Jump to content

Forgotten Homeland

Johannes

Recommended Posts

Հայ իրականութեան առնչակից դէպքեր կան, որոնք ճակատագրական եղած են մեր ազգի համար։ Քաղաքական ինչ-ինչ փափկանկատութեան թէ անտարբերութեան պատճառով անտեսուած եւ մոռցուած են, հետեւաբար պիտի ջանամ ակնարկով մը ներկայացնել։

Մոռցուած Հայրենիք

Մօտիկ անցեալին, օսմանեան բռնատիրութեան նման մի Իշխանութիւն էր տարբեր թրքացեղ ընտանիքներով կառավարուող իսլամական իրանը (այս անունը պաշտօնականացաւ միայն 1935 թուականին)։ Մոնղոլ-թաթար արշաւանքներէ ետք, երբ իրանի արիական տարրերը խեղճացան (այս աւելի ակնյայտ է պատմական ատրպատական նահանգին մէջ, որտեղի ժողովուրդը ամբողջովին թրքախօս դարձաւ) Պարսկական բարձրավանդակի վրայ տիրապետող տարբեր թրքական ցեղեր, որոնք իսլամութիւնը ընդունեցին եւ պետութիւններ հիմնեցին, տիրեցին հայութեան արեւելեան հատուածին, մինչեւ ռուսական գրաւումը։

Մինչ Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայեր իրաւունք չունէին զէնք կրելու, բանակին զինուորագրուելու, պատերազմելու, պարսկաստանի հպատակ հայեր, Արցախի մելիքներ իրենց զօրքերով մաս կը կազմէին բանակին, այն ալ յատուկ գունդերու մէջ, սակայն այս մէկը չի նշանակէր, որ հայ ժողովուրդի գոյութիւնը ապահովուած էր։ Տասնիններորդ դարու սկզբնաւորութեան, Ռուսերու կողմէ Անդրկովկասի գրաւման ընթացքին, հարաւային իրանէն հայեր կը մասնակցէին պատերազմին առանցին գունդերով, Իրանի շահի կողքին։ Որոշ հայկական ուժերու կողմէ հակապարսկական ռազմական գործողութիւններու մասնակցումը պատճառ չդարձաւ, որ Պարսիկ կառավարութիւնը ջարդեր գործէ իր հպատակ հայութեան հանդէպ։

1604 թուականին Իրանի թագաւոր Աբաս, դէպի Հայկական բարձրավանդակի խորերը իր արշաւանքի ընթացքին, օսմանցիներէն պարտութիւն կրեց, եւ երբ ստիպուեցաւ փախուստի դիմել, հրեշային միտք մը ծագեցաւ ուղեղին մէջ. ամենակարճ ժամանակամիջոցին գաղթեցնել բոլոր հայերը, որոնք կը գտնուին փախուստի ճանապարհի շրջակայքը. Արարատեան նահանգի. Ապարան, Լոռի, Շիրակ, Կաղզուան, Վասպուրական նահանգի. Մակու, Աղբակ, Խոյ, Սալմաստ, Ուրմի գաւառները եւ քաղաքները դատարկուեցան հայութիւնէ։ Բնակիչները դուրս կը հանէին իրենց տուներէն, յետոյ կ՚այրէին բնակարանները եւ հացի պաշարները, որպէսզի ոչինչ չմնար ոսմանցիներուն, գաղթող հայերուն ալ միտքերէն պիտի չ՚անցնէր վերադառնալը։ Վաթսուն հազար ընտանիք, Մօտաւոր երեքհարիւր հազար հայեր գաղթեցին հարաւային Իրան։ Աճապարանքի պատճառով շատ հայեր խեղդուեցան Արաքսի ջուրերուն մէջ, ուրիշներ ճանապարհորդական դժուար պայմաններու պատճառով հիւանդացան եւ մահացան։ Աբաս նպատակադրեց.

• Օսմանեան արշաւող ուժերու առջեւ ամայի խոպան տարածքներու ստեղծում, որմով օսմանցիք իրենց բանակը կերակրելու համար բաւարար գիւղեր եւ աւաններ պիտի չի գտնային։

• Հայաստանի ուժերու ջլատում եւ այսպիսով հայերու կողմէ Հայոց թագաւորութեան վերականգման յոյսերու թաղում։

• Հայաստանի բնակեցում. շիա մահմեդականներով։

• Իրանի մայրքաղաք Սպահանի եւ անմիջական շրջապատի շէնացում։

Արդար ըլլալու համար ըսենք, որ ռուսական գրաւումը (1813-1828) խաղաղութիւն եւ զարգացման հնարաւորութիւն բերաւ Անդրկովկասի։ Զարգացան աւաններ, որոնցմէ էր Բագու (որ պիտի դառնար ^ազրբէջանի_ մայրքաղաքը), Շուշի, Թիֆլիս, այստեղ փակագիծ մը բանալով շեշտենք, որ անդրկովկասի զարգացման գործին մէջ հայերն էին առաջատարները. Սիւնեցի սեւագործ բանուորը նաւթահորի տէր, իսկ լոռեցի հովիւը թիֆլիսի մէջ վաճառատան տէր դարձաւ, անշուշտ իրենց աշխատասիրութեան եւ աչքաբացութեան շնորհիւ։ Սա մեր նիւթը չէ, պիտի անդրադառնամ Ռուսիոյ կողմէ Արեւելեան հայաստանի գրաւման բացասական կողմերը, որոնցմէ գլխաւորը.

• Պատմական հայաստանի կեդրոնական եւ հարաւային տարածքներու վէրջնական անջատումը արեւելեան հայաստանէն։

• Հայաստանի ընդարձակ տարածութիւններու հայաթափումը։

• Արեւելեան եւ արեւմտեան հայաստաններու աւելիով անջրպետումը եւ անջրպետման, որպէս հետեւանք արեւմտահայաստանի ազատագրման դժուարութիւնը։

Հայաստանի ճիշտ կեդրոնը գտնուող տարածքներ, թանկագին յիշատակներով լեցուն հայապատկան հողեր, Արեւելեան հայաստանը արեւմտեանին կապող վասպուրական նահանգէն Արտազ (Մակու) Արաքսի հանդիպակած ափը մինչեւ Փայտակարան նահանգը, մինչեւ Արցախ նահանգի հարաւը գտնուող լեռնաշղթան, զոր կը կոչուէր պարսպատունիք եւ մաս կը կազմէր Վասպուրական նահանգին, իսկ այդ լեռնաշղթայէն անցքի ամենահարմար վայրը կը կոչուէր դրունք հայոց, այսինքն հայոց դրներ կամ հայաստանի դրներ, ամբողջ Պարսկահայք նահանգը խոյ, Սալմաստ, Ուրմիա գաւառները, այժմ կը գտնուին Իրանի սահմաններէն ներս, եւ հայաթափ են։

Ներկայ հայաստանի հանրապետութեան հայութիւնը եւ ընդհանրապէս Աշխարհի հայութիւնը կը տօնէ Արեւելեան հայաստանի Ռուսիոյ միացումը։ Ճիշտ է որ արեւելեան հայաստանի ռուսիոյ միացմամբ հայութիւնը զարգացման աւելի հնարաւորութիւն ունեցաւ, քան Արեմտեան հայաստանի եւ Պարսկաստանի հայերը, սակայն այդ տարածքները (ռուսիոյ կողմէ գրաւուած եւ կայսրութեան միացուած) հայաթափուած էին շահ աբասի օրօք կազմակերպուած գաղթերու եւ թուրք պարսկական պատերազմներու պատճառով, իսկ ռուսերը իրենց նախորդներու (պարսիկ եւ թուրք Խաներու, Շահերու) կատարած անարդարութիւնները հայոց հանդէպ, չ՚ուղղեցին։

Հարցը մեծ անդրադարձ ունեցաւ Արեւելահայ զանգուածներու եւ գաւառներու վրայ եւ պատճառ դարձաւ ամբողջ պատմական նահանգի մը կորուստին (այստեղ փակագիծ մը բանալով կ՚ուզեմ սա անուանումը տալ այդ հողերուն՝ (հարաւային կեդրոնական եւ հարաւային արեւելեան հայաստան)։ Ռուս-պարսկական սահմանը դարձուցին Արաքսը, մինչ ռուսական բանակը հասած էր մինչեւ թաւրիզ, ամբողջովին գրաւելով պատմական հայաստանի հողերը եւ դեռ աւելին։ Թաւրիզի մօտակայ թուրքմենչայ գիւղին մէջ, կը կնքուի պայմանագիր՝ վէրջնականապէս բաժանելով շատ նշանակալի եւ սիրելի պատմական հողեր, ամբողջ հայրենիք մը Ռուսական գրաւման ենթակայ հայաստանէն։ Արեւելեան հայաստանը, ի մասնաւորի՝ Արցախ եւ Սիւնիք նահանգները նախճաւանն ու գողթնը. պարսկական սէպով մը, նոյնպէս պատմականօրէն հայապատկան Մակու խոյ, Սալմաստ գաւառներով, բաժանուեցաւ արեւմտահայ հողերէ (Վասպուրական, կորճայք, Աղձնիք եւայլն)։

Այսպիսով Պատմական Հայաստանի երեք մասերու բաժնուեցաւ՝ Օսմանեան, Ռուսական՚ պարսկական։ Հայութիւնը իր հայրենիքը ամբողջացնելու համար երեք մեծ պետութիւններու դէմ ազատագրական պայքար պիտի մղեր, բնականաբար չմղեց եւ մոռցաւ պարսկական տիրապետութեան մէջ գտնուող Հայաստանը, որպէս հայրենիք, իսկ եթէ յիշուի կը յիշուի, որպէս պարսկաստան։

Եթէ Հայաստանը չբաժնուէր երեք մասի. եւ ռուսերը գրաւէին ամբողջ արեւելեան հայաստանը, եւ վերականգնէին արդարութիւնը հայաստանի հողին վրայ բնակած եկւորները քշելով եւ անոնց տեղ հայեր բնակեցնելով մեծ հաւանականութեամբ այժմ անկախ հայաստանի տարածքը շատ աւելի մեծ պիտի ըլլար։

Ռուս Իշխանութիւններ քաջալերեցին պարսկաստանի իշխանութեան ներքոյ մնացած պատմականօրէն հայապատկան գաւառներու հայութեան գաղթել ռուսական կայսրութեան միացուած հիւսիսային արեւելեան հայաստան եւ այլ շատ գաւառներ, որտեղ այժմ հայաստանի մաս չեն կազմեր։ Սակայն գաղթողները, պատմական հայկական հողեր լքելով կը գաղթէին այլ հայկական հողեր։

Իրականութիւնը ճակատագրական եւ ոչ հայանպաստ էր։ Թուրք աւատատէրեր մնացին իրենց յափշտակած հողերուն տէրը, Իսկ շահ աբասի կողմէ գաղթեցուած հայերը հարաւային պարսկաստանի մէջ (Սպահանի, նոր ջուղհայի, փերիոյ եւ Չահար մահալի), հեռու էին ռուսական գրաւման տարածքներէ, որպէսզի կարողանային վերադառնալ երկու հարիւր տարի առաջ լքուած պապենական հողեր։ Հարաւային իրանի հայութիւնը հետզհետէ նօսրանալով հասաւ այսօրուայ պատկերին։ Պարսկաստանը գրաւող աֆղաններ աւերներ սփռեցին մայրաքաղաքն ու շրջապատը, հայեր փախչելով հասան մինչեւ հնդկաչին եւ բրիտանիա օր մը յիշելու համար, որ իրենք ծագումով հայեր են։ Սովետական հայաստան ներգաղթն ու Իրանի իսլամական յեղափոխութիւնը նոյնպէս պատճառ դարձան այդ նօսրացման։ Հողի կողմէ հայերը միշտ վնասած են նոյնիսկ հիւսիսային արեւելեան հայաստանի գրաւմանբ՝ ռուսիոյ կողմէ։

Նոյն դժբաղդութիւնը պատահեցաւ Ռուս-Ոսմանեան երեք պատերազմներու ընթացքին, հայեր, որոնք կը գտնուէին ռազմական գործողութիւններու շրջանին մէջ, երբ ռազմական եւ բարոյական աջակցութիւն եւ համակրութիւն ցոյց տուին եւ պաշտպանութիւն խնդրեցին ռուսական գրաւման ուժերէն, անհաւատարիմ եւ դաւաճան նկատուեցան դրացի թուրքերու եւ քիւրդ բեկերու եւ կառավարութեան կողմէ, յետեւաբար անոնք գաղթեցին Կարինէն, բասենէն, Ալաշկերտէն երբ ռուսական զօրքերը ետ քաշուեցաւ այդ վայրերէն, խաղախ համաձայնագրերու կամ այլ եւ այլ հաշիւներու որպէս արդիւնք։

