Jump to content


Photo

Խառն Բանաստ


  • Please log in to reply
18 replies to this topic

#1 Arpa

Arpa

    Veteran

  • Members
  • PipPipPipPipPip
  • 10,011 posts
  • Gender:Male
  • Interests:Culture

Posted 06 January 2009 - 11:46 AM

Varouzhan the Obscure?
Please note, I used Խառն Բանաստեղծանք as the title while the traditional sources use
Խառն Բանատեղծութիւներ
We have known Varouzhan as the Heathen/Հեթանոս, how many knew that he aso ilosophy was "sociaist/anarchist"? See the following ِِԱրքայից Արքայ
I had typed the entire 4 page opener poem of the anthology - ՈՎ ԴԱՐ, ՈՎ ԴԱՐ, where one can see his philosophy and his ant-hierarchsm.
I should have posted the segments as completed, but at the end my machine crashed and I lost the whole thing. Any volunteers?
===

ԲԱՐՏԻՆԵՐԸ
Դանիէլ Վարուժան
Խառն Բանաստեղծութիւնններ 1912-1915

Տանս առջեւի ջըրհորին քով
Պապս է տնկեր զոյգ մը բարտի.
Լոյսն Աստղիկին, դողդոջելով,
Անոնց վըրայ նախ կը կաթի:

Ա`յնքան մօտիկ են իրարու`
Որ նոյն սիւքով կը թըրթըռան.
Մէկն իր երգը երբոր թողու`
Միւսն իր շունչով կ’աւարտէ զաւյն:

Մըրրիկներււն մէջ հերարձակ
Գըտկըւած, խոր, կը հեծեծեն:
Եւ կը բըզզանլուսնակին տակ
Փեթակներու պէս լուսեղէն:

Հարսըս ու ես անոնց կըռթնած,
Կը նստինք հոն, ամէն գիշեր
Տերեւներն յար կ’երգեն յուզուած
Ա`յն` որ կը զգանք ու չենք ըսեր:

Մազերն անոր` երբ մազերուս
Խառնել կու գայ յանկարծ քամին`
Զոյգ բարտիներըսիրասոյզ
Աստղերուն մէջ կը համբուրուին:
------
ԱԿՈՒԹԸ
Դանիէլ Վարուժան
Խառն բանաստեղծութիւններ 1912-1915

Ակութին շուրջ, զոր կերտեցին
Մեծ Ռափայելն ու մեծ Մուրատ,
Եւ արծարծում տուաւ բոցին
Մխիթարի ոգին հտատ,

Հաւաքուեր են այսօր նորէն
Լոյսի ատինքի~ն կաթընկեր,
Սիրտը մէկուս միւսին սըրտէն
Կ’ըստանայ խանդ ու փայլակներ:

Ակութին շուրջ մերթ կը պատմենք
Հեքիաթը մեր մանուկ օրուան,
Մեր դէմքերուն վրայ աննենգ
Ցոլքերն հուրին կը ծըփծըթան:

Տուր ձեռքըդ, ընկե~ր. -Մենք ձեռք ձեռքի
Շըղթայ կազմենք շուրջը լոյսին
Արեգակը մինչեւ ծագի
Ձիւներուն վրայ վեհ Մասիսիսն:

Տուր ձեռքդ, ընկեր,- յաւերժօրէն
Չի շիջանիր ակութը մեր.-
Ալիշանին ձեռքը վերէն
Միշտ կը թափէ հոն աստըղներ:






#2 Arpa

Arpa

    Veteran

  • Members
  • PipPipPipPipPip
  • 10,011 posts
  • Gender:Male
  • Interests:Culture

Posted 07 January 2009 - 10:56 AM

ԱՐՔԱՅԻՑ ԱՐՔԱՆ
(King of kings)
Հողակոյտն էր աւերակ
Արքաներու արքային`
Որուն ոսկի գահին տակ
Արքաները կու լային:

Միշտ պատերազմ ան ըրաւ`
Որ սուրն երբեք չըպաղի:
Հողն արիւնի էր ծարաւ,
Ինքը ծարաւ էր հողի:

Հողակոյտէն ծըռած վար
Ըսի.- Աշխարհն թող գիտնայ`
Որ բանաստեղծ մ’ընկերվար
Անգութ Արքան կը գթայ…

Ըսէ, ինչ բան դու կուզես.-?
Շիրիմ կանքնեմ քու վրայ:-?:
Ըսաւ.- Հողն առ վըրայէս,
Հողն առ.- Սիրտըս Թեթեւնայ:

Edited by Arpa, 07 January 2009 - 11:00 AM.


