Jump to content

My Visit To The Republic Of The Armenians


Recommended Posts

... Իսկոյն աչքիս դիպաւ սիրուն, կանոնաւոր յատակագծերով, փայլուն երդիքներով շէներ։ Ենթադրեցի, որ արդէն կը գտնուինք, պատմական Հայաստանի արեւելեան մի փոքր հատուածը կազմող՝ Հայաստանի Հանրապետութեան օդային տարածքը, եւ փնտրեցի...Մասիս սարը, գտնելս Երկար չ՚տեւեց, իսկոյն աչւոյս առաջ պարզուեցաւ իր հրաշագեղ զանգուածով։ Իջանք Զուարթնոց օդակայան, որ հակառակ իմ սպասածին. աղքատիկ բայց շքեղ տեսք ունէր։ Առաջին անգամ այստեղ տեսայ ռուս պաշտօնեայ մի աղջկայ, որ կը ծառայէր Հայաստանի պետութեան, իր կողքին ունենալով, անշուշտ, հայ պաշտօնեաներ։ Այս երեւոյթը վերագրեցի ռուս-հայկական անցեալի կապերուն, որոնց հետքերը երկար տարիներ անջնջելի պիտի մնան։ Անցագրի ստուգման երկու կէտ անցնելէ ետքը, երբ կը դիտէի շուրջս, պատահմամբ տեսայ ընկերս։ Առաջին անգամն է, որ եկած էի Հայաստանի Հանրապետութիւն, բայց կը կարծեմ, որ հինէն ծանօթ էի մարդկանց, կառքերուն, ամէն ինչին...։

Նստեցանք տաքսի եւ ուղուեցանք Ընկերոջս նստավայրը՝ հանրակացարան։ Ճանապարհին առիթն ունեցայ, ուշադիր դիտելու շուրջս։ Կլիման նման էր մերինին՝ սաստիկ շոգ։ Ճանապարհին աջ ու ձախ կողմերը կային կրպակներ, խորովածանոցներ եւ հայեր, միայն հայեր։ Առաջին օրը անցուցիի հանրակացարանի մէջ, վրաս ծանր տպաւորութիւն թողեց կենցաղային անհարմարութիւնը, հոսող ջուր չկար, հնդիկ ուսանողներ եւ կիսամերկ աղջիկներ կը տողանցէին հանրակացարանի միջանցքներուն մէջ։ Ընկերս իմ պատուին ընթրիք սարքեց եւ իմ հանգստութեան համար իր կարելին ըրաւ։ Փորձեցի քիչ մի քնանալ, չկրցայ։ Երեկոյան ժամը 10-ի մօտերը ելանք շրջելու։ Օդն արդէն զովացած էր, իջանք փապուղի եւ դուրս եկանք հանրապետութեան հրապարակ։ Ժողովուրդը եկած էր զբօսնելու շատրուաններու շուրջը։ Այդ օր, ուր որ գացի, լսեցի ամէն տեսակ երաժշտութիւն, բացի հայկականէ։ Ժողովուրդը մինչեւ ուշ գիշեր դուրսն էր։ Դարձանք հանրակացարան, որ քնանանք։ Հանրակացարանի թողած ծանր տպաւորութեամբ գացինք մեր վարձակալած տուն. հոգեպէս քիչ մը հանգստացայ, տունը կոկիկ կահաւորուած էր, երկու սենեակ, խոհանոց, բաղնիք եւ ճոխ գրադարան ունէր։ Պատշգամէն Արարատը եւ Երեւանը կ՚երեւար (մինչեւ վէրջ իմ բնակած թաղամասը Երեւան չհամարեցի)։ Մեր տունը Քանաքեռ-Զէթուն ճամբուն, «վայեն կոմադ»-ի (զինուորական կեդրոն) դիմաց կը գտնուէր, եւ բարձր դիրք ունէր։

Link to comment
Share on other sites

[/size]

 

Առաւաւտեան հոսող ջուր կար, քիչ մը թարմացանք, ջուր հաւաքեցինք, ապրանքը տեղաւորեցինք եւ իջանք քաղաք (Երեւանի Կեդրոն)։ Պէտք է Խոստովանել, որ Երեւանի աղջիկները շատ սիրուն են։ Քաղաքին կեդրոնը լաւ տպաւորութիւն թողեց վրաս. խանութները լիքն էին ապրանքով։ Համբուրգեր կերանք, եւ գացինք Յովհաննէս Թումանեանի թանգարան։ Միջին տարիքը շատոնց անցած, երկու կին կային, որպէս հսկող, մէկ ալ բացատրող կին մը, եւ պահակ մը։ Բաւարար բացատրութիւն առինք, տուն-թանգարանէն, եւ բաժնուեցանք մռայլ տրամադրութեամբ, ազդուած էի Ընկերոջս խօսքէն, թէ «Ի՞նչու մի քանի լումա չտուիր բացատրող կնոջ»։ Ճիշտն իմ մտքէս չէր անցած այդպիսի բան մը։ Անցներ իսկ պիտի չ՚կարենայի տալ, ամօթ համարելով այդ արարքը։ Գրականութեան նուիրուած մարդիկ անուշադրութեան մատնուած էին նորանկախ Հայաստանի հանրապետութեան մէջ։ Իջանք շուկայ։ Եղիշէ Չարենցի հայրենիքին մէջ կը գտնուէի։ Առաջին անգամ այս օր բուլբուլակէն ջուր խմեցի, տեսայ սեւ տղեկ մը, հեծիք կը քշէր եւ հայերէն կը խօսէր։ Սիրունիկ պարմանուհի մը շնիկին հետ կը պտտեր, եւ ռուսերէնով կը յանդիմանէր շան։ Խանութներու բոլոր վաճարորդները օրիորդներ էին, Երեւանը աչքիս աւելի գեղեցիկ երեւցաւ այդ օր։

Առաւօտեան գացինք Մատենադարան։ Բլուրի մը վրայ կառուցուած Մատենադարանը, Յ.Թ.-ի տան նման գեղեցիկ էր եւ հեռուէն կ՚երեւար։ Անհագօրէն դիտեցի հին մատեանները։ Տարուած էի անոնց գեղեցկութեանբ եւ նրբաշխատութեամբ, գիրերը եւ նկարները զարմանք պատճառեցին ինձի, տարակուսելի է թէ ինչպէս կարելի է հնադարեան անհարմար պայմաններու մէջ, այսքան ճշգրիտ տողեր գրել եւ յիշեցի, հայերէնի ուսուցչուհիիս պատմածները, թէ ինչպէս օտար նուաճողներ կը հաւաքէին եւ կ՚այրէին սրբագիր մատեաններ, որոնք գրուած եւ նկարազարդուած են ծով համբերութեամբ։ Սպահանի սելջուկ սուլթանը Հայաստան արշաւած ժամանակ միայն Տաթեւի վանքէն հաւաքած է, տաս հազար մատեան եւ այրած է հրապարակի վրայ։ Մատեաններուն մեծ մասը բիւր դժուարութեամբ փրկուած է հուրէ, գերութիւնէ եւ աւերէ։ Նոքա ունին Հայի եւ Հայաստանի վիճակուած նոյն ճակատագիրը՝ երկարած հազար վեցհարիւր տարուայ ժամանակամիջոցի վրայ։ Անոնցմէ շատերը ի սպառ վերացեր են գոյութիւն ունենալէ, իրենց հետ տանելով թանկագին գիտելիքներ, որոնք եթէ մնային. հայագիտութեան համար արժէքաւոր տուեալներ պիտի ըլլային։ Պատմական Հայաստանի տարբեր վայրերէն եւ Կիլիկիայէն եկած էին անոնք, կային եւ օտար լեզուով գրուածները։ Մատենադարանը հին Հայաստանէն մնացած յիշատակարան մ՚եղաւ ինձ համար։ Դուրս եկայ խառն զգացումներով։

Link to comment
Share on other sites

Գառնի-Գեղարդ

Քաղաքէն դուրս եկանք, օդը քիչ մի հովացաւ։ Ճանապարհին տեսանք Չարենցի յիշատակին կառուցուած կամար մը, որ կը հայէր Երեւանին եւ Արարատին։ Կամարի ճակտին արձանագրուած էր

Ով հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը.

քո հաւաքական ուժի մէջ է

Մօտաւորապէս Կէս ժամ անց հասանք Գառնի գիւղը։ Քիչ մըն ալ գացինք և հասանք Գառնիի հեթանոսական տաճարը։ Տաճարի կողքին կար հիմնայատակ կործանած եկեղեցի մը, որմէ խաչքար մը մնացեր էր։ Տեսարանը սքանչելի էր. երեք կողմէ խորունկ կիրճերով պաշտպանուած, բարձր սարահարթի մը վրայ կը գտնուէր տաճարը։ Իրօք, հին Հայերը գիտէին ուր պիտի կառուցէին իրենց սրբավայրերը։ Խորունկ կիրճէն կը լսուէր Գողթ գետի արձագանգը։ Տաճարի տարածքին Հելլենական դարաշրջանէն մնացած, փլատակ բաղնիք կար, որու սալայատակը խճանկարներ, ծովային կեանքի պատկերներ եւ յունարէն գրութիւններ։

Գեղարդ

միջնադարեան գլուխ գործոց մը։ Բարձր Լեռներու մէջ պատսպարուած, Հրաշագեղ դիրք եւ տեսք ունէր Գեղարդը։ Վանքն ունի լաւ պահպանուած պարիսպ։ Շրջակայքը ջրառատ էր։ Կողքէն կը հոսէր առուակ մը։ Երկու կողմէն պատսպարող ապառաժները ունին փորուած անձաւներ։ Ժայռերու մէջ զետեղուած են շատ սիրուն խաչքարեր։ Վանական համալիրը կազմուած է, իրար միացած 4-5 եկեղեցիներէ։ Մէկ մասը ժայռերուն մէջ քանդակուած, միւս մասը բացօդեայ։ Իւրաքանչիւր եկեղեցի ունի իր խորանը եւ խուցերը. փորուած պատերուն մէջ։ Ներքին եկեղեցիներէն մէկուն մէջ ջրաւազան կար, որ կը լեցուէր եկեղեցւոյ պատերէն հոսող ջուրով։ Վանքի շրջաբակին մէջ կար հնադարեան բուլբուլակ մը եւ բազմաթիւ սենեակներ, կառուցուած Վանական դասի եւ ուխտաւորներու համար։ Գեղարդավանքը (Ս. Գեղարդի անունով, որ մասունք էր եւ կը պահուէր վանքին մէջ) կոչուած է եւ այրիվանք, զի այրերու մէջ փորուած էր, իսկ պաշտօնական անունը եղած է Սուրբ Աստուածածնայ վանք։ Ան զարդարուած էր բուսական, ազգային եւ սուրբ գրային խորհրդանիշերով, խաչքարերով եւ որմնագիրերով։ Վերադարձին, ճանապարհի եզրին, հանդիպեցանք վայրի ծաղիկներ վաճառող գեղացի աղջնակներու։ Հայաստանի Հանրապետութիւն կեցութեանս ընթացքին ուր, որ գացի, մտապատկերիս մէջ կենդանացաւ. արաբական, պարսկական, սելջուկ թուրքական, մոնգոլ-թաթարական եւ ոսմանեան աւերիչ, ապականող արշաւանքները, որոնց վնասակար հետեւանքները Հայաստանն եւ Հայ ժողովուրդը կրեցին դարեր շարունակ, ու տակաւին կը կրեն։

