Jump to content


Photo

ԱՐՄԵՆԻՍԱ


  • Please log in to reply
9 replies to this topic

#1 Johannes

Johannes

    Յովհաննէս

  • Nobility
  • 2,911 posts
  • Gender:Male
  • Location:Alép, Syrie

Posted 28 May 2010 - 11:28 AM

ԱՐՄԵՆԻՍԱ

Ա

.....Հալքին յունաբնակ կղզի մըն է: Հոն ճանչցայ զինքը. Անասթաշի կազինոն կու գար իրիկուները՝ շոգենաւէն դիմաւորելու իր ամուսինը, վասն զի իր ամուսինը պիտի ըլլար այն գէր, կարճահասակ, յիսուննոց մարդուկը զոր կ’առնէր միասին՝ պանդոկ վերադառնալու համար:
....Մինակ դուրս կ’ելլէր ամէն ատեն. երբեմն հետը կը բերէր վեց տարեկան փոքրիկ տղեկ մը, որ իր զաւակն էր անշուշտ եւ որուն հետ մեծ մարդու մը պէս կը խօսակցէր մինչեւ վերջը:
....Ոչ մեկու հետ յարաբերութիւն կամ տեսութիւն հաստատած էր: Երիտասարդներ, ամէն ազգէ, միշտ հետաքրքիր երբ կին մը ճանչնալու վրայ է խնդիրը, ի զուր իր շուրջը դեգերած կամ իր ակնարկը ակնկալած էին. երբէք չէր դարձած զանոնք դիտելու:
....Կազինոն, ծովուն վրայ երկնցած տախտակէ դարատափին եզերքը, անկիւն մը ունէր, ուր ամէն իրիկուն կու գար առանձին նստելու. այդ անկիւնը իրն էր. գէթ այդպէս նկատուած էր կազինոյին յաճախորդներէն, որոնք՝ իբր բարեկիրթ մարդիկ՝ այս անծանօթ օտարուհին մեծարել կը սիրէին:
....Քանիցս հանդիպեցայ իրեն ու անունը հարցուցի յոյն ծանօթներուս:
....Ի արմենիսա ինէ, արմենուհին է, կը պատասխանէին ամէնքը. այս էր միակ անունը որով կղզիին մէջ ճանցուած էր հոն գալէն ի վեր:
....Կազինոյին սպասաւորներուն ըրած հարցուփորձս աւելի արդիւնաւոր չեղաւ, մինչդեռ օտարազգիներն ալ ինծի կը դիմէին, իբր ազգակից, իր վրայ տեղեկութիւն ուզելու համար:

....Ամուսինը, որ շաբաթը երկու անգամ միայն կու գար, կնոջմէն աւելի մարդախոյս կ’երեւար. մեկուն հետ բարեւ մը փոխանակած չէր ամիս ու կէսէն ի վեր, յորմհետէ կղզին Պելվիւ պանդոկը եկած էին: Երիտասարդները՝ անոր նախանձոտ բնաւորութեանը կը վերագրէին այս տարօրինակ մենակեցութիւնը, ու կինը ամուսնին բռնութեան զոհը համարած էին:
....Եւ իրաւ ալ այս կնոջ դէմքին վրայ չեմ գիտեր ինչ տրտմութեան անբացատրելի երեւոյթ մը կար որ այս ենթադրութիւնը կը հաստատէր:
....Վեհերոտ մեկը չէր թուէր. վայելուչ ձեւերն ու համարձակ քալուածքը այնքա՜ն կը վայլէին իր մատղաշ ու աղուոր հասակին: Առանց քաշուելու, բարձր ձայնով, պանդոկներու մէջ կեանք վարող անձի մը վարժութեամբ, սպասաւորները կը կանչէր եւ ուզածը կ’ապսպրէր:
....Առջի բերան կարծեր էի որ մինչեւ այն օր այս տիկնոջ հետեւող երիտասարդներէն աւելի բախտաւոր պիտի ըլլամ ես իրեն հետ ծանօթանալով:
....– Ո՜հ, դուն կարող ես, կ’ըսէին յոյն բարեկամներս՝ ազգութեանս վրայ նախնաձելով. իր լեզուն կը հասկնաս ու հետը խօսելու դիւրութիւն ունիս:
....Առջի անգամն էր աշխարհիս վրայ հայ ըլլալու մէջ առաւելութիւն մը կը գտնէի: Այսպէս իմ օտարազգի ընկերներէս քաջալերուած՝ տեսութիւն մը հաստատելու փորձեր սկսայ:
....Շատ հեղ գացի իր մօտը նստելու եւ ուշադրութիւնը հրաւիրելու չափ բարձրաձայն խօսելով՝ ներկայութիւնս զգացնելու: Մաքուր հայերէն խօսեցայ նախ, բառերս ու բացատրութիւններս զատելով, խնամելով, յետոյ ֆրանսերէն ու թուրքերէն, հասկցնելու համար որ բոլորովին արհամարհելի անձ մը չէի:
....Յետոյ հագուստիս սկսայ խնամք տանիլ. դերձակս, որ զիս միշտ խնայող ճանչցած էր, զարմացաւ հինգ ձեռք զգեստ մեկէն շինել տալուս. փողկապներու ահագին պաշար մը ամբարեցի ու վերջին նորաձեւութեան պահանջումներուն եւ ոչ մեկէն փախուտ տուի: Շապիկներուս օձիքը, ձիւնաթիւր, նեղ ու բարձր, որ մինչեւ թուշս կը հասնէր եւ զիս շնչահեղձ ընել կը սպառնար, թաշկինակներս, նուրբ, մանուշաբոյր, շքեղ սկզբնատառերով զարդարուած, կը բաւէին արդուզարդի արժէք ճանչցող կին մը հրապուրելու:
....Ինքն ալ շատ աղուոր ու շատ մաքուր կը հագուէր. ամէն օր կը փոխէր իր շրջազգեստները, որոնք իրարմէ գերազանց կերպով վայելչաձեւ ու ճաշակաւոր էին, եւ որոնք Տըմիլվիլի կամ Թրիքոթեոզի խանութներուն մէջ պատրաստուած կը թուէին: Իր կամարաձեւ փոքրիկ ոտքերը, զորս հաճոյք կը զգար անշուշտ ցոյց տալու շրջազգեստին ծայրէն, միշտ մետաքսեայ սեւ գուլպաներով ու Փերայի ամէնէն ճարտար արհեստաւորէն շինուած կօշիկներով ամփոփուած էին:
....Ի՜նչ օգուտ սակայն որ իրեն ծանօթանալու ամէն ջանքերս անտես մնացին. համբակ սիրահար մըն էի. ոչ բարձրաձայն խօսակցութիւնս՝ որուն ակամայ ունկնդիրն էր, ոչ վրդովեալ շարժուձեւերս, ոչ իրեն ուղղուած յամառ ու բոցավառ նայուածքս, ասոնց եւ ոչ մեկը կրցաւ իր գեղեցիկ մարմարէ արձանի վայելուչ անտարբերութեանը յաղթել. եւ ոչ իսկ նայեցաւ երեսս:
....Այն ատեն անյաջողութիւնս, յունաց քով պզտիկ մնալու ամօթս, բուռն հակառակութեան մը փոխուեցաւ այս կնոջ դէմ: Իր հպարտ ձեւերը անկրթութեանը տուի եւ իր մեկուսեալ կեանքը՝ ընտանիքի մէջ երեւալու համար ունեցած գաղտնի պակասութեանցը: Ամէն կողմ սկսայ չարախօսել իր վրայ. որոշ ամբաստանութիւն մը ընելու անկարող էի, բայց անանկ կասկածներ կը յայտնէի որոնց ոյժ ու հաստատութիւն կու տար այդ գաղտնածածուկ կենցաղը:
....– Պոլսոյ ծանօթ ընտանիքներէն չէ այս կինը, կ’ըսէի դէմս ելլողին, եւ իր ծերունի սիրահարը աւելի հոմանին կ’երեւայ, քան թէ օրինաւոր էրիկը:
....Ու բարեկամներս, ինծի պէս դառնացած, իմ խօսքս ամէն կողմ կը տարածէին:
....Բարեբախտաբար իրեն չէր հասնէր այս բամբասանքներուն արձագանգը: Կղզեցիներուն ուշադրութիւնն ու հետաքրքրութիւնը չէր դադրեր. հելլենուհիները, ամէն ատեն աղեկ հագուելու հետամուտ, իր զգեստներուն տարազը օրինակել կը ջանային, առանց ձեռք բերելու անոր կատարելութիւնը. և երբ անցնէր Լիվատիայէն, իր փոքրիկ տղուն ձեռքէն բռնած, նազելաճեմ, դիցուհիի մը պէս հանդարտաքայլ, զմայլանքով ու գովեստով խառն մրմունջ մը կը լսուէր ամէնուն բերնէն, մրմունջ մը որ զիս ցասմամբ կը լեցնէր.
....Ի արմենիսա ինէ, ի արմենիսա:
.... ....
....

