Jump to content

Sassun

Banned
  • Posts

    808
  • Joined

  • Last visited

  • Days Won

    1

Everything posted by Sassun

  1. Sip , here's the difference, i am not saying that these things do not happen in Muslim societies , but they are not a function of Islam. If they were a function of Islam , then what explains that this is a widespread phenomenon ?
  2. 2001 (Կեանքը) Երկխօսութիւն, յուսահատ բանտարկեալի մը, որ դատապարտուած է ցկեանս բանտարկութեան, եւ քահանայի մը միչեւ, որ իր միակ այցելուն է: (Բանտարկեալը եւ քահանան դէմ դիմաց, յարթէ անկողնին վրայ Տ.- Աստուած մեծ է տղաս: Բ.- Աստուա՞ծ: Տ.- Այո՛, եւ «Ան» է միակ յոյսդ: Բ.- Յո՞յս. ի՞նչ յոյս: Տ.- Պիտի գայ օրը երբ այլեւս երկաթեայ դռներ պիտի չփակեն քեզ: Արդարութիւնը անմահ է: Բ.- Աստուա՜ծ, յո՜յս, արդարութիւ՜ն. բայց ո՞ւր են ասոնք: Տ.- Հոգիդ ու խիղճդ: Բ.- Չեմ հասկնար Տէ՛րհայր: Անհասկնալի են: Տ.- Հաւատայ այն ուժին որ մարդկային մտքէն բարձր է, եւ ջանայ ապրիլ անով: Բ.- Ապրիլ հո՞ս. բանտին մէ՞ջ. այս իրական դժողքին մէ՞ջ: Տ.- Ապրի՛ր հոգուով եւ պիտի զգաս իրաւ դրախտը: Բ.- Չեմ փորձեր. չեմ ուզեր վերանալ երբ դուրսը կեանք կայ: Վերացումը տկարութիւն է եւ փախուստ իրականութենէն: Մարդիկ անգութ են եւ արդարութիւնը իրբ վահան՝ իրենց օրէնքներուն կոչումն է: Տ.- Մարդիկ բարի են: Աստուած կը սիրէ բարիները, կը սիրէ նաեւ քեզ: Օրէնքը արդարութիւն է եւ կեանքը օրէնք: Բ.- Ա՞յս է կեանքը, ապրիլ հոգետագնապներով, զգալ մարդկային գութին սաստկութիւնը, տառապիլ ապրելու երազով ու օր մը մեռնիլ այդ տառապանքով: Տ.- Կ'ապրիս երբ կը զգաս, ու կը զգաս երբ կը տառապիս: Ապրիլ գիտես դուն եւ պիտի զգաս թէ աշխարհ եկած ես: Ի՞նչ կ'արժէ ապրիլ ու չ'իմանալ թէ աշխարհ եկեր ես: Երանելի ես: Բ.- (Աչքերը, բզզացող ճանճի մը կը յետեւին, որ դուրս կ'ելլէ պզտիկ պատուհանէն: Ու մատնանշելով) Տե՛ս, այդ է երանելին: Այդ աղտոտ միջատը, որ չկրցաւ ապրիլ հոն ուր ես կ'ապրիմ, ու գուցէ դուն, Տէրհայր, շնջահեղձ ըլլաս խոնաւութենէն: Գնա՛, ու ղրկէ մահը. այդ է յոյսս ու ամենամեծ արդարութիւնը: Տ.- Յուսալ երբ ճարահատ ես, եւ հոն է արժէքը: Ու օր մը երբ հաւատաս Աստուծոյ, խղճի հանդարտութիւն պիտի զգաս եւ արդարութեան հետ այն ատեն պիտի մտերմանաս: Ու պիտի փրկուիս յետկենաց դատավճիռէն: (Քահանան դուրս կ'ելլէ, ու դուռը կը գոցուի Բ.- Աստուա՜ծ: Խորհրդաւոր է:
