Jump to content


Photo

ԱՊՐԻԷԼ


  • Please log in to reply
No replies to this topic

#1 Arpa

Arpa

    Veteran

  • Members
  • PipPipPipPipPip
  • 10,011 posts
  • Gender:Male
  • Interests:Culture

Posted 30 December 2009 - 03:01 PM

ԱՊՐԻէԼ**

Դանիէլ Վարուժան
From his collection-Կրկէսին Մէջ
(**Note. Ապիէլ is a variation of Ապրիլ, the month of April)

Որ քարայրէն մութ, որ մութ խըրճիթէն

Ելաւ, չեմ գիտեր. դեմի հովիտէն?

Կը վազէ կուգայ: Բիբերով հըրձիգ`

Կարծես լի դողով մը նոր եղեռնի,

Սեւ մազերն հովին, ոտքերով բոպիկ,

Ամայի դաշտին մեջտէղ կը կանգնի:



Վերածնուհին է, լեռներո°ւ աղջիկ,

Մրըրկին պես զօրեղ, վարդին պէս գողտրիկ,

Իր հոյնով գըծուած շըրթունքին աղու

Կայ համբոյր մ’յուռթի, արեւու քըթթում,

Եւ կ’այրի հոգին տենչով մը` տալու

Խոցելով` ծաղիկ, մահով` ըստեղծում:



Կը գոչե. «Հերի°ք սառոյցէ կըճեայ

Գերեզմանը ձեզ արթընցէ°ք, ահա

Բերած եմ լազվուրթ երկինք, օդ ջերմին,

Կուռ ծիծերուս մէջ ծաղկի անուններ.

Ձիւնէն դուրս, ցցուն վիզով դէ’պ արփին`

Ապըստամբութի°ւն եմ ձեզի բերեր»:



Կ’ըսէ: Իր հմայիչ գոռ ձայնէն ըսթափ`

Աղիքներն երկրին նոր կեանքով մ'հրատապ

Կը սըկսին թընդալ. եւ լուռ կը սողայ

Ակօսներուն մէջ շոգի մ'հուր, ծաւի.

Մերկ անտառներուն, մերկ բլուրներուն վրայ

Կանանչ պատմուճան մը կը ծըրագըրուի:



Հոն, կանգնած գեղջուկն հիւղի թաց շեմին`

Ուր կը մնա ձիւնէն մաս մը տակաւին`

Կ'աճռէ բըժոտ աչքն երկինք նայելով,

Գոմէշներն արբշիռ տաք հողին հոտէն

Մութ գոմերէն դուրս կարկառուն վիզով`

Աղջըկան դէմքին, գոհ, կը պոռոչեն:



Բայց Ան կը խըթէ, կու տայ կըռուփներ

Անոնց` որոնք ծոյլ կը յօրանջեն դեռ.

Ամպրոպի մ'հանգոյն կ'անցնի անտառէն.

Եւ աչքերէն բորբ, սերմի աղբիւրներ,

Կը տեղա օդին փոշի մ'ոսկեղէն,

Հովերուն մէջ` երգ, սըրտերու մեջ` սէր:



Կոճղէզներուն մէջ եւ սըրտուկներուն

Կը մըղէ աւշի մ'ալիք մընչուն.

Կը ճեղքէ ամէն պըտուկ, բուն, դըժնիկ,

Ոստերուն ծիլ ծիլ վառելով բուծին

Եւ իր շունչին տակ, զեփիւռ անդրանիկ,

Թուփեր կը խընկեն, կը ծաղկի նըռին:



Կը լայննա կապոյտն. Ամպեր կաթնորակ,

Իբրեւ կարավան մ'ուղտերու ճերմակ

Կ'երթան տա°ր աշխարհ, դանդաղ, լըրջայօն,

Ու երբ կը մընա երկինքն ազատ` Ան

Կը լեցընէ բիւր ծիծեռնակներ հոն,

Օրհներգու մոգերն իր արարչութեան:



Հետոյ խոնջ, մըխած իր սեւ մազերուն

Վարդ մը, առջինե°կը դեռ վարդերուն,

Կ'երթայ. Փութալով մարգին մէջէ ճոխ,

Հոն վարը հանդարտ ծաղկած նըշիի

Մը լայն շուքին տակ լուռ մունջ երազող

Բանաստեղծի մ'հուր գիրկը կը հանգչի:





0 user(s) are reading this topic

0 members, 0 guests, 0 anonymous users