Arpa Posted June 19, 2011 Report Share Posted June 19, 2011 HAPPY FATHERS’ DAYJune 19, 2011 Դանիէլ ՎարուժանԱարսուռներ ՀԱՅՐ, ՕՐՀՆԷ՛ Հայր իմ., օրհնէ՛. ժամը հասաւ, պիտ՚ երթամ.Նոր կեա'նք մ՚ինծի կը սպասէ։Պատանութիւնն ես թողուցի, նոր արիւնԵրակիս մէջ կը վազէ։ Յառա՜ջ, յառա՜ջ, գըլուխս ետ չե՛մ դարձըներ.Երկընքէս վա՛ր թող իյնանԱնվիշտ կեանքիս ամէն աստղեր, հոգըս չէ'.Անցեալս իջնա թող դամբան։ Օհ, ինծի՛ ի՞նչ թէ կը փետեմ վարդին թերթ,Եվ փուշին կեանք կու տամ միշտ,Թէ գըրկաբաց հորձանքին մէ՛ջ կը նետուիմ.Խինդս է՝ ձանձրոյթ, սէրս է՝ վիշտ։ Ամեն խայտանք ջախջախեցի սըրտիս մեջ.Չեմ վախնար եւ ծըծելէ.Վանք մըտնող կոյս մ՚եմ՝ որ խըզուած իր վարսերԱնխիղճ, անհոգ, կը դիտէ՜...Հա՛յր, ես կ՚էրթամ այն ճամբայէն՝ որ ճերմակՄազերուդ զիս կը տանի,Վաստակաբեկ ոսկըրներուդ, ծեր սըրտիդԵւ սէրերուդ կենդանի.... Բաւական է. - աշխատեցար, կըրեցիր,Ամեն նետի, հարուածիՎահան եղար ինծի համար. հոգիդ է՝Որ հոգվոյս մէջ կը յածի։ Իմ արիւնս է գոյացած քու քըրտինքէդ.Յոգնութտանդ ծիլն եմ տըխուր։Հոգիդ, կաղնի~, երբ կուրծք կու տար մըրըրկին՝Ես շուքին տակ, հանգիստ, լուռ Կը մեծնայի։ — Հարկ է հիմա ա՛լ հանգչիսԵւ ես քեզի յաջորդեմ...Խոնջէ~նք, խոնջէ~նք, կ՚ուզեմ կըռուիլ, աշխատիլ,Ելլել կեանքին, կյանքին դէմ... Հայր իմ, օրհնէ'. դողդոջ ձեռքերդ գըլխուս դիր.Թող մատերէդ կաթի վարԱղոթքդ՝ եկած հոգւոյդ պայծառ խորանէն։Վերջին ժամն է. օրհնէ՛, հայր: Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Recommended Posts
Join the conversation
You can post now and register later. If you have an account, sign in now to post with your account.