Մոռցուած Հայրենիք
[size=3] Մօտիկ անցեալին, օսմանեան բռնատիրութեան նման մի Իշխանութիւն էր տարբեր թրքացեղ ընտանիքներով կառավարուող իսլամական իրանը (այս անունը պաշտօնականացաւ միայն 1935 թուականին)։ Մոնղոլ-թաթար արշաւանքներէ ետք, երբ իրանի արիական տարրերը խեղճացան (այս աւելի ակնյայտ է պատմական ատրպատական նահանգին մէջ, որտեղի ժողովուրդը ամբողջովին թրքախօս դարձաւ) Պարսկական բարձրավանդակի վրայ տիրապետող տարբեր թրքական ցեղեր, որոնք իսլամութիւնը ընդունեցին եւ պետութիւններ հիմնեցին, տիրեցին հայութեան արեւելեան հատուածին, մինչեւ ռուսական գրաւումը։
Մինչ Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայեր իրաւունք չունէին զէնք կրելու, բանակին զինուորագրուելու, պատերազմելու, պարսկաստանի հպատակ հայեր, Արցախի մելիքներ իրենց զօրքերով մաս կը կազմէին բանակին, այն ալ յատուկ գունդերու մէջ, սակայն այս մէկը չի նշանակէր, որ հայ ժողովուրդի գոյութիւնը ապահովուած էր։ Տասնիններորդ դարու սկզբնաւորութեան, Ռուսերու կողմէ Անդրկովկասի գրաւման ընթացքին, հարաւային իրանէն հայեր կը մասնակցէին պատերազմին առանցին գունդերով, Իրանի շահի կողքին։ Որոշ հայկական ուժերու կողմէ հակապարսկական ռազմական գործողութիւններու մասնակցումը պատճառ չդարձաւ, որ Պարսիկ կառավարութիւնը ջարդեր գործէ իր հպատակ հայութեան հանդէպ։
1604 թուականին Իրանի թագաւոր Աբաս, դէպի Հայկական բարձրավանդակի խորերը իր արշաւանքի ընթացքին, օսմանցիներէն պարտութիւն կրեց, եւ երբ ստիպուեցաւ փախուստի դիմել, հրեշային միտք մը ծագեցաւ ուղեղին մէջ. ամենակարճ ժամանակամիջոցին գաղթեցնել բոլոր հայերը, որոնք կը գտնուին փախուստի ճանապարհի շրջակայքը. Արարատեան նահանգի. Ապարան, Լոռի, Շիրակ, Կաղզուան, Վասպուրական նահանգի. Մակու, Աղբակ, Խոյ, Սալմաստ, Ուրմի գաւառները եւ քաղաքները դատարկուեցան հայութիւնէ։ Բնակիչները դուրս կը հանէին իրենց տուներէն, յետոյ կ՚այրէին բնակարանները եւ հացի պաշարները, որպէսզի ոչինչ չմնար ոսմանցիներուն, գաղթող հայերուն ալ միտքերէն պիտի չ՚անցնէր վերադառնալը։ Վաթսուն հազար ընտանիք, Մօտաւոր երեքհարիւր հազար հայեր գաղթեցին հարաւային Իրան։ Աճապարանքի պատճառով շատ հայեր խեղդուեցան Արաքսի ջուրերուն մէջ, ուրիշներ ճանապարհորդական դժուար պայմաններու պատճառով հիւանդացան եւ մահացան։ Աբաս նպատակադրեց.
• Օսմանեան արշաւող ուժերու առջեւ ամայի խոպան տարածքներու ստեղծում, որմով օսմանցիք իրենց բանակը կերակրելու համար բաւարար գիւղեր եւ աւաններ պիտի չի գտնային։
• Հայաստանի ուժերու ջլատում եւ այսպիսով հայերու կողմէ Հայոց թագաւորութեան վերականգման յոյսերու թաղում։
• Հայաստանի բնակեցում. շիա մահմեդականներով։
• Իրանի մայրքաղաք Սպահանի եւ անմիջական շրջապատի շէնացում։
Արդար ըլլալու համար ըսենք, որ ռուսական գրաւումը (1813-1828) խաղաղութիւն եւ զարգացման հնարաւորութիւն բերաւ Անդրկովկասի։ Զարգացան աւաններ, որոնցմէ էր Բագու (որ պիտի դառնար ^ազրբէջանի_ մայրքաղաքը), Շուշի, Թիֆլիս, այստեղ փակագիծ մը բանալով շեշտենք, որ անդրկովկասի զարգացման գործին մէջ հայերն էին առաջատարները. Սիւնեցի սեւագործ բանուորը նաւթահորի տէր, իսկ լոռեցի հովիւը թիֆլիսի մէջ վաճառատան տէր դարձաւ, անշուշտ իրենց աշխատասիրութեան եւ աչքաբացութեան շնորհիւ։ Սա մեր նիւթը չէ, պիտի անդրադառնամ Ռուսիոյ կողմէ Արեւելեան հայաստանի գրաւման բացասական կողմերը, որոնցմէ գլխաւորը.