Այսպիսով Ռուս Պարսկական եւ Ռուս ոսմանեան պատերազմներու, որպէս հետեւանք հայաստանի կեդրոնական եւ հարաւային գաւառները դատարկուեցան հայութիւնէ։ Տասն իններորդ դարու վէրջաւորութեան եւ Քսաներրորդ դարու սկիզբին, ազգային ազատագրական կռիւ մղող արեւմտահայութիւնը, եւ յեղափոխական կազմակերպութիւնները շատ դժուարութիւն ոնեցան զէնք եւ զինամթերքի եւ կամաւոր խումբերու դէպի Տարօն Սասուն եւ Վան տեղափոխման տեսակէտէ, որովհետեւ ճանապարհները, որոնք կանցնէին Այրարատի Տուրուբերանի կարգ մը գաւառներէն, հայկական քիչ գիւղեր մնացած էին համեմատած քիւրդ գիւղերուն։

Յաճախ կը կրկնենք որ մենք բախտաւոր ազգ ենք, որովհետեւ մեզի նման շատ հին ազգեր աշխարհի երեսէն ջնջուած են, շատ ազգեր տակաւին պետութիւն չ՚ունին։ Քրդական ժողովուրդները (Զազա, Քրմանչի, Սորանի, Լորի) առանց անկախ պետութիւն կերտելու, դարեր շարունակ իւրացուցին ասորիներու եւ հայերու հողերը եւ այժմ պատմական քիւրդիստանը ներառեալ. բաւական ընդարձակ տարածքներու վրայ կը բնակին եւ որեւէ պատեհ առիթի կրնան մեծ քիւրդիստան մը կերտել, որովհետեւ համարեայ իրենք են միակ բնակիչները պատմական ասորեստանի (հիւսիսային Իրաք) հարաւային հայաստանի, Պարսկահայքի եւ շրջակայքի ընդարձակ հողերու։ Իսկ մենք հայերս հազիւ թէ վերատիրանանք կամ վերադառնանք եւ վերաբնակինք պատմական հայաստանի ինիսուն տոկոսը կազմող մեր պատմական հայրենիքը, որ այժմ կը գտնուի Իսլամական Իրանի հանրապետութեան եւ այսպէս կոչուած ^թուրքիոյ_, ^ազրբեջանի_ եւ Վրաստանի տարածքին։ Արցախի ազատամարտի աւարտէն տասն երկուտարի անցաւ տակաւին համազգային տարողութեամբ ներգաղթ մը չէ կազմակերպուած դէպի ազատագրեալ Արցախեան հողեր, որովհետեւ հայութեան մեծամասնութիւնը քաղաքի բնակիչ դառնալով՝ հողի հետ վարուելէ եւ հողէն օգուտներ քաղելու մշակոյթէն հեռացած է։ Հողագործը կամ մշակը հեշտ կը դառնայ բանուոր եւ քաղաքի բնակիչ, սակայն քաղաքի բնակիչը դիւրին չէ հողագործ դարձնել, չարքաշ կեանքի վարժեցնել։ Անապահովութեան պատճառով հայեր միշտ ձգտած են մեծ քաղաքներ տեղափոխուիլ։ Սովետական Հայաստանի ղեկավարութիւնը շրջանային աւաններու մէջ կառուցելով խոշոր գործարաններ փոքր եւ լեռնային գիւղերու բնակիչները բերաւ լեցուց այդ մեծ գիւղերու կամ աւաններու մէջ, որպէսզի հետագային հպարտանանք, որ շատ քաղաքներ ունինք կամ քաղաքատիպ աւաններ, իսկ Երեւանը մէկ միլիոն հասցնելու ճիգը ազգային արժանապատուութեան խնդիր դարձած էր անցեալին հազիւ երեք միլիոննոց հանրապետութեան համար, որպէսզի ոչ մէկ բանով չ՚զիջի հայոց մայրաքաղաքը Բագուին կամ Թիֆլիսին։ Այսպիսով հայաստանի խորհրդային հանրապետութեան մէջ Հայ գիւղաբնակներու թիւը պակսեցաւ, իսկ քաղաքաբնակներունը աւելցաւ։ վերոյիշեալ գիւղաբնակներն էին, որոնք պիտի վերաբնակէին Արցախի ազատագրեալ լեռներու եւ դաշտերու վրայ։ Նոյն քաղաքականութիւնը գործադրուեցաւ այսպէս կոչուած ^խորհրդային ազրբեջանի_ հանրապետութեան մէջ։ Պատմականօրէն հայկական եւ աղուանական տարածքներու բնակիչ հայեր. հողագործներ, գացին եւ շէնացուցին բագուն սումգայիթը լենքորանը եւայլ կասպեան քաղաքներ։ Այժմ անոնք՝ երեքհարիւր հիսուն հազար փախստական հայեր են, եւ կը նախընտրեն բնակիլ հայաստանի եւ ռուսիոյ մեծ քաղաքներու մէջ, քանզի շատոնց մոռցած են հողագործութեան արհեստը եւ գիւղատնտեսութիւնը ընդհանրապէս։

Նախճաւան (որ նաեւ կը կոչուի Նախիջեւան պատմահայր Մովսէս Խորենացիի առասպելի հետեւութեամբ).-նախ քան Յովսէփ ստալինի մեղադրումը, պահ մը յետադարձ ակնարկով մը նայինք պատմութեան, երբ Արաբները կ՚

Link to comment
Share on other sites

Նախճաւան (որ նաեւ կը կոչուի Նախիջեւան պատմահայր Մովսէս Խորենացիի առասպելի հետեւութեամբ).-նախ քան Յովսէփ ստալինի մեղադրումը, պահ մը յետադարձ ակնարկով մը նայինք պատմութեան, երբ Արաբները կ՚իշխէին այդ տարածքի որոշ մասերու վրայ բագրատունիներու թագաւորութեան ժամանակին, շրջապատուած Հայ իշխանապետութիւններով։ Սելջուկ թուրքերու ու թաթարներու արշաւանքները համատարած աւեր սփռելէ ետք դանդաղօրէն ինքզինք գտաւ շրջանի հայութիւնը՝ Գողթնի Ագուլիս քաղաքը, Ջուղհա (պարսկական հնչիւնով Ջուլֆա)։

Շահ աբասի պատճառած գաղթը պակսեցուց հայութեան տոկոսը այդ տարածքներուն մէջ, իսկ ռուսական գրաւումը չ՚օգնեց, որ հարաւային հայաստանէն արտագաղթողներ տարածուին նախապէս հայութեամբ բնակուած տարածքներու վրայ, եւ ամբողջովին հայացնէն Նախճաւան, Գողթն, Շարուր, Արարատեան դաշտը, եւ այլ դաշտային բարեբեր հողեր որ այդ ժամանակ թուրքերով եւ քուրդերով բնակուած էր։ Այստեղ Ի միջի այլոց ասենք, որ հայոց Ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներուն Ռուս պետութեան բացակայութեան պահին Արեւմտահայ վերապրողներ որոշ չափով հայացուցին Արագածի լանջերը, Արարատի դաշտը, Զանգեզուրի հովիտները։

Եզրակացնենք՝ Ռուսական գրաւումը չստեղծեց զուտ հայաբնակ նահանգներ չնայած հայեր միակ ժողովուրդն էին որոնք անկեղծօրէն աջակցեցան ռուսական գրաւման, եւ խոստացուած էր զուտ հայաբնակ նահանգ մը ստեղծելով ինքնավարութիւն տալ, որովհետեւ անոնք էին ամենաշատ տառապողը, պարսիկ թուրք գրաւումէ։ Արցախն ու Սիւնիքը (Զանգեզուր) միացուցին թրքաշատ Գանձակի նահանգին զայն անուանելով Ելիզավետպոլ նահանգ, այսպէսով Երեւանի նահանգի հայութիւնը բաժանուեցաւ անմիջական հարեւան Սիւնեաց եւ Արցախի հայութիւնէն։

Արեւելեան հայաստանէն թանկագին հողեր, պատմական նշանակութեան վայրեր, գաւառներ հայաթափուեցան հայ բնակչութիւնէ (կամ շատ նօսրացան), հետագային ամբողջովին դատարկուելու համար։ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Աբասի պակաս թողուցածը լրացուցին օսմաեան թուրքերը եւ տեղացի քուրդ-թուրք բնակիչները. ջարդելով բնիկ հայերը։ Ուրիշ խօսքով ինչ, որ էր թուրքը, օսմանցին, նոյնն էր պարսիկը, սակայն այժմ լաւ ենք պարսիկի հետ, այդպէս ալ մնանք, բայց գիտենանք, որ ներքոյիշեալ հողերը, որոնք կը գտնուին այժմեան Իրանի տարածքին հայապատկան են.-

Այրարատ նահանգէն Մասիասցոտն գաւառի հարաւային մասը։

Վասպուրական նահանգէն Արտազ (որտեղ կը գտնուի Մակու քաղաքը եւ Ս. Թադէոս առաքեալի վանքը), Ճուաշռոտ (Չորս), Մարդաստան, Աղանդռոտ, Անձախի ձոր (կոտոր), վարաժնունիք, գազրիկեան, Բաքրան (Մարանդ), Գաբիթեան (Կապուտան կամ Գաբիթեան կամ Ուրմիա լճի հիւսիս արեւելքը), Պարսպատունիք (Ղարադաղ) գաւառները։

Փայտակարան նահանգէն Ալեւան, Պիճան, Վարդանաակերտ, Քոեկան գաւառները։

Պարսկահայք (նոր Շիրական) նահանգէն Զարաւանդ, Հեր (Խոյ), Առնայ, Տամբեր (Սալմաստ), Այլի, Թրաբի (Ուրմիա), Մարի, Արասխ, գաւառները։

Վերոյիշեալ հայապատկան հողերը Իրանի այսպէս կոչուած, արեւելեան եւ արեւմտեան ազրբեջան նահանգներուն մէջ կը գտնուին։

Փաստօրէն իրանը, սեպի նման մխրճուած է պատմական հայաստանի սրտին մէջ։

Արցախեան պահանջատիրութեան 1988-1991 տարիներուն երբ հայեր զանգուածային գաղթերու ենթարկուեցան, Հայկ նահապետի օրերէն ի վեր Կամ նախամարդու ստեղծման օրէն ի վեր մեր նախահայրերով բնակուած վայրեր (Հիւսիսային Արցախ, Ուտիք, Աղուանք, Նախճաւան՚ Ջահուկ, Գողթն, Շարուր) դատարկուեցան բնիկ ժողովուրդէն։ Իսկ հայերու կողմէ կառուցուած եւ բնակուած Բագու, Սումգայիտ եւ պատմականօրէն հայերու կառուցած քաղաքներ հայաթափուեցան։

Ինքնաճանաչում. Հայ քաղաքական միտքը տասն իններրորդ դարու կէսերէն ի վեր դադրեցաւ հարաւային արեւելեան հայաստանը անուանել. Հայրենիք կամ Հայաստան անուններով։ բազմաթիւ քարտէսներ կը տպուին, որոնք կը ներկայացնեն մեր բռնագրաւուած հայրենիքը թուրքիոյ Վրաստանի եւ Ազրբեջանի կողմէ, իրանի պետութեան մաս կազմող հարաւային արեւելահայաստանը մաս չի կազմեր այդ քարտէսներու մէջ տեղ գտած բռնագրաւուած հայաստանին։

Ամերիկեան խորհրդարանը մերժեց Հայաստանի պաշտպանութիւնը մինչեւ սեւրի դաշնագրով ամրագրուած եւ նախագահ վիլսոնի սահմանած հայաստանը իրականութեան վեր ածուի։

