Jump to content

".. ..


Johannes

Recommended Posts

"…çocuklar bahçesi, but those kindergartens does not look alike which you know. Dissolution houses inside four walls… about 90-100 abandoned kids, from six months-on year ages until 3-4 years , whose numbers were increasing day after day… Here the scenery is very sore. Misery, apathy, beyond belief… They had awareness about their situation; they do not look for their mamas, or their Akins, it seems that they acclimated to their black fates…Many of them used up and swooned, others are moaning and groaning with ruthless pains, some others are dying, some kids catafalques were bare. This withdrawn kid at the corner, trying to do a something, with his tiny fingers he is building woody little houses…

Müfetti? geliyor (Inspector is coming). It was the last days of the fasting month... gendarmeries mobilized… collected some of men from the caravan and employed to construct brooms, to brush the passages, to clean, to sweep… the gendarmeries gave tools to another group of those caravan men to dig a big mortise… Then the gendarmeries fill that mortise with the abandoned kids whom we saw previously. The children felt that they would be buried soon. With great fear and panic, they bawled and cried. During two minutes, the mortise was coated with soil... the inspector was the commissar Ismail bey from Malatia...

Link to comment
Share on other sites

…when our convoy arrived to Hasan-Chelebi, we heard that the previous convoy's men were taken, the women were sent; only the patients were there. Carcasses were thrown in the river. Under a tree, I saw a boy from Sebastia with his internal clothes. Haig was from our school, a son of a grocery. The boy's ear was moldered. Deep and broad cut was on his neck. Coagulated blood was pendulous on his aspects... He was unable to raise his head, and wounds became fusty, worms were crawling, hundreds of flies were falling and rising. We took the boy to our place, brushed the worms, cleaned the wounds and attached. We decided him to tell us what happened.

- He was from the previous convoy, which men, as well as him, about 300 people were put in the jail. At night each couple of jailed belay with cord and send behind the mountain at the edge of a deep canyon. Flagellants with axes were waiting a beat to the ears and necks of victims, then by the other side of the axes strikes to the loins of the victims to break it, then threw them down of the canyon. The boy was in the first array; also, they beat him to his ear and neck with axe, and then threw him down. Carcasses filled the valley. The boy half-alive and dizzy stayed there under the carcasses, the following day somehow he awaked, and scans around of him, no one was alive, and he parched much, and stood up until the water to drink.

Link to comment
Share on other sites

Այս մարդը մեր յաճախորդն էր։ Ապրիլ քսանչորսի մասին նիւթ բացուեցաւ, քանզի այդ թուականը յաջորդող օրերու մէջ կը գտնուէինք։

«կը քաջալերեմ ձեր պայքարը եւ կը զօրակցիմ ձեր դատին։ Իսկապէս, որ հիացած եմ ձեր յիշողութեան եւ պայքարելու կամքին ի տես։ Սակայն երեւոյթ մը կայ ձեր մօտ, զոր չեմ հաւնիր՝ ձեր ազգամոլութիւնը»։ Եւ սկսաւ քարոզել քրիստոնէական միութեան մասին՝ «պէտք միասին աշխատինք, որպէսզի մեր ձայնը լսելի դարձնենք այս տարածաշրջանին մէջ»։ Այսպէս ազգայինը ստորագնահատեց քրիստոնէականին։ Սկսաւ պատմել իր նախահայրերու ջարդի պատմութիւնը, զոր մանրամասն չեմ յիշեր, որովհետեւ օրին չեմ արձանագրած։

«Մարդինի մօտերը կը գտնուէր մեծ հօրս բնակած աւանը, (դժբախտաբար անունը մոռցած եմ) որ աւելի քան տասներկու հազար բնակչութիւն ունէր։ Առաջին աշխարհամարտը նախորդող տարիներուն (նոյնպէս մոռցած եմ թուականը), հաւաքեցին բոլոր բնակիչները, մեծ փոս մը փորել տալով ամէնքը մէջը նետեցին, եւ վրանին քարիւղ թափելով վառեցին։ Մեծ հայրս աւանի սակաւաթիւ, հրաշքով մը փրկուողներէն է։»

Առաջին անգամն է, որ կը լսէի ասորիներու ջարդի դրուագները։ Հետաքրքրական էր իմանալ ասորիի (սիւրեանի, սիրիացի) բերանէն՝ պատումներ նման մերինին։ Զգացական միասնականութիւն մը ստեղծուեցաւ։ Ճակատագրակից ժողովուրդները զիրար լաւ կը հասկանան։

 

Տարիներ առաջ հօրս ծանօթ բարեկամ մը եկաւ Տէր Զօր քաղաքէն։ Վարմունքը հօրս հանդէպ շատ բարեկամական թուեցաւ ինձի։ Մորթին գոյնը թուխ էր, կզակին վրայ արաբական դրոշմ կար։ Ան հօրս քեռի կ՚անուանէր։ Հայրս կ՚ըսէր.-«հին սերունդի բոլոր տէրզօրցիք մեզ քեռի կ՚անուանեն»։ Արդարեւ հայկական ցեղասպանութեան ընթացին, ամէնամեծ ջարդը տէր Զօրի մէջ տեղի ունեցած էր։ Տէր Զօրցի ծանօթնիս կ՚արդարացնէր, իւր հօր արարքը, որ հայ կնոջ հետ ամուսնացած էր-« փոխանակ փողոցները անհարմար դրութեանց մէջ մնալու, մեր հայրերը ամուսնացան հայ կանանց հետ, տէր դարձան անոնց։ Մենք բնականաբար կը պատկանինք մեր հայրերու ազգութեան եւ կրօնին, այսուհանդերձ կը պահպանեմք մեր մօր ազգութիւնը։ Մայրս ազգասէր էր, ես իրմէ սորված եմ հայասէր ըլլալ։ Էրզրումցի էր, վատ մարդոց կ՚անուանէր «մաադանսիզ», այսինքն անազն»։

Այսպէս Հայ աղջիկներէ ծնած են հարիւր հազարաւոր այլազգիներ, անոցմէ ալ ծնած են միլիոնաւորներ։

Երբ ուխտի գացի Տէր Զօր 2001-Ի Ապրիլ 24-ին, արաբ պատահական անցորդներ, կանգ կ՚առնէին պահիկ մը ունկնդրելու հոգեհանգստի պատարագը։ Պատահաբար լսեցի պատումներ, որոնք նման էին վերոյիշեալին։ Տէր Զօրցիք իրար կ՚ըսէին.-« իմ մեծ մայրս հայ է», կամ.-«մեր մեծ հայրը շատ առած է անոնցմէ իր մօտ»։

 

 

..., որ նաեւ մեր խանութի դրացին էր, միշտ կը փակէր խանութը՝ ապրիլի քսան չորսին։ Գիտէի, որ մայրը հայ է, ինքը դամասկացի։ Օր մըն ալ ան իր աներոջ հետ եկաւ մեր խանութ։ Հաճելի զրոյց տեղի ունեցաւ տարբեր նիւթերու շուրջ։ Հօրս հայերէն խօսքեր արտասանելը պատճառ եղաւ, որ դրացիիս աները, իր հօր հայախօսութեան պատճառը բացատրէ։ Հայրս հարցուց.-«երեւի հայի ջիլ մը ունիք»։ Այս հարցումէն ետք սկսաւ պատմութիւներու շարան մը դրացիիս եւ իր աներոջ կողմէ։ Ներկաներու տրամադրութիւնը, մանաւանդ իմը, հետզհետէ փոխուեցաւ դէպ ի վատ։ Ի յայտ եկաւ, որ դրացիիս աները Ամիդեցի է (Դիար բակր)։ Հօրենական կողմէ մեծ մայրերէն մէկը Հայ եղած է։ Յետեւեալքը պատմեցին արագ ձեւով, բայց որ՞ու, ու՞ր, եւ ինչպէսը զանց առնելով համառոտ կ՚արձանագրեմ լսածս։

 Մեծ հայրս վեց մօրաքրոջ որդի ունէր։ Մէկը՝ բանտին մէջ այրեցին, միւսը մորթեցին, մնացեալները չեմ գիտեր։

 Մեծ հայրս ինք փրկուած է, որովհետեւ հաւաքագրման ճամբարի մէջ երբ իր անունը կանչած են, նոյնանուն հօրեղբօր որդին մեկնած է, որովհետեւ այդ ընթացքին մեծ հայրս թմրած եւ քնացած եղած է։ Բայց թուրքերուն նպատակը մեծ հօրս սպաննել էր, որովհետեւ անուն առած ղեկավար եղած է։

 Տղամարդիկ իրենց արու զաւակները առնելով կը փախչէին, որովհետեւ ամբողջ ընտանիքը փոխադրելը անհնար էր, եւ ճամբաները անապահով։ Հօրաքոյրս հարս գացած էր Միդիատ։ Բոլոր զաւակները, եւ ընտանիքին մնացեալ անդամները մորթուած են։ Իրեն ալ դանակի հարուածներ տուած են, սակայն չէ մահացած։ Արիւնաթաթախ գետին պառկած ատեն մահմեդական հովիվ մը անցած է, եւ իրեն առաջարկած է.-«եթէ քեզ բուժեմ, հետս կ՚ամուսնան՞աս»։ Հօրաքոյրը ասած է այ՚ո։ Լուր տրուած է ազգականի մը, որ ձեր ազգականուհին վիրաւոր է։ Ազգականը գացած է իսլամ հովիվին քով եւ փախցուցած է դրացիիս հօրաքոյրը, որ տակաւին բուժուած չէ եղած։ Տարած են դամասկոս ուրիշ ազգականներու մօտ, այնտեղ հօրաքոյրը աղօթած եւ քնացած է, Երազին մէջ Յիսուս երեւացած է կնոջ եւ վէրքը բուժած է։ Առաւօտեան արթննալով տեսած է, որ իսկապէս վէրքը բուժուած է, եւ հետք չէ մնացած։

 Ես իսլամ գործընկեր մ՚ունէի (Զաքարիա) անունով, պատմեց, որ իր մայրը հայ է։ Ըսինք Ի՞նչպէս։ Ան շարունակեց պատումը այսպէս.-« օր մըն ալ մեր գիւղը եկած է կին մը իր զաւակներով, տղամարդ չունէին։ Անոնք մնացին մեր գեղի մէջ։ Չեն գիտցած որտեղացի են միայն գիտցած են, որ իրենց տան առջեւ ջուր կայ։ Պատերազմէն ետք հայ համայնքը, որբահաւաքի արշաւներու կ՚ելլար դէպի գիւղերը։ Օր մըն ալ Ուրբաթ օրով եկան եւ տարին գիւղի հայ երեխաները։ Որբանոցի մէջ կարգապահութիւնը խիստ էր։ Մեր գեղի որբերը վարժուած էին ազատութեան։ Օր մ՚ըն ալ կը փախչին եւ կը վերադառնան գիւղ։ Այսպէս մեծանալով կ՚ամուսնանան տեղացիներու հետ։ Անոնցմէ մէկն էր մայրս»։