• Պատմական հայաստանի կեդրոնական եւ հարաւային տարածքներու վէրջնական անջատումը արեւելեան հայաստանէն։
• Հայաստանի ընդարձակ տարածութիւններու հայաթափումը։
• Արեւելեան եւ արեւմտեան հայաստաններու աւելիով անջրպետումը եւ անջրպետման, որպէս հետեւանք արեւմտահայաստանի ազատագրման դժուարութիւնը։
Հայաստանի ճիշտ կեդրոնը գտնուող տարածքներ, թանկագին յիշատակներով լեցուն հայապատկան հողեր, Արեւելեան հայաստանը արեւմտեանին կապող վասպուրական նահանգէն Արտազ (Մակու) Արաքսի հանդիպակած ափը մինչեւ Փայտակարան նահանգը, մինչեւ Արցախ նահանգի հարաւը գտնուող լեռնաշղթան, զոր կը կոչուէր պարսպատունիք եւ մաս կը կազմէր Վասպուրական նահանգին, իսկ այդ լեռնաշղթայէն անցքի ամենահարմար վայրը կը կոչուէր դրունք հայոց, այսինքն հայոց դրներ կամ հայաստանի դրներ, ամբողջ Պարսկահայք նահանգը խոյ, Սալմաստ, Ուրմիա գաւառները, այժմ կը գտնուին Իրանի սահմաններէն ներս, եւ հայաթափ են։
Ներկայ հայաստանի հանրապետութեան հայութիւնը եւ ընդհանրապէս Աշխարհի հայութիւնը կը տօնէ Արեւելեան հայաստանի Ռուսիոյ միացումը։ Ճիշտ է որ արեւելեան հայաստանի ռուսիոյ միացմամբ հայութիւնը զարգացման աւելի հնարաւորութիւն ունեցաւ, քան Արեմտեան հայաստանի եւ Պարսկաստանի հայերը, սակայն այդ տարածքները (ռուսիոյ կողմէ գրաւուած եւ կայսրութեան միացուած) հայաթափուած էին շահ աբասի օրօք կազմակերպուած գաղթերու եւ թուրք պարսկական պատերազմներու պատճառով, իսկ ռուսերը իրենց նախորդներու (պարսիկ եւ թուրք Խաներու, Շահերու) կատարած անարդարութիւնները հայոց հանդէպ, չ՚ուղղեցին։
Հարցը մեծ անդրադարձ ունեցաւ Արեւելահայ զանգուածներու եւ գաւառներու վրայ եւ պատճառ դարձաւ ամբողջ պատմական նահանգի մը կորուստին (այստեղ փակագիծ մը բանալով կ՚ուզեմ սա անուանումը տալ այդ հողերուն՝ (հարաւային կեդրոնական եւ հարաւային արեւելեան հայաստան)։ Ռուս-պարսկական սահմանը դարձուցին Արաքսը, մինչ ռուսական բանակը հասած էր մինչեւ թաւրիզ, ամբողջովին գրաւելով պատմական հայաստանի հողերը եւ դեռ աւելին։ Թաւրիզի մօտակայ թուրքմենչայ գիւղին մէջ, կը կնքուի պայմանագիր՝ վէրջնականապէս բաժանելով շատ նշանակալի եւ սիրելի պատմական հողեր, ամբողջ հայրենիք մը Ռուսական գրաւման ենթակայ հայաստանէն։ Արեւելեան հայաստանը, ի մասնաւորի՝ Արցախ եւ Սիւնիք նահանգները նախճաւանն ու գողթնը. պարսկական սէպով մը, նոյնպէս պատմականօրէն հայապատկան Մակու խոյ, Սալմաստ գաւառներով, բաժանուեցաւ արեւմտահայ հողերէ (Վասպուրական, կորճայք, Աղձնիք եւայլն)։
Այսպիսով Պատմական Հայաստանի երեք մասերու բաժնուեցաւ՝ Օսմանեան, Ռուսական՚ պարսկական։ Հայութիւնը իր հայրենիքը ամբողջացնելու համար երեք մեծ պետութիւններու դէմ ազատագրական պայքար պիտի մղեր, բնականաբար չմղեց եւ մոռցաւ պարսկական տիրապետութեան մէջ գտնուող Հայաստանը, որպէս հայրենիք, իսկ եթէ յիշուի կը յիշուի, որպէս պարսկաստան։
