Jump to content

"New Armenian in Abraham's Land"


Johannes

Recommended Posts

Առ ի պատասխան Արփայի առաջարկին.-

http://hyeforum.com/index.php?showtopic=17874&view=findpost&p=226699

Նորեկ Հայեր Աբրահամի երկրին մէջ

Karen Jeppe-ի յուշերը, 1930 (տետր թիւ 1)

«Գանձասար», Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի պաշտօնաթերթ, 1996-ի բացառիկ

 

Յառաջաբան

Օրդ. Karen Jeppe-ն՝ Ուրֆացի հայերուն անծանօթ մը չէ: 1909-ին արդէն Ուրֆայի մէջ հաստատուած, կը հսկէր Ուրֆայի մէջ հիմնադրուած՝ Dr. Johannes Lepsius հայերու օգնութեան մասնաճիւղին:

1915-ի համաշխարհային մեծ Պատերազմին ականատես եղած էր թուրքին՝ հայերու դէմ որդեգրած տեղահանութեանց եւ չարչարանքներուն: 1922-23-ին, ընդհանուր պատերազմէն վերջ է որ կը վերսկսի որբահաւաքի աշխատանքին, անոնց տեղաւորման եւ կենցաղին օգնելու:

Իր այս յուշերով կու տայ պատկերը թուրք, արաբ եւ հայ ժողովուրդներու մարդկայնութեան ըմբռնումի տարբերութեան եւ հայ ժողովուրդի վերակենդանացման հաւաստիքին:

Օրդ. Karen Jeppe-ի այս յուշերը՝ գերմաներէնէ հայերէնին թարգմանուեցան, որպէսզի հայերը, ի մասնաւորի հալէպահայեր եւ Karen Jeppe-ի ճեմարանականներ ըմբռնեն խոր յարգանքով՝ դանիացի օրդ. Karen Jeppe-ի հայուն բերած բարիքը:

Karen_Jeppe.jpg

Edited by Johannes
Link to comment
Share on other sites

1914-1924 տասնամեակի խիստ ցաւալի եւ մթագնած յուզմունքի յիշատակը մարդկութիւնը տպաւորեց մահասարսուռով մը: Կարելէ չէ երեւակայել անձ մը եւ կամ ժողովուրդ մը, որ այսքան զարհուրելի եւ քստմնելի պատուհասներով ողողուած ըլլայ: Որովհետեւ ոչ միայն անհաշիւ հոգիներ անխոհեմ կերպով բնաջնջուեցան, այլ նաեւ բազում գնահատելի արժէքներ փճացուեցան ծուխին ու կրակին մէջ, ծանրաբեռնելու համար կորուստներու արհաւիրքը, բայց եւ այնպէս անոնք (թուրքեր) ուզեցին նոյնիսկ իրենց վերջին վայրագութեանց փամփուշտը գործածել ազգ մը բնաջնջելու: Այո, այսօր կը զգանք այդ արհաւիրքը ամէն քայլափոխի: Համայն մարդկային կառոյցը կարծես երկրաշարժով մը ցնցուած՝ կը ստիպէ մեզ փորուած գերեզմաններէ դուրս գալ դարձեալ եւ հանդիպակած ժայռի մը վրայ ելլելով՝ խլեակներ վերակենդանացնել:

 

Եթէ մարդիկ պէտք կը զգան այսքան իրականութիւններ յայտարարելու, եթէ համայն մարդկութիւնը վիշտով լեցուեցաւ, նկատելի է որ՝ կարգ մը տեղեր այդ օրերու ազդեցութիւնը բացառիկ ողբերգական էր: Այս աշխարհի բնակիչներէն ոեւէ ժողովուրդի չէր վիճակուած ենթարկուելու այսքան փճացումի: Բնաջնջում եւ ջարդ, ինչ որ հայոց պատահեցաւ պատերազմի դաշտի պաշտպանութեան հետ բնաւ կապ չունի:

 

Այս ժողովուրդի գլխուն իջած խժդժութիւնները, պատերազմի միջոցին, հոս նկատի չենք առներ: Ներկայիս մենք գործ ունինք անոր հետեւանքներուն հետ: Կատարուածը կարելի է ներկայացնել հետեւեալ ձեւով.-

 

-2 միլիոն հայեր կը բնակէին ընդհ. Պատերազմէն առաջ թուրքիոյ մէջ, որոնց 1 միլիոնը մեռած է փճացման թրքական տարագրութեան զանազան ձեւերով: Վերապրողներէն քանի մը հազար խլեակներ, Իստանբուլ բնակողներէ զատ, իրենց ինչքերէն կողոպտուած՝ առանց բնակարանի գաւառները մնացած էին. տես՝ J. Lepsius-ի 1930-ի տպագիր "Der Totesgang des Armenischen Volkes" «Մահուան Առաջնորդուած Հայ Ժողովուրդը» գիրքը:

 

Ընդհանուր Ա. Մեծ Պատերազմէն առաջ 4-5 միլիոն հայեր կային. մէկ մասին բնակութիւնը թուրքիայէն (Արեւմտահայաստան, Կիլիկիա եւ յարակից տարածք-Յովհ.) դուրս ալ նպաստաւոր չէր եղած: Օրինակ՝ 100 հազար մը մահացած էին անօթութենէ Ռուսիոյ մէջ, ինչ որ մարասպանութեան հետեւանք չէր, այլ ժողովուրդներու ճակատագիր, այնպէս որ թուրքերու գործադրած հայաջնջման, genocide-ի հետ չի բաղդատուիր:

 

Զարմանալի է որ հայերը դեռ գոյութիւն ունին, ամբողջութեամբ չեն ոչինչացուած եւ իրենց գոյատեւման պայքարին վերսկսած են:

 

Աղէտը շարունակուեցաւ: Անոնք որոնք թուրքիոյ մէջ մնացած էին իբրեւ մոռցուած-կորսուածներ, թրքական իշխանութենէն միշտ հետապնդուեցան, 1915-ի սեւ օրերու դժոխքը յիշեցնելով:

 

1915-ի մեծ տարագրութեան մասին խօսուեցաւ եւ գրուեցաւ: Սա իր տեսակին մէջ այնքան անմարդկային էր, որ մինչ օրս անհաւանական կը թուի նման երեւոյթի գործադրուած ըլլալը նախապէս: Այդ դժոխքին ականատեսը եղայ, օրը ապրեցայ: Կարծես գէշ երազ մըն էր...բայց իրապէս, այդ, Հայկական Բարձրավանդակի եւ թուրքիոյ քրիստոնեայ բնակչութեան դէմ կազմակերպուած բնաջնջում էր:

 

Միւս կողմէն, 100 հազարի հասնող եւ ողջ մնացած կիլիկեցի հայեր, Սուրիա տարագրուեցան, ուղղակի անապատ ղրկուելու, ուր միւսները ջարդուած էին:

 

Մեծ Պատերազմի զինադադարէն ետք, գտնուեցան խեղճուկ մնացորդներ, որոնք իրար քով եկան կարգ մը սուրիական քաղաքներու մէջ, ոմանք՝ բանակէն եկան, մաս մըն ալ եկան. թուրքիոյ մէջ մնացած, եւ կոտորածէն պրծածներէն:

 

Ամերիկեան Near East Relief-ի մարդասիրական հաստատութիւնը սկսաւ հաւաքել փախստականները: Ասոնցմէ մաս մը վերադարձան իրենց հայրենիքը, ի մասնաւորի կիլիկեցիներ, այն շրջանները, ուր ֆրանսական բանակը գրաւած էր եւ հոն սկսան վերակառուցանել իրենց փլատակները:

 

Շատ մը ընտանիքներ ցիր ու ցան եղած էին: Յաճախ, երբ որբեր կը հաւաքէին հարցը կը կեդրոնանար անոնց ծնողաց մասին, որոնց ինքնութիւնը ճշդելը շատ դժուար կ’ըլլար: Երբեմն՝ բանակէն ազատուած այր մը կը գտնէր իւրայինները, որոնք մեռած կամ անյայտացած կը կարծուէին: Ան որ առանձին մնացած էր. Ուրիշ կնկայ հետ ամուսնացաւ: Այսպէս, նոր ընտանիքներ կազմուեցան:

 

Սուրիոյ մէջ այսպիսի հայեր համեմատաբար քիչ մնացին: Ոմանք իրենց նախկին բնակավայրը, լամ ԱՄերիկա կամ այլուր գացին. Միանալու իրենց հեռաւոր մէկ ազգականին: Կարելի չէր այլեւս ասոնց ըսել թէ..«ո՞ւր կը փախչիք»:

 

Բոլորովին տարբեր վիճակ ստեղծուեցաւ, երբ ֆրանսացիները թուրքերուն տուին Կիլիկիան. 1921-1922 եւ 1922-23-ին: Հազարներ հայեր փախան դէպի Սուրիա, մանաւանդ Հալէպ, որ ազատարար դուռ էր. բնակութիւն եւ աշխատանք ճարելու համար: Այդ տարին, գաղթողներուն դրութիւնը ցնցիչ էր: թուրքիայէն խուճապով փախչող կիլիկեցի հայերու նոր կարաւաններուն խառնուած էին թուրքիոյ ներքին գաւառներուն մէջ մնացած սարսափահար քրիստոնեաներ- յոյներ, ասորիներ եւայլն:

