Is it okay if I did it?
ԳԻՆԱՐԲՈՒՆՔԷՆ ՎԵՐՋ
Դանիել Վարուժան, Հեթանոս Երգեր
(Նկարիչ բարեկամիս, Արսէն Մարկոսեանին)
Սրահն է լու՝ռ։ Կոչնականներն հեռացան։
Ջահերն ոսկի դեռ կը վառին մոլեգնած,
Եւ կը հեղուն, սեղաններուն վրայ անձայն,
Արիւնն իրենց երակներուն բորբոքած։
Վինը լըռեց։- Կը թափառի նըւաղուն
Երգն իր վերջին՛ զոր հարբած սիրտը չըմպեց։
Անոնց բերնին վըրայ եւ ցոփ աչքերուն
Կը սըփռէ քունն իր չըղջիկի թեւը մեծ։
Սեղանին վրայ է ամէն ինչ ցիրուցան։
Սափորին մէջ կ՛երազէ մաս մը գինի։
Նուռ մը լքուած, ակռաներու վերքեր վրան,
Ջահերուն տակ, ջահերուն հետ կ՛արիւնի։
Եւ կը փըշրի բաժակ մ՛յանկարծ, հեծելով
Լըռութեան մէջ։ Զայն ճեղքած էր նախապէս
Կին մը արբշիռ՛ երբ կը ներկէր կըտղանքով,
Գինիին խորն, ատամներն իր, բուսդի պէս։
Ծաղկամին մէջ կը թոռմին հիրիկներ՛
Որոնց բոյրով գուսանն եղաւ սըրարբած,
Աթոռին վրայ հողմահա՛ր մ՛է մոռցըւեր՛
Զերթ հոլաթեւ մեծ թիթեռնիկ մը մեռած։
Դուրս կը հոսին բաց մնանցած դուռներէն
Գաղջ ալիքներն հալուեներուն ու մուշկին,
Եւ քըրքիջներն ու կըտղուցներն համօրէն
Հայլիներուն խորութեան մէջ կը մեռնին։
Կ՛աշխատին հոն միայն երկու գերիներ,
Մին՛ աղախին, միւսը՛ ծառայ մ՛անճոռնի,
Որ կը խըմէ մերթ աւելցուկ գինիներն
Ու կ՛համբուրէ ընկերուհին, գողունի...