#3 Arpa

Arpa

    Veteran

  • Members
  • PipPipPipPipPip
  • 10,011 posts
  • Gender:Male
  • Interests:Culture

Posted 10 January 2009 - 09:03 AM

Ո`Վ ԴԱՐ, Ո`Վ ԴԱՐ

Ով դար, Ով դար, Ապագան արփագունդի մը նման
Արշալուսուածարգանդէդ պիտի ելլէ շողարձակ:
Վերջալոյսին գինիներն, եւ անուշ կաթն աստղերուն
Հսկայական քու ծիծերդ գեղեցկօրէն կ'ուռեցնեն:
Ոճիռներու քըստմնելի անկողնին մէջ պառկեցար-
Թալթըլեցաւ մեծ Երազդ արիւններու լիճին մէջ.
Բայց վերեւէդ սաւառնող հիւսիսայգերը բոլոր
Կողերուդ մէջ ծորեցին արարչահիւթն Աստուծոյ,
Եւ գաղափարն, իր թեւերն արծիւի պէս տարածաց,
Կը հըսկէ քու երկունքիդ գալարումները հըզօր:
Պիտ' ըլլաս ջա`հն Յաւերժին, յոյսը Կեանքին պիտ' ըլլաս:
Ժամանակի պարեխին ճակատին վրայ երկնամուխ
Ամպրոպաճայթ կայծակներ պիտի անունըդ կռեն.
Մարգարտայեռ պիտ' ըլլան մագաղաթներն` որոնց մէջ
Կամքիդ հրդեհն ու մուրճիդ կայծերն պիտի ծրարուին:
Ժողովուրդներն աւասիկ կը խորտակեն շըղթաներն
Եւ անոնցմով տէրն իրենց կատաղօրէն կը ձաղկեն:
Արեւելքն իս կը զարթնու նման այն թարըմ հարսին
Որ վարդի պէս դուրս կելլէ առագաստի քողերէն.
Աւանդական քաղաքներն անրջանքով պարըսպուած`
Արդ կը խռովինուծովու պէս, եւ հընոցի պէս կ’եռան
Ուր կը հալի լուծն երկաթ, Օրէնքն ոսկի կը ձուլուի:
Մոխիրի եւ կապարիհրեղէն անձրեւ կը տեղայ
Իրանին վրայ: Կը մեռնին կարապներն ալ Մեղկութեան
Իսպահանի արիւնոտ վարդերուն տակ` գլխիկոր…
Կը սասանի ՍասանացՏունն հիմունքին վրայ գաղփաղփ:
Էնճումանի շեմին վրայ կը կոտրի թուրն արքային…
Ի~նչ վատ փախուստ Շահերու, Սատրապներու Կըրտըւած
Որոնք կ’երթան ծառայել Արեւմուտքի թագերուն
Գոգնոցի պէս առջեւնին կապած իրենց ծիրանին:
Ամեհագ եղ երիվարն աստեղաբիր Զինեալին
Հրեղէն պայտն իր կը դնէ Դարեհներուն գահին վրայ
Թողլով որ իր հետքին վրայ ծըլի Յոյսի վարդ ենին.
Եւ արիւնած ժողովուրդն, հաւարքով լի, կօրօրէ
Շիրիմին վրայ Իրանին Պարսկաստանի օրօրան:
Հոս, ուր Սուրը կը հնձէր Հայաստանէն Բիւզանդիոն,
Նո~ր արշալոյս կը պոր թկայնահատակներուն շիրիմէն:
Հայը` լքուած դարերէն, բայց Յաւերժէն ընտըրուած,
Նո`ր Իսրայէլ, մոխիրով ու կայծովն իր օջախին
Գիշերը ռումբ կը շաղուէ, առտուն պատրանք կըզգեղնու
Եւ իր արեանովկիանինվիհին յատակը իջած`
Կը խուզարկէ իր սըրտով, հանճարովն իր կը գըտնէ
Ազատութեանմարգարիտն, ո``վ Դար, թագի`դ իսկ համար:
Աչքերը ա`լ մարդկայինՒեղճին արփւոյն կը բացուին,-
Կըրնայ դահիճը ննջել` զի Մոնղոլն ա`լ կը զարթնու,
Ու Եղեռնի սուսերներն այսօր ահա կը շողան
Աւելի` բարձր ու արդարյաղթանակի մը համար:
Ըստամպոլիուղիներն, առջի անգամ ըլլալով,
Ժողովուրդի հեղեղներ կ’առաջնորդեն դէպի վեհ
Նըպատակին մը ազնիւ, այսօրայլեւս հասկըց ուած
Դուրս կը փսխէ բռնակալն իր արիւններըլակած.
Եւ Ասիոյ շեմն արդէնծիրանեփայլկը կարմըրի…
Մինչդեռ անդին գեղեցիկ խոյացումով կը քանդեն
Գոգն ու Մագոգ իրենց հաստ, աւանդական պարիսպներն,
Եւ զմրսուածկուրքերուն, կընքըւածհին օրէնքին
Թաւալման Ձայնը կու գայ շեփորներու երախէն.
Ասդին` արդէն Ռուսական Մարգերուն վրայ կ’որոտան…
Հրաւէրները կռուին, եւ խոստումներն Երազին…
Բեւեռներուն մէջ ռումբերն ամպերու պէս կը գոռան:
Սառնակոյտերը, նման ադամանդեայ ժայռերու,
Կը թաւալին: Արջերն իսկ ընդվզումի շեփորէն
Սարսափահար աչքերով հիւսիսայգին կը նային:
Մինչ կը կանգնեն բանտերն յաղթ` անդին կ’իյնան պալատներ
Հաւնոցներու պէս անարգ` մրիիկներէն գերփւած:
Կանցնին ռումբերն Ֆինլանտէն մինչեւ Կովկասը խրոխտ,
Եւ պայթումին մէջ իրենց, իրենց բոցին մէջ աղուաոր,
Վարդենիի հրավառանտարակներ կը ծաղկին:
Կ'արթըննան ճիղմ հասակներն , ուժ ստեղծող կ’արթըննայ
Բոցց նու արիւնը իրենց հեղեղին մէջ հափակիչ
Կառնեն, կը գլեն, կը քշեն, կ’ընկղմեն վիհն Անցեալին
Կռարձաններն ոսկեձոյլ, քըրմապետներն ընչաքաղց,
Օրինագիրքն իւղոտած եւ գայիսոնը ցեցոտ:
Կ’անցնին,կ’անցնին Աստուածներն, անմահացածցած մարդօրէն,
Պրոմեէթներ, որոնք յաղթ հասակներով արփամերձ,
Վերն, Աստուծոյ ոտքին տակ մանգաղն իրնենց երկարած,
Կը հնձեն դաշտերն աստղածուփ, անդաստանները լուսնին,
Ու երկնային կրակով երկիրը մեր կը ցանեն:
Ո`վ Դար, ո`վԴար, Ֆերրերի արիւնաթաթախ խրոխտ Ոգի…
Կ’ըլլայ Սպանիան հրաբուխ, եւ Փորթուկալը` հրդեհ,
Ցուլ Ժողովուրդներն եջիւրներն իբրեւ շանթեր կը ցըցէ
Մատրիտի մեղկ գահին դէմ, ճորտն Հրովմի Աթոռին:
Կուատալուփ կը կարմրի ըմբոստներու արիւնով,
Եւ իր սահանքը կերգէ պարեխներու մէջ ,- Վրէ~ժ…
Անտալուզի աղջիկնե`րը, շուշանով պըսակուած,
Խոստովանիլ չեն երթար, այլ փաղանգին մէջ ըմբոստ
Կառուգանան: Դրօշակներն ընկերահաշտ հայրենեաց
Քամիներէուն կը հանձնեն մազերնուն հետ թխածուփ:
Մարդկային Միտքն Ընկերվար կ’ուգայ բանալ վէրջապէս
Իմաստութեան ըսփինքսին ապառաժէ շըրթունքներն.-
Հրէշն ամենուն կը խոսի, կը սորվեցնէ ամենուն.
Կը պատռտէ անխընայ ճիրաններուն տակ արնոտ
Ստութեան Գիրքը բոլոր դասակարգեալ քուրմերուն:
Արեւելքէն Արեւմուտք եւ Հիւսիսէն մինչ Հարաւ
Քաղցը կոռնայ շան մը պէս, Քաղցն Յիսուսի պէս կուլայ,
Ու վերջապէս միակ Զոհ, ու վերջապէս միակ Ուժ
Իմաստութիւննն ա`լ կ’ըլլայ` ցարդ Տառապեալն ըլլալուն.
Ան, աշխարհի իբր արանցք կըլլայ օրէնք մ’աննըման`
