Jump to content

Mayraqaghaq Xii


Arpa

Recommended Posts

Mayraqaghaq XII

 

When we initiated this topic;

 

http://hyeforum.com/index.php?showtopic=9856

 

I had posed the question- How many Capital cities have the Armenians had.

 

Harut said this;

there should be 12 or 13 of them total...

ok, just off top of my head...

 

Van

Yervandashat

Artashat

Tigranakert

Vagharshapat

Dvin

Ani

Bagaran (not sure)

Yerevan

 

Good!

In fact there are 12 of them, the reason why I chose the topic Mayraqaghaq XII for this thread. Here they are ;

 

Վան

Արմաւիր

Երուանդաշատ

Արտաշատ

Տիգրանակերտ

Վաղարշապատ

Դուին

Բագարան

Շիրակաւան

Կարս

Անի

Երեվան

 

As you can see, in the above thread we were sidetracked and listed what we had in a haphazard sequence, i.e out of chronological order.

Rather than burden our mods and ads to resequence the entries I, with your indulgence, will reinitiate this thread and try and list them in chronological order. Besides, in the previous thread there are some comments and feedbacks.that may be interesting to some.

 

Here is

Ա

 

VAN

 

the first Mayraqaghaq;

http://ermeni.org/ermenice/van_uni.htm

 

ՏՈՒՇՊԱ - ՎԱՆ

 

)Աղթամար Կղզին եւ Ս. Խաչ Եկեղեցին Վարագավանք նկարուած երկու տարբեր անկիւնէ, 1915-էն առաջ Ուրարտական ուխտանուէրի գծագրութիւն պրոնզի վրայՕ

Այս քաղաքը, որ կը կոչուի նաեւ Տոսպ, Վանտոսպ, աշխարհի հնագոյն քաղաքներէն մին է։ Երբ Ք.Վ. 363 թուականին, պարսիկներ կ'արշաւեն Հայաստան, իրենց արձանագրութիւններուն մէջ Վան քաղաքի համար կը գործածեն Շամիրամակերտ անունը։ Ք.Ա. 9-րդ դարու կիսուն, յատկապէս ասորական արշաւանքներու հետեւանքով, Նաիրի երկրի հայ ցեղերը՝ քաղաք-թագաւորութիւնները միասնական պետութեան մը վերածելու աշխատութիւններուն կը սկսի Արամ (Արամու) (Ք.Ա. 860-843), որով ինք կը նկատուի Նաիրի երկրի Ուրարտուի թագաւորութեան (Արարատեան Հայոց Թագաւորութեան) (Ք.Ա. 860-580) հիմնադիրը։ Սարդուրի Ա. (Ք.Ա. 835-825) կը հիմնէ միացեալ թագաւորութեան մայրաքաղաքը՝ Տուշպա՝ Վան քաղաքը, (Ք.Ա. 827-825), Վանայ Լճի արեւելեան ափը։ Վան ռազմավարական տեսակետէ Արծաշքու (Արզաշկու) քաղաքին նկատմամբ հարաւային յարձակումներէ աւելի պատսպարեալ է. մէկ կողմը լիճ, միւս կողմն ալ լեռնաշղթայ։

 

Քաղաքին Տուշպա անունը ծնունդ կ'առնէ արեւի չաստուած Շիուինիի կնոջ՝ Տուշպուէայի անունէն։ Այս երկու չաստուածներու մեհեանը կը գտնուի Տուշպայի մէջ։ Վան անունն ալ կը ծագի Բիայնիլի անունէն։ Սարդուրի Վանի քարաժայռին մօտ հսկայ քարերով արեւելքէն­արեւմուտք 1800 մ. եւ հիւսիսէն-հարաւ 120 մ. երկարութեամբ ամուր պարիսպ շինել կուտայ իր միջնաբերդով, որուն վրայ յայտնաբերուած աքքադերէնով գրուած սեպագիր արձանագրութիւններուն մէջ Սարդուրի ինքզինքը կը կոչէ մեծ արքայ, տիեզերքի արքայ, Նայիրի արքայ, որ քարերով շինել տուած է այդ պարիսպը։ Ան քարաժայռին մէջ փորել կուտայ զանազան սենեակներ, ննջարաններ, գանձարաններ, ծածուկ անցքեր։ Թուրք պատմիչ Էվլիա Չէլէպի (1611-1682) իր շրջապտոյտները նկարագրած տասհատորեայ «Սէեահաթնամէ»ին մէջ, բերդի շինութենէն մօտաւորապէս 2500 տարի վերջ, կը գրէ. «Քաղաքը ունի ներքին ու արտաքին պարիսպներ։ Ներքին պարիսպը .... բարձր եւ կտրուած ժայռի վրայ է։ Պարիսպէն դուրս կայ ամրակուռ բերդ։ .... Թիմուր Վանը գրաւելէ յետոյ զանազան միջոցներ գործածելով հանդերձ չէ կրցած բերդը լիովին քանդել։ ..... Ասկէ կարելի է պատկերացնել, թէ ինչ աստիճանի ամուր էին բերդը ու պարիսպները»։

 

Մենուա Ա. (Ք.Ա .810-786) քաղաքին առատ ջուր բերելու, դաշտերու, բուրաստաններու եւ ծաղկանոցներու ոռոգման համար շինել կուտայ 70-80 քմ. երկայնութեամբ, 4,5 մ. լայնքով եւ 1,5 մ. խորութեամբ ջրանցք, զորս կ'անուանէ Մենուայի ջրանցք, որ տեղ տեղ կ'անցնի փորուած ժայռերու մէջէն, կամ 15-20 մ. բարձրութեամբ լայն պատերու վրայէն։ Այս ջրանցքը այսօր իսկ կ'օգտագործուի։ Ան շինել կուտայ նաեւ Բաբելոնի հռչակաւոր կախովի պարտէզներուն փոքր նմանները։ Քաղաքը ընդարձակ փողոցներով մասերու կը բաժնուի։ Կը կառուցուին բաղնիքներ, երկյարկանի ու եռյարկ ապարանքներ։

 

Արգիշտի Ա. (Արա) (Ք.Ա. 786-764), Ք.Ա. 782 թուին Արինբերդ կոչուած բլուրին վրայ կը շինէ քաղաք-ամրոց մը եւ զայն կը կոչէ ԷՐԵԲՈՒՆԻ, Ք.Ա. 776- ին ալ, ուրիշ բլուրի մը վրայ, կը հիմնէ Արգիշտիխինիլի ամրոց քաղաքը։

 

Ռուսա Ա. (Ք.Ա. 735-714) թագաւորի օրով Տուշպան արդէն եղած է բազմամարդ ու հսկայ քաղաք։ Ռուսայի համար ասուրական արձանագրութիւններու մէջ գործածուած է Ուրսա անունը։ Ասորիներու Սարգոն Բ. (Ք.Ա. 722-705) թագաւորը Ք.Ա. 714 թուին պարտութեան կը մատնէ Ռուսա Ա.­ը եւ ան անձնասպան կ'ըլլայ։

 

Ռուսա Բ. (Ք.Ա. 685-645) Արգիշտիխինիլինէն դէպի արեւելք 60 քմ. հեռաւորութեամբ կը շինէ նոր քաղաք մը՝ Թէյշեբաինի (Կարմրաբլուր)։

 

Ուրարտուի հայկական թագաւորութեան վերջին գահակալը՝ Մենուա Բ. (Ք.Ա. 600-580) եւ իր մի քանի նախորդները դէպի Ասորեստան հակում ցոյց կուտան։ Որոշ իշխանաւորներ ալ երկրին հարաւ­արեւելեան կողմը, (այսօրուայ Պարսկաստանի հողերուն վրայ), հզօրացող Մարերու կողմնակից դիրքաւորում կ'ունենան։ Ասոնցմէ Նաիրի երկրի Սասունի իշխաններէն Պարոյր Սկայորդին, դաշնակցելով Մարերու հետ, իր բանակով կը մասնակցի Ասորեստանի մայրաքաղաք Նինուէի գրաւումին (Ք.Ա. 612)։ Ասորեստան կը կործանի Ք.Ա. 605 թուին եւ թատերաբեմէն կ'անհետանայ ։

 

Մարերու թագաւոր Կիաքսար (Ք.Ա. 625-585) Պարոյրը կը ճանչնայ որպէս հայոց թագաւոր եւ անոր կը նուիրէ թագ։ Աւելի ուշ, Մարերը կը յարձակին նաեւ Արարատեան Հայոց Թագաւորութեան վրայ, կ'այրեն Թէյշեբաինի, Էրեբունի եւ Արգիշտիխինիլի քաղաքները եւ Հայաստանը կ'ենթարկեն իրենց գերիշխանութեան, պարտադրելով տուրք վճարել։

 

Երբ Մարերու թագաւորը` Աժդահակի (Ք.Ա. 585-550) Բաբելոնի հետ կը պատերազմի, Պարոյրի ընտանիքէն Երուանդ Սակաւակեաց, կը գրաւէ Տուշպան եւ զայն կը վերանուանէ ԵՐՈՒԱՆԴԱՒԱՆ։ Այսպէսով Վանի վրայ կը սկսի Երուանդունիներու անկախ թագաւորութիւնը (Ք.Ա. 580-201)։

 