Ոչ Ա.Մ.Ն. ոչ ալ այլ դաշնակից պետութիւն, որոնք ստորագրեցին սեւրի դաշանագիրը չ՚աշխատեցան իրականութեան դարձնելու այդ դաշնագիրը, իսկ մենք մեր հայրենիքը կը ճանչնանք խոստացուած եւ իրականութեան չ՚վերածուած դաշնագիրով մը սահմանուած քարտէսով, մոռնալով, որ պատմական մեր հայրենիքէն թանկագին հողեր Ծոփաց աշխարհէն Փոքր Հայքէն, Աղձնիքէն, Վասպուրականէն, Պարսկահայքէն չէ ներառնուած վիլսոնեան հայաստանի մէջ։ Հայերս ամրօրէն փարած ենք այդ սահմաններուն եւ մեր երեխաներուն կը սորվեցնենք թէ այս է մեր հողերը, փոխանակ պատմական հայաստանի բոլոր նահանգները ներկայացնելու. վայրեր, որտեղ հայ ազգը կազմաւորուած է եւ պատմութիւն կերտած։

18 Մարտ 1954։ Իրանի Ղարադաղ գաւառի մէջ Կ՚ապրին 3500 հայեր՝ ցրուած 11 գիւղերու մէջ։ Տգիտութեան եւ թշուառութեան մատնուած, մանաւանդ՝ ներգաղթին պատճառով։ Մթնելուն պէս անոնք կը քնանան, որովհետեւ քարիւղը կը ծախուի եռապատիկ արժէքով։ Երթեւեկը դժուար է մանաւանդ ձմեռը։ Երբեմն կառքով օրերով կը ճամբորդեն դէպի Ահար, իսկ անկէ ալ գիւղերը՝ ջորիներով։ Այրերը ձմեռը Թեհրան կ՚երթան աշխատելու, իսկ գարնան կը վերադառնան ցանքի համար։ Պարսիկ դրացիէն երբեմն լուծ մը եզ կ՚առնեն եւ իրենց աշխատանքին արդիւնքը կը բաժնեն։ ։

Այժմ այս գաւառին մէջ հայեր չեն ապրիր։

Այս յօդուածի գրութեան պատճառը, Հայաստանի մէջ տօնուող անդրկովկասի ռուսական գրաւման տարեդարձն է, որ ամէն տարի ուրախութեամբ կը տօնուի։

Link to comment
Share on other sites

Նախճաւան (որ նաեւ կը կոչուի Նախիջեւան պատմահայր Մովսէս Խորենացիի առասպելի հետեւութեամբ).-նախ քան Յովսէփ ստալինի մեղադրումը, պահ մը յետադարձ ակնարկով մը նայինք պատմութեան, երբ Արաբները կ՚իշխէին այդ տարածքի որոշ մասերու վրայ բագրատունիներու թագաւորութեան ժամանակին, շրջապատուած Հայ իշխանապետութիւններով։ Սելջուկ թուրքերու ու թաթարներու արշաւանքները համատարած աւեր սփռելէ ետք դանդաղօրէն ինքզինք գտաւ շրջանի հայութիւնը՝ Գողթնի Ագուլիս քաղաքը, Ջուղհա (պարսկական հնչիւնով Ջուլֆա

======

հիւսիս արեւելքը), Պարսպատունիք (Ղարադաղ) գաւառները։

====

Այժմ այս գաւառին մէջ հայեր չեն ապրիր։

Այս յօդուածի գրութեան պատճառը, Հայաստանի մէջ տօնուող անդրկովկասի ռուսական գրաւման տարեդարձն է, որ ամէն տարի ուրախութեամբ կը տօնու

Dear Ohan, it is curious that you chose to spell it as “nakhjavan/նախջաւանwithout the “I” in the middle.. See what I had written below, and please search the forum using “nakhjavan” as your keyword and see how many other times I have used the same spelling.. As stated below I still don’t know who or what “nakhj” was for which the avan was named, yet many of us get highly insulted when our detractors write the word without that ubiquitous “I”, as we take it as an insult to our “Christian” heritage, we should be grateful to those detractors for preserving the original spelling, as they have not have the likes of Khorenatsi to corrupt our native culture with that of the “chosen people“. :angry:. Note that I wrote christian in quotes to emphasize the fact that,according to some the region/state was named in honor of that drunken idiot sonofabitch Noah to mean “first descent”. Coming back to “christian” heritage. Can someone tell me when did that shun-shan-ordi Noah become christian!!

Read about Nakhj-Avan here;

http://hyeforum.com/index.php?showtopic=12...mp;hl=nakhjavan

Posted by Arpa on: Sep 4 2005, 06:51 PM 

Why was steve, Bellthecat silenced, i,e. banned from here?

From the correspondence available I gathered as much as that he had become personal with some. I may not have seen those posts but what I had seen of his had very litle to be censored.

As to Armenian culture in Nakhjavan, notice the way I spell it, without the "i" and "e", I will come back to that to refresh our memories. Nothing new, I have intimated before that that Armenian province, under Azeri control now, must be reclaimed. In fact, when the Artsakh saga began, we here in the Diaspora, who view Armenia from a geographically western perspective were hoping that Nakhjavan would have been our first priority. That may be another can of worms that we may discuss under another subject topic.Those SSO's! They have the gall to claim that Armenians are obliterating Azeri cultural landmarks. Next time we will republish the map as of 1900 i.e no Azerbaijan, whatever the hell it may mean. Forum

Link to comment
Share on other sites

Dear, the writings are ready to post what I wrote about some Armenian historical places names, but somehow I hesitated. However, I promise you...

Please explain and elaborate as to which loss we celebrate. I can think of a few but I would like your spin on it.

I admit, the eloquence of my letter was not enough. too short, eastern part of Armenia, or Armenia that was under the occupation of Persia split into two pieces, northern and southern, then we forgot the southern part as homeland, and denied to call it Hayastan. It was Armenia indeed. Official Armenia celebrates the Russian occupation of the Caucasus. Yes may we salvage from Persians and their Turkish (azeri khans) rulers, but occupation is occupation. I know well that Armenia has special relationship with Russia; it is best if we remind the Russians permanently, that Turks became beastly when Russia got near, and million times conquered the territory then drawn off. They did not conquer for our sake, or to reconstruct our kingdom, or to gather our nation. However, no more enemies. Armenia has excellent relationship with Iran, and I am happy for this.

Link to comment
Share on other sites

Նոյը իրաւ մեղք չ՚ունի, մի հայհոյեր անոր։ Գիտէ՞իր, որ երկրորդ Արարադ մը կայ, Հայաստանի հարաւը եւ որու մասին նոյն դրուագները կան։ Մասիսն իւր տեսքով աւելի արժանի էր, նոյեան տապանի հանգստավայրը ըլլալու։ Այս ինչ ջրհեղեղ էր, որ ծածկեց Տաւրոսեան լեռնաշղթան։

Օսմանեան ժառանգ՝ տագնապներ Կովկասէն Եւրոպա

Խորհրդային միութեան մահէն ետք, Եւրոպայի եւ կովկասի տարածքին ապրուած տագնապներն ու պատերազմները, երկար ժամանակ սառած վիճակի մէջ գտնուած խնդիրներ էին, որոնց արմատները պէտք է գտնել թուրք օսմանեան տիրապետութեան մէջ։ Համայնավար վարչակարգը զսպած էր ազգային կնճիռները։

Չեչենիոյ, Արցախի, Կոսովոյի, Բոսնիա Հերցեգովինայի, Մակեդոնիոյ եւ Կիպրոսի տագնապները Օսմանցիներու գործած անարդարութիւններու հետեւանք են։ Վերոյիշեալ ժողովուրդները տառապած են Օսմանեան տիրապետութեան շրջանին բազմաթիւ ջարդերով, դաւանափոխութիւնով, երբեմն դահիճ երբեմն զոհ դառնալով։ Այդ ժողովուրդներուն տառապանքը չ՚վերջացաւ Օսմանեան տիրապետութեան անկումով, վասնզի օսմանցիք թշնամութեան, ատելութեան սերմեր ցանած էին հպատակ ժողովուրդներու սրտերուն մէջ։

Բաժնէ զի տիրես քաղաքականութեամբ Սերբերը քշուեցան իրենց պապենական հողերէն եւ անոնց տեղ մահմեդական դարձած Առնաւուտներ (Ալբաններ) բնակեցուցին, Սերբ ազգէն ստուար հատուածներ մահմեդական դարձուցին (Բոշնակներ) եւ գաղութարար թուրքերու հետ միասին քրիստոնեայ մնացած Սերբերու եւ Մակեդոնեացիներու ջարդարարները դարձան, այնպէս ինչպէս բնիկ քիւրդստանէն (Զագրոսեան լեռներէն) եւ այժմեան հիսիսային Իրաքէն քրդական ցեղեր բերին Հայաստան, եւ հայ ժողովուրդի պատուհասը դարձուցին։

Ինչպէս, որ մենք հայերս միշտ կը յիշենք քուրդ ցեղերէն մեր կրած տառապանքը, կոտորածները, հալածանքները, նմանապէս Քրիստոնեայ Բալկանցիները, այսինքն Կաթոլիկ Խրուաթները, Ուղղափառ Սլաւները՝ Սերբերը, Բուլգարները, Մակեդոնացիները իրենց յիշողութեան մէջ պահեցին Օսմանեան տիրապետութեան ժամանակաշրջանէն մնացած տխուր պատումները, դրուագները, մանաւանդ երբ Սերբիայէն ընդարձակ տարածքներ բնակուած են օսմանցի դարձած (սերբերուն համար իսլամացած որեւէ բալկանցի. թուրք է) ժողովուրդներով, եւ երբ այդ ժողովուրդները անջատուիլ ուզեցին հարաւսլաւական կամ սերբական պետութիւնէն քսաներորդ դարու վերջին տասնամեակին. Բալկանեան յայտնի պատերազմները սկսան։ Աշխարհը թոյլ չ՚տուաւ, որ Սերբիան տիրէ Հարաւսլաւիոյ տարածքին։ Ամենայն դէպս. Պատերազմներու պատումը մեր գրութեան նպատակը չէ, այլ անոնց դրդապատճառները վերլուծումը։

Ալբանացիք եւ Բոսնիացիք, որոնք Բալկանեան առաջին պատերազմին խ9խձ –ին. հոծ թիւերով փախչեցան եւ եկան Անատոլիա (Հայկական Ցեղասպանութեան հիմնական պատճառներէն մէկն ալ այդ պատերազմին օսմանեան կայսրութեան պարտութիւնն էր), խ99ու-ական թուականներու պատերազմներուն ալ իրենց աչքերը յարեցին թուրքիա օգնութեան ակնկալիքով։ Անոնք Օսմանցիներու զոհն էին, թէեւ Բալկաններու մէջ սերբերու հանդէպ դահիճի կարգավիճակ ունեցած են, այնպէս ինչպէս քուրդերը հայոց դէմ դահիճ իսկ թուրք պետութեան առաջ զոհ դարձան, նմանապէս զոհ դարձան Ալբանացիները, Բոսնիացիները, որովհետեւ իրենց Ցեղային (եւրոպական) եւ հոգեւոր-մշակութային (Քրիստոնեայ) միջավայրէն արհեստական ձեւով անջատուեցան, եւ անջրպետ ստեղծուեցաւ նոյնանմնան կրօնական եւ մշակութային, եւ երբեմն ալ ազգային ակունքներ ունեցող ժողովուրդներու միջեւ։ Մահմեդական դարձած եւրոպացիները պարտադրուած դահճացան եւ իրենց դրացի ազգական ժողովուրդներու աչքին ատելի եւ անցանկալի տարր նկատուեցան, հետեւաբար վրէժխնդրական արարքներու ենթարկուելով զոհ դարձան։

Անոնք՝ Բալկանցի մահմեդականները (Առնաւուտները, Բոսնիացիները) եւ Քիւրդերը Մեծցած են եւ տարածուած, բազմացած են եւ աճեցած Օսմանեան կայսրութեան Քրիստոնեայ հպատակ ժողովուրդներու հաշուին, այդուհանդերձ ապստամբի կարգավիճակին մէջ յայտնուած են երբեմնի իրենց հովանաւոր պետութեան՝ օսմանեան բռնապետութեան դէմ։ Ալբանացիք այդպիսով անկախութեան տիրացան։

