Jump to content


Photo

ԾԱՂԿԵՓՈՒՆՋ


  • Please log in to reply
No replies to this topic

#1 Arpa

Arpa

    Veteran

  • Members
  • PipPipPipPipPip
  • 10,011 posts
  • Gender:Male
  • Interests:Culture

Posted 01 April 2009 - 12:14 PM

Դանիէլ Վարուժան
ԾԱՂԿԵՓՈՒՆՋ կամ ԲՐԳՆԻԿՑԻԻ ՄԸ ՆՈՒԱԳՆԵՐԸ
Պոլիս 1900-1902(16-18 տարեկան)
Ա. Մաս, (Մաս Բ շարունակելի)

Երգ Ա
ԴԱՓՆԵՎԱՐԴ

Եկու՝ր ինծի, դափնեվարդ,
Գեղեցկութեան նըշաւակ,
Փընջիս դընեմ քեզ պերճ զարդ,
Ւընկաբուրմամբդ անուշակ:

Սըրտիս խանդը կը վառես.
Ներշնչումովդ ազդեցիկ
Խայտա՝ հոգիս, թըրրթըռա՝ հեզ՝
Հաւատարիմն իմ քնարիկ:

Ի՜նչ գեղ է այդ, ի՜նչ հրապոյր.
Բուսած այդտեղ, ո՜հ, քանի՜
Շըքեղ ես, վեհ եւ ոսկեթոյր՝
Երբ ժպտիս զերթ գեղանի:

Փըթիթներ՝ պէս մարգարտի,
Յօրինեն վրայ քո բաժկին
Շըքեղ լոյս մը՝ որ ժըպտի
Կարծես դէպի լուրթ երկին:

Երբ գիշերուան մէջ խառնես
Ժըպիտ ժըպտի, բոյրի բոյր՝
Իր նշոյլներն լուսնակն հեզ
Ծոցըդ կ՝հեղու թոյր ի թոյր:
Nerium oleander http://www.magnoliag...um_Flirt300.jpg

Երգ Բ
ՇՈՒՇԱՆ

Ողջո՝յն ընդ քեզ, ով շուշան,
Սիրոյ, գեղոյ սուրբ ծաղիկ,
Ողջոյն քեզ տան մայր-բնութեան
Նոր արթընցած հրաշալիք:

Բուրաստանիս ծաղկանց մէջ
Ի՜նչ սիրուն ես, ի՜նչ շըքեղ՝
Երբ ցերթ դըշխոյ վեհ ու պերճ
Կը պանծաս, վրադ ես շատ հեղ:

Կը մըտածեմհրապուրուած՝
Թէ դէպ՝ երկին, ո՜հ, ինչու?
Չըղձաս ելլել՝ փառապանծ
Գահոյքն էին պըճնելու:

Ըսպիտակ ես իբրեւ ձիւն.
Հրեշտակներու ջինջ պատկեր,
Արատած չէ բիծ մ՝իսկ խուն
Բեհեզազգեաց քու թերթեր:

Նորա* սիրտն ալ է մաքուր.
Գիրգ ու վըսեմ քեզի պէս
Զոր չարութեանց սեւ մըրուրն
Աղտոտած չէ գարշատես:

Բաժ՝կիդ նման՝ որ ծորէ
Շիթ- շիթ քաղցրիկ մի նեկտար,
Անոր հոգին ալ ցօղէ
Գութ ու բարիք անդադար:

(*Նորին)

Երգ Գ
ՎԱՐԴ

Ո՝վ թագուհիդ ծաղկանց համայն,
Օ՜ն արթընցիր, տե՝ս, վարդափիւռ
Այգը փըթթի զերթ բուրաստան,
Տեղա՝ երկրիս խինդ, ժըպիտ բիւր:

Զեթիւռն ահա գայ անարգել
Իւր թեւաց մէջ քեզ գըգուելու.
Քեզ սիր՝հարուած իրեն գեղգեղն
Ահա ձօնէ սոխակն աղու:

Այսպէս հագած վառ ծիրանի,
Կամ գոհարով պըճնազարդուած,
Ծաղկեփնջիս, ո՝ գեղանի,
Իշխող դըշխոն ես վեհապանծ:

Եկու՝ ինծի, դու քաջՀովուին
Վեհ ու վըսեմ բիւր ձիրքերուն
Նըշանակ մ՝ես. արդ կաթոգին
Քանի՜ կ՝ըղձամ քեզ, վա՝րդ սիրուն:

Թէպէտ նա ծեր է, ալեւոր,
Բայց քո վառվռուն թերթերուդ պէս
Առոյգ է սիրտն, հոգին անոր,
Եւ բնութիւնն ալ քաղցրիկ ու հեզ:

Ինչպէս որ քեզ խամրէ խորշակ,
Մանգաղ մահուն զինքն ալ հնձէ.
Սակայն իրեն պատիւն ու փառք
Այս աշխարհէն միշտ անանց է:


Երգ Դ
ՆԱՐԳԷՍ

Յոյժ չըքնաղ հըմայուն՜
Նարգիսոս պատանւոյն
Պատկերիկդ անապակ,
Ո՜ նարգէս անուշակ:

Երբ ժըպտիս լուռ այսպէս՝
Սիրունիկ, գեղատես,
Եւ բուրես անարգել
Կըրնամ քեզ չի կորչել:

Տեսքդ աղուոր գեղազարդ
Կ՝ընէ սիրտն իմ զըւարթ.
Լուրթ գոյնիդ շառաւիղն
Աչքերուս է խըտիղ:

Ձօնէ քեզ վառ արփին
Իր նշոյլք առաջին.
Այգն ալ խոր արցունքներ
Ծոցդ հեղու գովաբոյր:

Սիւքին հետ գիրկ ընդ գիրկ
Երբ ժըպտիս չքնաղ, գի՜րգ,
Ներսս ամբողջ կը զարթնու
Տեղանքը սիրելու՜.

Տենչա՜նքը ոսկեղէն,
Անուրջի մը հիւսկէն՝
Որ օր մըն ալ աւա՜ղ,
Պիտ թողնի քեզ պէս վա՜ղ:


Երգ Ե

ՅԱՍՄԻԿ

Եկ ինձ, յասմիկ,
Սիրուն փափկիկ,
Յոյժ գեղատես.
Բոլ՝րիմ ըզքեզ
Ծիրն հինգերորդ
Փնջիս քաղցր հոտ:

Դու ես համակ
Լոյս ըսպիտակ,
Եւ քո ցօղունն
Է նուրբ, նըկուն,
Զերթ ճառագայթ՝
Բայց միշտ հաստատ:

Երբ կենսասփիւռ
Մոլոր զեփիւռն
Անցնի քովէդ,
Շարժիս վէտ վէտ,
Իբրեւ ալեակ
Թարմ ու յըստակ:

Բոյրերդ իրենց՝
Թող իմ անկեղծ
Մաղթանք խառնեն
Տանին առ էն՝
Որ կեանք երկար
Եւ երջանիկ յար
Նորա
Տայ:


Երգ Զ

ՄԵԽԱԿ

Երբ մեղմ նըշոյլներ
Ճակտիս կը ցանես,
Հոգիս կը խայտայ,
Ցըրուին սեւ խոհերս:
Քաղցր բոյրիդ հետ
Ոլոր ու մոլոր
Կարծես միտքս ելլէ
Դէպ՝ երկինս անդորր…
Ծալքերը սըրտիդ
Արցունքոտ խորքեր
Ծաղկի ժպտիդ դէմ
Թողուն պահ մ՝ըստուեր:
Կեանքն ալ ըստուեր մ՝է,
Կամ խաբէութիւն,
Ծաղիկն իր հաճոյք՝
Որք կ՝անցնին իսկոյն:
Արդ՝ բա՝ց, ո՝ ծաղիկ
Նեկտարիդ ծըրար,
Ըրէ ինձ արբշիռ
Հիւթով զովարար,
Որ թերեւս մոռնամ
Վայրիկ մը կենաց
Տաժանքն ու մարդուն
Խօլ քենն ու նախանձ:
Ա՜հ որքան սիրեմ
Բանաստեղծին կեանք,
Զի սէր է ան, խոհ,
Բոյր, ժըպիտ եւ նըւագ:



Երգ Է

ԱՆՄՈՌՈՒԿ

Արշալոյսին արտասուաց մէջ
Պանծա՝, ծաղիկ ով անմոռուկ.
Հրեշտակներու դէմքերէն պերճ
Ինկած ժըպիտ մ՝ես մեղուկ.