Վան, յետագային, կ'ըլլայ նաեւ Վասպուրականի Արծրունեաց թագաւորութեան (908-1021) մայրաքաղաքը։ Գագիկ Ա. թագաւոր (908-943) կը վերաշինէ Վանի միջնաբերդը եւ միջնաբերդի մէջ կը կառուցէ մի քանի եկեղեցի եւ ժայռաբերդի մէջ ալ՝ թագաւորական պալատ։ շինել կուտայ նաեւ Վարագայ լերան ստորոտէն դէպի Վան ստորերկրեայ քարաշէն ջրմուղ։ Իր ուշադրութեան առարկայ կ'ըլլայ Վանայ Լճի ափերուն, Աղթամար կղզիին դիմացը, հրաշալի դիրքով, Արարատեան Հայոց Թագաւորութեան Ոստան քաղաքը, որու աւերուած միջնաբերդը վերականգնելէ վերջ կը նորոգէ նաեւ տեղւոյն Ս. Աստուածածին եւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցիները։ Կը շինէ թագաւորական շքեղ պալատ։ Գագիկ շինել կուտայ նաեւ Կարմրավանքի մէջ Ս. Նշան եկեղեցին եւ Նարեկավանքը, որուն ամենանշանաւոր վանականին` Գրիգոր Նարեկացիի (951-1003) մահուան 1000­ամեակը կը յիշատակուի 2003 տարուան ընթացքին։

 

Գագիկ կ՛որոշէ մայրաքաղաքը Վանայ Լճի Աղթամար կղզին տեղափոխել։ շինութեան համար հեռաւոր գիւղերէ երկանիւ սայլերով ահագին քանակութեամբ քարեր կը բերուի։ Կղզիին շուրջը անոնցմով կը լեցուի։ Անոնց վրայ ջուրի մակերեսէն հինգ կանգուն (2,5 մ.) բարձրութեամբ ամբարտակ կը շինուի, որուն վրայ կը բարձրանայ քաղաքի շուրջի պարիսպը՝ իր բարձր աշտարակներով։ Լճին մէկ մասը եւս լեցնելով ցամաքի կը վերածուի, կը շրջապատուի ամբարտակներով, որով կը գոյանայ արուեստական նաւահանգիստ, որ կը շրջապատուի աշտարակաւոր պարիսպներով եւ կ՛ունենայ երկաթաձոյլ դռներ։ Կը կառուցուի արքայական պալատ եւ Ս. Խաչ եկեղեցին (915-921)։ Մանուէլ ճարտարապետի շինած այս կառոյցը իր ժամանակի համար, ոչ միայն հայկական, այլ նաեւ միջազգային արուեստի մէջ, եզակի կոթող մըն է։ Գագիկի եղբօրորդի Եղիշէն (Եղիս), 921ին, կը ձեռնադրուի եպիսկոպոս։ Այսպէսով կը սկսի Վասպուրականի թագաւորութեան (Աղթամարի) եպիսկոպոսական աթոռը։

 

Հայկական ճարտարապետութեան գիտական ուսումնասիրութեան հիմնադիր ճարտարապետ Թորոս Թորամանեան (1864-1934), որուն տարած աշխատութիւններուն շնորհիւ եւրոպական գիտական աշխարհը ընդունած է, թէ ինքնուրոյն հայկական ճարտարապետութիւն մը գոյութիւն ունի, քսաներորդ դարու սկիզբը նաւահանգստի աւերակները տեսնելով ըսած է. «Գագիկ Ա. փափաքելով ծովու մէջ խաղաղ նաւահանգիստ մը շինել, երկու քիլօմեթր երկարութեամբ ծովը լեցուցած է հսկայ ժայռերով եւ վրան շինած է նաւահանգիստը շրջապատող հաստատուն պարիսպներ։ Այդ պարիսպները այսօր ջուրին մէջէն կ'երեւին, որովհետեւ վերի մասը փլած է, նաեւ լճի մակարդակն ալ` դարերու ընթացքին բարձրացած։ Կարելի չէ եղած ստուգել, թէ ջուրի մէջ քարերը ամրացնելու համար ինչ տեսակի կրաշաղախ գործածուած է»։

 

Կղզիի այս հրաշակերտ կառոյցներէն այսօր կանգուն մնացած են Ս. Խաչ Եկեղեցին եւ 19­րդ դարուն շինուած զանգակատունը։ Կան նաեւ 14­րդ դարուայ մատուռի սիւնազարդ սրահէն եւ 1763­ին շինուած գաւթէն աւերակներ, որպէս վկայ կղզիին հայապատկանութեան։

 

896-ի երկրաշարժէն յետոյ Դուինի կաթողիկոսարանը նորոգել կարելի չըլլար, որով Յովհաննէս Ե. Դրասխանակերտցի կաթողիկոս (898-929), աթոռը, 927-ին, Աղթամար կը փոխադրէ։ Գրիգոր Բ. Վկայասէր կաթողիկոսն ալ (1066-1105), քաղաքէ քաղաք պտըտող աթոռը, 1101 թուին, Կիլիկիա կը փոխադրէ, ուր էր ազգային իշխանութիւնը՝ Կիլիկիոյ Հայոց Թագաւորութիւնը (1080-1375)։

 

Արաբական իշխանութեան վարձկան սելջուկ­թրքական ջոկատներու տեւական յարձակումներէն տկարացած եւ Բիւզանդիոյ հայազգի կայսր Վասիլ Բ.­ի (957- 1025) պարտադրութեամբ Վասպուրականի թագաւոր Սենեքերիմ Արծրունին (968-1021), 1021-ին, Վասիլի հետ կնքած պայմանագրի համաձայն, Վասպուրականը, որ Միջագետքի վրայ իշխելու տրամադիր Բիւզանդիոնի համար ռազմավարական մեծ արժէք կը ներկայացնէ, իր 8 քաղաքներով, 4000 գիւղերով, 72 բերդ-ամրոցներով եւ 115 վանքերով կը յանձնէ Բիւզանդիոնին, ի փոխարէն ստանալով Փոքր Ասիոյ Կապադովկիա նահանգը, որու կեդրոնն է Սեբաստիա (Սիվաս) քաղաքը, իր գիւղերով, որպէս Արծրունիներու ժառանգական հողատարածք։ Սենեքերիմ կը ստանայ նաեւ մագիստրոսի կոչում ու կուսակալի իրաւունք։ Ան Սեբաստիա կը գաղթէ իր արքունիքով, մերձաւորներով, զօրքով եւ մօտաւորապէս 70-80,000 վանեցիներով։ Սենեքերիմ իր հետ կը տանի նաեւ 10­րդ դարու սկիզբը Վանալճէն 5 քմ. հիւսիսարեւելք կառուցուած Վարագայ Վանքի ամբողջ հարստութիւնը եւ ճոխ մատենադարանը։ Վարագայ Վանքը նշանաւոր դեր ունեցած է հայ մշակութային կեանքէն ներս։ 19­րդ դարու սկիզբները վանքին մէջ գոյութիւն ունեցած են մօտ 400 ձեռագիր եւ 1000 տպագիր մատեաններ։ Մինչեւ 1915 օգտագործուած է որպէս Վանի շրջանի առաջնորդարան։ 1915-ի ջարդերու ընթացքին վանքը կողոպտուած եւ աւերուած է նման միւս մշակութային կեդրոններու։ Վանքի մնացորդացը այսօր կը կոչուի Եէտի Քիլիսէ (Եօթը Եկեղեցիներ)։

 

1113 թուականին, Աղթամարի եպիսկոպոսը՝ Դաւիթ Թոռնիկեան, Գրիգոր Գ. Պահլաւունի կաթողիկոսի (1113-1166) տարիքի փոքրութիւնը (20 տարու) պատրուակելով, անոր գահակալութենէն քիչ յետոյ, ինքզինք կաթողիկոս կը հռչակէ (1113-1165)։ Այսպէսով կը սկսի Աղթամարի Կաթողիկոսութիւնը, որուն կ'ենթարկուին շրջանի 100,000 նկատուող ժողովուրդը, աւելի քան 58 վանքերը, 302 եկեղեցիները եւ մատուռները։ Գահակալած են 47 կաթողիկոսներ։ Վերջին կաթողիկոսն է Խաչատուր Բ. Շիրոյեան (1864-1895)։ Աթոռը գոյութիւն ունենալէ կը դադրի 1916 թուականին` Օսմանեան Կայսրութեան 19 Յուլիս 1916 թուակիր «Կանոնագիր Հայոց Կաթողիկոսութեան Եւ Պատրիարքութեան» օրինագծով։

 

Արծրունիներու անկումէն յետոյ ընդհատուած մանրանկարչութիւնը, շնորհիւ Աղթամարի կաթողիկոսութեան, 13-րդ դարու վերջերը սկսած է ծաղկիլ։ Մինչեւ 18-րդ դարու կէսը մօտ 1500 ձեռագիր ընդօրինակուած է, մեծամասնութեամբ նկարազարդ։ Վասպուրականի մանրանկարչութեան արուեստը իր իւրայատուկ տեղը ունի հայկական մանրանկարչութեան մէջ։

 

Աղթամարի կաթողիկոսներէն Ստեփանոս Դ. Սենեդինեան (1465-1489), որ Արծրունիներու թագաւորական տոհմի շառաւիղէն է, 1466-ին, իր եղբայրը՝ Սմբատը Աղթամարի մէջ թագաւոր կ'օծէ։ Այս թագաւորութիւնը տարի մը կը տեւէ։

 

16-րդ դարու սկիզբը վենետիկցի վաճառական մը Աղթամար կ՛այցելէ ու հետեւեալը կ՛ըսէ. «Կղզիին վրայ երկու մղոն շրջագիծով փոքր քաղաք մը կայ։ Քաղաքը ունի այնքան տարածութիւն, որքան կղզին։ Այս քաղաքը կը կոչուի Արմէնիկ, շատ բազմամարդ է եւ այդտեղ միայն հայ քրիստոնեաները կը բնակին, առանց ոեւէ մահմետականի. ունի շատ եկեղեցիներ»։