  3. Here's another factoid . In USA every 90 seconds a woman is raped. Blame Islam !
  4. Are you for real ? You cite "translations" of verses, and when I point out that they are mistranslations , you claim I have no point to make and am skidding around the issue ? What are you smoking ? This is the Arabic text of 4:3 , get someone who speaks Arabic to translate it for you ! وَإِنْ خِفْتُمْ أَلاَّ تُقْسِطُواْ فِي الْيَتَامَى فَانكِحُواْ مَا طَابَ لَكُم مِّنَ النِّسَاء مَثْنَى وَثُلاَثَ وَرُبَاعَ فَإِنْ خِفْتُمْ أَلاَّ تَعْدِلُواْ فَوَاحِدَةً أَوْ مَا مَلَكَتْ أَيْمَانُكُمْ ذَلِكَ أَدْنَى أَلاَّ تَعُولُواْ And ask him to point out which word is th word for "slave girl" or "captive" !!!! And as for the inheritance, there is not one predominant view. It is different in each and every case. You present numbers , and do not cite the source. What are your sources? Where did Khomeini "ok" child marriage ? You are uttering utter b.s., with no proof whatsoever. Your references to Bernard Lewis, Bat Ye'or , are among other things, a good testimony to your factual bankruptcy. And now you talk to me about non-existent things in Bukhari and want me to "suppose" that it exists, and to judge Islam according to that ?????? Make more sense please !
  5. 1. Show me the site and I will judge? 2. How does that entail that 1 man's testimony is "worth" that of 2 women ? There are reasons for why it is 1 vs 2, and that has nothing to do with any sort of inferiority that you are trying to pass it off as. Quit waving your flag of dogmatic egalitarianism, and go and spend your time on better things, such as learning for once what Islam is actually about rather than relying on mistranslations and misrepresentations. 3. There is no such word or expression in that verse, in Arabic, that refers to or might be interpreted as "slave girl" or captive. 4. I was not silent on that, I already addressed it, and also showed that there are other circumstances where the girl gets more than the boy, and so your entire hypothesis that it looks down upon women , goes down the drain. 5. There is no such thing in Bukhari. But keep on relying on Daniel Pipes & co. Suppose it is? It is not. Islam is not about "ifs" or "suppose"s.
  6. 2000 Սիրելի՛ ընկեր՝ Տարեգլխէն ետք մեր նամակցութեան կապը խանգարուեցաւ: Կը սպասէի որ դուն նախ գրես, բայց յուսահատ՝ ահա ես կը գրեմ. ու քանի որ դուն տարին ծուլութեամբ սկսար, ուրեմն ամբողջ տարին այդպիսով պիտի անցնես: Ընդհանրապէս Կաղանդէն ու Զատկէն ետք գրուած նամակները նկարագրական նկարագիր կ'ունենան, ինչպէս էին իմ նամակներս եւ նաեւ քու. ուրեմն մի՛ ապշիր կամ զարմանար եւ կամ մի՛ կասկածիր, թէ ո՞վ է նամակին տէրը. բայց եթէ վստահ չես որ նամակը իմս է, ստորագրութեանս նայիր եւ լաւ մը քննէ: Մարդոց համար սպասուած այս մեծ տօնին գիշերը, զանազան միտքերով ու որոշումներով կը խճողէ ուղեղը ու անհամբերութիւնը շատ աշխոյժ կը դառնայ: Քննադատի մը պաղարիւնութեամբ կը դիտես ժողովուրդը: Անհամբեր իրենց անհամբերութեան անհամբերութեամբ կը վազեն արագ, հոս ու հոն եւ ալքոլավաճառին խանութը: Կու գայ: Յոյսեր ու երազներ կան: Եկաւ: Բան մը չկայ: Անցաւ: Ի՞նչ էր: Ունէի յոյսեր ու երազներ: Ունէիր յոյսեր ու երազներ նաեւ: Երբ եկաւ, մոռցայ: Արդիոք դո՞ւն: Մոռցայ ու խմեցի. բայց պարզապէս խմած ըլլալու համար՝ եւ ոչ հաճոյքի: Կ'ըսեն թէ խելացի ուղեղին գիծերը խորունկ կ'ըլլան. կարծես այդ ալքոլը իմ ալ ուղեղիս գիծերը խորացուց եւ ընկերդ հոգեբանական ու փիլիսոփայական հարցերու շուրջ կը սկսի վիճիլ եղեր: Ես լուր չունիմ: Անցան, կ'անցնին ու միշտ պիտի անցնին: Բայերու ժամանակները չէ որ կը բացատրեմ, այլ դէպքերուն ու երազներուն: Պիտի ըսես, դեռ գինով է: Այո՛ գինով եմ. իսկ եթէ գինովին ըսածները չհասկնաս, դուն ալ գինով ես: Ամէնալաւը որ մարդ կրնայ տալ կու տայ երբ գինով է հոգեպէս: Պիտի տայ հոգիէն բխած գեղեցիկ զգացումներ. պիտի տայ ուղեղէն բխած գեղեցիկ մտածումներ, ու երբեք պիտի չսխալի: Եթէ այս նամակս գրած ժամանակը երկու գաւաթ խմէի, աւելի լաւ պիտի արտայայտէի միտքս, վասնզի գաղափարները պիտի հոսէին խմիչքին հոսունութեամբ եւ գուցէ քեզ ալ գինովցնէին:
  7. 2 of those killed were football players from Nejmeh football club...
