Posted 15 October 2008 - 12:12 PM
Ռ. Հատտէճեան եւ
Ա. Յարութիւնեան
Տակաւին եւ միշտ երազային Հալէպը...
Անցեալ շաբաթ Հալէպ այցելեցինք։ «Երկու քարով մէկ (գարուն) թռչուն» պատգամեր է բանաստեղծ Զահրատը։ Բայց մենք մէկ քարով երկու թռչուն կամ գարուն զարկինք, քանի որ բանաստեղծ չենք... տակաւին։
Իմացած էինք, որ Ռ. Հատտէճեանն ալ Հալէպ պիտի գտնուէր՝ իր մասնակցութիւնը բերելու կատարուելիք հանդիսութեանց։ Եւ ահա անակնկալը. մեր պանդոկին մէջ կը հանդիպիմ Մաթիկ Էպլիղաթեանին, որ վերջերս գրեթէ առանձինն մշակութային իրադարձութիւններ կ՚իրագործէ, եւ իմացանք, որ Ռ. Հատտէճեան արդէն հասած է նոյն պանդոկը, եւ թէ «արգիլուած է» խանգարել զինք, «քանի չափազանց յոգնած է»։ Մենք ալ տառը-տառին հնազանդեցանք թագաւորական այս հրամանին։ Բայց յաջորդ առաւօտ խանգարելու հարց չկար եւ թերեւս քիչ մը կանուխ, զանգեցի՝ համբերութեանս չիբուխը մոխրացած ըլլալով. «Շուտով եկուր» ըսաւ։ Ողջագուրուեցանք եւ սկսաւ «նուէրներու» փոխանակումը, որոնք գիրքերէ եւ թերթերէ կը բաղկանային. եւ անյագ խօսակցութիւններ, մինչեւ որ պէտք եղաւ իջնել նախաճաշի։ Ռ. Հատտէճեան սակաւախօս չէ, բայց սակաւակեր կ՚երեւի։
Քիչ ետք հասան Մաթիկն ու Լ. Շառոյեանը եւ դարձեալ՝ գիրքերու փոխանակում եւ Ռ. Հատտէճեանի առեւանգում... ինչ որ հետագայ օրերուն ալ պիտի կրկնուէր եւ ասիկա խօսակցութեանց գագաթնակէտին։
Ուրբաթ, 5 սեպտեմբերի երեկոյեան, դասախօսութիւն մը տրուեցաւ Ռ. Հատտէճեանի կողմէ, լեցուն սրահ մը` «Լ. Շանթ», նիւթ՝ «Հայ եկեղեցին հայ մարդու ամէնօրեայ ապրումներուն մէջ»: Մենք կը յոխորտանք Պէյրութի մէջ մեր գեղարուեստական բաժիններով։ Պէտք էր Հալէպ գտնուիլ ըմբոշխնելու համար այս երեկոյթին գեղարուեստական բաժինը։ Առաջին անգամ ըլլալով՝ բեմին վրայ տեսանք երեք շնորհալի օրիորդներ, որոնք ո՛չ ասմունքեցին եւ ո՛չ ալ երգեցին, այլ քանոնի վրայ նուագեցին «Սուրբ, սուրբ»ը եւ այլ շարականներ։ Այնքան հմայիչ, որ կարծես երկինքէն իջած հրեշտակներ ըլլային։ Որքան փափաքեցայ, որ այդ պահը երկարէր ու երկարէր...
