Յիս քու ղիմեթըն չ'իմ գիդի՝
Ջավահիր քարի նըման իս.
Տեսնողին Մեջլում կու շինիս՝
Լէյլու դիդարի նըման իս:
Աշխարումըս իմըն դո'ւն իս,
Բեմուրվաթ իս, մուրվաթ չ'ունիս.
Պըռօշներիդ նաբաթ ունիս,-
Ղանդու շաքարի նըման իս:
Դադա պիտի՝ թարիփդ ասէ,-
Ակռէքըդ յաղութ ալմաս է,
Ռանգըդ Փըռանգի ատլաս է,-
Զար ղալամքարի նըման իս:
Մազիրըդ նըման ռէհանի,
Դուն ուրիշ խիալ մի՛ անի,
Ռահմ արա՛, հոգիս միյ հանի,-
Մուրվաթով յարի նըման իս:
Վո՞ւնց դիմանամ էսչափ չարին՝
Աչքեմէս կաթում է արին.
Սա՛յաթ-Նովա, նազլու յարին
Գընած նօքարի նըման իս:
Սայեաթ Նովայի այս տաղը գրուած է 18-րդ դարու Տփղիսեան (Թիֆլիս, Թբիլիսի) բարբառով: Հաւանաբար, սա, վրաց արքունիքի մօտ գտնւող, հայ ժողովրդեան վերնախաւի բարբառն է եղած: Այդ ժամանակ, Հայաստանի ու Վրաստանի արեւելեան բաժինը կը գտնուէր Պարսից իշխանութեան ներքոյ: Թէեւ վրացիք ունէին պետութիւն, բայց այդ պետութիւնը կախեալ էր Սպահանէն: Նոր եւրոպական մշակոյթը, իր արժէքներով հանդերձ, տակաւին չէր թափանցած երբեմնի քրիստոնեայ արեւելքէն մնացած վերջին երկու ազգերուն՝ հայոց եւ վրաց: Հաւանաբար, անոնց նիստ ու կացը, կենցաղը եւ տարազը, շատ նման էր Հայոց Բագրատունի թագաւորութեան մայրաքաղաք. Անիի բնակիչներուն ունեցածին: Մշակութային քրիստոնէական այն շերտը, որ աւելացած կրնայ ըլլալ՝ այդ Ջենովական ու Վենետիկեան Միջերկրածովային ու Սեւ ծովային առեւտրի միջոցով փոխանցուածն է թերեւս, ինչպէս նաեւ՝ ջուղհայեցի հայ վաճարականներուն բերած նորամուծումները:
Անի մայրաքաղաքի վերջնական դատարկումը, գրաւումներու եւ երկրաշարժներու պատճառով, այնքա՜ն
Նշանակալից երեւոյթ եղած է որ, հին սփիւռքահայերու՝ հին գաղութահայերու յիշողութեան մէջ մնացած է, որպէս իրենց կազմաւորման պատճառ: Ընթերցած եմ Լեհաստանի, Տրասնիլվանիոյ, Վալախիոյ, Ղրիմի, Նոր Նախիջեւանի, Ուլնիոյ (Զէթուն), Կիլիկիոյ եւ այլ վայրերու հայոց պատմութիւնը, եւ միշտ յիշատակուած գտած եմ՝ Անիէն գաղթած ու այդ վայրերու մէջ հաստատուած հայերու մասին վկայութիւններ: Հաւանաբար, ճշմարտութեան մեծ բաժին կայ այստեղ, անմեղ բայց չնչին սնափառութեան մը կողքին, քանզի փոքրաթիւ բնակիչ ունեցող աւաներէ, գիւղերէ եկած եւ նոր վայրերու մէջ հաստատուածներու նախկին բնակավայրի մասին պատումները այնքա՜ն ազդ եւ յիշատակ պիտի չի թողնէին, որքան որ թողեցին Անիի նման մեծ եւ վաճառաշահ քաղաքի նման վայրէ եկած ու համեմատաբար մեծաթիւ բնակչութեան թողած հետք-յիշատակարանը:
Ինձ հետաքրքրած է նաեւ՝ Անի քաղաքի ժողովրդական լեզուն: Ի՞նչ լեզու խօսած են, այդ լեզուն եթէ պիտի դասուի, հայոց բարբառներու ո՞ր դասին մաս պիտի կազմէ:
Անին Շիրակի տարածքին կը գտնուի: Վերապահ կը մնամ. ստոյգ դատումներ անելէ, բայց որոշ գաղափար մը ունինք Շիրակի (Գիւմրի), անոր անմիջական դրացի Վանանդի (Կարս), Նոր Նախիջեւանի, Ղրիմի եւ միւս գաղութներու հայոց լեզուէն:
Նախորդող մէկ յղման մէջ, գրած էի միայն արեւմտահայոց (իմացի՛ր՝ արեւմտահայերէնախօս) գործածած ակռայ բառի մասին, արեւելահայերն գործ ածեն ատամ բառը: Թիֆլիսի հայոց այդ ժամանակուայ բարբառը, չի դասուիր արեւելահայերէն կամ արեւմտահայերէն, այդտեղ կան. արեւելահայերէն «վունց դիմանամ» (ինչպէ՞ս դիմանամ) եւ արեւմտահայերէն «ակռէքդ»: Գրաբարեան այ երկրբարբառն ու իրեն յաջորդող ք յոգնակերտ մասնիկը բարբառներու մէջ տուած է էք ձեւը, ինչպէս նաեւ այ երկբարբառը տուած է է: Գայլ>գէլ, ծայր>ծէր, երախայք>երեխէք, ակռայք>ակռէք: Լոռիի բարբառով գրող Թումանեան,իր գործերուն մէջ, գրեթէ միշտ այս ձեւն է գործածած: Դասականով գրող Թումանեան, գործածեր է է տառը, մինչ Աբեղեանի ուղղագրութեամբ. հարթուած է Թումանեանի մօտ զանազանւող է եւ ե տառերու տուած իմաստային տարբերութիւնները, բոլորը դառնալով ե: Օրինակ՝ Թումանեանի մօտ ծէր(=ծայր) եւ ծեր (=պառաւ), իսկ Աբեղեանի ուղղագրումով. բոլորն ալ ծեր (=պառաւ):
Մէկ անգամ եւս գրեմ, Սայեաթ Նովայի տաղի այս տունը.
Դադա պիտի՝ թարիփդ ասէ,-
Ակռէքըդ յաղութ ալմաս է,
Ռանգըդ Փըռանգի ատլաս է,-
Զար ղալամքարի նըման իս:
Բառամեկնում
-Դադա, վրական լեզուներով դեդա կը նշանակէ մայր, սակայն այստեղ, ուրիշ բառ է, եւ մէջբերմանս աղբիւրը չի բացատրեր իմաստը,
-Թարիփ (tarif) ծանուցում, բացատրութիւն, այստեղ՝ գովասանք, բառի ծագումը արաբերէն է,
-Յաղութ, յակինթ, rubies, sapphire, թանկագին հանքային քար, ադամանդի տեսակ,
-Ռանգ, երանգ, գոյն,
-Փըռանգի, ֆրանսական, եւրոպական,
-Ատլաս, նրբահիւս կերպաս
-Զար, ոսկի, պարսկերէն բառ:
-Ղալամքար, մէջբերմանս աղբիւր գիրքը զայն թարգմանէ որպէս. «գոյնզգոյն ծաղիկներով զարդարուած նուրբ կտաւեղէն» եւ հաւանաբար ճիշտ է, քանզի Սայեաթ Նովա բանաստեղծը այդ բառը գործածած է, երբ գովասանքի ենթակայն կը համեմատէ Փըռանգի ատլասի հետ:
Այնթապցի յայտնի արծաթագործ գերդաստան մը կայ, որուն միակ ժառանգորդը (կարծեմ), անցեալ շաբաթ հոգին աւանդեց: Դասընկերս էր ան: Արթուն Գալեմքերեան: Աստուած հոգիդ լուսաւորէ ընկեր:
Գալեմքեր անունը ձեւաւորուած է ոսկերիչի կամ արծաթագործի արհեստի համար: Եթէ բաղադրենք բառը, պիտի ստանանք արաբերէն ղալամ-գալեմ «մատիտ, գրիչ, սրածայր մետաղէ մատիտ» եւ քեր-քեար-կար, այդ հին հայկական եւ պարսկական բառ-ածանցը, որ շատ մը արհեստներու բնորոշիչ անուններ կերտած է: Արթուն վարպետ արծաթագործ եւ յօրինող երաժիշտ էր: Անոր ելեկտրական դաշնամուրէն շատ լսած եմ Սայեաթ Նովայի երգերը:
Edited by Johannes, 02 July 2008 - 07:42 AM.