Ինչ՞ու Չեչեն ազգը անհաշտ պայքարի մէջ է Ռուսիոյ դէմ աւելի քան երկու դար, ինչու տասն իններրորդ դարուն Չերքեզներներ, Չեչեններ եւ այլ կովկասեան լեռնցիներ երկարատեւ պայքարէ ետք յոգնած եւ պարտուած գաղթեցին Օսմանեան երկրներ՝ Արեւմտեան հայաստան, Սուրիա եւ Յորդանան, հետագային գործօն մասնակցութիւն ունենալու համար Անապատին մէջ հիւծած գաղթական Հայ կիներն ու երեխաները կոտորելու գործին մէջ։ Ինչ՞ու անոնք չ՚մնացին իրենց հայրենի լեռներու տարածքին եւ յետոյ այս ինչ ատելութիւն է հայ ժողովուրդի հանդէպ, որ մեծաթիւ Չեչեններ մասնակցեցան Հայկական Ցեղասպանութեան։ Հայ ժողովուրդը ի՞նչ վնաս տուած էր Չեչեններուն։

Չեչենները ինգուշներու ցեղակից, բնիկ կովկասեան ժողովուրդ են, Չերքեզներու նման Օսմանցիներու դէմ երկարատեւ կռիւներ մղած են իրենց ազգային եւ Քրիստոնեայ դիմագիծը պահպանելու համար, ի վերջոյ յանձնուած են եւ մահմեդականացած։

Երբ տասնութերորդ դարու վէրջաւորութեան Ռուսական կայսրութիւնը սկսաւ նուաճել Կովկասեան երկիրներ, իր առջեւ գտաւ Դաղստանցիներու (Աւարներ) Չերքեզներու եւ չեչեներու անկոտրում եւ արիւնալի դիմադրութիւնը, շէխ շամիլի գլխաւորութեամբ։ Տեղացիները պարտուեցան եւ նախընտրեցին հեռանալ հայրենի լեռներէն եւ ապաստանիլ նախկին դահիճներու՝ Օսմանեան կայսրութեան մօտ։ Անոնք եկան եւ իրենց հետ բերին սրտերնուն մէջ անթեղուած ատելավառ զգացումներ ռուսի, քրիստոնեայի հանդէպ, հետեւաբար ռուսի ենթադրեալ դաշնակից (ըստ օսմանցիներու տեսութեան) Հայի հանդէպ, այդ զգացումները իրականութեան վերածուեցան խճ9փ-96 եւ խ9խռ Ցեղասպանութեան տարիներուն։

Չեչեններ իրենք զիրենք Նախճո կը կոչեն, հայ մատենագիրները յիշատակած են, որ Հայոց Արքաները յաղթական պատերազմներէ ետք, կովկասեան ցեղեր բերած եւ բնակեցուցած են Արաքսի ափին, Մովսէս Խորենացի պատմահայրը քրիստոնէական պատումներուն հետեւելով կ՚եզրակացնէ, որ Արաքսի ափին գտնուող Նախճաւան քաղաքը Նախիջեւան անուան աղաւաղուած ձեւն է, իբր Նոյ Նահապետի առաջին իջեւանը Տապանէն ելլելէ ետք։ Բոլոր մատենագիրները այդ քաղաքը կոչած են Նախճաւան, այսինքն Նախճ ժողովուրդի աւանը։ Մովսէս Խորենացի պատմահայրը, հայ ժողովուրդը Աւետարանին մօտեցնելու նպատակով հնարած է կարգ մը հակագիտական առասպելներ, զոր օրինակ Հայ ցեղի ծագումը կապելով Հայր Աբրահամի, Արարատ Լերան աշխարհագրութիւնը հարաւէն՝ Մարդին քաղաքի մօտակայքէն տեղափոխելով հիւսիս եւ Մասիս լերան վերագրելով եւայլն։ Նախճաւան անունով քաղաքներ եւ գիւղեր գտնուած են պատմական Հայաստանի Պարսկահայք նահանգի մէջ, Սիւնիքի Քաշունիք գաւառի, Այրարատ նահանգի վանանդ գաւառի մէջ եւ այլուր։

Կար ժամանակ՝ երբ կրօնները չէին բաժնէր շրջանի ժողովուրդները, տիկին Սաթենիկի ազգականները ատենը մէկ չարութիւն կ՚ընէին, Արտաշն ու Արշակը կ՚երթային անոնց քով լաւ մը կը ծեծէին, երբեմն ալ չվստահելով ծեծի դաստիարակիչ ազդեցութեանը կը բերէին իրենց աչքի առաջ՝ Արազի ափը, որ միշտ հնազանդ մնան։

Աղուանական ժողովուրդը քսան վեց ցեղէ կազմեալ էր, այդ պատճառով ալ հեշտ հայացան։ Ռուսիոյ Դաղստան նահանգի մէջ ցեղ մը կայ, որ Ագուլ կը կոչուի։ Ագուլիսը որ կոչուած է եւ Ագուլիք կը նշանակէ ագուլներ։ Ագուլեցիք իրենք իրենց զոկ անուանած են։ Նոյնն է Բասեանք, Սանասունք եւայլն եւայլն։ Այս տողերը ընթերցող ազեր կոչուող ոռնոցները թող չի ուրախանան, յայտնագործելով թէ՝ Նախճաւանի բնիկները չեչեններ ու դաղստանցիներ են։ Երկու հազար հինգ հարիւր տարի առաջ. առաջին քսան ընտանիքը այո, եկան եւ բնակեցան Հայոց մէջ, այդ պատճառաւ զանազանելու համար ուրիշներէն հայերը անոնց բնակած վայրը կոչեցին Նախճաւան, սակայն յաջորդող երկու հազար հինգհարիւր տարիներու ընթացքին հայեր բնակեցան այնտեղ եւ հայացան բոլորը։

Նոր կրօնը ընդունած ժողովուրդի մէջ քրիստոնէական հաւատքը զօրացնելու համար, պէտք էր այսպիսի դրուագներ։ Չեմ գիտեր օտարազգիք երբ մեզնէ կ՚ունկնդրեն այսպիսի սնափառ պատումներ, իրենց մտքի մէջ կը ծաղրեն մեզ թէ ոչ։ Հին կտակարանի, այլ խօսքով հրէից Ս. գիրքի պատումները՝ աշխարհի արարումը, ջրհեղեղը եւայլն հին Քանանական, Բաբելական, Սումերական (Գիլգամէշ) աւանդազրոյցներէն ներշնչուած են։

Կովկասեան ազգերէն մէկն ալ Օսերն են, անոնք պատմութեան մէջ արձանագրուած Ալան անունով ժողովուրդի յետնորդներն են։ Ալանները իմա՝ օսերը քրիստոնեայ մնացին եւ այժմ Ռուս պետութեան սահմաններուն մէջ ինքնավար կարգավիճակ ունին։

Պահ մը պատկերացնենք, որ Օսմանցիներ երբեք յայտնուած չ՚ըլլային Երոպայի եւ Կովկասի տարածքին, եւ այդ տարածքներու ժողովուրդները եւ պետութիւնները մնային իրենց Բիւզանդական Քրիստոնէական աւանդներու շրջանակին մէջ, այնժամ հազիւ թէ այսքան պատերազմներ տեղի ունենային, հազիւ թէ այսքան անմեղ մարդոց արիւն թափեր։ Օսեթիոյ Բեսլան քաղաքի երեխաներու սպանդի դէպքը. թարմ օրինակ մ՚է։

Խաղաղութիւն բոլորին. ողջերուն եւ մեռեալներուն

Յովհաննէս

I am ashamed to admit that altough I could read what you wrote above my Armenian vocabulary is so poor that I cannot really understand it. What do you recommend for this Yerevan born to do who has been in America for so long to improve his Armenian.

Link to comment
Share on other sites

Dear Ohan, it is curious that you chose to spell it as “nakhjavan/նախջաւանwithout the “I” in the middle.. See what I had written below, and please search the forum using “nakhjavan” as your keyword and see how many other times I have used the same spelling.. As stated below I still don’t know who or what “nakhj” was for which the avan was named, yet many of us get highly insulted when our detractors write the word without that ubiquitous “I”, as we take it as an insult to our “Christian” heritage, we should be grateful to those detractors for preserving the original spelling, as they have not have the likes of Khorenatsi to corrupt our native culture with that of the “chosen people“. :angry:. Note that I wrote christian in quotes to emphasize the fact that,according to some the region/state was named in honor of that drunken idiot sonofabitch Noah to mean “first descent”. Coming back to “christian” heritage. Can someone tell me when did that shun-shan-ordi Noah become christian!!

Read about Nakhj-Avan here;

http://hyeforum.com/index.php?showtopic=12...mp;hl=nakhjavan

Posted by Arpa on: Sep 4 2005, 06:51 PM 

You're way off dude, corruption suggest a prior recorded use. I'd more than welcome a pre-Khorenatsi Armenian work for 'Nakhjevan.'

Link to comment
Share on other sites

You're way off dude, corruption suggest a prior recorded use. I'd more than welcome a pre-Khorenatsi Armenian work for 'Nakhjevan.'

Dear QB.

Am I assuming that you subscribe to that f***** fable of Noah?

You need to read Armenia history beyond that “most shameful era” of the Big G.

I am assuming that you are our own invincibly intrepid anti-denialist Fad…

Me? I am the house shatakhos, no one listens to me anymore. But you? You still have the credence.. You still enjoy the adulance of our readership for being our first class anti-denialist.

It hurts me to say this, but I must suggest that you be demoted.

If you believe that our Homeland was shaped by that marqunats idiot Noah who, according to some coined Yerevan when he exclaimed “yerevats”, and if you still believe that there really was a Noah and a Flood then I have a “slightly used bridge over the Hudson” to sell you . I am with you, also believ in Santa Claus and the Tooth Fairy. If yourknowledge of Armenian history and culture is limited to our most shameful era of the Genocide, ignoring our 5000 years, and limiting it to the likes of Khorenatsi whose main purpose was to align our history with those of the “chosen people”, hece impart legitimacy, and that NAKHJ-AVAN ** was rewritten as the “first descent//nakh-ijevan”, that marqunats Noah, whoever he may be.

If you still believe in those fables, then I move that you be demoted as our intrepid “anti-denialist”.

And, if you still insist that our history began after we got to know that "book of lies" then I'll tell you a bigger lie that we we did not exist before the Turk invaded our land and declared that there may have been an "extinct tribe" known as Ermeni. Yeh! Right! keep on tying our existence to that f***** drunken idiot Noah!!!

** No one else uses “avan” to mean town but we.

Link to comment
Share on other sites

I am answering with this login because I lost again my other password.

Arpa. I don't believe in Noah, and I think the supposition that I believe in such fable as an insult.

That was not my point, my point was that as far as I am aware of, we don't know of any writtings predating Khorenatsi which name the place in any transliteration form for 'Nakhichevan'.

You might be right about the 'i', but I need written evidence about it, since the only conclusion from the materials I have is that the version without the 'i' is the production of the arabic script transliteration which drop 'short' voyels. It true that the 'avan' theory does exist, a major Armenologist has supported this thesis, but we still don't have written evidences.

You need to learn to read between the lines.

Khorenatsi is the product of the 5th century. He only collected our oral history as handed dwon by our "biblicized folk" Yet, with all due respects to Khorenatsi, our "father of histriography" we seem to forget HIS depiction ot our pre-Christian history of Haik, Aramazrt, Abahit, and Asrtgik.

Yes, yes. we are Chririans now. But how can we frgoet our pre-Bagratuni-f****atuni--Jew-Christian history?

Edited by Arpa

but we still don't have written evidences.

Then, come out and say so, instead of asserting that Naqkh-j-avan is named for that drunken idiot Noah's "first landing/nakh-ij-e-van."

Edited by Arpa
Link to comment
Share on other sites

You need to learn to read between the lines.

Khorenatsi is the product of the 5th century. He only collected our oral history as handed dwon by our "biblicized folk" Yet, with all due respects to Khorenatsi, our "father of histriography" we seem to forget HIS depiction ot our pre-Christian history of Haik, Aramazrt, Abahit, and Asrtgik.

Yes, yes. we are Chririans now. But how can we frgoet our pre-Bagratuni-f****atuni--Jew-Christian history?

Actually even though a certain Movses Khorenatsi existed in the 5th century most of that book was composed in the 8th century.