  8. In that case , i already pointed out that i am a minority 'current'/'trend' , when the majority do not consider non-veiled Muslim women to be non-Muslims / apostates. Problem solved?
  9. 1998 Ան կամ ես Չըսենք կարճահասակ, այլ միջահասակ, շէկ մազերով, ոչ շատ նիհար տղայ մըն է ան ներկայիս: Սուտ չխօսինք, ֆիզիքապէս զօրաւոր չէ, բայց կամքի եւ յամառութեան ջիղերը ամենէն զօրաւորներն են իր մէջ, որոնք երբեմն կը թուլնան, սակայն կամքէ անկախ պայմաններու բերումով: Պայքարներ մղել շատ կը սիրէ, որովհետեւ՝ ըսինք, յամառ է: Շատ խօսիլ ալ չի սիրեր, բայց եւ այնպէս ամենայն հանդարտութեամբ կ'ունկնդրէ: Երբեմն ջղային է, ընդհանրապէս՝ համբերող, բայց սաստիկ ոխակալ (սուտ չեմ ըսեր, հաւատացէք). խելացի է, բայց աշխատանքը չի սիրեր, այդ ալ վստահ եմ որ այս տարի կը սորվի: Քիչեր հասկցած են իր հոգեբանութիւնը, բայց հակառակ անոր՝ ընկերային հսկայ եւ տարածուն ցանց մը ունի: Երկու զօրաւոր փափաքներ ունի. ապրիլ ինչափ որ կարելի է եւ ուսումը շարունակել այնչափ որ կարելի է: Ամէն ինչ պիտի զոհէ երկրորդին համար՝ բացի առաջինէն: Չի սիրեր ուրիշներ ծաղրել եւ չ'ուզեր ծաղրուիլ. կ'ուզէ խնդալ գոյութիւն չունեցող անձերու վրայ: Շատ նուրբ ճաշակով մը օժտուած է, այդ մէկը երեւան կու գայ իր կոկիկութենէն: Հնազանդ չէ. անգլիացիի պաղարունութեամբ շարժումները չեն ենթադրեր արիւնի պակաս, այլ՝ արիւնի դանդաղ շրջան: Հայերէնի ուսուցչուհիէն, Օրդ. ---էն, կը խնդրէ, որ շարադրութիւնները դասարանին մէջ ըլլան, որպէսզի պարտականութիւններուն մէջ չթերանայ, որովհետեւ շատ անհոգ է: Ես ալ նոյն կարծիքէն եմ: Վերջապէս ունի ճիշդ նոյն թերութիւններն ու առաւելութինները, զորս ես ունիմ. մէկ խօսքով՝ ես եմ: Հիմա որ ծանօթացաք անձիս, կը կասկածիմ անկեղծութենէս, սակայն յիշեմ որ մինչեւ հիմա անկեղծ եղած եմ. կրնայ ըլլալ որ ուրիշ թերութիւններ կամ առաւելութիւններ ունիմ եւ չեմ նշմարած, վասնզի մարդոց ուղեղը տակաւին չէ հասած իր գլխաւոր կատարելագործման, տեսնելու եւ նկատի առնելու յետին կէտեր: Այդ է պատճառը, որ չկայ կատարեալ մարդ:
  10. Sako , grow up , and realize that wikipedia is not a reliable source! Bring me an academic book or an academic journal in which the demographics of the City of Zahle is discussed ! Alternately, just look at the division of seats based on the 1932 census , and then use the Christian emigration rates to extrapolate over a long period of time and you will see that the city is no longer a "Christian city", though you might want to think it is.
