Jump to content

Coded Messages


Arpa

Recommended Posts

Speaking of “azatqegh/ազատքեղparsley…in another thread. Many of us better know it as “maghtanos”.

During and in the aftermath of the Great Repatriation/Ներքաղթ in the mid 1940’s there were many “coded” letters sent back.

One of the best may have been - “Do you remember the shop of Ahmed the carpenter in the old city of Aleppo? He made beautiful furniture. Do buy some of his furniture”!

Ahmed the carpenter made funerary caskets/դակաղ:

Another letter cited the following Biblical passage from the Psalms, hinting to the lack of religious spirit.

(Please note. The Armenian version of the Bible is incorrect. The following passage is from the Psalms Ch. 42, not 41. )

41 …2Ինչպէս եղջերուն ջրի ակունքներին է փափագում, այնպէս էլ ես քեզ եմ փափագում, ո՛վ Աստուած. 3հոգիս ծարաւ է քեզ, Աստուած հզօր եւ կենդանի. ե՞րբ պիտի գամ ու երեւամ Աստծու առաջ։ 4Գիշեր-ցերեկ իմ արցունքներով սնուեցի, քանզի ամէն օր ինձ ասում էին. «Քո Աստուածն ո՞ւր է»։

Pss.42

[1] As the hart panteth after the water brooks, so panteth my soul after thee, O God.

The best of the coded messages may have been this;

“Հոս մաղտանոս շատ կայ”!!

Those who knew the lingo-culture, recognized it to mean an old Moushetsi ditty -

"Ախ մաղտանոս, մաղտանոս: Ինչ քաք կերայ եկայ հոս”

Edited by Arpa
Link to comment
Share on other sites

Տունը գիրք մ'ունիմ, Սիբիր աքսորուած բնիկ արեւելահայի մը գրիչով գրուած, ուր կը նկարագրէ անասելի, անպատմելի ցաւալի դրուագներ: Գիրքին մէջ տեղ գտած են ներգաղթողներու մասին պատումներ, ռուս եւ ուրիշ ազգի տարբեր խաւերէ մարդոց նկարագրեր ու աքսորական կեանքի տաժանք: Չեմ կրցած աւարտին հասնիլ, քանզի այդ գիրքը ահաւոր ցնցում պատճառած է, ամէն անգամ որ ուզած եմ ամբողջացնել ընթերցումը: Յար եւ նման Շիրազի Հայոց Դանթէականին:

Եթէ ճիշտ կը յիշեմ գիրքի խորագիրը. «Ես յանցանք գործեցի» է: Արդարեւ ան, որպէս մասնագէտ գիւղատնտես, գործի կը հրաւիրուի ռուսական գիւղ մը: Ընթացքին կը նկատէ անհարկի, շինծու, մարդաստեղծ սով մը, որմէ կը տանջուին ամբողջ ընտանիքներ: Այս առթիւ նամակ մը կը յղէ իշխանութեան բարձր մարմինի մը. մտածելով թէ՝ եղածը թիւրիմացութեան արդիւնք է, եւ սովետ իշխանութիւնը՝ իր դաստիարակուած ու կրթուած գաղափարները մարմացող իշխանութիւնը, չի կրնար այսքան անողոք գտնուիլ բանուորներու եւ մշակներու հանդէպ: Ահա այստեղ սխալ կը գործէ, որ կ’ըլլայ նաեւ իր վերջին սխալ գործելու առիթը: Ներքին գործոց ոստիկանութեան քննչարան, հարցաքնում, ահաւոր տանջանք, ի վերջոյ յայտնուելու համար. Սիբիր գացող երկաթուղիի կառքի մը մէջ: Փայտահատ կ'աշխատի զերոյէն նուազ չեմ յիշեր ինչ սիբիրեան ջերմաստիճանի ներքեւ: Ձեւով մը կը գոյատեւէ բոսորած հացի փշրանք ուտելով: Ի վերջոյ փախուստ ու յայտնում արտասահման, ինչ որ առիթ կընծայէ այս գիրքի հրատարակման:

Մարդը թիւ եղած է, եւ ոչ հոգի, արժէք գնահատելի. մարդակեր կայսրերու համար, որոնք ունին հարիւր միլիոն գումարող հպատակներ: Տաս հազար աւելի կամ պակաս արժէք չի ներկայացներ, կարեւորը հնգամեայ ծրագիրներու իրականացումն էր, ու Սովետական Հայրենիքի՝ գիւղատնտեսական երկրէ ճարտարարուեստական երկրի վերածումը:

«Բանուորներ բոլոր երկիրների միացէ'ք»

Գեղեցիկ, վեհ գաղափարներով մարդոց հիպնոսացնելու եւ գործիք դարձնելու դիպուկ եւ անժամանցելի օրինակ է. Սովետ Միութեան ստեղծման պատմութիւնը, որուն առաջին էջերուն վրայ կը կարդանք այդ «բանուորական» պետութեան առաջամարտիկներու խողխողումը ամէնէն առաջ: Բանուորներու մաքրագործում, որպէսզի միահեծան իշխէ եւ իշխանութիւնը առանձին վայելէ, մի այլ բանուոր: Ի՜նչ հասկացանք դասակարգային այս յեղափոխութենէն, երբ ազնուական արիւն ունեցող կայսրը պիտի փոխարինուէր ռամիկ, հասարակ ծագում ունեցող կայսրով մը: Ի վերջոյ, մարդոց համար կայսրը կայսր է, ծագումը ինչ ալ ըլլայ: Թերեւս տարբերութիւն այն է, որ ազնուական կայսրը ազնուաբար կը սպաննէ, իսկ ռամիկը՝ ռամկաբար:

Edited by Johannes
Link to comment
Share on other sites

Join the conversation

You can post now and register later. If you have an account, sign in now to post with your account.

Guest
Reply to this topic...

×   Pasted as rich text.   Paste as plain text instead

  Only 75 emoji are allowed.

×   Your link has been automatically embedded.   Display as a link instead

×   Your previous content has been restored.   Clear editor

×   You cannot paste images directly. Upload or insert images from URL.

Loading...
×
×
  • Create New...