Jump to content

Takoush

Banned
  • Posts

    3,002
  • Joined

  • Last visited

  • Days Won

    1

Everything posted by Takoush

  1. ՍՄԲԱՏ ՇԱՀԱԶԻԶ ԿԵԱՆՔԸ Շահազիզ ծնած է Աշտարակ գիւղին մէջ 1841ին։ Հայրը քահանայ էր եւ ինք վեց եղբայրներու կրտսերն էր. 10ը տարեկանին կ՚ուղարկուի Մոսկուայի Լազարեան Ճեմարանը, որուն ընթացքը կ՚աւարտէ 1862ին։ Շատ փայլուն ուսանող մը կ՚ըլլայ եւ իր անունը միշտ կը գրուի դպրոցի պատուոյ տախտակին վրայ։ Երբ կ՚աւարտէ՝ դպրոցի վարչութիւնը զինք կը պահէ իբրեւ ուսուցիչ։ Սմբատ Շահազիզ ուսանողական տարիներուն իսկ գրական փորձեր կ՚ընէ, ներշնչուելով Պատկանեանի բանաստեղծութիւններէն եւ Խ. Աբովեանի նոր լոյս տեսած «Վէրք Հայաստանի»էն։ Ինքնաշխատութեամբ պատրաստուելով՝ քննութիւն կ՚անցնէ Փեթերսպուրկի համալսարանի արեւելագիտական ճիւղէն եւ կը ստանայ գիտական աստիճան։ Այս վկայականը իրեն իրաւունք կու տայ Լազարեան Ճեմարանի բարձր դասարաններուն մէջ ալ դասախօսելու, գլխաւորաբար հայերէն (գրաբար եւ աշխարհաբար)։ Ամբողջ 35 տարի (1862-1897) անդադար կը պաշտօնավարէ Ճեմարանի մէջ, խաղաղ կեանք մը ապրելով։ Նոյն ատեն կ՚աշխատակցէր «Հիւսիսափայլ»ին, որուն մէջ տպուած իր գրութիւնները հետզհետէ որոշ ժողովրդականութիւն ապահովեցին իր անունին։ Ս. Շահազիզ ունեցաւ նաեւ հասարակական գործունէութիւն։ Այսպէս, դարձաւ նախագահը «Որբախնամ Ընկերութեան», որուն պարտականութիւնն էր օգնութեան հասնիլ Համիտեան կոտորածներէն ազատած եւ իբրեւ գաղթական Հայաստան ապաստանած որբերուն։ Անշուշտ Շահազիզ այս գործին գլուխը անցաւ լազարեան Ճեմարանը ձգելէն ետք, այսինքն 1898էն ետք։ Մեռաւ 1907ին, Մոսկուայի մէջ, եւ հոն ալ թաղուեցաւ իր սիրելի բարեկամ Ս. Նազարեանցի կողքին։ ԳՈՐԾԵՐԸ Արձակներ եւ բանաստեղծութիւններ։ 1. ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ «Ազատութեան Ժամեր» (1860, Մոսկուա)։ Կը պարունակէ 15 աշխարհաբար եւ 8 գրաբար ոտանաւորներ։ 2. «Լեւոնի Վիշտը»՝ ընդարձակ պոէմա մը, բաժնուած չորս մասերու (1865, Մոսկուա)։ ԱՐՁԱԿ ԷՋԵՐ.— Այս շարքին մէջ կը գտնենք հրապարակախօսական յօդուածներ, ազգային տօներու առթիւ գրուացքներ եւ նամակներ։ ԳՐԱԿԱՆ ՅԱՏԿԱՆԻՇԵՐ Մանկավարժ, հանրային գործիչ, հրապարակագիր եւ բանաստեղծ։ Անշուշտ ամենէն աւելի Շահազիզ կը յիշուի իբրեւ բանաստեղծ, որ արեւելահայ գրականութեան մէջ գրեց առաջին մաքուր աշխարհաբար բանաստեղծութիւնները, ամբողջապէս զերծ գրաբարի ազդեցութենէն։