Հայաստանի բնակիչներէն շատերուն նմանակները ծննդավայրիս մէջ տեսած եմ, ակնյայտ է, որ նոյն նախահայրերէն սերած ենք բոլորս ալ, հետեւաբար արեւմտահայ, արեւելահայ բաժանումը քաղաքական է։ Հասանք տուն բարձր տրամադրութեամբ։ Խմեցի եւ անհանգիստ քնացայ։

Link to comment
Share on other sites

Պետական թանգարան

 

Տարբեր ժամանակներէ մնացած առարկաներու մէկտեղումը այս շէնքի մէջ ապշեցուցիչ էր, Ուրարտական կաթսայ, Տարօնի Առաքելոց վանքի դուռ, Հռովմէական սահմանաքար, միջնադարու զարդաքանդակներ, Անիէն մնացած գրակալներ, որոնք կը գտնուէին գետնահարկին մէջ։ Ընկերոջս կորսնցուցի։ Դուրս եկայ եւ սպասեցի, որ ինձ գտնէ։ Այնտեղ տեսայ, խիստ սեռայնական տարազներ հագած գայթակղիչ օրիորդներ։ Տարբեր աշխարհներու երեւոյթներ զիրար կը խաչաձեւեյին այլալյլած մտքիս մէջ։ Շատ հոգնած էի, նախորդ գիշեր լաւ քնացած չէի, նստեցայ թանգարանի կից սրճարանը։ Շատ այցելեցի այդ սրճարանը, եւ նկատեցի, որ խեղճ աղջիկները առաւօտէն մինչեւ կէս գիշեր կը ծառայեն։ Ընկերս եկաւ եւ ըսաւ, որ վերեւի յարկերուն մէջ պատկերասրահներ կան։ Բարձրացանք՝ գեղանկարներու յարկը։ Մնացած խելքովս շարունակեցի դիտել, համաշխարհային հռչակ ունեցող Հայ եւ օտար գեղանկարիչներու պատկերածները։ Այսքան շատ գեղեցկութիւններ մէկ օրուայ մէջ դժուար էր ընդբոշխնել իւրանց մանրամասնութեամբ։ Չկշտացայ, այլեւ չհասցուցի դիտել բոլոր գեղանկարները. առհասարակ արժէքաւոր գեղանկար մը լիարժէքօրէն դիտելու համար թերեւս կէս ժամ հարկաւոր է, իսկ այդպիսի գեղանկարներ հազարներով կային, յետեւաբար պատկերացուցէք, թէ ինչ հապճեպով անցած եմ իւրաքանչիւր պատկերի առջեւէն։ Ուսանողներ կը պատճէնէին նկարներ։ Իւրաքանչիւր ցուցասրահ հսկող-բացատրող կին մը ունէր, բայց քիչերն էին, որոնք կը բացատրէին նկարներու մասին։ Ժպտուներես մամիկ մը, որ համարեայ խուլ էր, սիրայօժար բացատրեց Սարեանի նկարներու մասին, «Սարեանի արժէքը նրա գեղանկարների, վրձինի քիչ հարուածներով ստեղծուած լինելն է»։ Թոյլ տուաւ, որ նկարուիմ յայտնի «Հայաստան» գեղանկարի առջեւ։ Դժբախտաբար անոր չվարձատրեցի, նոյն ամչկոտութեանս պատճառով։ Գեղապատմական ալիքներու օրօրէն ուշաթափ. փախչեցանք թանգարանէն. եւ ուղղուեցանք տուն։

Յետմիջօրէին իջանք յաղթանակի այգի, որ մեր բնակած տան մօտն էր։ Արուեստական լճին մէջ նաւակով քիչ մը թիավարեցիմք։ Անցանք լուսնայգի եւ նստեցանք պտուտակին մէջ, բարձր կէտին վրայ շատ հետաքրքիր էր դիտել Հայաստանի հանրապետութեան մայրաքաղաքը, փառաշուք Մասիսները, իսկ մայր Հայաստան կոթողը մեր կողքին էր, հաւասար մակարդակի վրայ։ Զէթունի բարձունքէն մետրոյով իջանք «քաղաք»։ Հրաշալի ապրում էր. ամէն տեղ, ուր կը նայէի՝ այգիներու, մետրոներու թանգարաններու հնադարեան վանքերու շրջաբակերու մէջ կը հանդիպէի սիրահար զոյգերու։

Երիտասարդութեան մօտ ուժեղ հակում կայ դէպ ի արեւմտեան մշակոյթները, բայց Երեւանը նաեւ Ասիա է։ Դորանից փախուստ չկայ։ Կամ ալ Եւրոպական Ասիա ասենք, աւելի ճիշդ կը լինի։ Շատ Հայեր կը խօսին ռուսերէն։ Հաւանաբար անոնք հակամարտութեանց տարբեր վայրերէ եկած հայեր են, (Չեչնիա, Աբխազիա, այժմ ազրբէջան կոչուող ստից երկրէն)։

Երիտասարդութեանը հագուածքը ընդհանրապէս նորոյթէն է։ Փողոցներուն վրայ, իւրաքանչիւր քայլափոխին կարելի է հանդիպիլ գեղեցկուհիի մը։ Ընդհանրապէս այստեղ, պարմանուհիները շուն կը պահեն։ Չզարմանաք, եթէ տեսնեք խռ տարեկան մանկամարդուհի մը, կը շրջի իր քառապատիկ մեծութեամբ շան հետ։

Աբովեան փողոցի վրայ ձեռնադաշնահար (ակորդիոնիստ) մը հմայեց, կախարդեց եւ հիպնոսացուց զիս։ երկար ունկնդրեցի, ոտքերս գամուեցան իրենց տեղը։ Երաժշտութեան ժանրը ստեղծուած էր յատուկ կովկասցի կամ Հայ աղջիկներու համար, որոնք լսելով այդ սիրոյ մեղրածոր մեղեդիները աւելի կը գեղեցկանային, իրենց իգական ինքնասիրութիւնը շոյուած զգալով բաշխիշ կ՚ուտային ու օրօրուելով կ՚անցնէին։ Այդ հոգեպարար հայկական սիրային երգերէն քիչը լսած էի։ Երգացանկի մեծամասնութիւնը նոր էր ինձ համար։

Link to comment
Share on other sites

Էջմիածին


Սարսափելի է Արարատեան դաշտի ամառնային շոգը։ Էջմիածնի ճամբուն հանդիպեցանք Զուարթնոց տաճար, որտեղ յայտնուեցան սպանախաւս հայադէմ երիտասարդներ, որոնք բանակումի համար կը գտնուէին Հայաստանի հանրապետութեան մէջ։ Աղջիկները վայելուչ էին։ Հանդիպեցանք Հռիփսիմեանց հնադարեան եկեղեցւոյն։ Տաճարի մէջ ժամերգութիւն կար։ Զարմանալիօրէն շատ չէր աղաւաղուած նախնական տեսքը, կամ լաւ նորոգուած էր։ Տեղացի վարպետներ շրջաբակի սալայատակը կը նորոգէին։ Աւանդութեան համաձայն, շրջաբակի աջին. կը գտնուին՝ աճիւնները քառասուն հռովմէացի կոյսերու, որոնց մէջ նաեւ Ս.Հռիփսիմէինը, որուն տենչաց Սուրբ Տրդատ Հայոց Արշակունի Արքան։ Էջմիածնայ վանքի դուրսի շրջաբակին մէջ կային նստարաններ եւ խոհանոց։ Ապսպրեցինք խորոված եւ թան, որոնք բաւական ուշացան մինչեւ յայտնուին մեր սեղանի վրայ։ Թանը անհամ էր, Ջերմուկի ջրով եւ տաք։ Հայաստանի մածունը եւ պանիրը համով չեն, սակայն խորովածը, լաւաշ հացով փաթաթուած, անուշեղենի նման իջաւ կոկորդէս։ Չ՚իմացայ երբ սկսայ ուտելու, որովհետեւ շուտով, խորովածի տեսքը ափիս մէջ յիշատակ մնաց։ Երկու կին կ՚սպասարկէին։ Մէկի անունը Մարգո էր։ Կռուազան էին եւ հաւերու նման անվերջ կը կչկչային։ Մարգոն ջղային եւ աւելի ռազմունակ էր քան միւսը, որ մարգոյի նման բարձրահասակ, բայց մսոտ, անուշիկ, խիստ նայուածքով եւ շէկ էր։ Մարգոյին ըսինք.«երեք հատ էլ քաբաբ», բարկացաւ. Թէ.-«ինչու միանգամից չասացիք»։ Մարգոն չէր հասցնէր, վասնզի բոլոր յաճախորդները կը պահանջէին։ Օրը կիրակի էր։ Կաթողիկոս Գարեգին Ա.-ը Թափորով եկաւ տաճար, իր ետեւէն քաշելով նորընծայ աղուամազոտ տեղացի աբեղաներ։ Քիչ մը ներկայ եղանք արարողութեան։ Մոմ վառեցի, Մարիամ Մագդաղենացիի մը ուրուականը շուրջս կը դառնար, սակայն եկած էի աղօթելու։ Զբօսաշրջիկներու թիւը աւելի էր, քան տեղացի հաւատացեալներուն թիւը։ Մայր տաճարի դրան կողքին հանգչած էին նշանաւոր հայրապետեր. Ներսէս Աշտարակեցի, Մկրտիչ Խրիմեան (հայրիկ), Գէորգ Չորեքջեան... եւ նման նշանաւոր անձինք։ Արշակունեան թագաւորութեան ժամանակներէն իվեր Հայ ժողովուրդի թագաւորները, իշխանները, հայրապետները, սպարապետները, գրիչներ, պատմագիրներ, թշնամիներ, յեղափողական գործիչներ, Մաշտոց, Կոմիտաս, Եկմալեան ապրած կամ գտնուած են այստեղ։ Հայութեան եւ Հայաստանի սիրտն էր Վաղաշապատը եւ Արարատեան նահանգը, սիւներն են Աղձնիքը, Վասպուրականը, Սիւնիքը։ Արմատներն են Ծոփքը, Փոքր Հայքը, կենարար երակն է Բարձր Հայքը։ Ողնասիւնը. Տուրուբերանը։ Թեւերն են, Արցախը, Ուտիքը, Տայքը, Գուգարքը։ Ոտքերն են. Կորճայքը, Պարսկահայքը։ Հայաստանը այժմ անդամահատ է։ Մայր տաճարի շրջաբակին մէջ էին վեհարանն ու թանգարանը։ Հայքի տարբեր վայրերէ բերուած գեղակերտ խաչքարեր կային։ Անցանք Ս.Գայանէ, որու մուտքին, աջ պատի վրայ քանդակուած էր յուշարձան մը, նուիրուած սփիւռքահայու մը կողմէ ի յիշատակ 1915-ին նահատակուած իր ազգականներուն, Տաճարի կողքը գերեզմաննոց էր։ Գերեզմաննոց հայող պատին վրայ անէծքի ցուցանակ մը կախուած էր, պատերը աղաւաղողներուն համար. նկարեցի, որովհետեւ շատ հաւնեցայ այդ անէծքը, քանզի սիրտս շատ կը նեղանար Ի տես բազմադարեայ հնութիւններու աղաւաղումը հայի ձեռքով։

