Jump to content

HEROIC, FEARLESS ZEITUN


Arpa

Recommended Posts

HEROIC ZEITOUN

 

30 Յունիս 1862. Խրոխտ Զէյթունի Դիւցազնական Ապստամբութիւնը

http://www.yerakouyn.com/?p=59103

 

(Խրոխտ - Courageous, FEARLESS/ Անվախ) )

 

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան կը գրէ.

 

Շուրջ մէկուկէս դար է, որ հայոց իրերայաջորդ սերունդներու շրթներէն միշտ կը հնչէ, երբեմն յաղթագոռ, երբեմն դողդոջ ձայնով, փառաբանութիւնը դիւցազնական Զէյթունի, որ 1862 թուականի այս օրերուն արդի ժամանակաշրջանի իր առաջին ապստամբութիւնը ունեցաւ թուրքերու օսմանեան բռնատիրութեան դէմ, յաղթականօրէն ետ մղեց հայոց անառիկ արծուեբոյնը գրաւելու թրքական փորձերը եւ Ազգին ու Հայրենիքին կտակեց իր գօտեպնդիչ քայլերգը.

Կեցցէ՛ Զէյթուն, ապրի՛ Զէյթուն,

Թող չտեսնէ ստրկութիւն.

Քանի ունի մեզ պէս որդիք,

Ապրի՛ Զէյթուն, կեցցէ՛ Զէյթուն:

Զէյթունի 1862ի Ապստամբութիւնը զուգադիպեցաւ հայոց Ազգային Զարթօնքի ամէնէն բուռն ժամանակաշրջանին, երբ Ազգային Սահմանադրութեան հաստատման համար մղուած պայքարը արդէն մօտեցած էր իր յաղթական աւարտին։ Գլխաւորաբար աշխարհաբարի որդեգրման ու ազգային մեր կեանքի ղեկավարման վրայ ժողովրդային ու ժողովրդավարական հակակշռի հաստատման ի խնդիր մղուած պայքարը սկսած էր տալ իր առաջին պտուղները, երբ Զէյթունը պարզեց ապստամբութեան դրօշ եւ ազգային ազատագրութեան վառ հորիզոնը բացաւ ամբողջ հայութեան առջեւ՝ սերունդներուն անվեհեր պայքարի երգ ու շունչ տալով.

Մենք քաջ տոհմի զաւակներ ենք, չենք վախի.

Մանր-մունր փորձանքներից չենք փախչի.

Մենք դեռ փոքրուց միշտ սիրել ենք քաջութիւն,

Ինչ էլ որ լինի՝ չենք հանդուրժի պարտութիւն:

Զէյթունը կամ յունարէնով Ուլնիան հայկական Կիլիկիոյ լեռնային գաւառակներէն էր, որ հայոց անկախ պետականութեան կործանումէն ետք, թրքական տիրապետութեան պարտադրած վարչական սահմանագծումով, մաս կը կազմէր Մարաշի գաւառին։

10րդ դարէն սկսեալ հայկական Զէյթունը իր ուրոյն տեղը

 

 

Զէյթունը իր ուրոյն տեղը ունեցած է հայոց պատմութեան մէջ, սկզբնական եւ հայկական թագաւորութեան շրջանին իբրեւ քաջակորով հայ լեռնականներու արծուեբոյն, իսկ Կիլիկիոյ հայոց պետականութեան կործանումէն ետք՝ իբրեւ հայկական անառիկ ամրոց, որուն երբեք չկրցան տիրանալ օսմանցի ասպատակները, որքան ալ մեծաթիւ ըլլար թիւը եւ որքան ալ գերհզօր ըլլար ուժը իրենց արշաւող զօրքերուն։

Զէյթունի հայութիւնը զէն ի ձեռին պաշտպանեց իր անկախ գոյավիճակը մինչեւ 1618 թուականը, երբ սուլթան Մուրատ Դ.ի գահակալութեան օրով, նոր արշաւանքներու դէմ հերոսաբար կռիւ մղելով ու յաղթելով հանդերձ, զէյթունցիք որոշեցին հաշտութեան ու խաղաղութեան պայմանագիր մը կնքել Սուլթանի կառավարութեան հետ։ Սուլթան Մուրատ Դ.ի 1622ի թուակիր հրամանագրով՝ օսմանեան կառավարութիւնը ճանչցաւ Զէյթունի կիսանկախ կարգավիճակը, իսկ փոխարէնը զէյթունցիք զիջեցան, տարեկան նուէրի ձեւով, 15.000 արծաթ դրամ յատկացնել Այա-Սոֆիա մզկիթինՀակառակ այդ պայմանագրին ու հրամանագրին, սակայն, օսմանեան իրերայաջորդ սուլթանները շարունակ իրենց բախտը փորձեցին եւ մեծ զօրքով արշաւեցին Զէյթունի վրայ՝ հայոց կիսանկախ դրութեան վերջ տալու յոյսով, բայց միշտ ալ ետ մղուեցան։ Միայն 19րդ դարու առաջին կիսուն, թրքական իշխանութիւնները 8 անգամ անյաջող փորձ կատարեցին գրաւելու Զէյթունը:

1862ին, Զէյթունի մէջ կþապրէին 80.000 հայեր, իսկ թուրքերու թիւը հազիւ 8000 էր։

Ատենի Մարաշի կուսակալը՝ Ազիզ փաշան 1862ին հրահանգ ստացաւ սուլթանի Մեծ Վեզիրէն, որպէսզի անգամ մը եւս փորձէ նուաճել Զէյթունը: Ազիզ փաշային պատրուակ էր պէտք եւ ան օգտագործեց հետեւեալ միջադէպը.