Զոր չճանչցաւ Սոկրատէս, հազի՝՝ւ Քրիստոս երազեց:
Ո`վ Դար, ո`վ Դար, դու նեռի աշխարհացունց մռայ`լ Ոգի…
Եկեղեցին կը սարսի իր սեմերուն վրայ կաւէ:
Բոլոր շըղթան Իմաստակ Ուսուցումին չի զօրեր
Աւետարանը լծել անոր ոգւոյն հետ անհաշտ:
Հովիւներունսւ Սըրտին մէջ կը յայտնուին գայլերն,
Կը նախընտրեն ա`լ հօտերն, հոգիներրն ա`լ կը սիրեն
Երթալ ազատ, թափառիլ աստղերուն տակ Խորհուրդին
Քան թէ հըլու մակաղիլ ճիրաններու տակ նենգող:
Լոմաներու փոխարէն`Պապերն ի զուր կը տքնին
Բանալ դռները Դրախտին` բալլիքներով ժանգոտած:
Վանքերու մէջ բոզութիւնը շուայտօրէն կը կըտղի.
Զոյգ մեղքերն այր ու կնոջ` կ’ապրին միակ ցանկութեամբ….
Կ’ըլլայ Հռովմ` նոր Սոդոմ, Երուսաղէմ` նոր Գոմոր:
Աստուծոյ քառը ի զու`ր իրենց խրոխտ բագնին վրայ
Անոնք կ'հանեն աճուրդի, շռայլօրէն կը բաւեն
Արքայութեան հաճոյքներն ու կրակները Դժոխքին.
Մենաշնորհով կրօնքներունանոնք ի զուր կը սպառնան.-
Ժողողովուրդն ա`լ կը մրնչէ~վերքին ցաւեն դարաւոր.
Կ’ուզէ որ աչքն Աստուծոյ` ազատ մարդուն խիղճին մէջ
Ազատօրէնցոլանայ… Սաւառնի հեստ հոգին
Ահա նորէն կ’արբենայմենաստանիմէջ ապրող
Անկեղծներուն սըրտինմէջ.- Ըմբոստութիւնը նոյնիսկ
Բ աղեղնապատ վնքերունկամարին տակ կը փըրփ րի:
Չորս ծագերու չորս գոռոզԵկեղեցիքնահաւասիկ
Իրարու դէմ անգամ մալըմդդիմամարտ կը փշրին:
Ո~վ Պռունօ, այն խարոյկն`ուր սուրբի պէս այրեցար,
Եւ որուն կայծը ըսեմ?- բուրվառէ միսկդըրուեցաւ,
Այժըմ վրէժիդ ի խընդիր զայնկ’արծարծենզաւակներդ,
Եւ անոր մէջ կը նետէնՀասուններուն կեղծուրարն,
Աղերսակու կոնդակներ, բոլոր թուղթերն իմաստակ,
Եւ յիշատակն արիւնոտ Գալուիններու, եւ մատնին
Քարձ Պապերուն, որով քսան դարեր ամբողջկընքեցին
Ճշմարտութեանլոյս բերանն, ու լոյս ուղեղը մարդուն:
Պատրիարքն եր գահազուրկ, Պտրիրքներ ընկեցիկ,
Որոնք եղան նրէքինին Համիտներու Հարեմին,
Որոնք իրենց լանջախաչ արիւններով պըճնեցին,
Կը թաւալին աւասիկճակատագրինմրրիկէն,
Եւ Մարդկութիւնն ողջակէզ, ու Մարդկութիւնը հերոս,
Ճակատագիրը իսկ է, արդարադատ Նեռն իսկ է
Զոր ինքն Աստուած` խոստացաւ, զոր ինքն Աստուա`ծ ուղարկեց:
Ո`վ Դար, ո`վ Դար, դե`հ անցիր, եւ թող քու մէջ միշետ ապրին
Ջըղաձիգ մարտ, ողջակէզ, պայքար, անկում, յաղթնակ…
Յաւերժութեան ծոցին մ էջՍափոր մ’ես , լի արիւնով,
Ե`ւ ըդեղով, ե`ւ կամքով, ե`ւ զոհերու հաւատքով:
Վառ հընոց մ’ես ուրկէ դուրս, ճակտին դըրած Արշալոյս,
Պիտի աշխարհը ելլէ նորոգուա~ծ ու գեղեցի~կ
Եւ պիտ’ ըլլայ արժանի Արեւին շուրջ դառնալուն…
Ո`վ Դար, ո`վ Դար յուսագեղ, դու Մարդկութեա~ն Առաւոտ…

