Jump to content


Photo

ԾԵՐ ԿՌՈՒՆԿԸ


  • Please log in to reply
No replies to this topic

#1 Arpa

Arpa

    Veteran

  • Members
  • PipPipPipPipPip
  • 10,011 posts
  • Gender:Male
  • Interests:Culture

Posted 17 June 2011 - 07:38 AM

Ցեղին Սիրտը

Դանիէլ Վարուժան

ԾԵՐ ԿՌՈՒՆԿԸ

Գետափին վրա, կռունկներու շարքին մեջ,

Ան իր գլուխը ծռեց.

Դըրաւ կըտուցը թեւին տակ, ու ծեր, խոնջ,

Նուաղկոտ բիբով ըսպասեց

Իր վերջին սեւ վայրկեանին.

Երբ իր ընկերները ա°լ մեկնել ուզեցին`

Ան չըկըրցաւ անոնց թռիչքին միանալ.

Հազիւ բացաւ աչքն ու դիտեց օդին մէջ

Խըմբակին չուն` որ կ’երթար

Երդերէն վար կըրկռալով

Հանձնուած լուրեր, բարեւներ,

Եվ արցունքներ պանդուխտի:



Ա¯հ, խեղճ թըռչուն. Այդ դալկահար գըրկին մեջ

Աշնանային ցուրտ լըռութեան` կը մեռնի:

Փո¯ւճ է այլեւս երազել

Գարուն մ’հեռուն, գաղջ հոսանքները օդին

Ճախրող թեւին տակ զորեղ,

Կամ սրունքներով ջըլեբաց

Անցքը պաղուկ առուակներէ, մեծ վըզին

Մըխըրճումները շամբերուն մեջ կանանչ,

Փուճ է այլևս երազել:

Թեւերը հայ կըռունկին

Ա°լ հոգնած են ճամբորդելե: Ան եղաւ

Հավատարի°մ սըրտաճըմլիկ պաշտոնին,

Փոխադրեց շա¯տ արցունքներ.

Ո¯րչափ հարսեր իրենց սըրտերը հըրատապ

Իր քըքշական փետուրներուն մեջ դըրին.

Ո¯րչափ մայրեր և որդիներ բաժնուած

Անոր թեւերը բեռցուցին համբոյրով…



Արդ սարսուռով մ’օրհասի

Ան վըրայեն կը թոթուէ

Մեծ վիշտն Ազգի մը նըժդեհ,

Ուխտեր հանձնուած, լացեր գաղտ

Նըշանածի մ’որ տեսաւ ա°լ իր հետին

Վարդի թոշնումը դեռ բընա°ւ չհամբուրած,

Տըրտում օրհնէնք մը մամու,

Սերեր, իղձեր, կարոտներ

Ա°լ վըրայեն կը թոթուէ:

Եվ գետափին գորշապատ

Ամայութեան մէջ բանալով վերջին հեղ

Յոգնած թռիչներն ուղղաբերձ`

Հայ բլուրներուն, գիւղերուն վրա կիսաւեր,

Կըրկռոցովն օրհասի

Գաղթումը ան կ’անիծէ¯:

Եւ կ’իյնա, լուռ: Խիճերուն վրա գետափին

Կ’որոշէ իր գերեզմանն,

Ու մըխելով կըտուցն հիր

Քարի մը տակ, բընակարան դոդոշի,

Քարշ ձգած վիզն իր ճապուկ,

Ալիքներուն երգին մեջ

Դողով մը վեհ կը մեռնի¯…



Հոն օձ մ’որ լուռ, երկա¯ր ատեն կը դիտեր

Այդ ճըգնաժամն ակընկառոյց բիբերով`

Գետեզրեն վեր կը սողա

Ու վրէժէ մ’հին օրերու,

Վատ ոստումով մ’հապըշտապ

Անոր մեռած պարանոցին կ’ոլորուի…





0 user(s) are reading this topic

0 members, 0 guests, 0 anonymous users