Աչքերդ բացած այգուն- այգուն՝
Էր կը շրջիս ասդին- անդին.
Սոխակն արդեօք քո անուշ քուն
Խանգարեց իր երգով թըրթռուն:?

Բուրմանցըդ մէջ գինովցընող
Գողտրիկ թռչնակն է, ո՜հ, արբշի՜ռ,
Ուստի կանուխ ի շաղ ի շող
Գարունն ու զքեզ կ՝երգէ ի ժիր:

Ինչպէս որ դու անթարամ ես
Եւ թերթերըդ չեն ծերանար,
Սի՝ւն ալ Անոր՝միշտ սիրակէզ,
Միշտ վառ է, բարեաց ծըրար:

Եռ ու եփով աշխատութեան
Յար տոգորուած լաւն ու բարին
Խորհէ, գործէ, եւ տքնի Ան,
Ուժովն համայն մըտքին, կամքին:

Ինչպէս Ձերին սըրտի աւիւնն,
Որ փետրաթափ երբեք չեղաւ՝
Արդիւնքն ալ օր մը Բըրգնիկցւոյն
Յոյսերնիդ ՝տի պսակէ հարկաւ:


Երգ Ը

ԹՇՈՒԱ՜Ռ ԼԵԼԱԿ
(Առ Հայ որիորդս)

Բուրատանիս մէկ անկիւնը մի լելակ
Կ՝աճէր տակաւ, եւ դեռ հազիւ բացած էր
Իր թերթիկներն անուշաբոյր, կապուտակ՝
Վայելելու մայր բնութիւնը կենսաբոյր:

Իբր օրիորդ մատաղատի, գեղաշուք,
Ժպտէր ուրախ. Աշխարհային նենգութեանց
Դառն մըրուրն դեռ չէր պըղծած իր շրթունք,
Ոչ ալ գիտէր՝ թէ իր այս կեանքն է վաղանց:

Օր մը կանուխ ցօղերու մէջ մեր լելակն
Արթընցաւ բիւր իղձք անուշիկ եւ ի սէր,
Ու երբ արփւոյն կենսապարգեւ շողից տակ՝
Երգոց ի լուր վիճակէն գոհ կը ժըպտէր,

Յանկարծ այգուն կարապետը՝ զով զեփւռն
Ողջունելով Բուրաստանը սըրտագրաւ,
Ո՜հ, մօտեցաւ պերճ լելակին խընկաբոյր,
Եւ նազելով բաեւեց զայն ու ըսաւ:

-Գեղանի՜դ լելակ,
Մատաղ, անուշակ,
Քաշուած այս անկիւն
Ինու դու կայուն
Խեղճ կեանք կը վարես՝
Պինդ փարած այսպէս
Այդ անշարժ փայտին
Կըպած հողոյն սին.
Եկու՝ ինծի հետ
Սէր ծըծենք յաւէտ.
Ես ունիմ թեւեր
Թըռչնելու եթեր,
Ես քեզի համար
Գիրկ մը գովարար:

ԼԵԼԱԿ- Իմ այս վիճակէս
Գոհ ու հաճ եմ ես,
Երբ երկնից երկրի
Վըրայ՝ վիթխարի՝
Պատէ քող նըսեմ՝
Ես խաղաղ ննջեմ,
Եւ այգուն ալ զով
Իմ ընկերներով
Ի խինդ ի ժըպիտ
Բուրենք խիտ առ խիտ՝
Ընելով արբշիռ
Թիթռւնք, մեղուք ժիր,
Եւ ինձ սոխակն ալ
Ձօնէ իր դայլայլ:

ԶԵՓԻՒՌ- Սակայն աւելի
Կեանք երջանկալի
Պիտի ունենաս
Եթէ ինձ հետ գաս.
Մեր սիրտեր հեւ- հեւ
Եւ մենք թեւ ի թեւ
Տի՝ ըլլանք եթեր
Դիտելու աստղերն
Ու կամ շոյելով
Ջինջ վտակը զով՝
Մենք եթերապար
Երկու սիրահար,
Պիտի ճախրենք միշտ
Անհոգ ու անվիշտ:

Այս խօսքերէն լելակն արբշիռ ու դիւթուած
Իր սիրտն յայտնեց խօլ զեփիւրին շողոքորթ,
Որ զինքն առած բարձրացաւ օդ ճախրասլաց,
Սիրեց, շոյեց, սեղմեց լանջքին սիրայորդ:

Համբուրելով անոր թերթերն անուշակ
Մէյ մը երկինք սուրաց վէտ- վէտ, մոլորուն.
Մէյ մ՝ալերկիր խոնարհեցաւվայրահակ.
Քանի մը խօլշրջան ըրաւ եռանդուն.

Յետոյ անոր սիրոյն տըւած հաճոյքէն
Շուտ ձանձրացած, անգութ զեփիւռձգեց զայն
Ցեւերու մէջ եւ առաթուր՝ որն արդէն
Հիւծած՝ չորացաւ, ա՜հ, (լելակը) կուսական:

Այսպէս ահա թոռմած ու գոց գտայ ես
Ոտքերուս տակ՝ յաւէտ նընջող լելակն այն,
Եւ հազիւ թէ զայն վէրցուցի՝ մեղմ ու հեզ
Ո՜հ, փըշրեցաւ մատերուս մէջ ցիրուցան:

Երգ Թ
ՅԱԿԻՆԹ

Ըսէ՝ ինձ, ինչու
Գլխիքոր այդպէս
Կը սըգաս թախծոտ,
Խծաղի՝կ վշտակէզ:

Ախորժելի չէ
Բոյրդ մեղմագին,
Թերթերըդ թօշնած
Հողին կը նային:

Ցուրտ ճակտիդ նըսեմ
Նշոյլներն աղու
Կը փալփլին աղօտ,
Մօտ են նըւաղելու:

Ա՜հ, գեղդ ինչ եղաւ,
Ինչ եղաւ փափկիկ
Քու վայելչութիւն.
Ըսէ ինձ, ծաղկիկ.

Հւք պատանիմը
Տեսայ սըգացող.
Մարած էր ճակտին
Սիրո՜յ, յուսո՜յ շող:
Ակեանքին արեւը,
Սիրածը հոգւոյն,
Կոտզած էր իրմէ
Մահն անագորոյն:

Սրտէն հառաչներ
Ու սեւ ափսոսանք
Շըրթներէն թռան՝
Գըլխուս իբրեւ շանթք:

Այն ատեն հէքին
Աչքերն արցունքով
Լեցուեցաւ աղօտ
Սիրտն էր միշտ խըռով:

Երկու գաղջ արտօսր
Ցուրտ այտերէն վար
Ինկան թերթերուս.
Պատանին կու լա՜ր…

Այս արցունքն՝ հալած
Սրտի շիթերէն
Որոնք գոյնս եւ գեղս
Ընդ փոյթ կը խամրեն:

Ծաղիկն այս ըսաւ
Եւ գլուխն անտարբեր
Ծըռեց, որ կարծես
Ինձ կ՝ուզեր մընջել.