 

Վանը պատմութեան ընթացքին շատ ձեռք փոխած է։ 1387­ին Լէնկ Թիմուր կը գրաւէ Վանը։ Ամբողջ բնակչութիւնը բարձր խարակներէն գահավիժումով կը սպաննուի։ Ան կ'աւերէ նաեւ Վանի բերդը։ 15-րդ դարուն Վանին կը տիրապետեն Գարա-Գոյունլու եւ Ագ-Գոյունլու ցեղերը։ Վան 16-րդ դարու սկիզբը մերթ Օսմանեան, մերթ Պարսկական պետութիւններուն սահմաննրուն մէջ կը մտնէ։ 1548­ին, Վան վերջնականօրէն կ՛անցնի Օսմանեան Կայսրութեան ձեռքը։

 

Վանը այդ շրջաններուն ունեցած է շատ հեղինակաւոր հայ իշխաններ, իշխանաց իշխաններ։ Անոնցմէ ոմանք այնքան հեղինակաւոր եղած են, որ կրցած են Վանի կուսակալը պաշտօնանկ ընել եւ նոյնիսկ կախել տալ։ 17-րդ, 18-րդ եւ մինչեւ 19-րդ դարուն կէսը Վանի մէջ եղած են այնպիսի հայ իշխաններ, որոնց իշխանութիւնը տարածուած է մինչեւ հեռաւոր գիւղերը։ Այս իշխանները կեանքի անբաղձալի պայմաններու հետեւանքով բազմիցս զինեալ դիմադրութիւններ կազմակերպած են թուրքերու եւ քրտերու դէմ։

 

Գարեգին Սրուանձտեանց եպիսկոպոսը (1840-1892), բնիկ Վանեցի, հայուն այդ օրերու կեանքը այսպէս կը նկարագրէ. «Հայը իր մանկութենէն մինչեւ գերեզման մէկ ուսին վրայ դրած է բահ, միւսին վրայ ալ՝ հրացան, մէկով իր գործը կը գործէր, միւսով՝ իր թշնամին կը հա

Edited by Arpa
Link to comment
Share on other sites

I goofed again. I got ahead of myself. Here is that site with the 12 entries.

 

http://ermeni.org/ermenice/mayraqaghaqner_uni.htm

 

As well. It is not too late to include the following Neratsakan/Introduction to the book.

 

http://ermeni.org/ermenice/neratsakan_uni.htm

 

ՀԱՅՈՑ ՄԵԾ ՀԱՅՔԻ

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔՆԵՐԸ

 

Ազգի մը պատմութիւնը անոր կենսագրութիւնն է, որ կը սկսի անոր ծննդեան թուականով ու կը հասնի մինչեւ մեր օրերը։ Անշուշտ պատմութեան թատերաբեմէն հեռացած ազգեր ալ կան, որոնց մահով վերջակէտ մը կը դրուի իրենց պատմութեան։

 

Պատմութիւնը ազգի մը հաւաքական յիշողութիւնն է, որ պէտք է միշտ վառ պահուի։

 

Մենք՝ հայերս, աշխարհի հնագոյն ժողովուրդներէն մին ենք։ Պատմութեան սկզբնական օրերէն մեր դրացիներէն ոմանք՝ Շումերներ (Սումերներ), Ասուրաբաբելացիներ (Աքքադացիներ), Խեթեր (Հիթիթներ) ... այլեւս գոյութիւն ունենալէ դադրած են, իսկ ուրիշներ ՝ վրացիներ, յոյներ, պարսիկներ, արաբներ... իրենց գոյութիւնը կը շարունակեն։

 

Ազգի մը ծննդեան թուականը ճշդելու համար պէտք է գիտնալ այդ շրջանի իր դրացիներուն պատմութիւնը, նաեւ ուսումնասիրել պեղումներու հետեւանքով յայտնաբերուած իրերը եւ յուշակոթողներու վրայ փորագրուած գրութիւնները։

 

Հայկական Լեռնաշխարհը, որ Մեծ Հայք ալ կը կոչուի, Հին Քարի դարէն (Բալեոլիթիք-Paleolithic) սկսեալ մարդկութեան բնակութիւն հաստատած վայրերէն մին եղած է։ Հայաստանի մէջ գտնուած են Հին Քարի դարին սկզբնական շրջանին պատկանող, մօտաւորապէս 800,000 տարուայ հնութիւն ունեցող քարէ գործիքներ։

 

Տնտեսական ու մշակութային կապերու եւ հասարակաց թշնամիին դէմ միասնաբար պայքարելու անհրաժեշտութիւնը ծնունդ տուած է ցեղային միութեան։ Աւելի ուշ, ցեղերու ձուլումով կազմաւորուած է ազգը՝ իր յատուկ լեզուով ու հողատարածքով։

 

Հայոց լեզուն իւրայատուկ է միայն հայերուն եւ կը պատկանի հնդեւրոպական մայր լեզուին, որ իր մէջ յառաջ եկած բաժանումներու հետեւանքով ծնունդ տուած է նաեւ յունարէնին, պարսկերէնին, հնդկերէնին, ալպաներէնին, սլովական, ռոմանական ու գերմանական լեզուներուն։

 

Ըստ որոշ լեզուաբաններու տեսութեան հնդեւրոպական լեզուներու մայր հայրենիքը կեդրոնական Փոքր Ասիայէն մինչեւ Հայկական լեռնաշխարհը ընդգրկած հողատարածքն է, ուրիշներու համաձայն՝ կը պարփակէ Պարսկական լեռնադաշտն ալ, ու կ'երկարի, գուցէ, մինչեւ Հնդկաստան։

 

Լեզուներու ուսումնասիրութեամբ երեւան կը հանուի դրացի ժողովուրդներու լեզուներուն միջեւ եղած փոխառութիւնները։ Յուշարձաններու վրայ փորագրուած գրութիւններու ուսումնասիրութիւնն ալ կը յայտնաբերէ անոնց իրարու հետ ունեցած փոխյարաբերութիւնները։

 

Շումերները Միջագետք ապրած, պետութիւն կազմած, Ք.Ա. 3-րդ հազարամեակի վերջաւորութեան ուրիշներու մէջ ձուլուած ու պատմութեան թատերաբեմէն քաշուած ցեղ մըն են։

 

Շումերները ստեղծած են սեպագիր կոչուած գիրերը։ Սեպագիրը, Շումերերէնէ զատ, գործածուած է նաեւ տարբեր լեզուներով՝ աքքադերէնով, խեթերէնով, ելամերէնով, խուռիերէնով եղած արձանագրութիւններու համար։ Այսօր ալ տարբեր­տարբեր լեզուներով գրաւոր արտայայտուելու համար կը գործածուին լատինական տառերը։ Պարսկերէնը ու արաբերէնը տարբեր լեզուներ են, սակայն այդ լեզուներով գրելու համար արաբական տառերը կ'օգտագործուին։

 

Հայերէնի մէջ շումերներէն փոխառնուած բառեր կան։ Փոխառութիւնները կը պատահին երկարատեւ դրացիական փոխյարաբերութիւններու հետեւանքով։ Սա ցոյց կուտայ, թէ հայերը այդ ժամանակաշրջանին գոյութիւն ունէին ու շումերներու հետ դրացիական շփումներ ունեցած էին։

 

Շումերներէ առաջ Միջագետքի մէջ Ք.Ա. 24-23-րդ դարերուն կար Աքքադի թագաւորութիւնը։ Մեծ Հայքի հարաւային կողմը երեւան հանուած, Ք.Ա. 2270-2230 թուականներուն պատկանող աքքադական արձանագրութիւններուն մէջ յիշատակուած է իրենց հիւսիսային կողմը գտնուող երկիր մը՝ Արմանի (Արմանում) երկիր, որուն թագաւորը իրենց դիմադրած է։

 

Հայերու մասին տեղեկութիւններու կը հանդիպինք նաեւ Խեթերու (Հաթեր) սեպագիր արձանագրութիւններուն մէջ։ Ըստ զանազան ժամանակաշրջաններու (Ք.Ա. 1400-1380, 1380-1340, 1275-1250) արձանագրութիւններուն Խեթերը դէպի Հայաստան արշաւած եւ դաշինքներ կնքած են։ Խեթերու հայրենիքը կեդրոնական Փոքր Ասիան էր, Մեծ Հայքի՝ Հայաստանի արեւմտեան հողատարածքը։ Այս արձանագրութիւններու մէջ Հայաստանի համար գործածուած բառը Հայասա է։ Խեթերէնի մէջ ասա տեղ ցոյց տուող մասնիկն է։ Խեթերու Թութհալիա Դ. թագաւորի (Ք.Ա. 1250-1220) եւ ասորիներու Թուկուլտի-Նինուրտա Ա. թագաւորի (Ք.Ա. 1243-1221) միջեւ եղած նամակագրութիւններուն մէջ առաջինը Հայաստանի համար գործածած է Հայասա բառը, իսկ երկրորդը իր պատասխան նամակին մէջ՝ Նաիրի բառը։

 

Ասորական սեպագիր արձանագրութիւններու մէջ ալ, Ք.Ա. 1275-1245 թուականներուն, Ուրուատրիներու ըմբոստացման մասին գրուած է։ Ք.Ա. 1115-1077 շրջանի արձանագրութիւններուն մէջ Նաիրի երկրի 23 թագաւորներու հետ եղած պատերազմի մը մասին տեղեկութիւն կայ։ Նաիրի աքքադերէն կը նշանակէ գետ, գետերու երկիր։ Մեծ Հայքի առատահոս գետերէն են Եփրատ, Տիգրիս, Կուր, Արաքս, Ալիս, Ճորոխ։