Edited by Arpa, 10 January 2009 - 09:22 AM.


#4 Arpa

Arpa

    Veteran

  • Members
  • PipPipPipPipPip
  • 10,011 posts
  • Gender:Male
  • Interests:Culture

Posted 10 January 2009 - 11:37 AM

ԳՈՒՇԱԿԸ

Ձեռքըս բռնեց գուշակն, եւ իր
Քարայրին քով ինծի ըսաւ.
-Ափիդ մէջ կայ երեք կնճիռ,-
Երեք ճամբայ առջեւդ ելաւ:

Մին ցամաքէն քեզ կը տանի
Լուսնի լոյսով մինչեւ անտառ`
Ուր կը պարէ կոյս մհոլանի…
Ցուպըդ կոտրէ` ու մի` երթար:

Միւսը ծովն է ակօսուե ր.
Քեզ կը տանիկըղզինդալար`
Ուր կըվազեն ոսկի գետեր…
Ղեկըդ փշրէ` ու մի` երթար:

Երրորդ ճամբան է երկինքէն.
Պարզէ` թռիչներըդ սեփական,
Մինչեւ աստղերը սիրտդ այրեն`
Շարունակէ `դուն այդ ճամբան:



#5 Arpa

Arpa

    Veteran

  • Members
  • PipPipPipPipPip
  • 10,011 posts
  • Gender:Male
  • Interests:Culture

Posted 10 January 2009 - 12:01 PM

ԼՈԳԱՆՔԷՆ ՎԷՐՋ

Լոգանքէն վէրջ` հետդ առանձին`,
Քալենք, քալենք ծովափին վրայ,
Հուրերուն տակ արեգակին,
Մինչեւ որ թաց հերքըդ չորնայ:

Նուրբ աւազին ծոցը ջերմիկ
Թաղուին ոտքերըդ հոլանի`
Զոր հեւիհեւ մէն մի ալիք
Գայ համբուրե լու չըհասնի:

Հուսկ արբենայ ծովով, երկա~ր,
Բերանըս ծով աչքերուդ վրայ.
Արեւուն տակ, ուսերդ ի վար
Մինչեւ որ թաց հերքըդ չորնայ:

Edited by Arpa, 10 January 2009 - 12:07 PM.


#6 Arpa

Arpa

    Veteran

  • Members
  • PipPipPipPipPip
  • 10,011 posts
  • Gender:Male
  • Interests:Culture

Posted 18 January 2009 - 01:53 PM

ԴԱԼԱՐ ՃԻՒՂ
Կը կարդայի Տանթէն մըռայլ
Աստուածային Դըժոխքն իջած.
Պատուհանէս եկաւ շողալ
Լոյսն առտըւան, ցողով դեռ թաց:

Հոն- արեւո~տ, արեւո~տ էջ-
Ֆըրանչեսքա Տա Ռիմինին
Դեռ կը քաւէր, արցունքի մէջ,
Տագրին համբոյրն` իր բերանին:

Երբ երեւցա~ր…- Դըրիր մօր պէս
Գիրքին մէջ, հո`ն, ճիւղ մը դալար.
Ըսիր.- Հերի`ք: Իջնենք պարտէզ,
Վա~րդ մ’է բացուեր քեզի համար:-

Edited by Arpa, 18 January 2009 - 01:54 PM.


#7 Arpa

Arpa

    Veteran

  • Members
  • PipPipPipPipPip
  • 10,011 posts
  • Gender:Male
  • Interests:Culture

Posted 18 January 2009 - 02:51 PM

ՍՊԱՍՈՒՄ

Դրանս առջեւ կը ծփայ
Ծովն աստղերով ցոլցոլուն:
Սիւներուն տակ մարմարեայ
Կը սպասեմ իր դառնալուն:

Առագաստն իր չեկաւ դեռ
Ըլլալու գէթ ինձ պատան…
Արցունքներս են` ո`չ աստղեր-
Պճներ ծովու իր ճամբան:

Ալիքներ մեղմիկ կ'աղօթեն,
Կփողողէ լոյս մը սիւներ.ռ
Եկաւ…? Ո`չ… իմ գաւիթէն
Լուսնակն իր տեղ կ’ելլէ վեր:

Edited by Arpa, 18 January 2009 - 02:53 PM.


#8 Arpa

Arpa

    Veteran

  • Members
  • PipPipPipPipPip
  • 10,011 posts
  • Gender:Male
  • Interests:Culture

Posted 18 January 2009 - 03:16 PM

ԴԱՐՁ

Ես հեռաւոր տընակ մ’ունիմ
Շինուած լիճին ափն ամայի:
Դուռը բաց է. - հոն մտերիմ
Ճրաքս է վառ, ու կը նայի:

Անկէ մեռելմ’հանեցինդուրս.-
Աքսորեցի~ն հոգիս անկէ:
Այժըմ շեմին վըրայ կատուս
Աղիողորմ կը մըլաւէ:

Օր մը նորեէն դառնամ գուցէ,
Մարա~ծ գտնեմ ճրագս յաւէտ:
Դողդոջ ձեռքըս դուռը գոցէ,-
Ու լամ Լցող կատուիս հետ:

Edited by Arpa, 18 January 2009 - 03:17 PM.