Գտայ Րաֆֆիի «Խենթ» անուն վէպի հերոսի եւ Մախլուտոյի (յայտնի ֆեդայի), ուրիշ նշանաւոր մարդկանց շիրիմները։ Աղջիկ մը, եւ սուր նայուածքով թուխ տղայ մը. ազատութիւն առած էին գերեզմաննոցի մէջ, իսկ ես խանգարած էի անոնց մտերմիկ պահը։ Դէպ ի Խոր Վիրապ ճանապարհին երկու ոստիկան կանգնեցուցին ինքնաշարժը, ինչ որ յանցանքի մը պատճառով։ Մինը թուխ հսկայ երիտասարդ մ՚էր, միւսը սպիտաամորթ եւ կարճ ու միջին տարիքի։ Երկուքի փորերն ալ դուրս ինկած էին։ Երիտասարդ ոստիկանի նայուածքը յիշեցուց. Սուրիոյ իր պաշտօնակիցներու նայուածքները։ 1000 դրամ առին (2 դոլար) եւ ամէն ինչ օրինական դարձաւ։ Խոր Վիրապի վանքը, բլուրի մը վրայ կը գտնուէր։ Ներքեւը լարախաղացներ ուխտի. տօնի մթնոլորտ ստեղծած էին, եւ անցնողներէն բաշխիշ կ՚ակնկալէին։ Շատ զարմացայ երբ տեսայ Հայաստանի Հանրապետութեան հողին վրայ հայեր թուրքի վարմունք ունեցած են հնադարեայ աւանդներուն՝ մեր տաճարներուն հանդէպ։ Պատերուն վրայ կարելի էր գտնել. սուր մետաղով փորուած անուններու։ Տեղ մը կարդացի 1918 Մայիս 28 անուն եւ ազգանուն, Մեսրոպեան ուղղագրութեամբ, հաւանաբար, արեւմտահայ գաղթականի գործ է, մնացեալ խծբծումներու մեծամասնութիւնը սովետական ժամանակներու եղծումներ էին, երբ երկար ժամանակ մեր վանքերը անտէր մնացին։ Վերոյիշեալ մակագրութիւնները ահռելի չափերու հասած էին Խոր վիրապի վանքին պատերուն։ Այս ի՞նչ անձնասիրութիւն է, անհատական մակագրութիւն մը արձանագրելով աղաւաղել շատերէն քիչ մնացած, այս մի քանի վանքերուն հնադարեայ գեղեցկութիւնները։ Այս վանքերը քանդուած են. արշաւանքներէն, պատերազմներէն, երկրաշարժներէն, յետագային նորոգուած են, եւ գտնուելով Հայաստանի հանրապետութեան սահմաններէն ներս մեզի աւանդուած են։ Բայց եկ եւ տես, որ հայ մը իր մէջ իրաւունք գտած է, դարեր շարունակ պահպանուածը քանդել. յիմար նպատակի մը համար։ Մասիսներուն շատ մօտ էի, հազիւ խռու մետր անդին, արեւմտեան Հայաստանի թուրքիոյ բռնատիրութեան փշաթելերն էին։ Առագիլները կը սաւառնէին սահմանի հայկական կողմը։ Խառնուածքով լեռնային բնութիւնէ ախորժելուս պատճառաւ, այս ճամբորդութիւնը շատ հաճելի չէր, ծառաւ էի եւ ծորակէ մը հոսող պղտոր ջուր խմեցի։ Թերեւս աշնան կամ գարնան տարբեր ըլլար այս շրջանի մթնոլորտը։ Երթ ու դարձի ճանապարհին տեսանք Դուինը՝ հին Հայաստանի մայր քաղաքը, որու այժմեան բնակիչները ասորիներ էին։ Գիւղի կեդրոնը գեղաշէն տաճար մը կար։

Untitled_11.jpg

Link to comment
Share on other sites

Երեւանցիք մելամաղձոտ են։ Ազատութեան հրապարակի (ոպերայի հրապարակ) մէկ կողմը, խումբ մը ալեւորներ կը վիճէին, հայ ազգի արեւելումի հարցերու շուրջ։ Մէկն ըսաւ, «դուն թոշակդ կը ստանաս ամերիկեան ձէթի վաճառումով»։ Միւսն հակադարձեց,«ռուսը մեզի հաւատարիմ ժողովուրդ է, եւ մեզի չի դաւաճաներ»։ Ըստ երեւոյթին. զրուցակիցները տեղեակ չէին, ոչ իսկ մօտիկ անցեալի պատմութեան։ Երրորդ մը ընկերոջը պաշտպանելով ամերիկասէրին ըսաւ, «Եթէ դուն ամերիկան կը սիրես, թուրքն ալ կը սիրես», եւ շարունակեց, «այդպէս է չէ՞, դուն թուրքին կը սիրես»։ Առաջին խօսողը քիչ մը տատամսելէ ետք ըսաւ.«այո»։ Ուրիշներ ինձ նման կը դիտէին, եւ չէին միջամտեր։ Զրուցակիցները չէին գիտեր, որ մեծ տէրութիւնները բոլորն ալ իրենց շահերը փնտռող եւ փոքր ժոովուրդներուն դաւաճանող եւ դաւաճանելու հակում ունեցող պետութիւններ են, իսկ Հայք ի զուր փրկութիւն փնտռած են եւ կը փնտռեն արեւմուտքի կամ արեւելքի մէջ։ Հայոց փրկութիւնը իրենց մէջ է։

Անդին հրապարակին վրայ երիտասարդութիւնը կը զբօսնէր եւ այլ աշխարհներու մէջ կը գտնուէր։ Հին սերունդի եւ նոր սերունդի միչեւ հետաքրքրութիւններու տարբերութիւն կար։ Քաղաքի եւ արուարձաններու մէջ կան զբօսայգիներ եւ լճակներ, որտեղ մանուկներ ամրան տապէն փախուստ տալով կ՚ապաստանին ջուրին մէջ։ Ուր որ գացի տեսայ բուլբուլակներ։ Բուլբուլակը գետնէն կէս մետր բարձրութեամբ քար է, որուն վրայէն ջուր կը ցայտայ։ Վիշապաքարերը, որոնք տեղադրուած են աղբիւրներու քով մեր հեթանոս նախահայրերու կողմէ կը խորհրդանշեն առնանդամը։ Բուլբուլակ, բլլոր, բլլիկ եւայլն, նոյն արմատէն առաջ եկած են։ Եթէ ուշադիր դիտէք վիշապաքարերուն պիտի անդրադառնաք, որ ոչ այլ ինչ են քան, ... ձկան կամ վիշապի տեսքով եւ ուղղահայեաց կանգնեցուած։ Ջուրի պաշտամունքը աղերսուած էր, ջրային կենդանիներուն եւ «բուլբուլակին»։
Link to comment
Share on other sites

