Arpa Posted January 8, 2009 Report Share Posted January 8, 2009 (edited) In accordance to the Forum rules to not engage debate under the Subject Topic of Literature, I will move the debate here. http://hyeforum.com/index.php?showtopic=19...mp;#entry254013 Varouzhan the Obscure. There are many synonyms of “obscure” like Մութ, խաւար եւլն. I will choose ԱՆՀԱՍԿԱՆԱԼԻ, ԱՆԾԱՆՕԹ Opening poem, ՈՎ ԴԱՐ, ՈՎ ԴԱՐ**, where he, among others, talks about the Polar Bear. Varouzhan was not only the “heathen/ՀԵԹԱՆՈՍ” that we know, he was an anarchist, anti-hierarchy, also a socialist. See his poem Արքայից Արքայ where he describes himself as ” ընկերվար”. **I had typed the whole thing when I had a major crash and lost it all. I will try and type it again, and this time post whatever segment I have. And when completed5 we can move it all to its proper place in Literature. Edited January 9, 2009 by Arpa Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Arpa Posted January 8, 2009 Author Report Share Posted January 8, 2009 (edited) Please note. Even though the poem is titled “Oh Century, Oh Century“, it in fact speaks about a whole millennium. Preamble. 1 Ո`Վ ԴԱՐ, Ո`Վ ԴԱՐ Ով դար, Ով դար, Ապագան արփագունդի մը նման Արշալուսուածարգանդէդ պիտի ելլէ շողարձակ: Վերջալոյսին գինիներն, եւ անուշ կաթն աստղերուն Հսկայական քու ծիծերդ գեղեցկօրէն կ'ուռեցնեն: Ոճիռներու քըստմնելի անկողնին մէջ պառկեցար- Թալթըլեցաւ մեծ Երազդ արիւններու լիճին մէջ. Բայց վերեւէդ սաւառնող հիւսիսայգերը բոլոր Կողերուդ մէջ ծորեցին արարչահիւթն Աստուծոյ, Եւ գաղափարն, իր թեւերն արծիւի պէս տարածաց, Կը հըսկէ քու երկունքիդ գալարումները հըզօր: Պիտ' ըլլաս ջա`հն Յաւերժին, յոյսը Կեանքին պիտ' ըլլաս: Ժամանակի պարեխին ճակատին վրայ երկնամուխ Ամպրոպաճայթ կայծակներ պիտի անունըդ կռեն. Մարգարտայեռ պիտ' ըլլան մագաղաթներն` որոնց մէջ Կամքիդ հրդեհն ու մուրճիդ կայծերն պիտի ծրարուին: 2 Ժողովուրդներն աւասիկ կը խորտակեն շըղթաներն Եւ անոնցմով տէրն իրենց կատաղօրէն կը ձաղկեն: Արեւելքն իս կը զարթնու նման այն թարըմ հարսին Որ վարդի պէս դուրս կելլէ առագաստի քողերէն. Աւանդական քաղաքներն անրջանքով պարըսպուած` Արդ կը խռովինուծովու պէս, եւ հընոցի պէս կ’եռան Ուր կը հալի լուծն երկաթ, Օրէնքն ոսկի կը ձուլուի: Մոխիրի եւ կապարիհրեղէն անձրեւ կը տեղայ Իրանին վրայ: Կը մեռնին կարապներն ալ Մեղկութեան Իսպահանի արիւնոտ վարդերուն տակ` գլխիկոր… Կը սասանի ՍասանացՏունն հիմունքին վրայ գաղփաղփ: Էնճումանի շեմին վրայ կը կոտրի թուրն արքային… Ի~նչ վատ փախուստ Շահերու, Սատրապներու Կըրտըւած Որոնք կ’երթան ծառայել Արեւմուտքի թագերուն Գոգնոցի պէս առջեւնին կապած իրենց ծիրանին: 3 Ամեհագ եղ երիվարն աստեղաբիր Զինեալին Հրեղէն պայտն իր կը դնէ Դարեհներուն գահին վրայ Թողլով որ իր հետքին վրայ ծըլի Յոյսի վարդ ենին. Եւ արիւնած ժողովուրդն, հաւարքով