 

Այդ գրութենէն կ'եզրակացուի, թէ հայկական ծագումով զանազան ցեղեր այդ շրջանին Մեծ Հայքի մէջ տակաւին ցեղախումբերու ձեւով կ'ապրէին, միասնական պետութիւն մը չէին կազմած։

 

Ք.Ա. 883-859 շրջանի արձանագրութիւններուն մէջ ալ մեր երկրին համար Նաիրի բառը գործածուած է։ Ըստ Ք.Ա. 855 թուականի արձանագրութեան մը ասորի թագաւորը դէպի «Նաիրի երկրի ծովը (Վանա Լիճ)» կ'երթայ։ Այս նախադասութեան մէջ մեր երկիրը Նաիրի կոչուած է, սակայն նոյն արձանագրութեան մէջ երբ կ'ակնարկուի «ուրարտացի Արամուի Արծաշքու թագաւորական քաղաք»ին մասին, առաջին անգամ ըլլալով կը հանդիպինք Ուրարտու անուան։ Սոյն արձանագրութեան մէջ որպէս նոյն տարածքի երկիր կը յիշուի նաեւ Ալզի, Սուխմ, Դայաենի, Էնզի, Ազա անունները։ Այս արձանագրութենէն յայտնի կ'ըլլայ, թէ Արամ (Արամու) սկսած է հայ ցեղերը միացնել «Ուրարտական Պետութիւն» անուան տակ։ Միւս անունները տակաւին միութեան մաս չկազմած քաղաք­թագաւորութիւններ են։

 

Պարսկաստանի Քիրմանշահ քաղաքի Բեհիսթուն գիւղի մօտ գտնուած Աքեմենեան թագաւորութեան (Ք.Ա. 550-330) յուշարձաններու վրայի փորագրութիւնները եղած են երեք լեզուներով՝ հին պարսկերէնով, աքքադերէնով եւ ելամերէնով։ Արձանագրութիւններու մէջ Հայաստանի համար հին պարսկերէնով գործածուած է Արմինա աքքադերէնով՝ Ուրարտու (Ուրաշտու) եւ ելամերէնով ալ՝ Հարմինուեա անունները։

 

Աստուածաշունչի եբրայական բնագրի, հայերէն, յունարէն եւ ասորերէն թարգմանութիւններուն մէջ Հայաստանին համար գործածուած է երկու տարբեր անուններ։ Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորի (Ք.Ա. 705-681) առնչութեամբ գրուած է Արարատի երկիր (Դ. Թագ. ԺԹ 36-37 )։ Երեմիա մարգարէի (Ք.Ա.610-586) մէջ ալ՝ Այրարատեան թագաւորութիւն (Երեմ. ԾԱ 27)։

 

Կան ժողովուրդներ, որոնք տարբեր ժամանակաշրջաններու ունեցած են եւ հիմա ալ ունին տարբեր անուններ։ Մենք, գրաբարեան շրջանին, Վրաստանը կոչած ենք Վիրք։ Իրենք հայերը կը կոչեն սոմեխի, իսկ Հայաստանը՝ Սոմխեթի։ Վրաստանը գերմաներէնով կը կոչուի Կեորկիէն, թրքերէնով՛ Կիւրճիստան։ Ուրիշներ ալ կ'ըսեն Ճորճիա։ Մեր Եգիպտոս կոչած երկիրը անգլերէնով Իճիբթ է, թուրքերէնով ալ՝ Մըսըր։ Հնդկաստանին կ'ըսուի Ինտիա։ Հայերէնով Գերմանիա կոչուած երկիրը անգլերէնով կը կոչուի Ճերմընի, գերմաներէնով՝ Տոյչլանտ, թուրքերէնով ալ Ալմանեա։ Ֆրանսացիներ իրենց երկիրը Ֆրանս կը կոչեն, իսկ մենք՛ Գաղղիա կամ Ֆրանսա։ Հոլանտա, Հոլընտ, Նետըրլէնտ նոյն երկրին համար գործածուած տարբեր անուններ են։ Որով Արմանի, Նաիրի, Ուրարտու, Արմինա, Արմենիա, Արմանստան, Էրմէնիստան, Մեծ Հայք նոյն հողատարածքին՝ հայերու բնակած երկրին՝ Հայաստանի համար գործածուած անուններ են։

Link to comment
Share on other sites

Ողջոյն ընկեր Արփա՝

 

Թոյլ տուր մի-երկու նշում կատարեմ, քո մէջբերած գրութեան մասին:

 

''Ասոնցմէ Նաիրի երկրի Սասունի իշխաններէն Պարոյր Սկայորդին, դաշնակցելով Մարերու հետ, իր բանակով կը մասնակցի Ասորեստանի մայրաքաղաք Նինուէի գրաւումին (Ք.Ա. 612)։ Ասորեստան կը կործանի Ք.Ա. 605 թուին եւ թատերաբեմէն կ'անհետանայ։''

 

Կարծես թէ, այս պարբերութեան մէջ արձանագրութեան սխալ կայ, http://ermeni.org/ermenice/van_uni.htm

կայքի մէջ գրողի կողմէ:

 

Արդարեւ Պարոյր Սկայորդին սակերու իշխանն էր: կ'երեւի «Սակ» բառը «Սասուն» բառի հետ շփոթած են:

 

Սկայորդի կը նշանակէ՝ Սակի որդի: Հայերէն՝ հսկայ բառը առաջացած է Սկայ ցեղի անունէն: Այս ցեղը բնակած է Մեծ Հայքի հիւսիս արեւելքը, այսինքն Աղձնիք-Սասունէն բաւական հեռու վայրի մէջ:

 

Իրանի արեւելքը նահանգ մը կայ Սաջաստան անունով, որ Սակիստան անուան, արաբական արտասանութիւնն է:

 

Այժմ բռնագրաւուած Աղուանքի մէջ կը գտնուի քաղաք մը, որ կը կոչուի Շաքի Shaki, նոյն Սակ ժողովուրդի անունով:

 

Այս քաղաքը հայերով բնակուած էր, վերոյիշեալ Պարոյրի օրերէն մինչ 1988 թուականը:

 

թուրքերէնով ալ՝ Մըսըր

 

Խնդրեմ սիրելի հայ մարդ, որ գրած ես այս կայքի մէջ: Մըսըր անունը շատ հին է, տակաւին այն օրերէն երբ թուրք անունը չ'կար: Արդարեւ արաբները, այդ երկիրը կը կոչեն Մըսըր: Հին կտակարանի մէջ (ծննդոց՞) յիշատակուած է «Մեծրայիմ» անունը, որ Մըսըր անուան հին ձեւն է:

 

թուրքերէնով ալ Ալմանեա։

 

Սիրելի հայ՝ Ֆրանսացիներէ առնուած անուն է Գերմանիոյ «Ալեմանիա» անունը:

Link to comment
Share on other sites

Ողջոյն ընկեր Արփա՝

 

Թոյլ տուր մի-երկու նշում կատարեմ, քո մէջբերած գրութեան մասին:

 

''Ասոնցմէ Նաիրի երկրի Սասունի իշխաններէն Պարոյր Սկայորդին, դաշնակցելով Մարերու հետ, իր բանակով կը մասնակցի Ասորեստանի մայրաքաղաք Նինուէի գրաւումին (Ք.Ա. 612)։ Ասորեստան կը կործանի Ք.Ա. 605 թուին եւ թատերաբեմէն կ'անհետանայ։''

 

Կարծես թէ, այս պարբերութեան մէջ արձանագրութեան սխալ կայ, http://ermeni.org/ermenice/van_uni.htm

կայքի մէջ գրողի կողմէ:][/size][/b]

Շատ տեղին ակնարկ Սիրելի Օհան:

Պիտի նկադուի որ այդ կայքեջըշատ հավանաբար պատրաստուած էմի Թուրքահայի (ՈՀ Ինչպէս կ’ատեմ այդ հակախոսական oxymoronic մակդիրը) կողմէ: Նկատենք ermeni.org/ermenice/

“ermeni/ermenice” :

Խնդրեմ թոյլ տուր որ շարունակեմ Անգղիերէնով:

I have, just as you, noticed many inconsistencies and amateurish assertions. Not unlike when our so called, self appointed historians interpret Jenats as Chinats and trace the Bagratunis to an as yet unidentified so called Hrya Bagarat, whoever the hell he may be.

In case some of us may have missed it, this is the 21st century, not even that dark age also known as the 20th century. I don’t have to remind us what this century is. We can surf the internet, rather than spend years and years poring over dusty archives. There is an independent Armenia, not Tajkahayastan or Russahayastan. It is the age to revise all that has been written by the so called Turko-hay historians, Anglo-hay historians, the likes of Robert Bedrosian, who I am sure cannot even write his name in the Mesropian Alphabet, Sovieto-Russa-hay historians… so on an so forth.

It may be time when all those self appointed pseudo-historians take off their clothes, down to the skin and meat. No, down to the bones and start over with the 21st century knowledge that we are so fond of. Let us reconsider things as is fit, of a highly sophisticated creature of the 21st century and see what Khorenatsi, who had not even seen a pencil, not to mention the internet had written and why. Did Khorenatsi know how far Peking was from Artashat? Once again. Please, Khorenatsi never said Chinats/Chinese, he said Jenats as in Jenk.