 Իմ մօրեղբօրս ընտանիքը՝ (Սայիդ) յայտնի զարգացած ընտանիք եղած է։ Մայրաքաղաքի մէջ պաշտօն վարած է անոնցմէ մէկը։ Յետեւաբար անոնք ջարդի չեն ենթարկուած, այլ Չաչաններու հսկողութեամբ փոյադրուած են Սուրիա։

 Նախ Հայ առաքելականները հանեցին գաղթի եւ կոտորեցին, յետոյ նոյնը ըրին Հայ կաթողիկէներուն եւ բողոքականներուն։ Ետքը կարգը եկաւ միւս քրիստոնեաներուն (Ասորի ուղղափառ, Կաթողիկէ, Նեստորական, Քաղդէացի)։

 Սահմանադրութիւն հրչակուած էր եւ քրիստոնեայք հաւատալով կառավարութեան խօստումներուն իրենց մօտ գտնուած որսորդական հրացանները յանձնեցին պետութեան։ Տղամարդոց բանակ կանչեցին եւ այնտեղ անոնց ոչնչացուցին՝ ձեռք-ոտք կապելով։ Մնացին տկարները կիները եւ երախայքը, որոնց գաղթի հանեցի եւ ոչնչացուցին։ Գաղթականութեան, պատերազմի ընթացքին քաղցրն ու թթուն իրար խառնուեցան։

Մեր զրուցակիցները զարմանք պատճառեցին զիս։ Ես Գիտէի, որ հայ ժողովուրդի գլխին եկած փորձանքները Հիսիսային Սուրիոյ եւ Հարաւային հայաստանի քրիստոնեայ միւս ժողովուրդներու գլխուն ալ եկած էր, բայց դէպքերու այս աստիճան նմանութիւն չէի ակնկալէր։ Հարազատութիւն մը ստեղծուած էր մեր եւ ոչ հայ այդ քրիստոնեաներու միջեւ։ Հարազատութեան պատճառը ցաւի նոյնութիւնն էր։

Այս դրուագները արձանագրած եմ 4-12-2001-ին։ Անարդարութեան չափը եւ վիշտի ահաւորութիւնը, բողոքի անսահման կուտակում առաջացուցած է մէջս։ Թող անիծուին չարագործ մարդիկ ընդմիշտ։ Թ՚ող վերա...։

Link to comment
Share on other sites

Յայտնի ...-ական Ա. Ա.-եան, որ հօրս հին ծանօթն էր, երբեմն կը հանդիպէր՝ նարդ խաղալու, երբեմն ալ խօսելու։ Երբ խօսելու սկսեր՝ հին եւ նոր պատահարները թարմ նորութեան պէս կը փոխանցէր։ Նիւթի ժամանակագրական հեռաւորութիւնը չէր պակսեցներ զրուցելու եռանդը։ Նախասիրած նիւթերն են անձնական գործի յաջողութիւններն ու... զաւակներուն թողած հարստութիւնները։ 2002 Սեպտեմբեր չորսն էր։ Երեկոյեան ժամը եօթն անց կէսի մօտերը Ա. Ա.-եան հանդիպեցաւ հօրս եւ անմիջապէս խօսելու պատճառներ եւ նիւթեր գտաւ։ Շատ բան գիտէր ...հայ եւ ...հայ գաղութի անցեալի մասին։ Յիշողութիւնը զօրաւոր էր։ Իր բազում պատմութիւնները մոռցած եմ։ Մինչ հօրս հետ դրան առաջ նստած կը զրուցէին, լսեցի ջարդերու նկարագրութիւններ։ Համակարգչային զբաղումս թողնելով շուտով մօտեցայ, որ չ՚փախցնեմ ոչ մի բառ։

Ա. Ա.-եան կը պատմէր հօրը պատմածը

.-«ղզըլբաշները (շիի թուրք) առեւանգեցին 6 եւ 9 տարեկան քոյրերս։ Ես տարիքով ամենափոքրն էի, կուրծքէն սուինահար մայրս, ոչինչ կրնար ընել մեզ փրկելու համար առեւանգումէն։ Ուրիշ ղզլբաշ մը եկաւ եւ ըսաւ մօրս.

-Քոյր՝ սուինահար, վիրաւոր պիտի մեռնիս, այս երախան անօթի գազաններու կեր պիտի դառնայ, ինձի տուր ես կը պահեմ։

Եւ առաւ զիս պահեց իր մօտ։ Ապրած գիւղիս երեխաները զիս գաւուր կը կոչէին, ես ալ նեղանալով «հօրս» կը պատմէի։

Դաշնակից ուժերը (Բրիտանական, Ֆրանսիական եւ Հայ կամաւորական) գրաւած էին Կիլիկիան։ Հայ կամաւորներ ամէն տեղ Հայ որբեր կը հաւաքէին։ Օր մ՚ալ տեսան զիս, եւ սկսան հարցաքննել հօրս։

-Այս կապուտաչեայ շէկ երեխան քու ձագդ չի կրնար ըլլալ։ Չըլլայ ծնողքը դուն սպաննեցիր։

-Ճշմարիտ կ՚ըսեմ աղա, երեխային մայրը վիրաւոր ընկած էր, առաջարկեցի երեխան հետս տանիլ, մայրը յօժարեցաւ։ Պահեցի, կերակրեցի։ Մի քանի այծ ունիմ, հովւութիւն ըրաւ։

-Այս տղան Հայի զաւակ է, մեր յետ պիտի տանինք, ինչ գումար կ՚ուզես վճարենք, որպէս հատուցում։

-Աստուած ձեզմէ յօժար ըլլայ։ Դրամ չեմ ուզեր։

Արդարեւ Չորք Մարզպանը (թրքական յորջորջումով Dört Yol) 1894-96-ի համիդեան ջարդերու ժամանակ նուազագոյն վնասով ազատած է՝ ժողովուրդի քաջասրտութեան եւ զինուածութեան շնորհիւ։ Ցեղասպանութեան տարիներուն դաժանագոյն վերաբերմունք ստացան այն հայերը, որոնք օր մը զէնք բարձրացուցած էին իրենց պատիւը, ինչքը պաշտպանելու համար։ Երբեմնի Հայկական Կիլիկիոյ թագաւորութեան սահմաններուն մէջ գտնուող Չորք մարզպանը, Սուրիան Անատոլիայի միացնող կէտի վրայ կը գտնուի, միջերկրական ծովի Հայկական ծոցի մօտ։ Անուան ստուգաբանութիւնն է՝ չորս երկրի սահմանապահ։

Պատերազմին՝ քեմալի թուրքիան կը յաղթէ։ Ֆրանսական զօրքը կը հեռանայ Կիլիկիայէն։ Երիտասարդ Ա.-եան հօրենական տան տիրութիւն ընել կ՚ուզէ։

« Մուստաֆա քեմալ, առիթ տուաւ բոլոր անոնց, որոնք պատերազմի ընթացքին վնասուած են կամ գաղթեցուած ՝ վերադառնան տուն (եթէ ողջ մնացած են)։ Չորք Մարզպանի մէջ ընդարձակ կալուածներ ունէինք մեր անունով արձանագրուած։ Քարաբեքիրն ու ինոնուն՝ երկուքն ալ քուրդ ազգէն փաշաներ, քեմալի հրահանգը չեղեալ համարելով, հրահանգեցին հայոց արտաքսում, եւ հողերու պետականացում»։

 

Քեռկինիս հօրաքրոջ ուրֆացի այրը կը տեսնէի մանկութեանս, Քեսապի ... գիւղի մեր ապրած տան մէջ։ Ան մի քանի օրով օդափոխութեան կ՚ուգար քեռիիս տուն։ Ատաղձագործ էր։ Մեզի համար փայտեայ ցպիկներ, պարսատիկներ կը պատրաստեր։ Ակներեւ բարի մարդ էր։ Մանկութիւնը անցուցած էր Տէր Զօրի մէջ։ Կը պատմէր.-.-թուրքերը կ՚ուգային որբ երեխաներուն կը հարցնէին՝ անունդ Ի՞նչ է։ Յակոբ, Պետրոս, Սարգիս կ՚ըսէին Հայ երեխաները եւ թուրքին դանակին տակ կը մնային, մինչ եթէ ահմադ, հասան, ոմար ըսէին՝ կը փրկուէին»։Այս դրուագները ուրիշ տեղէ ալ իմացած եմ։ Արդարեւ Տէր Զօրի ոսմանցի Կաիմակամը, տեղ մը պահած է հինգհարիւր որբացած հայ երեխայ։ Կեդրոնական իշխանութիւնը գոհ չէ եղած այս պաշտօնեայէն։ Ան կը փոխանակուի ուրիշով մը, որ կը փակէ վերոյիշեալ մանուկները քարայրի մը մէջ, եւ այրել կ՚ուտայ զանոնք։ Նմանօրինակ դէպքերու արձագանգն էր, որ կը վերարտադրուէր քերակնոջս հօրաքրոջ ամուսինի յիշողութեան մէջ։ Տարիներ ետք երբ այս տողերը կը գրեմ, չեմ գիտեր, թէ ինչն էր դրդապատճառը, որ մեզ նման մանուկներու կը պատմեր նման տխուր դէպքեր, քեսապի պէս գեղատեսիլ վայրի մէջ, արդիօ՞ք ան գերին էր, իր մանկութեան տխուր յուշերուն։

 

