Jump to content


Photo

JULY 5, an INFAMOUS ANNIVERSARY


  • Please log in to reply
1 reply to this topic

#1 Arpa

Arpa

    Veteran

  • Members
  • PipPipPipPipPip
  • 10,011 posts
  • Gender:Male
  • Interests:Culture

Posted 04 July 2014 - 08:06 AM

JULY 5 , 1921 , AN INFAMOUS ANNIVERSARY


http://www.yerakouyn.com/?p=59358


5 Յուլիսին, 1921. Ստալինեան որոշումով՝ Լեռնային Ղարաբաղը բռնակցուեցաւ Ատրպէյճանին
Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան կը գրէ.
=====
1921 թուականի այս օրը՝ Յուլիս 5ը աղիտաբեր եղաւ հայ ժողովուրդին համար։
5 Յուլիս 1921-ին, այսպէս կոչուած Ռուսական Կոմունիստական Կուսակցութեան Կ. Կոմիտէի Կովկասեան Բիւրոյի ապօրինի որոշումով՝ Լեռնային Ղարաբաղը անջատուեցաւ Հայաստանէն եւ բռնակցուեցաւ Ատրպէյճանին։
Յատկապէս 1988-ի Փետրուարին թափ առած Արցախեան Շարժումէն ասդին, շատ մելան հոսած է ստալինեան այդ կամայական, ապօրինի եւ, մանաւա՛նդ, անարդար որոշումին պատմական լուսաբանման համար։
Հայ քաղաքական միտքը, երկու ուղղութիւններով, իր քննարկումներն ու վիճարկումները կեդրոնացուցած է խորհրդայիններու այդ որոշման իրաւական արժեւորումին վրայ։
Մէկ ուղղութիւնը հիմնաւորած ու դատապարտած է այդ որոշման կամայական, ապօրինի եւ անարդար բնոյթը։ Ստալինեան որոշումին մէջ իրաւական որեւէ հիմք գոյութիւն չէ ունեցած եւ պարզապէս մեծապետական շահախնդրութեանց յագուրդ տուող գործարք մը եղած է Լեռնային Ղարաբաղի բռնակցումը Ատրպէյճանին։
Երկրորդը՝ հիմնաւորած է իրաւագիտական տարազումը Արցախեան Հարցի բանակցային լուծման համար հայկական կողմին առաջադրած եւ պաշտպանած տեսակէտին։