Link to comment
Share on other sites

Մտորումներ՝ մնայուն վիշտերու մասին

Երբ Հայերս կը խօսինք հայկական ջարդերու մասին ինքնաբերաբար կը մտաբերենք Մեծ Եղեռնը (հայոց ցեղասպանութիւնը), յաճախ մոռնալով, եղեռնը նախորդող եւ յաջորդող մեծ եւ փոքր կոտորածները։ Արդարեւ Հայոց Ցեղասպանութեան (Մեծ եղեռն, Մեծ աղետ) ահաւոր դարձնող եւ մնացեալ ջարդերէն զանազանողը հողային կորուստն է, կամ պատմական Հայաստանի ընդարձակ տարածութիւններու վրայ Հայ տարրի, որպէս հայ գոյատեւման դադրեցումը։ Եթէ բոլշեվիկեան յեղափոխութիւն չլիներ եւ հայերը կարենային ամբողջական հայաստանի տէր կանգնիլ, Սեւրի դաշնագրի գործադրումով, հաւանաբար այս տարողութեամբ չյիշուէր Հայոց ցեղասպանութիւնը, մասամբ վրէժ լուծելով եւ մասամբ վերարտադրելով նոր սերունդներ. հայրենի արեւմտահայ հողի վրայ։ Գաղթականութեան բերած տխուր պատկերը եւ օտար երկիրներու մէջ ուծանելու երեւոյթը միշտ կը յիշեցնեն գիտակից հայութեան, որ ինք այս վիճակին մատնուած է Ցեղասպանութեան պատճառով։ Գաղթը, հայրենազրկումը, բնական միջավայրի մէջ աճելու զարգանալու հնարաւորութիւնէ զուրկ դարձուց հայութիւնը, նահանջելով ազգային մշակութային բարոյական աւանդներէ։ Մինչ այդ նոյնքան կարեւոր է շեշտադրումը մեծ եղեռնը նախորդող դէպքերուն, որոնք հայոց ցեղասպանութիւնը դիւրացնող եւ դաժան դարձնող ազդակներ եղան։

Մ.Ա.Կ.-ի կողմէ 1948-Ի դեկտեմբերի 9-ին ընդունուած Ցեղասպանութեան հռչակագիրի երկրորդ յօդուածին մէջ այդ մեծագոյն յանցագործութիւնը կը սահմանուի հետեւեալ կերպով «ներկայ հռչակագրի մէջ ցեղասպանութիւն կը նշանակէ հետեւեալ գործողութիւններէն որեւէ մէկը՝ կատարուած ազգային, ցեղային կամ կրօնական խումբի մը հանդէպ, մասնակիօրէն կամ ամբողջովին ոչնչացնելու մտադրութեամբ».

ա-Խումբի անդամները սպաննելը,

բ-Խումբի անդամներուն լուրջ մարմնական կամ հոգեկան վնաս հասնցնելը։

գ-Խումբի համար կանխամտածուած կերպով կեանքի այնպիսի պայմաններու ստեղծումը, որոնք պիտի յանգեցնեն անոր ոչնչացումին՝ ամբողջովին կամ մասնակիօրէն,

դ-Խումբէն ներս ծնունդներու կանխումին ուղղուած միջոցառումներու պարտադրում,

Հայաստանի գրաւումը տարբեր թագաւորութիւններու կողմէ եւ բնակեցումը օտար ցեղերով, Ցեղասպանութիւն չ՞է։ Մինչ բնիկ հայեր. բարեբեր պապենական հողերու վրայ պիտի աճէին, զարգանային։ Օտար թագաւորութիւններու կողմէ օտար կրօններու եւ լեզուներու պարտադրումը Ցեղասպանութիւն չէ՞։ Հազարաւոր տարիներ, որպէս հայ ապրած ընտանիքներ դարձան օտարազգի եւ այլակրօն։ Գաղթը դէպի ապահով երկիրներ, ցեղասպանութիւն չէ՞, մինչ հայեր ապահով կ՚ապրէին հայրենի բնօրրանի մէջ, ստիպուած գաղթեցին, օտար նուաճողներու բռնութիւններու պատճառաւ։ Հետագային արտագաղթուղ հայեր ձուլուեցան օտար միջավայրի մէջ, այսպիսով կորսուեցաւ ժողովուրդ եւ թէ այդ ժողովուրդի դատարկ թողած հողը, գաւառները, հայրենիքը։

Հայաստանը, այսինքն հայոց պատմական հայրենիքը, աւելի քան հազար տարի ենթարկուեցաւ վերոյիշեալ ցեղասպանական քաղաքականութեան, ինչ որ արագացուց կամ օգնեց մեծ եղեռնի իրականացմանը, ուրեմն տասն իններորդ դարի վէրջաւորութեան եւ քսաներրորդ դարի սկիզբին յատուկ պարագայ մը չէ Հայկական հարցը կամ հայ դատը, սակայն մենք այդ ժամանակամիջոցին եւ թուրքիոյ կը կապենք մեր դատը եւ պահանջատիրութիւնը, որովհետեւ Ցեղասպանութեան հետ անմիջական կապ ունի հողը հայրենիքը, այսինքն մեր հայրենազրկումը։ Վէրջին եւ ամենաուժեղ հարուածը ստացանք օսմանեան կայսրութիւնէն։

Պահպանողական հայեր պիտի առարկեն, որ հերիք է մեզի համար այժմեան Հայաստանի հանրապետութիւնը Արցախով հանդերձ, գլխացաւանքի պէտք չունինք, կամ. ո՞վ պիտի վերադառնայ պատմական հայրենիք եթէ իր տիրոջ վերադարձուի։ Ուրիշներ, ժամանակավրէպ պիտի համարեն հայրենասիրական սա հին երգի առաջին տողը.-«Ա՜խ հայրենիք, երբ պիտի տեսնեմ քեզ ազատ»։ Հերիք է այսօրուայ հայաստանը եւ Արցախը, կամ այսօր այս սահմաններով բաւարարուինք, բայց...սա հարցը պէտք է ուղուի բոլորիս. Ի՞նչ է հայրենիքը... որեւէ վայր, որտեղ հայեր համախումբ կ՚ապր՞ին թէ որոշակի տարածք մը, իր մէջ բնակող որոշակի ժողովուրդով եւ այդ ժողովուրդի ստեղծած իւրայատուկ մշակոյթով։ Մարմնապէս եւ հոգեպէս Հայ ժողովուրդը կազմաւորուած է այժմ արեւմտեան հայաստան անունով ճանչցուած պատմական հայաստանի տարածքին մէջ։ Եթէ մեր արմատները ամբողջական հայաստանէն է, ճանչնանք մեր պատմական հայրենիքը եւ ուրախանանք այժմեան Հայաստանի Հանրապետութեամբ։

Արդի հայաստանի հանրապետութիւնը որքան ալ սիրելի ըլլայ մեզի, որքան ալ բնակուած ըլլայ պատմական հայրենիքի զաւակներով, երբեք չի փոխարիներ Եփրատի, Տիգրիսի, Արածանիի հովիտներու հայաստանը եւ անոր մշակոյթը։ Վայրը եւ բնութիւնը կը բնորոշեն երկրի մը մշակոյթը։ Երբ Մեղրին. Լաչինի միջանցքով փոխարինել կ՚ուզեն կայսերական պետութիւններու ռազմավարներ, մենք կ՚ընդվզինք յայտարարելով, որ հայկական հողը հայկական հողով չենք փոխանակեր, իսկ մեզմէ շատեր, դժբախտաբար, յոգնած ըլլալով՝ հայի ճակատագրով, տխուր պատմութեամբ, իրենք իրենց սրտերուն մէջ հաշտուած են արեւմտեան Հայաստանի կորստով։ Իսկ հարաւային արեւելեան եւ կեդրոնական հայաստանը կազմող եւ հիմա Իրանի պետութեան մաս կազմող հայրենիքի (Խոյ, Մակու, Սալմաստ, Ղարադաղ) պահանջատիրութեան մասին խօսք բացող իսկ չ՚կայ։ Նախքան առաջին աշխարհամարտը, կովկասցի հայեր, կամ այժմեան հայաստանի մէջ բնակող հայեր եւ ռուսաստանցի հայեր, երբ Հայաստան կ՚ըսէին կը հասկանային արեւմտեան հայաստանը, երբ հայաստանցի կ՚ըսէին կը հասկնային արեւմտահայ գաղթականները։ Ուրատու, Հայասա նախահայկական պետութիւնները կազմուած են այդ տեղ, Տարօնը կը կոչուէր Հայոց Տուն, Հայոց Արշակունի թագաւորները, հայրապետները կը թաղուէին այդտեղ, այսինքն կորսուած հայաստանները՝ պատմական հայրենիքի նահանգները, անփոխարինելի են՝ պատմական, տնտեսական, մշակութային եւ ազգային նշանակութեամբ, եթէ այսօր անոնք մերը ըլլային այն ժամանակ թերեւս շատեր պիտի իմանային կորուստի մեծութիւնը։ Մեր բոլորի սիրելի Հայաստանի հանրապետութեան նման տաս հատ հայաստաններ կորսնցուցած ենք, որոնք եթէ չ՚կորսնցնէինք այժմ մեր հայրենիքը ամէն ինչով. մշակոյթով, նիւթական հարստութեամբ, բնակչութեամբ աւելի հարուստ պիտի ըլլար։ Ներկայ Հայաստանի հանդէպ մեր տածած սէրը անկեղծ համարել կարելի չէ, եթէ նոյն սիրով եւ կարօտով համակուած չենք պատմական եւ բռնագրաւուած հայաստանի հանդէպ։

անհատոյց կորուստ մ՚է եւ Հայ մարդու արժանապատուութեան ոտնակոխումը, ոչխարի նման մորթուելով սպաննուիլը, բռնաբարուելով փճացումը։ Հարիւր հազարաւոր հայ կիներ բռնաբարուեցան. իրենց ընտանիքները եւ երեխաները ջարդողներու կողմէ։ Անոնք դժոխային տառապանքներով ապրեցան մինչեւ իրենց կեանքի վէրջը։ Արժանապատուութեան ինչ մակարդակ ունենալու է այսօրուայ անհատ հայը, որ այդ դէպքերը անցեալի կը վերագրէ եւ նոր էջ բանալ կ՚ուզէ մեր թշնամիին հետ այս տեսակի հայերով մենք Ի՞նչպէս մեր դատը առաջ պիտի տանինք։

Ցեղասպանութեամբ հայ ժողովուրդի բնականոն զարգացման ընթացքը դադրեցաւ, եթէ այդպէս չ՚ըլլար այսօր մենք պիտի ունենայինք մեր հողերու վրայ բնակողներու քանակը ունեցող ժողովուրդներու թիւը, ուրեմն կորուստը ոչ թէ մէկ ու կէս միլիոն է այլ քսան հինգ-երեսուն միլիոն. այսօրուայ չափանիշներով։ Պապենական հողի վրայ, հայ գիւղերու ու գաւառներու մէջ հայը բազմազաւակ էր. կենսատարածքի գոյութեան շնորհիւ եւ հողամշակման կարիքներու պատճառաւ, հայրենի գաւառները, գիւղերն ու քաղաքները միասին, հայապահպանութեան օրրաններ էին։ Կարելի չէ հայկականութիւն պահպանել. հայաբնակ քաղաքի մը մէջ հարեւան հայաբնակ գիւղերու բացակայութեամբ։ Այժմ արեւմտահայութեան մնացորդացը խոշոր քաղաքներու մէջ կը բնակի եւ տարուէ տարի կը հեռանայ իր արմատներէն։ Հայի մշակոյթը լեզուն իր բնօրրանին մէջ ազատ էր օտար ազդեցութիւններէ։ Այսօր եթէ մերը ըլլային այդ հողերը իրենց բնիկ ժողովուրդով հանդերձ, համաշխարհայնացման վատ ազդեցութիւններէն վախենալու պէտք պիտի չի զգայինք։