Եթէ Հայաստանը չբաժնուէր երեք մասի. եւ ռուսերը գրաւէին ամբողջ արեւելեան հայաստանը, եւ վերականգնէին արդարութիւնը հայաստանի հողին վրայ բնակած եկւորները քշելով եւ անոնց տեղ հայեր բնակեցնելով մեծ հաւանականութեամբ այժմ անկախ հայաստանի տարածքը շատ աւելի մեծ պիտի ըլլար։
Ռուս Իշխանութիւններ քաջալերեցին պարսկաստանի իշխանութեան ներքոյ մնացած պատմականօրէն հայապատկան գաւառներու հայութեան գաղթել ռուսական կայսրութեան միացուած հիւսիսային արեւելեան հայաստան եւ այլ շատ գաւառներ, որտեղ այժմ հայաստանի մաս չեն կազմեր։ Սակայն գաղթողները, պատմական հայկական հողեր լքելով կը գաղթէին այլ հայկական հողեր։
Իրականութիւնը ճակատագրական եւ ոչ հայանպաստ էր։ Թուրք աւատատէրեր մնացին իրենց յափշտակած հողերուն տէրը, Իսկ շահ աբասի կողմէ գաղթեցուած հայերը հարաւային պարսկաստանի մէջ (Սպահանի, նոր ջուղհայի, փերիոյ եւ Չահար մահալի), հեռու էին ռուսական գրաւման տարածքներէ, որպէսզի կարողանային վերադառնալ երկու հարիւր տարի առաջ լքուած պապենական հողեր։ Հարաւային իրանի հայութիւնը հետզհետէ նօսրանալով հասաւ այսօրուայ պատկերին։ Պարսկաստանը գրաւող աֆղաններ աւերներ սփռեցին մայրաքաղաքն ու շրջապատը, հայեր փախչելով հասան մինչեւ հնդկաչին եւ բրիտանիա օր մը յիշելու համար, որ իրենք ծագումով հայեր են։ Սովետական հայաստան ներգաղթն ու Իրանի իսլամական յեղափոխութիւնը նոյնպէս պատճառ դարձան այդ նօսրացման։ Հողի կողմէ հայերը միշտ վնասած են նոյնիսկ հիւսիսային արեւելեան հայաստանի գրաւմանբ՝ ռուսիոյ կողմէ։
Նոյն դժբաղդութիւնը պատահեցաւ Ռուս-Ոսմանեան երեք պատերազմներու ընթացքին, հայեր, որոնք կը գտնուէին ռազմական գործողութիւններու շրջանին մէջ, երբ ռազմական եւ բարոյական աջակցութիւն եւ համակրութիւն ցոյց տուին եւ պաշտպանութիւն խնդրեցին ռուսական գրաւման ուժերէն, անհաւատարիմ եւ դաւաճան նկատուեցան դրացի թուրքերու եւ քիւրդ բեկերու եւ կառավարութեան կողմէ, յետեւաբար անոնք գաղթեցին Կարինէն, բասենէն, Ալաշկերտէն երբ ռուսական զօրքերը ետ քաշուեցաւ այդ վայրերէն, խաղախ համաձայնագրերու կամ այլ եւ այլ հաշիւներու որպէս արդիւնք։
Այսպիսով Ռուս Պարսկական եւ Ռուս ոսմանեան պատերազմներու, որպէս հետեւանք հայաստանի կեդրոնական եւ հարաւային գաւառները դատարկուեցան հայութիւնէ։ Տասն իններորդ դարու վէրջաւորութեան եւ Քսաներրորդ դարու սկիզբին, ազգային ազատագրական կռիւ մղող արեւմտահայութիւնը, եւ յեղափոխական կազմակերպութիւնները շատ դժուարութիւն ոնեցան զէնք եւ զինամթերքի եւ կամաւոր խումբերու դէպի Տարօն Սասուն եւ Վան տեղափոխման տեսակէտէ, որովհետեւ ճանապարհները, որոնք կանցնէին Այրարատի Տուրուբերանի կարգ մը գաւառներէն, հայկական քիչ գիւղեր մնացած էին համեմատած քիւրդ գիւղերուն։