 

Այսպիսի կացութեան դիմաց մարդ ինքզինք անկարողս կը զգայ: Ո՞ր մէկուն հասնիլ, ո՞ր մէկը դարմանել: Ժամանակը կամաց կամաց օգնեց: Յոյները փոխադրուեցան Յունաստան: Հայեր՝ մեծաւ մասամբ արտասահման կը գաղթէին, այսինքն՝ 200 հազար նորեկներէն. հազիւ 100 հազար մը մնացած էր Սուրիոյ զանազան շրջաններուն մէջ (անապատ, ծովեզերք, մեծ քաղաքներ): Սկիզբը, հայեր կեդրոնացան քաղաքներու մէջ, ուր սակայն բնիկներ, իրենք ապրուստի դժուարութիւն ունէին: Իսլամ գիւղացիի եւ բեդեւիի հանդէպ վստահութիւն չունէին, քանի որ 1915-ի գաղթի ժամանակ, անապատի մէջ՝ ցմրուր ճաշակած էին սովն եւ պապակը: Ուրեմն՝ չէին ուզեր քաղաքներէն հեռանալ, ուր գոնէ կեանքի ապահովութիւն կար:

 

Այն օրերուն՝ հիւսիսային Սուրիոյ ֆրանսական բարձր կոմիսարի (Haut Commissaire) ներկայացուցիչը՝ ժեներալ Billotte-ն էր, որ իր բարի հեռատեսութեամբ եւ մարդկայնութեամբ մեծ բաժին մը վերցուց, այս դժբախտներուն իրավիճակի բարելաւման համար եւ ձեռնարկեց անոնցմէ մաս մը տեղաւորել Եփրատի հովիտին մէջ, ուր քիչ բնակութիւն կար եւ որ արշակաւան դարձած էր բեդեւիներու արջառներուն:

 

Հայերուն ունեցած վախն ու անվստահութիւնը փարատել կարելի չեղաւ, ինչ որ մեզի համար հասկնալի էր: Դեռ 3-4 տարի անցած չէր, երբ՝ ֆրանսացիները զիրենք ի Կիլիկիա հրապուրեցին եւ կարճ ժամանակ մը վերջ՝ անճար թողուցին:

 

Անոնք կը սոսկային նաեւ բեդեւիներէն: Պատերազմի տարիներուն, հայերը անապատին մէջ՝ անտէր թռչուններու կը նմանէին, ոեւէ անձ անոնց կը սպաննէր, կամ կը վերաբերեր, իբրեւ գերի, քանի որ՝ նոյնիսկ պատերազմէն առաջ ալ՝ իշխանութեանց կողմէ պաշտպանուած չէին: թուրքիոյ մէջ հայ մը սպաննելը միշտ անկարեւոր խնդիր էր, ոճրագործ պատժելու հարց չէր ըլլար:

 

1923-ին, արաբ բեդեւիներու շէխերուն մօտ, ֆրանսական իշխանութիւնը առաջարկ տարաւ: Հայեր՝ նման առաջարկէ կը խրտչէին: Հաւանաբար, ժեներալ Bilotte-ն աւելի աջող պիտի ըլլար, եթէ զանոնք ծովեզերքը բնակեցնել ուզէր, բայց իր անձնական կարծիքով՝ Եփրատի հովիտն աւելի խոստումնալից էր: Հոս կար նկատառելի հողային տարածք, զորս կառավարութիւնը կրնար տրամադրել: Ասիկա լաւ միտք էր, բայց դժբախտաբար, այդ օրերու կացութեամբ՝ ոչ գործադրելի:

 

Յամենայնդէպս հայերու տեղաւորումը Եփրատի հովիտին մէջ սկսաւ: Եւ այս, կարելի ընելու համար պէտք եղաւ շարժման մէջ դնել խորհուրդ եւ միջոցներ. աշխարհի զանազան պետական աղբիւրներէ: Իրապէս մարդ կը զարմանայ՝ թէ որքան համագործակցական աշխատանք պէտք է, ճիշտ առիթի ներկայութեան՝ նպատակակէտն ուղղուելու:

 

Ուրեմն՝ տեղեակ պահուած էին Միջազգային Խաղաղութեան Հասկացողութեան Ընկերակցութիւնը, եւ բեդեւիներէն փաշա մը, որ Կարմուճցի գիւղացիներ (Կարմուճ՝ Ուրֆայի մօտ գիւղ է) տեղաւորուին Եփրատի հովիտը: Ասոնց միջնորդը եղանք մենք: Վերջապէս եկաւ Ազգերու Դաշնակցութիւնը իր ներկայացուցիչով (Frl. Jeppe) պէտք եղած իրաւասութեամբ՝ իշխանութիւն եւ օգնութիւն տալու: Միջազգային Խաղաղութեան Հասկացողութեան Ընկերակցութիւնը ըմբռնեց, որ պէտք է շուտ հարթել պատերազմի հետեւանքը, որպէսզի աշխարհի խաղաղութիւնը ամրանայ: Զբաղեցաւ նաեւ հայկական հարցով եւ առաջարկեց, որ հայեր տեղաւորուին իսլամներուն մէջ. Ազգերու Դաշնակցութեան առաջնորդութեամբ:

 

Պէտք է ընդունիլ, որ խնդիրը հարցական կէտեր շատ ունէր. Հայերը ո՞ւր կարելի էր տեղաւորել. Անոնց ծախսը ինչպէ՞ս պիտի հոգացուէր: Դիւրին չէր:

 

Առաջարկը՝ Միջազգային Խաղաղութեան Ընկերակցութեան կողմէ, ինձ ուղղուեցաւ: Այդ տեղը, ես նկատեցի նոր բացուած դուռ մը՝ թուրքիայէն վտարուած հայ գիւղացիներուն: Երբեմնի քաղքենիներ, մանաւանդ արհեստաւորներ, կը ճարէին իրենց ապրուստը Հալէպի մէջ եւ հետզհետէ կը գտնէին նոր զբաղումներ, իսկ անդին՝ երկրագործները (գիւղացիք) օրէ օր աւելի յուսահատ կըլլային:

 

Հաւանաբար այս կացութեան մէջ եղողներուն կարելի պիտի ըլլար արաբներուն հետ շախաղուիլը, որ պիտի ըլլար՝ իրենց եւ սուրիացիներուն իրական բարիք, երբ ժրաջան տնտեսագէտ հայեր, ինքնաբերաբար պիտի տրամադրէին արաբներուն. երկրագործական գիտելիք: Արդէն յստակ էր. որպէսզի սուրիական անկախ պետութիւնը կարենար գոյատեւել, երկրին գիւղատնտեսութիւնը պէտք էր զարգանար:

 

Սուրիան՝ նախապէս իբր թրքական ծովեզերեայ շրջան, կ’ապրէր տարանցիկէն առեւտուրէն, մասամբ ալ ապրանք վերարտադրելով: Հալէպի հիւսուածեղենը փնտռուած էր ոսմանեան կայսրութեան բոլոր շրջաններուն մէջ՝ Վանայ ծովէն, մինչեւ Բաղդադ: Մաքսային սահմանը Հալէպէն հեռու չէր, որ յաճախ կը գոցուէր եւ պատճառ կ’ըլլար նոր միջոցներու որոնման:

 

Ամէն մարդ երկրագործութեան մասին կը ճառէր, բայց ձեռնարկի համար ձեռք երկարող չկար: Ապահովութեան հարցը կը մնար մտահոգիչ, դրամը՝ նոյնպէս՝ որ քաղաքի կղպուած արկղներուն մէջ պահուած՝ ամբողջութեամբ չէր օգտագործուէր: Ուրեմն՝ ոեւէ մէկը պէտք էր, որպէսզի միտքերուն մէջ ակօս մը բանար, այլապէս այդ վիճակէն դուրս գալու ելք չկար:

 

1923-ին մի քանի ամիս, Եւրոպայի տարածքին կը շրջէի. ձեւով մը մարդկային ու բարեգործական քարոզչութեամբ: Նոյն պահուն Միջազգային Խաղաղութեան Հասկացողութեան Ընկերակցութիւնը իր ժողովատեղին Դանիա փոխադրած էր: ես ալ հոն հրաւիրուեցայ. որպէսզի հայկական հարցի մասին խորհրդակցինք, եւ իբրեւ արդիւնք՝ Շւեդական մասնաճիւղի առաջնորդը՝ դոկտ. Նաթանայէլ Բեսկով, որոշեց այց մը տալ Սուրիա: Պիտի աշխատէին. պէտք եղած դրամագլուխը ստեղծելու, իսկ ինձ յանձնարարուեցաւ այստեղ խնդիրը լաւապէս ներկայացնել: Բոլորն ալ ինձ կ’առաջարկէին ծովեզերք երթալ, եւ այնտեղէն սկսիլ գործի հիմնադրումը: Սակայն ծովեզրեայ հիւսիսի քաղաքական կացոյթը խախուտ էր: Մտավախութիւն կար թէ՝ Անտիոքի շրջանը կրնար թուրքիոյ տրւոիլ: Դէպի հարաւ՝ Բէրութի լեռներուն հողերը սուղ էին եւ արդէն խտաբնակ: Երբ նոր մարդաբնակում պիտի ստեղծուի. պէտք չէ երթալ այն տեղերը, որոնք արդէն գրաւուած են: Միս կողմէ մարդիկ կային, որոնք զիս կը քաջալերէին շարժիլ դէպի Եփրատի հովիտ: Կը տատամսէի այս ուղղութեամբ, երբ բեդեւիներու գլխաւորը՝ շէխ Հաշեմ փաշան իբր պատասխանատու ներկայացաւ եւ այդպիսով՝ ինձ համար հարցը ուրիշ դիմագիծ ստացաւ: Հաշէմ փաշան, աննազէներու (այծապանք) երեք շէխերէն մէկն էր:

