Johannes Posted February 19, 2009 Report Share Posted February 19, 2009 ԱՐՄԵՆԱԿԻ ՍԱՆՈՒԿԸ «ՖՈՐՔ» ՉԸՍԵԼՈՎ ՀԱՅԵՐԷՆ ՍՈՐՎԱԾ Է Կեդրոնականցի Արմենակ Ամանորի առիթով իր զարմիկին այցելութեան գացած էր Նիւ Եորք: Տարիներ առաջ կնքահայր եղած էր անոր զաւակին` Աւոյին, որուն տարեդարձը պիտի տօնուէր: Վերադարձին, մեր ալ Նոր Տարին եւ Ս. Ծննդեան տօնը շնորհաւորելու եկաւ սան մը լեցուն անուշապուրով` Էլպիսի շնորհներով զարդարուած: Կը թուէր, թէ այս անգամ լաւ տրամադրութեամբ վերադարձած էր: Երբ Էլպիս եւ Մակարուհին կը խօսէին Նիւ Եորքի վաճառատուներու զեղչ-վաճառքներու մասին, թէ ինչպէ՛ս եւրոյով գնել նպաստաւոր էր, ինչպէ՛ս տնտեսական տագնապի պատճառով գիները եօթանասուն տոկոսով նուազած էին, Արմենակ «Նոյ կոնեակ»ի երկրորդ բաժակէն ետք, պատմեց հետեւեալը. - Սիրելի Մակար, զարմիկս, որ համեստ արհեստաւոր մըն է, հայու ինքնութեան կերտման մանկավարժութեան օրինակ մը տուաւ: Նախ ըսեմ, որ սանուկս զիս զարմացուցած էր իր սահուն եւ գեղահունչ հայերէնով: Զարմիկիս՝ Արթոյին յայտնեցի զարմացումս եւ ուրախութիւնս: Արմենակ պահ մը կանգ առաւ՝ կարծես հետաքրքրութիւնս սրելու համար: Ապա շարունակեց. - Քեզի պարզութեամբ պատմեմ, թէ ինչպէ՛ս վարժապետ չեղող զարմիկս յաջողած էր Նիւ Եորքի խառնարանին մէջ հայ եւ հայախօս պահել իր զաւակը: Հազիւ դպրոց սկսած իր զաւակը՝ ճաշի սեղանին շուրջ հօրմէն խնդրած է, որ տայ «ֆորքը», ինք չհասկնալ ձեւացուցած է, տղան կրկնած է «ֆորք»: Վերջապէս տղան ըսած է «պատառաքաղ», եւ ինք տուած է պատառաքաղը: Անկէ ետք, տղան իր չգիտցած բառը հարցուցած է եւ օտար բառեր չէ գործածած: Համեստ զարմիկս եղած է օրինակելի վարժապետ, օրինակելի հայ, չէ մտածած պատշաճիլ եւ տեղի տալ, չէ ըսած, որ իր տղան ամերիկացիէն աւելի լաւ անգլերէն պէտք է խօսի, տան մէջ պահած է հայերէնը: - Բայց ինչպէ՞ս այդ կրցած է ընել առանց հայկական վարժարանի: - Շա՛տ պարզ: Իր տան մէջ հայերէն գիրքեր կան, հայերէն թերթ կը հասնի ամէն օր: Տղան սորված է հայերէն երգեր: Իրապէս զարմանալի էր: Հայերէն կը լսէի առանց օտարի շեշտի: Բացատրեց, որ ամերիկայի մանուկները գերի դարձուցած «կէյմ»երէն հեռու պահած էր իր զաւակը: - Բայց ինչպէ՛ս այդ կարելի է, ինչպէս կարելի է մանուկը զրկել: - Ինչո՞ւ կը կարծես, որ զրկած ըլլայ: Հայր եւ մայր զբաղած են իրենց զաւակով: Ան այսօր հաճոյք կը զգայ Մալխասի գիրքերը կարդալով եւ «կէյմ»երու պահանջ չի զգար: Պահ մը լռութենէ ետք, Արմենակ աւելցուց. - Մակա՛ր, գրէ՛ այս մասին, պատմէ՛, ղրկէ՛ հայկական թերթերու, եթէ կրնաս, թարգանէ՛ կամ թարգմանե՛լ տուր եւ թող հայկական թերթերը տպեն: Ինչպէ՞ս կարելի է ոչ ըսել Արմենակի այսքան աղուոր ցանկութեան: Գրեցի: Թարգմանութեան պարտականութիւնն ալ կը թողում դեռ հաւատք ունեցող թերթերուն: Մակար, ի Գաղիա, Յունուար 2009 http://www.aztagdaily.com/DisplayNews.php?ID=18858 Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Recommended Posts
Join the conversation
You can post now and register later. If you have an account, sign in now to post with your account.