  11. Hey, I just stumbled upon my old Armenian composition copybooks, and thought I would share some of my compositions in Armenian if that is ok... (excuse any typos) 17 Յունիս 1994 Շուշիի Ազատագրումը Հասած էր ժամը ազատագրելու հայրենի հողը ազերի հրոսակներու լուծէն: Մեծ էր Արցախի ազատամարտիկին վճռակամութիւնը: Մայրաքաղաք Ստեփանակերտը անդադար կը ռմբակոծուէր Շուշի քաղաքէն: Առաւօտ կանուխ, տրուեցաւ յարձակումի ազդանշանը եւ հայ մարտիկները առիւծի նման խոյացան դէպի թշնամի դիրքերը: Քանի մը ժամուան ընթացքին, արդէն ինկած էր հնաւուրց քաղաքը իր իսկական տէրերու ձեռքը, իսկ թշնամին խուճապահար կը փախչէր: Ամէն մէկ մարտիկ սխրագործ զինուոր էր, հաւատքով զինուած, պատրաստ զոհուելու եւ իր արիւնը թափելու Արցախի սուրբ հողին ազատագրման համար: Անոնք իսկական տիպարն էին հայ ֆիտայիին: Հիմա, երբ արդէն ազատագրուած է Շուշին եւ շատ ու շատ այլ գիւղեր, յարգանքով կը խոնարհինք ազատագրման այս ճամբուն վրայ ինկած մարտիկներու շիրիմին առջեւ եւ այնքան ատեն որ կայ հաու անընկճելի ոգի, կայ ե՛ւ պայքար ե՛ւ յաղթանակ: ** 15 Մարտ 1994 Ուսուցիչին Վրէժը Կան ուսուցիչներ, որոնց պահերը հաճելի են. անոնք կը մօտենան մեզի որպէս հարազատներ: Իսկ կան ուրիշներ, որոնք պաշտօնական դասատուի հանգամանք ունին: Առաջիններուն պահերը հաճելի են եւ դասերը՝ սիրելի. իսկ միւսներունը՝ ձանձրացուցիչ եւ զզուելի: Մեր դասարանը ճանչցուած է որպէս աղմկոտ եւ չարաճճի դասարան, այնքան մը որ, ուսուցիչները զայն կը նմանցնեն արեւելեան բաղնիքի մը, ուր մտնողը շնչահեղձ կ'ըլլայ...: Մեր դասարանին դաստիարակ ուսուցիչը՝ Պրն. Հայկը, թէեւ կատակասէր եւ հաճելի ուսուցիչ մը՝ ընդհանրապէս մեզ պատժելու գաղտնի ձեւ մը ունի, յաճախ ծանրաբեռնելով մեզ, անգլերէնի պարտականութիւններու տարափով մը, ինչ որ դժգոհանքի ալիք մը կը բարձրացնէր իր դէմ: Կարգ մը աշակերտներ, նկատի ունենալով Պրն. Հայկին բազմակողմանի նկարագիրը, փորձութիւնը ունեցան անոր գլխուն խաղ մը խաղալ, անոր վրայ ցանելով քերուըտուքի փոշի մը, եւ զայն դարձնելով խնդուքի շարժառիթ... Յաջորդող օրերուն, Պրն. Հայկ արդէն տեղեակ էր ամէն ինչէ, սակայն լուռ անցաւ, աւելի ուշ լուծելու համար իր վրէժը: Հասան քննութիւններու օրերը եւ Պրն. Հայկ առիթը օգտագործեց: Ան պատրաստած էր տարօրինակ եւ հանելուկային հարցարան մը, ինչ որ շփոթի եւ իրարանցումի մատնեց մեզ, մինչ ինք պատին տակ կանգնած կը ծիծաղէր: Բայց մենք լուռ մնացինք, ինչպէս որ ինք լռած էր, օր մը սակայն կրկին հակադարձելու մտադրութեամբ... ** 13 Յունուար 1995 Շարադրութեան Նիւթը Այս տարի հոգ մը եւս աւելցաւ: «Շարադրութեան դասը», նիւթը ազատ: Որոշեցի նախ բոլոր դասերս եւ պարտականութիւններս կատարել, որպէսզի բաւական ժամանակ ունենամ ընտրելու նիւթը: Նիւթը այո՛, բայց ի՞նչ նիւթ ընտրեմ: Մտածեցի գրել մեր կատուին մասին, յետոյ մեր թաղի սեւ շունին մասին, ապա աղբահաւաքներուն մասին եւ այսպէս իրար ետեւ եկան թերթավաճառը, նպարավաճառը, Պուրճ Համուտի խանութները, դպրոցս, ուսուցիչներս կամ ոեւէ առարկայ, օրինակ սեղան մը, աթոռ մը, եւ այսպէս շարունակ խճողեցին միտքս այն աստիճան, որ որոշեցի չգրել անոնց մասին: Չգրե՜լ: Բայց բան մը պէտք է գրել եւ լաւագոյնը՝ գրել այն ինչ, որ ճիշդ այս վարկեանին կրնաս գրել եւ այն ալ այս տողերն են: ** 1999 Հայ Լեզուն Հայ լեզուն տունն է հայուն: Երկար տարիներ սփիւռքահայութեան համար ազգապահպանման նշանաբան դարձած այս չորս բառերը, կը խտացնեն հայ ազգի մէկ հատուածին, որոշ ժամանակաշրջանի մը մտահոգութիւնը: Դաժան ճակատագրի ենթարկուած, իր արմատներէն բռնի պոկուած, իր անցեալէն կտրուած ու ապագայի անորոշութեան սարսափով պատուած օտար ափերուն ապաստան գտած հայը, իր ազգային գոյութեան երաշխիքը արդարօրէն գտաւ հայ լեզուին մէջ: Թէեւ պատմութեան զանազան ժամանակահատուածներու ընթացքին հայ լեզուն ենթարկուած էր ճնշումներու, սակայն իր հողին վրայ ապրող հայը, համեմատաբար աւելի դիւրութեամբ շրջանցեց այդ սեղմումները: Այսօր մեր գոյութեան սպառնացող վտանգները մեղմացած կը թուին ըլլալ: Անկախ պետականութեան ստեղծումով եւ հզօրացած սփիւռքով աւելի ինքնավստահ ենք: Ներկայ արհեստագիտութեան ընձեռած հաղորդակցութեան միջոցները դիւրացուցած են կապերը: Օտար լեզուներով իրար հետ խօսելու, հասկցուելու մեր կարողութիւնները եւ անոնց գործածութիւնը սովորական երեւոյթներ դարձած են մեր կեանքին մէջ: Թոյլցած է հայ լեզուի դերը ազգապահպանման գործընթացին մէջ տեղի տալով մեր ազգային հեռանկարներու գաղափարախօսութեան: Արտերկրի հայուն համար այսօր հայ լեզուի պահպանումը դարձած է նպատակ երբ մօտ անցեալին միջոց էր գոյատեւման: Անշուշտ համեմատաբար կը տարբերին չափանիշերը գաղութէ գաղութ, սակայն երեւոյթը տխուր է մանաւանդ երբ նկատի առնենք վերջին երկու տասնամեակներուն այն հսկայական տեղաշաժերը, որոնք տեղի ունեցան, ստեղծելով կեդրոնէն հեռացող եւ անհետացող ալիքներու պատկերը: Լեզուն մարդու կեանքի ընթացքին անոր ցաւին եւ ուրախութեան, իղձերուն եւ յղացումներուն արտայայտիչն է: Հայ լեզուն կտաւ մը չէ պատկերասրահի մը պատէն կախուած, ուր երբեմն կ'այցելեն արուեստի սիրահարներ եւ ոչ ալ ան թանգարանային փոշոտած իր մըն է պատմաբաններու եւ հետազօտողներու հոգածութեան յանձնուած: Հայ լեզուն հանապազօր հացն է հայ ազգի գոյատեւման ու մղիչ ուժն է մեր հաւաքական նպատակներու իրագործման: Հայ լեզուն տառ է Մեսրոպեան, հաւատք եւ աղօթք՝ Նարեկացիի, հայոց պատմութիւն՝ Խորենացիի, տաղ՝ Սայեաթ Նովայի, համանուագ՝ Կոմիտասեան, ու արեւահամ բառ՝ հայ բանաստեղծի: «Հայ լեզուն տունն է հայուն»:
  12. Oh oh , they released their thugs now , they closed the North-South road in Jiyye... they are terrorizing passers . It seems America's/Israel's Sunni- Shiite plan is now a top priority in Lebanon. And in 2005, before assassination of Hariri , Israeli military intelligence called 2005 the "Lebanon Year". I guess there was too much revealed info on the Fateh Islam file , and with the increasing toll in the ranks of the army , it was necessary to keep people busy and deflect attention from that front...