  2. Ուրեմն շարունակութիւնը։ Երբեմն նշանուած կը մնան տարիներ, տարին երկու մեծ տաղաւարներուն երկու անգամ "փայ" (բաժին) կը տանին տղուն կողմէ աղջիկին տունը, հոն գացողներուն թիւը պարագային համեմատ, կը հասնի քսանէն մինչեւ 40 հոգիի, տարուած "փայ"ին գլխաւոր նիւթը կը կազմեն թոնիրին մէջ խորոված ոչխար մը, լայն ու խոշոր ափսէի մը վրայ լաւ պատրաստուած անուշեղէն մը, որուն մէջտեղը մեծկակ նուռ մը կամ խնձոր մը դրուած. ասկէ վերջ հարսնցուին տրուելիք հագուստներուն ծրարը տօնական օրերը հագնելու համար. հագուստներն են զանազան գոյներով կերպասներ, թաշկինակ, սեւ մետաքսէ փուշիներ, մատանիներ, արծաթեայ ապարանջաններ, եւայլն, եւայլն։ Նոյնը կը կրկնուի յաջորդ տաղաւարին, տղուն կողմէ գացող բոլոր հիւրերը հարսնցուին նուէրներ կուտան, իւրաքանչիւրը իր կարողութեան համեմատ, քսաննոց ոսկիէն (օսմ. ղազի) պակաս չկայ, անկէ վեր տուողներ շատ կ՚ըլլան. բնականաբար տղուն հայրն ու մայրը աւելի արժէքաւոր նուէրներով կ՚օժտեն իրենց ապագայ հարսը։ Այս "փայ"ը կը կրկնուի տարին երկու անգամ անոր համար որ հարսնցուն իրենց տունին մէկ անդամը սեպելով, պարտաւոր են բաժին հանելու անոր։ Վերջապէս հարսնիքին օրը կ՚որոշուի աղջիկին հօրմեն վերջին խօսքը առնելէն եւ անոր ձեռքը իբրեւ պաշլըխ (գլխագին) 10-15 օսմ. ոսկի դնելէն յետոյ։ Հարսանիքին որոշումը տրուելուն պէս, կ՚սկսին պատրաստութիւններ տեսնել. այդ առթիւ, բացառիկ ծախքի նախահաշիւը այդ տարուան պիւտճէին մէջ անցուած է արդէն. պսակի արարողութենէն շաբաթ մը առաջ, եթէ ունեւոր են հարսնիքի տէրերը տաւուլն ու զուռնան կը բերեն, եւ կ՚սկսին իրենց աւանդական հաճելի եղանակները հնչեցնել, տալու համար ազդարար նշանը գիւղացիներուն թէ հարսնիքը սկսած է։ Ալ հո՛ն են գիւղին երիտասարդները, չափահաս կամ անչափահաս աղջիկները, մեծ, պզտիկ հոն են, ամենեւին ինչո՞ւ են եկեր ըսող չկայ, հարսնիք է որովհետեւ, ամօթ կ՚ըլլայ իրենց համար եթէ մէկը ոեւէ պարագայի տակ վշտանալով հեռանայ հարսնետունէն, զայն հարսնետուն բերելով կրկին, հազար ներողութիւն կը խնդրեն անկէ։ Գիշեր ու ցերեկ տաւուլին ու զուռնային ձայնը չի դադրիր. ամէն մէկ անգամին երկու կամ երեք աղջիկներ, կամ կիներ եւ կամ հարսներ կը պարեն առանց իրարու ձեռք բռնելու, ձեռքերնին մէկ մէկ թաշկինակ բռնած կը խաղան վարժ ու ճկուն շարժումներով։ Նոյնը՝ հարսին տունը, բայց ոչ ամէն օր, այլ միայն վերջին իրիկունն ու առավօտը։ Այդ իրիկունը հարսը հագցնելու, իր երեսին քողը ձգելու եւ ձեռքերը հինայելու կ՚երթան տաւուլով ու զուռնայով, այդ միջոցին, ամենէն յուզիչ եւ արցունք խլող եղանակները կը նուագուին զուռնաճիին վարժ մատներուն տակ. ան կը լացնէ հարսն ալ, անոր ծնողքն ալ եւ ազգականներն ալ։ Յետոյ հարսին թեւերէն բռնած ոտքի կը հանեն զայն, ըստ սովորութեան որպէս զի պարէ, վերջապէս, այդ հարկադրանքին տակ թէ կուլայ, թէ կը պարէ հարսնեւորներուն նէննիներուն եւ ծափերուն միջեւ, վերջը կարգը կը տրուի զուռնաճիին, որուն փչելու եռանդը կ՚ելէքտրականանայ այդ պահուն, կարծես թէ մեռելներուն անգամ պարել կուտայ, ինչպէս կ՚ըսեն գիւղացիները։ Հարսը հագցնելէն վերջը, կը վերադառնան փեսին տունը, ուր փեսա-մանուկները կեցած իրենց կ՚ըսպասեն, որպէսզի փեսան հագցնեն, նախ զայն գաղջ ջուրով կը լոգցնեն, ու յետոյ ճերմակէղէնները հագցնելով, անոր թեւերէն բռնած կը բերեն զինքը հոն, ուր քահանան եւ հարսնեւորները նստած են, արդէն առաջուընէ հալաւը օրհնուած ըլլալով զգեստները իրարու վրայ կարգով սեղանի մը վրայ քահանային առջեւ են։ Փեսան եւ բեսա մանուկները ոտքի կը կենան որպէսզի զայն զգեստաւորեն օրհնուած հագուստներով։ Քահանան, լուսարարը, կամ վարժապետը «Խորհուրդ խորին»ով կ՚սկսին, առաջին տունը միայն կ՚երգեն, վերջը հագցուելիք հագուստներէն հատ հատ կ՚առնեն կը գովեն եղանակներով ու կուտան փեսայ մանուկներուն, որոնք իրենց կարգին հագուստին անունը տալով կը գովեն այսպէս. «Ըսէք շնաֆոր, վայլէ շնաֆոր, Ըս մեր թագւորին ելակ (բաճկոն) շնաֆոր, Ըսէք շնաֆոր, հագնի շնաֆոր, Ըս մեր թագւորին չորապ շնաֆոր։» Շարունակելի։
  3. Ուրեմն "Ա" գրով սկսող քանի մը բառեր, բառարանին մէջ իրենց ունեցած կարգով. Ամարու= որոջ. կամ ոչխար։ Ամնոս — եւ — առնի. գառն։ Ամաժանտ. տգեղ։ Ամարասուն. տուն ընդարձակ կամ բարձրաբերձ։ Ամբովկ. ժամադրութիւն։ Ամանակաց. ժամանակաց, տարեաց։ Ամոքել. խառնել կամ անուշել։ Ամատտարա. նշան. կամ նշաւակ. կամ նպատակ։ Ամէն. Աստուած, կամ եղիցի. ստոյգ։ Ամիկ. անմուղ ձիաքուռակ։ Առողջ. ամբողջ. կամ լիով։ Ամպրոպ. ամրայոյզ։ Աւտարատեսուչ. աղանդաւոր եպիսկոպոսը։ Աւիմբ. նովիմբ։ Աւիւն. վարան. կամ կնիւ։ Աւցտող. քճքճաւղ։ Դարձեալ քանի մը նմոյշներ "Ի" գիրով, ըստ տրուած կարգին. Իրծանաւղ. աստուածածան։ Իրակել. իրագործել։ Իրագոյն. իսկագոյն։ Իրողութիւն. իրս ինչ։ Իրաւորեալ. իրք։ Իրունող. իմաստուն։ Իրոյազեկ. ամբաստան ինչ. կամ տրտունջ։ Իր. խրատ. կամ անըմբռնելի ինչ. գործ։ Իրան. հասակ. կամ աստիք. կամ մարմին։ Իրակիկլոն. շրջագիւտ պարագայութիւն։ Իշաւարկի. յարշաւանի։ Քանի մը բառ ալ "Փ" գիրէն, նոյն կարգով. Փայփել, սփոփել։ Փատուել. փառաւորել։ Փարթ. փառաւոր։ Փղփն. լոյս։ Փաբնակ. հարուստ։ Փաղառ. սերմ։ Փաղառութիւն. սերմնաւորութիւն։ Փեղգերեա. վարդապետ։ Փարիլ. գրկատել. կամ շուրջ գալ. կամ մերձաւոր։ Սրանք իբրեւ նմոյշ։
  4. Իրաւունք ունիս Յովհաննէս: Ես ալ վերջերս մտադրած եմ աւելի Հայերէն գրել քան թէ Անգլիերէն լեզուն գործածել, հակառակ անոր որ Անգլիերէնի մէջ բաւական զորավոր եմ։ Սակայն կուզեմ, կը նախընտրեմ իմ մայրենի լեզուս աւելի գործածել։ Եթէ մենք չի գործածենք, հապա որո՞ւն պիտի մնայ մեր հարուստ Հայերէնի լեզուն գործածելու եւ վայելելու։