լի, կօրօրէ Շիրիմին վրայ Իրանին Պարսկաստանի օրօրան: Հոս, ուր Սուրը կը հնձէր Հայաստանէն Բիւզանդիոն, Նո~ր արշալոյս կը պոր թկայնահատակներուն շիրիմէն: Հայը` լքուած դարերէն, բայց Յաւերժէն ընտըրուած, Նո`ր Իսրայէլ, մոխիրով ու կայծովն իր օջախին Գիշերը ռումբ կը շաղուէ, առտուն պատրանք կըզգեղնու Եւ իր արեանովկիանինվիհին յատակը իջած` Կը խուզարկէ իր սըրտով, հանճարովն իր կը գըտնէ Ազատութեանմարգարիտն, ո``վ Դար, թագի`դ իսկ համար: Աչքերը ա`լ մարդկայինՒեղճին արփւոյն կը բացուին,- Կըրնայ դահիճը ննջել` զի Մոնղոլն ա`լ կը զարթնու, Ու Եղեռնի սուսերներն այսօր ահա կը շողան Աւելի` բարձր ու արդարյաղթանակի մը համար: Ըստամպոլիուղիներն, առջի անգամ ըլլալով, Ժողովուրդի հեղեղներ կ’առաջնորդեն դէպի վեհ Նըպատակին մը ազնիւ, այսօրայլեւս հասկըց ուած Դուրս կը փսխէ բռնակալն իր արիւններըլակած. Եւ Ասիոյ շեմն արդէնծիրանեփայլկը կարմըրի… Մինչդեռ անդին գեղեցիկ խոյացումով կը քանդեն Գոգն ու Մագոգ իրենց հաստ, աւանդական պարիսպներն, Եւ զմրսուածկուրքերուն, կընքըւածհին օրէնքին Թաւալման Ձայնը կու գայ շեփորներու երախէն. 4 Ասդին` արդէն Ռուսական Մարգերուն վրայ կ’որոտան… Հրաւէրները կռուին, եւ խոստումներն Երազին… Բեւեռներուն մէջ ռումբերն ամպերու պէս կը գոռան: Սառնակոյտերը, նման ադամանդեայ ժայռերու, Կը թաւալին: Արջերն իսկ ընդվզումի շեփորէն Սարսափահար աչքերով հիւսիսայգին կը նային: Մինչ կը կանգնեն բանտերն յաղթ` անդին կ’իյնան պալատներ Հաւնոցներու պէս անարգ` մրիիկներէն գերփւած: Կանցնին ռումբերն Ֆինլանտէն մինչեւ Կովկասը խրոխտ, Եւ պայթումին մէջ իրենց, իրենց բոցին մէջ աղուաոր, Վարդենիի հրավառանտարակներ կը ծաղկին: Կ'արթըննան ճիղմ հասակներն , ուժ ստեղծող կ’արթըննայ Բոցց նու արիւնը իրենց հեղեղին մէջ հափակիչ Կառնեն, կը գլեն, կը քշեն, կ’ընկղմեն վիհն Անցեալին Կռարձաններն ոսկեձոյլ, քըրմապետներն ընչաքաղց, Օրինագիրքն իւղոտած եւ գայիսոնը ցեցոտ: Կ’անցնին,կ’անցնին Աստուածներն, անմահացածցած մարդօրէն, Պրոմեէթներ, որոնք յաղթ հասակներով արփամերձ, Վերն, Աստուծոյ ոտքին տակ մանգաղն իրնենց երկարած, Կը հնձեն դաշտերն աստղածուփ, անդաստանները լուսնին, Ու երկնային կրակով երկիրը մեր կը ցանեն: 5 Ո`վ Դար, ո`վԴար, Ֆերրերի արիւնաթաթախ խրոխտ Ոգի… Կ’ըլլայ Սպանիան հրաբուխ, եւ Փորթուկալը` հրդեհ, Ցուլ Ժողովուրդներն եջիւրներն իբրեւ շանթեր կը ցըցէ Մատրիտի մեղկ գահին դէմ, ճորտն Հրովմի Աթոռին: Կուատալուփ կը կարմրի ըմբոստներու արիւնով, Եւ իր սահանքը կերգէ պարեխներու մէջ ,- Վրէ~ժ… Անտալուզի աղջիկնե`րը, շուշանով պըսակուած, Խոստովանիլ չեն երթար, այլ փաղանգին մէջ ըմբոստ Կառուգանան: Դրօշակներն ընկերահաշտ հայրենեաց Քամիներէուն կը հանձնեն մազերնուն հետ թխածուփ: Մարդկային Միտքն Ընկերվար կ’ուգայ բանալ վէրջապէս Իմաստութեան ըսփինքսին ապառաժէ շըրթունքներն.