 

Բեդեւիները, ամառնային եղանակին, Եփրատի եզերքը կը տարածուէին: Այն ժամանակ, իրենց ազդեցութիւնը դեռ շատ զօրաւոր էր: Հաշեմ եւ Մըճհեմ զարմիկներ էին եւ շատ սիրով իրարու հետ, իսկ հակառակը՝ իրենց հեռաւոր ազգականներուն հետ գժտուած՝ արիւն թափուած էր:

 

Այն ատեն դեռ թուրքերու եւ ֆրանսացիներու միջեւ կռիւը անորոշ էր: Շատ թէական էր թէ՝ Եփրատի հովիտը ուրո՞ւ իշխանութեան պիտի ենթարկուէր: Հաշեմ եւ Մըճհեմ համաձայն էին որ՝ Հաշեմը թուրքերուն կողմը երթայ, Մըճհեմը՝ ֆրանսացիներուն: Այն կողմը որ յաղթական ըլլար՝ պէտք էր միւս կողմին հանդէպ ներողամիտ ըլլար եւ անոր տոհմին ապահովում շնորհէր: Պատերազմը այնպէս մը դասաւորուած էր որ՝ թուրքերը քաշուեցան եւ Հաշեմը բացը մնաց: Անոր վարմունքը ֆրանսացիներուն կողմէ լաւ չդիտուեցաւ երկար ժամանակ՝ իբրեւ քաղաքական կասկածեալ: Այս միջոցին, բեդեւիներու միջեւ արօտի եւ կողոպուտի խնդիրներ առաջացան, այնպէս որ՝ Հաշեմին միտքը չխաղաղեցաւ, նեղ կացոյթի մէջ ինկաւ, չէր գիտեր ի՞նչ որոշում առնել: Անոր համար արաբներ կ’ըսէին. «կեղծաւոր է, երեսը կը պահէ»:

 

Ինչ որ Հաշեմին ցաւ կը պատճառէր, բեդեւիներու գաղթական վիճակն էր. կայք մը ունենալու դժուարութիւնը: Ան կը մտածէր իւրայիններուն նոր կենցաղի եւ ապրուստի միջոց հայթայթել: Այդ միայն երկրագործումը կրնար ըլլալ, իսկ զայն իրականացնելը մեծ խնդիր էր: Բարեբախտաբար ինք լրջութեամբ առած էր այդ հարցը: Իր կողմնակիցներուն եւ համակիրներուն մէջ ինք, համեմատաբար աւելի խելացի էր եւ հեռատեսութեամբ զանոնք կը գերազանցէր:

 

Թէեւ պատերազմի միջոցին իր տիրութեան անցած էին կարգ մը բարեբեր գետիններ, սակայն զանոնք լաւագոյնս տնտեսելու եւ օգտագործելու համար, իրեն կը պակսէր երկրագործի փորձառութիւն, եւ մանաւանդ՝ դրամագլուխ: Ընդհանուր շէխերու կարգին, Հաշեմն ալ պարտքի տակ տակ թաղուած էր: Բեդեւիներու համայնքը, իր նախկին հմայքն ու իշխանութիւնը կորսնցուցած էր: Հին դարերուն, գիւղացին միշտ ստրուկ էր, եւ իրենց ենթակայ, բեդեւիք կը կարենային կողոպտել զանոնք, երբ փափաքէին: Ներկայիս՝ նետուած են անապատ իրենց ոչխարներով, ուր ապրիլը՝ դժուար էր, մանաւանդ երաշտի տարիներուն՝ երբ իրենց ոչխարները հազարներով կը սատկէին:

 

Ամենադժուարը շէխերունն էր: Անոնք ունէին բուռն պատասխանատւութեան զգացմունք. իրենց ցեղի մարդոց նկատմամբ: Պատերազմէն ետք, այս պատասխանատւութիւնը. շէխերը պարտքի տակ դրած էր եւ տնտեսական անփորձութեան պատճառով՝ քաղաքի վաշխառուններու ձեռքը ինկած՝ կը շահագործուէին:

 

Այսպէս՝ Հաշեմ փաշան քաղաքական գետնի վրայ անշքացած, պարտքի մէջ մխրճուած. մտահոգ էր ապագայով: Ինք պատուախնդիր՝ կ’ուզէր պահել իր դիրքը եւ հմայքը: Այս միջոցին էր որ՝ կարմուճցի գիւղացիներու հարցով իրար հետ հասկացողութեան հասանք:

 

(շարունակելի)

 

Link to comment
Share on other sites

Կարմուճ, Ուրֆայի մօտիկ գիւղ մըն է՝ ուր կարելի էր հասնիլ 2 ժամէն՝ իշու քայլուածքով: Ասիկա միակ հայաբնակ գիւղն էր: Մնացեալ գիւղերը կամ քիւրդերով (դէպի հիւսիս) եւ կամ արաբներով (դէպի հարաւ) բնակուած էին, տեսակ մը լեզուական սահմանումով:

 

Բաղդատելով իսլամական միւս գիւղերուն հետ, Կարմուճը քաղաքի տպաւորում կը ձգէր: Հոս կային լաւ քարաշէն տուներ եւ փողոցներ, բոլորովին տարբեր միւս՝ ցեխով ծածկուած գմբեթաւոր տուներով գիւղերէն: Կարմուճի փողոցները թէեւ նեղ էին՝ բայց ունէին ճամբուն մէջտեղը բաւականին խոր քարէ ջրանցք, որ նկատառելի առաջդիմական կէտ է. բաղդատաբար: Հոս կային արհեստաւորներ, շուկայ, ուրկէ կարելի էր զանազան պիտոյք գնել: Շրջակայքի քիւրդերը այս տեղէն իրենց գնումները կը կատարէին:

 

Անոնք որոնք աւելի հեռուները կը բնակէին, պէտք չունէին յոգնելու. Կարմուճի բնակիչները էշերու վրայ բեռցուցած՝ անոնց փափաքածը կը հասցնէին: Պատերազմէն առաջ, անցեալի բարի դրացնութեան օրերուն, երբեմն իրենց կը բերէին կերպասի կտոր մը, քիչ մը քարիւղ, սուրճ կամ շաքար, կամ վարունգ, լոլիկ եւ զոյգ մը աղաւնի: Բեդեւիներու միտքէն չէր անցներ այդ օգտակար բոյսերը մշակելը, թէեւ իրենց համար հրաշալի էր զանոնք ճաշակելը, բեդեւիներ՝ կարմուճցիներու ապրանքը կը փոխանակէին. բուրդով, իւղով, կորեկով: Բաղդատաբար ասոնք սուղ իրեր էին, բայց ջորեպաններուն այդքան հեռուներն երթալը վտանգաւոր երթ էր: Յաճախ՝ կարմուճցի ջորեպաններ գացած, կողոպտուած եւ ետ չէին եկած...Ընդհանրապէս հայ գիւղացիները հասկացողութեան կու գային իսլամ շէխերու հետ: Օրինակ՝ շէխ Իբրահիմ փաշան կը սպառնար արեան վրիժառութեամբ պատժել Կարմուճի գիւղացիները սպաննողները: Առանց այս ջորեպաններուն՝ անկարելի էր բեդեւիներուն. անապատին մէջ ոեւէ իր գտնելը: Անհամբեր կը սպասէին անոնց:

 

Կարմուճցի գիւղացիներուն այս փոխանակութեամբ առեւտուրը, անոնց եկամուտի գլխաւոր միջոցն էր:

 

Կարմուճցիներ ընդարձակ ցորեանի դաշտեր չունէին, այլ՝ պտուղի եւ կանաչեղէնի տարածուն պարտէզներ, լաւախնամ խաղողի այգիներ: Անոնք, ձեւով մը միջնորդ էին. Ուրֆացի վաճառականներու եւ բեդեւի արաբներուն միջեւ:

 