Եթէ առաջին համաշխարհային պատերազմին հայեր զանգուածաբար չի սպաննուէին եւ միայն արտաքսուէին իրենց բնօրրանէն, նոյնքան պիտի ողբայինք ինչ այսօր, որովհետեւ հայի տեսակը, հայի գոյնն ու իւրայատկութիւնը հայերէն լեզուի իւրայատուկ շեշտն ու հնչիւնը, հայի բնաւորութիւնը, հայի արիւնը բաղադրող ծիները, հայի կենցաղն ու հոգեկերտուածքը, հայի հոգեկան ներաշխարհը կ՚աղաւաղուի ամէն օր ամէն վայրկեան եւ մենք ընդհանրապէս չենք զգար։ Սպիտակ ցեղասպանութիւնն է որ կը գործէ։ Այժմ օտար մշակոյթներու մայրքաղաքներու մայթերուն վրայ հետզհետէ աշխարհաքաղաքացի կը դառնանք եւ մենքզմեզ մխիթարելու համար կը յայտարարենք, որ վերածնուած է հայութիւնը, վերածնուած է հայաստանը։ Ուրեմն երբ այսքան այժմէական խնդիր է Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս մոռնալ եւ ներել մեզի այսքան նիւթական, հոգեկան եւ բարոյական վնաս հասցնող ժողովուրդներուն եւ պետութիւններուն։ Մենք չարաչար պարտուած ենք եւ մեր պարտութիւնը սկսած է այն օրէն. երբ մեր պետականութիւնը կորսնցուցինք Անիի Վանի եւ Սիսի մէջ։ Ինքնախաբէութեան պատճառով մենք հասած են այսօրուայ սահմաններուն եւ քանակին։ վէրջ տանք ինքնախաբէութեան եւ դէպքերն ու դէմքերը կոչենք իրենց իսկական անուններով. հայրենիքի եւ ազգի սիրոյն։ Եթէ ամէն ինչ իր մերկութեամբ չ՚տեսնանք, ախտաճանաչում չենք կրնար կատարել յետեւաբար պատմութիւնէն դասեր չենք կրնար քաղել։ Ի՞նչ վերածունդի մասին է խօսքը, երբ հազարաւոր տարիներու ընթացքին կազմաւորուած հազարաւոր գիւղեր կործանեցան։ Այսօր երբ պետութիւն ենք եւ աշխարհով սփռուած հարուստ ժողովուրդ, մի քանի տասնեակ գիւղ հիմնադրելու կը դժուարանանք Արցախի ազատագրուած տարածքներու մէջ։

Գիւղն է հայրենիք, մշակոյթ եւ սահման պահողը։ Գերդաստաններ կան, որոնցմէ ազատողներ չեղան, եւ անոնց փոխարէն մեր թշնամիները աճեցան զոհերու ընտանիքներու աղջիկ զաւակները հարսնացնելով իրենց արու զաւակներուն։ Մեզ կոտորողները աճեցան մեր դատարկ թողած արտերը, տուները եւ տնտեսական կառոյցները շահագործելով։ Առեւանգուած եւ բռնի տաճկացած աղջիկներու միջոցաւ մեր արիւնը եւ մշակութային արժէքները փոխանցուեցան ծլարձակող թուրք եւ քիւրդ եւ դեռ չեմ գիտեր ինչ ազգի զաւակներուն։ Ըսենք թէ հայուհի մը իր հօր տան մէջ գորգագործութեամբ եւ ասեղնագործութեամբ կը զբաղէր, երբ արեւանգուեցաւ եւ ամուսնացաւ թուրքի մը հետ, ան նոյն մոթիւներով նոյն գորգերը եւ ասեղնագործութիւնը շարունակեց գործել թուրքի տան մէջ, բայց այս անգամ աշխարհը ճաչցաւ այդ արուեստը որպէս թրքական։ Այսօր հայադէմ բազմաթիւ թուրքեր եւ այլ ազգի զաւակներ կան։ Ի՞նչ վերածնունդի մասին է խօսքը երբ նախքան առաջին աշխարհամարտը օսմանեան պետութեան մէջ քուրդերու թուաքանակը կը գնահատուէր մէկ ու կէս միլիոնով իսկ հայոց թուաքանակը երկուքուկէս միլիոնով, իսկ այժմ օսմանեան կայսրութեան հայերէ սերողները քանի՞ միլիոն են. երեք թ՞է չորս, մինչ օսմանեան կայսրութեան քաղաքացի քիւրդերէ սերողները այժմեան Իրաքի, Սուրիոյ եւ թուրքիա կոչուող բռնապետութեան մէջ բնակող քիւրդերը կը գնահատուին քսանհինգ միլիոնով։

Ցեղասպանութեան ճանաչման համար մղուած պայքարը պէտք է շարունակել հայրենիքի համար մղուելիք պայքարով ապա թէ ոչ, Ի՞նչ իմաստ ունի բոլորիս համար. ցեղասպանութեան ճանաչումը առանձին։ Ցեղասպանութեան ճանաչումը եթէ պիտի չի յանգի հողային պահանջի, հայրենիք վերադարձի պահանջի եւ այդ պատմական հողի վրայ պետութիւն կազմելու իրաւունքի պահանջի, ամուլ է եւ անօգուտ, քանզի հայ ժողովուրդը ոչինչ պիտի շահի արար աշխարհին յայտարարելով, որ մենք ոչխարի նման մորթուած ազգ ենք, մեր երեխաները տաճկացուցած են եւայլն։ Արժանապատիւ չէ ցեղասպանուած ժողովուրդի մը զաւակը ըլլալը։ Եթէ օր մը թուրք պետութիւնը յայտարարէ, «ներողութիւն կը խնդրեմ հայ ժողովուրդէն՝ առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին գործադրածս ցեղասպանութեան համար, իսկ այժմ եկեք հաշտուինք», անձնապէս ես չեմ ներեր, որովհետեւ այս ներողութիւնը ինձ պիտի չի վերադարձնէ անյայտ ճակատագրի ենթարկուած մեծ հօրս ընտանիքը, տունը, հողը կորուսած երջանկութիւնն ու խաղաղ կեանքը, այդ ճանաչումը ինծի պիտի չի վերադարձնէ այն ազգականներս, որոնք պիտի ծնէին բայց չ՚ծնան։ Շատեր պիտի առարկեն ըսելով, որ այդ ճանաչումը համակրանք եւ քաղաքական կշիռ պիտի տ

Link to comment
Share on other sites

Շատեր պիտի առարկեն ըսելով, որ այդ ճանաչումը համակրանք եւ քաղաքական կշիռ պիտի տայ հայ ժողովուրդին եւ հայ պետութեան։ Միշտ պատրաստ ենք գործիք դառնալու կայսերական պետութիւններու արտաքին քաղաքականութեան մէջ, նախապէս բարենորոգումներու համար պայքարեցանք իսկ այժմ Ցեղասպանութեան ճանաչման համար։ Որքան միամիտ պէտք է ըլլալ, տակաւին հաւատալու համար արդարութեան։ Ցեղասպանութիւնը ճանչցուած է վաղուց եւ որպէս հատուցում կամ արդարութիւն մեզի տրուած է Սեւրի դաշնագրի սահմաններով հայաստան, սակայն մենք չ՚կարողացանք այդ դաշնագիրը իրականութեան վերածել, որովհետեւ բաւարար մարդ եւ ուժ չ՚ունէինք այդ պահին, իսկ այժմ ուն՞ինք բաւարար մարդ եւ ուժ։ Արդարութիւն թէ դաշնագիր. սուրի ծայրն են, բայց միայն հայկական սուրի։ Գոյութիւն ունեցող սեւրի դաշնագիրը իրականութեան չ՚կարողացանք վերածել, իսկ քեմալականներու. ռազմի ասպարէզի վրայ կերտած յաղթանակները վերածուեցան Լոզանի դաշնագրի։

Արդիօք հայերը իրենց սուրերը պարզ՞ած են, Հայ դատի հետապնդման համար։ Որեւէ հաստատութիւն հարցախոյզ կազմակերպ՞ած է Հայ դատի հետապնդման գործի մէջ սփիւռքի գաղութներու եւ Հայաստանի հանրապետութեան բնակիչ հայ ժողովուրդի պայքարի տրամադրութիւնը շօշափելու համար։ Համարձակութիւնը ունենանք, պարզ աչքերով տեսանելի սա երեւոյթը քննելու. Հայ ժողովուրդի մեծամասնութիւնը չի ապրիր հայ դատով, հայոց պատմութեան եւ կորսուած իրաւունքներու մասին անտեղեակութիւնը համատարած է։ Ծէս եւ յարգանքի պահ մը նահատակներուն. ոչ աւելին։ Լաւ կ՚ըլլար Ցեղասպանութեան ճանաչումը սկսիլ. Հայ ժողովուրդէն։ Եթէ Խանութպան մը չի գիտեր իր խանութի մէջ տեղադրուած ապրանքներուն արժէքը, չի գիտնար իր կորուստը, երբ խանութը կողոպուտի կ՚ենթարկուի։ Ամէն հայ գիտէ, որ թուրքը հայ ջարդած է։ Կորուստի մեծութիւնը հասկանալու համար պէտք է լաւ իմանալ հայոց պատմութիւնը, հայրենիքի աշխարհագրութիւնը, մշակոյթը, հոգեւոր եւ նիւթական հարստութիւնները, կորուստի մեծութիւնը հասկնալու համար պէտք է ունենալ զօրաւոր երեւակայութիւն՝ պատկերացնելու համար այդ ամէնի անհետացումը բռնագաղթերով, ջարդերով, Ցեղասպանութեամբ ամբողջ տասը դարերու ընթացքին։ Կորուստի մեծութիւնը հասկանալու համար, պէտք է մարդկային արժանապատուութիւն ունենալ։ Որեւէ անհատ, որ կը յարգէ իր անձը, իր պատկանած ազգի մշակոյթը, կը յարգէ իր ծնողները, իր նախահայրերը, չի ներեր կատարուած Ցեղասպանութիւնը։ Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարը պէտք տարուի իւրաքանչիւր հայի անձի հոգիին եւ միտքին մէջ նախքան տարբեր պետութիւններու ատեաններու մէջ տարուիլը։

Ինչ՞ու ներել երբ Ցեղասպանութեան վէրքերը դարմանող հատուցում չկայ։ Աշխարհի վրայ ոչ մէկ ուժ ժամանակը ետ չի կրնար վերադարձնել։ Եթէ նոյնիսկ աներեւակայելի գումարներ տրուին հայութեան, պատմական հողերով հանդերձ, ցեղասպանութեան վնասները հատուցուած պիտի չի ըլլան. քանզի Հայութեան բնական զարգացման ընթացքը ընդհատուեցաւ աւելի քան իննիսուն տարի։ Մեր զոհերուն թիւը այսօրուայ չափանիշներով, ոչ թէ մէկ ու կէս միլիոն է այլ քսանհինգ միլիոն։ Արդարութիւնը վերականգնելու համար պէտք է մարդկութեան զարգացումը իննսուն տարի ետ տանիլ, որպէսզի հայ ժողովուրդը կարողանայ արդարօրէն մրցակցիլ քաղաքակիրթ աշխարհին հետ։ Վերոյիշեալ պարագաներէն ոչ մէկը կը կատարուի կամ կատարող կ՚ըլլայ, մարդիկ նոյնիսկ կը ծիծաղին նման կարծիք յայտնողին։ Արդարութիւնը կարելի չէ լիովին վերականգնել նոյնիսկ եթէ հրաշքով աշխարհի ամենահզոր ազգն ու պետութիւնը ըլլանք, որովհետեւ ոչ մէկ ուժ կրնայ վերականգնել անմեղ երեխաներու կորսուած կեանքերը, կեանքեր, որոնք իմ կարծիքով գին չ՚ունին։ Մեր կորուստները անդառնալի են, հատուցում չ՚կայ. ուրեմն ինչ՞ու ներել։ Մենք զմեզ խաբ՞ենք, համոզուելով որ այժմեան թուրքիան տարբեր է, եւ հայաստանը անոր պէտք ունի արեւտուրը զարգացնելու համար։ Հայաստանի եւ թուրքիոյ համակեցումը անհնար է։ Թուրքական ժողովուրդներու եւ հայ ժողովուրդի խաղաղ գոյատեւումը անհնար է, ջուրի եւ կրակի նման, մէկի բնութիւնը միւսին կը հակասէ, եւ իրենց բնութեան պարտադրանքով պիտի ջանան մէկը միւսին ոչնչացնել։ Թուրք պետութեան եւ թուրք ժողովուրդի էութեանց մէջ կան նուաճելու ընդարձակուելու, նոր հողեր գրաւելու, իշխելու ձգտում։ Այդ ժողովուրդի թուական աճը կը հաստատէ այս միտքը, իսկ Հայաստանի հանրապետութիւնը իր ներկայի սահմաններով հազիւ պարփակէ կոտորակուած հայ ժողովուրդի կէսը, զարգացման սահմանափակ հնարաւորութիւնով։ Թուրքական բանակները. հայեր ջարդած են պարբերաբար, որպէսզի տեղաւորելու հնար լինի վերաբնակ թուրք ցեղախումբերուն։