  13. indeed. makes one wonder if Syria is as stupid as they claim it is, to be doing such explicit liquidation of its foes. Sources close the army , tell me that at least 2 assassinations , in "Christian areas " , that of Jubran Tueini and Pierre Gemayel were the doing of Lebanese Forces elements (it also happened in areas that they have are notorious for having intelligence presence in ). I donno man ... the minister of interior was on vacation ... on a turkish island... makes one wonder what is up (in palestine every time there is internal fighting betw. Hamas and Fateh , "it so happens" that Mohammed Dahlan the head of the Palestinian National Security Council is "out of the country" ) .... I guess it's a classic case of - to use my gramma's terminology - սէրը սխտորնոցէն ելեր է: Btw , i find it amusing that the White House rushed within seconds to condemning the attack. Hmm. And Israel's silence is quite deafening as of late... usually they'd be frothing in the mouth. I wonder what is going on. hmm...
  14. Hmm.. anyway , i guess i got what you are trying to say.. ok, you have a point. we are saying different things , i think ... what i mean by choice is different than what you are talking about, ithink.
  15. Because of the last 3 words of your sentence, Yervant , which i have highlighted . Prior to making the choice to remove the Hijab , she was Muslim. Both on paper and considered as such too. Thus, as a Muslim, she had that choice? She could make that choice? As a Muslim. and yes, as a human being. But also as a Muslim. No ?
  16. Vahan, ok , you have a point . but if you look at it in reverse , if this is what Islam stipulates , and she wants to be Muslim , then why on earth would she not wear a Hijab ?
  17. Do you mean in Islamic societies ? In Lebanon personal status law is governed by sects not secular authorities. yeah it is clearer now what you are trying to say.. but see above point... ?
  18. Thank you for admitting that Islam gives on-paper Muslims the choice to wear or not to wear the Hijab. WHen they make that choice, then it is up to people to determine the outcome. The choice is there. Anyway , here's an article translated to English by Ayatollah Mohammed Hossein Fadlallah , on the Hijab : http://english.bayynat.org.lb/WomenFamily/hajI.htm
  19. I understood his point and replied. I did not understand your point about being deaf.
  20. I did not get your point.... be more descriptive pls.
  21. Why does it have to mean "certain death" ? A woman not wearing the Hijab will not be killed. What are you basing your info on ?
  22. How is it self-contradictory , unless you view religion as a "buffet" to use my new favorite word. i do not know why anyone would call himself Muslim if they do not practice what is in the Qur'an ?? and if according to the Qur'an they are not to be considered Muslim, then how does that mean that Islam does not give people the choice not to wear Hijab ?
  23. Video of explosion http://www.reuters.com/news/video?videoId=...;videoChannel=1 http://d.yimg.com/us.yimg.com/p/rids/20070613/i/r3608733101.jpg http://newsimg.bbc.co.uk/media/images/43043000/gif/_43043991_beirut_bomb1_map203.gif
  24. Sipan, you are acting like the witness , the lawyer and the judge. Who said I admitted anything , except in your mind ? Where do you see me say "2-faced" and make myself seem different than what i am ? i clearly stand behind what i believe in , that is , that a woman who does not wear the Hijab is not Muslim . i said this clearly. where is the 2-facedness you accused me of ? anyway , doesn't matter. whatever.
×
×
  • Create New...