Բացման խօսքը կատարեց Յովիկ Սերայտարեանը, որ նոր սերունդի երիտասարդ ներկայացուցիչն է մաքուր հայերէնով մը։
Քանոնի «համերգ»էն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ Ռ. Հատտէճեան՝ տալու իր բանախօսութիւնը։ Աւելորդ պիտի ըլլար հոս ներկայացնել զինք, քանի որ «երեւցող գիւղին առաջնորդ չ՚ուզեր», քանի որ ան քաջածանօթ անձ մըն է համայն հայութեան, սկսելով... Հալէպէն։ Կրնանք սապէս ալ նկարագրել զինք. Ռ. Հատտէճեան համեստ հայ գրող մըն է, որ առանձինն գրողներու միութիւնն է եւ աւելի գործօն է, քան թէ այդ «կրող - գրողներու» միութիւնները, որոնք սունկի պէս կը բուսնին՝ սկսելով Պէյրութէն, մինչեւ Հայաստան եւ Միացեալ Նահանգներ։
Ես ի յառաջագունէ կը զգայի, որ գեղեցիկ բանախօսութեան մը ներկայ պիտի ըլլայի։ Աւարտին, ինքզինքս այպանեցի, որ այսքան տարիներու մեր եկեղեցւոյ ծառայ, ոչինչ գիտէի, բաղդատած այն ինչին, որ լսեցի այդ երեկոյ։ Ուրեմն բեմին վրայ էր աշխարհական զգեստներով «արքեպիսկոպոս» մը, որ գրեթէ մէկ ժամ ճոխացուց մեր եկեղեցական գիտելիքները։ Իրմէ խնդրեցի, որ «Մարմարա»ի մէջ լոյս ընծայէ իբրեւ յօդուած մը, որ մեծ ներդրում մը կրնայ ըլլալ մեր եկեղեցական գիտելիքներուն վրայ, որմէ ժողովուրդին ստուար մէկ զանգուածը «պեխապար» է։
Այս հաւաքոյթը, ինչպէս նաեւ կիրակի 2-9-ի միջոցառումը, կը վայելէին բարձր հովանաւորութիւնը «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժինի տնօրէն Զաւէն Եկաւեանի։ Այս անունն ալ երկար ժամանակէ ի վեր կը թեւածէ բոլոր հայ հաստատութեանց վրայ, Հայաստան եւ ի Սփիւռս աշխարհի, ջերմացնելով տակաւ ցրտացող մեր դպրոցներն ու հաստատութիւնները։ Հրատարակչական մարզի մէջ ալ մեծ ներդրում կայ։ Սակայն չեմ կրնար չյիշեցնել անոր, թէ Հայաստան տպուած գիրքերը տպուէին մեսրոպեան ուղղագրութեամբ, այլապէս անմատչելի պիտի ըլլային սփիւռքահայ ընթերցողներու։
Եւ պատգամ մըն ալ պիտի տային հայաստանցի եղբայրներուն։
Յաջորդ առաւօտեան (6 - 9 - 2008), աքլորականչէն առաջ, Կարօ Աբրահամեանը արդէն ժամանած էր պանդոկ։ Երբ նախաճաշի իջանք, Ռ. Հատտէճեանն ու Կարօ Աբրահամեանը արդէն կտուց-կտուցի խօսակցութեան մէջ էին՝ ի վնաս ստամոքսին։
Դարձեալ գիրքեր, թերթեր եւ խտասալիկներ փոխանակուեցան: Հայրս կ՚ըսէր, թէ արջը 72 պատմութիւն ունի, բոլորն ալ՝ տանձի մասին։ Մեր սիրահարութիւններն ալ տիպ ու տառի մասին են։
Մենք դարձեալ բաժնուեցանք ժամանումով Ռ. Հատտէճեանի «թիկնապահներուն», կէսօրին հանդիպելու խոստումով, Հալէպի նշանաւոր «Ուանէս» ճաշարան, ուր մեզի միացան տէր եւ տիկին բժ. Թ. Թորանեանները, եւ լաւագոյն կէսս, «վարդագոյն ժպիտ»ը՝ ըստ փրոֆ. Լեւոն Հախվերդեանի։
