Jump to content

Entertainment


Johannes

Recommended Posts

Երաժշտութիւնը բուժիչ յատկութիւն ունի։ Երգը կը բուժէ հոգին, միտքը, կը կանոնաւորէ սրտի զարկերը, շնչառութիւնը։ Որ՞ու կը հետաքրքրէ ես ինչ կ՚ունկնդրեմ։ Պիտի յամառիմ գրելու հայերէն, թէկուզ ընթերցող չ՚լինի։ Մեսրոպի տառերը ելեկտրոնացնելով կ՚ածեմ համացանցի ոստայնի մէջ, թող հրեշտակները ընթերցեն։ Հաճելին սա է.- այստեղ ես եմ խմբագիրը, սրբագրիչը, արտօնատէրը, տնօրէնը, յօդուածագիրը, ընթերցողը եւ ցրուիչը։ Ազատ եւ անկախ մամուլ։ Ուզածս կը գրեմ, որ հասու է բոլորին, երկրագունդի բնակիչներուն։ Թող չի հասկանան, կարեւոր չէ։ Կարեւորը այս է.- ես հաճոյք կը զգամ գաղափարներս արձանագրելով։ Այս էջերը ինչ պիտի լինին տաս, քսան կամ երեսուն տարի ետք։ Այս համացանցը ի՞նչ է, Ելեկտրոնն՞եր ամբարուած հսկայ համակարգիչներու մէջ։ Ամենայնդէպս. յոգնած ըլլալով ցեղասպանութեան մասին գրելէ, կը փախչիմ այստեղ, Աստուծոյ մօտ։ Աստուած կայ այստեղ. իմացէք, եթէ երբէք կը փնտրէք զայն, կը գտնէք գեղեցութեան մէջ։ Երաժշտութիւն կամ երգ ՝ փրկութեան լաստ են, երբ կը փախչիմ այս տգեղ աշխարհէն։ Միշտ սիրած եմ եւրոպական դասականը, սակայն վէրջերս կ՚զգամ, որ Բախի (Johann Sebastian Bach) հանդէպ տարբեր հիացմունք ունիմ։ Երբ կը լսեմ իր յօրինածները, ինքնաբերաբար կը խաչակնքեմ, ափերս իրար կը մօտեցնեմ եւ աչքերս կը փակեմ, որ ոչ մէկ ձայն, խազ չ՚փախցնեմ։ Հրաշք է Բախը, հոգիս կը սաւառնի Գոթական տաճարներու գմբեթներն ի վեր եւ հրեշտակներու հետ պար կը բռնեմ։ Պարծանք է, փառք է, Աստուածային է անոր երգը եւ վերադարձ դէպի ակունք։

 

Չայքովսկին, ռուսական բնութեան երգիչն է։ Անոր երգը գարնանային ձիւնհալ է, երբ ծառերու տերեւներէն կաթ կաթ կը հոսին կաթիլները։ Երբ գարունը կը զարթնի եւ նորածին եղինները անհոգ կը խաղան մարգի վրայ իրենց մայրերու շուրջ։ Ցուրտ է ռուսական աշխարհը՝ ձմեռը, սակայն շքեղ է եւ պերճ։

 

Վիվալդի, Շտրաուս, Մոցարտ, Շոպէն, Բեթովեն։ Կ՚ազնուացնեն կը հասունացնեն, հաստատակամ եւ ուժեղ կը դարձնեն ունկնդիրը։

 

 

Ինչ՞ու շատ շատ շատ կը սիրեմ յունարէն երգը, բուզուքին, սակայն զգոյշ. այդ չիֆթէ թելլիները նկատի չ՚ունիմ։

 

Թերեւս մենք հայերս միակ ազգն ենք յոյներէն զատ, որ կը սիրենք յունական երգը։ Ինչ՞ու այդպէս է, թէեւ բիւրաւոր քիլոմեթրներ կը բաժնէ մեզ այժմ՝ Յունաստանէն։ Յունարէն չենք գիտեր, սակայն քանի քանի սերունդներ եկան եւ անցան յունարէն երգ ու պարով։ Արդիօք տեղ մը հայ երգը չ՚կրց՞աւ գոհացնել հայ մարդուն, թէ Բիւզանդական մեր անցեալն է պատճառը…կամ աւելի հին կապեր կան…տակաւին հոմերոսի հերոսական օրերէն։

 

 

1-Յորգոս Դալարաս (George Dalaras)։ Այս տղան. Ոչ թէ կ՚երգէ, այլ կ՚աղօթէ, այնք՜ան հեզասահ մեղմ ելեւէջներով եւ քաղցրութեամբ, որ իր երգը աղօթք կը թուի ինձի։ Յունաստանի փառաւոր եւ հերոսական անցեալի երգիչն է։ Վէրջերս սպանական երգեր ալ կ՚երգէ, նոյնքան յաջող, որքան յունականը։

 

2-Դիմիտրիս Միթրոպանոս (Dimitris Mithropanos) Պապա մարդ է, իր հաստ եւ առնական ձայնը, նոյնքան մեղեդիական զգայնոտ եւ մեղմ է։ Ան կարօտաբաղձ (Nostalgic) երգիչ է։

 

3-Ստրատոս Դիոնիսիու (Stratos Dionisiou) Ներսդ հրճուանք կ՚զգաս, կը ճոխացնէ կը զուարճացնէ։

 

4-Յարութիւն Դերձակեան (Pascualis Terzis) Մսավաճարի նմանող այս հոբարը լաւ երգեր ունի։

 

5-Johannes Plutarchos անոյշ եւ գուրգուրոտ ձայն ունի։

 

6-Խարիս Ալեքսիու (Haris Alexiou) Սիրունատես այս կինը. Աստուծոյ պարգեւն է շնորհուած Յունաստանին։ Եթէ տան մէջ ոգելից ըմպելի չունիք, այս կնկայ երգը պիտի փոխարինէ այդ։ Պիտի թմրիք, ձեր շնչառութիւնը պիտի կանոնաւորուի, մեղմ շոյանք մը պիտի մարձէ ձեր գլուխը, պիտի հանդարտիք, մեղմանաք, եւ ինքնավստահօրէն բարձրէն դիտէք երկրայինը։ Ձեր հոգին պար պիտի բռնէ եւ դուք անզօր պիտի գտնուիք իր կախարդանքն ընդառաջ։ Սիրայօժար պիտի յանձնուիք այս դիցուհիի հմայքին։

 

7-Natasha Երիտասարդ եւ գեղեցկուհի նաթաշայի ձայնը կը մրցի, այլեւ կը գերազանցէ իր կենսաբանական գեղեցկութեանը։ Արժանի է մեծերէն դասուելու։ Շատ շատ շատ քաղցր թաւշային ձայն ունի եւ վարպետ մեկնաբան է։

 

8-Marinella, Anna Visi…եւ շատ ուրիշներ

 

to be continued...

Link to comment
Share on other sites

Guest
This topic is now closed to further replies.
×
×
  • Create New...