Պատերազմի միջոցին, կարմուճցիք զրկանքի ենթարկուեցան: Իրենց կարկառուն այրերը սպանուեցան: Սուրիոյ անապատին մէջ, երբ քրիստոնեայ հայոց բնաջնջումը տեղի կունենար. կարմուճցիներ տեղահանուած էին, եւ ինչքերնին կողոպտուած: Փոքրաթիւ կարմուճցիներ, Մուսուլի կողմը քշուած էին, եւ կապրէին անոր գիւղերուն մէջ, առանց նեցուկի: Այսպէս, հազիւ 25% ողջ մնացած էր կարմուճցիներէն, մնացեալները՝ ցաւ ի սիրտ, մեռած՝ բնաջնջուած էին: Այդպէս եղած էր այդ կարմուճցիներուն՝ մասամբ փրկուածներ. մնացեալը կորսուածներ:

 

Պատերազմէն վերջ կարմուճցի վերապրողներու մեծամասնը կը վերադառնայ պապենական գիւղ, իսկ փոքրաթիւ կարմուճցիներ. կը մնան Իրաք, Բաղդադի մօտակայքը: Գիւղ դարձողները վերակենդանացուցին, մասամբ, իրենց պատկան այգիները, որոնք լաւագոյնը չէին, քանզի բերրի դաշտերը ազդեցիկ թուրքերը գրաւած էին: Հայ գիւղացիները կրցան մեծ ճիգով նորոգել քանդուածը, ու տեղաւորուեցան:

 

1923-24-ին, դժբախտաբար, Կարմուճի հայ գիւղացիները դարձեալ դուրս դրուեցան թուրքիայէն: Անոցնմէ մաս մը, հասաւ մինչ եւ Հալէպ:

 

Գիտակից կարմուճցիներ Հաշեմ փաշային դիմեցին, որ անմիջապէս Հալէպ եկաւ: Ան կ’ուզէր կարմուճցի հայ գիւղացիները՝ իր, շրջանի մեծկակ գիւղին՝ Թել Սամեն-ի մէջ բնակեցնել, երազելով՝ նոր Կարմուճի մը ստեղծումը: Տեղացի գիւղացիներով չէր կրցած յաջողիլ, կ’ուզէր հիմա, հայոց հետ գործակցիլ:

 

Հաշեմը հայ գեղականցոց անծանօթ չէր. անոր բարեկամացած էին, ինչպէս նաեւ միս շէխերուն (ցեղապետ) հետ: Հաշեմ, յաճախ պաշտպանած էր կարմուճցիներէն ոմանց, պատերազմի տարիներուն: Այդումենայնիւ, գիւղացւոց բաւարար անվտանգ չթուեցաւ. առանց բանակցութեան յանձնուիլ Հաշեմին: Հասկնալի էր, որ զիրենք պիտի չի մեռցնէր, կամ ուրիշի գերին պիտի չի դարձնէր, բայց տեղացի գիւղացիներու վիճակին ականատես ըլլալով, գիտէին թէ ինչպէ՞ս փաշան անոնց արիւնը կը ծծէր: Ուրեմն՝ կարմուճցի գիւղացիներ համաձայնեցան Հաշեմին մօտ երթալ, պայմանաւ՝ որ տիար Միսակ, իրենց հետ երթայ: Հաշեմ փաշան չէր հակառակէր՝ միայն կը մնար Միսակին կարծիքը շօշափել:

 

Տիար Միսակ իմ որդեգրածս է: Կարմուճցիներու միտքով, մենք անբաժանելի էինք իրարմէ: Անոնց մեզ ճանչցած էին պատերազմէն առաջ, մեր «Մաջայդա» ամառանոցէն. Կարմուճի հիւսիսային կողմը՝ բլրակ մը:

 

1909-ին էր՝ մենք այդ հողը գնեցինք, անպէտք դատարկապորտներէ, երբ ջորեպանները լոյս աչքով այդ կողմէն չէին անցներ, նոյնիսկ եթէ մեծաթիւ ըլլային: Այս պատճառաւ, այդ տեղէն խոշոր տարածք մը ուզած՝ եւ կրցած էինք գնել, չնչին դրամով, ուր տնկեցինք խաղողի այգի մը, եւ կառուցինք այգետուն մը: Շրջակայքի բնակիչները նկատեցին որ Մաջայդա 1909-էն մինչեւ Ընդհանուր Պատերազմի սկիզբը, շնորքով փոխուած էր. ձորերուն մէջ շատ մը խաղողի այգիներ աճած էին, նախիրներ կ’արածէին. կանայք եւ մանկտիք ազատօրէն կը շրջէին: Մաջայդայի մշակումը օրինակելի եղաւ: Այլեւս ոչ ոք այնտեղ վտանգ կը զգար: Այնպէս մը կարգադրեցինք որ, շրջակայքի բնակիչներուն բարեկամանանք: Կարմուճցի երկրագործներ. այս դրոյթը լաւ ընդբռնած էին. քանի տիար Միսակ պիտի գար, ուրեմն նոր Մաջայդա պիտի կառուցանուէր. Թել Սամենին կից: Այս ձեւով, հարցը ինձ հասաւ. կարմուճցիք կուզէին. ձեւով մը երաշխիք, հոն բնակելու:

 

Հաշեմ կը ճանչնար Միսակը, եւ համամիտ գտնուեցաւ նոր Մաջայդա ստեղծելուն: Ուստի՝ կարմուճեցի գիւղացիք դիմեցին Միսակին, որ ըսաւ՝ «Պէտք է մօրս հարցանեմ»: Այսպիսով՝ խնդիրը ուղղեցաւ ինձի: Եւ երբ Հաշեմին խօսեցայ, ինձի յստակ եղաւ «արօրը մխրճուելիք վայրը», եւ այս տպաւորումը մէջս զօրացաւ, երբ 1924 Ապրիլին, դէպի Թել Սամեն ճամբորդեցի:

 

Ներկայիս, դէպի Թել Սամեն ճամբորդելը հարց մը չէ, բայց այն ժամանակ այսպէս չէր, պէտք էր երիցս հետախուզումէ ետք երթալ: Ատեն մը առաջ, մեր որբահաւաքի ընթացքին, ունեցանք պարագայ մը, որ դաս եղաւ մեզի: Երբէ'ք մարդ չուղարկել այդ կողմերը, հետագային հարցաքննման չենթարկուելու համար: Մենք կրնայինք, բացառիկ անձ մը նկատի ունենալ, որ անցեալին հետապնդուած չէր:

 

Այդ օրերուն, Մասքանայի լեռներուն մէջ, յաճախ կը լսուէր գողերու մասին: Անգլիական բանակի ներկայութեան օրերուն, աշխարհագրական քարտէսի մը վրայ, այդ վայրը նշուած էր՝ «վայրի արաբներ», ինչ որ արգահատելի կ’ընէր, այդ շրջանը:

 

Մենք ճամբայ ելանք Հաշեմ փաշային ընկերակցութեամբ եւ մենք ետ կ’երթայինք մեր երբեմնի հին երկիրը: Ուրֆան կը մնար Եփրատի միւս կողմը: Փոքր Ասիոյ այդ շրջանը (Հիւսիսային Սուրիա, Եփրատի հովիտ?-Յովհաննէս) մեզ Հայրենիքի զգացում տուաւ, գոհունակ կը ճամբորդէինք: Ես անձնական կառքովս կը ճամբորդէի՝ Ազգերու Դաշնակցութեան ներկայացուցիչի ցուցատախտակով: Ինձ կը հետեւէր փաշան, իր կառքով: Հազուագիւտ երեւոյթ էր՝ ազգերու այս միասնակամ գործակցումը. աշխարհի ժամանակակից մեծ կազմակերպութեան եւ բեդեւիներու փաշայի մը, որ կը ներկայացնէր աշխարհի հետամնաց ժողովուրդ մը: Եթէ մի կողմ թողուցենք իր օտոմոբիլը, ապրելակերպն անոր բեդեւիներու նախնադարեան կենցաղի նման էր, սակայն աշխարհահայեացքով տարբեր էր, ապա թէ ոչ՝ այսպիսի խնդիրքով մեզի մօտեցած պիտի չի ըլլար:

 

Եփրատի մօտ՝ Ռակկայի մէջ հանդիպեցանք ֆրանսական բանակին, որ իր փոխադրական կազմածներով մեզի օգնեց, որովհետեւ այդ շրջանի ճանապարհները ուղտերու, ոչխարներու անցքեր էին, բայց ոչ օտոներու: Վերջապէս Միջագետքի օրհնեալ երկիրը հասած էինք: Ուղղուեցանք դէպ հիւսիս՝ Բալիխ գետը: Գրեթէ մէկ ժամ, ամառնային կիզիչ արեւուն տակ, անապատէն անցանք: Ճամբայ ըսուածը գոյ չէ, խոպան, աղի, կարծր գետին է. առանց ջուրի: Եփրատը կը թաւալի, իր ջուրը ծով տանելով: Այդ ջուրը պիտի բաւէր. անապատը ցորենի շտեմարան դարձնող մշակութեան: Եփրատը խոր հունի մէջէն կը հոսի. մեծ դրամագլուխ պէտք է, զայն օգտագործելի դարձնելու համար:

 

