Arpa Posted June 10, 2009 Report Share Posted June 10, 2009 (edited) The following is from here; http://hayeren.hayastan.com/english/st.php?st=st22arm.html I took the liberty to revert the orthography to the original Varuzhanian where I could and added some missing verses.. --- ՀԻՒԱՆԴ Է (Դանիէլ Վարուժան, Սարսուռներ) Ստուերին մէջ, խանի մ'անկիւնը լըքուած Թըշուա՜ռ պանդուխտ, հիւանդ է. Խոնաւութիւնն անոր մարմինը շիթ շիթ Գերեզմանին կը նետէ: Բըժիշկ չունի. Եղած դրամն ալ հատաւ. Ցաւը ծանր է, գըթութիւն: Հոն չկայ սիրտ մ'որ բարութիւնը քամէ Անոր ծարաւ շըրթներուն: Եւ ինքն իրէեն մտերիմներ կը ստեղծէ Ցընորքներուն մէջ ջերմին. Իր վիճակին լարեկցող մէկը չունի Բացի մամուկը որմին: …Մըթընշաղին մէջ կը մարմրի, կը հիւծի Մըթընշաղի մը նըման. Լըռութիւնն հոն կարծես դագաղ մը կ'երկնէ. Օրոցք` տունէն գերեզման: Երիտասարդ է տակաւին, և փեսայ. Պոլսէն մինչև Վան հեռու, Հոն` հաց կ'ուզեն հարսն ու ծընողք. զի՜նք կ'ուզեն. Դեռ շատ շուտ է մեռնելու: Ան իր արիւնն իր քըրտինքով կը շահէր… Տէ՛ր, ի՞նչ սըրտով կը կոտրես Թեւն` որուն վրա կը թըռթընին մանուկներ Եւ ծընողքներ ձիւնագէս: Դուրսն արեւին , զեփիւռին տակ կ՝ուրճանան Բախտաւորներն աննիազ. Արտին մէջ աստղն աւշի ելքին կը ժըպտի, Տէր՝ , զինքն ինչու կը մոռնաս: Այդ բազուկներն աշխատանքի համար են, Ոչ՝ մահուան դէմ կռուելու: Բախտը խուցին մէկ անկիւնէն կը խընդայ Օձի ժպտով մ՝ահարկու: Պիտի մեռնի. Խիստ մահացու հիւանդցաւ. Եւ պատանքին մէջ երբեք Պիտ՝ չըտանի սիրելիի մ՝արցունքներն Ու սեւ պւխտերն յուսաբեկ: …Պիտի մեռնի. և իր բընիկ լուսնին տակ, Հարսը սիրոյ ծարաւով` Պիտի զուր տեղ անոր գալուն ըսպասէ… Խեղճ վանուհի, ապահով Յոյսի ամէն խոստումներու վայելքին` Կը ծիծաղիս աստղին հետ. Մինչդեռ կեանքի երկընքին վրայ կը գըծուի Շանթը շողին զուգահետ: Որո՞ւն համար շուշանն ու վարդ փոխ կու տան Իրենց միացումն` այտերուդ. Ինչո՞ւ Վանա լիճն աստղերով կը վառի Նախանձելով աչքերուդ: Որուն համար շուշանն ու վարդ փոխ կու տան Իրենց միացումն այտերուդ, Ինչու Վանայ լիճն աստղերով կը վառի Նախանձելով աչքերուդ: Որո՞ւն համար հաջաղիդ տակ կը պահես Ըմբոստանքներն համբոյրին… Վաղն, հէ՜գ ծաղիկ, պիտի ճամբորդ մը գուժէ. “Մէկ աչքը բաց թաղեցին”: Edited June 10, 2009 by Arpa Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Recommended Posts
Join the conversation
You can post now and register later. If you have an account, sign in now to post with your account.