Ցեղասպանութեան իրագործման նպատակներէն մէկը, թուրք ազգին համար ապահով հայրենիքի մը ստեղծումն էր։ Արդարեւ Բալկանեան պատերազմին չարաչար պարտութիւններ կրելէ ետք թուրք իշխանութեան քաղաքական մտածողութեան մէջ աւելիով ամրապնդուեցաւ միատարր հայրենիք ունենալու գաղափարը։ Երեկուայ նուաճուած իսկ այժմ պետութիւն կերտած. Սերբը Բուլղարը, Յոյնը միանալով, պատերազմ յայտարարեցին հզօր ոսմանեան պետութեան դէմ եւ յաղթեցին, գաղթական դարձնելով հարիւր հազարաւոր թուրք եւ ոչ թուրք մահմեդական բալկանցիներ։ Անատոլիան եւ Հայկական բարձրավանդակը թէեւ հազար տարի է ի վեր թուրքական իշխանութեանց ներքոյ կը գտնուէին, սակայն տակաւին շատ հեռու էին թուրքիա ըլլալէ, քանզի կարգ մը նահանգներու մէջ թուրքեր մեծամասնութիւն չէին։ Թուրքիան շարունակելով հայաջինջ գործողութիւնները. արեւելեան հայաստանի աւերակներու վրայով պիտի միանար կովկասի եւ միջին ասիոյ թուրքերուն, սակայն այդ արշաւանքները սարդարապատի ճակատամարտով կաղացին, առիթ ընծայելով հայութեան մնացորդացին. գոյատեւելու Արարատեան հայաստանի մէջ։ հայաջինջ արշաւանքները շարունակուեցան Շուշիի եւ Բագուի, Ջաւախքի եւ պարսկահայքի մէջ։ Ուրեմն թուրքը իր բնական ընթացքով պիտի ջանայ ոչնչացնել հայութիւնը, հայութիւնն ալ սեղմուած պիտի մնայ իր պատեանին մէջ զուրկ զարգացման հնարաւորութիւնէ, եթէ ընդարձակուելու եւ զօրանալու եւ պատմական հայրենիքը ամբողջացնելու միտում չ՚ունենայ։

Հայ Դատի ու Ցեղասպանութեան ճանաչումը. հայ մարդոց սրտերուն, միտքերուն եւ հոգիներուն մէջ աւելի դժուար է, քան ճանաչումը մեծ տէրութիւններու կառավարութիւններու ատեաններուն կողմէ, որովհետեւ անոնք առ երես ընտրական եւ քաղաքական հաշիւներով այո՚ պիտի ըսեն պահանջատէր հայկական կազմակերպութիւններուն, իսկ Հայ մարդոց համոզելը. առաքելութեան նման դժուար գործ է, արդարեւ հայ անհատը. հայ դատի հետամուտ դառնալու համար պէտք խորապէս համոզուի եւ հասկնայ հայոց պահանջատիրութիւնը, որպէսզի կարենայ եւ ուզէ օգտակար դառնալ իր ազգին։ Խորապէս համոզուելու համար նախ պէտք է սիրէ իր հայրենիքը, ժողովուրդը եւ մշակոյթը, իսկ սիրելու համար նախ պէտք լաւ ճանչնայ այդ ամէնը, ի վէրջոյ ազգ ու հայրենիք սիրել կը նշանակէ նաեւ սիրել մենք զմեզ, քանզի մեզմէ իւրաքանչիւրը այդ ազգի ծնունդն է, ի վերջոյ ինչպ՞էս մարդ մը իր անձը չի սիրեր։

Բոլոր երեւոյթները կը փաստեն, որ հայ ժողովուրդը սաստիկ այլասէր է։ Յարգելի փոքրամասնութեան մը կողքին, ճնշող մեծամասնութեան մը հայրենասիրութիւնը խնջոյքի սեղանէն եւ օղիի ազդեցութեան ոլորտէն անդին չի անցնիր։ Հայ մայրեր իրար հետ կը մրցին, տարօրինակ այլ ազգի անուններով կոչելու իրենց նորածին երեխաները։ Ֆրանսացին իր զաւակը Արամ, Գառնիկ, Հրայր, անուններով կը կոչ՞է, որ մենք մեր զաւակները ժագ, էթիեն, կի, գառլո եւ այլ անուններով կը կոչենք, ասոնք անուններ են, որոնք երբէք չեն հարմարիր հայի դէմքին, գոյնին։ Բացառութիւններ յարգելով հանդերձ կը տեսնենք Հայաստանցի նորելուկ երգիչ-երգչուհիներ, իրար հետ կը մրցին հայերէն լեզուով, սակայն ամերիկեան եւ ափրիկեան ոճով եւ հոգիով երգ ներկայացնելու մէջ։ Հայ երգիչի ցեղային յատկանիշներուն եւ ձայնին չի վայելէր օտար ոճով երգելը, եթէ որեւէ անձ, ջազ երաժշտութիւն պիտի ունկնդրէ, նախնտրելի է, որ ունկնդրէ աղբիւրէն՝ ամերիկացի երգիչներէն։ Իւրաքանչիւր ազգի պատկանող արուեստագէտ եթէ անկեղծ է իր արուեստի եւ իր անձի հանդէպ, ականջալուր կ՚ըլլայ իր հոգիի եւ արեան կանչին եւ ըստ այնմ կը իւրացնէ եւ կը զարգացնէ իր նախնտրած արուեստի ազգային ոճը, յետոյ է, որ այլ մշակոյթներուն պատկանող ոճերը կը փորձէ, պարզապէս հարստացնելու համար իր արուեստի բնագաւառը։ Այլասիրութիւնը այնքան համատարած է որ մարդիկ չեն անդրադառնար անոր։ Միթ՞է ամերիկացին, անգլիացին, յոյնն ու իտալացին. հայի նման կ՚երգեն։ Արեւելեան Եւրոպայի ժողովուրդներուն յատուկ է սեփական մշակոյթի ստորագնայատումը։ Բացառութիւն են Սերբերը։ Ըստ երեւոյթին. հայութեան ստուար հատուածը հպարտ չէ իր ազգային պատկանելիութեան բաղադրիչ տարրերով։ Այսպէսով հայեր՝ ցեղասպանութեան կ՚ենթարկեն հայի ոճը, հոգին եւ ճաշակը։ Երբ մենք կը իւրացնենք օտարի ոճը, այդ կը նշանակէ թէ մեր ոճը ներքուստ ստորադաս կը նկատենք։ Ան որ ինքզինք չի սիրեր, չի կրնար պաշտպանել իր իրաւունքները։

Հայոց իրաւունքի հետամուտ հայ ժողովուրդը եւ հայ անհատները, աւելի օգուտ կրնան բերել հայրենիքին, քան օտար մեծ տէրութիւնները, որոնք դժկամութեամբ կ՚ընդունին Հայոց ցեղասպանութեան պատմական փաստը։ Ուստի նախընտրելի է, որ հայ դատի հետապնդումը եւ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը սկսի հայ ժողովուրդէն։

Առանց նսեմացնելու համայնքներու եւ կազմակերպութիւններու դերը, կրնանք ըսել, որ երբեմն անհատ հայեր, իրենց արուեստի կամ արհեստի միջոցաւ շատ աւելի մեծ ներդրում կ՚ունենան Հայ դատի եւ եղեռնի ճանաչման գործին մէջ։

Հայ ժողովուրդը իր ընթացած ուղիով, իր թշնամիներու գործը դիւրացուցած է։ Մանրամասնենք.-

Ñ Արեւելահայ-Արեւմտահայ բաժանումը, լեզուական թէ այլ մակարդակներու վրայ պէտք է նուազագոյնի Իջնէ քանզի մեր պետականութեան եւ ժողովուրդի թշնամիներն էին, որոնք մեզ բաժանեցին արեւելահայի արեւմտահայի պարսկահայի, եւայլնի։ Վէրջին տասնամեակին Հայաստանի հանրապետութեան տարածքին. Կարգ մը քաղաքական գործիչներ Արցախցիներու եւ Արցախի դէմ քարոզչական պայքար տարած են եւ կը տանին տարբեր քաղաքական համոզումներու եւ նպատակներու համար։

Ñ Կրօնական եւ կուսակցական տարբերութիւնները պէտք չէ արգելք հանդիսանան, որ մէկ եւ ամբողջական հայաստանի զաւակներուն միջեւ խտրութիւն դրուի։ Նախապէս հեթանոս հայերը, յետոյ Պաւղիկեան հայերը հալածուեցան։ Բռնի մահմեդականացած հայեր, օտար համարուեցան։ հետագային նոյն մտայնութեան պատճառով շատեր դարձան ֆրանկ կամ ինգլիզ իրենց դաւանած կրօնքի հետեւութեամբ։ Պէտք է ընդունիլ, որ դարեր շարունակ կրօնական պատկանելիութիւնը նաեւ ազգային պատկանելիութիւն եղած է ինչ, որ սխալ է։ Շատ հայեր, որոնց բնակած տարածքները հռովմէացիներու կողմէ խլուեցան Արտաշիսեան թագաւորութիւնէ եւ տրուեցան այլ կրօնական եւ քաղաքական Իշխանապետութեանց (Յոյն, Ասորի) Քրիստոնէութիւն ընդունելով իրենք իրենց համարեցին յոյներ, կամ ասորիներ։ Ամբողջ հայկական գաւառներու բնակիչներ Տայքի եւ Գուգարքի մէջ վրացի դարձան, քաղկեդոնական դաւանանքը ընդունելէ ետք, թէեւ հայոց լեզուն եւ տառերը գործածեցին երկար տարիներ սակայն հեռանալով եւ հեռացուելով Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ միջավայրէն ձուլուեցան ամբողջովին քաղկեդոնական դարձած վրացի ժողովուրդի մէջ։ Կորսնցուցինք մեր ազգէն ստուար հատուածներ Լեհաստանէն մինչեւ Համշէն։ Այսպէս եղած է հին աշխարհը, կրօնները եղած են ժողովուրդներու մշակութային եւ լեզուական պատկանելիութիւնը։ Իսկ այժմ կրօնական զգացումներու մեղմացման հետ մեղմացած են նաեւ ազգային զգացումները, որովհետեւ Հայեր բաւարար չափով չեն ճանչնար իրենց հայրենիքը եւ նախահայրերու մշակոյթը, իր բոլոր երեսներով՝ հայրենիքը։

Ñ Լաւ կեանքի պայմաններ փնտռելով Ամերիկա, Եւրոպա եւ Աւստրալիա կը գաղթենք, յետոյ այդտեղէն հայ դատի համար պայքար կը տանինք։ Ազգային եւ մարդկային իրաւունքներու համար մղուած պայքարին մէջ հողը եւ վայրը մեծ նշանակութիւն ունին։ Մեզ կոտորեցին եւ Ցեղասպանութեան ենթարկեցին, որովհետեւ մեր պատմական հայրենիքի եւ անոր անմիջական միջավայրին մէջ կը գտնուէինք համախումբ եւ աւանդական կենցաղով։ Հայ անհատը ամերիկայի հողին վրայ ոտք դրած պահին ինքնաբերաբար իր հայկական ինքնութիւնէն քիչ մը կը կորսնցընէ եւ այդ կորուստը դանդաղօրէն կը շարունակուի՝ հզօր, քրիստոնեայ եւ

Link to comment
Share on other sites

Dear Yonnaes Յոհաննես, the Յwas never meant to be pronounce as H. Mesrop was not an idiot, he would not have composed two letters for th same sound.. The Յwas meant to sound like Y, even in Yohannes.