Վերջապէս տեսնուեցան լճակներ, ճահիճներ, եւ Բալիխ գետակը, որուն եզերքը կար փոքրատարածք ցորեն ցանուած արտեր. ուրեմն՝ Թել Սամեն հասած էինք: Քիչ մը հեռուն, խոտէ թումբ մը կար, որուն շնորհիւ ջուրը կը բաշխուէր արտերուն: Այդ թումբը հիւսուած էր մացառներու շիւղերէ, միշտ ատակ՝ փճանալու կամ քակտելու: Այն արաբ մշակները, որոնք «զօրաւոր թիկունք» ունէին, ջրբաժանին մօտ զինաւոր կը սպասէին, երբ իրենց կանայք. շարան-շարան խոտի խուրձեր շալակած. կը յառաջանային թումբի ծակերը փակելու, որպէսզի ջուրն ուրիշ տեղ չհոսի: Ինչ որ փաշան կ’ըսէր, մեզի յստակ եղաւ. առանց հաստատուն ջրաթումբի, Թել Սամենի տարածքին օրինաւոր ցանք չ’ըլլար, եւ հայերն այնտեղ ուղարկել ճիշտ չէ, քանի որ անոնք չեն կրնար շարունակ ջրվէճ ունենալ. շրջակայքի արաբներուն հետ:

 

Պաշտօնական համաձայնութիւն մը գոյացաւ, եւ գործադրուեցաւ: Հաշեմը գործնապէս ծախսի կէսը (մօտ 500 հնչուն ոսկի= 10000 մարկ) վճարեց: Բայց հետաքրքիր էր, երբ կը պատմէի թէ՝ Հաշեմ յարգեց համաձայնագիրն ու վճարեց. տեղացի մշակներ չէին հաւատար:

 

Աւելին՝ Հաշեմ փաշան խօստացաւ պատասխանատու ըլլալ հայոց պաշտպանումի եւ տեղաւորման խնդրով. վճարելով այդ ծախսն եւս, այսինքն՝ դէպի Թել Սամեն փոխադրումն ու բնակարաններու շինութեան ծախսը: Խօստացաւ նաեւ լծկան կենդանիներ տրամադրել, զոր սակայն չկրցաւ իրականացնել: Տեղացի գիւղացիներու քով եզներ ունէր, զորս չկրցաւ ձեռք ձգել, դրամ ալ չունէր ուրիշը գնելու: ասոր փոխարէն, մեր աջակցութեամբ, սերմնացուն տուաւ:

 

 

Link to comment
Share on other sites

Հալէպ վերադարձէս անմիջապէս վերջ, 30 հայ երկրագործներ Թել Սամեն մեկնեցան, առժամաբար իրենց ընտանիքները Հալէպ ձգելով, եւ երբ իրենք զիրենք հոն բնակելի վիճակի հասցուցին՝ իրենց կին ու զաւակներն ալ տարին: Ուշագրաւ էր. ասոնք իրենց անմիջական պիտոյքով, 30 ընտանիք, մէկ խոշոր բեռնատարի եւ ֆորդ կարգի մը մէջ տեղաւորուեցան: Այսինքն՝ իրենց անկողիններէն զատ ոչինչ ունէին տանելիք. քիչ զաւակներ ունէին եւ ընդհանրապէս մանուկներ, գաղթէ ետք ծնածներ, որովհետեւ պատերազմէն առաջ ծնածները ամբողջ մեռած էին. թուրքիայէն միայն հոգինին ազատած՝ բոպիկ եւ մերկ եկած էին Հալէպ:

 

Թել Սամեն հասնելով, հայ այր մարդիկ սկսան բահ-բրիչով արտին մէջ աշխատիլ, քանի լծկան կենդանի չունէին: Վասն կանաչեղէնի. սկսան յարդարել ածուներ. ի զարմանն արաբներուն, որոնք վարունգ, լոլիկ կամ որեւէ թարմ բանջարեղէն դժուարաւ կը գտնէին այս անապատին մէջ:

 

Հաշեմը հայ գիւղացիներուն հասկցուց, որ պէտք է հետաքրքրուին նաեւ ջուրի թումբով: Հայերն սկսան Բալիխի թումբի կառուցման, որու շնորհիւ՝ ջրաբաշխումը ամբողջովին զարգացաւ: Յետայդու ջուրի համար վէճ չմնաց, բաշխումը կանոնաւոր կ’ընթանար. գոհունակութեամբ բոլորին:

 

Ամենազգայացունցը տեղի պիտի ունենար տրակտորի ներածումով: Նկատելով՝ կենդանիներով հերկը առաջ չէր երթար, հունձքը կը կորսուէր. հոն ուղարկեցինք հողն հերկելիք մեքենայ մը՝ մեծ յոգնութեամբ եւ դժուարութեամբ: Ռակկայի մօտ՝ Եփրատ գետի մէկ ափէն միւսն անցնելու ընթացքին, մեքենան մինչեւ Բաղդադ երթալու վտանքին ենթարկուեցաւ: Ֆրանսացի բանակայինի մը ժրաջանումին շնորհիւ՝ ակնթարթի մը մէջ շարժակը կորուստէ ազատուեցաւ, երբ զինւորն հրացանն ի ձեռին ջուր նետուելով՝ հրաւիրեց բոլոր այր մարդիկ, առանց բացառութեան, օգնելու՝ շարժակը նաւակին բարձրացնելու: Վերջապէս տրակտորը Թել Սամեն հասաւ զօրաւոր դղրդանքով: Արաբներն ապշած կը դիտին զայն, իբր մէկն աշխարհի հրաշալիքէն: Իրապէս, անապատի բնակիչները զարմանալի էակներ են. իրենց հետ կատակելն անհնար է:

 

Հայ գիւղացիք սկսան կառուցանել տուներնին. սովորական շաղախով: Գմբեթաւոր հիւղակներ էին, լաւ եւ աժան: Լճակին միւս կողմը կառուցուեցաւ իշխանութեան շէնքը՝ արտաքնապէս անշուք, բայց գիւղացիներու աչքին՝ շքեղ, ապակեայ պատուհանքով եւ հարթ տանիքով (ո'չ գմբեթաւոր՝ միւս շինութեանց նման): Մանաւանդ հեռու արտերէն ակնառու էր այս շէնքի բացառիկ կառոյցը:

 

Ամէն տեսակ մարդ կ’այցելէր այդ տունը. ֆրանսացի սպաներ, իշխաններ, երեւելիներ, արաբ պետական պաշտօնեաներ: Բոլորն ալ հոն կ’երթային, տիար Միսակին այցի, որուն հանդէպ պատկառանք ունէին, ինչ որ ամենազօրեղ ազդն է՝ բեդեւի աշխարհին մէջ:

 

Այս լաւ նշան մըն էր, բոլորն ալ Միսակին կապուած էին: Անգամ մը երբ Մըճհեմի ուղտերէն մի քանին ցորենի դաշտ մտած կը ճարակէին, Հաշեմ բեգը պաղարիւնութեամբ գնդակահարեց կենդանիները ճերմակ ապարանքի առջեւէն, եւ Մըճհեմ չզայրացաւ: Մի քանի ուղտի համար բարի կամքը խախտել չէր արժէր: Հետզհետէ անապատի արաբները՝ բեդեւի կամ բանուոր, կը սորվէին որ՝ այդտեղ սահման մը գծուած էր, այդ տեղ բնակողի իրաւունքը անբռնաբարելի էր: Անշուշտ դիւրաւ չէր կարգադրումն այս ամէնուն: Այս կարգադրումները կ’ազդէին Միսակի ջիղին, երբ ան ամէն միջոցի պիտի դիմեր իր հմայքը արժեցնելու՝ առանց գժտուելու եւ կորսնցնելու իր իրաւունքը:

 

Թէ ինչպէ՞ս կը հասնէր իր նպատակին, այդ իր գաղտնին էր. իր ձեռքը լաւ «խաղաթուղթ» ունէր՝ անծանօթ օտարուհին, որ հրապարակաւ հազուադէպ կ’երեւէր, որն իր կարգին թիկունքին ունէր ուրիշ բան մը, որ չէին տեսած ու չէին գիտեր. «Ազգերու Դաշնակցութիւնը», որուն անունը անընդբռնելի, խորհրդաւոր ու վախազդու էր:

 

Այդ բոլորը ինչի՞ պիտի ծառայէին, եթէ տիար Միսակ չգիտնար իւրաքանչիւրի հանդէպ վարուելու կերպը: Միսակ նոյն ազդ ունէր եւ Մըճհեմի հանդէպ, որ համաձայն էր բոլոր կողմերու հետ եւ յարգանքով շահած՝ բոլորի բարի կամեցողութիւնը:

 

Կարմուճցի երիտասարդները սխալած չէին, այսպէս հիմա ապահով էին: Առաջին ամռան իսկ, 60 ընտանիքներ բնակեցան Թել Սամեն, ոմանք նոյնիսկ փոխադրուեցան մօտակայ գիւղը ու աշխատեցան Մըճհեմ իշխանի հաշւոյն: Մեր նպատակը միայն հայկեան գիւղ ստեղծել չէր Թել Սամենի մէջ, այլեւ՝ հայոց ներշնչել վստահութիւն. շրջագայելու, աշխատելու եւ հաստատուելու համար:

 