Ի պատասխան ատրպէյճանական կողմի այն հետեւողական պնդումին, թէ իբր յանուն Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան՝ Լեռնային Ղարաբաղը պէտք է վերադարձուի Ատրպէյճանի կազմին, հայկական կողմը իրաւաբանօրէն կը հիմնուի այն փաստին վրայ, որ Լեռնային Ղարաբաղը երբեք մաս չէ կազմած Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ, հետեւաբար, անհիմն ու անհեթեթ է ամէն խօսակցութիւն Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան պահպանման մասին։
Արդարեւ, եթէ 1921-ին Լեռնային Ղարաբաղը յայտարարուած էր մէկ մասը Ատրպէյճանի, այդ քայլը իրաւաբանօրէն նախ եղած էր ապօրինի, ապա՝ բռնակցումը կատարուած էր ի սպաս Խորհրդային Ատրպէյճանի, այլ ոչ թէ անկախ Ատրպէյճանի։
Ապա՝ բռնակցումը կատարուած էր խորհրդային սահմանադրական պայմաններով, որոնք 1991-էն ետք կորսնցուցին իրենց իրաւական հիմքը, երբ նոյնինքն Ատրպէյճան մերժեց ճանչնալ խորհրդային կարգերը եւ դուրս եկաւ Խորհրդային Միութենէն, նախքան անոր պաշտօնական լուծարումը։
Այլ խօսքով՝ նոյնինքն 5 Յուլիս 1921-ի խորհրդային պաշտօնական որոշումէն մեկնելով, անոր անարդար բնոյթը շեշտելով հանդերձ, հայ ժողովուրդը իրաւական ամէն հիմք ունի կառչած մնալու այն փաստին, որ Լեռնային Ղարաբաղը իրաւականօրէն բնաւ մաս չէ կազմած Ատրպէյճանին։
Պատմութիւնը արձանագրած է, որ Ռուսական Կայսրութեան անկումէն յետոյ, Կովկասի մէջ սկսած պետութիւններու կազմաւորման հանդրուանին, Լեռնային Ղարաբաղը 1918-20 թուականներուն կռուախնձոր դարձաւ՝ մէկ կողմէ իր անկախութիւնը վերականգնած Հայաստանի Հանրապետութեան եւ, միւս կողմէ, թրքական զօրքերու ներխուժման պայմաններուն մէջ ձեւաւորուած նորաստեղծ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ։
Այդ ատեն ծայր առաւ հայեւազերիական դաժան պատերազմ մը, որուն ընթացքին Արցախը հերոսաբար պաշտպանեց ինքզինք եւ պապենական իր հողը։
Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը, իր կազմաւորման պահէն իսկ, շարունակաբար հողային պահանջներ ներկայացուց Անդրկովկասի հայկական շրջաններուն նկատմամբ:
Թրքական կանոնաւոր զօրքերն ու Ատրպէյճանի մուսաւաթական զօրամիաւորները, օգտուելով Առաջին Աշխարհամարտի եւ Ռուսական Կայսրութեան անկման հետեւանքով ստեղծուած խառնաշփոթ իրավիճակէն, փորձեցին իր աւարտին հասցնել հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան կողմէ 1915ին գործադրուած ցեղասպանութեան ոճիրը։
1918-էն 1920, համաթրքական մեծ պետութիւն մը հիմնելու հրէշածին ծրագրով տարուած թրքացեղ այդ զօրքերը բնաջնջեցին հարիւրաւոր հայկական գիւղեր, կազմակերպեցին հայերու ջարդեր Պաքուի եւ Գեանջայի մէջ:
Բայց նոյնինքն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ թուրքեւազերիական զօրքերը բախեցան լուրջ դիմադրութեան եւ պարտուած նահանջի դիմեցին՝ հակառակ անոր, որ Արցախի ատենի մայրաքաղաք Շուշին 1920-ի Մարտ 23ին հրկիզուած ու թալանուած էր, իսկ անոր հայ բնակչութիւնը կոտորուած։
Ճիշդ այդ ժամանակ, միջազգային հանրութիւնը անհրաժեշտ համարեց միջամտել աննախընթացօրէն ողբերգական բնոյթ ստացած հակամարտութեան։
1920-ի Դեկտեմբեր 1ին, Ազգերու Լիկայի 5րդ Կոմիտէն, իր 3րդ Ենթակոմիտէի զեկոյցին վրայ հիմնուելով եւ հակադարձելով Ատրպէյճանի տարածքային յաւակնութիւններուն ու ազերիներու ձեռամբ հայերու զանգուածային կոտորածներուն, միաձայնութեամբ որոշեց մերժել Ատրպէյճանի Հանրապետութեան դիմումը՝ Ազգերու Լիկային անդամակցելու։
Օրին, Ազգերու Լիկան նաեւ որոշեց, մինչեւ հակամարտութեան վերջնական կարգաւորումը, Լեռնային Ղարաբաղը ճանչնալ իբրեւ վիճելի տարածք, որուն շուրջ համաձայնութեան յանգեցան հակամարտութեան առընչակից բոլոր կողմերը, անոնց շարքին եւ Ատրպէյճանը։ Այսպէ՛ս, 1918-20 թուականներուն, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ստեղծման ժամանակաշրջանին, անոր գերիշխանութիւնը չէր տարածուած Լեռնային Ղարաբաղի, ինչպէս եւ Նախիջեւանի վրայ։
Այնուհետեւ, Անդրկովկասի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումին հետեւեցաւ քաղաքական նոր քարտէսի սահմանագծումը։
1920-ի Դեկտեմբերի վերջերուն, Խորհրդային Հայաստանի հռչակումէն յետոյ, Կարմիր Բանակի զօրքերը, մինչեւ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Նախիջեւանի հարցին խաղաղ լուծումը, ժամանակաւորապէս գրաւեցին Լեռնային Ղարաբաղը:
Միաժամանակ՝ Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումէն անմիջապէս յետոյ, Ատրպէյճանի Յեղկոմը (Յեղափոխական Կոմիտէն, որ պոլշեւիկեան այդ ժամանակուան իշխանութեան գլխաւոր մարմինն էր) պաշտօնական յայտարարութեամբ ճանչցաւ վիճելի տարածքներուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի, Զանգեզուրի եւ Նախիջեւանին Հայաստանի անբաժանալի մասը ըլլալը:



Լեռնային Ղարաբաղի, Զանգեզուրի եւ Նախիջեւանի նկատմամբ իր յաւակնութիւններէն հրաժարելու մասին ատրպէյճանական այդ յայտարարութեան պահուն, հայկական տարածքները իրողապէս մաս չէին կազմեր Խորհրդային Ատրպէյճանին։
«Վիճելի տարածքներ»ու նկատմամբ իր յաւակնութիւններէն հրաժարելու մասին Խորհրդային Ատրպէյճանի յայտարարութեան եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի կառավարութեանց միջեւ համաձայնութեան հիման վրայ, 1921-ի Յունիս 21ին, Խորհրդային Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղը յայտարարեց իր անբաժանելի մասը:
Հայաստանի կառավարութեան ընդունած համապատասխան Դեկրետը լոյս տեսաւ ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Ատրպէյճանի խորհրդային մամուլի էջերուն։ Պաքուի «Աշխատաւոր» թերթը, որ Ատրպէյճանի Կոմկուսի Կենտկոմի օրգանն էր, 1921-ի Յունիս 22ին լոյս ընծայեց Դեկրետը։ Այդպիսով, տեղի ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի փաստացի միացումը Հայաստանին, ինչ որ միջազգային-իրաւական իմաստով Անդրկովկասի մէջ, կոմունիստական վարչակարգի ընթացքին, եղաւ վերջին օրինական ակտը Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ։
Միացման այդ ակտը ողջունեցին ինչպէս միջազգային հանրութիւնը, այնպէս ալ Ռուսաստանը, ինչ որ ամրագրուեցաւ Ազգերու Լիկայի ժողովի բանաձեւին մէջ (թիւ /18.XII.1920թ.), ինչպէս նաեւ Ազգերու Լիկայի գլխաւոր քարտուղարին՝ Ազգերու Լիկայի անդամ-պետութիւններուն ուղղուած տեղեկանք-նոթին եւ ՌԽՖՍՀ արտաքին գործերու ժողովրդական կոմիսարիատի /նախարարութեան (իշխանութեան բարձրագոյն մարմնին) Խորհուրդներու XI նստաշրջանին ուղղուած 1920-21 թթ. տարեկան զեկոյցին մէջ։
Շուտով, սակայն, Ռուսաստանի պոլշեւիկեան ղեկավարութիւնը, համաշխարհային կոմունիստական յեղափոխութեան օժանդակելու իր քաղաքականութենէն մեկնելով եւ Թուրքիոյ վերապահելով «Արեւելքի մէջ յեղափոխութեան ջահակիր»ի դերը, ըստ այնմ փոխեց իր վերաբերմունքը վերջինիս ազգային ծագումով մերձաւոր Ատրպէյճանի եւ վիճելի տարածքներու խնդրին, այդ շարքին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ:
Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը, Մոսկուայի ցուցմունքով, վերսկսաւ խօսակցութիւններ ձեռնարկել Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ իր յաւակնութիւններուն մասին:
ՌԿ/բ/Կ Կովբիւրոյի պլենումը, արհամարհելով Ազգերու Լիկային որոշումը եւ մերժելով ժողովրդական հանրաքուէն՝ իբրեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմաններու որոշման ժողովրդավարական մեխանիզմ, 1921ի Յուլիս 5ին, Ստալինի անմիջական ճնշումին տակ եւ ի հակադրումն միացման ակտի, արարողակարգային խախտումներով որոշում տուաւ Հայաստանէն Լեռնային Ղարաբաղի բռնի անջատման մասին՝ այդ հայկական տարածքներուն վրայ Ադրբեջանական ԽՍՀ կազմին մէջ լայն իրաւասութիւններով ազգային ինքնավարութիւն կազմաւորելու պայմանով:
Ահա՛ նման՝ ապօրինի, կամայական եւ անարդար որոշումի մը կայացման չարաբաստիկ թուականն է 1921ի Յուլիս 5-ը։
Այդ առումով ալ մեր օրերուն կատարուող աշխարհաքաղաքական մեծ զարգացումները, երբ Հայաստանի եւ հայութեան ապագային վերաբերող հիմնական քաղաքականութիւն մը կը փորձեն պարտադրել՝ առանց հայ քաղաքական մտքին համաձայնութիւնը ապահովելու, փաստօրէն այդօրինակ քայլերը կը կրկնեն ստալինեան մեծ ոճիրը, որովհետեւ ազգային իր հունէն դուրս կը բերեն Հայոց Պետական Տունը՝ զայն սոսկ լծորդ դարձնելով մեծապետական ուժերու ծաւալապաշտական ախորժակներուն։

