Jump to content


Photo

ՍԱՐՍՈՒՌՆԵՐ


  • Please log in to reply
No replies to this topic

#1 Arpa

Arpa

    Veteran

  • Members
  • PipPipPipPipPip
  • 10,011 posts
  • Gender:Male
  • Interests:Culture

Posted 19 June 2011 - 07:37 AM

HAPPY FATHERS’ DAY
June 19, 2011

Դանիէլ Վարուժան
Աարսուռներ


ՀԱՅՐ, ՕՐՀՆԷ՛

Հայր իմ., օրհնէ՛. ժամը հասաւ, պիտ՚ երթամ.
Նոր կեա'նք մ՚ինծի կը սպասէ։
Պատանութիւնն ես թողուցի, նոր արիւն
Երակիս մէջ կը վազէ։

Յառա՜ջ, յառա՜ջ, գըլուխս ետ չե՛մ դարձըներ.
Երկընքէս վա՛ր թող իյնան
Անվիշտ կեանքիս ամէն աստղեր, հոգըս չէ'.
Անցեալս իջնա թող դամբան։

Օհ, ինծի՛ ի՞նչ թէ կը փետեմ վարդին թերթ,
Եվ փուշին կեանք կու տամ միշտ,
Թէ գըրկաբաց հորձանքին մէ՛ջ կը նետուիմ.
Խինդս է՝ ձանձրոյթ, սէրս է՝ վիշտ։

Ամեն խայտանք ջախջախեցի սըրտիս մեջ.
Չեմ վախնար եւ ծըծելէ.
Վանք մըտնող կոյս մ՚եմ՝ որ խըզուած իր վարսեր
Անխիղճ, անհոգ, կը դիտէ՜.
..
Հա՛յր, ես կ՚էրթամ այն ճամբայէն՝ որ ճերմակ
Մազերուդ զիս կը տանի,
Վաստակաբեկ ոսկըրներուդ, ծեր սըրտիդ
Եւ սէրերուդ կենդանի....

Բաւական է. - աշխատեցար, կըրեցիր,
Ամեն նետի, հարուածի
Վահան եղար ինծի համար. հոգիդ է՝
Որ հոգվոյս մէջ կը յածի։

Իմ արիւնս է գոյացած քու քըրտինքէդ.
Յոգնութտանդ ծիլն եմ տըխուր։
Հոգիդ, կաղնի~, երբ կուրծք կու տար մըրըրկին՝
Ես շուքին տակ, հանգիստ, լուռ

Կը մեծնայի։ — Հարկ է հիմա ա՛լ հանգչիս
Եւ ես քեզի յաջորդեմ...
Խոնջէ~նք, խոնջէ~նք, կ՚ուզեմ կըռուիլ, աշխատիլ,
Ելլել կեանքին, կյանքին դէմ...

Հայր իմ, օրհնէ'. դողդոջ ձեռքերդ գըլխուս դիր.
Թող մատերէդ կաթի վար
Աղոթքդ՝ եկած հոգւոյդ պայծառ խորանէն։
Վերջին ժամն է. օրհնէ՛, հայր:




0 user(s) are reading this topic

0 members, 0 guests, 0 anonymous users