Ամբերդ

Նախօրօք որոշած էինք, որ պիտի երթանք հիւսիս արեւմուտք ուղղութեամբ, 'շական, Բիւրական, Ամբերդ։ Հայաստանի հանրապետութեան շրջաններու նոր կազմաւորումով, վերոյիշեալ տեղերը սահմանուեցան Արագածոտն մարզին մէջ։ Անցանք Հրազդանի յաղթանակի կամուրջով. Աշտարակի ճամբուն վրայ տեսանք շատ գեղեցիկ ամառանոցներ (դաճա), եւ բարձր շէնք մը՝ ձախ թեւի վրայ։ Ընկերս ըսաւ, որ Հ.Հ պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնն է։ Ինքնաշարժի վարիչը, Կոլիան ըսաւ, Վազգէն Սարգսեանի տեղն է։ Կար ժամանակ, երբ պաշտպանութեան նախարարութեան կառոյցի անունը հոմանիշ էր. Վազգէն Սարգսեանի անուան։ Ճանապարհի աջին Շուշիի ջոկատի հրամանատար, Պետոյի յուշարձան-գերեզմանն էր։ Պետրոս Ղեւոնդեանը Պռոշեան աւանի ծնունդ էր, որու կողքէն կ՚անցնէինք մենք այդ պահին։ Պռոշեանի բնակիչները Սասուն եւ Տարօն գաւառներէ եկած արեւմտահայ գաղթականներու զաւակներ են։ Կ՚ափսոսամ, որ չ՚կանգնեցանք Պետոյի շիրիմի մօտ յարգանք մատուցելու։ Ուշ անդրադարձած էի, երբ մեքենան բաւական ընթացած էր։ Անցանք Աշտարակ մեծ գիւղի կողքով (թող ներեն Աշտարակեցիք, որ գիւղի նմանցուցի իրենց քաղաքը)։ Անցանք Քասաղ գետի վրայով։ Աշտարակէն քիչ ետք, պարզուեցան երկու բարձր լեռներ։ Մինը ձախին, Արագածն էր, եւ բազմաթիւ գագաթներ ունէր, եւ իր հսկայ զանգուածով ընդարձակ տարածք գրաւած էր։ Իմ բազմաթիւ հարցումներով հանդերձ, Ընկերն եւ Կոլիան չկարողացան տալ, աջակողմեան լերան անունը։ Ետքը երբ տուն գացի, քարտէսին մէջ նայեցայ, այդ լերը Հայկ նահապետի որդւոյն թէ թորան անունով յիշուող Արա լեռն էր։ Քիչ-քիչ կը բարձրանայինք, եւ կ՚ուղուէինք Ոսկեվազ-Օշական-Բիւրական ուղղութեամբ, որոնք կը գտնուին Արագածի արեւելեան լանջերուն վրայ։ Այս տեղանքի բնութիւնը հարթ եւ բարձր էր Համեմատած Գառնի-Գեղարդի բնութեան, որտեղ երկիրը խիստ կտրատ էր։ Ոսկեվազ գիւղի մօտ փոքր եկեղեցի մը տեսանք, Քարասնոց Ս.Սիոն։ Համեստ, բայց հին էր։ Ընկերս կը բորբոքեր, քանզի մեր հետ եկող բողոքական գործիչուհին չէր խաչակնքեր, ոչ ալ կ՚աղօթէր, հայ առաքելականի դուստր ըլլալով հանդերձ։

Աղօթեցինք, նկարուեցանք եւ մեր ճանապարհը շարունակեցինք։ Տեսայ տատիկներ, հողագործ եւ կովարած սիրուն աղջիկներ։ Քիչ անց հասանք Օշական, Ս. Մեսրոպի Հանգչած գիւղը։ Փոքր հրապարակ մը ունէր եւ քեսաբը կը յիշեցնէր։ Մտանք եկեղեցւոյ շրջաբակէն ներս, որ ընդարձակ էր համեմատած գիւղի հրապարակին։ Շրջաբակին մէջ կար Գարեգին Ա. կաթողիկոսի կողմէ կառուցուած յուշարձան մը խևևռ ին, եւ նուիրուած Ս.Մեսրոպ Մաշտոցին։ Եկեղեցին բազիլիկ ոճով էր եւ վերանորոգումներու հետքեր կը նշմարուէին տաճարի ճակտին եւ այդպէս ալ կը վկայէր որմնագիրը։ Հայաստանեայց Առաքելական առաջին եկեղեցիները բազիլիկ ոճով կը կառուցէին, որովհետեւ գմբեթաւոր հայկական ոճը տակաւին տարածուած չէր։ Ուր որ գացի ժամանակս բաւարար չեղաւ որմնագրերը կարդալու։ Պիտի ցանկայի ժամերով կարդալ հնադարեայ գրաբարով արձանագրութիւնները որպէսզի հաղորդուիմ պատմական դրուագներու հետ շօշափելի փաստերով։ Կը դիտէի զարդաքանդակները մեծ զարմանքով։ Մայր դրան եզերքը կարմիր տուֆով իսկ պատերը սպիտակ քարով կառուցուած էր։ Խորանի տակ ներքնահարկին մէջ կը գտնուէր Ս. Մեսրոպի Սեաւ մարմարով ծածկուած գերեզմանը։ Գրիգոր լուսաւորիչի, Մեծն Տրդատի, Սահակ Պարթեւի, Ներսէս Շնորհալիի, Մամիկոնեան Վարդանի, Գէորգ Չաւուշի. Հրայրի եւ շատ այլ նշանաւոր հայերու գերեզմանները չեն պահպանուած։ Մեսրոպը բախտաւոր դուրս եկած է, այն ալ այն ժամանակուայ Հայ Իշխանի մը շնորհիւ, զոր պնդած է թաղել իր գաւառին մէջ, մինչ զինք պիտի փոխադրէին ծննդավայր Տարաւն, որտեղ եթէ փոխադրէին, այսօր մեզ համար տեղն իսկ անյայտ պիտի ըլլար։

Այնտեղ արձանագրութիւն մը կը յիշէր, որ 441-ին կառուցուած է այս եկեղեցի-ուխտատեղի-գերեզմանը։ Երկու անգամ նորոգուած էր, տարբեր ժամանակներու մէջ տարբեր կաթողիկոսներու կողմէ։ Ելանք դուրս։ Ընկերս պաղպաղակ գնեց։ Շատ համեղ էր։ Ծառաւցայ։ Տան մը շեմին կանգնած ալեւոր, ութսունի մօտ բարի դէմքով, նիհարակազմ տատիկէ մը ջուր խնդրեցի։ Ըսաւ. արի տղայ ջան։ Մտայ ներս։ Տիպիկ գեղականի տուն էր, պարզ եւ աղքատիկ։ Շրջաբակը փայտեայ իրեր կային։ Տատիկի չորացած դէմքն ու մենակութիւնը յուզիչ էր։ Ասաց. Տղայ ջան մենք ջուրը առաւօտեան բերում են, արի խմի։ Գաւաթ մը վերցուց, ջուրով լիքը դոյլի մը մէջ ցօղուեց, յետոյ ուրիշ դոյլէ մը ջուր լցնելով հրամցուց, որ խմեմ։ Չկրցայ բաժակը դատարկել։ Ջուրը, մեր ապահոված ջուրէն աւելի տաք էր։ Ասացի. չէ մայրիկ ջան պէտք չի։ Պառաւը կարծես ամաչեց, որ չգոհացայ։ Ես ալ ամաչեցի իմ արարքի համար։ Գոնէ դերասանութիւն անէի։ Շնորհակալ եղայ եւ դուրս պրծայ։ Կոլիան քշեց եւ քշեց։ Արագիլներ, բոյն շինած էին ելեկտրասիւներու վրայ, որոնք մեզ կ՚ընկերանային երկար ժամանակ։ Ճանապարհի ձախ կողմը, համարեայ գետնի հաւասար հոսող ջուր կար։ Յետոյ պարզուեց, որ դա Ամբերդի տակով հոսող ջուրն է։ Գետակը ձայն չունէր։ Ետքը հանդիպեցանք աղբիւր յուշարձանի։ Ծռեցայ, որ խմեմ. Կարդացի« ընկերներից հովիկին 1977»։

Ջուրը սառն էր։ Յագեցայ։ Ճամբան շարունակեցինք անվէրջ ոլոր պտուտուելով։ Մի տարեց Բիւրականցու հարցրինք, ոնց պիտի գնանք Ամբերդ։ Ասաց. սենց պտի գնաք, մօտ խռ կիլոմետր։ Կոլիայի երեսը թթուեցաւ։ Շարունակ կը բարձրանայինք։ Հեռւում Ամբերդն էր, բայց ոնց որ մենք ուրիշ ճանապարհով էինք գնում, եւ չէինք հասնում նրան։ Աւտոն կանգնեցրինք մի Դաճայի մօտ, մեղուաբոյծի մը հարցրինք նոյն հարցումը։ Ասաց նոյն ճամփէքով պտի եթաք։ Ասինք շնորհակալ ենք, ու շարունակեցինք ճամփան։ Անցանք գետակի մը վրայէն։ Հասանք անհասանելիին՝ Ամբերդ։ Թէ ինձ հարցնէին կեանքում ինչ ես ուզում ամէնից շատ։ Չէի վարանիլ ասելով. Ամբերդում ապրեմ։ Մի կողմից հարթ, երեք կողմից խոր կիրճերով շրջապատուած, պաշտպանութեան համար սքանչելի ընտրութիւն էր տեղանքը։ Ընդարձակ եւ իշխող դիրք ունէր բարձունքը։ Հեռուն ձախ կողմը Արարատը հազիւ նշմարւում էր։ Աջ կողմը Արագածն էր։ Ինքս ինձ զգացի հնադարեայ Հայաստանի մէջ։ Ահա ուր որ է, սաղաւարտաւոր, զրահաւոր ասպետներ պիտի խոյանան բերդն ի դուրս եւ պիտի մարտնչին սելջուկներու դէմ։ Բերդն առ նուազն երկու պարիսպ ունէր։ Փլատակ պահակատուներ։ Տեղ տեղ պարիսպները գետնի հաւասար էին։ Կ՚ուզէի օրերով ուսումնասիրել։ Լաւ պահպանուած էր ընդհանրապէս։ Արաբներ, թուրքեր, եւ այլ ազգիք քանդեր էին հզաւր պատերը։ Հեռուն, պաշտպանական առաջին պարիսպէն ներս, անդունդի մօտ գեղանի տաճար մը կար, Զաքարեաններու ժամանակէն մնացած։ Տաճարի անունը մոռցուած է։ Գմբեթը Արցախի Գանձասար վանքի գմբեթի ոճն ունէր։ Գործած է 7-րդ էն 13 րդ դար։

Ոտք կոխել այս տեղեր եւ ինքզինք իշխան չ՚զգալ անհնար էր ինձ համար։ Զգացի, իմ հողնէ այս տեղանքը, Ինձի շատ հարազատ եւ խառնուածքիս հարմար, արդէն կ՚ախորժէի բարձր տեղերէ։ Որքան մօտենաս բերդին այնքան խոր Կ՚ազդէ երեւակայութեանդ վրայ։

Քարերը հսկայ էին։ Ակամայ կը մտածես հին դարերու մարդկանց հուժկու լինելու մասին։ Այդ ոնց բարձրացրել, իրար վրայ դարսել են այդ հսկայ քարերը։ Չհիանալ անկարելի էր։ Բերդի մայր դուռնէն քարէ գետ հոսած եւ այդպէս մնացած էր կարծէք։ Մտայ ներս բարձրացայ պարիսպի վրայ եւ աննկարագրելի թռիչք մը ապրեցայ։ Ոգեղեն թռիչք։ Թեւերս բացի անզգայօրէն եւ ինքսինձ Արծիւ կարծեցի։ Դէմս մինչեւ հորիզոն պատմական հայաստանի ընդարձակ տարածքներն էին, եւ հորիզոն կարծես չկար, Ես ամենաբարձր տեղն էի, Կամ այդպէս կ՚զգայի։ Շուրջս Ամայութիւն էր, բնակչութիւն, գիւղեր չկային։ Անկախ Հայաստանի մէջ ես եւ պատմութիւնը առանձին էինք այդ վայրկեաններուն։ Հոգիներու ձայնն եւ լեռնային բոյսերու բոյրը կային հետս։