#9 Arpa

Arpa

    Veteran

  • Members
  • PipPipPipPipPip
  • 10,011 posts
  • Gender:Male
  • Interests:Culture

Posted 22 January 2009 - 03:28 PM

ՀՄԱՅՔԻ ԱՂԲԻՒՐ

Խորհուրդներու աղբիւրին վրայ`
Ուրկէ կ’ըմպեն լոկ հուրիներ,
Ձիւնագանգուր պառաւն ահա
Բուի աչքերն է սեւեռեր:

-Ջատ`ու մարէ, ջատ`ու մարէ,
Ակը սարէն ինչ կը բերէ:?

-Կը բերէ սա խոյը` որուն
Նուսին վրայ եթէ հեծնես,
Քեզ կ’իջեցնէ խորն ալքերուն
Եւ դուն Խորհուրդը կը տեսնես:

-Ջատ`ու մարէ, ջատ`ու մարէ,
Ջուրը ակէն ինչ կը բերէ:?

-Կը բերէ գորշ խոյը` որուն
Եղջիւրներուն եթէ հեծնես,
Կը բարձրացնէ քեզ արեւուն
Եւ դուն Անհունը կը տսհես:

-Ջատ`ու մարէ, ջատ`ու մարէ,
Ջուրն աղբիւրէն ինչ կը բերէ:?

-Կը բերէ, տե`ս, խոյն ըսպիտակ,
Որուն գեղմին եթէ հեծնես,
Քես կը տանի մինչեւ դըղեակ,
Իշխանուհին հոն կը տեսնես:

-Սպիտակը կեցու`ր, մարէ,
Ջուրն աղբիւրէն լո~յս կը բերէ:








#10 Arpa

Arpa

    Veteran

  • Members
  • PipPipPipPipPip
  • 10,011 posts
  • Gender:Male
  • Interests:Culture

Posted 22 January 2009 - 03:54 PM

ՄԻԼՈՅԻ ԱՍՏՂԻԿԻՆ

Քու մարմարեայ հպարտ վիզդ է` որ այսօր
Դուրս կարկառուած կործանումէն դարերուն`
Իբրեւ շուշան կամ նունուֆար մը աղուոր
Կ’իշխէ բոլոր մեծ Սրտերուն վրայ խոհուն:

Աչքերուդ մէջ ամբողջ լոյսը կը ցոլայ
Հելլենական մըշտապայծառ երկնքին,
Ցայտեց հոգի մ’այդ բիբերէդ մարմարեայ`
Երբոր ինկան մուրճն ներքեւ հանճարին:

Արձանէ`դ իսկ գորով ու կեանք կը բխի`
Կարծես ծընած ըլլայիր նոր` ծովէն գէջ,
Կարծես վիհին լոյս կաթիլները աղի
Դեռ շողային այտերուդ զոյգ փոսին մէջ:

Բայց քու թեւերդ ուր մնացին, ո`վ Աստղիկ.?
Խորը ծովուն թէ տարրերուն` ընկղմած?
Դեռ կ’որոնեն սիրոյ մարգրիտն ըզմայլիկ`
Ճակտին համար մեր Աշխարհին զառամած:







#11 Arpa

Arpa

    Veteran

  • Members
  • PipPipPipPipPip
  • 10,011 posts
  • Gender:Male
  • Interests:Culture

Posted 22 January 2009 - 04:16 PM

ԼՈՒՍՆԻՆ

Ճերմակ լուսին, ուր կերթաս…?

-Հիւղակներուն խաւարին
Կը տանիմ շողը լոյսին:
Գնա`, լուսին, դիւր կ’երթաս:

Գոհար լուսին, ուր կերթաս…?
-Դոյլերուն մէջ արծաթի
Կը տանիմ կաթ հիւանդի:
Գնա`, լուսին, դիւր կ’երթաս:

Լռիկ լուսին, ուր կերթաս…?
-Կ’երթամ բերել ես քեզի
Եարիդ խոստումը կոյսի:
Լուսին`, լուսին`, զուր~ կ’երթաս:

Edited by Arpa, 22 January 2009 - 04:18 PM.


#12 Arpa

Arpa

    Veteran

  • Members
  • PipPipPipPipPip
  • 10,011 posts
  • Gender:Male
  • Interests:Culture

Posted 22 January 2009 - 04:47 PM

ԱՆՈՒՇԻՆ

Ծաղիկներու ուղէշին հետ սլացիկ
Կը բարձրանայ հասակիդ փառքը մեղմիկ,
Պարեգօտիդ նուրբ շղարշէն կը ծըլին
Թուխ պտուկներն ատինքնըրուդ, եւ քուկին
Պորտըդ (մեղրի ու նեկտարի գուշ անգին)
Զիս կ’արբեցնէ գիրգ ձեւերուդ ծովերով.
Երբ դու ժպտիս, կը բացուի սիրտըս խըռով:

Ով իմ սիրուն
Բերանդ նուշ

Կ’յիշեմ սըրտիս մէջ թովք մ’անհուն

Ով իմ Անուշ
Բերանդ նուշ:




#13 Arpa

Arpa

    Veteran

  • Members
  • PipPipPipPipPip
  • 10,011 posts
  • Gender:Male
  • Interests:Culture

Posted 22 January 2009 - 06:03 PM

ՇԻՐԻՄԻ ՄԸ ՎՐԱՅ

Ամպի մը տակ լուսինն յանկարծ կը մարի,
Կը լըռէ հովն, ամէն աստղեր մի առ մի
Ասուպ կըլլան, կ’ըլլան վարդերն ալ վէրքեր:
Ո~վ անանուն շիրիմ, դու որ անտարբեր
Ու երազկոտ կը նայիս դէպի երկին`
Մարդիկ այսօր, ո~հ, գիր առ գիր լըգեցին
Այդ բառը քու քարիդ վրայէն սրբազան,
Ահա, ինչու թէ ճերմակ է մնացած ան:?



#14 Arpa

Arpa

    Veteran

  • Members
  • PipPipPipPipPip
  • 10,011 posts
  • Gender:Male
  • Interests:Culture

Posted 22 January 2009 - 07:03 PM

ՈՍԿԵՄԱՅՐ ԴԻՑՈՒՀԻՆ

Ո~վ ինձ կու տար Ամանորի հրճուանքն հին,
Նաւասարդի մարգարտավար ջինջ առտուն,
Սոյրն եղջերաց, վազելն աղուոր եզներուն,
Ո~վ ինյ կու տար հանդարտ ծուխը ծխանին:

Գինով հոգիս` անլուռ բանբիռ` ցնծագին
Կը յանգերգէ յուշն հինօրեայ տօներուն.
Եւ կը փորձէ հնչել քնարն իմ թրթռուն
Վաղնջուց փառքն աստուածուհւոյն ոսկեծին:

Ըսգաստութեան, իմատութեան մայ`ր, թոյլ տուր
Ոգել պարծանքըդ` հոգւոյս խանդովն երկնատուր,
Եւ քնարիս բիւր լարերը թող թնդան:

Հետամնաց վիպասանն եմ շուարուն…
Իցիւ շունչս ձուլուէ երկնից հովերուն,
Եւ յաւիտեան հնչէր նոր երգն այս Գողթան:




#15 Arpa

Arpa

    Veteran

  • Members
  • PipPipPipPipPip
  • 10,011 posts
  • Gender:Male
  • Interests:Culture

Posted 23 January 2009 - 07:10 AM

ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ
՝Դանիէլ Վարուժան

Հանճա՛րդ Հայկեան, Նաւասարդեան սա տօներուն
Արեւափառ`՛
Ա՛լ վերածնէ փլատակներէն, և փառակոչ
Քնարըդ ա՛ռ:։

Յանու՜ն Ուժին, յանու՜ն Գեղին, մտիր մեհեանն
Աստուածներուն.
Ջահը ձեռքիդ`՛ բագնէ բագին համասըփռէ՜
Հուր ու արիւն:։

Եւ բարցրացուր Անահիտի ծիծերն ի վեր
Բաժակնըդ նուռ,
Յետոյ զոհուող քերթողներուն սըրտին վրայ
Լեցու՜ր, լեցու՜ր:։

Զի մենք, յանուն Սէրին, Սերմին, քու հին Ցեղիդ
Մարմարէն կոյս,
Մե՛նք, Զաւակներդ օգոստափառ, պիտի կերտենք
Նո՜ր Արշալոյս:





#16 Arpa

Arpa

    Veteran

  • Members
  • PipPipPipPipPip
  • 10,011 posts
  • Gender:Male
  • Interests:Culture

Posted 23 January 2009 - 09:13 AM

Սա մի այլ ՁՕՆ է ձօնուած մի ովմն Օր. Վ. Պ. ին
Նկատ - Տես ստորէւ «լունակ», սա տպագրական վրիպակ չէ: Եւ «աստուած/աստուծմէ» գրուած հասարակ Ա/ա -ով:
=====
ՁՕՆ

Վարդ քաղեցիր, - սիրտ թող ըլլայ
Հաւատարիմ ու անձնուէր.
Կեանքիդ դժուար ճամբուն վրայ
Քեզ զոհէ իր արիւններ:

Աստղ ուզեցիր,- արեւ ըլլայ
Եւ պարուրէ քեզ շողերով.
Մազերուդ վրայ ոսկի տեղայ
Ու սրտիդ մէջ խինդ ու կորով:

Պահապան մը ուզեցիր,- ան
Գարնան պայծառ լունակն ըլլայ,
Եւ հրեշտակին պէս սիրական
Հըսկէ անքուն բարձիդ վրայ:

Ձայ~ն մ’ուզեցիր,- երգըս ըլլայ`
Որ աստուծմէ ինձ կը հոսի.
Ան արեւ` է, սի~րտ լուսընկայ,
Զի ան երազ` կու տայ քեզի:




#17 Arpa

Arpa

    Veteran

  • Members
  • PipPipPipPipPip
  • 10,011 posts
  • Gender:Male
  • Interests:Culture

Posted 23 January 2009 - 09:41 AM

ԳԵՂՕՆ` ԱԼԻՍԻՆ

Դուն կոկոն մ’էիր,
Մայրիկդ ճաճանչ,
Իր համբոյրին տակ
Բացուեցար կակաչ:

Դուն կըծիկ մ’էիր,
Մայրիկդ կարժառ:
Իր կեանքին թելէն
Թել առիր`, մեծցար:

Դուն ջահի պատրոյգ,
Մայրըդ իւղ վըճիտ.
Զինքը ծծելով
Լոյս առիր կեանքիդ:

Դուն խունկ մըն էիր,
Մայրըդ խնկաման,
Իր բոցէն հալած`
Բոյրն եղար ձեր տան:

Դուն սազ մըն էիր,
Մայրըդ սազերգու.
Իր մատերուն տակ
Սիրերգ մ’եղար դու:

Թէ կ’ուզես ըլլալ,
Ալիս`, իմաստուն,
Մօր- սէրը պսակէ`
Պսակով աստղերուն:

Edited by Arpa, 23 January 2009 - 09:41 AM.


#18 Arpa

Arpa

    Veteran

  • Members
  • PipPipPipPipPip
  • 10,011 posts
  • Gender:Male
  • Interests:Culture

Posted 23 January 2009 - 10:07 AM

ԱՂԵՐՍ

Ճառագայթ մը, բոց մը տուր ինձ տաղանդէդ,
Զի ես տուի սըրտիս հրայրքը բոլոր,
Թող մրրկէ, փոթորկէ զիս այգաւէտ
Հանճարիդ բոցն` որ ցեղիս ջանէ այսօր:

Արաջնորդէ զիս վեհագոյն սէրերու.
Այն սէրերուն` որ տաղանդէդ կը ծնին.
Տար` զիս, տար զիս հորիզոնէն ալ հեռու.
Քանզի կարօտն ունիմ երգող հոգիին:

Եւ ես քեզի պիտի հեծծեմ հեշտօրէն
Խօսքեր խունկի, գորովանքի, աղօթքի.
Բառեր անուշ, որոնք պիտի օրօրեն
Տարիներով երազներդ խընկենի:

Ուրախութիւնս ու տանջանքս եղար դուն,
Չար չար է զիս, ատ է, սիրէ` խօլաբար .
Միայն չը լլայ մոռնաս հրայրքն այն անհուն,
Որով ձմրան օր մ’այրեցինք մենք զիրար…



#19 Arpa

Arpa

    Veteran

  • Members
  • PipPipPipPipPip
  • 10,011 posts
  • Gender:Male
  • Interests:Culture

Posted 23 January 2009 - 10:26 AM

And now, the Grand Finale of the Chapter.
======
ԱՆԴԱՍՏԱՆ

Արեւելեան կողմն աշխարհի
Խաղաղութիւ՜ն թող ըլլայ…
Ոչ արիււններ, քրտինք հոսին
Լայն երակին մէջ ակօսին
Ու երբ հընչէ կոչնակն ամէն գիւղակի`
Օրհներգութիւ՜ն թող ըլլա:

Արևմտեան կողմն աշխարհի
Բերրիութիւ՜ն թող ըլլա…
Ամէն աստղէ ցօղ կայլակի,
Ու ամէն հասկ ձուլէ ոսկի.
Եվ ոչխարներն երբ սարին վրայ արածին`
Ծիլ ու ծաղի՜կ թող ըլլայ:

Հիւսիսային կողմն աշխարհի
Առատութիւ՜ն թող ըլլայ…
Ոսկի ծովուն մէջ ցորեանին
Հաւէտ լողայ թող գերանդի.
Ու լայն ամբարն աղուններուն երբ բացուի`
Բերկըրութիւ՜ն թող ըլլայ:

Հարաւային կողմն աշխարհի
Պտղաբերուրում թող ըլլայ…
Ծաղկի` մեղրը փեթակներուն,
Յորդի գինին բաժակներուն.
Ու երբ թխեն հարսերը հացը բարի`
Սիրերգութիւ՜ն թող ըլլայ:







0 user(s) are reading this topic

0 members, 0 guests, 0 anonymous users