- Հրէշն ամենուն կը խոսի, կը սորվեցնէ ամենուն. Կը պատռտէ անխընայ ճիրաններուն տակ արնոտ Ստութեան Գիրքը բոլոր դասակարգեալ քուրմերուն: Արեւելքէն Արեւմուտք եւ Հիւսիսէն մինչ Հարաւ Քաղցը կոռնայ շան մը պէս, Քաղցն Յիսուսի պէս կուլայ, Ու վերջապէս միակ Զոհ, ու վերջապէս միակ Ուժ Իմաստութիւննն ա`լ կ’ըլլայ` ցարդ Տառապեալն ըլլալուն. Ան, աշխարհի իբր արանցք կըլլայ օրէնք մ’աննըման` Զոր չճանչցաւ Սոկրատէս, հազի՝՝ւ Քրիստոս երազեց: Ո`վ Դար, ո`վ Դար, դու նեռի աշխարհացունց մռայ`լ Ոգի… 6 Եկեղեցին կը սարսի իր սեմերուն վրայ կաւէ: Բոլոր շըղթան Իմաստակ Ուսուցումին չի զօրեր Աւետարանը լծել անոր ոգւոյն հետ անհաշտ: Հովիւներունսւ Սըրտին մէջ կը յայտնուին գայլերն, Կը նախընտրեն ա`լ հօտերն, հոգիներրն ա`լ կը սիրեն Երթալ ազատ, թափառիլ աստղերուն տակ Խորհուրդին Քան թէ հըլու մակաղիլ ճիրաններու տակ նենգող: Լոմաներու փոխարէն`Պապերն ի զուր կը տքնին Բանալ դռները Դրախտին` բալլիքներով ժանգոտած: Վանքերու մէջ բոզութիւնը շուայտօրէն կը կըտղի. Զոյգ մեղքերն այր ու կնոջ` կ’ապրին միակ ցանկութեամբ…. Կ’ըլլայ Հռովմ` նոր Սոդոմ, Երուսաղէմ` նոր Գոմոր: Աստուծոյ քառը ի զու`ր իրենց խրոխտ բագնին վրայ Անոնք կ'հանեն աճուրդի, շռայլօրէն կը բաւեն Արքայութեան հաճոյքներն ու կրակները Դժոխքին. 7 Մենաշնորհով կրօնքներունանոնք ի զուր կը սպառնան.- Ժողողովուրդն ա`լ կը մրնչէ~վերքին ցաւեն դարաւոր. Կ’ուզէ որ աչքն Աստուծոյ` ազատ մարդուն խիղճին մէջ Ազատօրէնցոլանայ… Սաւառնի հեստ հոգին Ահա նորէն կ’արբենայմենաստանիմէջ ապրող Անկեղծներուն սըրտինմէջ.- Ըմբոստութիւնը նոյնիսկ Բ աղեղնապատ վնքերունկամարին տակ կը փըրփ րի: Չորս ծագերու չորս գոռոզԵկեղեցիքնահաւասիկ Իրարու դէմ անգամ մալըմդդիմամարտ կը փշրին: Ո~վ Պռունօ, այն խարոյկն`ուր սուրբի պէս այրեցար, Եւ որուն կայծը ըսեմ?- բուրվառէ միսկդըրուեցաւ, Այժըմ վրէժիդ ի խընդիր զայնկ’արծարծենզաւակներդ, Եւ անոր մէջ կը նետէնՀասուններուն կեղծուրարն, Աղերսակու կոնդակներ, բոլոր թուղթերն իմաստակ, Եւ յիշատակն արիւնոտ Գալուիններու, եւ մատնին Քարձ Պապերուն, որով քսան դարեր ամբողջկընքեցին Ճշմարտութեանլոյս բերանն, ու լոյս ուղեղը մարդուն: Պատրիարքն եր գահազուրկ, Պտրիրքներ ընկեցիկ, Որոնք եղան նրէքինին Համիտներու Հարեմին, Որոնք իրենց լանջախաչ արիւններով պըճնեցին, Կը թաւալին աւասիկճակատագրինմրրիկէն, Եւ Մարդկութիւնն ողջակէզ, ու Մարդկութիւնը հերոս, Ճակատագիրը իսկ է, արդարադատ Նեռն իսկ է Զոր ինքն Աստուած` խոստացաւ, զոր ինքն Աստուա`ծ ուղարկեց: 8 Ո`վ Դար, ո`վ Դար, դե`հ անցիր, եւ թող քու մէջ միշետ ապրին Ջըղաձիգ մարտ, ողջակէզ, պայքար, անկում, յաղթնակ… Յաւերժութեան ծոցին մ էջՍափոր մ’ես , լի արիւնով, Ե`ւ ըդեղով, ե`ւ կամքով, ե`ւ զոհերու հաւատքով: Վառ հընոց մ’ես ուրկէ դուրս, ճակտին դըրած Արշալոյս, Պիտի աշխարհը ելլէ նորոգուա~ծ ու գեղեցի~կ Եւ պիտ’ ըլլայ արժանի Արեւին շուրջ դառնալուն… Ո`վ Դար, ո`վ Դար յուսագեղ, դու Մարդկութեա~ն Առաւոտ… Edited January 10, 2009 by Arpa Quote Link to comment Share on other sites More sharing options...
Recommended Posts
Join the conversation
You can post now and register later. If you have an account, sign in now to post with your account.