  5. ՆՇԱՆՏՈՒՔ ԵՒ ՀԱՐՍԱՆԻՔ (1895-ական թուականներէն առաչ Բարձր Հայքի շրջան) Հին ժամանակներէ ի վեր, նահապետական տիրող սովորոյթի մը համաձայն, գիւղացիներուն մէջ, ծնողքը կ՚ընտրէ իր հարսնցուն կամ փեսացուն: Ամուսնութեան տարիքը, անոնց մէջ, քսանէն պակաս պէտք է ըլլայ մանչերուն համար, իսկ աղջիկներուն համար 14 կամ առ առաւելն 15, ատկէ աւելին, աղջկան համար գովելի սովորութենէ դուրս է: Երբ ընտրութիւնը կատարուի ծնողաց կողմէ, մանչն ու աղջիկը առարկութիւն չեն կրնար ընել. հարկաւ՝ ծնողքները իրենց համար գէշ բան չեն կամենար իրենց ամուսնութեան ընտրութեան մէջ ըսելով կը համակերպին ամենայն հնազանդութեամբ: Երկու կողմերու ծնողաց հաւանութենէն ու վերջնական համաձայնութենէն յետոյ, խոսքկապը կը տրուի, որ արծաթէ մատանի մըն է, կամ զոյգ մը օղ եւ կամ մահմուտիէ ոսկի մը: (Օսմանեան հին զարդոսկի մը որուն արժէքը մերձաւորապէս օսմանեան արծաթ դրամով 60 դահեկան է): Պաշտօնական նշան օրհնել չեն տար քահանային խօսք կապի ատեն, այլ կը թողուն զայն հարաւի օրհնութեան ժամանակ. բայց նշանտուքը նշանտուք է, երկու կողմերն ալ աչքի լոյսի գացողները կ՚ընդունին, զայն իբրեւ կատարուած իրողութիւն համարելով: Գիւղացիներուն օրուան խօսուըռտուքի նիւթը կ՚ըլլայ խօսկապը, «շատ լաւ ընտրութիւն մը, տղան ըլ աղջիկն ըլ յարմար էն: Աստուած խէրլի ընէ, շէն ըլլի, Աստուած թամամին հասցնէ» եւայլն. մաղթանքներ կ՚ընեն: Աղջիկը այլեւս իր համարձակութիւնը կը կորսնցնէ, ալ չի կրնար հոս ու հոն երթալ առանձին: Զգուշանք կ՚ընէ ամէն մէկ քայլափոխին, նշանածին չ հանդիպելու համար, կը տափի անկէ (պահուտիլ) նոյնպէս կը տափի կեսրայրէն, կեսուրէն եւ անոնց տունին բոլոր անդամներէն: Ինչպէս որ ոտքերը զսպած է ամէն տեղ չերթալու համար, նոյնպէս ալ՝ լեզուն չի խօսիր անոնց առջեւ. մանչուն կողմէն ով որ երթալու ըլլայ աղջկան տունը, ինք ամենեւին երեւան չ ՚ելներ, կը պահուըտի տունին մէկ անկիւնը, եւ երբ զինքը ստիպեն, այն ատեն երեսին վրայ քող մը առնելով՝ կ՚երթայ ակամայ, եկողներուն ձեռք պագնելու արարողութիւնը կ՚ընէ ծա՜նր, ծա՜նր ծռելով: Ասիկա երկար կը տեւէ, եւ կը նկատուի համեստութեան եւ պարկեշտութեան արտայայտութիւն. աչքերն ալ կը զսպէ. այսինքն, չի նայիր վեր կամ դիմացը կամ կողմնակի այլ միշտ վար, գլուխը կախ իբրեւ պայման ամօթխածութեան: Երբ դաշտ կ՚երթայ, կամ պարտէզ, այգի, կալ եւ կամ աղբիւր՝ ջուր բերելու, այս երեւոյթը կ՚առնէ: Բայց առանց տեսանելի ընելու չարաճճի նայուածք մը կը նետէ դէպի նշանածին տունը, հոն թերեւս տեսնելու համար նշանածը, փնտռտուք մը կ՚ընէ կէս գոց, կէս բաց աչքի նայուածքով, կամ անոր տան դրան առջեւ, կամ չարտախին մէջ, կամ տանիքին մեծ բուխերիկին ետին եւ կամ գէր ու խոշոր գոմէշները աղբիւրը լոգցնելու տարած ատեն կ՚ուզէ երեւնալ նշանածին եւ նշանածն ալ՝ իրեն, երբեմն ալ ազատութիւնը կ՚ունենայ այդ պարագային մեղմ ու ամօթխած հազ մը ստեղծել կոկորդին մէջ նշանածին ուշադրութիւնը իրեն վրայ դարձնելու. այս անմեղ հետապնդումները երկու կողմէն ալ կ՚ըլլան եթէ զիրենք լրտեսողներ չունենան, հակառակ այդ զգուշութիւններուն, մերթ կը մատնուին եւ կ՚ընդունին չախեր իրենց ծնողներէն, մանաւանդ աղջիկը, այդ չախերէն գետնէ գետին կը մտնէ:
  6. ՏԱՐՕՆԻ ՀԱՄԱՐ Կ՚երդնում քեզի, ո՜վ Տարօն, Որ արեւս իր մոխիրին չի հասած, Իմ սուրերուս աններելի ժանգէն առաջ, Եւ քնարիս լոյս լարերուն, — Կամ սնապարծ կամ ըմբոստ — Կարմիր երգերը պիտի գամ Քու անցեալիդ եւ քու սրտիդ ի նուէր, Իբր ժառանգ իմ հոգիիս, երգելու...: Կ՚երդնում քեզի, հերոսներու եւ հեծեծանքի Հնադարեան դուն Տարօն, Որ Ծովասարիդ նոր ծաղկոտած կատարին, Եւ Անտոքիդ վրան հսկայ, Ուր նահատակ Հայորդին դեռ իր վրէժը կ՚որոտայ Եւ իմ մերժած արիւնիս՝ Պիտի գամ՝ ապաշաւով արցունքս թափելու: Կ՚երդնում քեզի, ո՜վ Տարօն, Որ Հրայրին եւ Վահանին եւ անհամար Քու սրբազան հերոսներուդ Ոսկորներէն՝ ես պիտի գամ, Մեր մեծ տօնին, մեր Յարութեանը համար, Պաշտամունքի միակ տաճարը կերտելու: Եւ հիւղակներէդ եւ հիւղէդ պիտի քալեմ Եղբայրական քաղցր ձեռքս երկարելէն, Եւ ծերունի առիւծներուդ, Եւ մանկամարդ որդիներուդ գեղադէմ, Եւ շաքէներու գեղն ունեցող՝ Կապուտաչուի աղջիկներուդ պարմանի, Ես պիտի գամ տառապանքիդ երգն երգելու. Կ՚երդնում քեզի, ո՜վ Տարօն, Որ՝ օրերս աշուններու իր մոխիրին չի հասած Իմ սուրերուս աններելի ժանգէն առաջ, Եւ քնարս լեռ կայծերով պսակուած՝ Ես պիտի գամ եւ Սահակին եւ Մեսրոպին Հանճարատու՝ վսեմ հողդ համբուրել... ՍԻԱՄԱՆԹՕ
  7. I like the above wording. The truth IS NOT FOR SALE. The turks will never negotiate with us and we don't want them nor do we need them. We will get when the time comes with either our own intellects or with our fists. Personally, I don't want the borders to be opened. I don't foresee anything good coming out of it. And I hope soon we'll attach Naxichevan to Armenia along with Artsax. Also, point 5 doesn't make sense at all; because our lands that belonged to us for thousands of years are simply ours. We will get them one way or the other, that's it!!
  8. Yeah I wasn't fishing for anything, I just stated what it was... deserve shmedeserve.... who cares? Zara jan, enjoy your corner sweetie!
  9. Loooooool I have been on this Forum since August 2005 and I still don't have my corner nor do I have a Nobility title. I guess I am not supported here heh?????? Lol lol lol....... Good Luck!!!!!
  10. Montreal is where I grew up!!! I still love Montreal... my hometown!!!
  11. Takoush