Զէյթունի գաւառակի հայաբնակ Արեգին գիւղի 70 բնակիչներ, իրենց մէկ համագիւղացիին թուրքերու կողմէ սպանութեան համար վրէժ լուծելով՝ սպաննեցին 17 թուրքեր: Ազիզ փաշան պահանջեց իրեն յանձնել 70 արեգինցիները: Զէյթունի իշխանները այդ պահանջը մերժեցին՝ յայտարարելով, թէ «Մենք քեզ ոչ միայն 70 հայ, 70 հաւ իսկ չենք տար»:

Այդպէ՛ս սկսաւ Զէյթունի հայոց ապստամբութիւնը՝ 1862ի Յունիսի վերջին օրը։

Ազիզ փաշան իր տրամադրութեան տակ ունէր 12.000 կանոնաւոր զօրք: Իր զօրքին թուաքանակը աւելցնելու նպատակով՝ Ազիզ փաշան յայտարարեց, թէ Զէյթունի դէմ իր ձեռնարկած արշաւանքին միացողները՝ հայերուն ինչքերը թալանելու հնարաւորութիւն կը ստանան: Շուտով Ազիզ Փաշայի բանակին միացան հայոց արեան ու թալանի ծարաւ 30.000 թուրքեր: Յուլիսի կէսերուն թուրքերը անցան յարձակողականի։ Բուռն ընդհարումներէ ետք, թրքական բանակը կրցաւ գրաւել Արեգին եւ Աւագկալ գիւղերը, որոնց բնակիչները մեծ մասամբ փախուստ տուին, բայց մնացեալները զանգուածային կոտորածի ենթարկուեցան։ Սակայն յաջորդ օրն իսկ, Աւագկէտիկի կիրճին մէջ, զէյթունցիները ջախջախեցին թրքական ամբողջ հրոսակախումբ մը:

Վճռական ճակատամարտը տեղի ունեցաւ 1862ի Օգոստոս 2ին: Շուրջ 500 զէյթունցիներ, նահանջ ձեւացնելով, թրքական զօրքերու հիմնական մասը մըտցուցին Ս. Աստուածածին վանքի եւ Զէյթուն գիւղաքաղաքի միջեւ գտնուող ձորը: Եկեղեցիներու զանգերուն ազդանշանով՝ զէյթունցիները կրակ բացին թուրքերուն վրայ: Խուճապի մատնուած թրքական բանակը, ռազմի դաշտին վրայ ձգելով իր 2 թնդանօթը, փախուստի դիմեց: Թշնամին մարտադաշտի վրայ թողած էր 2000 թուրք զինուորի դիակ: Այս դաշտը հետագային կոչուեցաւ «Արեան ձոր»: Իսկ փախչող թուրք զօրքին զէյթունցիները հետապնդեցին մինչեւ Զէյհան գետը:

Տեղեկանալով Ազիզ փաշայի պարտութեան մասին՝ Օսմանեան կառավարութիւնը հրամայեց այդ ժամանակաշրջանին Պելկրատի ճակատամարտի եւ սերպերու կոտորածի դահիճ Աշիր փաշային, որպէսզի 150.000նոց իր զօրքով արշաւէ Զէյթուն եւ «երկրի երեսէն ջնջէ» հայկական արծուեբոյնը:

Զէյթունցիները անշուշտ կը գիտակցէին, որ նման ահռելի ուժի առջեւ իրենք ի վիճակի չէին երկար ժամանակ դիմադրելու: Ուստի որոշեցին Կ. Պոլիս ուղարկել յատուկ պատուիրակութիւն մը, որ հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ մօտ Ֆրանսայի դեսպանին հետ: Վերջինս Ֆրանսայի ատենի կայսր Նափոլէոն Գ.ին փոխանցեց զէյթունցիներու ներկայացուցած քաղաքական օժանդակութեան ու աջակցութեան դիմումը: Ֆրանսա շահագրգռուած էր իր տնտեսական վերահսկողութիւնը Կիլիկիոյ վրայ հաստատելու հեռանըկարով եւ ընդառաջեց Զէյթունի դիմումին եւ միջամըտեց ու ճնշում գործադրեց սուլթանին վրայ: Սուլթանը ստիպուեցաւ վերջ տալ Զէյթունի պաշարումին։