Դժուար է հաւատալ բայց բերդի մէջ գերեզմանի, նեխածութեան հոտ կար։ Ուժգին հով կար, առողջարար եւ թթուածինով յագեցած։ Այն գետակը, որուն վրայէն անցանք քիչ առաջ, Ամբերդի մօտ 2-3 հարիւր մետր խորունկ կիրճ մը կազմած էր։ Ջուրի արձագանգը թմրեցնող էր։ Երբ տուն գացի եւ քարտէսին նայեցայ, տեսայ, որ Ամբերդը կառուցուած է Ամբերդ անուն եւ մի ուրիշ գետակի միացման եռանկեան տեղ բարձրացած սարահարթի վրայ, այնպէս, որ երեք կողմանէ բնական պաշտպանութիւն ունէր։

Untitled_10.jpg

Link to comment
Share on other sites

Ինչ, որ ռուսերէն բառ մը արտասանեցի կոլիան ըսաւ գիտես ռուսերէն։ Ըսի ոչ շատ։ Ըսաւ- հ՜ա, ուրեմը ցեխը ջրից ջոկու՞մ ես։ Ճանպարհին, Աւտոյի արգելակը անջատուեց եւ մխաց։ Ողջ հասանք Երեւան։ Գացինք հանրակացարան, որ մսաշօթ եւ այլ առարկաներ առնենք եւ կոլիայի հետ միասին ընթրենք մեր վարձած տան մէջ։ Ենթադրեալէն աւելի երկար էր ճանապարհը։ Պէտք էր կոլիայի կամքը տեսնել ։ Ընկերս այդպէս կը մտածեր, բայց կոլիա աֆանդին իւր մտքի մէջ որոշած էր անգամն ալ մեր հետ տեղ չ՚երթալ։ Հանրակացարանի մուտքին տեսայ գեղանի հայ աղջիկներ հնդիկներու փաթաթուած կը շրջին։ Այս աղջիկները չէին ամչնար, ոչ իրենց ազգակից երիտասարդներէն, ոչ ալ տարեցներէն։ Ազգային կամ մարդկային հպարտութիւն գոյ չէր։ Անձնական շահն ու հաճոյքն էր տիրող ոգին։ Պատրուակը այդ աղջիկ-կիներուն շուրթներուն էր՝ «բա երեխեքին ո՞նց պահենք»։ Ակամայ միտս ընկաւ Հալէպի մեր պատանեկութիւնն ու ստացած դաստիարակութիւնը։ բաղդատե՞լ այս մթնոլորտի հետ։ Ո՞րն էր ճիշտը։ Ճիշտի սխալի հարց չկար։ Կար միայն մերկ ճշմարտութիւններ եւ բնութեան պարտադրանքը։ Ակամայ նախանձեցայ այդ սեւամորթներուն։ Հոգնած եւ հիւծած գացինք տուն։ Սեղան սարքեցինք։

Ընկերս յիշեց ուսանողական դժուար օրերը՝ Պատերազմ, Ուտելիքի պակաս։ Յիշեց ինչպէս ծիծեռնակները կերած են պատուհան դրուած միսը։Սուրիա գալու համար, շոգեկարգով Լենինականէն զաւթիչ թուրքիոյ սահման, ժամերով սպասում։ Հիացումով յիշեց ռուս զինուորներու դիմադրողականութիւնը սառնամանիքին։ Մինչ իրենք կառքի մէջ կը պպզային, անոնք դուրսը ժամերով առանց շարժելու կը հսկէին։ Կարս, նորից եօթժամեայ սպասում, հաւանաբար թուրք պետութեան դիտումով։ Չդիմանալով ցուրտին հայ աղջիկներու կամ կիներու, տաք տեղ նստած թուրքերու հանդէպ ցանկահարոյց վավաշոտ կեցուածք ստանալը։ Երգեցինք մի քանի ազգային երգեր։ Կոլիային ուղարկեցինք իր տուն, որ շատ հեռու չէր։ Յաջորդ օր, ցերեկոյ տանը նստայ։ Ընկերս կ՚երթար համալսարանի մասնագիտութեան թուղթերը արձանագրել տալու համար։ Այպանեց զիս, թէ ինչու դուրս գալով աղջիկներու հետ չեմ ծաօթանար։ զգայուն լինելուս համար աղջիկների հետ ծանօթանալ չէի ուզում, որովհետեւ գիտէի ընդամէնը երկու շաբաթուայ համար եկել եմ։ Մի երկուքի հետ ծանօթացայ, բայց վերջը փախչեցայ անոնցմէ...հազիւ վարժուած, առաջաձգուած վերադարձի թուականը մօտեցաւ։ Ուժգին տրտմեցայ։

Երեւանի մթնոլորտին մէջ ուրախ էի, որովհետեւ հաճելի նորութիւններ տեսած-ապրած էի։ Շատ ուրիշ դէպքեր պատահեցան։ Հերթականութիւնը եւ մանրամասներ մոռցած եմ։

Untitled_3.jpg

Link to comment
Share on other sites



Երեբունի

Առաւաւտները մինչ կէսօր, Ընկերս կ՚երթար իր գործերուն։ Չ՚երթալէն կը բացատրեր, ուր ինչպէս պիտի երթամ։ Շատ կ՚ուզէի Հայոց մեծաց Պանթէոն երթալ։ Բացատրեց ճանպարհները։ Այդ օր միտս բութ էր։ Գացի բայց չգտայ։ Ոեւէ մեկին հարցնել չուզեցի։ Փողոցներուն մէջ թափառիլն ալ հաճելի էր։ Երբ տանը հանդիպեցայ ընկերոջս, յանդիմանեց ըսելով.-«աւելի ճարպիկ կը կարծէի քեզ»։ Կոմիտասի շիրիմն այցելել կ՚ուզէի։ Երբեմն տանը կը նստած երաժշտութիւն կ՚ունկնդրէի։ Պատուհանէն Արարատը դիտելն ալ հաճելի էր եւ անյագուրդ բերկրանք։ Օր մ՚ալ մինակս կարեցայ Երեբունի երթալ։ Ընկերոջս բացատրածը լաւապէս տեղաւորած էի ուղեղիս մէջ։ Երեբունին 28 դար առաջ հինուած բերդ մ՚է, բլուրի վրայ։ Այդ թուականը կը համարուի Երեւան- Երեբունի ծնունդը։ Բերդի մէկ մասը թանգարան էր ։ Մնացեալը աներդիք լաբիւրինթ։ Սուրիա դառնալէս ետք թերթի մէջ ընթեռնեցի, որ սիրահարներու հարմար վայր է եղած։ Հալէպի բերդի հետ չպէտք է բաղդատել։ Երեւի Ուրարտացւոց պետութեան անկման հետ վէրջ գտած է կեանքը բերդէն ներս, որովհետեւ աւելի նոր ժամանակներու կապուած հնութիւն չկար, մինչ Հալէպինը Հիթիթներէն ցայսօր բնակուած եւ օգտագործելի է։ Տոմս առի։ Բարձրացայ առաջին հարկ։ Քիչ մը շուրջս դիտեցի։ Խալդեան հաւատքի խոռերու, Եթիունի երկրի զաւակներու, եւ գուցէ նախահայոց, Տայեցւոց, Մանայի բնակիչներու օգտագործած իրերը դիտեցի։ Անհաւատալի կը թուար, պաշարի համար պահուած ընդեղենի գոյատեւումը ցայսօր։ Նոյն օրը գացինք Վ. Մ…եանենց տուն, շնորհակալ լինելու, չեմ գիտեր ինչ առիթով։ Ճանապարհին հանդիպեցանք ընկերոջս ծանօթ անձանց։ Տեսայ, Մալականներ (աւանդապարհ Ռուս աղանդաւորներ, որոնք անդրկովկաս աքսորուած են ցարերու ժամանակ, այժմ ընդհանրապէս այրերը հողագործ, տրակտորի վարիչներ են եւ մորուքաւոր։ Կիները լաչակաւոր էին իսկական ռուսի գեղեցկութեամբ։ Այդ օր, կարծեմ Չորեքշաբթի, իրար մօտ կը հաւաքուին։ Շէն եւ ուրախ կ’երեւային։ Աղջիկներէն մին, գժուելիք գեղեցկութիւն ունէր։ Դեղձան ծամերով, Ծով աչքերով։ Մորթը սպիտակ, այտերն ու շուրթերը վարդագոյն։ Դիտելէն չկշտացայ։ 150 տարի ապրելով անդրկովկասի մէջ, ռուս կայսրութեան ներքոյ, չէին ձուլուած։ Հասանք Մ…եանենց տուն։ Ըստ երեւոյթին հայրենադարձ (նոր եկող) էին։ Հարս եւ սկեսուր դիմաւորեցին մեզ։ Հարսը Հայաստանի Հանրապետութեան ծնունդ էր։ Դէմքը մտայոգ եւ տխուր էր։ Սկեսուրը. տատիկը կամ ծիածանը, դեռ կը խառնէր արեւմտահայոց բարբառը արեւելահայոց բարբառին։ Տան տղամարդը, ծիածանի որդին, արտագնայ աշխատանքի գացած էր։ Ընկերոջս հետ հեռուէ հեռու ազգական-մ՚ազգականութիւն ունէր։ Տատիկը 1946-ի ներգաղթին երիտասարդ աղջիկ է եղել։ Լատին ամերիկեան անվերջանալի ֆիլմաշարեր կը դիտէր։ Ընկերս ըսաւ.- հովիկին շատ դուր է եկել Երեւանի աղջիկները։ Ծիածանն ըսաւ.-ճիշտ է ձեր մօտ դժուար է ամուսնութիւնը։ Յիշելով իր ծանօթի ըսածը, որ Հալէպի աղջիկները չորս բանալի կ՚ուզեն, առաջինը խանութի, երկրորդը աւտոյի, երրորդը տան, չորրորդը կեսրոջ բերան։