We may as well let the Turks write our history and textbooks of history for our children.

Sireli Johannes. Do you think there may be a chance that the readership here and elsewhere will finally wake up of their stupor of those dark ages of the 20th century and move to the 21st??

 

I should go back to the stupor of those dark ages of the 20th c. and keep on dreaming.

Link to comment
Share on other sites

Nvertheless. Let us continue.

 

Here is Myraqaghaq no. 2

 

Բ

Armavir

ԱՐՄԱՒԻՐ

http://ermeni.org/ermenice/armavir_uni.htm

 

Թէյշեբանիի միջնաբերդի յատակագիծը Քաղաքի հիմնադիրն է Արգիշտի Ա. (Արա) (Ք.Ա.786-764)։ Ան Հայկական լեռնաշխարհի ցեղերը Ուրարտական պետութեան մէջ միաւորելէ յետոյ կը ձեռնարկէ Ասորեստանի ազդեցութեան տակ գտնուող ցեղերու միաւորման։ Կ'արշաւէ մինչեւ Բաբելոն։ Ան Ասորեստանի դէմ պատերազմէ մը յաղթական վերադարձին, Նաիրիի Ազա երկրին մէջ, Երասխ (Արաքս) գետի նախկին հունի ձախ ափին, 76 մ. բարձրութեամբ բլուրի մը վրայ, Ք.Ա. 776-ին, կը շինէ քաղաք մը՝ Արգիշտիխինիլին։ Քաղաքի հիմնարկման, պաշտպանութեան, տնտեսական, կրօնական, պալատական կառոյցներու մասին տեղեկութիւններ կան գտնուած 17 սեպագիր արձանագրութիւններու վրայ։ Ատոնցմէ միուն վրայ գրուած է. «Արգիշտին՝ Մենուայի որդին, կ'ըսէ՝ հոյակապ ամրոց շինել տուի, հաստատեցի Արգիշտիխինիլի անունը։ ...Գետէն չորս ջրանցք բերել տուի, անտառ հիմնեցի, այնտեղ մեծագործութիւններ ըրի»։ Քաղաքի պարիսպներուն հաստութիւնը 3.5 մ. է, փորուած ջրանցքներուն ընդհանուր երկայնութիւնը՝ 40 քմ. եւ լայնքը ու խորութիւնը՝ 2-ական մ.։

 

Բուն քաղաքը շրջապատուած է պարիսպներով, ուր զօրանոցը, արհեստանոցները, պետական պաշտօնէութեան եւ քուրմերու յատկացուած շէնքերը կը գտնուին։ Բլուրի ստորոտին կը տարածուի քաղաքի բնակչութեան յատկացուած մասը։

 

Ժողովուրդը առ հասարակ զբաղած է այգեգործութեամբ, կաշեգործութեամբ, մանածագործութեամբ։ Յատկապէս կատարելիութեան հասած է խեցեգործութիւնը։

 

Մարերը Հայաստանի վրայ կը յարձակին Ք.Ա. 590- 585 թուականներուն եւ կ'այրեն Արգիշտիխինիլի, Թէյշեբաինի (Կարմիրբլուր) եւ Էրեբունի քաղաքները։

 

Արգիշտիխինիլիին տեղը ճշդած է Տիւ Պուա տը Մոնբերէն 1830-ական թուականներուն։ 1880-ին սկսուած պեղումներուն ընդհատումներէ վերջ կը վերսկսուի 1927- ին։ Կանոնաւոր ու արդիւնաւոր պեղումները կը կատարուին 1962-էն սկսեալ։ Կը յայտնաբերուին Ք.Ա. 5 - 4-րդ հազարամեակի պատկանող իրեր։

 

Արգիշտիտիխինիլին արեւելեան ու արեւմտեան բլուրներուն վրայ կը գտնուէր երկու ամրակուռ, եռապարիսպ ամրոց, ուր կային մեծահարուստներու շքեղազարդ պալատները, բազմաթիւ տաճարներ, հացահատիկի պահեստներ, գինիի մառաններ, խեցեգործութեան, ջուլհակութեան, դարբնի, կաշեգործութեան, մանածագործութեան, քարագործի, հիւսնի արհեստանոցներ, դեղագործի տուներ։

 

Ք.Ա. 3-րդ հազարամեակին շումերերէն, խուռիերէն, խեթերէն եւ աքքադերէն լեզուներով գրուած ասուրաբաբելոնական «Կիլկամիշ» դիւցազնավէպի ելամերէն երեք սեպագիր սալիկները 1985-ի պեղումներուն ընթացքին գտնուած են։ Անոնց վրայ սոյն դիւցազնավէպէն բեմադրական հատուածներ կան։ Այս հատուածները հաւանաբար բեմադրուած են Ք.Ա. 760 թուականին, Սարդուրի Բ.-ի (Ք.Ա. 764-735) հարսանեկան հանդէսին։ Սա ցոյց կու տայ, թէ այդ շրջանին թատրոնը Հայաստանի մէջ զարգացած արուեստ մըն էր։

 

Հայաստան Երուանդ Ա. Սակաւակեացի օրով (Ք.Ա. 570-560) իր անկախութեան կը տիրանայ։ Սակայն, երբ Պարսկաստանի Աքեմենեան ընտանիքը իշխող Մարերու թագաւորութեան Ք.Ա. 550 թուին վերջ կուտայ, Հայաստան կը ստիպուի Աքեմենեաններու գերիշխանութեան ենթարկուիլ։

 

Պարսկաստանի Քիրմանշահ քաղաքի մօտ, Բէհիստունի (Բաղիստանա) գիւղի բարձր մէկ ժայռին վրայի երեք լեզուով սեպագիր արձանագրութիւններու համաձայն հայերու ապստամբութիւնը զսպելու համար Դարեհ Ա. (Ք.Ա. 522-486) Դադարսէս (Դադարշիշ) անուն հայ զօրավարի մը հրամանատարութեամբ Հայաստան բանակ կը ղրկէ։ Այս երեք լեզուով արձանագրութիւններու իւրաքանչիւրին մէջ Հայաստանի համար գործածուած է երեք տարբեր անուն՝ հին պարսկերէնով Արմինա, աքքադերէնով՝ Ուրարտու եւ ելամերէնով ալ՝ Հարմինուեա։ Ք.Ա. 519-ին վեց ամսուայ ընթացքին երեք ճակատամարտեր տեղի կ'ունենան, բոլորն ալ Հայաստանի հողատարածքէն դուրս։

 

Վերջին պատերազմին հայերը պարսկական բանակը նահանջի կը պարտադրեն ու մինչեւ Ասորեստանի հիւսիսային կողմերը զանոնք կը հետապնդեն։ Ժայռին վրայ կը կարդացուի. «.....բանակս ապստամբներէն շատ մարդ սպաննեց»։ Գրութեան մէջ յաղթանակի մասին որեւէ ակնարկութիւն չկայ։

 

Դարեհ, վեց ամիս վերջ, Ք.Ա. 518-ին, այս անգամ ալ պարսիկ զօրավարի մը՝ Վահումիսայի հրամանատարութեամբ դարձեալ բանակ կը ղրկէ։ Երկու ճակատամարտեր կը մղուին։ Վահումիսա, հայերու ցոյց տուած յամառ ու հերոսական ընդդիմութեան հետեւանքով նախամեծար կը նկատէ Դարեհը կանչել, որպէսզի ան հայերը խաղաղեցնէ։ Դարեհ նոյն ժայռին վրայ գրել կուտայ. «......Ապստամբները Վահումիսայի դէմ պատերազմի ելան։ Ասորեստանին մէջ Իզարա անունով տեղ մը կայ։ Ճակատամարտը հոն տեղի ունեցաւ։ .....իմ բանակը ապստամբներու բանակէն շատ մարդ սպաննեց»։ Հոս ալ յաղթանակի մասին ակնարկութիւն չկայ եւ ճակատամարտը ասորական հողերու վրայ եղած է։

 

Ապստամբողները միայն հայերը չէին։ Դարեհի գերիշխանութեան ենթակայ ուրիշ երկիրներ ալ նոյն վիճակի մէջ էին։ Դարեհ կը ստիպուի բարեկարգութիւններ կատարել։ Ան իր գերիշխանութեան ենթարկած երկիրները կը բաժնէ 20 սատրապութիւններու՝ մարզերու։ Հայաստանի մէկ մասը կ'ըլլայ 13-րդ սատրապութիւնը, Վանը որպէս կեդրոն եւ միւս մասն ալ՝ 18-րդ սատրապութիւնը՝ Էրեբունի-Երեւան կեդրոնով։ Մարզերը կ'ունենան որոշ ներքին ազատութիւններ։

 

Երբ Քսենոֆոն՝ (Xenophon) (Ք.Ա. 430-355/354) յոյն նշանաւոր փիլիսոփայ, պատմաբան եւ զօրավար, Ք.Ա. 401 թուին, Աքեմենեան թագաւոր Արտաքսերքսեսի (Ք.Ա. 404-358) բանակէն պարտուած դէպի Սեւ Ծով կը քաշուի, կ'անցնի Հայաստանի վրայով։ Յառաջիկային իր «Տասը հազարի նահանջը» գրքին մէջ այդ օրերու Հայաստանին մասին կը գրէ, թէ գաւառի կառավարիչները կը բնակէին դղեակներու մէջ։ Տուներէն շատերն ունէին աշտարակներ։ Առատ ուտելիք կար։ Առատօրէն կը գտնուէր ցորեն, չամիչ, ամէն տեսակ բանջարեղէն, պատուական գինի, որ պահուած է հողի տակ, որպէսզի հիննայ եւ անուշահոտ դառնայ, տակառներով գարեջուր, զանազան անուշահոտ օծանելիքներ, լաւ տեսակի նժոյգներ։ Ան գրած է նաեւ Հայաստանի սահմաններուն մասին. հիւսիս-արեւմուտքը՝ Սեւ Ծով, հիւսիսը՝ Քուռ գետը, հարաւը՝ Միջագետք։ Այս տեղեկութենէն ի յայտ կուգայ, թէ այդ օրերու Հայաստանի սահմանները նոյնն էին Արարատեան Հայոց Թագաւորութեան՝ Ուրարտուի սահմաններուն հետ։