Տէր հայրը մեզ՝ Երկրորդական վարժարանի ուսանողներուս, Ազգային ծերանոց տարաւ՝ ճանաչելու համար այդ կառոյցը։ Ինձի համար ամէն ինչ ակնածալի էր՝ Ցեղասպանութիւնէ ճողոպրած մամիկներ պապիկներ, որոնք տակաւին ողջ էին այդ տարիներուն։ Տարբեր պատճառներով ամուրի մնացած այրեր, առանձին սրահի մէջ օթեւանած էին, անոնց վայրագ նայուածքները, կը մատնէին, կեանքի ընթացքին ծնողական, ընտանեկան, կամ կնոջական գուրգուրանք չ՚տեսած մարդու հոգեբանութիւն։ Կը յիշեմ հոգեվարքի մէջ գտնուող ծերունիներ, որոնց համար տագնապեցանք, թէ ինչու բժիշկի կամ հիւանդապահուհիի խնամքի չեն ենթարկուիր, պատասխանուեցանք, որ այդ ծերերը հոգեվարքի մէջ են, այսպէս թէ այնպէս պիտի մեռնին։ Չեմ կրնար չ՚յիշել բարետես եւրոպուհին, թերեւս վէրջինը, այն առաքեալուհիներէն, որոնց ծառայութիւնները՝ գաղթական հայորդւոց, ամբողջ հատորներ կը լեցնեն։ Ան վրդոված կ՚երեւէր մեր դասարանի փափկասուն պարմանուհիներէն, որովհետեւ անոնք յայտնապէս կը խրտչէին ծերերու խղճալի տեսքէն։ «փոխանակ դուք ծառայելու, ես եւրոպայէն ի վեր եկած եմ եւ կը խնամեմ ձեր պապիկներն ու մամիկները» վարժ հայերէնով՝ բացականչեց ան։ Կը կարծեմ, որ դասընկերուհիներուս մօտ, բարոյական որոշ պարտաւորութեան մը զգացում արթնցնել կը միտեր միսիոների արտայայտումը, քան ինքնագովութիւն կամ պարսաւանք։ Այցելեցինք, համեմատաբար երիտասարդ, եւ որդուոց կողմանէ լքեալ բանաստեղծ քեսապցիի մը, որուն ձայնով լսեցինք գովասանքը՝ նուիրուած՝ Քեսապ գաւառի բնութեան գեղեցկութեան։ Որքան շատ ծերանոցի բնակիչի ծանօթանայինք, այդքան յուզումս կ՚աւելնար։ Աղեկտոր լացախառն երգի մը կողմ դառնալով պիտի տեսնեյի Տէր Զօրի դժոխքէն փրկուած թրքախօս լաչակաւոր մամիկ մը, որուն սկիզբը թուրք կարծեցինք եւ զարմացանք։ Արդարեւ Տէր հայրը խնդրած էր անորմէ, որ երգէ Տէր Զօրեան օրերու նուիրուած սուգի երգեր։ Երգերու բառերը, ինչ որ կը հասկնայի այդ տարիքիս, սպանդի, արեան, սովի մասին էր։ Եղեռնի պատճառած արհաւիրքի մասին պատկերացումս ամբողջական չէր, այնպէս որ երաժշտութիւնը կ՚ուգար լրացնելու տառապանքի մասին իմ մտապատկերը։ Կմախք ու կաշի մնացած մայրեր, երեխաներ, ցնցոտիներու մէշ ցնցոտի դարձած, մարդկային ամէն իրաւունքէ զրկուած, ոչխարներու նման կը տարուին սպանդանոցներ։ Խորունկ փոսեր, քարայրներ, պիտի ըլլային վէրջին հանգրուանը, անհամար զրկանք ու տառապանք, հարազատի լլկանք ու խողխողում, սիրելի զաւակի հալումաշ նուաղում տեսած հայութեան մնացորդացին։ Եգէականի, Անատոլիայի. Կիլիկիոյ եւ արեւմտեան Հայաստանի բոլոր վայրէրէն հայեր, որոնք դիմացած էին ճանապարհի վտանգներուն, կողոպուտներուն եւ փրկուած էին առեւանգումներէն, հոգեկան եւ մարմնական տառապանքի դիմացած էին, հայրենիքի մէջ կամ ճամբու ընթացքին չէին սպաննուած, իրենց աղիտալի գաղթի ամենասարսափելի դրուագներու ենթակայ եղան վէրջին կայաններու մէջ՝ Տէր Զօր, Մարկադա Մասկանա, Ռասուլայն եւ այլ տեղանք։ Այսօր անոնց անցած կեանքի ու մահուան ուղիները քարտէսագրուած է եւ տրամադրելի բոլորին։ Մեր բարոյական պարտաւորութիւնն է գէթ պահ մը զգալ անոնց զգացածը, որպէսզի հասկանանք պատահածը։ Կեանքիս մէջ այդքան ցաւալի երգ լսած չէի, ուղղակի կուրծքիս նեղութիւն եկաւ, կը տառապէի եւ կը ցաւէի, լալ կ՚ուզէի, կարծէք ես ենթարկուած ըլլայի եղեռնի վիշտերուն։ Որքան դաստիարակիչ, եւ ամբողջացնող պիտի ըլլար նման երգերու ունկնդրումը՝ Ցեղասպանութեան իրականութիւնը քիչ մը աւելի առարկայօրէն զգալու համար։

Մեր նման այլ այցելուներ ճոխացուցած էին Հայ ծերանոցի միջանցքները։ (...)-ի փողերախումբ, (...)-ի պատանիներ, հայրենասիրական երգերու կատարումով արցունքի թանկագին կաթիլներ կը շահէին մաշուած ծերուկներէն։ Անոնցմէ մին պիտի բացականչեր.-«այսքան հայ կ՞այ տակաւին աշխարհիս վրայ, ո՜հ փառք քեզ Տէր իմ»։

Link to comment
Share on other sites

Հազար ինն հարիւր եօթանասունականներուն, եղեռնի յուշերը աւելի թարմ էին քան այսօր եւ մեր ուսուցիչներէն ոմանք Ապրիլի քսանչորսին (եւ ոչ միայն այդ օրը), ջանք չէին խնայէր մեր սրտերուն եւ մտքերուն մէջ տեղաւորելու, սպանդի տեսարանները, գազանանման թուրքի կերպարը, «թուրքերը մեզ ջարդած են» միշտ կ՚ըսուէր, առանց ներկայացնելու այն ազդակները, որոնք պատճառ եղած կրնան ըլլալ Ցեղասպանութեան իրագործման։ Մենք կ՚ընկալէինք մեզի հրամցուածը եւ մեր դաստիարակները կ՚ստանային մեզմէ ակնկալուածը ՝ ուշադրութիւն եւ յարգանք մեր նահատակներուն հանդէպ։ Պատկարելի ուսուցիչ մը կար. պարոն Արմէն, Եղեռնի ականատես սերունդէն, ուրուն կը վստահուէր բանախօսի պարտականութիւնը Ապրիլի 23-ին, եւ ան հակիրճ եւ կտրուկ ոճով կը հրամցներ օրուայ խորհուրդը։ Այդ օրերուն մենք ...հայերս հեռատեսիլի երկու կայան ունէինք միայն, մինը մեր պետականը, որ շատ չէր դիտուէր, միւսը թրքական TRT- էր, որ աւելի կը դիտուէր, քանզի ամերիկեան շարժանկարներ կ՚ուտար եւ մերինէն աւելի ճոխ յայտագրեր ունէր։ Պարոն Արմէն կը ջանար մեզ բացատրել, որ հեռատեսիլի թրքական կայանէն մեր տեսած գեղանի խօսնակները թուրք չեն, այլ առեւանգուած եւ տաճկացած հայի, եւրոպացիի զաւակներ։ Ըստ երեւոյթին պարոն Արմէն կը վախնար, որ թրքական հեռատեսիլը կը սրբէ հայ մանուկներու միտքերուն մէջ տպաւորուած. թուրքի տգեղ եւ ջարդարար նկարագիրը, անշուշտ, եթէ երբէք այդ տիպարը տեղաւորուած է այդ մանուկներուն միտքերուն եւ սիրտերուն մէշ։ Պարոն Արմէն արդարացի էր, թէ խօսնակներու եւ թէ հայ մանուկներու տպաւորումին գծով, սակայն այսօր. երեսուն տարի ետք վստահօրէն կրնամ ըսել, պարոն Արմէնի նկարագրած թուրքի տիպարը գրէթէ անհետացած է նոր սերունդի մօտ։ թրքական հեռատեսիլի կայանները բազմացած են, իրենց հետ բազմացնելով գեղանի թրքուհիներու բանակը։ թրքուհիներ, որոնք իրենց գեղեցկութեամբ, իրենց երգ ու պարով, խինդ ու ծիծաղով, նիստ ու կացով եւ հագուստով, իրենց անկարգութեան ու չարաճճիութեան պատումներով ՝ զբաղեցուցած են շատ մը հայ մայրերու, հայ օրիորդներու օրակարգը։ Այլ ինչ ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակ պարոն Արմէն։ Մարդ էակը իր բնութեամբ, երջանկութեան կը ձգտի։ Հայոց ցեղասպանութեան տխրապատումները կը հակադրուին հայ մարդու, ուրախանալու եւ երջանկանալու փափագին։ Հայ ըլլալ, եւ հայ մնալ մեծ զոհողութիւններ կը պահանջէ սփիւռքահայէն։ Պարոն Արմէնի նմանները այդ զոհողութիւնները կատարող հայէն քիչ մըն ալ աւելին կ՚սպասեն։ Պարոն Արմէնի նմանները հայ մնացող սփիւռքահայի բեռան վրայ աւելցնել կ՚ուզեն. հայի ցաւատանջ յուշերը, հայի տառապալից պատմութեան ընկալումը, եւ վրէժի զգացումով վառուած հայի պահուածք, ընդդէմ ամէն ինչի, որ մեր կորստեան պատճառ եղած է։ Արդի՞օք պարոն Արմէն եւ իր նմանները, իրաւունք ունին պահանշելու, որ հայ մարդը արժանապատիւ ըլլայ։ Աւետիս Ահարոնեան, երբ գրեց «այսքան չարիք, թէ մոռանան մեր որդիք, թող ողջ աշխարհ հայուն կարդայ նախատինք» իրաւունք ուն՞էր հայէն պահանջելու չմոռնալ ցեղասպանութիւնը։ Ամէնայն դէպս հարցնող չկայ։

Զոհերու հանդէպ մեր յարգանքը հատուցած չենք ըլլար, ապրիլի 24-ին. հանդէսի մը մասնակցելով։ Մենք պարտուած ազգ ենք։

Link to comment
Share on other sites

  • 3 weeks later...

Armenian Genocide

 

Who is the guilty?

 

That who is still denying the truth and blockading.

 

That who is rejecting the sharing of Armenia in local and regional projects.