Edited by Arpa, 04 July 2014 - 08:08 AM.


#2 Arpa

Arpa

    Veteran

  • Members
  • PipPipPipPipPip
  • 10,011 posts
  • Gender:Male
  • Interests:Culture

Posted 04 July 2014 - 10:26 AM

A quote from above, where we see that asszebokhjan-s application for membership in the League of Nations was rejected, and after much deliberations the League declared those Territories to be indivisible part of Armenia. And the asszebokhjan did indeed acknowledge that those lands, Artsakh, Nakhjawan and Zangezur were an integral part of Armenia. **
See highlight below.
----

1920-ի Դեկտեմբեր 1ին, Ազգերու Լիկայի 5րդ Կոմիտէն, իր 3րդ Ենթակոմիտէի զեկոյցին վրայ հիմնուելով եւ հակադարձելով Ատրպէյճանի տարածքային յաւակնութիւններուն ու ազերիներու ձեռամբ հայերու զանգուածային կոտորածներուն, միաձայնութեամբ որոշեց մերժել Ատրպէյճանի Հանրապետութեան դիմումը՝ Ազգերու Լիկային անդամակցելու:
Օրին, Ազգերու Լիկան նաեւ որոշեց, մինչեւ հակամարտութեան վերջնական կարգաւորումը, Լեռնային Ղարաբաղը ճանչնալ իբրեւ վիճելի տարածք, որուն շուրջ համաձայնութեան յանգեցան հակամարտութեան առընչակից բոլոր կողմերը, անոնց շարքին եւ Ատրպէյճանը: Այսպէ՛ս, 1918-20 թուականներուն, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ստեղծման ժամանակաշրջանին, անոր գերիշխանութիւնը չէր տարածուած Լեռնային Ղարաբաղի, ինչպէս եւ Նախիջեւանի վրայ:
Այնուհետեւ, Անդրկովկասի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումին հետեւեցաւ քաղաքական նոր քարտէսի սահմանագծումը:
1920-ի Դեկտեմբերի վերջերուն, Խորհրդային Հայաստանի հռչակումէն յետոյ, Կարմիր Բանակի զօրքերը, մինչեւ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Նախիջեւանի հարցին խաղաղ լուծումը, ժամանակաւորապէս գրաւեցին Լեռնային Ղարաբաղը:
Միաժամանակ՝ Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումէն անմիջապէս յետոյ, Ատրպէյճանի Յեղկոմը (Յեղափոխական Կոմիտէն, որ պոլշեւիկեան այդ ժամանակուան իշխանութեան գլխաւոր մարմինն էր) պաշտօնական յայտարարութեամբ ճանչցաւ վիճելի տարածքներուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի, Զանգեզուրի եւ Նախիջեւանին Հայաստանի անբաժանելի մասը ըլլալը:

**And all this when our comissars like Mikoyan and Shahumian *** were busy preaching brotherhood of nations-
Who remembers this song ?
ԵՂԲԱՅՐ ԴԱՐՁԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱԶԵՐԲՈԽՃԱՆ.
***I wish the name of Stepan, Stepanakert/Stepanavan and Shahumian , that commie traitor be permanently removed from all maps of Armenia and Artsakh.
Dont we have other heroes like Karmir Vardan, Andranik, Aram K, Aram Manoukian and many others?
Why dont we have towns and villages named Grigorakert or Loussavorchaavan?
HYPOCRITS !!!
  • onjig likes this




0 user(s) are reading this topic

0 members, 0 guests, 0 anonymous users