 

Մակեդոնացի Մեծն Ալէքսանտր (Ք.Ա. 356-323), դէպի Հնդկաստան կատարած արշաւանքին ընթացքին վերջ կուտայ Պարկաստանի Աքեմենեան թագաւորութեան (Ք.Ա. 331)։ Հայոց Երուանդ Գ. (Օրոնտաս- Որոնտէս) թագաւորը (Ք.Ա. 336-300), այս առիթէն օգտուելով, կը հռչակէ անկախութիւն եւ մայրաքաղաքը կը փոխադրէ երկրին աւելի խորքերը՝ Արգիշտիխինիլի։ Քաղաքի արեւելեան բլուրին վրայ շինել կուտայ իրեն համար նոր մայրաքաղաք մը ու զայն կը կոչէ ԱՐՄԱՒԻՐ։

 

Արմաւիրի մէջ կային բազմաթիւ մեհեաններ։ Հոն էին Արտեմիսի եւ Աբոլոնի ոսկեզօծ արձանները։ Ոսկերչական արհեստը շատ յառաջացած էր։ Ոսկին կը բերէին Սոդքի հանքերէն։ Արմաւիր գտնուելով առեւտրական խաչուղիին վրայ առեւտուրը չափազանց յառաջացած էր, որու հետեւանքով ալ՝ արհեստներն ու արուեստները։

 

Երուանդ Դ. (Ք.Ա. 220-201) մայրաքաղաքը կը փոխադրէ նոր քաղաք մը՝ ԵՐՈՒԱՆԴԱՇԱՏ, զորս ինք շինել կու տայ։ Արմաւիր մինչեւ 4-րդ դար կը պահէ Հայաստանի մեծ քաղաքներէն մին ըլլալու հանգամանքը, բայց ատկէ յետոյ կը լքուի։ 1242-ի մոնղոլական արշաւանքներէ յետոյ, որոնք քաղաքները կը հրկիզեն ու բնակչութիւնը սուրէ կ'անցընեն, Արմաւիր կը դառնայ անմարդաբնակ։ Երկրաշարժերը, ժամանակը ու աւազակները աւերներ կը գործեն։ Բլուրի վրայ պարիսպներու, պալատներու, տաճարներու եւ այլ շէնքերու հիմքերը եւ հետքերը պահպանուած են։ Այսօր աւերակներու մօտ կառուցուած է Արմաւիր գիւղը։

Link to comment
Share on other sites

Mayraqaghaq III

 

Գ

 

ԵՐՈՒԱՆԴԱՇԱՏ

Erwandashat

 

Քաղաքի հիմնադիրն է Երուանդ Դ. (Երուանդ Վերջին) (Ք.Ա. 220-201)։ Ան գահ բարձրանալէ վերջ թէ՝ անձնական ապահովութեան, թէ՝ ռազմա­քաղաքական եւ թէ Երասխ (Արաքս) գետի հունին Արմաւիրէն հեռանալուն հետեւանքով ձմեռը խմելու ջուր չըլլալուն պատճառներով, Երասխի ձախ ափին, անոր Ախուրեան գետի հետ խառնուած տեղը, ըստ Խորենացիի Երասխաձոր կոչուած վայրը, բլրի վրայ շինել կուտայ իր նոր մայրաքաղաքը՝ ԵՐՈՒԱՆԴԱՇԱՏը։ Մայրաքաղաքի միջնաբերդը կ'ամրացուի բարձր պարիսպներով։ Պարիսպներուն մէջ կը շինուի պղինձէ ամրակուռ դռներ եւ վարէն մինչեւ վեր բարձրացող երկաթէ սանդուխներ։ Երուանդաշատի պաշարման պարագային գետէն ջուր կարենալ առնելու համար բլուրի մէջ անցքեր կը փորուի։ Բերդը կը շինուի առանց շաղախի, շատ մեծ որձաքարերով, որոնք իրարու կը կապուին երկաթով։ Քաղաքի մօտ կը տնկուի պարսպապատ անտառ, որ կը լեցուի որսի անասուններով։ Երուանդ այդ անտառը կը կոչէ «Ծննդոց Անտառ»։

 

Ան Արմաւիրի հարստութիւնը եւ անոր բնակչութեան որոշ մէկ մասը Երուանդաշատ կը փոխադրէ։ Տիգրան Բ.­ի (Մեծն Տիգրան) (Ք. Ա. 95-55) օրով ալ գրաւուած երկիրներու բնակչութենէն մաս մը հոս կը բերուի։

 

Ախուրեան գետի ձախ ափին կը շինուի ԵՐՈՒԱՆԴԱԿԵՐՏը ծաղկանոցներով, բուրաստաններով, այգիներով, ուր կը բնակի թագաւորի ընտանիքը, թիկնապահները եւ սպասաւորները։ Ախուրեանի աջ ափին ալ կը շինուի փոքր քաղաք մը՝ ԲԱԳԱՐԱՆ, որպէս կրօնական կեդրոն, ուր Արմաւիրէն կը փոխադրուի մեհեաններու հարստութիւնը եւ չաստուածներու արձանները։ Երուանդ իր եղբայրը՝ Երուազը, կը նշանակէ քրմապետ, անոր տալով 500 ծառայ։

 

Տրդատ Գ. Մեծ (287-330), Պարսկաստանէն քաղաքական պատճառներով Հայաստան ապաստանած պարսիկ ազնուական Կամսարին, ժառանգական իրաւունքով, կը շնորհէ Երուանդաշատը, նաեւ՝ նախարարութիւն։

 

Մակեդոնացի Մեծն Ալէքսանտր (Ք.Ա. 356-323) մեծ կայսրութիւն մը հիմնելու եւ հելլենական քաղաքակրթութիւնը Փոքր Ասիայէն սկսեալ դէպի Հնդկաստան տարածելու նպատակով դէպի արեւելք արշաւանքի կը սկսի։ Այդ պատճառով ալ գրաւուած երկիրներու մէջ նոր քաղաքներ կը հիմնուի, որոնցմէ շատեր իր անունով կը կոչուին եւ յոյն բնակչութեամբ կը լեցուին։ Այս քաղաքականութեան հետեւանքով յունարէնը կ'ըլլայ նաեւ Երուանդունիներու պալատական ու պաշտօնական թղթակցութեան լեզուն։ Հելլենական տարազներ հագուիլ կը դառնայ նորաձեւութիւն։

 

Սելեւկոս Ա. Նիկատորի Ալէքսանտրի մահէն վերջ իր երեք զօրավարները կայսրութիւնը իրենց միջեւ կը բաժնեն եւ յառաջ կուգայ երեք թագաւորութիւններ։ Փոքր Ասիոյ, Միջագետքի ու Պարսկաստանի հողատարածքին կը տիրէ Սելեւկոս Ա. Նիկատոր (Seleucus) (Ք.Ա. 312-280)։ Այսպէսով կը հիմնուի Սելեւկեան Պետութիւնը (Ք.Ա. 312-64)։

 

Սելեւկեան թագաւորներէն Անտիոքոս Գ. Մեծ (Antiochus) (Ք.Ա. 223-187) իր գերիշխանութեան կ'ենթարկէ Մեծ Հայքը՝ Երուանդունիներու թագաւորութիւնը։

 

Երուանդ Դ.-էն դժգոհ նախարարներէն Երուանդունիներու ընտանիքէն Արտաշէս (Արտաքսիաս), որ սելեւկեան բանակին մէջ զօրավար ալ է, գործակցելով Անտիոքոս Գ.-ի հետ, կը գրաւէ Երուանդաշատը, Երուանդակերտը եւ Բագարանը։ Երուանդ կը սպաննուի։ Այսպէսով վերջ կը գտնէ Երուանդունիներու հայկական թագաւորութիւնը (Ք.Ա. 201)։

 

Անտիոքոս Գ. Արտաշէսը կը նշանակէ Հայաստանի ստրատեգոս՝ զինուորական կառավարիչ։ Երբ Ք.Ա. 190-ին Հռոմէական բանակը Փոքր Ասիոյ Մակնիզիա (Մանիսա) քաղաքի մօտ Սելեւկեան բանակը պարտութեան կը մատնէ, Արտաշէս օգտուելով կացութենէն, Ք.Ա. 189-ին, կը յայտարարէ Հայաստանի անկախութիւնը եւ ինքզինքը կը հռչակէ թագաւոր` հիմքը դնելով Արտաշէսեան հարստութեան՝ թագաւորութեան (Ք.Ա. 189- Ք. Վ. 1)։

 

 

360 թուականին պարսից Շապուհ Բ. (309-379) թագաւորի բանակը կը կործանէ Երուանդաշատը։

 

Պահպանուած են պարիսպներու հետքերը, փողոցներու եւ շէնքերու փլատակները, միջին դարերուն կառուցուած երկու եկեղեցիներու աւերակները, խաչքարեր եւ վիմագիր արձանագրութիւններ։