 

 

Մտորումներ

 

 

Հայ ծնիլ դժբախտութիւն է, հայ մնալ՝ հերոսութեան համազօր կենսաձեւ։ Թէեւ զոհի հոգեբանութիւնը շատոնց թօթափած ենք մեզմէ, այսուհանդերձ այն սոսկալի ճշմարտութիւնը, զոր կը կոչենք Եղեռն կամ Ցեղասպանութիւն, կը մնայ դառն, խանձող, հոգեմաշ իրականութիւն, որ մոռացութեան ենթարկելը սրբապղծութիւն է։ Անոնք ընկան բայց պարտք դրին մնացողներու, ապրողներու վզին՝ յիշել հաւաքական նահատակութիւնը ամբողջ ազգի մը, եւ պահանջել արդար դատաստանը, Ցեղասպանութեան պատասխանատու պետութեան։

 

 

Կը սգանք, ոչ միայն մէկ ու կէս միլիոն անմեղ հայորդիներու կորուստը, այլեւ անոնց, որոնք պիտի ծնէին բայց երբէք չծնան։ Անոնք պիտի ապրէին, երգէին ստեղծագործէին։ Հազարաւոր գիւղերու, աւաններու, քաղաքներու բնակիչներ։ Հողագործը, բանուորը, արհեստաւորը, վաճառականը, գիտնականը, մշակոյթի գործիչը, հարուստն ու աղքատը, կղերականը, ամբողջ Հայաստան մը գերեզման դարձաւ արաբական անապատներուն մէջ։ Անհետացան մշակութային անգնահատելի գանձեր՝ ստեղծուած հազարաւոր տարիներու ընթացքին։

 

 

Տասնեակ հազարաւոր հայ որբուկներ, հարս ու աղջիկներ ակամայ օտարացան։ Ցեղասպանները տիրացան ոչ միայն հայի հողին , այլեւ գողցան հայի արիւնը, հայի ծիները։ Հայերը արգելք էին Թուրանական աշխարհակալ ծրագիրներու ճամբուն վրայ։ Անոնք իրենց խելքով, արհեստներով, քաղաքակրթական բարձր մակարդակով նախանձ շարժած էին, և վտանգաւոր կը համարուէին։

 

Պատմութեան ընթացքին աւելի քան հազար տարի, պարբերաբար ջարդուած էր Հայութիւնը։

 

 

Ի մասնաւորի յատուկ ուշադրութիւն տրուած էր պատմական հայաստանի և անմիջական շրջակայքի մէջ բնակող հայութեան քանակը նուազեցնելուն։ Առաջին աշխարհամարտը լաւագոյն առիթն էր, վէրջնականապէս հայերէ ազատելու համար։ Տղամարդիկ բանակ գացեր էին։ Ծնողներ, հարսեր, անմխիթար՝ իրենց որդիներու, ամուսիններու տանջամահ ըլլալու մասին լուրեր առած էին։ Անոնք, որոնք Սեւ ծովի մօտերը կը բնակէին, նաւակներով տարուեցան ծովի խորքերը։ Երեխաներ իրենց մայրերուն պինդ բռնած խեղդամահ եղան։

Link to comment
Share on other sites

Հայերը բնաջնջելու համար տարբեր վայրերու մէջ տարբեր ձեւեր օգտագործուեցան։ Առաջին իսկ առիթով, այս կամ այն պատճառով բանակ չգացած տղամարդիկը բաժնեցին իրենց հարազատներէն, որպէսզի ոչնչացուին։ Անոնք, որոնք բանակ գացեր էին քաղաքացիական իրենց պարտքը կատարելու համար, պատերազմի ընթացքին մեռան, ուրիշներ անօթի պահուեցան հետագային ողջ թաղուելու համար իրենց փորած խրամատներուն մէջ։ Մնացին կիներ, երեխաներ, ծերեր, որոնք ճանապարհին տեսան նախապէս աքսորի ելած հայորդիներու ջարդուած դիակները։

 

 

Բախտաւոր էին անոնք որոնք իրենց Հայրենիքի մէջ նահատակուեցան եւ չտեսան ամբողջ ազգի Եղեռնը։ Կարաւաններու հսկող ոստիկանները, սկսան կողոպտել, պրպտելով ամէն տեղ, ուր կարելի էր թաքցնել դրամ։ Երբ վստահեցան, որ գողնալիք բան չէ մնացած ամօթահար գաղթականներու մօտ, առիթ տուին շրջակայքի բնակիչներուն, բռնաբարել, առեւանգել։ Ծերունի մայրերու, եղբայրներու, հարազատներու աչքերու առջեւ, տեղի ունեցան դէպքեր։ Մամիկներ չդիմանալով՝ խելագարուեցան կամ սրտի տագնապէ մեռան։

 

 

Ուրիշներ իրար ձեռք բռնելով ապառաժներէն վար նետուեցան, գերադասելով մահը։ Առաջին կարգի մարդասպաններ, ոճրագործներ, բանտերէ արձակուած էին եւ յատուկ գունդեր կազմուած էր անոնցմէ՝ Հայեր կոտորելու համար։ Երիտասարդ մայրերու գիրկերէն խլեցին նորածին երեխաները եւ վեր նետեցին, օդին մէջ սուինով որսալու համար։ Գրաւի եկան եւ յղի կիներու փորերը պատռեցին, իմանալու համար երեխան արու է թէ էգ։ Եւ այսպէս ամէն կայանին ջարդ մը կը սպասէր կարաւաններուն։

 

 

Անոնք որոնք կ՚ուշանային, կը սպանուէին։ Կանգնիլ, վէրջին նայուածք մը ուղղել հարազատին կամ թաղել՝ արգիլուած էր։ Բարոյական, հոգեկան, մտային եւ մարմնական ահռելի տառապանքներու տակ կքած, կարաւանները քալեցին հազարաւոր քիլոմեթրեր։ Շատերը մեռան սովէ, ցուրտէ, հիւանդութէնէ ջարդերէ։ Երիտասարդ մայրեր հոգնաբեկ չկարողացան շալկել իրենց բոլոր զաւակները, ակամայ թողուցին ճամբու եզրին, քալելու անկարողները կամ նորածինները, թերեւս բարեսիրտ գեղացի մը կը փրկէ։

 

 

Այդ տարի թափառաշրջիկ վայրի շուները, բորենիները, յղփացան՝ մարդկային միս ուտելով։ Ծրագրուած էր կարաւանները անցնել անջրդի, անմարդաբնակ վայրերէ։ Երբեմն կանցնէին Եփրատի կողքով, ջուրին մօտեցողը կը գնդակահարուեր։ Կարաւաններու վէրջնական եւ գլխաւոր հանգրուաններն էին, Ռաս ուլայն. Տէր զօր, Կատմա, հարաւային Սուրիա։ Փամփուշտով մեռնիլը փրկութիւն էր, բայց այդ ալ շատ տեսած էր ամենակալ Տէրը՝ քրիստոսի խաչը հազար եօթհարիւր տարի շալակած ժողովուրդին։

 

 

Իւրաքանչիւր կայան ոչ այլ ինչ էր, քան մարդկային մարմինը, որպէս վառելանիւթ օգտագործող խարոյկահանդէս։ Ասկարները կը հրճուէին ի տես ճարճատող Հայ կիներու եւ մանուկներու տառապանքին։ Հրաշքով ողջ մնացողներուն կը պարտադրուէր շարունակել ճանապարհը, այս անգամ ուրիշ տեղ մը այրելու համար։ Վերոյիշեալ եւ այլ վայրերու մէջ կոտորուեցան, մորթուեցան անոնք, որոնք դիմացած էին և վերապրած էին ճանապարհի դժուարութիւններէն։

Link to comment
Share on other sites

Սուրիոյ, Իրաքի անապատներուն վրայ փրուած էր հայերու դիակները։ Տեղական բնակիչներ օրերով չկրցան խմել Եփրատի ջուրը, քանզի նեխած, բզկտուած դիակներ կը լողային հայրենածին գետի ալիքներուն վրայ։

 

Թէեւ հրաման կար պատժել հայերը օգնողներուն, այսուհանդերձ գտնուեցան տեղական բնակիչներ, որոնք փրկեցին փոքրաթիւ հայեր։ Գտնուեցան բարեխիղճ արաբ սպաներ, որոնք ապահով վայրեր հասցուցին իրենց յանձնուած կարաւանները։ Այսօր Սփիւռքահայ զանգուածները բախտի բերմամբ փրկուածներէ առաջ եկած են։

 

 

Կովկասցի վայրենի ասպատակներ կը կոտորէին ամէն ուր, որ հայերու կը հանդիպէին։ Մութ ու խորունկ քարայրներու մէջ լեցուցին, յետոյ խեղդամահ ըրին։ Անոնք ամիսներով քալած էին, ամէն օր մեռնելով մահը փնտռած էին։ Աղիողորմ ճիչերով, լացուկոծով, աղաչանքով, մայրեր ու որդիներ, հարազատներ իրար փաթաթուելով այրեցան հարիւր հազարներով։ Այդ դժոխքներէն մի քանիներ փրկուեցան, յատկապէս մանուկներ, որոնք պաշտպանուած էին դիակներու տակ մնալով։ Համարեայ շնչահեղձ, օրերով ապրեցան այրած միս ուտելով։ Ուրիշներ թրիքներու մէջ չմարսուած գարիի հատիկներ փնտրեցին։

 

 

Վերոյիշեալ դէպքերը երեք տարի անընդմէջ տեղի ունեցաւ, մինչեւ դաշնակից ուժերու մուտքը Սուրիա, ետքը շարունակուեցաւ քեմալական թուրքիոյ կողմէ, երկիր վերադարձող Հայոց դէմ։ Ցեղասպան թուրք պետութիւնը գիտէր, որ Հայեր (երեխաներ, կիներ, մեծաւ մասամբ) արեւանգուած, երբեմն ալ պատսպարուած էին արաբներու, թուրքերու, քուրդերու մօտ ։ Հրաման կար խիստ պատժել ան, որ հայեր կը պահեր իր մօտ։ Մահասփիւռ ջոկատներ շրջեցան գիւղերը, վրանները։Հաւաքեցին տասնեակ հազարաւորներ, որոնք վերապրած էին։

 

 

Ասկեարները հրամայեցին հայ որբուկներուն՝ չոր ճիւղ, ցախ հաւաքել։ Խեղճերը կարծեցին ապուր պիտի ուտեն, եւ փրկուին սովէ։ Իրենց իսկ պատրաստած կրակի մէջ այրեցան։ Ասկեարներ, նոյնիսկ գերմանացի սպաներ, մէկ մէկ բռնեցին փախչող ուժաթափ հայի զաւակները, օդին մէջ դարձնելով արձակեցին կրակին մէջ։ Վերոյիշեալ դէպքերը, մանրանկար մը են, Ցեղասպանութէնէն ընդհանուր պատկեր մը առնելու համար։ Զոհերու աճիւնները թաղուած են անապատներու աւազին մէջ։ Բնութիւնը կուգայ անհետացնելու, սրբելու ահաւոր ոճիրի հետքերը։

 

 