Յաճախ կը կրկնենք որ մենք բախտաւոր ազգ ենք, որովհետեւ մեզի նման շատ հին ազգեր աշխարհի երեսէն ջնջուած են, շատ ազգեր տակաւին պետութիւն չ՚ունին։ Քրդական ժողովուրդները (Զազա, Քրմանչի, Սորանի, Լորի) առանց անկախ պետութիւն կերտելու, դարեր շարունակ իւրացուցին ասորիներու եւ հայերու հողերը եւ այժմ պատմական քիւրդիստանը ներառեալ. բաւական ընդարձակ տարածքներու վրայ կը բնակին եւ որեւէ պատեհ առիթի կրնան մեծ քիւրդիստան մը կերտել, որովհետեւ համարեայ իրենք են միակ բնակիչները պատմական ասորեստանի (հիւսիսային Իրաք) հարաւային հայաստանի, Պարսկահայքի եւ շրջակայքի ընդարձակ հողերու։ Իսկ մենք հայերս հազիւ թէ վերատիրանանք կամ վերադառնանք եւ վերաբնակինք պատմական հայաստանի ինիսուն տոկոսը կազմող մեր պատմական հայրենիքը, որ այժմ կը գտնուի Իսլամական Իրանի հանրապետութեան եւ այսպէս կոչուած ^թուրքիոյ_, ^ազրբեջանի_ եւ Վրաստանի տարածքին։ Արցախի ազատամարտի աւարտէն տասն երկուտարի անցաւ տակաւին համազգային տարողութեամբ ներգաղթ մը չէ կազմակերպուած դէպի ազատագրեալ Արցախեան հողեր, որովհետեւ հայութեան մեծամասնութիւնը քաղաքի բնակիչ դառնալով՝ հողի հետ վարուելէ եւ հողէն օգուտներ քաղելու մշակոյթէն հեռացած է։ Հողագործը կամ մշակը հեշտ կը դառնայ բանուոր եւ քաղաքի բնակիչ, սակայն քաղաքի բնակիչը դիւրին չէ հողագործ դարձնել, չարքաշ կեանքի վարժեցնել։ Անապահովութեան պատճառով հայեր միշտ ձգտած են մեծ քաղաքներ տեղափոխուիլ։ Սովետական Հայաստանի ղեկավարութիւնը շրջանային աւաններու մէջ կառուցելով խոշոր գործարաններ փոքր եւ լեռնային գիւղերու բնակիչները բերաւ լեցուց այդ մեծ գիւղերու կամ աւաններու մէջ, որպէսզի հետագային հպարտանանք, որ շատ քաղաքներ ունինք կամ քաղաքատիպ աւաններ, իսկ Երեւանը մէկ միլիոն հասցնելու ճիգը ազգային արժանապատուութեան խնդիր դարձած էր անցեալին հազիւ երեք միլիոննոց հանրապետութեան համար, որպէսզի ոչ մէկ բանով չ՚զիջի հայոց մայրաքաղաքը Բագուին կամ Թիֆլիսին։ Այսպիսով հայաստանի խորհրդային հանրապետութեան մէջ Հայ գիւղաբնակներու թիւը պակսեցաւ, իսկ քաղաքաբնակներունը աւելցաւ։ վերոյիշեալ գիւղաբնակներն էին, որոնք պիտի վերաբնակէին Արցախի ազատագրեալ լեռներու եւ դաշտերու վրայ։ Նոյն քաղաքականութիւնը գործադրուեցաւ այսպէս կոչուած ^խորհրդային ազրբեջանի_ հանրապետութեան մէջ։ Պատմականօրէն հայկական եւ աղուանական տարածքներու բնակիչ հայեր. հողագործներ, գացին եւ շէնացուցին բագուն սումգայիթը լենքորանը եւայլ կասպեան քաղաքներ։ Այժմ անոնք՝ երեքհարիւր հիսուն հազար փախստական հայեր են, եւ կը նախընտրեն բնակիլ հայաստանի եւ ռուսիոյ մեծ քաղաքներու մէջ, քանզի շատոնց մոռցած են հողագործութեան արհեստը եւ գիւղատնտեսութիւնը ընդհանրապէս։
Նախճաւան (որ նաեւ կը կոչուի Նախիջեւան պատմահայր Մովսէս Խորենացիի առասպելի հետեւութեամբ).-նախ քան Յովսէփ ստալինի մեղադրումը, պահ մը յետադարձ ակնարկով մը նայինք պատմութեան, երբ Արաբները կ՚