 

Այսօր Հայաստանի մէջ Երուանդաշատի փլատակներուն մօտ հիմնուած է Երուանդաշատ գիւղը։

 

 

Բագարան 9-րդ դարու վերջերը կը դառնայ Բագրատունի թագաւորութեան մայրաքաղաքը։

 

Քարտէսը ցոյց կուտայ Հայաստանի առեւտրական կապերու ուղղութիւնները Ք. Ա. առաջին դարուն

Link to comment
Share on other sites

Mayraqaghaq IV

 

Դ

ԱՐՏԱՇԱՏ

http://ermeni.org/ermenice/artashat_uni.htm

ԱՐՏԱՇԱՏ կը հիմնուի Ոստան գաւառի մէջ, Երասխ (Արաքս) եւ Մեծամօր գետերու հին հուներուն իրարու խառնուած տեղը, Խոր Վիրապի բլուրներուն վրայ։ Այս տարածքի վրայ այժմ կ'երեւին հին քաղաքի պարիսպները եւ շէնքերու հետքեր։ Դարերու ընթացքին Երասխ մի քանի անգամ հուն կը փոխէ։ Այդ թուականներուն Երասխը եւ Մեծամօրը շատ աւելի ջրառատ գետեր էին։ Մեծամօրին կը խառնուէին Քասախը, Հրազդանը եւ Ազատը։

 

Ըստ յոյն փիլիսոփայ եւ պատմագիր Պլուտարքոսի (Plutarch), (46-127), քաղաքի վայրը ճշդած ու յատակագծի նախագիծը պատրաստած է հռոմայեցիներէն փախչելով Արտաշէսի մօտ ապաստան գտած գարթակենցի նշանաւոր զօրավար Աննիպալը (Հաննիպալ) (Carthaginian Hannibal)։ Մեր պատմահայր Մովսէս Խորենացին այս մասին որեւէ տեղեկութիւն չէ արձանագրած։

 

Անահիտի արձանին գլուխը Բրիտանական Թանգարանին մէջ Քաղաքին երեք կողմը շրջապատուած է գետի ջրով, իսկ չորրորդ կողմը՝ ջրով լեցուող արուեստական խրամով։ Քաղաքը շրջապատուած է նաեւ հսկայածաւալ պարիսպներով։ Քաղաքի միջնաբերդը ունի երկու շարք պարիսպ։ Ասոնք այնպէս մը կը շինուին, որ վտանգի պահուն կարելի է զանոնք առանձին բերդերու վերածել։ Կը շինուին նաեւ պալատներ եւ մեհեան։

 

Միջնաբերդին մէջ կը գտնուի արքունի դղեակը ու մահապարտներու համար 6 մեթր խորութեամբ ու 4,4 մեթր տրամագծով հսկայական քարապատ փոս մը։ Այդ փոսը յառաջիկային կը կոչուի Խոր Վիրապ։ Կը դառնայ նշանաւոր, շնորհիւ հոն նետուած մահապարտի մը՝ Գրիգոր Լուսաւորչի։

 

Հայ եւ օտար պատմիչներ շեշտած են քաղաքի մեծութիւնը եւ գեղեցկութիւնը։ Օտարներ քաղաքը կը կոչեն նաեւ «Հայոց Կարթագէն»-ը։

 

Ըստ Մովսէս Խորենացիի Բագարանէն Արտաշատ կը փոխադրուին Անահիտ-Արտեմիսի արձանը եւ բոլոր հայրենական կուռքերը։ Տիր-Աբոլոնի արձանը կը կանգնեցնեն քաղաքէն դուրս՝ ճամբուն վրայ։ Երուանդաշատի ամբողջ վայելչութիւնները, ինչ որ Երուանդ Արմաւիրէն փոխադրած էր եւ ինք ալ աւելցուցած, կը բերուի Արտաշատ։ Արտաշէս ինքն ալ գեղեցիկ շինութիւններով քաղաքը կը սարքաւորէ որպէս արքայանիստ քաղաք։

 

Հայերու այդ շրջանի ամենասիրելի չաստուածուհին՝ Անահիտը, որ հին պարսկերէնով կը նշանակէ անբիծ, անարատ, Հայոց աշխարհի պահապանը կը համարուի։ Ան միակ չաստուածուհին է, որ ունի ոսկեձոյլ արձան, այդ պատճառով ալ նաեւ կը կոչուի «Ոսկեմայր», «Ոսկեծին» եւ «Ոսկեհատ»։ Անահիտի ամենանշանաւոր մեհեանը կը գտնուի Երիզա (Երզընկա՝ Էրզինճան), իսկ միւս նշանաւոր մեհեաններէն մին ալ՝ Արտաշատ։ Անահիտի տօնը կը կատարուի Նաւասարդ ամսուայ 15-ին (Օգոստոս 25) ։

 

Նաւասարդ հին հայկական տոմարով տարւոյ առաջին ամիսն է։ Մեր այսօրուայ տոմարով Նաւասարդի 1-ը կը համապատասխանէ Օգոստոսի 11-ին։

 

Քաղաքի աւերակներէն սիւներու կրաքարէ խարիսխները Արտաշէս բերրի ու ոռոգելի հողերով շրջապատուած Արտաշատը արագօրէն զարգացնելու նպատակով Երուանդաշատէն, Արմաւիրէն եւ ուրիշ տեղերէ մեծ թիւով բնակչութիւն կը տեղափոխէ։ Կը զարգանան արհեստները։ Պեղումներու ընթացքին կը յայտնաբերուին մեծ քանակութեամբ խեցեղէն, ապակեղէն եւ մետաղէ իրեր, ոսկիէ եւ արծաթէ սպասք ու զարդեղէն։ Քաղաքը, գտնուելով «Մետաքսի Ճամբայ»-ին վրայ, կը դառնայ միջազգային առեւտուրի գլխաւոր կեդրոններէն մին։ Ըստ Ք. Ա. 4-րդ դարու 60-ական թուականներուն գծագրուած հռոմէական «Պեւտինգերեան քարտէս»-ի, Արտաշատի տեղը, որ ուրարտական շրջանին (Ք.Ա.860-580) ալ բնակելի վայր եղած է, այդ շրջանէն իսկ առեւտրական ուղիներով կապուած է Պարսկաստանի, Վրաստանի, Միջագետքի եւ այլ երկրներու առեւտրական կեդրոններուն։

 

Հողաբաժան սահմանաքարեր Արամերէն արձանագրութիւն Արտաշատի մէջ կայ գանձատուն, մաքսատուն եւ փողերանոց, ուր կը կտրուի հայկական դրամ։ Գտնուած են պղինձէ դրամներ, որոնց վրայ յունարէնով գրուած է Արտաքսատա՝ Արտաշատ։ Այս փողերանոցին մէջ Տիգրան Բ. Մեծի (Ք.Ա. 95-56) համար ալ դրամ կը կտրուի։

 

Տուները հողէ շինուած են` հարթ տանիքով կամ կղմինտրածածկ, սենեակները՝ սալայատակուած։ Բաղնիքները կեդրոնական ջեռուցումով են։ Կրակարանի ծուխը եւ տաքութիւնը կաւէ խողովակներով կ'անցնի բաղնիքի յատակէն ու պատերուն մէջէն՝ տաքցնելով շէնքը։

 

Քաղաքի մէջ կան մի քանի կամուրջներ, որոնցմէ ամենահինը ու հռչակաւորը Երասխի վրայի «Տափերական» կամ «Արտաշատի կամուրջ» կոչուածն է։

 

Որոշ թաղամասի մը մէջ կը մշակուի որդան կարմիր միջատները, որոնց էգերէն կը ստացուի նշանաւոր որդան կարմիր ներկը, որու համար մեծ պահանջք կայ։

Արտաւազդ Բ.-ի (Ք.Ա. 55-34) օրով կը կառուցուի քաղաքին ամֆիթատրոնը եւ թատերական արուեստը բաւական կը յառաջանայ։ Պարսիկներ Խառան քաղաքի մօտ, Ք.Ա. 53 թուականին, հռոմէական բանակը պարտութեան կը մատնեն։ Այս յաղթանակի առթիւ, Արտաւազդ, ի ներկայութեան Պարսկաստանի թագաւոր Որոտէսի, Արտաշատի մէջ անձամբ կը բեմադրէ յոյն թատերագիր Եւրիպիդէսի «Բաքոսուհիներ» տրաման։ Այս ներկայացման թուականը կը նկատուի որպէս հայոց թատրոնի ծագման թուական։ Պլուտարքոս իր «Թագաւորներու եւ զօրավարներու ասոյթներ» գրքին մէջ կը տեղեկացնէ, թէ Արտաւազդ յունարէնով գրած է ճառեր, պատմութիւններ եւ ողբերգութիւններ։ Մատնանշուած այս գրութիւնները մեր օրերուն չեն հասած։

 

Հողաբաժան սահմանաքարեր Արամերէն արձանագրութիւն

Արտաշէս Ա. Մեծ Հայքի ամբողջութիւնը հայոց թագաւորութեան դրօշակին տակ կը հաւաքէ։ Իր պետութեան սահմանները կը ճշդէ՝ հայոց լեզուի տարածման շրջաններուն համաձայն. Կասպից ծովի արեւմտեան ափերէն մինչեւ Եփրատ գետը, Վիրահայոց լեռներէն մինչեւ Տաւրոսեան լեռնաշղթան։ Այսպէսով իր աւարտին կը հասցնէ շատոնց սկսած հայ ժողովրդի կազմաւորման ընթացքը եւ այս կազմաւորումը քաղաքական իշխանութեամբ կ'ամրապնդէ։