Չեմ գիտեր, թէ ո՞վ շատ խօսեցաւ այս 4 - 5 ժամերու ընթացքին։ Համադամ աղանդերներու վրայ առաջին յարձակումէն ետք, Կ. Աբրահամեանի անհամար հարցումներու համազարկը ստիպեց, որ Ռ. Հատտէճեանը իր ռազմամթերքը գործածէ առաւելագոյն չափով, որուն վրայ աւելցան բժ. Թ. Թորանեանի մեկնաբանութիւններն ու քննադատութիւնները, եւ ճաշը փոխուեցաւ «ակադեմական» խօսքերու փոխանակութեանց թատերավայրի մը։ Ամէնէն սակաւախօսը ես էի, քանի որ բարի աշակերտի մը պէս սորվելիք շատ բաներ կային։ Ալեփփօ քոլեճի մէջ անգլերէնի ուսուցիչը, որ ամերիկացի մըն էր, կ՚ըսէր. «Մտիկ ընելը աւելի դժուար է, քանի որ քիչ ետք բաներ մը սորված պիտի ըլլաս»։ Այսօր ալ այս խօսքը իր արժէքը ունի։
Այս «պատմական» հանդիպումէն ետք մեր ճամբաները դարձեալ բաժնուեցան՝ օտար, ամայի։ Կարոն մեկնեցաւ իր հովուական այցելութեանց (նոյն գիշերը պիտի մեկնէր), Ռոպերը սենեակ ելաւ հանգստանալու, մենք ալ սկսանք պատրաստուիլ մեր հարսանեկան արդուզարդին։
Հալէպ եւ իր երազային հարսանիքները... հազար եւ մէկ գիշերներ... մերիններուն պսակի օրը, շաբաթ, չորս պսակ կար։ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ընդարձակ բակը լեցուն էր հարսնեւորներով։
ժամը մէկ պսակի հաշուով (կրնաք երեւակայել խճողումը) եւ եթէ նազելաճեմ հարսին մէկը 10 - 15 վայրկեան ուշանայ, ինչպէս մեզմէ առաջ եղողը, ղալմաղալը կը հասնի իր գագաթնակէտին, եւ կը պարզուի շատ հաճելի տեսարան մը...
Վստահ եմ, որ կիրակի օրերն ալ կը պսակուին, եւ նոյնպէս՝ տարբեր եկեղեցիներու մէջ, ընդհանուր թիւը չենք տար որ... աչք չդպնայ։ Հալէպի հայութեան թիւին ապագան փայլուն է։ Քահանային ըսածին պէս. «Աճեցէք եւ բազմացարուք»...
Բացառիկ հրավառութիւն, բայց հարսանիքը վերջապէս երկու հոգիի համար է, ինչպէս կ՚ըսեն այնթապցիները։ Ինծի համար բացառիկ առիթ մը եղաւ հանդիպելու հին բարեկամներու եւ ազգականներու, բոլորն ալ՝ կքած տարիներու բեռան տակ, բայց՝ գեղեցիկ եւ առողջ նոր սերունդ մը, որուն հայեցի դաստիարակութեան մեծ հոգ կը տարուի պատկան իշխանութեանց կողմէ։
Պարահարթակը գրեթէ չպարպուեցաւ. հարսն ու փեսան պարեցին ու պարեցին։ Մտածեցի, որ մեր բոլոր նորապսակները եթէ նոյն սիրով ալ հայերէն գիրք կարդային, 8-րդ հրաշալիքը պիտի ունենայինք։ Երկուքն ալ հայկական դպրոցի շրջանաւարտ եւ ինչպէս բոլորը։
Աղօթենք։
Այս հարսանիքին առթիւ յիշեցի մեր հարսանիքը, 50 տարիներ առաջ, որ տեղի ունեցաւ մեր տան տանիքը, սեղմ շրջանակի մէջ, առանց նուագախումբի, առանց հրավառութեան եւ յապաղած մեղրալուսնային ճամբորդութեամբ։ Ազգին տուինք երեք արժէքաւոր զաւակներ եւ չորս թոռնիկներ։ Հերթը նորապսակներունն է այժմ։ Բարի՛ երթ։
Յաջորդ առաւօտ Ս. Աստուածածին եկեղեցին այցելել պարտաւորիչ եւ հաճելի էր։ Յ. Շիրազ իր «Խաչեզարէ եւ Սիամանթօ» պոեմին մէջ տեղ մը կ՚ըսէ. «Ի՛նչ էլ լինի, ես կը գամ դեռ, քաջն անմուրազ չի մնայ»։ Նախ կը մտնեմ գրասենեակ, մէկ ծանօթ դէմք, Յ. Պալիոզեան. կը խօսինք անցեալէն, եւ՝ անխուսափելի հարցում՝ «Ո՞ւր է Յակոբ Տիշոյեանը»։ Կեանքը քեզի, Գէորգ Եսայեան, Յակոբ Քիւրքճեա՞նը, նոյնպէս կային-չկան...
