Arpa Posted August 21, 2002 Report Share Posted August 21, 2002 ANDASTAN (Four Corners)Daniel Varuzhan ԱՆԴԱՍՏԱՆԴանիէլ Վարուժան, Խառն Բանաստեղծութիւններ Արեւելեան կողմն աշխարհիԽաղաղութի՜ւն թող ըլլայ...Ո՜չ արիւններ, քրտինք հոսինԼայն երակին մէջ ակօսին.Ու երբ հնչէ կոչնակն ամէն գիւղակի՛Օրհներգութ՜իւն թող ըլլայ։ Արեւմտեան կողմն աշխարհիԲերրիութի՜ւն թող ըլլայ...Ամէն աստղէ ցող կայլակի,Ու ամէն հասկ ցուլէ ոսկի.Եւ ոչխարներն երբ սարին վրայ արածին՛Ծիլ ու ծաղիկ թող ըլլայ։ Հիւսիսային կողն աշխարհիԱռատութի՜ւն թող ըլլայ...Ոսկի ծովուն մէջ ցորեանինՅաւէտ լողայ թող գերանդին.Ու լայն ամբարն աղուններուն երբ բացուի՛Բերկըրութիւն թող ըլլայ։ Հարաւային կողմն աշխարհիՊըտղաբերում թող ըլլայ...Ծաղկի՜ մեղրը փեթակներուն,Յորդի գինին բաժակներուն.Ու երբ թխեն հարսերը հացը բարի՛Սիրերգութի՜ւն թող ըլլայ։ Link to comment Share on other sites More sharing options...
Recommended Posts