... Սլավան ասած, թէ ինք կարող է Ռուսաստանում շատ փող աշխատի, բայց հոգեպէս ինք պարտեալ է այնտեղ, քանզի իր երկիրը չէ, եւ իր զաւակները պիտի մեծանան, որպէս ռուս, եւ պիտի ստանան ռուսական կրթութիւն։ Ան զիս ընդունած էր հին ծանօթի մը նման, զի ես իր բարեկամի ընկերն էի։ Ազդուեցայ Հայկական հիւրասիրութէնէն։ Վերադարձանք Գրիշի պատուշկայով (սա բառը ռուսերէն լեզուի մէջ իմ ներդրումն է։ Հասկանալ Մարշրուդնիյ)։
Link to comment
Share on other sites


Հաղարծին-Սեւան


Կանուխ առթնցանք։ Գնումներ ըրինք։ Երբ գնումներու սակերուն մասին հարցումներ ըրի՝ ընկերս Ընկերս սաստիկ վրդովեցաւ, եւ այս պատահարը ողջ օրուայ ըմնթացքին իր տրամադրութեան վրայ ազդեց։ Ճամբայ ելանք դէպի հիւսիս արեւելք։ Վաչէն մշեցի նախահայր եւ մակուեցի նախամայր ունէր։ Սաստիկ թուխ էր, եւ վեհանձն։ Շաղակրատ չէր, դորա համար մեր ուղեւորութիւնը ինքնամփոփուելու առիթներ ընծայեց մեզ։ Իսկական արհեստը՝ կօշկակար էր, բայց խորհրդային կարգերու ցրուումէն ետք գործը կորսնցուցած էր, որովհետեւ գործարանը փակուած էր։Արդարեւ Խորհուրդներու ժամանակ Հայաստան կաւշիկ կը արտածեր դէպի միութեան հանրապետութիւնները։ Հայաստանեան օրերուս մէջ ամէնաճոխ օրն էր այսօր։ Հանրաճանաչ արդիւնաբերական քաղաքներու, աւաններու կողքէն անցանք՝ Աբովեան, Նոր Հաճն, Հրազդան, Ծաղկաձոր։ Ուղին հետզհետէ Ի վեր կը բարձրանար, դորա հետ միատեղ օդը կը զհովանար։ Օդի զովութեան պէտք ունէի, քանզի Երեւանեան տապը ոչինչով կը տարբերէր հալէպի տապէն։ Բնութիւնը տակաւ առ տակաւ կը ճոխանար։ Գիտէի, որ պիտի անցնինք, Գեղամայ եւ Սեւանայ լեռներու մօտէն եւ պիտի երթանք, երբեմնի ողջ Կովկասի ամառանոց հանդիսացող Դիլիջանի կողմերը։ Անհուն հորիզոնի հետ պար բռնած կապտաւուն ձիւնածածկ լեառները կապոյտ երկինքը փակած էր համարեայ։ Սեւանի լեռինք հզաւր պարիսպ կազմած, կը պաշպանեն Գեղարքունիքն ու Այրարատը։ Ամէն ինչ բարձր էր, սկսեալ խոնաւութէնէ մինչեւ իմ տրամադրութիւնը։ Անհամբեր կը սպասէի լիճի երեւումը, որ կարծեք կը նազէր, ծածկելով իւր շնորհալի պատկերը գագաթներու ետեւ։ Ի վերջոյ երեւցաւ զմրուխտեայ կապոյտը ջուրին, բայց մեր կառքը կ՚ընթանար, քանզի նախ պիտի հանդիպէինք Հաղարծնայ վանք, ետքը պիտի դառնայինք Սեւանի ափ լողալու։ Նայուածքս չէի հեռացնէր ջուրէն, որով գիտէի ուր, որ է պիտի կորսուի լեռներու ետին։ Կարօտցած էի ծովը, իսկ այս ծովը հայկական էր։ Ծովագիւղ գիւղէն ետք թագնուեցաւ Սեւանը, բայց բնութեան գեղեցկութիւնը եւ յաճախակի փոփոխումը, մոռցնել տուին ինձ նախորդը։ Գիւղը լեռնային էր եւ մաքուր, քանզի շրջակայքը ջրարատ էր։ Հայրենական պատերազմի նահատակներու յուշարձանը, կը մէջտեղէր փոքր հրապարակին։ Վաչէի ըսելով գիւղի բնակիչները Յոյներ էին, բայց ես հայերէն խօսք լսեցի հրապարակի մայթին նստած թոշակաւորներէն՝ հայրենական պատերազմի վեթերաններէն, որոնք տակաւին հպարտութեամբ կը կրէին շքանշաններ իրենց կուրծքերուն։ Մանկութեանս այնքան վայելածս հայկական քեսապի գիւղերը յիշեցուց զիս Ելենովկա-ծովագիւղը։ Որք՜ան պիտի փափաքէի այստեղ անցնել ամառս։ Երեխաները շէկ եւ կապուտաչեայ էին։ Բնակիչները Հայ, Յոյն եւ ռուս էին։ Յոյները փոքր Հայքէն եւ սեաւ ծովի հարաւային ափերէն գաղթած են անդկովկասի հայկական տարածքներ, արեւմտահայութեան գաղթի հետ միաժամանակ, անդրկովկասի ռուսական տիրապետութիւնէ ետք։ Ոսմանեան բռնատիրութիւնը զզուելի էր Քրիստոնեայ բնակիչներու համար։ Անոնք, որպէս վարպետ հանքագործներ փնտռուած են։ Այժմ հայկական հողԻ վրայ թերեւս ալ նախկին հայասայի բնակիչ Արմեններ, որոնք հելլենական տիրապետութեան ընթացքին, կամ Բիւզանդական տիրապետութեան ընթացքին յունացած էին, վերստին կը հայանային հայկական հողի վրայ։
Link to comment
Share on other sites


Ուղին երթալէն ի վեր կը բարձրանար, ջերմաստիճանն ալ կը նուազեր։ Մտանք անտառային տարածք՝ Դիլիջանի արգելանոց։ Այժմ ամէն տեղ ծառ կ՚երեւար։ Անոնք անվէրջանալի էին կարծեք, գոյն զգոյն, խիտ շարքերով։ Մառախուղը կը սահեր ճանապարի աջակողմեան բարձունքէն։ Ջուրի ձայն կը լսուէր ամէն կողմէ, բայց բուսականութիւնը ծածկած էր յորդաբուխ աղբիւրները։ Մարդիկ այստեղ տարբեր էին կարծեք, Հայաստանն ալ տարբեր Հայաստան էր։ Կովկասն այստեղ աւելի զգալի էր։ Վիրական կառքեր տեսայ, եւ ինքնաբերաբար յիշեցի թիֆլիսը, որն իր կարգին ինձ յիշեցուց մեր դասական գրողները։ Մինչ Այրարատը չոր էր եւ բուսազուրկ, Գուգարքը, որտեղ կ՚ուղուէինք ջրառատ եւ բուսածածք էր։ Թէեւ շատ գեղեցիկ եւ կախարդական, բայց հայաստանի (պատմական) ծայրամասը գտնուելով, քիչ մըն ալ կովկասեան էր։ Գուգարքի մէջ կը գտնուէին Զաքարեան Հայաստանի, որ վրաց թագաւորութեան հետ սերտ արնչակից էր, Վանքերը, եկեղեցիները բերդերը։ Արդարեւ սելջուկ-թուրքական արշաւանքներէն ետք, հիւսիս արեւելեան Հայաստանը քիչ մը շունչ առած էր, վրաց-հայկական տիրապետութեամբ։ Վանքեր, քաղաքներ գիւղեր շէնացած էին վերստին։

Թախանձեցի կանգնիլ եւ բնութիւնը վայելել, քանզի կը վախնայի յաջորդիւ չտեսնել նոյնքան գեղեցկութիւնք։ Արդէն բաւական բարձրութեան վրայ կը գտնուէինք եւ օդը լեցուած էր թթուածինով։ Կը շնչէի անդադար եւ չէի յագենար ծառի ու թարմ թուփերու բոյրերէն։ Կառքը կանգնեցաւ։ Սնդուկի վրայ լաթ մը փռուեցաւ, եւ իմ կեանքի ամենահամեղ նախաճաշը կերայ վոդկայով։ Պանիրի, ապուխտի, լոլիկի պատառները, այնքան համեղ չէին եղած երբէք։ Այնքան առողջ կ՚զգայի ինքսինձ, հակառակ նախորդ օրերու անքնութեան եւ ուղեւորութեան, պատրաստ էի մագլցիլ լեռները առանց դադարի։ Հողը հարազատ էր, եւ ես անոր տէրը կ՚զգայի։ Հիմա այստեղ նստած կ՚ափսոսամ անցած օրերու համար։ Իմ տրամադրութիւնը բարձրացնողը անսահման գեղեցկութիւնն ու խորհրդաւոր պատմական հայրենիքն էր, եւ ... վոդկան։ Անտառը ճեղքելով հասանք Հաղարծին։