Յուզումով կը բարձրանամ վերնատուն։ Հոս ալ ծանօթ դէմքեր նուազած են։ Պատնէշի վրայ է մեր հին խմբավարն ու դպրապետը՝ Ժ. Իսկենեան, միշտ երիտասարդ։ Այժմ «հսկիչ»ի դերին մէջ է եւ նոր սերունդէն Սագօ Իսկէնեան, մեր տարիներու ընկեր Սահակ սարկաւագին զաւակը, որ մեծ բծախնդրութեամբ կը կատարէ իր պաշտօնը: Իսկ Սահակ սարկաւագը, որ թերեւս քանի մը անգամ աւագութեան աստիճան ստացած է, եկեղեցական ծէսերու գիտելիքներու շտեմարան մըն է՝ հին սերունդի լաւագոյն ներկայացուցիչներէն։ Դարձեալ խօսքը եղաւ մեր Այնթապէն մնացած շարականներու եւ մեղեդիներու խտասալիկի վրայ արձանագրութիւնը։ Ժամը 12։00-ին քառորդ կայ. պէտք է աճապարել: Երկուքին ալ մէյ-մէկ օրինակ «Նամակներ Պէյրութէն» գիրքէս մակագրեցի։ Յիշեցինք Պետրոս Խոճայի օրերը, երբ ոտքով բանող երգեհոն մը կար, այսօրուան ելեկտրականին փոխարէն։ Այդ հինաւուրց երգեհոնը ով գիտէ քանի տարի ծառայած էր։ Ստեղնաշարներու վրայի «ոսկոր»ը գրեթէ մաշած եւ տեղ-տեղ կոտրած, բայց եւ ատիկա պիտի չփոխանակէի աշխարհի ամէնէն սուղ երգեհոնին հետ։ Ուրի՜շ էր անոր ձայնը...
Հէյ կիտի օրեր... պիտի ըսէր փրոֆ. Լ. Հախվերդեան։
Վերջին միջոցառումն էր 2/9/08 թուականին «Ամէնուն տարեցոյց»ին Զ. հատորին (1912) շնորհահանդէսը՝ «Կիւլպենկեան» դպրոցի «Գէորգ Եսայեան» սրահին մէջ: Գեղարուեստական բաժինը դարձեալ անակնկալ մըն էր. քառեակ մը, 3 ջութակ եւ 1 թաւջութակ, իսկական պերճանք մը մեր Պէյրութի մաշտապով՝ մեզի հրամցուցին «Ամպել ա» եւ «Ալ այլուղս», շատ յաջող կատարողութեամբ: Իմացանք, որ Հալէպ այժմ կը հաշուէ 6 երկրորդական եւ 3 երաժշտական վարժարան, 12 հազարի հասնող աշակերտական բանակ մը եւ բազմաթիւ նախակրթարաններ: Կ՚երեւի, թէ Հալէպի հարուստները իրենց զաւակները հայկական վարժարան կը ղրկեն: Ասիկա պատիւ մըն է հալէպահայութեան, եւ ասիկա՝ իր «երազային» քաղաքին մէջ: Հանդէսին նկարագրութիւնը կայծակնային արագութեամբ լոյս տեսաւ «Ազդակ»ի 11/9/08 թիւով: Չեմ ուզեր կրկնել բայց՝ երկու «անուշ խօսք», ինչպէս կ՚ըսեն դամասկոսցիները: Դարձեալ հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Զաւէն եւ Ինկրիտ Եկաւեաններու, որոնք իրենց կողքին ունէին Գերշ. Շահան եպս. Սարգիսեանը, միւս կողքին՝ Ռ. Հատտէճեանը, որուն քովն ալ՝ համեստս: Իմ նկարս լոյս... չտեսաւ, քանի որ, ափսո՜ս, փողկապ չէի կապած...
