Jump to content


Photo

Դոկտ. ԺիրայŒ


  • Please log in to reply
1 reply to this topic

#1 Yervant1

Yervant1

    The True North!

  • Super Moderator
  • PipPipPipPipPip
  • 21,682 posts
  • Gender:Male

Posted 22 February 2013 - 08:46 AM

Դուք այստեղ էք: Գլխաւոր Լրատուամիջոցներ Ռամկավար Մամուլ Համօ Մոսկոֆեան - Զրոյց՝ Ցեղասպանագէտ, Պատմաբան, Դասախօս Դոկտ. Ժիրայր Քոչարեանի Հետ

22 Փետրվար 2013 00:00
Տպել

ՊԵՐԼԻՆ

Զրոյց՝ Ցեղասպանագէտ, Պատմաբան, Դասախօս Դոկտ. Ժիրայր Քոչարեանի Հետ


Զրոյցը վարեց Համօ Մոսկոֆեան
 

Դոկտ. Ժիրայր Քոչարեան

Վերջին շրջանին, միացեալ Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի մէջ, տեղի կ’ունենան բաւական կարեւոր իրադարձութիւններ, որոնք կը վերաբերին Հայ Դատին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման։ Կարո՞ղ էք ներկայացնել զանոնք։

Նախ կը փափաքէի քանի մը խօսք ըսել, այսպէս կոչուած, հայ-թուրք երկխօսութեան մասին՝ որ շատ կը հետաքրքրէ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

 

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը մօտալուտ է, եւ իրենք (գերմանացիները) բնաւ նպատակ չունին 2015-ին Ցեղասպանութիւնը որպէս այդպիսին ճանչնալու եւ դատապարտելու։ Ուստի, կը փորձեն հայ-թուրք մակերեսային երկխօսութիւններ կազմակերպել, եւ այլն։ Այս «դիւանագիտական նախաձեռնութիւններ»ը կ’իրականացուին կազմակերպութիւններու կողմէ ինչպիսիք են «Նաուման» հաստատութիւնը՝ «Օիրօ» ակադեմիան, «Անատոլու Քուլթուր»: Դժբախտաբար Հայաստանի մէջ այդ խայծը կուլ տուած են եւ կու գան մասնակցելու այս միջոցառումներուն…։ Այս բոլորը ֆինանսաւորողը Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնն է եւ շատ պարզ է այդ բոլորին նպատակը։

Ա. Համաշխարհային Պատերազմի տարիներուն՝ նահանգներէն եկող լուրերը պէտք է գային Պոլիս, ուր կը զտուէին – խիստ գրաքննութիւն կար։ Յետոյ, երիտթուրք ոճրագործները փախցուցին Պերլին եւ թոյլ չտուին որ յանձնուէին Թուրքիոյ դատարաններուն, ուր դատապարտուած էին այդ ժամանակ, հեռակայ կարգով։ Հիմա, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը ֆինանսաւորէ այս միջոցառումները։ Այնպէս որ հարկաւոր է նամակներ յղել բոլոր հայ կազմակերպութիւններուն, Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ, որ հրաժարին այսպիսի ծրագրուած խորհրդաժողովներու մասնակցելէ…։

Միաժամանակ, անձամբ երկու ծրագրի վրայ կ’աշխատիմ այսօր։ 1915 թուին ձերբակալուած, աքսորուած եւ ճանապարհին սպաննուած 15 գրողներու նիւթերը կը հաւաքեմ, Ցեղասպանութեան 100-ամեակին տպագրելու համար՝ գերմաներէն լեզուով։ Կը պատրաստեմ հայ ազգաբնակչութեան աթլաս, 1878 թուի Պերլինի վեհաժողովէն մինչեւ այսօր։ ԹԷ ի՞նչ պատահեցաւ որ այսօր միայն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի տարածքներուն վրայ է որ հայեր կ’ապրին։ Այդ 15 քարտէզները, անհրաժեշտ բացատրութիւններով, կ’ուզեմ հրատարակել մինչեւ 2015 թուականը։

 

Թեսա Հոֆմըն

Գերմանիոյ մէջ շատ ընելիքներ կան։Թուրքերը շատ կազմակերպուած են հոս եւ հակա-հայկական քարոզչութիւն կը տանին պետական մակարդակով։ Թրքական դեսպանատան մէջ կ’աշխատին պաշտօնեաներ այդ ուղղութեամբ…։

Միւս կողմէ, Հումպոլտի համալսարանի փողոցին վրայ յուշատախտակ տեղադրուեցաւ Կոմիտասի յիշատակին, որովհետեւ հոն փիլիսոփայութիւն ուսանած էր հանճարեղ հայ երաժշտահանը։ Ողջունելի քայլ էր, սակայն նոյն համալսարանին մէջ ազրպէյճանագիտութեան, լեզուի ու մշակոյթի ամպիոն հիմնած են ազերիները։ Չմոռնանք որ Պերլինի «Ֆրայ» համալսարանը միանգամընդմիշտ փակեց հայագիտական ուսումնասիրութիւններու ամպիոնը (զայն փոխադրելով Հալէպի համալսարան)։ Այսինքն՝ ազրպէյճանցիները կը տեղաւորուին մայրաքաղաքին մէջ, իսկ հայերը…։

Ասիկա հայկական ձեւի քաղաքականութիւն տանիլ է։ Մանաւանդ որ այս քաղաքին մէջ 300-350,000 թուրք կայ։ Մեր Հայաստանի հայկական հատուածը թուրքին ինչ ըլլալը լաւ չի պատկերացներ, թէ նենգ ու խորամանկ ոճրագործ մըն է ան։Մանաւանդ այն թուրքերը որոնք այստեղ ծնած են, անոնք թրքական կառավարութեան երկարացուած ձեռքն են…։


Ոճրագործ Ճեմալ Ազմիի մարմարեայ նոր գերեզմանաքարը

Փառք Տիրոջ, այստեղ ունինք մի քանի գերմանացի բարեկամներ, Ցեղասպանութեան ճանաչման խմբակ՝ որ Թեսա Հոֆմընի գլխաւորութեամբ մեծ աշխատանք կը տանի։ Եթէ դրամական միջոցներ տրամադրելի ըլլան, որքան կարեւոր է Գրիգոր Պալաքեանի «Հայ Գողգոթան» թարգմանուի գերմաներէնի… կամ Սողոմոն Թեհլիրեանի «Իմ Յիշողութիւնները», որոնք մեծ ազդեցութիւն պիտի ձգեն գերմանական նոր սերունդին վրայ, որ քննադատաբար կը վերաբերի իր պատմութեան հանդէպ։ Տեղացի ժողովուրդին չենք փորձած ծանօթացնել հիմնական իրողութիւնները։ Այս օրերուն, Թեսա Հոֆմըն կը ներկայացնէ Պոնտոսի եւ Թրակիոյ յոյն ժողովուրդին հանդէպ գործուած Ցեղասպանութիւնը։ Թող աշխարհը իմանայ, որ թուրքը Ցեղասպանութիւններու շարքի գործադրող ոճրագործն է։ Պէտք է Պարսկաստանին եւ Ռուսաստանին հասկցնել թէ ան կը շարունակէ փան-թուրքիզմի քաղաքականութիւնը։

Ա. Համաշխարհային Պատերազմի աւարտին, Պերլին փախած թուրք ցեղասպան-ոճրագործներ Ճեմալ Ազմին, Պեհաէտտին Շաքիրը, Թալաաթ փաշան շանսատակ եղած էին հայ վրիժառուներու ձեռքով։ 1940 թուին Թալաաթի աճիւնը Թուրքիա տեղափոխուեցաւ մե՜ծ շուքով…։ Իսկ վերջերս, այստեղի թուրքերը, մեծ գումար հաւաքելով, մնացեալ երկու ոճրագործներուն գերեզմանները պատեցին թանկարժէք մարմարով, կողքին կառուցելով շքեղ մզկիթ մը, զոր կոչեցին “Նահատակ”ներու անունով։ Մենք բողոքի նամակ յղեցինք այդ շրջանի թաղապետին, բողոքելով ոճրագործներու պաշտամունքի դէմ, բայց մինչեւ այսօր պատասխան չստացանք։ Ինչպէ՞ս կ’ըլլար եթէ Նացիզմի ռազմական ոճրապետեր Հիթլերն ու Հիմլերը, անհատի պաշտամունքի առարկայ դառնային այսօր՝ Գերմանիոյ մէջ։ Պերլինը ամէն հարցով կապուած է հայոց պատմութեան հետ։

 

 



#2 Yervant1

Yervant1

    The True North!

  • Super Moderator
  • PipPipPipPipPip
  • 21,682 posts
  • Gender:Male

Posted 22 February 2013 - 09:46 AM

YEREVAN BECAME TOOL IN ARMENIAN-TURKISH NORMALIZATION PROCESS - ARMENIA'S FIRST OMBUDSWOMAN

NEWS.AM
February 22, 2013 | 02:38

YEREVAN. - The current situation with respect to the Armenian-Turkish
normalization process is a result of incorrect calculations and marked
pressures by the West, Armenia's first Human Rights Defender, Larisa
Alaverdyan, told Armenian News-NEWS.am.

In her words, a clear pressure was put to the Armenian party, even
when signing the Armenian-Turkish protocols.

"Even the US political calculations came out wrong. It should be
admitted that Armenia was not an active player, but rather a tool in
this process," Alaverdyan stressed.

She added that Turkey should be demanded to lift its blockade imposed
upon the Armenian state, and it should recognize the precepts of
international law and abide by them.

"The international community needs to put political pressure on
Turkey," Armenia's first ombudswoman concluded.




0 user(s) are reading this topic

0 members, 0 guests, 0 anonymous users