Հաղարծին

Սա մի քանի եկեղեցիներէ բաղկացած հնադարեայ վանք էր։ Ամէն մէկ քարը, որ ագուցուած էր եկեղեցւոյ պատին մէջ՝ պատմութիւն էր եւ հնութիւն, զորս քիչեր գիտեն գնահատել։ Ինձ համար անգնահատելի գանձ էր վանքը, որովհետեւ, Հայ մշակոյթային կոթողները, զանոնք ստեղծող ժողովուրդի հետ միատեղ ենթարկուած են ջարդի։ Ահա աչքիս առաջ կանգնած բազմավէր տաճարիկ մը, արդէն քանիերրորդ նորոգութեան հետքերը, որպէս վիրակապ տեսանելի են ուսող աչքերու։ Որմնագրերը խօսուն բերաններն էին Վանքի, սակայն ոչ ժամանակը, ոչ ալ շուրջս գտնուող անձինք թոյլատրեցին զիս մանրակրկիտ ուսումնասիրել։ Բուսականութիւնը պիտի խեղդեր վանքը եթէ խնամող ձեռքեր չ՝ըլլային։ Խաչքար, գեղաքանդակ պատեր. շքամուտեր, Աստուած իմ սա եւ իմ պատմութիւնն էր, տեղ մը ընդհատուած իմ պատմութիւնը։ Տէր իմ, այս ո՞րքան հարազատ է ամէն ինչ, եթէ ես երբէք չ՚գիտնայի իմ Հայ ըլլալս, կրկին պիտի զգայի նոյն հարազատութիւնը, որովհետեւ արիւնս էր, որ կ՚եռար ակամայ, սակայն մարդիկ, որ շուրջս էին կը խանգարէին վերացումս։ Որքան մեծ էր փափաքս գտնել բանիմաց անձ մը, որ ճշգրիտ տեղեկութիւն փոխանցէր ինձի, վանքի պատմութեան մասին։ Այդպէս ալ մնաց ինձի համար խորհրդաւոր գաղտնիք այդ զարմանահրաշ հնութիւնը։ Ինձի հետաքրքրողը սովորական պատմութիւնը չէր վանքին, որ արձանագրուած է պատմական գիրքերու մէջ, այլ կառուցման եւ քանդումի պատմութիւնը, գործուած աւերներու պատմութիւնը, եւ բազմաթիւ հարցեր, որոնք կապուած են ճարտարապետութեան։ Ինձ համար հետաքրքիր էր ամէն ինչ՝ շրջակայքի թափած քարերը մօտակայ ձորը, վանական միաբաններու ապրելակերպը։ Բնութեան ընձեռած գեղեցկութեան գրկի մէջ ընկողմնած Հաղարծնայ Վանքի միաբանները, գրչագիր-ծաղկողները, արդիօք կ՚ընդբոշխնէին այս բնութիւնը թէ վանքի պատերուն մէջ փակուած կ՚աղօթէին։ Անոնց տնտեսութիւնը սերտ էր մօտակայ գիւղերու տնտեսութեան։ Անոնք կ՚ապրէին գիւղացւոց եւ Աստուծոյ շնորհիւ։ Միջնադարեան Հայաստանի Իշխաններ Ամբողջ գիւղեր աշխատուժով միասին կը նուիրէին Վանքերուն, որպէս ապրուստի աղբիւր։ Այս ամէնը մտածելով կ՚ուզէի վերանալ եւ մտքով ապրիլ հին հայաստանը։
Link to comment
Share on other sites

Մեր եկած ճանպէն վերադարձանք դէպի գեղարքունեաց լիճ։ Ճանպեզրին ոստիկաններ մեզ թոյլ

տուին կողմնակի ճանապարհով Սեւանի կղզիին մօտենալ։ Թակարդի մէջ ընկած էինք։ Կաշառք էր ուզածնին, տուինք։ Բնութեան գեղեցկութիւնը եւ պատմական նշանակութիւն ունեցած կղզիի վրայ գտնուելու հրճուանքը մոռցնել տուին, որ լուսանկարիչիս մէջ ֆիլմ չէ մնացած։ Ընկերս եւ կառավարը ներքեւ մնացին։ Ես շրջեցայ ջուրի մակարդակի անկումով այժմ ցամաքի միացած անցեալի կղզին։ Սեւանի վանքը խեղճ կառոյցներէ կազմուած էր, բայց պատմական նշանակալի անցեալ ունեցած է։ Մատեաններուն մէջ կը յիշուի՝ Մոնղոլ-թաթարները երբ կղզիի Վանքէն նաւակներով աւար կը փոխադրեն մայր ցամաք, դարանակալ հայ զինուորներ դուրս կ՚ուգան տակառներէն եւ ջրամոյն կ՚ընեն կողոպտիչները։ Վանքն ուշ միջնադարուն նորոգուած էր եւ աւելի միաբաններու քան ժողովուրդի համար հաստատուած էր։ Ուստիեւ զարդարուն ըլլալու կարիքը չկար։ Հետաքրքրութիւնէս կը ճաթէի, սակայն բացատրութիւն մը տուող չկար, գետին ցրուած խաչքարերու, քանդումի եւ վերականգնումի մասին։ Բոլոր Հայկական քարէ աւանդներու նման այս ալ հաւանաբար ենթարկուած էր յարձակման կողոպուտի հրդեհի երկրաշարժի։ Արբանեակային հեռատեսիլի կայաններէն երբ կը դիտեմ Եւրոպական անաղարտ հնութիւնները, որոնք մնացած են նախնադարէն, Հայկական մշակոյթի հանդէպ խանդս կը տանջէ զիս, քանզի Հազուագիւտ են Հայաստանի պատմական կառոյցները, որոնք թշնամւոյ կամ բնութեան կողմէ չեն աւերուած։

Մեր կառավարը՝ Վաչէն, մի քանի անգամ ըսաւ, որ իր մօրաքոյրը կը բնակի մօտակայ Լճաշէն գիւղի մէջ, եւ մէկ տարիէն աւելի է չէ տեսած իր մօրաքոյրը։ Մի քանի անգամ Վաչէն կրկնեց.-«մօրաքրոջս օջախը սուրբ է»։ Չէի հասկացած «սուրբ օջախ է» ըսելով Ճիշտ ինչ ըսել կ՚ուզէ Վաչէն, այդուհանդերձ ակնածանքով կ՚ընթանայինք յարդի դէզերու մէջէն։

Աղքատիկ դաշտային գիւղի տպաւորութիւն թողեց վրաս Լճաշէնը, եւ ամէնազարմանալին՝ ամայի էր։ Կարծէք ակնթարթի մը համար գիւղի բնակիչները անհետացած ըլլային։ Ճանապարհը շատոնց հրաժարած էր ասֆալտապատ ըլլալէ։

Փողոցն ու Մարտիրոս Պօղոսեանի տան բակը զանազանելը դժուար էր ինձ համար։ Այնուհետ մտանք տնամերձ տարածք։ Մեր ամաչկոտ կառավարը իր մօրաքրոջ ընտանիքին ողջունելէ ետք մեզ ծանօթացուց։ Թոշակաւոր Մարտիրոս Պօղոսեանը տիպիկ սովետահայ հողագործ էր։ Տարիները քանդակած էին յոգնութեանց հետքեր անոր դէմքի վրայ։ Տեղական ծխածոտ կը գործածէր եւ կը գանգատէր թոշակի սակաւութիւնէն։ Երանի կ՚ուտար կոմունիստներու օրերուն երբ տնտեսապէս ապահով էին

Տեղի ունեցաւ զրոյց շրջակայ լեռներու մէջ աճող բուժիչ դեղերու մասին։ Արդարեւ Եւրոպացի գիտնականներ կ՚ուգան եւ կը հաւաքել կ՚ուտան իւրայատուկ բոյսեր։ Մարտիրոս կը ճանչնար անձ մը, որ բուժած է քաղցկեղը բնական դեղերով։ Ընկերոջս բժիշկ ըլլալու հանգամանքն էր այս զրոյցի պատճառը։

Untitled_12.jpg

Link to comment
Share on other sites

Տան մէջ Մարտիրոսի պառաւ կինն ու հարսը կային։ Առհասարակ անբնական ոչինչ տեսայ։ Լաչակաւոր Հայ մամիկ, պահպանողական ամօթխած հարս եւ թոշակաւոր մեծ հայր։ Շատ չ՚անցած տան երիտասարդը՝ Մարտիրոսի տղան կը ժամանէ։ Անոր հետ միասին գիւղի երիտասարդութիւնը՝ մօտ խու հոգի։ Քիչ առաջուայ ամայի գիւղի հակապատկերն էր այս խճողումը տան հիւրասենեակին մէջ, կարծէք գիւղի ողջ բնակչութիւնը հաւաքուած էր։ Հողագործներուն դէմքերը հետաքրքրութեան եւ բարկութեան խառն զգացումներ կը գծէին։ Տան երիտասարդը, ինչպէս որ ետքը իմացայ ամերիկեան քրիստոնեայ աղանդի մը պետն էր այս գիւղի մէջ։ Ան Աստուծոյ հանդէպ պարտական եղած է, որովհետեւ թմրամոլ (իր բառերով նարկոտիկ) եղած է եւ միայն ապաշխարհելով փրկուած է։ Սփիւռքահայութեան հանդէպ իր պատկերացումը կազմած է Ռուսիոյ մէջ գիշերային զբօսավայրի մը մէջ երկու սփիւռքահայերու կողմէ իրեն հանդէպ ցուցաբերուած լաւ վերաբերնմունքէն եւ Հայաստան ներգաղթողներու (իր բառերով՝ նոր եկողներու) համեղ ճաշերէն։ Ընդհանրապէս մեղմ բնաւորութեան տէր կ՚երեւար Պօղոսը, ան մեր մասին հարցուփորձ կ՚ընէր հայաստան գտնուելնուս նպատակը հասկանալու համար։ Վաչէն եւ ընկերս ըսին, որ զիս պիտի ամուսնացնեն եւ այդ մասին արդէն պայմանաւոր ենք Գագոյի հետ, անոր քենեկալի աղջիկներէն մէկը հարս առնելու ուղղութեամբ։ Այդ պահին Պօղոսի մայրը ունեցաւ իր առաջին եւ վէրջին արտայայտութիւնը.