Ցուցադրուած երիզը Թէոդիկի կեանքին եւ գործին մասին սքանչելի էր, 100 առ հարիւր՝ Հալէպի արտադրութիւն: Էական է, որ այս տեսաերիզը խտասալիկի վերածուի եւ տարածուի ամէնուրեք: Ապա գրակալը ազգայնացուց Լ. Շառոյեանը, եւ յետոյ Ռ. Հատտէճեանը: Երկուքն ալ զուլալ հայերէնով մը ներկայացուցին Թէոդիկի «Ամէնուն տարեցոյց»ը երեկոյթը: Հատտէճեան աւելի համակրելի եւ առինքնող էր, պոլսաբոյր, իսկ Շառոյեանը՝ աւելի պաշտօնական: Զիրար ամբողջացնելով՝ մեզի պարգեւեցին սքանչելի երեկոյթ մը, որ մեր յիշողութեան մէջ պիտի մնայ քանդակուած երկար ժամանակ:
Ապա խօսք առաւ Զ. Եկաւեան, սրտի տաքուկ խօսքերով, թէ ինք ճանչցած է Թէոդիկի կարգ մը աշխատակիցները Փարիզի մէջ: Իրեն համար առաջնահերթ կարեւորութիւն ունի հայ մշակոյթի պահպանումը, եւ թէ ինք ամէն ճիգ ի գործ պիտի դնէ այդ ուղղութեամբ:
Հանդէսին սկսելէն կէս ժամ առաջ հասանք «Կիւլպենկեան»ի մէկ գրասենեակը, ծանօթացանք սրբազան հօր, որ պերճախօս է եւ «հիւմըր» ունի: Մեր խօսակցութիւնը ելեկտրականացաւ եւ «հիւմըր»ը ֆութպոլի գնդակի մը պէս փոխանակուեցաւ, առանց «փաս»ի: Արդ, խօսակցութիւնը կը մնայ շարունակելի:
Ընդհանրապէս փակումը անշուշտ պիտի վիճակուէր սրբազան հօր, որ փաստեց, թէ ինք ալ ունի տալիք պատգամներ: Ան յաղթական վերադարձած էր Քեսապէն, ուր երեք պատմական դէպքերու նախագահած էր, բացում «Ա. Ինճեճիկեան - Գ. Կիւլպենկեան» մշակութային կեդրոնին, բացում Քեսապի Ազգագրական թանգարանին եւ բացում Ազգ. Ուսումնասիրաց միացեալ երկրորդական վարժարանի նոր շէնքին. իր խօսքին վերջաւորութեան թնդացուց սրահը՝ յայտարարելով. «Մինչ ուրիշներ դպրոցներ կը փակեն, մենք նոր դպրոց կը հիմնենք»: Վայրկեան մը անհանգիստ լռութիւն մը տիրեց, խօսքը սրտիս շատ մօտիկ ըլլալուն, խզեցի լռութիւնը՝ ծափահարելով, ժողովուրդը հետեւեցաւ բուռն ծափահարութեամբ մը, որ շատ իմաստալից էր:
Ահա այս «պզտիկ» կէտն էր, որ վրիպած էր պարոն թղթակիցին աչքէն, ականջէն եւ գրիչէն: Ոչինչ:
Շատ ուրախ եմ, որ ծանօթացայ մեր Բերիոյ կորովի առաջնորդին: Պատանեկութեանս ալ «ծանօթ» էի Հոգշ. Զարեհ վարդապետ Փայասլեանին, ապա կաթողիկոս՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ:
Ուրեմն Գերշ. Շահան եպս. Սարգիսեանը ամուր կպած է Փայասլեաններու ուղիին:
Բարի՛ երթ իրեն:
Հովիւ քաջ:
ԱՐՄԷՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