անարդարութիւններու հետեւանք են։ Վերոյիշեալ ժողովուրդները տառապած են Օսմանեան տիրապետութեան շրջանին բազմաթիւ ջարդերով, դաւանափոխութիւնով, երբեմն դահիճ երբեմն զոհ դառնալով։ Այդ ժողովուրդներուն տառապանքը չ՚վերջացաւ Օսմանեան տիրապետութեան անկումով, վասնզի օսմանցիք թշնամութեան, ատելութեան սերմեր ցանած էին հպատակ ժողովուրդներու սրտերուն մէջ։

Բաժնէ զի տիրես քաղաքականութեամբ Սերբերը քշուեցան իրենց պապենական հողերէն եւ անոնց տեղ մահմեդական դարձած Առնաւուտներ (Ալբաններ) բնակեցուցին, Սերբ ազգէն ստուար հատուածներ մահմեդական դարձուցին (Բոշնակներ) եւ գաղութարար թուրքերու հետ միասին քրիստոնեայ մնացած Սերբերու եւ Մակեդոնեացիներու ջարդարարները դարձան, այնպէս ինչպէս բնիկ քիւրդստանէն (Զագրոսեան լեռներէն) եւ այժմեան հիսիսային Իրաքէն քրդական ցեղեր բերին Հայաստան, եւ հայ ժողովուրդի պատուհասը դարձուցին։

Ինչպէս, որ մենք հայերս միշտ կը յիշենք քուրդ ցեղերէն մեր կրած տառապանքը, կոտորածները, հալածանքները, նմանապէս Քրիստոնեայ Բալկանցիները, այսինքն Կաթոլիկ Խրուաթները, Ուղղափառ Սլաւները՝ Սերբերը, Բուլգարները, Մակեդոնացիները իրենց յիշողութեան մէջ պահեցին Օսմանեան տիրապետութեան ժամանակաշրջանէն մնացած տխուր պատումները, դրուագները, մանաւանդ երբ Սերբիայէն ընդարձակ տարածքներ բնակուած են օսմանցի դարձած (սերբերուն համար իսլամացած որեւէ բալկանցի. թուրք է) ժողովուրդներով, եւ երբ այդ ժողովուրդները անջատուիլ ուզեցին հարաւսլաւական կամ սերբական պետութիւնէն քսաներորդ դարու վերջին տասնամեակին. Բալկանեան յայտնի պատերազմները սկսան։ Աշխարհը թոյլ չ՚տուաւ, որ Սերբիան տիրէ Հարաւսլաւիոյ տարածքին։ Ամենայն դէպս. Պատերազմներու

As to the sins of the Albanians, Kosovars, Bosnians and other Islamized/turkified Slavs…Allow me to play the devil’s advocate, survey the flip side of the coin.

If I were a Serb I would turned the table around and point a finger at the Armenian for all the evils the Ottomans spread in south east Europe. After all, the Turk firs appeared in the Armenian Highlands, many centuries before they set foot in Serbia, where, not only they were not repelled and decimated, but, at times they were welcomed as a balancing power against the Byzantians. By the same token, the Byzantians used those barbarians to serve their own agenda to neutralize and weaken us. The rest is…. The Turk, after subjugating us, repelling the Byzantines, used our own lands to regroup, grow and gather strength right at our own very land, enough to invade Europe, Serbia and Croatia. Now. As a Serb I would reverse sides and blame the Armenian for allowing those barbarians flourish enough to even dare invade the Balkans.

Shall we blame the turkified Balkan for reinvading our lands when we, the Armenian made it possible for the Turk to invade their land in the first place?

What will be next? Welcome the Russian to russify our lands and proceed to annex parts of Turkey as part of their empire, or shall we invite the Persians to rename Yerevan Irivan(Iran-Van) and re-occupy Ararat and rename it Iranarat?

Can we, for once stop passing the buck and admit to our mistakes and failures?

Link to comment
Share on other sites

Excellent article.

Each and every phrase deserves a response and development.

Բոլոր երեւոյթները կը փաստեն, որ հայ ժողովուրդը սաստիկ այլասէր է Յարգելի փոքրամասնութեան մը կողքին, ճնշող մեծամասնութեան մը հայրենասիրութիւնը խնջոյքի սեղանէն եւ օղիի ազդեցութեան ոլորտէն անդին չի անցնիր։ Հայ մայրեր իրար հետ կը մրցին, տարօրինակ այլ ազգի անուններով կոչելու իրենց նորածին երեխաները։ Ֆրանսացին իր զաւակը Արամ, Գառնիկ, Հրայր, անուններով կը կոչ՞է, որ մենք մեր զաւակները ժագ, էթիեն, կի, գառլո եւ այլ անուններով կը կոչենք, ասոնք անուններ են, որոնք երբէք չեն հարմարիր հայի դէմքին, գոյնին։ Բացառութիւններ յարգելով հանդերձ կը տեսնենք Հայաստանցի նորելուկ երգիչ-երգչուհիներ, իրար հետ կը մրցին հայերէն լեզուով, սակայն ամերիկեան եւ ափրիկեան ոճով եւ հոգիով երգ ներկայացնելու մէջ։ Հայ երգիչի ցեղային յատկանիշներուն եւ ձայնին չի վայելէր օտար ոճով երգելը, եթէ որեւէ անձ, ջազ երաժշտութիւն պիտի ունկնդրէ, նախնտրելի է, որ ունկնդրէ աղբիւրէն՝ ամերիկացի երգիչներէն։ Իւրաքանչիւր ազգի պատկանող արուեստագէտ եթէ անկեղծ է իր արուեստի եւ իր անձի հանդէպ, ականջալուր կ՚ըլլայ իր հոգիի եւ արեան կանչին եւ ըստ այնմ կը իւրացնէ եւ կը զարգացնէ իր նախնտրած արուեստի ազգային ոճը, յետոյ է, որ այլ մշակոյթներուն պատկանող ոճերը կը փորձէ, պարզապէս հարստացնելու համար իր արուեստի բնագաւառը։ Այլասիրութիւնը այնքան համատարած է որ մարդիկ չեն անդրադառնար անոր։ Միթ՞է ամերիկացին, անգլիացին, յոյնն ու իտալացին. հայի նման կ՚երգեն։ Արեւելեան Եւրոպայի ժողովուրդներուն յատուկ է սեփական մշակոյթի ստորագնայատումը։ Բացառութիւն են Սերբերը։ Ըստ երեւոյթին:

Above you say that Armenians are xenophilic. Did you mean “xenophobic”?

Why do we hate the Frsi and love the French? We hate the Syrian and love the Serb? We hate the Iraqi and love the Irish?.... you fill in the blanks

Of course, we know what you mean when you use the term. You mean Europhilic, Westo-phylic. Do you know the word Այլազգի/Aylazgi? No, it does not refer to the Europeans and the Westerners in general, but to our immediate neighbors who may subscribe to other gods.

Armenians may be the most xenophobic այլատեաց of all, well, maybe next to another people when it comes to hating their immediate neighbors and yearning for the love of distant neighbors who may have other notions of “neighbor”, like Catholic v Tiezerakan, Orthodox v Oughapar, Apostolic v Araqelakan.

Edited by Arpa
Link to comment
Share on other sites

Ñ Լաւ կեանքի պայմաններ փնտռելով Ամերիկա, Եւրոպա եւ Աւստրալիա կը գաղթենք, յետոյ այդտեղէն հայ դատի համար պայքար կը տանինք։ Ազգային եւ մարդկային իրաւունքներու համար մղուած պայքարին մէջ հողը եւ վայրը մեծ նշանակութիւն ունին։ Մեզ կոտորեցին եւ Ցեղասպանութեան ենթարկեցին, որովհետեւ մեր պատմական հայրենիքի եւ անոր անմիջական միջավայրին մէջ կը գտնուէինք համախումբ եւ աւանդական կենցաղով։ Հայ անհատը ամերիկայի հողին վրայ ոտք դրած պահին ինքնաբերաբար իր հայկական ինքնութիւնէն քիչ մը կը կորսնցընէ եւ այդ կորուստը դանդաղօրէն կը շարունակուի՝ հզօր, քրիստոնեայ եւ ձուլող ամերիկայի մէջ։ Ի՞նչ հայապահպանութիւն, երբ օր ըստ օրէ հայ լեզուն կը պարտուի այդ երկիրներուն մէջ։ Պատմական հայաստանի բնութիւնն ու միջավայրը իրենց հզօր ազդեցութիւնը ներգործած են Հայ Մարդու նկարագրի վրայ, եւ առանց այդ բնութեան ներգործութեան հայու նկարագրային գիծերէն մին կը պակսի։ Մենք արգելք էինք թուրանական ծրագիրին, երբ կը բնակէինք մեր հայրենիքի եւ անոր անմիջական միջավայրին մէջ։ Մենք վտանգ եւ սպառնալիք չենք մեր հայրենիքը բռնագրաւողներուն, երբ մենք կը բնակինք ծովերէ եւ ովկեանոսներէ անդին։ Մենք քշուած ենք մեր հայրենիքէն ակամայ. մեր թշնամիներու պարտադրանքով, սակայն յետոյ մեր կամքով ինչ ինչ երազներու տարուելով հարիւր հազարաւոր հայեր կայանէ կայան գաղթեցին դէպի արեւմուտք, դէպի վէրջնական կորուստ (հայկականութեան իմաստով)։

Ñ Մենք սուտերը շատ կը սիրենք, որովհետեւ այդ սուտերը կ՚արդարացնեն աթոռամոլ փանջունիներու գոյութիւնը։ Մեծ սուտերէն մէկն ալ՝ վերածնուած հայ ժողովուրդի սուտն է, որ ամէն Ապրիլեան սգատօներուն կը հոլովենք։ Տասնեակ հազարաւոր հայաբնակ գիւղեր, հարիւրաւոր հայաբնակ աւաներ, եւ հայաբնակ քաղաքներ, ամբողջ հայաստան մը համախումբ բնակող հայերով բնաջնջուեցան։ Այսօր ուծանելու ենթակայ գաղութներ ունինք արեւմուտքի ընդարձակ ափերուն վրայ եւ հետզհետէ անշքացող գաղութներ արեւելեան մի քանի քաղաքի մէջ։ վէրջնական կորուստէ փրկուած Panda-ներ ենք մենք եւ ոչ թէ վերածնուած հայութիւն։ Այսօր արեւմտահայ գաւառացիները, իրենց տարբեր տարազներով եւ բարբառներով ոչ թէ կարմիր գիրքի մէջ անցած են, այլ ի սպառ անհետացած են։ Հայութիւնը վերածնուած է սոսկ, արդի Հայաստանի հանրապետութեան տարածքին։ Վերլուծենք հասկնալու համար թէ ինչ կորսնցուցած ենք, եւ ինչ պիտի ըլլայինք. թիւով եւ որակով, եթէ երբեք Ցեղասպանութեան չ՚ենթարկուէինք։

Armenia was a fortress against the eastern waves. Who destroyed that fortress? Byzantium, the orthodox world. We genocided because we are not Orthodox (Chalcedonic), we are not Roman Catholic, we are not Muslim, we are not Hindu, we are not Buddhist.

Now we are proud, because we are unique.

Link to comment
Share on other sites

Can we, for once stop passing the buck and admit to our mistakes and failures?

Arpa, I hear you. I had the some remorse feeling but anyone in our shoes would have had the same fate.

It was not the first time in human history when backward culture took over more civilized (not necessarily more powerful) culture. Armenia was already divided when the Seldjuks arrived into dozen of small principalities. This was the last stage of the feudal era. Their demise was accelerated by the somehow still centralized Byzantium.

Link to comment
Share on other sites

Who and what caused the end of our own kingdom assisted in the big crime the Armenian genocide. We Armenians and especially the governors, politicians must read our ancient and nearer history to obtain conclusions. Who are the guilty? for absence our kingdom. The Armenians and especially the ruler class, clans with their egoist acts. At that time, the meaning of nationality and patriot is how they will ban other clans; how they would gather more assets.

Who is Ashot? The founder of Bagratian Armenia, he is a successful Vasak. Who is Vasak he is an abortive Ashot. There are no bad and good, there are no white and black, there are realities and realities.

Who are our historians? They are the speakers of their masters, Bagratounies, Artsrounies, Mamikonians and their hellenophil Christian party… and so on.

Were those Armenians? By meaning of that nowadays meaning of that name. I doubt. The national and patriotic feelings at that time was tied with the interests of that clan and with the area which they inhabits that all the problem.

Before we became a strong nation and a strong kingdom, Italians (Roma), Persians began to crumb us.

Rarely did we have great governors. Others had. We are the most damaged nation who struggled for keep, to continue the existence, for the independence. Others get it as a present. Like mid Asia countries. Vladimir Ilyich, the greatest traitor of Russian nation and Russia, gave republics to those mid Asian mongoloid clans, who never imagined that they would gain independence. Moreover, our God gave them the biggest barrage of fuel and gas. Then those nomads would become the richest nations, the richest countries without irking. I wonder, I ask our lord, the creator. Why Armenia is rich by rocks and pains?

Mnatsek Barov

Good wishes

Link to comment
Share on other sites

Join the conversation

You can post now and register later. If you have an account, sign in now to post with your account.

Guest
Reply to this topic...

×   Pasted as rich text.   Paste as plain text instead

  Only 75 emoji are allowed.

×   Your link has been automatically embedded.   Display as a link instead

×   Your previous content has been restored.   Clear editor

×   You cannot paste images directly. Upload or insert images from URL.

Loading...
×
×
  • Create New...