ՈՒրեմն դու ինչպե՞ս ես դատում հայ ազգը:
Արդէն բացատրեցի՝ իբրեւ ուրախութիւնը ազգին թէ հայրենիքէն ու թէ հայրենիքէն դուրս գաղութներու մէջ:
Հայրենիքէն ներս լաւ աշխատանք պէտք է տարուի որպէսզի մեր երկրի տնտեսութիւնը մաս կազմէ համայն աշխարհի տնտեսութեան: Այս կողմէն ուսումը նոր սերունդին շատ կարեւոր է որպէսզի երիտասարդութիւնը տեսնայ Հայաստանը ոչթէ որպէս զատ երկիր, այլ երկիր մը որ մաս կը կազմէ մնացած աշխարհին, երկիր մը որ կրնայ մնացած աշխարհին ապրանք եւ այլ «սերվիս»ներ ծախել, ու անոր հադեպ ալ ստանալ:
Ինչպէս որ ալ ըլլայ՝ ամէն ինչը մեր ձեռքն է: Եւ եթէ բան մը կայ որ կ'ուզենք բարելաւել ուրեմն կը բարելաւենք: Այնպէս չէ որ ճակատագրին մէջ այս-ինչ այն-ինչը գրուած է, ու մանաւանդ ժողովուրդի մը յաչողութիւնը չի դատուիր իր «նշանաւոր» անձերու քանակով: Այդ պարզապէս երեխայական մօտեցում է:
Մեր ապագան փայլուն կ'ըլլայ այնքան ատէն որ փայլուն երեւակայենք անոր եւ փայլուն ըլլալու համար ծրագրենք ու համոզումով աշխատինք:
Edited by Shahan Araradian, 04 April 2007 - 10:04 PM.