Jump to content


Photo

Մշոյ Սուրբ †


  • Please log in to reply
1 reply to this topic

#1 Yervant1

Yervant1

    The True North!

  • Super Moderator
  • PipPipPipPipPip
  • 21,599 posts
  • Gender:Male

Posted 20 November 2017 - 01:17 PM

Մշոյ Սուրբ Կարապետ Վանքի Դրան Ոդիսականը…
16.11.2017   16:08
2-37.jpg

Նկարին մէջ Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքի երկփեղկանի փայտեայ դուռն է, ստեղծման տարեթիւը` 1312: Հայ կիրառական արուեստի այս գլուխ գործոցը այժմ կը պահուի մասնաւոր հաւաքածուի մը մէջ, Գանատա: Աներեւակայելի արկածային ժանրի ֆիլմի մը նման Մշոյ Սուրբ Կարապետի դրան յայտնաբերելու իրական պատմութիւնը, որու մասին մանրամասը կը պատմէ իր յուշապատումին մէջ ճարտարապետութեան դոկտոր, հանգուցեալ Արմէն Հախնազարեանը:

Փաստացի դուռը յայտնաբերած է Պոլիս բնակող գերմանացի արուեստագէտ Ռիխթըրը 1976-ին: Ան գնած է այդ դուռը իր թուրք հարեւանէն, որ իր հերթին, ատկէ մէկ տարի առաջ, հանգամանքներու բերումով գտնուելով Մուշի քրտաբնակ հեռաւոր գիւղերէն մէկը՝ անսպասելի գտած ու մեծ դժուարութիւններով տեղափոխած է այդ դուռը Պոլիս:

Ռիխթըր Թուրքիոյ մէջ գերմանական դեսպանատան կարեւոր անձնաւորութիւններու հետ ունեցած իր կապերու շնորհիւ կրցած է այդ թանկարժէք եւ բացառիկ պատմական նմուշը հանել երկրէն եւ տեղափոխել Ֆրանքֆուրթ` Գերմանիա, ու պահած է իր տունը: Իսկ արուեստագէտին մահէն ետք` արդէն 1996-ին, Մշոյ Սուրբ Կարապետի դուռը Լոնտոնի մէջ կը  դրուի աճուրդի եւ կը գնուի ընդամէնը 50 հազար տոլարով անյայտ անձի մը կողմէ: Յայտնի է միայն, որ ան ազգութեամբ հայ չէ: Եւ ատիկա այն պարագային, երբ աճուրդը նախապէս յայտարարուած եւ գովազդուած եղած է, ու հայերը պէտք է, որ ամէն գնով ձեռք բերէին այդ` իրենց համար սուրբ ու անգին գանձը:

Ահա այսպիսի անհաւանական եւ տխուր պատմութիւն` կապուած Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքի դրան հետ` «Գարուն» ամսագիրէն (1997, թիւ 3): Ինչպէս կ՛ըսէր ֆրանսացի փիլիսոփայ Լարոշֆուքոն` «Մենք հեշտութեամբ կը մոռնանք մեր այն սխալները, որոնք յայտնի են միայն մեզի»:

Ռուբէն Շուխեանի ֆէյսպուքեան գրառումէն
magaghat.am

 


  • onjig likes this

#2 onjig

onjig

    Veteran

  • Members
  • PipPipPipPipPip
  • 1,650 posts
  • Gender:Male
  • Location:Ranch in Sierra Nevada Mountains, California, Ranch in Nevada
  • Interests:Family, Armenia, Armenians,skiing, crop, too much to list.

Posted 14 October 2018 - 11:48 PM

Beautiful ```






0 user(s) are reading this topic

0 members, 0 guests, 0 anonymous users