Հայոց բարձր մակարդակի տնտեսագիտութիւնը եւ տքնաջան աշխատանքը կը դիւրացնէր մեր գործի շրջանը: Երկրորդ ամռան, 1925-ին, Թել Սամենի հայ մշակները այնքան առաջացած էին, որ կարցան գնել լծկան կենդանիներ: 1926-ին ունեցան սերմնացու, ուրեմն մենք կրնայինք ուշադրել երկրորդ գիւղը՝ Շարբ Պետրոս: Այս եւ կը գտնուի Բալիխ գետի եզերքը՝ դէպի հիւսիս, թուրքիոյ սահմանէն ոչ հեռու: Այդ տեղ չէինք աշխատէր իշխանի մը հետ, այլ՝ հողատէրէն վարձու կ’առնէինք գետինը 3 տարուայ պայմանաժամով:

 

Այս աշխատանքի հետեւանքով կարմուճեցի մշակներու մօտ բազմաթիւ հայ պատանիներ բնակեցան, որոնք ազգին կը դարձուէին «Ազատարար Առաքելութեան» ջանքով: Այս պատանիները գաղթի ընթացքին՝ իւրենց ազգականները կորցնուցած էին, իյնալով մահմետականներու ձեռքը. մեծցած էին անոնց լուծին տակ: Մեծամասնը գերի էր, յետեւապէս՝ ստիպուած իսլամացած էին: Ասոնց իրենց ազգին վերադարձը մեծ խորհուրդ ունէր: Այս պատանիները ընդհանրապէս իսլամական գիւղերէ կը բերուէին, գեղական կենցաղին վարժ էին ու քաղքենի կենցաղին չէին համակերպէր: Սկիզբը չէինք գիտեր թէ ինչպէ՞ս պիտի օգնենք, բայց այնքան դուրսը անապատին մէջ յառաջացած էինք, որ խորաթափանցումի պէտք չմնաց: Մենք զիրենք կ’ուղղէինք «անապատի աշխարհը», ուր կրնային իրենց սիրած գիւղական կեանքը ապրիլ՝ ոչ իբրեւ գերի իսլամին քով, այլ ազատ քրիստոնեայ հայ մշակ: Երկար չտեւեց, ասոնք կրցան կանոնաւոր վար ու ցանք կիրարկել եւ 1928-ին ասոնցմէ 8-ն ամուսնացան: Ասոնց խօսեցեալները մեր տունէն ելան, նոյնպէս ազատագրուած հայ աղջիկներ, որոնք ետ կ’երթային գիւղ, իբրեւ հայու մը կինը՝ փոխան նախկին բեդեւիի:

 

Ազատած պատանիները միասին կ’ապրէին երկու բնակարանէ բաղկացած շրջափակի մը մէջ: Եղան շրջափակէն դուրս կառուցուած աւելումներ, որոնք նոր բնակարաններն էին ամուսնացողներուն: Ասոնք թուխսի հաւի ձագերուն կը նմանէին, որոնք կամաց-կամաց հաւնոցէն կը հեռանային:

 

Նորակառոյցներ կ’աւելնային, բայց կեդրոնը կը մնար գիւղի սկզբնական գլխաւոր շէնքը, ուր կը բնակէր ուսուցիչը՝ որ օրուայ ընթացքին կը դաստիարակէր շրջանի բնակիչներուն երեխաները. մերոնք դեռ այդքան առաջացած չէին: Յուսադիր՝ պիտի բազմանան. դեռ խանձարուրներու մէջն են, բայց իրենց ծնողները գիշերային դասընթացքի կու գան, մեծ կառոյցի հրապարակը կը հաւաքուին շաբաթ երեկոյ, իսկ կիրակի առտու. բոլոր գիւղացիները: Շաբաթը երգի երեկոյ է, երբ կ’երգուին հայկական անուշ երգեր, կը պատմուին հայոց անցեալէն, կիրակի օր ուսուցիչը կը կարդայ Աւետարանէն եւ կը խորագրեն անկէ:

 

Երբ մէկը հիւանդ է, արաբ կամ հայ, ինքզինք կը գտնէ կեդրոնի գլխաւոր շէնքին մէջ: Ուսուցիչը, որ երկար ժամանակ աշխատած էր կարմիր խաչի մէջ եւ հոն լաւ փորձառու եղած էր՝ այստեղ ալ օգտակար կ’ըլլար:

 

Ցերեկեայ վարժարանը կը յաճախեն ոչ միայն հայ մանուկներ, այլ արաբ մանչուկներ: Ճամբան սորված՝ կը թողունք մինչեւ որ կարենանք իրենց առանձին դպրոցով մը օգնել: Սրտանց կ’ուզէինք զիրենք զարգացնել, մեծով փոքրով, ինչ որ օգտակար եւ գնահատելի պիտի ըլլար: Այնքան ատեն որ մենք դուրսն էինք, արաբները մեզի սիրելի կը դառնային: Արդէն սկիզբի տարիներուն, տիար Միսակը ասոնց խեղճութեան մասին պատմած էր. որքա՜ն աղքատ ու պարտքի տակ՝ մեծերու լուծին տակ խեղդուած էին. որքա՜ն յետամնաց եւ տգէտ էին իրենց աշխատանքի ձեւին: Արդեօք որքա՞ն երկար ժամանակ պիտի կրնայինք ասոնց օգնել: Սիրտ այրող հարց էր: Երբ աչքի առջեւ նպատակ մը ունիս, կարծես անզգալաբար, կամաց կամաց անոր կը մօտենաս: Արաբները կը զգային տիար Միսակի համակրանքը իրենց հանդէպ, յաճախ առանց վարանումի կը դիմէին իրեն, երբ աննպաստ կացոյթի հանդիպէին: Միսակ շրջանի մեծաւորներուն այնպէս մը մտերմացած էր, որ կրնար միջամտել, միշտ ի նպաստ աղքատ, տկար գիւղացիին:

 

Հայերու օրինակը աչքառու էր: Արաբ գիւղացիները անոնց ձեւերը ընդօրինակեցին, ունեցան փոքր պարտէզներ Բալիխ գետի երկայնքին. որոնք կը զարգանային, կ’ընդարձակուէին, պտղատու կ’ըլլային:

 

Իշխան Հաշեմն ինք տնկեց բարդիի պուրակ մը եւ պղտատու ծառեր: Ներկայից երբ Թել Սամենի կը մօտենաս. կանաչ գօտին կը ցուցադրէ ինքզինք եւ ամբողջ շրջանին կու տայ գրաւիչ պատկեր մը: Կայ նաեւ Հաշեմի կառուցուիլ սկսած բնակարանը, որ ներքնապէս բնաւ լրանալիք չունի, բայց դուրսէն այդ նկատելի չէ: Հաշեմը պիտի չի կրնար բնակիլ իր տան մէջ եւ ոչ ալ իր ծառերու տակ նստիլ: Քիչ հեռու կը բարձրանայ Այն Իսա (Յիւսուսի ակ) բլուրը, որուն գագաթին գեղեցկօրէն զետեղուած է Հաշեմի գերեզմանը: Տիար Միսակը գերեզմանի քարերը յատուկ յղկել տուաւ, յետոյ Հաշեմի ընտանիքը գերեզմանը պատեց: Ճերմակը լաւ կ’երեւի հեռուէն եւ արդէն գերեզմանը ուխտատեղի մը եղած է: Հաշեմի մահէն առաջ, իրեն հանդէպ եղած սխալ կարծիքը չքացած էր: Իր հակառակորդներուն հետ հաշտուած եւ մաքրուած էր- մեր ապարանքին մէջ- եւ քանի որ ըսի-ըսաւները վերջ գտան, իր հոգին խաղաղութեամբ կը հանգչի, ինքն ի պատուի է որպէս «երջանիկ մեծ անձ»: Իրապէս ալ այդպէս էր-«The grand old man»:

 

 

Link to comment
Share on other sites

Պէտք է ընդունիլ սուրիական իշխանութեան նպաստաւոր կեցուածքը, որ տեղաւորման եւ զարգացման նեցուկ եղաւ: Բայց առանց Հաշեմի ներկայութեան երբէք իրականացած պիտի չըլլար ինչ որ հիմա գոյութիւն ունի:

 

Ան ոչ միայն յիշատակ ձգեց ուխտատեղի բլուրը եւ ճերմակ գերեզմանը այլ մանաւանդ՝ հայեր հաստատեց, որ ըստ իրեն «Ասոնք Անազէ ցեղեն են». այսինքն՝ իր ընտանիքի արմատ ցեղին կը պատկանին եւ որուն համար առաջին օրէն պէտք եղած պաշտպանութիւնը եւ հսկողութիւնը տուաւ:

 

Հաշեմ իր գերդաստանի «Անազէ» մարդոց ազդարարեց, որ հսկեն, որպէսզի պարտէզներուն, եւ արտերուն մէջ կենդանիք չարածին: Իրենց ալ հեռանկարը մշակումն էր մեզի պէս: Ան յաճախ իր մարդոց կ’ըսէր. «Գացէք տիար Միսակին եւ ըսէք՝ մեզի օգնէ, ուղղութիւն տուր, մենք փորձառու չենք: Վստահ եղէք ան ձեզի հետ է իր խորհուրդներով եւ աշխատանքով»:

 

