http://hayeren.hayas...st=st22arm.html
I took the liberty to revert the orthography to the original Varuzhanian where I could and added some missing verses..
---
ՀԻՒԱՆԴ Է
(Դանիէլ Վարուժան, Սարսուռներ)
Ստուերին մէջ, խանի մ'անկիւնը լըքուած
Թըշուա՜ռ պանդուխտ, հիւանդ է.
Խոնաւութիւնն անոր մարմինը շիթ շիթ
Գերեզմանին կը նետէ:
Բըժիշկ չունի. Եղած դրամն ալ հատաւ.
Ցաւը ծանր է, գըթութիւն:
Հոն չկայ սիրտ մ'որ բարութիւնը քամէ
Անոր ծարաւ շըրթներուն:
Եւ ինքն իրէեն մտերիմներ կը ստեղծէ
Ցընորքներուն մէջ ջերմին.
Իր վիճակին լարեկցող մէկը չունի
Բացի մամուկը որմին:
…Մըթընշաղին մէջ կը մարմրի, կը հիւծի
Մըթընշաղի մը նըման.
Լըռութիւնն հոն կարծես դագաղ մը կ'երկնէ.
Օրոցք` տունէն գերեզման:
Երիտասարդ է տակաւին, և փեսայ.
Պոլսէն մինչև Վան հեռու,
Հոն` հաց կ'ուզեն հարսն ու ծընողք. զի՜նք կ'ուզեն.
Դեռ շատ շուտ է մեռնելու:
Ան իր արիւնն իր քըրտինքով կը շահէր…
Տէ՛ր, ի՞նչ սըրտով կը կոտրես
Թեւն` որուն վրա կը թըռթընին մանուկներ
Եւ ծընողքներ ձիւնագէս:
Դուրսն արեւին , զեփիւռին տակ կ՝ուրճանան
Բախտաւորներն աննիազ.
Արտին մէջ աստղն աւշի ելքին կը ժըպտի,
Տէր՝ , զինքն ինչու կը մոռնաս:
Այդ բազուկներն աշխատանքի համար են,
Ոչ՝ մահուան դէմ կռուելու:
Բախտը խուցին մէկ անկիւնէն կը խընդայ
Օձի ժպտով մ՝ահարկու:
Պիտի մեռնի. Խիստ մահացու հիւանդցաւ.
Եւ պատանքին մէջ երբեք
Պիտ՝ չըտանի սիրելիի մ՝արցունքներն
Ու սեւ պւխտերն յուսաբեկ:
…Պիտի մեռնի. և իր բընիկ լուսնին տակ,
Հարսը սիրոյ ծարաւով`
Պիտի զուր տեղ անոր գալուն ըսպասէ…
Խեղճ վանուհի, ապահով
Յոյսի ամէն խոստումներու վայելքին`
Կը ծիծաղիս աստղին հետ.
Մինչդեռ կեանքի երկընքին վրայ կը գըծուի
Շանթը շողին զուգահետ:
Որո՞ւն համար շուշանն ու վարդ փոխ կու տան
Իրենց միացումն` այտերուդ.
Ինչո՞ւ Վանա լիճն աստղերով կը վառի
Նախանձելով աչքերուդ:
Որուն համար շուշանն ու վարդ փոխ կու տան
Իրենց միացումն այտերուդ,
Ինչու Վանայ լիճն աստղերով կը վառի
Նախանձելով աչքերուդ:
Որո՞ւն համար հաջաղիդ տակ կը պահես
Ըմբոստանքներն համբոյրին…
Վաղն, հէ՜գ ծաղիկ, պիտի ճամբորդ մը գուժէ.
“Մէկ աչքը բաց թաղեցին”:
Edited by Arpa, 10 June 2009 - 04:45 PM.