MosJan Posted March 24, 2009 Report Share Posted March 24, 2009 «Արի տուն» Քո հայրենիքը Հայաստանն է նոր, Ուր ամուլ ժայռն էլ ծաղիկ է ծնում, Ուր թաղուած Մեսրոպ Մաշտոցն ամէն օր Ինձնով քո բախտի մասին է հարցնում Յ. Շիրազ Սփիւռքի մէջ Ապրող բազմաթիւ պատանիներ միշտ երազած են սեփական աչքերով տեսնել իրենց հայրենիքը, որուն մասին լսած եւ կարդացած են միայն£ Ահա կարծես եկած է պահը, որ սփիռքը իր հոգատար թեւերուն տակ առնող ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը, հոգայ նաեւ այդ հարցի մասին՝ մշակելով եւ իրագործման հանգրուանի մէջ դնելով «Արի տուն» խորագրով «Սփիւռքի երիտասարդութեան այցելութիւններ Հայաստան» ծրագրը, որուն նպատակն է Հայաստանը ճանաչելի դարձնել աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդութեան: Հայրենիք այցելող սփիւռքահայ երիտասարդները պիտի ապրին Հայաստանի ընտանիքներու մէջ, շփուին բնակչութեան առօրեայի հետ, ծանօթանան տեղի աւանդոյթներուն ու սովորոյթներուն: Երիտասարդները շփուելով իրական հայրենիքի հետ, իրենց մէջ կը ձեւաւորուի հայրենիքի նկատմամբ պատասխանատւութեան եւ իրաւունքի գիտակցութիւնը£ «Արի տուն» ծրագիրը նախատեսուած է իրականացնել 2009 թուականի Մայիս-Հոկտեմբեր ամիսներուն: Հրաւիրուող Սփիւռքի տարբեր գաղթօջախներու 14-25 տարեկան հայ երիտասարդներու այցելությունը պիտի տեւէ երկու շաբաթ՝ տարբեր հանգրուաններով: Իւրաքանչիւր ամիս տարբեր գաղթօճախներէն պիտի ձեւաւորուի մինչեւ 50 հոգիէ բաղկացած երիտասարդական երկու խումբ, որոնք ծրագրի ծիրէն ներս պիտի կատարեն ճանաչողական այցեր դէպի պատմամշակութային յուշարձաններ, թանգարաններ, տեսարժան վայրեր, պիտի մասնակցին ուսուցողական ծրագրերու՝ յաճախելով հայոց լեզուի եւ գրականութեան, Հայաստանի աշխարհագրութեան, հայ ժողովուրդի եւ եկեղեցւոյ պատմութեան, հայկական ազգային երգի եւ պարի խմբակներու, ինչպէս նաեւ ճանաչողական հանդիպումներ պիտի ունենան Հայաստանի պետական հասարակական այրերու հետ: Ծրագիրը պիտի իրականացուի պետական, մասնաւոր եւ հասարակական հատուածներու սերտ համագործակցութեամբ: Հիւրընկալ ընտանիքներու ընտրութեան գործընթացը կազմակերպուած է տեղական ինքնակառավարման մարմիններու միջոցով: Աշխատանքներու մէջ ներգրաւուած են տեղական ինքնակառավարման մարմինները, Հայաստանի Հանրապետութեան Կոտայքի, Արարատի, Արմաւիրի, Արագածոտնի մարզպետարանները եւ անոնց կողմէ նշանակուած կրթական հաստատութիւնները: Սփիւռքահայ ծնողները պէտք է լիովին վստահ ըլլան, որ իրենց զաւակները պիտի ըլլան ապահով ձեռքերու մէջ, որովհետեւ հիւրընկալուողները ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան՝ այլ խօսքով պետութեան հիւրերն են, ուստի նախարարութիւնը ուսումնասիրած է ծրագրի բոլոր ծալքերը եւ հնարաւորինս ապահով ու հարմարաւէտ պայմաններ պիտի ստեղծէ մասնակիցներուն համար: Նախարարութիւնը մեծ բծախնդրութեամբ ընտրած է այն ընտանիքները, որոնց պիտի վստահուի հիւրընկալութիւնը սփիւռքահայ երիտասարդներուն: Ընտանիքներու նախնական ցուցակը կազմած են դպրոցներու տնօրէնները, ապա այդ ցուցակը ուսումնասիրած են թաղապետերը եւ յանձնած Սփիւռքի նախարարութեան, որուն աշխատակիցները նոյնպէս ուսումնասիրած ու վերջնական տեսքի բերած են այն, ապա անձամբ այցելած այն ընտանիքները ու ստուգած, որ արդեօք անոնք կամբողջացնե՞ն պահանջուած չափորոշիչները: Հիւրընկալ ընտանիքը պէտք է ըլլայ բարեկեցիկ, ունենայ կենցաղային անհրաժեշտ պայմաններ, ունենայ հիւրընկալող սփիւռքահայ երիտասարդ կամ պատանիին հասակակաից երեխաներ, թոռներ, ապահովէ ջերմ, ապահով ու առողջ մթնոլորտ, իր հիւրի հետ վերաբերի իբրեւ ընտանիքի լիիրաւ անդամի: Մասնակիցներու վրայ պարտք դրուած է ապահովել՝ միայնն իրենց ուղեւորութեան տոմսերը, թէեւ նախարարութիւնը յոյս ունի, որ համայնքներու մէջ գործող կազմակերպութիւնները, միութիւններն ու անհատ բարերաները իրենց նիւթական ներդրումը կ°ունեան այդ գործին մէջ, որպէսզի մանակիցներուն համար ստեղծուին նիւթական առաւել յարմարաւէտ պայմաններ: Մասնակիցները զերծ պիտի մնան մուտքի վիզայի, ելքի տուրքի եւ կեցութեան ու սնունդի ծախսերէն: «Արի տուն» ծրագրի իրականացման գործընթացի կազմակերպման ու իրականացման համար յառաջացած է յատուկ համակարգող խորհուրդ, որ կը բաղկանայ 34 անդամներէ՝ գլխաւորութեամբ ՀՀ Սփիւռքի նախարարի, որ ինքնիրեն վերապահած է ծրագրի հսկողութիւնը: ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը համոզուած է, որ «Արի տուն» ծրագիրը պիտի իրականացնէ հայազօրացման առաքելութիւն՝ նպատակ ունենալով ձեւաւորել սեփական արմատներով զօրաւոր եւ հպարտ հայ սերունդ` ուծացումի վտանգներէն ծնած, բայց մկրտուած սեփական ինքնութեամբ եւ ոգիով, իսկ այդ բոլորը պիտի նպաստէ Հայաստան-Սփիւռք բարոյահոգեբանական եւ կրթամշակութային միասնութեան եւ հայադարձութեան: Նայիրի Մկրտիչեան-Տաղլեան nayirim@yahoo.com Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Arpa Posted March 25, 2009 Report Share Posted March 25, 2009 Off topic? Who is this Nayiri , Նայիրի Մկրտիչեան-Տաղլեան that writes in the Yerevan dialect but uses classical orthography? Is this a new trend? Are the opposing poles coming together in the middle? Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Johannes Posted March 25, 2009 Report Share Posted March 25, 2009 (edited) Հաւանաբար բեյրութցի է: Edited March 25, 2009 by Johannes Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Recommended Posts
Join the conversation
You can post now and register later. If you have an account, sign in now to post with your account.