Հայերէն «հանի» նշանակէ՝ տատ (նէնէ-նանիկ), իսկ. «հաւ» նշանակէ՝ պապ (դեդէ, իսկ անգլերէն հայր իմաստով՝ dad): Այո՛ հայերէնը ունի երկու նմանահունչ բառեր. մինը՝ «թռչուն» իմաստով (հաւ), միւսը՝ «պապիկ» կամ «մեծ հայր» իմաստով (հաւ): Այս հայերէն «հաւ»ը, սեմական «աբ» (հայր) բառն է, կամ հակառակը, այսինքն՝ սեմականը հայկական է...:
Նկատել եւս «աւիւն» բառը, որու առաջին վանկը, «աւ»ը՝ արմատն է, իսկ «իւն»ը՝ ածանց է, նման. «արիւն», «մայիւն», «հնչիւն» բառերուն:
«Աւիւն» նշանակէ՝ երիտասարդական սէր, «սիրավառ խանդ» եւայլն: Լեզուաբանները նկատած են այս բառի նմանութիւնը սեմական «հաբբ» կամ «հուբբ» բառին: Սեմական «Հուբբ» բառէն առաջացած է «հաբիբ» (սիրելի) բառը:
Հայերէն «ամ» նշանակէ տարի, որմէ առաջացած է «ամիս» (month) բառը:
Անահիտ անուան արմատը «Անա» լինելու է, մինչ «իտ»ը մասնիկ լինելու է, նման. Անձիթ, Խարզիթ, Տիրիթ, Հեպիտ, անձնանուններուն եւ տեղանուններուն (ուրիշ առթիւ, կը գրեմ սորա մասին): Ըստ Աճառեանի Արմատականին, հայերէն «ամէգ» նշանակէ, այն ինչ որ դորա առաջին վանկը նշանակէ թուրքաց լեզւով:
Bravo. Ամիս= moon
Չգիտեմ հայկակա՞ն է, թէ ոչ: Միայն գիտեմ Արեւելեան Տաւրոսի համակարգին պատկանող լեռներից մին (Սասնոյ մօտ), կոչուել է Սիմ (Սիմսար):
Հին կտակարանի մէջ յիշուած քեթացիները. հիթիթներ են (խեթերը): Քեթացիներու տիրոյթի սահմանը կը հասնէր մինչ եւ Պաղեստին: Անոնք Եգիպտացիներու ախոյաններն էին, Ասորիքի տարածքին
Edited by Johannes, 05 November 2007 - 12:27 PM.