Բ

....Արմենիսա շնորհալի ու հրապուրիչ էակ մըն էր. ատողներ ու պաշտողներ միայն կային շուրջը. անտարբերներու հանդիպած ըլլալու չէր: Իր վրայ ամէն բան յատուկ դրոշմ ունէր, շարժուածքը, նայուածքը, խօսուածքը:
....Բնաւ հետաքրքիր չէր. զարմանալու սովորութիւնը չունէր կարծես. ի՞նչ բանէ կ’ախորժէր արդեօք, ինչո՞վ կարելի էր հաճելի դառնալ իրեն. դժուարի՜ն հանելուկ, զոր լուծողին՝ այս հեշտաբոյր ու գեղանի կինն էր խոստացուած պարգեւը:
....Իր լանջաբերձ ու խրոխտ կուրծքին մէջ կը մնար թաքուն ու գաղտնի, անհպելի գանձի մը պէս, որուն «Բացուէ՛, ո՜վ Սեզամ»-ը կը փնտռուէր ու չէր գտնուէր:
....Արմենիսայի մեծագոյն զբօսանքը պտոյտն էր, լայնեզր յարդէ գլխարկի մը տակ ամփոփելով առատ մազերը, որոնք դէպի վեր առնուած, իր ծոծրակին աննման ու անբիծ սպիտակութիւնը ցոյց կու տային, մեկ ձեռքով իր շրջազգեստը ժողուելով շնորհալի ձեւով մը եւ միւսով իր կարմիր հովանոցը բացած, որուն արեւին տակ ցոլացումը իր դէմքին վարդի երանգները կը շեշտէր:
....Պաշտելի ու հրաշագեղ էր այսպէս. կիրակի առտուները անպատճառ Մեծ Կղզի պիտի երթար. ես ալ հոն պատահեցայ օր մը իրեն:
....Այն մաքուր, աւլուած ու ծառազարդ ուղիէն կ’երթայի, որ նաւամատոյցէն դէպի Ջակոմոյի պանդոկը կը տանի:
....Երկու կողմէ, խնամուած ծաղկած պարտէզներու մէջ, ամէն մէկ քայլին սիրուն տուներ, վիլլաներ երբեմն, ապարանքներ, որոնց բաց դռներէն ներս կահաւորման ճոխութիւնն ու շռայլութիւնը աչքի կը զարնէ, սեւ հագուստներով եւ ճերմակ փողկապով սպասաւորներ, տիրուհինն չափ զարդարուած սպասուհիներ, ստնտուներ՝ ճերմակ ու բարակ կտաւէ գոգնոցով՝ դրան մօտ սպասելու կեցած:
....Տարբեր տարբեր ճաշակով կառուցուած այս քեոշկերուն մէջ քարուկիր ու անպաճոյճ շէնք մը իր պարզութեամբը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ, իբր միակ լուրջ դէմքը այս բոլոր զուարթ ու խնդացող պատկերներուն մէջ:
....Ամէնքը հոն կը դիմեն, ես ալ կը հետեւիմ իրենց ու հայ-հռոմէական մատուռին մէջ կը գտնեմ ինքզինքս:
....Իրաւ հայո՞ցն է այս եկեղեցին. տաճկերէն կը խօսին, ֆրանսերէն կը բարեւեն իրար. եւրոպացիներ կը տեսնեմ միայն շուրջս, ձեռնոցը ձեռւընին, գլուխնին բաց, Շթայնի խանութին հագուած արձաններուն պէս անշարժ ու կանգուն. ոչ ոք կ’աղօթէ. սեղանին վրայ քահանայ մը ցած ձայնով ու անհասկանալի բարբառով ինքիրեն բան մը կը մրմնջէ. լռութիւն կը տիրէ ամէն կողմ. թիւ պատարագն է այս. կիները իրենց փղոսկրէ ծածկոյթով աղօթագիրքնին կը թղթատեն եւ երբեմն սեղանին խոնարհութիւն մը կ’ընեն, չկրնալով չփակին տակէն քոռսէին երկաթներուն մէջ ամփոփուած ճմլուած լանջերնին ծռել. այրերը՝ իրենց հագուստին ծալքերը շտկելով, ատեն ատեն ձախ ծունկերնին առջեւի նստարանին կռթնեցնելու չափ կոտրելով, իբր ծնրադրելու փորձ մը, ամէնքը լուրջ ու ծանր կերպարանք մը առած, ներկայացման մը եկածի պէս հանդիսաւոր:
....Արմենիսային կը հանդիպի ակնարկս. ալ աւելի գեղեցկացած կը տեսնեմ զինքը այս սրբավայրին մէջ. բոլոր այս դիմակաւոր դէմքերուն մէջ իրենը միայն անկեղծ ու ջերմեռանդ երեւոյթ մը ունի, որ մանկական անմեղութիւն մը կ’ընծայէ իրեն: Ակամայ սակայն այս հիացումս կը թողում. կը վախնամ, իրեն նայիլս ուշադրութիւն չհրաւիրէ. ի՞նչ ընելու եմ սակայն. այս մաքուր ու բարձր ընկերութեան մէջ կորսուած, շուարած, տիկիններու վրայէն բուրող անուշ հոտերուն անձնատուր, բոլոր ճիգս կը թափեմ գոնէ անպատշաճ շարժում մը չընելու համար:
....Նեղուելով, դողալով որ վրաս չխնդացնեմ այս հեգնող ու կարծես իբր օտարոտի զիս միայն դիտող բազմութիւնը, չհամարձակելով տեղ մը նստիլ, չհամարձակելով դուրս ելլել, ի զուր մանկական յիշատակներուս կոչում կ’ընեմ ժամերգութեան սկիզբը թէ վերջը ըլլալնիս հասկնալու համար. չեմ յաջողիր. յուսահատելու մօտ եմ. քրտինքի խոշոր կաթիլններ ճակտէս վար կը սահին. յանկարծ մեկ քանի անձերու մեկնիլը կը նշմարեմ. փրկութի՜ւն. Առիթը փախցնելու չգար. բոլոր քաջութիւնս կը ժողուեմ ու դուրս կը նետուիմ շուտափոյթ ու սրտատրոփ, այո՛, սրտատրո՛փ, վասն զի ահա Արմենիսայի ճիշտ մօտն եմ. ան ալ կը մեկնի. դրան մէջ քով քովի ենք. մեկնելէ առաջ մարմարէ աւազանի մը մէջէն ջուր կ’առնէ եւ երեսը կը խաչակնքէ. չեմ գիտէր այս ջուրին ինչ ըլլալը, բայց ես ալ Արմենիսայի պէս այդ ջուրով կը խաչակնքեմ երեսս. Ջուրէ՞ն թէ իրմէ երանութեան խոստում մը կը ծաւալի ու հոգիիս կը թափանցէ. Արմենիսա ինծի կը նայի, եւ ժպիտ մը, մթամած հորիզոնի մը վրայ ծագող ճառագայթի մը պէս, իր գեղեցիկ կարմիր շրթունքին վրայ կը գծագրուի:
....Ահա այս եղաւ մեր բարեկամութեան սկիզբը. այդ աւազանը մեր ճակատները միացուց, ու կաթիլ մը ջուրը հալեցուց մեզ իրարմէ բաժնող սառոյցէ պատնէշը:
....Հալքի վերադարձին՝ շոգենաւին մէջ միասին գտնուեցանք դարձեալ. Արմենիսա խօսեցաւ հետս, օդին գեղեցկութեան, ջերմութեան, Հալքիի զբօսանքներուն վրայ, մինչդեռ ես, ամէն մեկ բառս կշռելով, անմիտ ու ապուշ համարուելու աստիճան խոհեմութեամբ կուտայի պատասխանս, որպէսզի այս անյուսալի դիպուածով ձեռք բերած մտերմութիւնս չկորսնցնեմ:
....Ապաքէն հինաւուրց բարեկամի մը պէս մտերմութիւն ցոյց կուտար հիմակ: Հալքիի երիտասարդներուն վրայ կը խնդար, ազատ ու համարձակ ծիծաղներով. կը զգամ որ այս խնդուքներուն մեկ մասը ինծի կը պատկանէր, մինչդեռ ինք՝ յանկարծ ուղղակի ինծի նայելով՝
....– Կաթոլիկ էք, այնպէս չէ՞, հարցուց:
....Այս անակնկալ հարցման վրայ չշուարելու խելացութիւնը ունեցայ:
....–Այո՛, ըսի իրեն՝ ատիկա հարցնելն իսկ աւելորդ դատող եղանակով մը:
....Ես իսկ զարմացայ այս յայտնի ստախօսութեանս վրայ պզտիկ մը չվարանելուս: Այս հաստատ պատասխանս զինքը համոզեց, գրեթէ զուարթացուց:
....– Խօսուածքնուդ կ’երեւայ արդէն. հայերը – եւ նախատական ու արհամարհող բան մը ունէր ձայնին մէջ՝ այս բառը արտասանած ատեն – երբէք ձեզի պէս տաճկերէն չեն կրնար խօսիլ:
....Տաճկերէն խօսեր էինք միշտ:
....Արմենիսա, ճշմարիտ կաթոլիկ մը, մոլեռանդ բայց պաշտելի հայատեաց մը կը թուէր:

Գ

....Արմենիսան կը սիրէի ու երջանիկ կրօնափոխ մը եղայ:
....«Կաթոլի՞կ էք» հարցումը անդիմադրելի ու աննահանջելի բան մը ունէր իր մէջը, զոր սիրահարի մը սիրտը միայն կ’ըմբռնէ. առանց խղճահարութեան, առանց երկմտելու, այո՛ մը ըսելով կրօնքս գաղտնի պահեր էի, ինչպէս հարուստի մը քով չքաւորութիւնս չպիտի ծածկէի:
....Ի՜նչ դիւրաւ կ’ըսուի «այո»-ն. երկու վանկէ եւ երեք գիրէ կը բաղկանայ այս փոքրիկ բառը եւ բովանդակ տիեզերքին կէսը կը նշանակէ, վասնզի «այո»-ն եւ «ոչ»-ը բոլոր տիեզերքը կը ներկայացնեն: Մեկ բառով, ուրեմն, անցեր էի Ռուբիկոնէն եւ գոհ էի անցած ըլլալուս համար: Ինչպէս որ գուշակեր էի, պարզ կաթոլիկուհի մը չէր, այլ հայութեան ոխերիմ թշնամի մը. մեր ազգին պէս խեղճ ու ողորմելի զարմէ մը սերած ըլլալուն նախատինքը մեր ազգին դէմ անհաշտ ու վայրենի ատելութիւն մը առաջ բերեր էր իր մէջ. կաթոլիկութիւնը անո՛ր համար գոհացում տուած էր ի սրտին, որովհետեւ ատով՝ օտար կրօնքէ աւելի օտար ազգութեան մը կը պատկանէր ու հայութեան աղտը միանգամ ընդմիշտ կը թօթափէր իր վրայէն: Արմենիսա անոնցմէ էր, որոնք ի՛նչ ազգէ ըլլալնուն հարցման անվեհեր կը պատասխանեն.
....Կաթոլիկ եմ:
....Բնաւ հայերէն բառ մը արտասանելը լսած չէի. հասունիստի եւ անհասունիստի կռուին տաքութեան մէջ, ծայրայեղ ու կատաղի հասունիստ մը եղած էր, անկատար հայ մը ըլլալէն կատարեալ լատին մը ըլլալը նախամեծար համարելով:
....Բայց հասունիստէ աւելի կաթոլիկ եւ կաթիլիկէ աւելի պապական էր. հռոմէականներու եկեղեցին այն ատեն միայն կ’երթար երբ լատին եկեղեցի մը չգտնուէր. իր ընտանիքը Էնկիւրիէն (Անկարա) Պրուսա եւ Պրուսայէն հոս հաստատուեր էին, միասին բերելով այս հաւատքը:
....Իր համոզումները՝ գեղեցկութեանը պէս իշխող ու նուաճող էին. իր փաստերուն անձնատուր ըլլալը ճշմարիտ հաճոյք մը պիտի ըլլար ինծի, եթէ արդէն կաթոլիկ եղած չըլլայի իր աչքին:
....Հիմա որ մոլեգին կը սիրէի զինքը, կեղծիքս ճշմարիտ ուրացումէ աւելի առաջ երթալ կը սպառնար. իր բոլոր կատաղութեանը համամիտ կը թուէի. անհաւատալի գաղափարներ ունէր աշխարհիս վրայ, զորս հերքելէ կը զգուշանայի. այդ փոքրիկ ու սիրեցեալ գլխուն մէջ՝ երկրիս ամէնէն մեծ իշխանութիւնը պապական զօրութիւնն էր:
....Ու ես այս տգէտ, գեղանի, կրօնամոլ կնոջ դէմ երկչոտ ու միշտ պարտուած, սրտիս մէջ կը զգայի սակայն ազգիս ու կրօնքիս դէմ ուղղուած այս անիրաւ նախատինքները, զորս Արմենիսա մեկ գգուանքով, առանց գիտնալու, մոռցնել կուտար ինծի:
....Այսպէս շարունակ յագեցած ու շարունակ անյագ իղձերէ տոչորուած, իր իմ յանցանքս ու արդարացումս է միանգամայն, սիրոյս ու խղճմտանքիս մէջ երերածուփ, սարսափով միտքս կը բերէի իմ յանդուգն ստախօսութիւնս եւ օր մը յանկարծ երեւան ելլելու հաւանականութիւնը:
....Արմենիսայի սէրը՝ ատելութեանը պէս բուռն ու զայրացած բան մըն էր. այն սովորական կիներէն չէր, որոնք մեկ անկումով բոլորովին կը նուաստանան: Արմենիսա, ընդհակառակը, իր անկումով բարձրացեր էր: Իր անփորձ օրերուն մէջ խաբէութեան մը զոհ գացած ըլլալով, իր տարիքէն աւելի լուրջ ու ծանրախոհ դէմք մը ունէր:
....Պարզապէս պահծու կին մը ըլլալով հանդերձ, միշտ պատկառանք ազդած էր ամէնուն:
....Ինչպէ՞ս համակրեցաւ ինծի, չեմ գիտեր, բայց գիտեմ թէ իր ամէնէն երջանիկ սիրահարը եղայ:
....Երկինքը աւելի ջինջ ու կապոյտ երեւցաւ ինծի, ծովը աւելի հեզ ու իր ալիքը քաղցրամրմունջ ու խորհրդաւոր, ծաղիկները, ծառերը, լեռներն ու առանձնութիւնը սիրեցի, գիշերուան աստղերը մտերիմ ու բարեկամ եղան ինծի, բարեսիրտ ու հեզահամբոյր դարձայ, առաջին անգամը ըլլալով տիեզերքը իր վեհութեան մէջ դիտեցի, զմայլեցայ, ոտանաւորներ գրեցի. սիրահար էի:
....Հրաշալի տեսիլ մըն է կեանքը երբոր դիտուի այն վարագոյրին պատռուածքէն զոր պատանեկութիւն կ’անուանեն:
....Ասկէ վերջը ա՛լ չպիտի տեսնեմ ո՛չ այն երանութեան եւ ոչ այն խղճի տանջանքին օրերը:
....Արմենիսա անսահման գորով մը ցոյց կուտար ինծի. իմ շփոթած ու երկչոտ դիրքս նախամեծար թուեցաւ իրեն՝ գործօն ու ձեռներէց մարդու մը համարձակութենէն. կիները այսպէս են. մայրական հոգածութիւն մը ունենալ կ’ուզեն իրենց մտերիմներուն վրայ, հոգածութիւն՝ որ տեսակ մը իշխանութիւն կ’ենթադրէ. ամօթխած ու դողդոջուն պատանի մը, որ առաջին անգամը ըլլալով կնոջ մը ձեռքը կը սեղմէ, փորձ ու յանդուգն երիտասարդէ մը աւելի կը սիրուի:
....Անկարելի բան մը պատահեցաւ մեզի. երկուքնիս փոխադարձապէս երջանիկ եղանք. անկարելի ըսի, որովհետեւ սիրոյ մէջ մեկուն երջանկութիւնը միւսին տառապանքէն կը բաղկանայ:
....Ա'լ իր յայտնի մտերիմն ու ընկերն էի. ամէնքը զարմացան ու նախանձեցան վրաս. ի՞նչ կերպով յաջողեր էի այս բախտը վայելելու. չգիտցան երբէք:
....Ու այնուհետեւ միասին կ’երթայինք պտտիլ կղզիին շուրջը եւ վայրի ելակ քաղել ճամփուն վրայ: Վերջալոյսին, Մանաստըրի փոքրիկ անտառակին մէջ, հետաքրքիր ու չար ակնարկներէ հեռու, ձեռք ձեռքի մէջ, ծառի մը տակ կը նստէինք մինակ, բոլորովին մինակ, Մարմարայի կապոյտ երեսին դէմ: Գիշերները, Ահիլիան, մեր երիտասարդ նաւավարը, իր եռազոյգ թիով նաւակը պատրաստ կը պահէր մեզի համար, եւ լուսնին, ծովուն մեղմ ու հանդարտ ալիքներուն վրայէն կը թռցնէր մեզ Փրինքիփոյի գաղտնապահ ու ամայի եզերքները:
....Արմենիսա գեղեցիկ ձայն ունէր. իր երգերուն ոչ ոք գիտէ տալ այն երկնային ու աննման շեշտը, որ մարդուս հոգին հեշտութեամբ եւ աչքը արցունքով կը լեցնէ: Սիրոյ ու դժբախտութեան վրայ կը դառնային միշտ իր երգերուն տուները:
....Ինծի այնչափ համակրելուն դժկամած կ’երեւար:
....– Մենք իրարու համար չենք, կ’ըսէր երբեմն՝ տրտմութեամբ գլուխը երերցնելով:
....Բնաւ չհարցուց ո՞ւր տեղացի, որո՞ւ զաւակ ըլլալս. կաթոլիկ էի, ու այս կը բաւէր իրեն. ես ալ հարեւանցի տեղեկութիւններ միայն ունէի իր վրայօք, որոնք աւելի ենթադրութիւններ էին, քան ստուգութիւններ:
....«Մադամ» կ’ըսէի սկիզբները. երբ յարաբերութիւննիս աւելցաւ՝ Մարի կը կոչէի զինքը պարզապէս: Օր մը ըսի իրեն թէ նախ Արմենիսա անունով ճանչցեր էի զինքը, եւ թէ այսպէս կը կոչէին միշտ բոլոր կղզեցիք:
....Իր զայրոյթը չեմ կրնար բացատրել:
....– Ես կաթոլիկ եմ, ըսաւ ցամաք կերպով:
....Իր ծեր բարեկամը կու գար դարձեալ որոշեալ իրիկուները: Ֆրանսացի դրամատէր մըն էր. տարիներէ ի վեր միասին գտնուած էին. հետզհետէ համոզուած էի որ իր հոմանին էր եւ ինքը կը հոգար անոր բոլոր շռայլութիւնները: Քաշուելու մարդ չէր. հլու հնազանդ կ’երեւար միշտ. այն ոսկեբարձ աւանակներէն մեկը, որոնց ամէն կողմ կը հանդիպինք:
....Շատ կ’ուտէր ու քիչ կը խօսէր, շատ կը վճարէր ու քիչ կը ստանար, առանց մռլտալու. իր առաջին հաճոյքը Արմենիսան գոհացնելն էր. զաւակ ու ազգական չունենալով, ամէն բան զոհելու պատրաստ էր անոր համար. ամուսնանալ ուզած էր հետը, բայց նորատիկինը իր ազատութիւնը դիւրաւ չէր ծախած:
....Սիրով ու միաբանութեամբ կը սահէր, ուրեմն, մեր կեանքը. Արմենիսա լուսաւորչական ըլլալուս կասկածն անգամ չունէր. բայց ես՝ շիտակը կը տառապէի իմ ակամայ հաւատուրացութեանս համար: Հայերը իր գլխաւոր ծաղրանքի նիւթերն էին. մեր լեզուն՝ զոր չէր հասկնար, մեր եկեղեցին՝ ուր ոտք կոխած չէր հերետիկոս ըլլալու վախով, իր յարձակումներուն ենթակայ էին: Կրցածիս չափ կը ջանայի իր սխալ ու յոռի դատողութիւնները ուղղել, առանց կասկած հրաւիրելու վրաս:
....Իրաւ ալ ամէնէն նուաստ արարածը եղած էի. խիղճս կ’ըմբոստանար վերջապէս, ու ես առաջինն էի անկմանս բոլոր ամօթն ու բոլոր խորութիւնը ճանչնալու, բայց Արմենիսան կորսնցնելը՝ կեանքը կորսնցնելէն աւելի դժնդակ ու մահացու չէ՞ր:
....Որքա՞ն պիտի տեւէր իմ սրբապիղծ խաբէութիւնս. ոեւէ դիպուած չպիտի՞ գար ճշմարտութիւնը երեւան հանելու. եւ ամէն վայրկեան՝ ձեռքէ հանելու ահուդողով՝ իմ երջանկութիւնս դառն ու պաշտելի տառապանք մը կ’ըլլար միշտ:

Դ

,,,,Խաչի կիրակի առտու մը, սեպտեմբերի գեղեցիկ առտու մը, նստեր էինք ծովեզերքի կազինոն:
,,,,Կիները հագուած, շքուած, էրիկ մարդիկ՝ մաքուր, նոր, կիրակնաւուր հագուստներով, բոլորն ալ յոյներ, հետզհետէ կը լեցուէին. մեկ ծայրը երաժշտական խումբ մը կը նուագէր, ու կամուրջէն մեկնող շոգենաւը Հալքիի նաւամատոյցը կը բերէր այցելու ու շրջուն բազմութիւն մը: Ելլողները կը դիտէինք. ընդհանուր զուարթութիւն կար. ես ալ սովորականէն աւելի ուրախ Արմենիսայի կատակներուն վրայ կը խնդայի: Յանկարծ, բարձր հասակ մը, ալեխառն երկայն մօրուք մը, սեւ վերարկու մը եւ չուխայէ փակեղ մը հեռուէն որոշեց զիս, բարեւեց ու դէպի ինծի շտկուեցաւ. այս սեւ վերարկուն, այս երկար մօրուքը անմիջապէս ճանչցայ. ինծի Պանքոյի ստուերէն հազար անգամ աւելի ահարկու այս մարդը՝ որ իր անոյշ ժպիտովն ու բարի դէմքովը կը մօտենար, մեր խոստովանահայր քահանան էր: Առաքինի, մաքրակրօն, շատախօս ու ներողամիտ մարդ մըն էր. երբէք տաղաւարի մը պարապ չէր թողուր մեզ. ինք կնքեր էր ու զաւկին պէս կը սիրէր զիս. զգացի փոթորիկին գալուստը եւ ի զուր խոյս տալ ուզեցի կամ ծակ մը փնտռեցի՝ ոտքով գլխով անհետ ու անտես ըլլալու համար:
,,,,– Ողջոյն, տղաս, ըսաւ տէր հայրը, որ քովերնիս հասած էր ու շփոթութիւնս չէր տեսներ, ահա եկայ գտայ քեզի. ո՞ւր կը նստիք. անցեալ տարիէն ի վեր խոստովանած չես. այսօր տունով տեղով պիտի խոստովանիք ու գալ կիրակի Կընալը պիտի երթաք սուրբ հաղորդութիւն առնելու համար. տիկինը ո՞վ է, չեմ ճանչնար:
,,,,Տիկի՞նը. երեսն անգամ նայելու քաջութիւն չունէի. բերանս չէր բացուեր. Լիվատիայի կողմը ցոյց տուի քահանային, իբր թէ մեր տունը ցոյց տալու համար:
,,,,– Հայրդ տո՞ւնն է:
,,,,Գլուխս երերցուցի՝ «այո»-ի մը փոխարէն:
,,,,Այս համր ու պապանձած վիճակէս բան մը գուշակե՞ց արդեօք. չեմ գիտեր. միայն թէ տանջանքս չերկարեց ալ:
,,,,– Ուշ մի՛ մնար, ըսաւ ինծի հրամայական կերպով ու ճամփան շարունակեց:
,,,,Արմենիսա բառ մը չէր արտասանած բոլոր այս խօսակցութեան միջոցին: Տէրտէրը մօտենալուն, չգուշակելով դէպի ինծի գալը, խնդալու ու ծաղրելու վրայ էր. քահանային ուղղակի ինծի դիմելը, մտերմութիւնը, ծանօթութիւնը զինքը ապշեցուց. լսած խօսքերը անհաւատալի բաներ էին. ու ամէն բան գուշակեց:
,,,,Երբոր քահանան հեռացաւ, երեսս նայեցաւ աղեկ մը. զգացի որ այս նայուածքը՝ դաշոյնի մը պէս պաղ ու սուր մինչեւ սիրտս կը մխուէր. Ճակատս քրտնաթոր ու վայրահակ էր:
,,,,– Կաթոլիկ եմ ըսելով խաբեցի՞ր զիս մինչեւ հիմա, հարցուց այնպիսի ձայնով մը որ բարկութենէն կը դողար:
,,,,Երեսիս գոյնը՝ բերնէս աւելի բացայայտ կերպով խոստովանեցաւ յանցանքս:
,,,,– Պատասխան չտա՞ս, խաբեցի՞ր զիս, գոչեց զայրագին, մեզ շրջապատող բազմութիւնը բոլորովին մոռնալով:
,,,,Պատասխան չունէի տալիք:
,,,,–Ըսէ՛ տեսնեմ, կը կրկնէր՝ գունաթափ ու բարկաճայթ:
,,,,Մօտերնիս նստողները մեզի ուշադրութիւն ընել սկսան:
,,,,– Հոս տեղը չէ ասանկ խօսքերու, ամէնքը մեզ կը դիտեն, վերջը կը հասկցնեմ խնդիրը, ըսի իրեն՝ փախուստի դուռ մը գտնելու յոյսով:
,,,,– Ո՞ւր է տեղը, չըսե՞ս:
,,,,– Պանդոկ երթանք:
,,,,– Քալէ՛:
,,,,Ու բացատրութիւնս, թերեւս արդարացումս լսելու անհամբեր, Արմենիսա ոտքի ելաւ. ես կալանաւորի մը պէս իրեն հետեւցայ, ըսելիքս փնտռելով, չգտնելով շուարած մտքիս մէջ. կը զգայի, որ ժամը եկած էր հրաժեշտ տալու վաղանցիկ երջանկութեանս. Արմենիսան կը ճանչնայի յամառ ու ոխերիմ. ոեւէ գթութւն չէի ակնկալեր իրմէ. Կորուստս անդարման ու բաժանումիս վերջնական պիտի ըլլար:
,,,,Տուն հասանք. որչա՜փ կ’ուզէի որ ճամփան անհատնում երկարեր ու բնաւ չհասնէինք. սենեակը ուր ամբաստանեալի մը պէս կը մտնէի, եւ ուրկէ դատապարտեալի մը պէս դուրս պիտի ելլէի վայրկեան մը վերջը:
,,,,Յիշատակներով լեցուն էր այս սենեակը. բայց կեղծիքս շարունակել մտքէս չանցուցի. մեկ բառով տիրացեր էի երջանկութեան ու մեկ բառով որոշեցի խոյս տալ մեղապարտ ու յանցաւոր երանութենէս. բայց չկրցայ անտարբեր զատուիլ ու հեռանալ. սիրտս փղձկեցաւ. այն ատեն դուրս թափեցի հոգիիս բոլոր տառապանքը, սիրոյս ու յանցանքիս մեծութիւնը. ի՞նչ ըսի արդեօք. չեմ գիտեր ու չեմ յիշեր. Արմենիսա ապշած, զարմացած, մտիկ կ’ընէր առանց ընդմիջելու ու թող կուտար, որ ուզածս ըսեմ: Ինքզինքս պաշտպանեցի յուսահատ քաջութեամբ. երկու ամսուան կեղծաւորութեանս վրէժը Արմենիսայի կրօնական սկզբունքներէն լուծեցի. իր ամէնէն նուիրական գաղափարներուն զարնելով գիտէի որ անդարձ կ’ըլլար իմ հեռացումս:
,,,,– Պիտի սիրեմ քեզ, որքան ալ ատելի ըլլամ ասկէ ետքը. իմ սէրս քուկինէդ աւելի անկեղծ ու մաքուր է, ըսի անոր, անիկա իմ յանցանքս պիտի քաւէ, բայց քուկդ միայն մոլեռանդ գաղափար մըն է եւ ոչ թէ ճշմարիտ սէր մը:
,,,,Արմենիսա համարձակութեանս վրայ կը զարմանար. երբէք զիս այսքան անվեհեր ենթադրած ըլլալու չէր. պահ մը իմ յուզումս իր սիրտն ալ շարժեց, բայց այսքան ատեն քիթին խնդացած ըլլալուս գաղափարը իր վիրաւորուած կրօնասիրութիւնը արթնցուց:
,,,,– Շատ լաւ, շատ լաւ, պատասխանեց, չերկնցնենք, հերետիկոս մըն ես եւ ուղղափառ ձեւացուցիր ինքզինքդ, հոգ չէ. բայց ասկէ ետքը մեր տեսակցութիւնը վերջացած է. գնա՛ մեղքերդ քահանայիդ խոստովանելու, խեղճ մարդը քեզի կը սպասէ:
,,,,– Թող այդպէս ըլլայ:
,,,,Մեկնեցայ, աւերակներու մէջէն խոյս տալու պէս, վախնալով որ պատերը վրաս չփլչին յանկարծ. Հեռացայ պանդոկէն, ու հոն թողուցի փշրուած յոյսերս ու երազներս. ետիս չդարձայ. ճամփան՝ մեր խոհարարին հանդիպեցայ, որ զիս կը փնտռէր ամէն կողմ. տէր հայրը դեռ զիս խոստովանեցնելու կը սպասէր մեր տունը:
,,,,Քաւելու մեղքս մնացե՞ր էր:
,,,, – Թող սպասէ, պոռացի ծառային, ու յիմարի մը պէս, առանց գիտնալու թէ ո՛ւր եւ որ կողմ կ’երթամ, ճամփաս շարունակեցի:
,,,,
,,,,Արմենիսա ութը օր հիւանդացաւ. այս սաստիկ յուզման չէր դիմացեր. անկեղծապէս կը սիրէր զիս, եւ բաժանումը իրեն ալ դժնդակ երեւցաւ: Սպասաւորներէն իմացայ որ իմ երթալէս վերջը ինքն ալ շատ լացեր էր. ամէն առտու գացի գողտուկ լուր առնելու իր առողջութեան վրայ:
,,,,Քիչ մը շտկուեցաւ, վրդովումը անցաւ, հիւանդութեան ջերմը իր զայրոյթը, առաւ տարաւ, բարկութիւնը հանդարտութեան ու հանդարտութիւնը խորհրդածութեան տեղի տուաւ:
,,,,Այս ցնցումը իր մտքին մէջ մանկութենէ ի վեր հաստատուած նախապաշարումներուն շէնքը կործանեց. խելացի ու դատողութեան տէր կին էր, զիս մօտէն ճանչցեր ու սիրեր էր. մտածեց որ լուսաւորչական ըլլալովս միեւնոյն անձը ըլլալէ դադրած չէի: Հայերը բիրտ ու վայրենի մարդիկ ենթադրելուն ձրի զրպարտութիւն մը ըլլալը խոստովանելու պարտաւոր էր: Ճշմարիտ ու հաստատուն համակրանք մը ունեցած էր ինծի. իմ խաբէութիւնս սիրոյս մեծութեամբը բացատրեց, հասկցաւ ու առաքինութիւն համարեց: Հաշտուեցաւ հետս, եւ զոհողութեանս մեծութիւնը ճանչնալով՝ աւելի մեծ զոհողութեամբ մը փոխարէնը հատոյց. ես կաթոլիկութիւն կեղծեր էի, ինքը լուսաւորչականութիւնը իրապէս ընդունեց. քանի որ միեւնոյն աստուածը կը պաշտէինք, կրօնքի տեսակէտով հիմնական տարբերութիւններ չկային, այլ լոկ նախապաշարումներ. սէրը այս նախապաշարումներուն յաղթեց, ինչպէս վայրկեան մը խղճիս ու համոզմանս յաղթած էր:
,,,,Բայց ա՛լ երկար չտեւեց մեր սէրն ու մտերմութիւնը. այս անձնուիրութիւնը կարծես թէ խանդաղատանքը սպառեց, իմ սիրոյս փոխարէնը վճարեց ու պարտաւոր չմնաց. անկէ վերջը մեր առջի օրերը չգտանք մեյ մըն ալ. բարեկամներ մնացինք միշտ, բայց ոչ առջի սիրահարները:
,,,,Իր նախապաշարումները կորսնցնելով՝ այս կինը իր հրապոյրներէն գլխաւորը կորսնցուց. տարօրինակ ու սովորականէն տարբեր հանգամանքը նուազեցաւ:
,,,,Հիմա կը զգամ, որ պէտք է թողուլ կիներուն միշտ իրենց նախապաշարումները, սխալ համոզումները, մինչեւ անգամ յոռի կողմերնին:
,,,,Կանացի գոյութիւնը այնպիսի ամբողջութիւն մըն է, որուն մեկ քարը խախտելու չգար:
,,,,Արմենիսա՝ ուղղամիտ կին մը ըլլալով՝ հետաքրքրական ու շահագրգիռ ըլլալէ դադրեցաւ. թերեւս ժամանակ անցնելով, ես իմ հետաքրքրութիւնս կորսնցուցի:
,,,,Ա՛լ չէր բարկանար, երբ Արմենիսա կոչէին զինքը. մեր բոլոր սէրէն այս միայն յիշատակ մնաց իրեն. յետոյ դէպքերը մեզ բաժնեցին ու տարիներ անցան վրայէն. վերջէն իմացայ Արմենիսա իր ծերունի բարեկամին հետ ամուսնացեր է:

Գրիգոր Զոհրապ

1889

Վերջ



#2 Louise Kiffer

Louise Kiffer

    Member

  • Members
  • PipPipPip
  • 264 posts
  • Gender:Female
  • Location:France

Posted 29 May 2010 - 12:06 PM

Thankyou for this story from Krikor Zohrab. I liked it very much. I'll tell it to my daughters and grand daughters.
Louise

#3 Louise Kiffer

Louise Kiffer

    Member

  • Members
  • PipPipPip
  • 264 posts
  • Gender:Female
  • Location:France

Posted 30 May 2010 - 09:05 AM

May I ask you the source ? merci
Louise

#4 Johannes

Johannes

    Յովհաննէս

  • Nobility
  • 2,911 posts
  • Gender:Male
  • Location:Alép, Syrie

Posted 31 May 2010 - 06:55 AM

May I ask you the source ? merci
Louise



Շնորհակալ եմ գնահատանքիդ:



Աղբիւրը՝

Գրիգոր Զոհրապ– «Նովելներ», Հայաստանի պետական հրատարակչութիւն, Երեւան, 1961:



#5 Louise Kiffer

Louise Kiffer

    Member

  • Members
  • PipPipPip
  • 264 posts
  • Gender:Female
  • Location:France

Posted 04 June 2010 - 09:26 AM

Thank you very much.
I have a letter from Krikor Zohrab - in armenian; May 27/9 Konia - June 1915

Ուղղուած Ներքին Գործոց Նախարարին
If you are interested: http://ermeni.hayem....bletter_uni.htm

As for me, I prefer his short story.
Louise

#6 Louise Kiffer

Louise Kiffer

    Member

  • Members
  • PipPipPip
  • 264 posts
  • Gender:Female
  • Location:France

Posted 05 July 2010 - 06:11 AM

The short stories of Grigor Zohrab have just been translated in French. I shall get the book soon. it is called:
"La vie comme elle est". I am interested to read if your novel is in this book. I hope it will be. I'll tell you
which stories are in that book.

#7 Johannes

Johannes

    Յովհաննէս

  • Nobility
  • 2,911 posts
  • Gender:Male
  • Location:Alép, Syrie

Posted 05 July 2010 - 06:14 AM

The short stories of Grigor Zohrab have just been translated in French. I shall get the book soon. it is called:
"La vie comme elle est". I am interested to read if your novel is in this book. I hope it will be. I'll tell you
which stories are in that book.


Merci.

#8 Louise Kiffer

Louise Kiffer

    Member

  • Members
  • PipPipPip
  • 264 posts
  • Gender:Female
  • Location:France

Posted 13 October 2010 - 10:07 AM

I have received the book, I read it. It is interesting, and I was glad to find the story "Armenissa" translated in French.
there are 11 short stories.Is that the book that Johannes had ?

I wanted to read books in armenian, and to-day I had a letter which informed me that a website had been created:

Armenian e-books: http://haybook.wordpress.com

Maybe you know it since a long time, as it is in English. But the books are in armenian. I have not started to use it.
I have to find out how it works to find the books. And I have to list those I would like to find.

Best thoughts to all of you.
Louise

#9 Johannes

Johannes

    Յովհաննէս

  • Nobility
  • 2,911 posts
  • Gender:Male
  • Location:Alép, Syrie

Posted 14 October 2010 - 12:09 AM

՝

Գրիգոր Զոհրապ– «Նովելներ», Հայաստանի պետական հրատարակչութիւն, Երեւան, 1961:



Բովանդակութիւն

Ճեյրան
Թեֆարիկ
Սառա
Այրին
Տալիլա
Ճիտին պարտքը
Երջանիկ մահը
Ժամին բակը
Փոթուրլըն
Արմենիսա
Կարծեմ թէ
Զաբուղոն
Ռեհան
Առջի սէր, առջի բարի
Ֆուրթունա
Մեղա՜յ տէր
Պարահանդէսին վաղորդայնը
Կապիկը
Մարապետը
Կանանց բժիշկը
Փոթորիկը
Սխալ

Edited by Johannes, 14 October 2010 - 12:10 AM.


#10 Louise Kiffer

Louise Kiffer

    Member

  • Members
  • PipPipPip
  • 264 posts
  • Gender:Female
  • Location:France

Posted 14 October 2010 - 09:41 AM

Merci Johannes, I see I have not the same short tales:

Those I have In French:*

La dette au cou*
Une mort joyeuse *
le tabac
le masque
La cour de l'Eglise*
Djogo
Un pantalon de paysan
le retour
Armenissa *
Il me semble que *
Le petit Jacques

That's all I have in the book. But maybe the titles have been changed.
Now as I am registered in haybook.word press I shall ask if they have this book in armenian digitized.
I will ask too if they have digitized books in English.
Best thoughts to you
Louise




0 user(s) are reading this topic

0 members, 0 guests, 0 anonymous users