Այսպէ՛ս աւարտեցաւ Զէյթունի Առաջին Ապստամբութիւնը։

1865ին Օսմանեան կառավարութեան եւ զէյթունցիներուն միջեւ կնքուեցաւ նոր պայմանաւորուածութիւն մը, որուն հիման վրայ զէյթունցիները յանձն առին Օսմանեան Գանձարանին վճարելու 150.000 արծաթ դրամ: Նաեւ՝ Զէյթունի մէջ հաստատուեցաւ թուրք կառավարիչ մը՝ թրքական բանակի զօրամասով մը:

Թէեւ Զէյթունի կիսանկախ դրութիւնը աւելի եւս կաշկանդումի ենթարկուեցաւ, այսուհանդերձ՝ 1862ի ապստամբութիւնը թափ տուաւ ողջ արեւմտահայութեան ազգային ազատագրումի ձգտումներուն, որովհետեւ Զէյթունի դիւցազնական օրինակին ներշնչումով, հայ երիտասարդ սերունդը անդրադարձաւ, թէ սեփական ձեռքով ու զէնքով հնարաւոր էր պաշտպանել սեփական իրաւունքն ու կեանքը։

Զէյթունը բնաւ չխոնարհեցաւ։ 1870ական եւ 1890ական թուականներուն եւս Զէյթուն պարզեց ազատութեան դրօշակ, ապստամբեցաւ նաեւ 1914ին ու 1920ին, միշտ ազատ ու անկախ ապրելու իր անբռնաբարելի իրաւունքին տէր կանգնելով։

Զէյթունի Առաջին Ապստամբութիւնը ներշնչման աղբիւր եղաւ յատկապէս Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի ազգայնաշունչ բանաստեղծութեան, որուն «Թաղումն Քաջորդւոյն» **

հռչակաւոր քերթուածի հետեւեալ քառեակներով կարժէ եզրափակել հայոց արդի պատմութեան հերոսական այս կարեւոր դրուագին նուիրուած յուշատետրի էջը.

Ո՛չ փող զարկինք, ոչ արձագանգ լեռնասոյզ

Սարէ ի սար չարաշըշուկ տարին լուր,

Ու չերգեցինք ողբի երգեր սրտայոյզ՝

Երբ պատանւոյն բացինք մըռայլ փոսին դուռ:

Գիշերային մունջ ստուերներ շուրջ կային,

Երբ հրացանի կոթով ըզհող փորեցինք,

Լուսինն միայն դողդոջ շողայր մեր գլխին,

Սուգ էր պատեր ըզդաշտ, բըլուր եւ երկինք:

Պէտք չէր գագաղ, եւ ո՛չ ճերմակ պատանքներ,

Որով գոցուէր ազատորդի քաջորդին,

Նա յետ մարտին կարծես յոգնած կու հանգչէր,

Ու վերարկուն կարմիր՝ բաւեր իւր անձին:

Բայց երբ գըլուխն ի բարձ դըրինք հողաշէն,

Տեսանք ըզգեղ ճակտին ու վէրքըն պայծառ,

«Ով պատանեակ, ըսինք ամէնքս մէկ բերնէն,-

Վասն Հայրենեաց մեռար, դու շատ ապրեցար:

«Գընա՛ զրուցէ՝ Հայկազարմից մեծ ոգուոց,

Որ կան այստեղ ազատ ու քաջ դեռ Հայեր,

Որոնք ի բիւր պատերազմաց թէպէտ խոց

Մէջ ամպրոպաց ի ժայռ կանգուն են

**See here that poem by Mkrtich was in fact a translation in paraphrase.

 

http://hyeforum.com/index.php?showtopic=5208&page=1&&do=findComment&comment=204334

 

====

Among the heroes of Zeitun one must remember that Rev. Andreasion, the undisputed hero of Musa Ler , was a pastor in Zeitun before he trekked back to his birthplace,

http://hyeforum.com/index.php?showtopic=14494

====

Next we will see the end of Zeitun as depicted in the Book- MARASH.

 

PS. We will see the meaning of KHROKHT in a separate topic in Language.

Link to comment
Share on other sites

As promised above about Zeitun.. The BOOK MARASH devotes over a 100 pages to Zeitun,. About its history, culture, and Language/Dilaect.

At the end beginning on page 182 we see the saga of the lasts days of Zeitun.

After so many failed attempts to subdue Zeitin , the ottomans finally use so called diplomacy and false amnesty, treachery, they, with the help of the French convince the Heroes of Zeitun to lay their arms down. And they, all the Princes of Zeitun are rounded up like cattle, brought to Marash and hanged, every one of them.

Link to comment
Share on other sites

Join the conversation

You can post now and register later. If you have an account, sign in now to post with your account.

Guest
Reply to this topic...

×   Pasted as rich text.   Paste as plain text instead

  Only 75 emoji are allowed.

×   Your link has been automatically embedded.   Display as a link instead

×   Your previous content has been restored.   Clear editor

×   You cannot paste images directly. Upload or insert images from URL.

Loading...
×
×
  • Create New...