Հայկական Ցեղասպանութիւնը չսահմանափակուեցաւ արեւմտահայութեամբ։ Օսմանեան զօրքերը ջարդեցին Իրանի սահմաններուն մէջ գտնուող՝ Ուրմիոյ, Խոյի, Սալմաստի Հայերը։ Բոլշեւիկեան յեղափոխութիւնը առիթ տուաւ օսմանեան, եւ քեմալական թուրքիոյ՝ կոտորելու Ջաւախքի, Նախճաւանի, Շուշիի Բագուի, Շիրակի, Լոռիի, Կարսի Հայերը, մէկ խօսքով, Արեւելահայերը։ Ռուսական բանակը եթէ չի ուշանար (դաւադրութ՞իւն) շատ բան տարբեր կրնար ըլլալ։

 

 

Հայոց Ցեղասպանութիւնը ապացուցուելու կարիք չունի։ Փաստերը շատ են։ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, կարիք ունի յիշուելու, որպէս մարդկութեան դէմ գործուած ամէնասոսկալի ոճիր։ Առաջին հերթին մենք պէտք է յիշենք եւ փոխանցենք մեր դատը յաջորդող սերունդներուն, մինչեւ ընդունիլ տանք ոճրագործ պետութեան՝ իր պատասխանատուութիւնը։ Արդիօք Ցեղասպանը պիտի զղջայ։ Եւ եթէ զղջայ, արդի՞օք մեր կորուստները գին ունին։

 

 

Հայոց Ցեղասպանութեան բարոյական, մարդկային, պատմական, մշակութային կորուստները անդառնալի են։ Մեզի կը մնայ տեւաբար յիշեցնել մարդկութեան, մեծ պետութիւններուն, թուրքիոյ, որ մեր իրաւունքները կը մնան յափշտակուած։ Մենք կը պահանջենք արեան գինը։ Մենք կը պահանջենք դատապարտում եւ վերադարձ։ Ինչի համար են միջազգայինօրէն ընդունուած օրէնքները, մարդկային իրաւունքներու մասին հռչակագիրները, երբ որ հայ ժողովուրդին զլացուեցաւ ամէնատարրական իրաւունքը՝ ապրելու իրաւունքը։

 

 

Այսօր Ցեղասպանը ոչ միայն չի ընդունիր իր պատասխանատուութիւնը այլեւ կ՚սպառնայ զոհին։ Հայութիւնը ամէն օր քիչ մը կը հեռանայ իր արմատներէն, Եղեռնը կը շարունակուի, այսօր իսկ մեր ունեցած կորուստներուն անուղղակի դրդապատճառը ցեղասպանութիւնն է։ Ինչ կը մնայ մեզի ընել։ Հայ մնանք, աւելի ամուր կապուինք մեր մշակոյթին, լեզուին, օգտակար աւանդութիւններուն։ Չմոռնանք անոնց, որոնք նահատակուեցան իրենց Հայ ըլլալնուն համար։ Չհեռանանք մեր Հայրենիքէն եւ հայրենամերձ երկիրներէն։ Պայքարինք եւ միշտ պայքարինք յանուն Հայ ազգի գոյութեան եւ զարգացումին։ Պատրաստուինք ապագայի դժուարութիւններուն։ Առողջ, հայրենասէր սերունդներ դաստիարակենք։ Պատմութեան էջերը պիտի չի թղթատենք ողբալու համար, այլ դասեր քաղելու եւ աւելի ապահով ապագայ կերտելու համար մեր զաւակներուն։ Պիտի ապրինք, եւ խանգարենք կայսերապաշտական ծրագիրները ցեղասպանին։

 

 

Բիւր յարգանք անոնց, որոնք մոխիրներէն յարութիւն առին եւ ազգը վերակենդանացուցին։ Բիւր յարգանք ու պատիւ անոնց, որոնք օգնութեան ձեռք մեկնեցին գաղթական հայորդիներուն, իրենց անձը վտանգելով։

 

Հայ ժողովուրդը մեծ է իր կորուստներով, տառապանքներով, փորձութիւններով։ Մեծ է նաեւ իր մղած կռիւով։

Link to comment
Share on other sites

  • 4 months later...

Մէջբերում Կարապետ Գաբիկեանի «Եղեռնապատում» գիրքէն.

 

«Երբ որ մեր կարաւանը հասան-չելեբի եկաւ մեզմէ առջի կարաւանէն էրիկմարդերը առեր, կիները ղրկեր էին, միայն հիւանդները կային. գետին մէջ մեռելներու դիակներ: Ծառին տակ շապիկ-շապընկերով սեբաստացի տղայ մը նստեր էր, մեր վարժարանէն Հայկ. Նպարավաճառի մը տղան. Ականջը, քունքը ծանր հարուածով մը տրորուած, վիրաւոր. Վզին վրայ կացինի խորունկ, լայն վէրք մը. Այնպէս որ շլլիքը առջեւը կախուած էր. գլուխը չէր կրնար վեր բռնել. Վէրքերը ջրջրկեր, նեխեր, որդերը մէջը կը վխտան. վար կը սորան. ճանճերուն հազարը կ'իջնէ հարիւրը կ'ելլէ: Տղան մեր տեղը տարինք. Կնիկները վէրքերը լուացին, որդերը մաքրեցին. դեղ դրին կապեցին: Պատմել տուինք գլխուն եկածները, մեզմէ առջի կարաւանէն է եղեր. Ասոնց էրիկմարդերը ժողուեր են 300 հոգի. ինքն ալ մէջը հետերնին. Տարեր բանտը լեցուցեր են. գիշերը բանտէն հաներ, երկ-երկուք, չուաններով կապած տարեր են լերան ետեւ խորունկ ձորի մը գլուխը, դահիճները նաճախ-կացին ձեռքերնին պատրաստ, սկսեր են ջարդել. կացինով մէկ մը զոհին վզին ականջին կը զարնեն եղեր, բութ կողմովն ալ ողնահարը ջախջախելով, կը գլորեն վար ձորին յատակը. Տղան կապուածներուն առաջին շարքին մէջ է եղեր. իրեն ալ այդպէս ականջին վիզին զարկեր, վար ձգեր են. դիակները վրայ վրայի լեզուցեր են. տղան կիսահոգի, մնացեր է դիակներուն ներքեւ. Նուաղուն, միւս օրը խելքը քիչ մը վրան եկեր, նայեր է որ մարդ չկայ, սաստիկ ծարաւած, ելեր ջրի եզերքն է եկեր, ջուր խմելու:

 

«Մեր հասնելուն առաջին օրը անցաւ. երկրորդ օրը,, կէս օրէն առաջ մեր կարաւանէն վեց հոգի բանտը տարին, որոնց մէջ էր հայրս (Լուսարարեան Օհան), Նորարեւենց Ահարոն աղան: Կէս օրէն վէրջը մէմուր է եկեր, ինչու՞ բանտարկեր էք ասոնք ըսեր, թող տուեր է: Իրիկուան ժամը 9:00ի ատեններն էր, ձեր պարխանային գալը լսեցինք. մօրքուրս ձեզի հետ ըլլալուն, դէմ եկայ. Քեզ տեսայ. Երբոր իջեւան հասանք, տեսայ որ մեր էրիկմարդերը ժողվեր կը տանին. հայրս ալ մէջերնին էր. ընծի ըսաւ. շուտ գնայ, պահուէ, քեզ ալ չառնէն. Ես գնացի մերերուն մօտ. պահուեցայ, մինչեւ ժամը 11: 00 ժողվեցին. Լուր եկաւ, թէ բանտը մարդ ունեցողները հաց-ջուր տանին. պիտի տանէինք. Վէրջէն չթողուցին. Սայլերուն չուվանները քակեցին տարին իրիկունը լուր առինք, որ ամէնը կապեր տարեր են:

 

«Միւս օրը եղաւ. առտուն նորէն սկսան էրիկմարդերը ժողվել. (Մեր կարաւանի այրերուն հաւաքելնին է): Մերերը ընծի աղջկան հագուստ հագուցին. բայց նորէն վախնալով թէ կը քննեն, տղայ ըլլալս կը հասկընան, վերմակներուն տակ պահեցին զիս: Չէթեները խստիկ կը խուզարկէին. Պահուած տեղես զիս ալ գտան. Աղջկան հագուստս հանեցին. մօրաքոյրերս, մայրս սկսան լալ-ողբալ. Չեթան կ'ըսէ.-Մի՛ լաք, ձեր խաթեր համար աս տղան ես պիտի մորթեմ, աս ղըլընճը ասոր համար սրցուցեր եմ. Մենք ենք ձեր ալլահը. եթէ ձեր Աստուածը ունի զօրութիւն մը թող գայ մեր ձեռքէն ազատէ:

 

«Զիս ալ այսպէս բռնած տարին բանտ. 300էն աւելի մարդ կայինք, քով-քովի երկու աչք տեղ լեցուցին մեզ: Տեղերը շատ նեղ ու ցած, հազիւ 40էն 50 մարդ կրնայ առնել. 150ականէն աւելի մարդ լեցուցին ամէն մէկ աչքը, վրայ-վրայի, քիթ-քթի, բոլորս ոտքի վրայ. Ասեղ ձգես գետին չըյնիր. Վերօք երկու պզտիկ պատուհան միայն, օդը արդէն տաք մոլը կոխեց. երթալով շունչերնիս կը նեղուէր. կուրծքերնիս կը ճնշուէր, քրտինքը հեղեղի պէս տաք տաք դէմքերնուս վրայ կը վազէր. անձնի վրանիս լոճ ջուրերու մէջ էր. զիրար կը հրէինք, հրմշտկէինք, կ'աշխատէինք պատուհաններուն առջեւ երթալ. Որ քիչ մը շնչենք, բայց կարելի չէր. այս շարժումներէն ախոռին հողին, ֆուշկիին փոշին կը բարձրանար. Շունչերնիս ալ աւելի կը նեղուէր. սոսկալի ծարաւէ ամէնքս ալ կը տառապէինք. Լեզունիս բերաննուս մէջ տնկուկ մնաց. կոկորդնիս չորցաւ. կը խեղդուէինք. սկսանք լաթերնիս հանել. շապիկ շապընկերով մը մնացեր էինք. շատերուն վրայ մարելիք կ'ուգար. ուշքերնին կ'անցնէր. Վէրջապէս 18 հոգի նուաղեցան ինկան. ալ չէին շնչեր. Շնչահեղձ եղած էին: Մեզի կից բանտ-ախոռը լեցուածներն ալ ճիշտ մեր այս վիճակին ենթարկուած էին. Երկու կողմէն ալ սկսած էինք ահագին աղմուկ յարուցանել, պոռալ-կանչել, դուռը ոտքով զարնել, կ'աշխատէինք խորտակել:

 

« Ժամը 10:00ին ժամանակները եկան դուռը բացին, սուինաւոր ժանտարմաներ դուռը կեցած էին. երկ-երկուք կարգով դուրս հանել սկսան. բայց մենք ատոր չի լսեցինք. Իրար կոխկռտելով դուրս լեցուեցանք. ուժասպառ, նուաղած կ'իյնայինք: Ընդարձակ բակ մըն էր մէջտեղէն արտաքնոցի աղտոտ ջուր մը կ'անցնէր. վրան թափեցանք. Անյագաբար կը խմէինք: Շնչահեղձ եղողներուն դիակներն ալ դուրս քաշեցին, քշելէն բերին այդ առուն, լեցուցին վրանին շունչ, կենդանութիւն գայ ըսելով: Ասոնց մէջ էր հաճի Փիլոս էֆէնետին 80 տարեկան ծերուկը: Բակին մէկ կողմը միւտիրլիքն է. շէնքին առջեւ միւտիրը, աթոռի մը վրայ բազմեր, կապոյտ չուխայ լաթերով, վայրագ դէմքով գազան մը: Քիւրտ պեկերը, տղաները նոյնպէս աթոռներու վրայ, բոլորտիքը շարուեր են:

 

«Պատին տակը մեզ քով քովի նստեցուցին. Ամէնքնիս ալ մէյ մէկ ձեռք հաց բերին տուին. մէյմէկ քիչ անուշ ջուր:

 

 

Link to comment
Share on other sites

«Ժողովուրդը փորձ մը ընել ուզեց, սկսան լալգին աղաչել-պաղատիլ միւտիրին, որ զիրենք ազատ արձակէ. խնայէ իրենց. Թոգաթցի մէկ քանի պատանիներ ալ կային, անոնք ալ պաղատագին, միւտիրին ոտքը կ'իյնային: Միւտիրին սիրտը քիչ մը կակղցած կ'երեւէր. Գլխաւորները յառաջ կանչեց, Ազգային հիւանդանոցի տեսուչը Մանուկ էֆ.(Հեքիմեան), եղբայրը Միհրան եւ ուրիշներ: Իբր փրկանք առաջարկեց, որ երթան մարդ գլուխ հինգական ոսկի բերեն. 15էն 20 հատ չափ ալ պատանիներէն-տղաներէն զատեց, առանց փրկանքի թող տուաւ, ասոնց մէջն էին թոգաթցի (եւդոկիացի) պատանիները (այս պատանիներէն մէկ քանին վէրջէն եկան Գըրգ-կէօզցի ևերէն-տղաներէն զատեց, առանց փրկանքի թող տուաւոր զիրենք ազատ արձակէ. մեր կարաւանին հասան: Ասոնց մէջ էր քեռորդիս՝ Թորան Նահապետեան. որ այժմ Եգիպտոս կը գտնուի: Միւսները եւ փրկան տուողները վէրջէն Ժամուն-Թաղի այրերուն առնուեր սպաննուեր էին: Այս մեզի եկող-հասնող պատանիներն ալ այս անցքերը նոյնութեամբ պատմեցին մեզի): Փրկանքի համար գնացողները վերադարձան. Ասոնց գլուխը կը գտնուէր Մանուկ էֆ.:

 

Ընտանիքներ ընդդիմանալով մնացեր էին. Մանուկ էֆ. Ասոնցմէ մաս մը դրամ հաւաքեր էր բերաւ յանձնեց. 18-20 հոգի մը արձակուեցան: (Ինչպէս ըսինք ասոնք ալ Ժամուն-թաղի այրերուն հետ սպաննուեր էին վէրջէն):

 

«Մնացեալներս մօր 250 հոգի, երկու բաժին ըրին, մօտը երկու խաներու մէջ լեցուցին- դուռը սուինաւոր պահնորդներ դրին. ժամը 12.00ը շատոնց անցեր էր. լուսինկալուս էր. խանին դռանը ճեղքերէն կը դիտէինք դուրսի քիւրտերը, որոնց ձեռքին նաճախ, սաթուր, կացին, թայֆայով կ'անցնին դէպի լեռը: Ժամը երկուքը անցած էր- երկայն չուվաններ բերին. Դուռը կիսաբաց ըրած, մեզ երկուքական դուրս կը հանէին. թեւ-թեւի ձիգ-ձիգ կը կապէին. Պըզտիկ եղբօրս հետ մի քանի տղաներով մենք ամէնէն ետքը մնացինք. Զիս ալ եղբօրս հետ կապեցին: Երբ որ լմնցաւ, քալեցուցին մեզ տարին լեռներուն ետեւը խորունկ ձորի մը վերեւ. այդ տեղ չի հասած մեր հետի ժանտարմները երկու զէնք արձակեցին. աս նշանին վրայ առաջուայ ղրկուած քիւրտերը նաճախները ձեռքերնին եկան. չորս կողմերնիս պաշարեցին, սկսան երկուքական արձակել. մերկացնել-արդէն շատերը մերկ էին շապիկ շապընկերով. դրամ կը փնտռէին լաթերուն մէջ. կ'ըսէին դրամ տուէք, երկուքական ոսկի, որ ձեզ գնդակով սպաննենք. որու՞ վրայ դրամ կայ որ տայ: Քակուածները կը սպաննէին, կը ձգէին առջեւի խորունկ ձորը. նաճախով մէկ մը վզին կը զարնէին, մէկ մը կռնակի ոսկորին, կը գլորէին վար. ձորը ամբողջ դիակով լեցուն, նեխած՝ հոտը աշխարհք բռնած էր. առջի օրուընէ կիսահոգի վիրաւորներու հծծիւնները, հռնդիւնները դեռ կը լսուէին: Կապեալներուս յուսահատական աղաղակները բոլորտիքի լեռները կը թնդացնէին. Շատեր աղօթքներ կը մրմնջէին. երեսնին կը խաչակնքէին. առ Աստուած կ'աղաղակէին, դահիճներ կատաղաբար կը ջարդէին. Էրմէնիլեր, պէյլիկ իսթիոր իտինիզ, իշտէ սիզէ պէյլիկ ըսելէն կը լեցնէին վար, վեց հոգի մնացեր էինք. կարգը մեզի կ'ուգար. հեռուէն մէկը կ'ուգայ-միւտիրն էր-եկաւ հասաւ դահիճներուն ուղղեց խօսքը-պէն սիզէ սէօյլեմետիմ մը՞ քի շէօյլէսի չոճուքլարի պրաքըն քէսմէյին. մեր թեւերը քակել տուաւ, խրատեց մեզ որ հախ-տինը ընդունինք, քիւրտի մը յանձնեց մեզ, որ տանի պարխանան մեր ընտանիքներուն քով: Եկանք որ մեր պարխանան ղրկած էին. Ժամուն-թաղի պարխանան եկած էր. անոնց մէջ ծանօթներու քով մնացինք»:

 

Մէջբերում «Եղեռնապատում» գիրքէն

 

 

Link to comment
Share on other sites

  • 4 months later...

ԱՊՐԻԼ ՔՍԱՆՉՈՐՍՍ ՕՏԱՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ*

 

Գրեց՝ Հրանդ Մարգարեան-Նիւ Յորկ 2003

 

 

Մեղաւորի մը զգացումով է, որ կը գրեմ այս տողերը:

 

Այսօր Ապրիլ 24 է: Մեր պատմութեան ամէնէն մթամած թուականը:

 

Որքան որ յիշողութիւնս ետ կերթայ, կեանքիս մէջ ամէ՛ն Ապրիլ 24ի օր կամ եկեղեցւոյ, կա՛մ քաղաքական հաւաքի, քայլարշաւի, ցոյցի, մշակութային ձեռնարկի մը ներկայ գտնուած եմ: Եղած եմ ունկնդիր, հանդիսատես, դասախօս, թատրոնի ղեկավար, արտասանող, բեմադրիչ...եւ ահա առաջի՛ն անգամ ըլլալով, այս տարի, մեղաւորի ցգացումով արթնցայ, որովհետեւ այսօր իմ ազգիս զաւակներուն հետ պիտի չըլլայի: Ներկայ պիտի չըլլայի մեր նահատակներու հոգւոյն համար կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնին: Պիտի չըմբոշխնէի խունկը: Ներկայ պիտի չըլլայի քաղաքական եւ ոգեկոչական ձեռնարկներու՝ նորոգուելու նոյնի՜սկ բազմիցս կրկնուած խօսքերով, լոզունգներով: Ներկայ պիտի չըլլայի մշակութային ձեռնարկներու՝ լսելու մեր հինը յուշող նոր ձայները...Այլ խօսքով, զրկուած պիտի ըլլայի ազգիս զաւակներուն հետ ԱՊՐԵԼՈՒ Ապրիլը եւ պիտի բացակայէի՝ զօրակցելու մեր պահանջներու ոգիին...Այս տարի օտարներու մէջ պիտի ըլլայի:

 

Թէեւ առաջին անգամը չէր, որ Ապտիլ 24ինօրը ներկայ կըլայի օտար հասարակութեան մը մէջ, բայց այդ առիթները տարբեր էին: Ատոնք բոլորն ալ առնչուած էին Ապրիլ 24ի խորհուրդին հետ: Միշտ հրաւիրուած էի իբրեւ դասախօս: Նի՞ւթս, կա՛մ՝ ապրիլեան դէպքերու քաղաքական եւ ընկերային վերլուծումը: Այսպէս, ելոյթներ ունեցած էի՝ Հաֆսթրա Համալսարանի միջազգային իրաւաբանական բաժանմունքին, Մքկիլ, Նիւ Եորք եւ Քոլոմպիա համալսարաններու մէջ եւ եւ մասնակցած էի իբրեւ դասախօս՝ Նորթ Քարոլայնա կայացած ընկերային հարցերու գիտաժողովին: Այս ձեւով օտարներու մէջ ըլլալս եւ «բացակայութիւնս» հայկական ձեռնարկներէ՝ արդարացուցիչ պատճառներով եղած էր: Բայց այսօր պիտի դասախօսէի Նիւ Եորքի նահանգային համալսարանին մէջ, իսկ նիւթս ո՛չ մէկ կապ ունէր Ապրիլ 24ին հետ: Այսօր քիմիագիտութիւն պիտի դասաւանդէի:

 

Ահա՛ մեծ եւ կրծող ցաւը:

 

