Jump to content

Մշոյ Սուրբ &#134


Yervant1

Recommended Posts

Մշոյ Սուրբ Կարապետ Վանքի Դրան Ոդիսականը…

16.11.2017 16:08
http://ragmamoul.net/wp-content/uploads/2017/11/2-37.jpg

Նկարին մէջ Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքի երկփեղկանի փայտեայ դուռն է, ստեղծման տարեթիւը` 1312: Հայ կիրառական արուեստի այս գլուխ գործոցը այժմ կը պահուի մասնաւոր հաւաքածուի մը մէջ, Գանատա: Աներեւակայելի արկածային ժանրի ֆիլմի մը նման Մշոյ Սուրբ Կարապետի դրան յայտնաբերելու իրական պատմութիւնը, որու մասին մանրամասը կը պատմէ իր յուշապատումին մէջ ճարտարապետութեան դոկտոր, հանգուցեալ Արմէն Հախնազարեանը:

Փաստացի դուռը յայտնաբերած է Պոլիս բնակող գերմանացի արուեստագէտ Ռիխթըրը 1976-ին: Ան գնած է այդ դուռը իր թուրք հարեւանէն, որ իր հերթին, ատկէ մէկ տարի առաջ, հանգամանքներու բերումով գտնուելով Մուշի քրտաբնակ հեռաւոր գիւղերէն մէկը՝ անսպասելի գտած ու մեծ դժուարութիւններով տեղափոխած է այդ դուռը Պոլիս:

Ռիխթըր Թուրքիոյ մէջ գերմանական դեսպանատան կարեւոր անձնաւորութիւններու հետ ունեցած իր կապերու շնորհիւ կրցած է այդ թանկարժէք եւ բացառիկ պատմական նմուշը հանել երկրէն եւ տեղափոխել Ֆրանքֆուրթ` Գերմանիա, ու պահած է իր տունը: Իսկ արուեստագէտին մահէն ետք` արդէն 1996-ին, Մշոյ Սուրբ Կարապետի դուռը Լոնտոնի մէջ կը դրուի աճուրդի եւ կը գնուի ընդամէնը 50 հազար տոլարով անյայտ անձի մը կողմէ: Յայտնի է միայն, որ ան ազգութեամբ հայ չէ: Եւ ատիկա այն պարագային, երբ աճուրդը նախապէս յայտարարուած եւ գովազդուած եղած է, ու հայերը պէտք է, որ ամէն գնով ձեռք բերէին այդ` իրենց համար սուրբ ու անգին գանձը:

Ահա այսպիսի անհաւանական եւ տխուր պատմութիւն` կապուած Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքի դրան հետ` «Գարուն» ամսագիրէն (1997, թիւ 3): Ինչպէս կ՛ըսէր ֆրանսացի փիլիսոփայ Լարոշֆուքոն` «Մենք հեշտութեամբ կը մոռնանք մեր այն սխալները, որոնք յայտնի են միայն մեզի»:

Ռուբէն Շուխեանի ֆէյսպուքեան գրառումէն

magaghat.am

 

  • Like 1
Link to comment
Share on other sites

  • 10 months later...

Join the conversation

You can post now and register later. If you have an account, sign in now to post with your account.

Guest
Reply to this topic...

×   Pasted as rich text.   Paste as plain text instead

  Only 75 emoji are allowed.

×   Your link has been automatically embedded.   Display as a link instead

×   Your previous content has been restored.   Clear editor

×   You cannot paste images directly. Upload or insert images from URL.

Loading...
×
×
  • Create New...