուշագրաւ է այդ շրջանին անոր հրատարակած «Թէ ի՞նչ շահեցանք Պերլինի Վեհաժողովին» աշխատութիւնը, որ թարգմանուեցաւ նաեւ ֆրանսերէնի եւ, ապա, լոյս տեսաւ անգլիական կառավարութեան կողմէ հրապարակուած «Կապոյտ Գիրք»ին մէջ»:

Մինաս Չերազ նուիրուեցաւ նաեւ թարգմանական գրականութեան։ Ֆրանսերէնի թարգմանեց Պետրոս Դուրեանի, Ռափայէլ Պատկանեանի, Խորէն Նարպէյի (Գալֆայեան) եւ այլ բանաստեղծներու ընտիր երկերը՝ «Հայ Բանաստեղծները» խորագրով:

Ինչպէս հանրագիտական աղբիւրները կը վկայեն, Մինաս Չերազ հռչակաւոր դարձաւ նաեւ հայ ժողովուրդի ճակատագրակից այլ ժողովուրդներու ազատագրական պայքարին իր մատուցած ծառայութիւններով, որոնց համար ատենին՝ Վենեզուելայի կառավարութեան կողմէ պարգեւատրուեցաւ «Ազատարար Պոլիվիարի խաչով»: Նոյնպէս պարգեւատրուեցաւ պարսկական «Առիւծի եւ Արեւի սպայութեան աստիճան» շքանշանով:

1926ին, իր յոբելեանին առիթով հաւաքուած 200 հազար ֆրանքը Չերազ յանձնեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան՝ պայմանաւ, որ գումարի տոկոսը ինք ստանայ մինչեւ իր կեանքի վերջը, իսկ մահէն ետք ամբողջ գումարը նուիրաբերուի Հայաստանին՝ Չերազեան անունով վարժարան կառուցելու համար: Չերազ վախճանեցաւ 1928ին Փարիզ ու թաղուեցաւ այն գերեզմանատունը, ուր 1935ին՝ Չերազի շիրմաթումբին հարեւանութեամբ թաղուեցաւ նաեւ Մեծն Կոմիտասը: 1936ին, Կոմիտասի աճիւնին հետ, գաղտնաբար շինուած երկյարկ դագաղով, Փարիզէն Երեւան տարուեցաւ նաեւ Մինաս Չերազի աճիւնը: Չերազի թաղումը մեծ շուքով կատարուեցաւ Նուպարաշէնի՝ իր կտակով կառուցուած դպրոցի բակին մէջ: Բայց խորհրդային դառն ու դաժան ամբողջատիրութեան հետեւանքով, մէկ թէ երկու տարի անց, ինչպէս որ կը վկայեն Չերազի հարազատները, անոր աճիւնը դպրոցի բակէն հանեցին

Ըստ իր եղբօրորդու աղջկան վկայութեան՝ «ինչ-որ կուսակցական պաշտօնեայ ասել էր, թէ էս դաշնակի գերեզմանն ի՞նչ գործ ունի էստեղ»:

Ցարդ Մինաս Չերազի աճիւնին հանգստեան վայրը անյայտ է:

====

**See my signature below. A quote from Sevaks Anlreli Zangakatun.

Yev ayn orits "Hayastan" barits pocketing @nkan,"Russa"n ou "Tajka"n...

Join the conversation

You can post now and register later. If you have an account, sign in now to post with your account.

Guest
Reply to this topic...

×   Pasted as rich text.   Paste as plain text instead

  Only 75 emoji are allowed.

×   Your link has been automatically embedded.   Display as a link instead

×   Your previous content has been restored.   Clear editor

×   You cannot paste images directly. Upload or insert images from URL.

Loading...
×
×
  • Create New...