Շո՝ւտ, ինձմէ հեռու
Գընա՝, ո՝ պարման,
Զըւարթ մ՝ես դու, ե՜ս՝
Վըշտաց գերեզման…

Երգ Ժ
ԿՈՒՍԱԾԱՂԻԿ

Դու ծաղիկ մ՝ես բարըգութ,
Կը հայթայթես մեղուին հիւթ.
Տաս խոնջ թիթռան թերթերըդ գիրգ՝
Հանգըստութեան իբրեւ գիրկ:

Միշտ կը տենչայ զեփիւռ հեզ
Խաղալ հետըդ, գըգուել քեզ.
Գեղոյդ հիացած՝ հէք պելպուլն
Կ:հիւծի՜, կ՝երգէ քեզ անդուլ:

Բայց այս ամէնն, ոհ, չեն տար
Նոյնիսկ խօլ խինդ մ՜հոգւոյդ վառ
Հոծ ծառերու շուքին տակ՝
Զէրթ կոյս վարես մի սուրբ կեանք…

Սուրբ է կեանքն ալ քաջ Հովուին
Սըքեմինտակ, բոլ՝րովին
Այլոց բարւոյն նուիրեալ
Սիրտ մ:ունի, սի՜րտ սը՜տ սըրտաբափայլ:

Կրօնքինմէջ նա հաստատ,
Սուրբ Առաքեալ մ՝ուղղադատ.
Բըրըգնկայ խակ ժողովրրդեան
Հա՝յր՝ն է՝ մշԿԻՉ Բրութեան:

Այո՝, ուսմանց ալ մշակիչ.
Րգիտութեան դէմ կըտրիճ
Զօրավարն է լուսոյ վառ՝
Սիրոյ՝ կրօնի զօրավար….

Երգ ԺԱ
ԽՆՁՈՐ- ԾԱՂԻԿ

Ամօթխած լուսնին
Աղուոր դէմքին պէս,
Եւ ոսկի գոյնով
Փայլիս ու բուրես:

Երբ էի մանուկ
Տենչայի քանի՜
Ժողվել, յորինել
Քեզ փունջ արփենի…

Բըրգընկուհին ալ
Նազանքով զուարթ
Կը քաղէ ըցքեզ
Դընել կուրծքին զարդ:

Ուր ժըպտիս՝ անոր
Աչքերուս տակ վէս՝
Որոնք սիգալով
Մերթ կը դիտեն քեզ:

Կը բուրես մեղմիկ՝
Լանջքին վրայ մարմար,
Ուր սիտոյ յոյզեր
Քեզ կ՝օրօրեն յար:

Կոյս սրտի մ՝անմեղ
Այդ յոյզերն ամէն,
Աչքէ մ՝առնական
Խուսափուկ խռովքէն:

Երգ ԺԲ
ՄԱՆՈՒՇԱԿ

Առի ըզքեզ իր ձեռքէն
Որ շուշա՜ն մ՝է անարատ.
Արդեօք սըրտին լուսեղէն
Դըրաւ գաղտնիքը վրադ?

Դու կապոյտ գոյնն հագեր ես
Իր աչքերուն խոր, հրափա՜յլ.
Աչքեր դիւթող, աչքեր վէ՜ս՝
Զոր չկրցայ ես մոռնալ…

Արդ կը հանգչիս՝ տխրունակ
Սրտիս խորունկն, հոգւոյս քով.
Վրադ կ՝հակիմ, մանուշակ,
Գուրգուրանքով, արցունքով:

Եթէ դրաւ ան ծոցիդ մէջ
Վարդ շուրթերէն համբոյր մի,
Զայն տուր պահեմ մինչեւ վերջ,
Մինչեւ յատա՜կը շիրմի:

Եթէ, ըսէ՝, թերթերուդ
Ինկաւ արցունք մ՝իր աչքէն՝
Այդ արցունքին խորը՝ շուտ
Մ՝հոգիս խեղդեմ հեշտօտէն:

Ինքն է հեռո՜ւ, դու մօտ ես,
Քընքուշ թերթերդ կ՝համբուրեմ
Յուշերու մէջ, խենդի պէս.
Անոնք իր սիրտ կը բուրեն:

Իր կարօտովն ես միակ,
Դու ալ ողբես բոցարկու՝
Պիտի խամրինք եւ ըլլանք
Ցուրտ շիրիմներ մէկ մէկու:
















0 user(s) are reading this topic

0 members, 0 guests, 0 anonymous users