    Say No to alcohol!!!

    A glass of wine is a known factor that it is very beneficial for people with high cholesterol levels. It minimizes the risk of heart attack because the wine minimizes the thickening of the blood. It has been found that beer is also beneficial for health. But when a woman is pregnant, she must stay away from both alcohol drinking and smoking. The hazards of both are detrimental to the fetus. I have known this a very long time ago and it's a fact.
  12. Takoush

    Impressions Of The Day

    Teyev asiga Japontsi che.
  13. Takoush

    Impressions Of The Day

    Payts ge gardsem Japanese ginerou vera aveli lav ge sarkevi yev "Hot Sushi"
  14. Ha ha Domino it was April Fool's Day! Of course I didn't have my teeth pulled out; but for those who felt guilty, deserved to feel guilty after a joke like yours! This of course applies to Domino!
  15. Thanks a lot for your little joke. Don't think it's your responsibility, it's mine, but I did have my two implants taken out. My teeth were very sore and painful and I wasn't sleeping well and my dentist reluctantly have taken them out. This whole thing cost me $3,200.
  16. Sireli Edo jan, im sireli hayrigs el qyavartsi er yev geser te shad me lav kordser desnoghnere qyavartsi gellan! Payts kezme penav bagas chellan Keri jan!
  17. Aprek teghak shat impressive e manavant nor seruntin hamar vor hepart ezkan irents Hay ellaloun hamar!!!! I liked it very much!! Ays shinich kordsernit deghak HAYABAHBANMAN KORDS E!!!!
  18. Aratta, Ashot and Mosjan, I want to congratulate you again as I went to the Aratta Kingdom site today and I enjoyed reading the articles you put it out, you certainly did a wonderful job! Շատ ապրիք տղաք
  19. Hi there Sip, how you've been? Actually Easter eggs -the red- symbolizes Jesus' blood; but the bunny Arpa said that it symbolizes fertility as bunnies have numerous offsprings "nabasdag" That sounds good to me to call it A-Zatik after Azat. You're going to be alive in 2228??? Oh my lord... do you think you're planning to be Matos agha? Մաթոս աղա????
  20. That is informative Alma jan. Personally and I know most Armenians are the same way, we love Easter. Easter is the beginning of spring and good weather, it is a happy time with making choreg and the coloring of eggs. Our Armenian Gregorian Churches usually are filled with a great deal of people on every Easter Sunday. Though we celebrate with the rest of the world; like the Catholics and the Protestants but not with the Russians and the Greeks. I believe they celebrate a week or so later than us, even though all three of us belong to the Orthodox denomination. But we Armenians are Gregorians. The Russians and the Greeks are called solely of Orthodox denomination. Very similar to us; but not exactly the same.
  21. I am sorry EM jan, I shouldn't have started to talk about it on this thread. Though you're right you did have a point behind your post.
  22. OK Avo, we should have talked on another thread, but I don't know where. Maybe on the "other" thread.
  23. Oooohhh... ease up Avo. Pari getsir.
  24. Thank you Em jan, I thought so. I like Zabel Yesayan very much, she was one of our dynamic Armenian women writers of the 19th/20th century. I thought so as Ani writes a lot of Armenian poetries and having come from Armenia herself. I saw earlier you prompting her to somehow legalize her writings and I agree with you. She should do it right away. She writes well and a good deal and she must do it before some others copy her own works!
×
×
  • Create New...