 

Ստրաբոն, որ Ամասիա ծնած է, կը վկայէ, թէ իր շրջագայութեան ընթացքին Հայաստանի մէջ խօսուած միակ լեզուն հայերէն է։

 

Արտաշէս երկիրը կառավարելու համար Հայաստանը կը բաժնէ չորս զինուորական շրջաններու։ Անդրանիկ որդւոյն՝ Արտաւազդին, կը յանձնէ արեւելեան նահանգներու կառավարչութիւնը եւ հայոց բանակի սպարապետութիւնը։ Երկրորդ որդին` Վրոյրը, կը նշանակէ տուրքերու, շինարարական ու արքունի գործերու կառավարիչ, երրորդ որդին՝ Տիրանը, արեւմտեան ու հինգերորդ որդին՝ Զարեհը, հիւսիսային շրջանի կառավարիչ։ Քրմապետութիւնը, որ կարեւոր պաշտօններէն մէկն է, կը վստահի չորրորդ զաւկին՝ Մաժանին։

 

Արտաւազդ Բ. Արտաշէսի հրամանով գիւղերու սահմանները կը ճշդուին եւ կը դրուին հողաբաժան սահմանաքարեր։ 1957-ին Սեւանի հարաւ-արեւմտեան եւ 1971-ին ալ Իջեւան շրջանի Թեղուտ գիւղի մօտ գտնուած այս սահմանաքարերու վրայի արձանագրութիւնները արամերէնով են։

 

Գորպուլոն (Corbulo)՝ Հռոմի Կապադովկիայի կուսակալը, (54-63), 58-ին, հռոմէական զօրքով Հայաստան կը ներխուժէ, կը գրաւէ Արտաշատը եւ 59-ի գարնան, քաղաքէն հեռանալէ առաջ, հակահռոմէական շարժումներու, պայքարի ու Հայաստանի անկախութեան ձգտող ուժերու կեդրոն այս քաղաքը հիմնայատակ կը կործանէ։ Ներոն՝ Հռոմի կայսրը (54-68), 66-ին, Տրդատ Ա.ի (52-75) Հռոմի կողմէ ալ ճանաչուելուն եւ հոն թագադրուելուն առթիւ, կը տրամադրէ 50 միլիոն տինար եւ հմուտ վարպետներ, որպէսզի այրած քաղաքը վերաշինուի։ 67-ին քաղաքը կը կոչուի Ներոնիա։ Այս անունը կարճ ժամանակէ մը վերջ գործածութենէ կը դադրի ու կը մոռցուի։

 

Վաղարշակ Ա.ի (117-140) մահէն վերջ հռոմայեցիները Հայաստանի թագաւոր կը նշանակեն իրենց Ծերակոյտի անդամ, Եմեսայի (Հոմս) իշխանական տունէն Սոհեմոսը (140-161), որուն Խորենացին կը կոչէ Տիգրան։ Ան կը թագաւորէ Արտաշատի մէջ։ Հայկական ու պարսկական բանակները միասնաբար զինքը երկրէն կը հեռացնեն։ Հռոմայեցիները 162 թուին Արտաշատը կը գրաւեն եւ կ'աւերեն։

 

Երբ Պարսից Շապուհ Բ. (309-379) արքան 368-369-ին Հայաստանի վրայ կը յարձակի, կը քանդէ Արտաշատի պարիսպը եւ քարաշէն շէնքերը, կ'այրէ փայտաշէնները, քաղաքը աւերակի կը վերածէ։

 

Վարդանանց պատերազմէն (451) առաջ կաթողիկոսը, եպիսկոպոսները, իշխանները Արտաշատ ժողով կը գումարեն (449) եւ պարսից արքային կրօնափոխութիւն պահանջող նամակին պատասխան կը գրեն։

 

Մայրաքաղաքին Դուին փոխադրուիլը, Մեծամօրին իր հունը փոխելը պատճառ կ'ըլլան որ քաղաքը իր կենսունակութիւնը կորսնցնէ։

 

Արտաշատի տեղը կը ճշդուի 20-րդ դարու 20-30-ական թուականերուն։ Քաղաքը յայտնաբերելու համար պեղումները կը սկսին 1970 թուականին։

 

Հռոմէական արծաթ դրամ շրջանառութեան դրուած Ք.Ա. 20-18 թուականներուն Հայաստանի նուաճման առիթով Այսօր Երեւանէն 30 քմ. հարաւ-արեւելք կը գտնուի Արտաշատ անունով քաղաք մը։

Edited by Arpa
Link to comment
Share on other sites

Վան
Արմաւիր
Երուանդաշատ
Արտաշատ

Տիգրանակերտ
Վաղարշապատ
Դուին
Բագարան

Շիրակաւան

Կարս

Անի
Երեվան

Շեղագիրն այժմ Հայ դրօշի ներքոյ չէ:

Այս ցանկէն կ'եզրակացնենք, որ հայոց մայրքաղաքներու մեծամասնը (Արմաւիր, Երուանդաշատ,Արտաշատ, Վաղարշապատ, Դուին, Բագարան, Շիրակաւան, Կարս, Անի, Երեվան) գտնուած է Հայաստանի կեդրոնական նահանգ՝ Այրարատի մէջ:

Կան եւ այլ մանր հայկական իշխանապետութեանց կեդրոններ Բագարանի, Շիրակաւանի նման, որոնք այս շարքի մէջ արձանագրուելու բախտին չեն արժանացած: Իսկ Մծբինը եւ Սիսը ...
Link to comment
Share on other sites

  • 1 month later...

An aside.

How many Mayraqaghaqs did Kilikia have?

======

AZG Armenian Daily #029, 16/02/2007

 

Մշակույթ

"ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ 12 ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔՆԵՐԸ"

Աղջկանս` Հռիփսիմէի եւ իր ամուսնոյն` Ալեքսիի հետ այցելեցինք "Հայաստանի 12 մայրաքաղաքներ"-ուն նուիրուած ցուցահանդէսին, "Կոնսիերժըրիի" (Consiergerie) սրահին մէջ, որ կը նկատուի Փարիզի կարեւորագոյն սրահներէն մին: Ցուցահանդէսը մաս կը կազմէ "Հայաստանի տարի Ֆրանսիայի մէջ"-ի միջոցառումներու ծիրին:

Բարձր ճաշակով եւ պետական մակարդակով ցուցադանդէս մը, ուր կարելի է տեսնել Վանի հայկական թագավորութեան մայրաքաղաքէն մինչեւ մերօրեայ Երեւանը` Հայաստանի ունեցած 12 մայրաքաղաքները, իրենց յարակից քաղաքային կամ պաշտամունքային կառոյցներով:

Կազմակերպչակամ յանձնախումբին մաս կը կազմէ պրոֆ. Կլոդ Մութաֆեանը:

Գունաւոր մեծադիր լուսանկարներու շնորհիւ կարելի է գաղափար մը կազմել Հայաստանի շքեղ ճարտարապետութեան մասին: Վան, Արմաւիր, Երուանդաշատ, Արտաշատ, Տիգրանակերտ, Վաղարշապատ, Դուին, Սիս եւ Երիւան ներկայացուած են կանգուն կամ կիսաւեր եկեղեցիներով եւ գոյութիւն ունեցող բերդերով:

Ցուցադրուած են նաեւ հայկական տարազներ Մուշէն, Արցախէն եւ այլ գաւառներէ. կանացի գլխազարդեր, գօտիներ այրերու եւ տիկիններու համար` արծաթէ: Նուրբ ձեռագործներ եւ հայկական գորգեր. այս բոլորը կը վկայեն նուրբ ճաշակի եւ ճարտարապետական գեղեցիկ ձեւերու մասին:

Այցելուն դուրս կելլէ ցուցահանդէսի սրահէն հմայուած ու յագեցած, սակայն ես տրտմութեամբ դուրս ելայ, մտածելով գրաւեալ Արեւմտահայաստանի մասին...

"Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ կանգնած` Հայաստան, առաջին քրիստոնեայ երկիրը, մեզի կը փոխադրէ, հակառակ 3000 տարիներու անվերջ խժդժութիւններուն, յարձակումներուն եւ ասպատակութիւններուն, հարուստ եւ եզակի ժառանգություն մը` մշակութային եւ արուեստի:

12 մայրաքաղաքներու շուրջ, որոնք անցած են պատմութեան փորձութիւններէն, ցուցահանդէսը ի յայտ կը բերէ հայկական ազգային ճարտարապետութեան գանձերը` հնութիւններու, կարեւոր քաղաքներու եւ բնակավայրերու, բազմաթիվ եկեղեցիներու եւ կրօնական յուշարձաններու ընդմէջէն:

Իւրաքանչիւր մայրաքաղաք հիմնուած պատմական նոր շրջանի մը, կը կրէ նկարագիրը իր ժամանակին, ըլլայ ատիկա ուրարտական, հելլեննիստիկ, քրիստոնէական, միջնադարեան, սովետական կամ ժամանակակից":

ՅԱՐՈՒԹՅՈՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ, Փարիզ

© Copyright AZG

 

 

 

 

Link to comment
Share on other sites

Join the conversation

You can post now and register later. If you have an account, sign in now to post with your account.

Guest
Reply to this topic...

×   Pasted as rich text.   Paste as plain text instead

  Only 75 emoji are allowed.

×   Your link has been automatically embedded.   Display as a link instead

×   Your previous content has been restored.   Clear editor

×   You cannot paste images directly. Upload or insert images from URL.

Loading...
×
×
  • Create New...