Պատճա՞ռը հայկական ոգեկոչական ձեռնարկներէ բացակայելուն՝ համալսարանիս պարտականութիւնն էր: Նիւ Եորքի կրկնուող ձիւնամրրիկներու պատճառով համալսարանը քանի մը օրով փակուած էր այս տարեշրջանին եւ դասընթացքները չեղեալ սեպուած էին: Բախտէս, ի՜մ դասաւանդած օրերուն զուգադիպած էին ջնջուած օրերը: Կրթական տարուան մէջ այլեւս օր չունէի, որ յետաձգէի համալսարանիս դասախօսութիւնը: Ստիպուած էի Ապրիլ 24ին օրը, ամբո՜ղջ օրը մէջընդմէջ, առաւօտեան ժամը 8:00էն մինչեւ գիշերուան ժամը 9:00, դասաւանդել: Այլ խօսքով, առիթը չունէի որեւէ հայկական ձեռնարկի ներկայ գտնուելու:

 

Ահա այս մեղաւոր զգացումով էր, որ նոթերս շալկած համալսարանի դասախօսական ամպիոնը մտայ: Սովորական ճշդապահութիւնէս քանի մը վայրկեան ետ էի: Կարծէք ներքին չկամութիւն մը զիս ետ մղած էր: Ուսանողները արդէն իրենց տեղերը գրաւած էին, գիտէին, որ ճիշդ ժամուն կը սկսին դասախօսութիւններս: Մտայ եւ սկսայ սովորական դասախօսութեանս:

 

Գրատախտակին վրայ գծած մոլեքիւլները նոր ձեւեր կ'առնէին այսօր եւ տարօրինակ պատկերներ կը կազմէին աչքիս առջեւ: Բնակնդրուկի (benzene) վեցանկիւն շրջագիծը այսօր գանկերու տպաւորութիւն կը թողուր: Անոր կպչած ալքանական (alkyl) խումբերը իրենց ճիւղաւորումներով խաչեալներու կերպարանք կը ստանային: Ելեկտրոններու կլորաձեւ շրջագիծերը գանկերու վրայ փորուած խորոչներ էին: Մասնիկներու անուանակոչումներու մէջ պատահական թիւ 2 մը անոր կողքին 4 մը գրելու պահանջը կը պարտադրեր: Պատճառ ու հետեւանք յարաբերութիւններու բացատրութիւնները ապրիլեան պատմութեան դրուագներու քննութեան կը տանէին զիս: Հետեւանքի յարաբերական քանակի ակնկալումը՝ մեր ձեռք բերած արդիւնքներուն մը մղեր զիս...եւ այսպէս իրար հետ մրցող գիտութիւն-զգացում մակընթացութեան մէջ կը տատանէի: Ճի՜գ պէտք էր թափէի՝ զգացականը անջատելու գիտակցականէն: Սակայն ամէն գիծ գրատախտակին վրայ նոր պատկերի մը սկիզբը կը թուէր ըլլալ:

 

 

Link to comment
Share on other sites

Շարունակեցի երեք ժամ տեւող դասախօսութիւնը: Սովորաբար դասախօսութեան կէսին դադար մը կուտամ, որպէսզի գիտութեան եւ նիւթին ընկալումը դիւրանայ: Այս անգամուան դադարը աւելի ինծի՛ համար էր, քան թէ ուսանողներուն: Ե՛ս պէտք ունէի այդ դադարին: Գիտէ՛ի, որ այդ ժամուն եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն մը կը կատարուէր: Կ՛ուզէի մտքով հո՛ն ըլլալ ե՛ս ալ...իմ հարազատներուս հետ...Չէ՞ որ՝ ԱՄԷՆ ՀԱՅ ՆԱՀԱՏԱԿ Մ'ՈՒՆԻ ԻՐ ՀՈԳՒՈՅՆ ՄԷՋ: Այսպէս բանաձեւած էի ելոյթներէս մէկուն ընթացքին: Եւ այսօր հոգւոյս մէջ նստած այդ ՆԱՀԱՏԱ՛Կ էր, որ աչքերուս կը նայէր եւ ամօփի զգացումով կը պարսաւէր բացակայութիւնս:

 

Տասը վայրկեանի դադարը աւարտեցաւ: Ուսանողները ետ իրենց տեղերը գրաւեցին: Կաւիճը ձեռքս բռնած պիտի շարունակէի դասը: Ուսանողներէն մէկը ձեռքը բարձրացուց: Հարցնողին ընդառաջեցի: «Փրոֆեսոր»,- հարցուց,-«ու՞ր ծնած էք»: Տարօրինակ էր հարցումը: Քիմիագիտութեան հետ բացարձակապէ՛ս կապ չունեցող հարցում մը: Այլ առիթով կամ պիտի անտեսէի հարցումը, կամ ալ խուսափողական ձեւով պատասխանէի: Բայց այս անգամ, այսօ՛ր մանաւանդ, հրաշք հարցում մըն էր, որ կարծէք շարունակութիւնն էր այն բոլոր տակնուվրայութեան, որ ամբողջ օրը արդէն զիս կլանած էր...

 

Հարցումը ալեկոծ ծով մը բացաւ մտքիս առջեւ...

 

Արդարեւ, ես ու իմ սերնդակիցներս ու՞ր ծնած ենք, ինչո՞ւ հո՛ն ծնած ենք, ի՞նչպէս եղաւ որ մեր Երկրէն դու՜րս ծնած ենք...«Ծնունդ» բառին բուն իմաստը՝ հոգեկան-մտային բարդոյթը չէ՞՝ ծննդավայր-հայրենիք-դատ-պահանջ բարդ յարակցութեան թնճուկին: Սերունդ մըն ենք, որ անցեալի ու ներկայի պահանջներու մենամարտութեան մէջ ինկած լողորդի կը նմանինք: Փրկութեան ափի մը փնտռտուքի գերիներն ենք: Եզրակացութիւններ ունինք, բայց միջոցներ որոնելու մէջ կը տուայտինք:

 

Նոթերուս տետրակը գոցեցի...ու սկսայ նո՜ր դասախօսութեան մը, որ բացարձակապէս կապ չունէր քիմիագիտութեան հետ:

 

Առիթը ստեղծուած էր եւ հարցումը՝ տեղին:

 

Այս նոր դասախօսութեանս համար տարբեր մօտեցում պէտք էր որդեգրէի: Բարեբախտաբար կամ դժբախտաբար, այս օրերու համաշխարհային դէպքերը իրենց աշխարհագրական նպաստը բերին: Արդէն քանի մը շաբաթ է ի վեր Իրաքը քատրէսը իր բոլոր մանրամասնութիւններով անպակաս է հեռատեսիլի պաստառէն...Ամէն դիտող գիտէ՝ ո՛ւր է Պաղտատ, ո՛ւր է Պասրա, Մուսուլ..Սուրիա եւ այլն...Լա՛ւ սկիզբ էր:

 

 

Link to comment
Share on other sites

Հարցուցի ուսանողներուն, թէ այս օրերուն ի՞նչ քարտէս է, որ կը տիրապետէ հեռատեսիլի պաստառներուն վրայ: Ըսին՝ «Իրաքի քարտէսը»: Ըսի՝ «ահա այդտե՛ղ ծնած եմ: Իրաքի հարաւը՝ Պասրա քաղաքը»: «Բայց մականունդ «եան»ով կը վերջանայ, հայկական մականուն չէ՞ ատիկա: Ի՞նչպէս եղաւ, որ Պասրա ծնած ըլլաս», հարցուց ուսանող մը: Ուրախացայ, որ գոնէ մէկը գիտէր, որ «եան»ով վերջացող մականունները ընդհանրապէս հայկական են: Աւելի կարեւորը, ասիկա երկրո՜րդ հրաշք հարցումն էր, որ նո՜ր նիւթիս ասպարէզը կ'ընդլայնէր:

 

Բացի պատմութեան էջերը իրենց բոլո՜ր մանրամասնութիւններով: Հայոց պատմութիւն, լեզու, մշակոյթ, գիրերու գիւտ, կրօն...Պատմեցի, Եղեռնէն ազատած մօրս ու հօրս պատմութիւնը: Մօրս ականատես ըլլալը իր հօր մահուան: Թէ ինչպէս մեծ հօրս ամբողջ գիշերը ջրաղացի վրայ կապած խեղդամահ ըրած էին: Պատմեցի, թէ ինչպէս մանուկ մօրեղբայրս իր մօրը կռնակին վրայ գնդակահարեր էին, երբ անոնք գաղթի ճամբան բռնած՝ Կոտոլի կիրճէն կանցնէին: Թէ ինչպէս հօրս առաջին կինն ու զաւակները սպաններ էին Թէ ինչպէս տիկնոջս մեծ հայրն ու մեծ մայրը իր հօր աչքերուն առջեւ գնակահարեր էին: Թէ ինչպէս յղի կիներու արգանդները թուրով պատռած էին անմարդկային գրաւի մը արդիւնքը գիտնալու համար: Թէ ինչպէս հայ հոգեւորականը խաչի վրայ գամած էին իր կրօնը ծաղրելու համար: Թէ ինչպէս նաւերով Սեւ ծովուն մէջ խեղդմահ ըրած էին ամբող գիւղերու եւ քաշաքներու բնակիչները: Թէ ինչպէս մեր ամօթխած քոյրերն ու մայրերը իրենց պատիւը փրկելու համար Եփրատը ընտրած էին իբրեւ հանգստավայր: Յետոյ պատմեցի: Թէ ինչպէս «տեղահանութեան» կեղծ պիտակին տակ ամբողջ ազգ մը իր պատմական հողերէն, հայրենիքէն արմատախիլ ըրին եւ դէպի Սուրիոյ անապատ ղրկեցին...Պատմեցի, թէ ինչպէս ծնողքս Վասպուրականէն արտաքսուած, ամիսներ քալելով, գաղթած էին Պարսկաստանի վրայով Իրաք եւ կայք հաստատած էին Պասրա, ուր ծնած էի ես: Այս բոլորը կատարուած էր թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ, սկսած 1896ին, գագաթնակէտին հասած՝ 1915ին եւ շարունակուած՝ 1922, 1926թուականները եւ դեռ մինչեւ մեր օրերը: Ազգի մը կէսը միայն ողջ ձգած էին մնացեալ կէսը սգալու համար...: Ըսի՝ գիտէ՞ք ինչ ըսել է հայրենիքէ զրկել ազգ մը: Այդ համազօր է այդ ազգի ոչնչացման: Պատմութիւնդ խլել, դարաւոր մշակութային գանձերդ ոչնչացնել: Գիտցէք՝ հայուն մշակութային գանձերը ո՛չ միայն Հայ ազգին հպարտութիւնն են, այլ՝ համայն մարդկութեան: Եզրակացուցի՝ Հայ ժողովուրդը մարդկային 1,5 միլիոն կորուստին հետ կորսնցուց իր հայրենիքը: Պատմական այս արարքը Ցեղասպանութեան ընդունուած սահմանումներէն անդին կ'անցնի:

Ժամ ու կէս խօսած էի: Շունչ մը քաշեցի եւ ըսի, թէ ամէն Ապրիլ 24ին եւ դասախօսութիւնս չեղեալ կը համարեմ, որպէսզի ազգիս զաւակներուն հետ ըլլամ՝ հայութեան այս խոհական օրը միասին ոգեկոչելու համար:

 

Բացարձակ լռութիւն կը տիրէր դասախօսական սրահին մէջ: Ուսանողները քիմիագիտութիւնը մոռցած՝ այս անգամ հարցումներու տարափով իրենց հետաքրքրութիւնը կ'ուզէին գոհացնել...«ինչո՞ւ չենք լսած այս հարցի մասին», «ոճրագործները պատժուեցա՞ն», «թուրք պետութիւնը ընդունա՞ծ է իր ոճիրը», «հատուցում եղա՞ծ է հայ ժողովուրդին», «պատմական Հայաստանը ո՞ւր է»...հարցումներուն մէկ առ մէկ պատասխանեցի՝ մեր անտեսուած դատը դնելով անոնց հետաքրքիր մտածոշութեան առջեւ:

 

Դասաժամը վաղուց աւարտած էր, բայց դեռ նստած էին ուսանողները՝ կարծէք վերջին նորութիւն մը չփախցնելու համար: Դանդաղօրէն սկսան մէկ առ մէկ մեկնիլ: Սովորութեանս համաձայն, սպասեցի մինչեւ վերջին ուսանողը դուրս ելլէ, որ իրմէ ետք ես մեկնիմ, պարզապէս վստահ ըլլալու, որ ամէն հարցում պատասխանուած է:

 

Վէրջին ուսանողը երբ դուրս կ'ելլեր, մօտեցաւ եւ ըսաւ. «Փրոֆեսոր, դուն անոց հետ պէտք էր ըլլայիր այսօր»: Պահ մը նայեցայ այս երիտասարդի աչքերուն եւ ըսի. «ես ԱՆՈՆՑ հետ եմ արդէն»...

 

Մինակ էի դասարանին մէջ:

 

Սրբիչը առի եւ գրութիւնները ջնջեցի: Չեմ գիտեր՝ ինչու աչքերս թաց էին:

 

Պայծառ ապագայի յոյսը թաց աչքերուս մէջ ամբարած՝ մէջիս ՆԱՀԱՏԱԿԻՆ խոնարհեցայ ու քալեցինք միասին...

 

24 Ապրիլ 2003

Քանկըրս, Նիւ Եորք

Գրեց՝ Հրանդ Մարգարեան

*Ծանօթ. Աշխարհագրական անուններու ուղղագրութիւնը պահած եմ հեղինակի գրածին պէս- Յովհան.:

 

 

Edited by Johannes
Link to comment
Share on other sites

  • 2 weeks later...
http://www.aztagdaily.com/Today/html/page6.htm

An article from Zaven Khanjians’ book.

The book is about a journey to Western Armenia at 2006

Յովաննէս դու արդեն գիտես թէ Զաւենը ծնվել է քո քաղաքում եւ թէ ինք զավակն է այդ նշանավոր ատաղձագործ Վազգեն ին

Edited by Arpa
Link to comment
Share on other sites

  • 8 months later...

Ապրիլ 24, օր մը 365 օրերէն: ինչպէս միշտ, այս տարի եւս հայկական կազմակերպութիւնները ծէսով պիտի նշեն Հայասպանութեան եւ հայրենաջնջումի յիշատակի այս օրը: Մինչ բանախօսներ պիտի կմկման խօսափողի մօտ, երիտասարդներ զբաղ պիտի ըլլան տարբեր խնդիրներով: Ոմանք՝ հայ միջավայրէ հեռու ապրողներ, պիտի շարունակեն սովորական առօրեանին, այլք՝ գործատեղի փակողներ, առիթը օգտագործելով պիտի կազմակերպեն պտոյտներ. բնութեան գիրկին մէջ, կամ այլուր:

 

Թուրքը ապուշ չէ, ան գիտէ հայութեան վիճակը, կը կարդայ, այլեւ կը շօշափէ հայ ժողովրդեան տրամադրութիւնը:

 

Հայ Դատը, Ցեղասպանութեան ճանաչումը հայ ժողովուրդի խնդիրը չէ այլեւս, առաւել եւս հայ անհատի խնդիրը: Հայ մարդը, այդ խնդիրները բարձած է հայ կազմակերպութիւններու ուսին, հոգեպէս գոհանալով եւ գլուխը հանգիստ բարձին դնելով, իր պարտքը կատար համարած է:

 

Մեզնէ որեւէ մէկը, այդ բարոյական իրաւունքը չունի, բարոյախօսութիւն սահմանելու եւ ընելիքն ըսելու ուրիշին, սակայն կը կարծեմ, որ դիտելու եւ մեր դիտածը արձանագրելու իրաւունք ունենալու ենք: Ներողամիտ եղէք հայեր:

 

Թուրքն աւելի լուրջ պիտի վերաբերէր այս խնդրին, եթէ այս օրով, եւ ծէսով չսահմանփակուէր Հայաստանի ջնջման յիշատակումի տօնն այս: Թուրքն աւելի լուրջ պիտի վերաբերէր այս խնդրին, եթէ Հայ Դատը իւրաքանչիւրիս անհատական խնդիրը ըլլար, չէ՞ որ անհատ հայեր վնասուած են, ինչպէս որ ազգն ու հայրենիքն է վնասուած:

 

Հայկական իրաւունքը, անհատական խնդրի վերածած անհատ հայեր, համախմբուելով պիտի պայքարէին: Ահա այդ ժամանակ, թշնամին պիտի տագնապէր իսկապէս:

 

Որքան հեռանայ թուականներն այդ սեւ, այնքան զգացականէ գիտակցականի կանցնի. հայ ժողովուրդի մօտ, Հայասպանութեան պարագան:

 

Այսօր ո՞վ կը զրուցէ սելջուկ թուրքերու, աբբասեան բուղայի, մոնղոլ-թաթարներու, սպիտակ ու սեւ ոչխար արածողներու գործած հայասպանութեանց ու շահ Աբասի կատարած հայաթափման մասին: Չէ որ Հայաստանի թուլացումն սկսաւ այդ օրերէն ու շարունակուեցաւ մինչեւ այդ սեւ թուականը, որու յատկանիշն էր. վերջնական հայաթափումը Մայր Հայաստանի:

 

Համշէնահայերով կը մխիթարուինք:

 

Կուգայ այդ օրը, երբ Ապրիլ 24-ի ծէսն ալ, Վարդանանքի եւ միւս ազգային տօներու ծէսի կարգին կանցի, ու մենք զմեզ կը համոզենք հոգեհանգստեան պատարագով մը:

 

Ինծի չճանչցողը թերեւս հայհոյէ եւ քարկոծէ մտքով: Ցաւօք սա է որ կը տեսնեմ հայ ժողովուրդի տրամադրութեան մօտ: Այսօր կան ոմանք, որ Մարտի 1-ի զոհերը կը համեմատեն Ցեղասպանութեան եւ հայրենակորուստի հետ, աղաւաղելով եւ Մարտի 1-ը եւ Հայասպանութեան իրականութիւնը: Մենք այդ ժողովուրդը չենք որ պայքար տանինք եւ յաղթենք, այնքան ժամանակ երբ հայ ժողովուրդի առաջնահերթութիւնները տարբեր են:

 

Զոր օրինակ՝ առաջնահերթութիւնս է. Արցախի ու Հայաստանի ամրապնդումը, եւ այնպիսի պետութեան մը ստեղծումը, որ կարենայ կազմակերպել՝ Հայահաւաք եւ հողահաւաք:

 

Ուրիշի առաջնահերթութիւնը. ժողովրդավար, բարգաւաճ ու բարի դրացիական յարաբերութիւններով ապրող Հայաստանի Հանրապետութեան կերտումը:

 

Մէկ այլ հայ, թերեւս, միայն Արեւմտահայաստանի վերադարձով հետաքրքիր է:

 

Իսկ բացարձակ մեծամասնութեան մօտ, թերեւս, այսպիսի խնդիրներ, ինչպիսին է Հայ Դատ, հողահաւաք ու հայահաւաք, չգոյ են, եւ ըստ այդմ կապրին կը գործեն եւ կը մտածեն:

 

Այս է որ կը տեսնեմ, տեսած եմ, հայ ժողովուրդի մօտ, ի Սփիւռս եւ ի Հայս: Եթէ կան Հայ Դատ հետապնդող կազմակերպութիւններ, ապա անոնց ժողովրդային հիմքը խղճալի տոկոս կը կազմէ:

 

Շատ աւելի լաւ կըլլար, եւ յարգած կըլլայինք զոհերը, եթէ առաջին օրէն հայկական ներուժը տրամադրէինք արուեստի բնագաւառին, ատկէ ստանալու մեր ուժը, եւ ատոր տալու. արդէն արուեստի գործքով անմահացած մեր վիշտը:

 

Այլապէս, ի՞նչ պիտի ընենք, երբ ծնկաչոք ներողամտութիւն խնդրէ թուրքիան: Անոր տալիքը ստանալու համար ափ պէտք է, չէ՞, այդ ափը ունի՞նք: Յիսուն անգամ գրածս վերստին գրեմ. ժամանակին Սեւրեան Հայաստան տուին, չէ՞, կրցա՞նք առնել, չկրցանք, վասնզի առնելու ուժ ունեցողը հրամանագրի պէտք ալ չունի:

 

Յուսահատ պիտի չի ըլլայի, եթէ հայ մարդը եւ հայ ժողովուրդը յիշողութեան կարճութիւն չունենար: Այս յիշողութեան կարճութեան մասին ալ չգրեմ, խնայեմ ինձ եւ ձեզ, սիրելի հայրենակիցներ:

 

 

Edited by Johannes
Link to comment
Share on other sites

Join the conversation

You can post now and register later. If you have an account, sign in now to post with your account.

Guest
Reply to this topic...

×   Pasted as rich text.   Paste as plain text instead

  Only 75 emoji are allowed.

×   Your link has been automatically embedded.   Display as a link instead

×   Your previous content has been restored.   Clear editor

×   You cannot paste images directly. Upload or insert images from URL.

Loading...
×
×
  • Create New...