-«Եթէ հաւատացեալ էք, ինչու հաւատացեալ աղջիկ մը չէք առներ»։

Յայտնապէս հաւատացեալ բառը, կը գործածէին, երբ մենք նոյն իմաստը տալու համար հոգեւոր բառը կը գործածենք։

-«Չէ մայրիկ կատակ են անում»։ Մեղմ հանդիմանութեամբ փարատեց Պօղոս իր մօր սխալ ընդբռնումը։
Link to comment
Share on other sites

Շէկ եւ միջին տարիքի սիղեխ դէմքով հողագործ մը, որ կ՚երեւեր, Պօղոսի փոխանորդն էր. Աստուածաբանական դասեր կ՚ուտար ինձ, բացատրելով Քրիստոնէական հաւատքի հիմքերը հանդիսացող, Հայր, Որդի եւ Ս.Հոգի երրորդութիւնը, որ մի Աստուծոյ երեք կերպով յայտնութիւնն է մարդկութեան։ Տէրունական աղօթքը հեքեց, որպէսզի դարձի գամ եւ հաւատամ։ Միտքիս մէջէն ըսի եթէ ձեզի համար նորութիւն է այս ամէնը, ապա մենք դպրոցական տարիքէն կ՚ուսանինք եւ կ՚ապրինք այս ամենը։ Ըսի շէկին.«մենք դպրոցներում սովորեցինք, այս ամէնը, որովհետեւ կրօնի դասապահ ունէինք»։ Պօղոս եւ իր հաւատացեալ եղբայրները, սկսան կրկներգել գաղափարներ, որոնք եթէ սփիւռքի մէջ լսած ըլլայի, սաստիկ բարկութիւն պիտի ցուցաբերէի։ Օրինակ՝ «Ի զուր կռուեցանք ազրբեջանի դէմ, քանզի նահատակներու ընտանիքները անտէր եւ լքուած են, եւ պետութեան կողմէ հոգատարութիւն չկայ անոնց հանդէպ»։«Մեծաթիւ քրիստոնեայ ազերիներ կան Բագւում..» եւայլն։ Ակնյայտօրէն ամերիկեան աղանդաւոր կազմակերպութեանց քարոզչութեան զոհն էին լճաշէն գիւղի նորաբոյծ «հաւատացեալները»։ Ամերիկեան քրիստոնեայ աղանդներ սերտօրէն գործակցելով սի այ էյի հետ իրենց առաքելութիւնը կը տարածեն աշխարհի գրէթէ բոլոր երկիրներու մէջ։ Վերոյիշեալ աղանդաւորները (մորմոններ, մկրտչականներ, հոգեգալստականներ իրենց բազմագոյն տեսակներով) դատապարտուած են աւանդական եկեղեցիներու կողմէ (Կաթողիկէ, Ուղղափառ, եւ Աւետարանական)։ Հիւսիսային ամերիկայի տարածքին ամէն, ոք որ ինքզինք քիչ թէ շատ այս ասպարէզի մէջ կարող զգացած է, իրեն յատուկ աղանդ մը ստեղծած է։ Այդտեղ արդէն բազմաթիւ եւրոպացի աղանդաւոր գաղթականներ հաստատուած էին խուսափելով եւրոպիոյ պաշտօնական եկեղեցիներու հալածանքներէն։ Յիրաւի ազատութեան երկիր է ամերիկան։ Վերոյիշեալ աղանդներէն շատերու դաւանանքը հիմնուած է հին կամ նոր կտակարանի մէկ տողին կամ նախադասութեան մը վրայ։ Սիոնական կազմակերպութիւներու հետ գործակից են շատերը վերոյիշեալ աղանդաւորներէն, որովհետեւ կը հաւատան, հին կտակարանի այն մարգարէութեան որ. «բոլոր հրեաները պիտի վերադառնան աւետեաց երկիր, որպէսզի վէրջին դատաստանի օրը Մեսիան գայ եւ դատէ իւրաքանչիւրը»։ Այս մարգարէութիւններու համար անոնք կը քաջալերէն Վաշինգտոնի պրոիսրայէլեան քաղաքականութիւնը, ինչ որ պատճառ կը դառնայ պատերազմական իրավիճակներու եւ վայրագութեանց։ Իմ եւ Ընկերոջս մտահոգութիւնները. Հայաստանեայց մայր եկեղեցւոյ աւանդութեանց, հայրենիքի հանդէպ նախանձախնդրութեան, Ցեղասպանութեան իրողութեան մասին, չեմ գիտեր ինչ ազդեցութին ունեցան։ Բաւականացան ըսելով, որ կրօնը ծէս պէտք չէ ըլլայ այլ ապրում ինչ, որ շատ ճիշտ է, իսկ Ցեղասպանութեան ենթակայ ըլլալնիս վերագրեց Աստուածային պատիժի «Քրիստոնեան պէտք է չարչարուի, որպէսզի Աստուծոյ ընդառաջ փաստէ իր հաւատքը»։ Այս գաղափարները վերիվարոյ բոլոր «հոգեւորներու» գաղափարներն են, եթէ երբէք քաղաքական հարցերու մասին գաղափար ունին։
Link to comment
Share on other sites

Հայրենի բնութեան գիրկի մէջ հայ գիւղացիի արդար աշխատանքի արգասիքը վայելեցինք, հապճեպ խաշած հաւով եւ գետնախնձորով։ Ճշմարիտն ըսելով, սիրտս կը ցաւէր երբ կը ճաշակէի մեր պատուին բացուած սեղանի պարունակութիւնը, մանաւանդ երբ ներողամտութիւն կը հայցէին, ժամանակի սղութեան պատճառով կիսեփ ճաշ ուտելնուս, վասնզի շուտ պետի երթայինք։ Ես բնականաբար պիտի գովէի զիրենք մանաւանդ, երբ Պօղոս հիացական արտայայտութիւններ ունեցաւ նոր եկողներներու խոհանոցային գիտելիքներուն մասին (այսինքն հայաստան ներգաղթողներու համով ճաշերուն)։ «Ձեր եւ ընդհանրապէս Հայաստանի պանիրը շատ հաւնեցայ», խօսքերս պատճառ դարձան, որ ընթրիքի վէրջաւորութեան մի քանի խոշոր պանիրի կտորներ ստանամ, որպէս նուէր։ Ընկերս ականջիս փսփսաց «մի մերժեր, ապա թէ ոչ, խիստ կը վիրաւորուին»։ Վերադարձիս օրերը մօտ էին. Ընկերս ալ չէր սիրեր հայաստանեան պանիրը, յետեւաբար Պօղոսի պանիրները թափուեցան։

Յատկանշական ուրիշ շատ օրեր ապրեցայ Հայաստանի մէջ, սակայն մասնաւոր եւ արժանի դէպք մը կամ պատահար մը չկայ գրելիք, բացառութեամբ այն առատ եւ խառն զգացումներուն, զորս ունեցած եմ իւրաքանչիւր քայլափոխիս, տեղ մը ծանօթ դիմագիծ, տեղ մը հայ աղջկայ ժպիտի պարգեւած աւիւն, եւ միշտ՝ մայր հողի վրայ գտնուելու պատճառով անսահման ուրախութիւն, որ հետզհետէ կը վերածուեր իմ Հայաստանցի ըլլալու զգացումիս։
Link to comment
Share on other sites

Տեսայ, հայկական ցեղի գլուխ գործոց գեղեցկուհիներ։ Արեւմտահայ ծագումով ռուսաստանցի սպաներ։ Հարս տանելու եկած ամերիկահայեր։ Եզիդի կիներ, որոնց պանիրը ամէնահամեղն էր։ Չնայաց գիտէի, հարցրի.- դուք եզի՞դի էք։ Ասաց.- հա։ Նոքա Հալածուած են մեզ նման ոսմանցիներից, քուրդերից։ Մեզ հետ գաղթել են արեւելեան Հայք։ Սարդարապատի ճակատամարտին մասնակցել են առանձին գունդերով։ Արցախեան նորագոյն ազատամարտին էլ նահատակներ տուել են։ Հայաստանի Հանրապետութեան Եզիդիները, հայերէն եւ քուրդերեն կը խօսին, Եան ազգանունը կ՚օգտագործէն, օրինակ. Հասան Թամոյեան։ Քուրդիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան ջանքերով ոմանց մէջ արթնացաւ քուրդ լինելու զգացումը։

Հայաստանի Հանրապետութիւնը հանրայայտ է, ուրախներու կատակաբաններու ակումբներով։ Նախկին խորհրդայիններու մէջ առաջնութիւն շահած են նոքա։ Կ՚ազդուէի երբ կը տեսնէի Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանն ու Հայոց եռագոյնը զինուորներու թեւի վրայ։ Զինակոչիկներ, սպահներ, ոստիկաններ կարելի է տեսանել ամէն քայլափոխի։ Տեսայ լեռնային Արցախի դրօշը կրող մարշոդնիյ մը։ Երեւանի փողոցներուն մէջ կարելի է հանդիպիլ համբուրուող զոյգերու։ Ընկերս լաւ անեկտոդ կը պատմեր։

Ինձ կը նմանեցնէին ռուսի կամ նեմեցի (գերմանացի)։ Ինքս ինձ օտար չ՚զգացի Հայաստանի հանրապետութիւնում. առաջի պատճառը ընկերս մօտս էր, երկրորդը. բոլորը հայախօս հայ քրիստոնեայ են, այդուհանդերձ աթեիզմով եւ սովետիզմով սնած են։ Այստեղ մարդկանց մէջ նշմարեցի սա զգացումը. ամէն ինչ, որ արեւելեան է, մուսուլմանական է։ Արեւելեան Քրիստոնեական, մեզի հարեւան ժողովուրդներու, մշակոյթներու, պետութիւններու, անհետացման հետ անհետացած են նաեւ Արեւելեան քրիստոնէական հարուստ մշակութային իւրայատկութիւններ, յատկապէս կենցաղային նիստ ու կաց, զգեստ, քրիստոնէական եւ այլ տօներ եւայլն։ Հայաստան կը պատկանի Արեւելեան Քրիստոնեայ մշակոյթին։ Իւրօրինակ է ան։ Պատերազմները, ջարդերը եւ Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ պետականութեան բացակայութիւնը երկար դարեր, պատճառած են վերոյիշեալ մտայնութիւնը։ Նոյն մտայնութիւնը տարբեր չափերով կու գտանեմք մեր գապութի մօտ։ Մեք Հայկական բարձրավանդակի ծնունդ ենք։ Հնդրեւրոպական Արիական Հայերու եւ նախահայաստանեան տարբեր ցեղերու ծնունդ ազգ ենք։ Բայց Հնդեւրոպացիի տիպարը գերիշխող է Հայկական դիմագծին, լեզուին, մշակոյթին մէջ։ Մեր աշխարհայեացքը պէտք է, որ դրսեւորուի վերոյիշեալ ճշմարտութիւններէն։

Վերոյիշեալ տողերու փոքրամասնութիւնը օրագիր է, մեծամասնութիւնը յիշողութեան վերարտադրում։ Հայաստան գտնուելու միջոցիս դադրեցայ օրագրութիւնէ, նախընտրելով պահը ապրիլ, որովհետեւ կարելի չէր կեդրոնանալ, բարձր տրամադրութեան պայմաններուն մէջ։ Երբ իւրաքանչիւր հայի առիթ ընծայուի, թող անպայման Հայաստանի հանրապետութիւն այցելէ, լսել կամ կարդալ տարբեր է, աչքով տեսնել եւ ապրիլ տարբեր, ան քիչ մը աւելի հայացած, հայաստանցի դարձած պիտի վերադառնայ սփիւռք։

ծանօթ.Արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի, գործածութիւնը դիտաւորեալ է

1997-2003
Link to comment
Share on other sites

Guest
This topic is now closed to further replies.
×
×
  • Create New...