Ամբողջ շրջանը խաղաղութիւն, վստահութիւն եւ բարեկամութիւն սկսաւ շնչել:

 

Յաջորդաբար երկու տարի հոն այցելած չէի, անհանգստութեան եւ Եւրոպա ճամբորդութեան պատճառաւ:

 

Չէք կրնար երեւակայել ինչքան հրճուեցայ, երբ գարնան դաշտերու գեղեցկութեամբ աչքերս յագեցան: Գոհացուցիչը՝ անտ հայերու կանոնաւոր տեղաւորուիլը եւ ապրիլը չէր միայն, այլ արաբ գիւղացիներու մօտ եղած աչքառու փոփոխութիւնները:

 

Օրինակ՝ այդ անապատաբնակները այլեւս ցնցոտիներով չէին պտըտեր, այլ հագուած էին գրեթէ հայերուն նման մաքուր, կոկիկ: Տեսայ իրենց ցորենի դաշտերը, պարտէզները, իրենց խրճիթները, ըմբռնեցի զարթնումը: Նկատեցի եւս վարձկան գործաւորներու գոյութիւնը:

 

Վեց տարի առաջ երբ այդ տեղերը կ’ուսումնասիրէի, Բալիխ գետի շրջանը կ’ապրէին 500 երկրագործ ընտանիքներ եւ դաշտերու մէջ աշխատող 300 վարձկան՝ գործաւոր ընտանիք. ներկայիս հոն կ’ապրին 800 երկրագործ գիւղացիներ, իւրաքանչիւրը ունէր առնուազն կրկին ցանք եւ բերքը շատ աւելի առատ էր:

 

Երբ այս բոլորի շուրջ տեղեկանքս ամբողջացած էր, ուխտի գացի Հաշեմի գերեզմանը եւ այցելուներու ծախսը յանձս առի: Միեւնոյն առթիւ մտածեցի թէ՝ մեր յաջորդ պարտականութիւնը ինչ պիտի ըլլար: Մենք պէտք էր մեր նոր «Թինէ» գիւղի հաստատման աշխուժութեամբ հետամուտ ըլլայինք:

 

Ուրախալի էր որ՝ Բալիխ գետակի շրջանի պարտէզները կրկնապատկուած էին, բայց գետին ջուրը աւելցած չէր եւ չէր կրնար բաւարարել: Եթէ բացառիկ յորդառատ անձրեւ չտեղար գարնան, ամբողջ բերքը կրնար փճանալ: Ուրեմն բացարձակապէս կարեւոր էր որ՝ Բալիխի երկրագործներէն մաս մը այդ շրջանի ձգէին եւ ուրիշ տեղ մը հաստատուէին: Բայց ո՞ւր երթալ: Դէպի Թինէ կամ նոյնանման շրջան մը, որ կախեալ չըլլայ գետի ջուրէն: Այդպէս շրջան կար հիւսիս արեւելեան կողմը, ընդարձակ տարածութեամբ, ուր ջուրը գետնի տակ մօտիկը կը գտնուէր, հողն ալ աղոտ չէր, ոչ ջրարբի ցանքի յարմար: Ժամանակին, այդ տեղանքը ծաղկեալ, դալար եղած ըլլալու էին, որովհետեւ տակաւին այգիի հետքը տեսանելի է: Թինէ կը նշանակէ թուզ: Անցեալին, այդ տեղանքը թզենիներու պարտէզ եղած է, բայց թրքական անտնտես եւ անճարակ իշխանութեան պատճառով ամբողջ շրջանը չոր-ցամաք անապատի վերածուած էր:

 

Բնականաբար, դարձեալ հայերուն կ’իյնար վերաշինութեան գործը: Իրենց երբեմնի հայրենիք Ուրֆայի մօտակայ չոր արտի երկրագործները լաւ գիտէին բանեցնելիք ձեւերը: Անոնք նախաձեռնողը պիտի ըլլային, որպէսզի արաբ գիւղացիներ ալ հետեւէին իրենց: արդէն երկար ժամանակէ ի վեր, թէ Արաբ կառավարութիւնը եւ թէ ֆրանսական հոգատար իշխանութիւնը կը կրկնէին որ հայեր՝ ունին անձնական հող եւ պէտք չունին մարաբա կամ վարձկան մնալու: Վերջապէս յարմար տեսանք Թինէն, գիղին կէսը պիտի պատկանի Մըճհեմ իշխանին եւ միւս կէսը մեզի: Այնպէս մը, որ մեր բարեկամ Անազէներէն չէինք հեռանար:

 

Կալուածին համար վճարման հարց չկար: Հողին մէկ մասը Մըճհեմին եւ մէկ մասն ալ կառավարութեան կը պատկանէր, մենք պէտք է վերակենդանացնենք: Տեղացիներէն ոչ մէկը գետակի շրջանէն կ’ուզէր հեռանալ: Չէին ուզեր անձրեւին կամ ջրհորին ապաւինիլ:

 

Վերոյիշեալ կարգադրումը աւելի ստիպողական թուեցաւ, երբ այդ տարին դարձեալ բաւական հայեր Թուրքիան դուրս դրած էր, որոնք ընդհանրապէս երկրագործներ էին: Ասոնք Սուրիոյ սահմանէն ներս մտած՝ ոմանք մինչեւ Հալէպ հասան, իսկ մեծամասնը դէպի արեւելք՝ Կամիշլի (պատմական Մծբինի մօտ) կը գաղթէր: Մօտ 50 ընտանիք հասան մեր շրջանի գիւղերը, որոնց սիրով կ’ուզէինք պաշտպանել: սակայն պէտք պիտի ունենայինք լծկան եզներու եւ սերմնացուի: Մեր հունձքը լաւ էր, կրնայինք սերմնացու տրամադրել, բայց լծկան եզներ գտնելու էինք, որոնց զոյգը 250 DM (Գերման Մարկ) կ’արժէր մօտաւորապէս: Իւրաքանչիւր 3 ընտանիքին արօր եւ լծկան եզ պէտք էր: Մտածեցինք՝ տնակները իրենք կրնան պատել, եւ քանի Թինէ կու գան, ձմեռը լաւ պայմանով կրնան անցնել, որովհետեւ շրջակայքի բերքը հաւաքող ձեռքի պակաս կար: Կրնային լաւ վճարուիլ եւ գնահատուիլ եւ ձմռան պաշարնին ապահովել: Սակայն երբ նորեկները 60 ընտանիքէն աւելի եղան, հարցը կնճռոտեցաւ, սերմնացուն բաւարար պիտի չի ըլլար: Կային նաեւ Հալէպ հաւաքուած փախստական 100 հայ ընտանիք, որոնց տեղաւորման պէտքը զգալի էր, նկատելով քաղաքի մէջ անոնց բնակութեան եւ աշխատանքի դժուարութիւնը:

 

Մենք չհամարձակեցանք այս վտանգին մտնել, որովհետեւ այդ բեռը մեր տնտեսական կարողութենէն վեր էր: Բայց եւ այնպէս ձեռնածալ չկեցանք: Բարերար միութենէ մը կարեւոր նպաստ մը ապահովեցինք, նաեւ մեր բարերար հայրենակիցներէն 5000 DM խոստում յիշուած 60 ընտանիքներու պէտքերուն համար: Մաս մը դրամ ուղարկուած էր, մնացեալը անպայման պիտի հայթայթուէր:

 

Այն նոր գիւղը՝ կը կարծենք որ հայկական զարգացած կեդրոն մը կ’ըլլայ: Հոս պիտի հաւաքուին զիրար ճանչցողներ եւ նոյնիսկ նախապէս տեղաւորուածներ Թինէ պիտի ուղղուին: Այստեղ կարելի պիտի ըլլայ լաւ հայկական վարժարան մը հիմնել, ինչպէս նաեւ բժիշկ մը տեղաւորել, անմիջապէս որ ատակ անձերը գտտնենք: Այս վերջինը ճարելը այնքան ալ դիւրին չէր: Անձ մը գտնել, որ ոչ միայն հայ հիւանդը դարմաներ, այլ նաեւ ունենար բարի կամեցողութիւն եւ սէր հանդէպ արաբներուն: Մեզի համար կարեւոր հարց էր փաստելու եւ խորացնելու մեր բարեկամութիւնն ու վստահութիւնը Արաբ շինականներուն մօտ:

 

Այն հին համոզումը թէ քրիստոնեաները անհաւատ՝ կրօնքի թշնամիներ են, կը չքանար տակաւ առ տակաւ: Տեղացիները կը նկատէին. «մեր հին համոզումը զարգացման պակասէն կու գար. Երբ ղուրանին մէջ ըսուած է որ՝ Յիսուս Աստուծոյ լուսաւորեալն է, ուրեմն անոր հետեւորդները ինչպէ՞ս Աստուծոյ թշնամին կ’ըլլան»: Նաեւ կ’ըսէին.-«Բոլորս ալ կը տեսնենք որ ձեր գործերը նախամեծար են քան մերինները- այսպէս կը նկատէին մեծաւ մասամբ. զրոյցներէ ետք- եւ մենք սխալ ուղղութեան մէջ դրուած ենք թուրքերու կողմէ, որոնք իրենց մոլլաներուն ապսպրած էին մեզի քարոզել թէ՝ քրիստոնեաները անհաւատներ են, որպէսզի մենք՝ իսլամներս անոնց հետ չմտերմամանք: Ներկայիս, փառք տիրոջ, թուրքերէն ձեռքազատուեցանք, կրնանք կանոնաւոր ապրիլ»:

 

Շրջանէն աչքառու արաբ անձ մը կ’ըսէր, տիար Միսակի մասին. « Գիտեմ որ քրիստոնեայ մըն է, բայց եւ այնպէս մեզմէ շատ աւելի բարձր է, քանի մեր ժողովուրդի բարիքը կը մտածէ»: Նոյնանման արտայայտումներ ուրիշներ ալ ունեցած էին:

 

Արդեօք չի կրնա՞ր ըլլալ, որ պարագաներու բերմամբ կացոյթը փոխուի: Այն ատեն որքա՜ն ցաւալի պիտի ըլլայ: Ապագային համար բան մը չենք կրնար ըսել, բայց կը նշմարեմ այն որ՝ երկու համայնքներու յարաբերանքը լաւ են, իրարու մօտ բարեկամօրէն կ’ապրին եւ կը յառաջդիմեն ազատագրեալի զգացումով:

 

Ազդեցիկ արաբներու կարծիքը. «Հայեր այս շրջանի մէջ կրնան մնալ ուր որ ուզեն: Տեղացիներ իրենց կը մօտենան կատարեալ վստահութեամբ: Չարախօս օտարներուն՝ ոչ իրենք եւ ոչ ալ մենք կարեւորում կու տանք: Ներկայիս մենք հոս ենք, նոյնպէս հայերը: Ինչո՞ւ հարցնող չկայ, իրականութիւնը այն է որ՝ իւրաքանչիւրը գոհացած է իր միջավայրով, նոյնիսկ հայերը դուրսը աւելի ապահով ըլլալու փաստը չունին»:

 

Ներկայիս կրնանք ըսել՝ սկիզբի մեր ձեռնարկը գլուխ հանած ենք, հողեր, դաշտեր կը հերկուին, կ’արդիւնաւորուին: Կրնանք քաղել՝ վստահ գիտնալով որ՝ ինչ որ մեր դաշտերուն մէջ կ’աճի, երկու ցեղին ալ կը պատկանի:

 

Մաղթենք որ արաբները, «Բարձրեալն Տիրոջ» շունչով ընթանան:

 

Karen Jeppe, Հալէպ 1930

 

 

Link to comment
Share on other sites

Վերիոյիշեալ գիրը պատկանի Քարեն Յեպպէ անուն, բարի համբաւ դանուհիին: Իսկ ներքոյիշեալը՝ Յովհաննէս Հայֆորումեցուն:

 

Արաբ շէխերու (ցեղապետ) վերաբերեալ լսած եմ եւ հօրմէս, յատկապէս Մըճհեմի անունը, որ կարծեմ հօրս արհեստանոցի յաճախորդը եղած է: Հայրս ասում էր թէ նրանք (շէխերը) հզօր իշխանութեան եւ հարստութեան տէր էին, եւ ման էին գալիս սեւամորթ ստրուկների ուղեկցութեամբ: Հետագայում՝ յեղափոխութեամբ իշխանութեան տիրացած ընկերվար եւ ժողովրդավար կուսակցութիւններ, վերջ տուեցին մեծանուն արաբ շէխերի թափքին: Նոյն տարիներին էր, երբ Սիրիան եւ Եգիպտոսը կազմեցին «Արաբական Միացեալ Հանրապետութիւնը» եգիպտացի Գամալ Աբդուլ Նասերի առաջնորդութեամբ: Աւատատէրների եւ դրամատէրների ունեցուածքը պետականացուեց, ընդարձակ արտեր բաժանուեցին մշակներին, որոնց կարգին եւ հաւանաբար վերոյիշեալ կարմուճցի եւ ոչ միայն կարմուճցի հայերին:

 

Հօրս տարիքի մարդկանցից լսեմ եմ, որ Մըճհեմի նման շէխերից ոմանք գաղթեցին եւ կամ ապաստանեցին Սաուդեան Արաբիայում, որտեղ ունեն ազգականներ, եւ ցեղային ազգակցական կարգով, գուցէ սիրիացի շէխերը (իշխանները) աւելի բարձր դիրքի վրայ էին գտնւում: Մեծանուն ցեղեր՝ ինչպէս. Աննազայք, Շումմարիք, տարածուած են ամբողջ մերձաւոր արեւելեան երկրներում:

 

Աւատի (արտի) պետականացումը եւ անհող գիւղացուն տալը, մարդկային եւ բարոյական առողջ գործ եմ համարում, մինչ քաղաքներում եւ քաղաքամերձ վայրերում գտնւող գործարանների (հիւսուածեղէնի, գարեջրի) պետականացումը՝ տնտեսագիտութեան օրէնքով ոչ արդարացուած: Գործարանների տնտեսումից անտեղեակ պաշտօնեաներ եկան եւ տնօրինեցին, գուցէ նախկին տէրերն էին տնօրինողները, բայց համայնքին ծառայել նպատակադրող այս պետականացումը, աւելի շատ բեռ եղաւ պետութեան գանձարկղին, յետեւապէս եւ համայնքին: Միայն սեփականին պատկանող տնտեսական ձեռնարկը կարող է շահ ապահովել, յետեւապէս զարգանալ:

 

Բայց նոյն ժամանակ, յանուն արդարութեան, պէտք է խոստովանել, որ այս ընկերվարական աշխարհհայեացք ունեցող կառավարութիւնների շնորհիւ, տասնամեակներէ ի վեր, սիրիացիները վայելում են հացի, վառելանիւթի, շաքարի, բրինձի ու թէյի համաշխարհայինից անհամեմատ աւելի աժան գներ, քանզի պետութիւնը արտադրում, կամ ներածում է այդ ապրանքը, ու վաճառում ժողովուրդին վնասով:

 

Մի քանի խօսք եւս նոր հողատէր դարձած, կամ հնուց ինչ-որ արտեր պահած հողատէրերի մասին: Քանիցս հանդիպել եմ, հողի տուած բերքին ու բարիքին տէր կանգնել չկարողացած ու Լիբանանի կազինոներում ունեցածը կորուսած նախկին հողատէրերի: Իրողապէս՝ ցանքը ինքնին բախտախաղ է, մանաւանդ անձրեւի (արաբերէն՝ բաալի- հին սեմական բահաղ դից) ջրին ապաւինող ցանքը: Այդ գործով զբաղող հողատէրերը, ահագին գումար թափում են հողում, սերմի եւ պարարտանիւթի տեսքով, ու սպասում երկնքի բարի կամեցողութեան: Իսկ եթէ մի քանի տարի ջուրը բաւարար չկաթի, կամ կաթի սխալ ժամանակ, այդ ժամ գետին թափած հարստութիւնը կը մնայ այնտեղ, չի ծլարձակի, ու յայտնի աղաներ, հողատերէր յուսախաբ կգան քաղաք, եւ կաշխատեն նախկին փառքին չհամապատասխանող որեւէ գործ:

 

Այժմ Թել Սամենի մէջ հայեր չկան: Հաւանաբար այդ գիւղական վայրերու հայերը հաստատուած են մօտակայ քաղաքներ: Եփրատի ափին գտնւող Ռակկա նահանգային կեդրոն քաղաքի հայերը՝ հիմնովին ուրֆացի եւ կարմուճցիներ են: Մօտ ապագային, քաղաքի մերձակայքը պիտի կառուցուի հայկական համալիր, որն պիտի ընդգրկէ. եկեղեցի, ակումբ եւ դպրոց:

 

Ընկերներ ունեցած եմ Ռակկայէն, Թել Աբիադէն, Ռաս Այնէն, բոլորն ալ Եփրատի սուրիական հովիտին մէջ գտնւող աւաններ են: Ռաս Այն-ի անունը կը կարդանք՝ տարածքի ամենահին անցեալը ներկայացնող քարտէսըներուն մէջ: Ջարաբլուսի (Գրիպոլիս?), Այն արաբ եւ Այն Արուսի մէջ ալ հայեր ապրած են նախապէս, հայկական բոլոր հաստատութիւններով հանդերձ: Այժմ՝ հայերու բնակութեան վայրերը անհամեմատելիօրէն նուազած են, անցնող 50 տարիներու հետ բաղդատմամբ: Խօսքին բացը՝ այդ կողմերը երբ երթամ. սիրտս կը քամուի, որովհետեւ Հայկական Ցեղասպանութեան ուղղակի առչնչւող վայրեր են:

 

 

Link to comment
Share on other sites

Join the conversation

You can post now and register later. If you have an account, sign in now to post with your account.

Guest
Reply to this topic...

×   Pasted as rich text.   Paste as plain text instead

  Only 75 emoji are allowed.

×   Your link has been automatically embedded.   Display as a link instead

×   Your previous content has been restored.   Clear editor

×   You cannot paste images directly. Upload or insert images from URL.

Loading...
×
×
  • Create New...